id
int64
43
24k
title
stringlengths
2
92
article
stringlengths
5
147k
4,677
Խուան Միրօ
Խուան Միրօ (կատ.՝ Joan Mirց i Ferrոյ, 20 Ապրիլ 1893(1893-04-20)[…], Պարսելոնա, Սպանիա[…] - 25 Դեկտեմբեր 1983(1983-12-25)[…], Պալմա դե Մալյորկա, Սպանիա), կատալոնացի իսպանացի նկարիչ, քանդակագործ: == Կենսագրութիւն == 1907-1910 թուականներուն սորուած է Պարշելոնայի Խորխէ Գեղեցիկ արուեստներու բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ 1919 թուականէն կ'ապրի Փարիզի մէջ։ Սիւրռէալիզմի առաջին ցուցահանդէսի (1925) թուին մասնակից: Միրոյի պարզամիտ, մանկական նկարչութիւնը յիշեցնողը նրբագեղ-դեկորատիւ աշխատանքներուն միահիւսւում են առարկայաձեւ անորոշ մարմիններն ու կենդանակերպ ֆանտաստիկ արարածները («կատալոնեան բնանկար», 1924 ժամանակակէն արուեստի թանգարան, Նիւ Եօրք): 1940-1950-ական թուականներին յարել է աբստրակտ արուեստին: Նկարազարդումներ, սքէչներ կատարած է խեցեղէնի եւ գորգերի համար, աշխատել մոնումենտալ-դեկորատիւ արուեստի բնագաւառին մէջ (Իւնեսկօ-ի շէնքի խճապատկերները, Փարիզ, 1958): == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Խոան Միրոյի կայքը Խոան Միրոյ Խոան Միրոյի հիմնադրամը Մայորկայում Խոան Միրոյի աշխատանքները MoMA հաւաքածոյում (անգլերէն)Կաղապար:Bio-stub
22,711
Ստեֆան Հայրապետեան
Սթեֆան Հայրապետեան (Էսթ.՝ Stefan Airapetjan, 24 Դեկտեմբեր 1997(1997-12-24), Վիլյանդի, Էսթոնիա), ճանչցուած իբր Սթեֆան կամ Stefan, Էսթոնահայ երգիչ եւ երգահան է: Ան պիտի ներկայացնէ Էսթոնիան 2022 Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին «Hope» երգով: == Վաղ կեանք == Սթէֆանը ծնած եւ հասակ առած է Վիլեանտի, Էսթոնիա: Անոր ծնողքը հայ են: Սթեֆանիա անունով քոյր մը ունի: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,604
Պերմիւտեան եռանկիւն
Պերմիւտեան եռանկիւն, Հիւսիսային Ամերիկա մայրաքաղաքէն 900 քմ. դէպի արեւելք՝ Ատլանտեան ովկիանոսին գտնուող Պերմիւտեան կղզիները (Պէրմիւտներ), Ֆլորիտա թերակղզին ու Բուերթօ Ռիքօ կղզին իրար միացնող երեւակայական գծերով կազմուած եռանկիւն է։ == Պատմութիւն == «Պերմիւտեան եռանկիւնը» հինէն ի վեր գրաւած է մարդոց ուշադրութիւնը այնտեղ տեղի ունեցող խորհրդաւոր աղէտներու պատճառով: Երբեմն նաւեր ու օդանաւեր կ՛անհետանան առանց որեւէ աղէտի ազդանշան ուղարկելու կամ հետք ձգելու։ Այդ շրջանին լքուած նաւեր յայտնաբերուած են, ուր եղած են կենդանի շուն, կատու կամ սոխակ, սակայն չէ յայտնաբերուած աղէտեալներու դեր։ Այդպիսի «Համբաւի» համար «Պերմիւտեան եռանկիւնը» կոչուած է «Դժոխքի օղակ», «վհուկներու ծով», «կորսուած նաւերու ծովախորշ» եւ այլն։ «Պերմիւտեան եռանկիւն»ին անյայտ մասին կը խօսէին թերեւս Քրիստափոր Քոլոմպոսի ժամանակներուն, երբ ան 1492 թուականին առաջին անգամ հասաւ Ատլանտեան ովկիանոսի այդ շրջանը։ Իր գոյութեան շուրջ 500 տարուան ընթացքին «Եռանկեան» առեղծուածը հիմնաւորուած է մարդոց գիտութեան մէջ, այնպէս որ դարձած է թեւաւոր խօսք՝ համարժէք խորհրդաւոր անհետացման։ Պերմիւտեան եռանկիւնի տեղի ունեցող երեւոյթները ժամանակին պատճառ դարձած են տարբեր վարկածներու: == Առեղծուած == Շատերու կարծիքով այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին «երկնային անցքեր», եւ աղէտեալներ, իբրեւ այնտեղ իյնալով կը յայտնուին այսպէս կոչուած «չորրորդ չափողականութեան» թակարդին, ուր ժամանակի ընթացքն այդպէս է։ Վարկած կայ նաեւ, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին այլ մոլորակայինները տեղադրած են ճառագայթող հզօր աղբիւրներ՝ իրենց տիեզերանաւերը կողմնորոշելու համար եւ անոնց զանազան գործողութիւններու հետեւանքով տեղի կ՛ունենան խորհրդաւոր անհետացումներ։ Միւսները կը պնդեն, որ ժամանակին խորասուզուած Ատլանտայի բնակիչները երբեմն ջուրին մակերեսը կ՛ելլեն ու կը յափշտակեն իրենց «թերզրգացած» եղբայրներուն։ Վարկած կայ նաեւ, որ «Եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի յատակը կը պատռուի, ջուրը կը յորդի ցած՝ իր հետ տանելով նաւերը։ Սակայն, գիտնականները կը պնդեն, որ «Պերմիւտեան եռանկեան» շրջանին ովկիանոսի վարքը նոյնն է, ինչպէս միւս վայրերուն, եւ այնտեղ տեղ չեն ունենար արտարոց երեւոյթներ, որոնք պատճառ կը դառնային նման խորհրդաւոր անհետացումներու։ Անոնք պարզած են նաեւ, որ այդ շրջանին ջրաօդերեւութաբանական պայմանները բարդ են: Յաճախակի սկսող ցիկլոններն ու փոթորիկները յանկարծակի կ՝առաջացնեն շատ ուժեղ հոսանքներ, որոնք կարող են արագութեամբ քշել վտարուած ապրանքի մնացորդները՝ ստեղծելով անհետացման պատրանք։ Իսկ ինչ որ կը վերաբերուի աղէտներու յաճախութեանը, ապա այն հնարաւոր միջինէն կը տարբերուի լոկ այնքանով, որքանով լարուած է նաւագնացութիւնը ծանծաղուտներով հարուստ այդ շրջանին մէջ։ Գիտնականներ առաջարկած են տեսութիւններ, որոնք կը բացատրեն «Պէրմիւտեան եռանկիւնի» նաւերու եւ ինքնաթիռներու յանկարծակի անհետացումները։ Անոնցմէ մէկու մը համաձայն՝ ծովուն յատակը տեղի ունեցող մէթան հիտրաթի քայքայման հետեւանքով կ՛արտանետուի մեծ քանակով մեթան կազ, որ ջուրի մէջ կ՛առաջացնէ մէթանով յագեցած վիթխարի պղպջակներ։ Անոնց մէջ ջուրի խտութիւնը այնքան փոքր է, որ այդտեղ յայտնուած նաւերը վայրկենաբար կը սուզուին։ Գիտնականներու միւս մասը կ՛ենթադրէ, որ մէթան կազը, թափանցելով նաեւ օդի մէջ, կը փոքրացնէ անոր խտութիւնը, հետեւաբար՝ վերամբարձ ուժը, եւ ինքնաթիռները վար կ՛երթան։ Բացի այդ օդին խառնուած մէթանը, նուազեցնելով թթուածնի պարունակութիւնը օդէն, կարող է շարժիչներու խափանման պատճառ դառնալ։ Մէկ այլ տեսութեան համաձայն՝ նաւերու կործանման պատճառը կարող են դառնալ այսպէս կոչուած «թափառող ալիքները», որոնք կը հասնին մինչեւ 30 մ. բարձրութեան։ Կ՝ենթադրենք նաեւ, որ որոշակի պայմանները ովկիանոսը կարող է առաջանալ տագնապի զգացողութիւն առաջացնող ենթաձայն (ականջի համար անլսելի ցած յաճախութեան ձայն), որուն խուճապահար անձնակազմը կը լքէ նաւը նետուելով ջուրի մէջ։
17,953
Հայ Ժողովրդական Առածներ, Ասացուածքներ եւ Հանելուկներ
Առածները, ասացուածքները եւ հանելուկները ժողովրդական կենդանի խօսակցական լեզուով յօրինուած բանահիւսական բանաձեւային ասոյթներ են: Առածները եւ ասացուածքները բաղկացած են առնուազն երկու բառէ՝ որոնք որոշ թեմա մը եւ իմաստ մը կ'արտայայտեն։ Անոնք ժողովուրդի մը դարաւոր կենսափորձէն բխող սեղմ ու պատկերաւոր, իմաստալից ընդհանրացումներ են ընկերային կեանքի, մարդկային բարքերու ու կեանքի ամենաբազմազան երեւոյթներու վերաբերեալ։ == Ի՞նչ է Առածը == Առածը այլաբանական ստեղծագործութիւն է, որու բուն իմաստը կ'արտայայտէ անուղղակի, խորհրդանշական – միջնորդաւորուած ձեւով («Հաւը կ'ածէ, ուրուրը կը տանի»), մինչդեռ ասացուածքը իրականութիւն կը դրսեւորէ անմիջապէս, ուղղակի («Օրէնքը հարուստին համար է, պատիժը՝ աղքատին»)։ Առած–ասացուածքները յաճախ ծագում կ'առնեն առակներէն, կը դառնան անոնց բարոյախրատական իմաստին բանաձեւուած ընդհանրացումը։ == Ի՞նչ է Հանելուկը == Հանելուկը հայ բանահիւսութեան եւ գրականութեան հնագոյն տեսակներէն է, գրական մշակմամբ մեզի հասած է Ե. եւ հետագայ դարերէն, արձակ, չափածոյ մէկ կամ քանի մը տողերէ կազմուած սեղմ բանաձեւ է, մեծ մասամբ՝ հարցումներ։ Յօրինուածքը բաղկացած է երկու զիրար պայմանաւորող մասերէ՝ գուշակման ենթակայ հանելուկի առարկայէն եւ հանելուկի բանաձեւէն։ Հին դարերուն շատ կիրարկուած է, մարդոց մտաւոր հասունութիւնն ու հնարամտութիւնը փորձելու, իբրեւ աշխարհաճանաչման միջոց՝ հետագային վերածուած է մտավարժութեան, իսկ մեր օրերուն՝ մանկական ժամանցի։ Հանելուկներուն մէջ պահպանուած են շատ հին առասպելաբանական պատկերացումներ, տնտեսական, կենցաղային հնօրեայ իրողութիւններու յիշատակներ, որմով անոնք ձեռք կը բերեն պատմամշակութային կարեւոր արժէք։ == Հայ Բանահիւսութեան Բանաձեւային Կայուն Տեսակներ == Հայ բանահիւսութեան բանաձեւային կայուն տեսակներուն մաս կը կազմեն հնչիւնախաղերու վրայ կառուցուած շուտասելուկները, մանկական յանգաւոր բառախաղ ասելուկները, խաղերգերը (յաճախ երկխօսութիւններ), փաղաքշանքի, սպառնալիքի, յիշոց-հայհոյանքի բանաձեւերը եւ դարձուածքները == Ծանօթագրութիւններ ==
18,037
Խեչափառ
Խեչափառ, ծովային անասուն մըն է: == Բացատրութիւն == Խեչափառը կ'ապրի ծովուն մէջ, մանաւանդ խոնավ միջավայրներու մէջ: == Աղբիւրներ ==
3,784
Կարապետ Եզեան
Կարապետ Եզեան (5 Սեպտեմբեր 1835(1835-09-05), Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն - 31 Մայիս 1905(1905-05-31), Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ մանկավարժ, ուսուցիչ, բանասէր, պատմաբան: == Կենսագրական գիծեր == Ուսումը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի՝ բարձր ուսումը Փեթերսպուրկի մէջ, ուր բացած է աշխատանոց մը համալսարան պատրաստուող աշակերտներուն համար: Տարրաբանութեան բաժինը աւարտելէ ետք մասնագիտացած է արեւելագիտութեան՝ յատկապէս հայոց լեզուի վրայ: Եզեան շատ հմուտ մանկավարժ ուսուցիչ եղած է եւ աստիճանաւոր՝ Ներքին Գործոց Նախարարութեան մէջ: Մոսկուայի ուսանողներէն շատեր իր աջակցութիւնը վայելելով, կրցած են մտնել բարձրագոյն դպրոցներ: Եզեանի ամենամեծ գործը եղած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի հիմնադրման բերած աջակցութիւնը: == Աղբիւր == Հայ Դպրոց Անցեալէն Դէպի Այսօր, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Հրատարակութիւն, 2017, Պոլիս։
16,992
Կարպիս Զաքարեան
Կարպիս Զաքարեան (ծնած է Պոլիս,1930-ին - մահացած է Պոլիս, 27 Յունուար 27 2020-ին):Արհեստավարժ բռնցքամարտի մարզաձեւին մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: Ան առասպելական հայ բռնցքամարտիկն էր յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով: == Կենսագրութիւն == Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով: Զաքարեան ստիպուած եղած է 5րդ դասարանէն ձգելու դպրոցը եւ աշխատելու նամակատար՝ ծնողներուն օգնելու համար: Հայ բռնցքամարտիկի ասպարէզը սկսած է 14 տարեկանին: 1948ին ան դարձած է Թուրքիոյ ախոյեան 48 քկ. դասակարգին մէջ, իսկ 1951ին՝ երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը: Իր մարզական ասպարէզին ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ Կարպիս Զաքարեանը մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարքերու, տօնած է 226 յաղթանակ, ունեցած է միայն երկու նոքաութ: 1960ականներու վերջաւորութեան, միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Կարպիս Զաքարեան սկսած է աշխատիլ իբրեւ մարզիչ: Առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ իր նուաճած ախոյենութիւններով մեծ պատիւ բերած էր մեր համայնքին։ Ան Շիշլի մարզակումբի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։ Որպէս արհեստավարժ կռփամարտիկ՝ հասած էր մեծ նուաճումներու եւ միջազգային բազում մրցաշարքերու ժամանակ ներկայացուցած էր նաեւ Թուրքիան։ Ժամանակի մամուլին մէջ լայնօրէն կը լուսաբանուէր իր գործունէութիւնը։ Իր սերնդակիցներուն եւ մեր մարզասէրներուն տեսակէտէ ոգեւորող կերպար մըն էր Կարպիս Զաքարեան, որու արձանագրած յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուէին՝ նոյնիսկ իր մարզական գործունէութեան եզրափակուելէն վերջ։ 88ամեայ բռնցքամարտիկը իր կնոջ հետ կ՛ապրէր Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ։ Անոր մարզական եւ անձնական կեանքին մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրան եւ թուրք գրող Էրտեն Աքթողու գիրք մը համահեղինակած են՝ Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամին աջակցութեամբ: Կարպիս Զաքարեանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական վատթարացած էր։ Շաբաթավերջին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ՝ 27 Յունուար 2020-ին: == Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը == Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, 2020Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց մարզական աշխարհէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Յուզումնախառն արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Յուղարկաւորներու շարքին էին Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Մուհարրէմ Քասափօղլու, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, Մարմնամարզի ընդհանուր տնօրէն Մեհմէտ Պայքան, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Էօզկենչ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն հոծ թիւով սգաւորներ։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած էր հոգելոյս Կարպիս Զաքարեանի դագաղը, որու շուրջ կերոնակիրներու շարքին էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ այլ ազգայիններ։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Կարպիս Զաքարեան, որ կենդանութեան օրօք «Երկաթեայ բռունցք» կը համարուէր, երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ աղօթքով, խունկով եւ ծաղիկներով։ Իր մասին կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վեր առաւ ողբացեալի մարզական կեանքէ ներս ապահոված նուաճումներն ու արդարօրէն վայելած բարի համբաւը։ Յուղարկաւորութենէն վերջ դագաղը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ ուսամբարձ։ Դրօշակով ծածկուած դագաղը զետեղուեցաւ ամպիոնին առջեւ՝ միշտ հոծ բազմութեան մը ուղեկցութեամբ։ Բակին մէջ կարճ հրաժեշտի խօսքերով հանդէս եկան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, նախարար Քասափօղլու, կուսակալ Երլիքայա եւ երէց սերունդէ յայտնի մարզական հաղորդավար Օրհան Այհան։ Բոլորն ալ իրենց դրական վկայութիւնը բերին Կարպիս Զաքարեանին՝ մարզական աշխարհի սեփականութիւնը դարձած ազնիւ անձնաւորութեան մասին։ Արարողութենէն վերջ հանգուցեալ Կարպիս Զաքարեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ == Աղբիւրներ == Զաքարեան՝ Առաջին Արհեստավարժ Բռնցկամարտիկը Թուրքիոյ Մէջ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ ԿԱՐՊԻՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ
2,771
Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան
Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան (1967) Աւազանի անունով Անդրանիկ, որդի Մկրտիչի եւ Վիքթորիայի, ծնած է Հալէպ, քիլիսցի ընտանիքէ, 1967-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, ապա միջնակարգը՝ Մխիթարեան վարժարանէն, զոր աւարտած է 1982-ին։ Իսկ երկրորդական ուսումը դարձեալ շարունակած է Լ. Նաճարեան վարժարանին մէջ եւ 1985-ին ներկայացած է գրական պաքալորիայի։ Սուրիական բանակի իր ծառայութիւնը կատարած է 1986-1989։ Մանկութենէն յաճախած է Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի եւ եղած է դպիր։ Երկար տարիներ իր մէջ փափաք ունէր դպրեվանք ուսանելու եւ պատրաստուելու որպէս հոգեւորական։ Որ մտադրութիւնը կը յայտնէ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանին, բր կ'ընդառաջէ իր փափաքին եւ պարտ ու պատշաճ տնօրիութիւնը կատարելէ ետք, զինք կը ղրկէ Անթիլիասի «Զարեհեան» դպրեվանքը 1989-ին։ Երեք տարի կը հետեւի դպրեվանքի ընծայարանի դասընթացքներուն եւ կ'աւարտէ 1992-ին, ստանալով ընծայարանի վկայականը։ Նոյն տարին կը վերադառնայ Հալէպ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի վերի չորս կարգերուն համար կը նշանակուի կրօնի ուսուցիչ, միաժամանակ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան անդամ կ'ընտրուի։ 1993-ին կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրապետ, միայն Կիրակի օրերու գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններուն։ Նոյն տարին, Թեմիս Ուսումնական Խորհուրդի որոշումով ուսուցիչ կը նշանակուի Տէր Զօրի մեր հայ մանուկներուն։ Շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ՝ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը կը մեկնի Տէր Զօր, մանուկներուն հայերէն եւ կրօն ուսուցանելու։ Այս կրթական առաքինութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1997։ Ուսումնական Խորհուրդի թելադրութեամբ, ամառնային երկամսեայ դասընթացք կը հաստատէ Տէր Զօրի մէջ, մեր փոքրաթիւ գաղութի զաւակներուն հայերէն լեզուն զօրացնելու։ Դարձեալ Ուսումնական Խորհուրդի տնօրինութեամբ՝ Եագուպիէի Ազգ. Վերածնունդ վարժարանի աշակերտութեան հայերէն լեզուի ամառնային դասընթացք կը հաստատէ 1997-ին։ Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ որդ. Թալին Տրակոսեանը, որուն հետ կը պսակուի 3 Սեպտեմբեր 19997-ին եւ բախտաւորուի մանչ զաւակով մը։ Այնուհետեւ կը պատրաստուի քահանայութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Կրօնական Ժողովի որոշումով կը ճշդուի ձեռնադրութեան թուականը։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, Թարգմանչաց Տօնին, 9 Հոկտեմբեր 1997-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով տէր Եզնիկ եւ օծակից ունենալով Տ. Եղիշէ քհնյ. Սարգիսեանը։ Քառասնօրեայ քահանայութեան շրջանը աւարտելէ ետք, նորընծայ Տ. Եզնիկ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։ Քանի մը տարի ետք, տէր հայրը կ'ունենայ ընտանեկան դժուարութիւններ։ Դժբախտաբար հաշտութեան բոլոր ճիգերը կ'ըլլան ի զուր։ Երէցկինը անգրգուելի կը մնայ իր տեսակէտին մէջ, այնքան որ պատճառ կը դառնայ ամուսնալուծման։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, տէր հայրը մէկ ուսումնական տարեշրջան՝ 2000-2001 կ'ուղարկուի Գամիշլի կրօնական առաքելութեամբ։ Կը կազմակերպէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, առաւել՝ կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Եփրատ վարժարանի եօթներորդ կարգին եւ օգտակար կը դառնայ տեղւոյն Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։ շարական եւ կրօն ուսուցանելով։ Իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Հալէպ եւ դարձեալ Հայկազեան վարժարանի աշակերտութեան կրօն կը դասաւանդէ մինչեւ 2004։ 2004-2007 կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն ներս, Թեմիս Առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի տնօրինումով։ 2007-ին, կարճ ժամանակ մը կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի իններորդ կարգին։ 2008-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով կ'ուղարկուի Գամիշլի, կատարելու մարդահամարը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։ Առաքելութիւնը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Հալէպ։ Իսկ 1998-ին, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դանիէլ Ա. քհնյ. Գէւորգեանի վախճանումէն ետք, ան ամրան շուրջ երեք ամիսները կը քահանայագործէ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, վերակազմակերպելով դպրաց դասը։ Աւելի քան ութ տարի, ամսական դրութեամբ եղած է Թէլ Ապիատի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 370։։ == Ծանօագրութիններ ==
4,737
Մնջախաղ
Մնջախաղ (յուն.՝ παντόμῑμος), բեմարուեստի տեսակ մըն է, որուն գերակշռող դերը կը կատարէ միմիքան (դիմախաղը) ու ճեսդըրը (մարմնի շարժումները): == Պատմութիւն == === Հին Յունաստան եւ Հռոմ === Առաջին անգամ մնջախաղը նկարագրած է Քսենոֆոնն իր խնճոյքի ժամանակ։ Հին Յունաստանի մէջ մնջախաղն սկզբնապէս ունեցած է ծիսախաղային բնոյթ, յետագային բայց, յատկապէս հելլէնիզմի դարաշրջանի ժամանակ, կատարելագործուած է իբրեւ ինքնուրոյն արուեստ (յայտնի են Բաֆիլոս Ալեքսանտրացու եւ Պիլատես Կիլիկեցու անունները, I դար): Հին Հռոմի մէջ մնջախաղի արուեստը կ'առտացոլայ դիցաբանական իրենց նիւթերն ու կերպարնէրը («Վեներաէ», «Մարս», «Հերքուլիս» եւ այլն): Մնջախաղը տարածուած է նաեւ առաջաւորասիական երկիրներու մէջ. IV–VII դարերու ընթացքին Կապադովկիոյ մէջ, Բիւզանդիոնի, Ասորիքի եւ Հայաստանումի մէջ դարձած է բարձր մակարդակով թատրոնի տեսակ։ Հին Արեւելքի երկիրներու մէջ, յատկապէս Հնդկաստանի մէջ, Չինաստանի եւ Ճաբոնի, մնջախաղը դրսեւորուած է խիստ իւրայատուկ եւ խորհրդանշական ձեւերով։ Բոլոր ժողովուրդներու հին թատրոնները եւ առհասարակ թատերական բանահիւսութիւնը հարուստ են մնջախաղի տարրերով։ XVI–XVIII դարերու կէսերուն մնջախաղը վերածնուած է իտալական ծիծաղական թատրոնի ասպարեզին մէջ։ XIX դարու ընթացին այն, իբրեւ ինքնուրոյն թատերաձեւ, զարգացուցած են Ժոզեֆ Կրիմալտին (Մեծ Բրիտանիա), Ժան-Պադիսդ Տեբիւրոն (Ֆրանսա): === Նոր ժամանակաշրջան === Նոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին մնջախաղը թատերական եւ կրկէսային ժանր է, որու արտայայտչամիջոցներէն կ'օգտուին նաեւ պալէն եւ ֆիլմերը (հիմնականում՝ համր): XX դարի սկիզբը մնջախաղի տարրերը թափանցծած են նաեւ տրամաթիք թատրոն (Մաքս Ռայնյարտ, Վսեւոլոդ Մեյերհոլդ, եւ ուրիշներ): 1930–70-ական թուականներու մնջախաղի վարպետներէն են Ժան-Լուի Պառոն, Մարսել Մարսոն (Ֆրանսա, 1966 թուականին հիւրախաղերով հանդէս եկած է Երեւանի մէջ), Լատիսլաւ Ֆիալկան (Չեխոսլովակիայ), Հենրիկ Տոմաշեւսկին (Լեհաստան), Մոտրիս Տենիսոնը (Լիտուայ) եւ ուրիշներ։ Ժամանակի ընթացքին մնջախաղի տարրերը կը թափանցեն պալէ, կրկէս, Ֆիլմարուեստ (Չառլի Չաբլին) եւ թատրոն։ Մնջախաղի հայ խոշորագոյն վարպետը կը համարուի Լէոնիտ Ենգիբարեանը: Ժամանակակից եւրոպական շարժման թատրոնի վառ ներկայացուցիչներէն մէկն է ֆրանսացի ժամանակակից մնջախաղաց, պարող, բեմադրիչ եւ պարուսոյց Վահրամ Զարեանը՝ ծագումով հայ, ով իր ասպարեզի ընթացքին իր մեծ ներդնումը ունեցած է արդի թատերական արուեստի եւ ժամանակակից մնջախաղի զարգացման մէջ։ Վահրամ Զարեանը Մարսել Մարսոյի վերջին աշակերտն է, անոր արուեստի արժանի ժառանգորդն ու նորովի շարունակողը։ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայ Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոն, այն մնջախաղի ժանրի պետական թատրոնն է։ Թատրոնը ստեղծուած է 1974 թ․ եւ պետական թատրոնի կարգավիճակ ստացած է 1983 թ․: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Մնջախաղ, ՀՀ հանրագիտարան. Մարսել Մարսոյի Արուեստի ՀստակութեանՆ Առեղծուածը. Հայ մնջախաղացի համարձակ քայլերն ընդունելի դարձան Եւրոպայի մէջ։
3,289
Թրիփոլի (Լիբանան)
Թրիփոլի (արաբերէն՝ طرابلس‎,}} լիբանանեան արաբերէն՝ Թրապլոս, թրքերէն՝ Թրապլուսշամ) հիւսիսային Լիբանանի մեծագոյն եւ Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է: Կը գտնուի Պէյրութէն 85 քիլոմեթր դէպի հիւսիս՝ Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ։ Թրիփոլի՝ Լիբանանի հիւսիսային նաւահանգիստը, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մարզի մայրաքաղաքն է: Թրիփոլի իր մէջ կը ներառէ չորս կղզիներու շարք մը, որոնք Լիբանանի միակ կղզիներն են, որոնցմէ Արմաւենիի կղզին պաշտպանուած շրջան է, քանի որ անոր մէջ կը բնակին վտանգուած ծովային կրիաներ, հազուագիւտ փոկեր եւ գաղթող թռչուններ: Թրիփոլիի մէջ կը գտնուի Լիբանանի մէջ խաչակրական շրջանէն մնացած մեծագոյն ամրոցը (Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի ամրոցը), ինչպէս նաեւ մեմլուքներու ճարտարապետական ժառանգութենէն երկրորդ մեծագոյն մասը (Քահիրէէն), հակառակ անոր, որ Թրիփոլիի պատմութիւնը սկսած է մ.թ.ա. XIV դարուն: Լիբանանի կազմութեամբ եւ 1948-ի Սուրիա-Լիբանան միութեան ընդհատումով, Պէյրութի նման տնտեսական եւ առեւտրական կարեւորութիւն ունեցող Թրիփոլի Սուրիոյ հետ վաճառականական կապերը կը կտրէ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ քաղաքի զարգացման նահանջին:Թրիփոլի սահմանակից է ծովեզերեայ Ալ-Մինա քաղաքին, որ աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Մեծ Թրիփոլիին: == Անուանումներ == Փիւնիկեան ժամանակներէն, Թրիփոլի կ'ունենայ զանազան անուանումներ: Հաւանաբար Ամառնա գիրերով նշուած «Տերպլի»-ն սեմական բարբարով մը կը համապատասխանէ այսօրուան արաբերէնով Թարապուլուսին: Մ.թ.ա. XIV դարուն «Ահլիա» կամ «Ուահլիա» անունները նոյնպէս կը նշուին: Ասորեստանի Աշուրնասիրփալ Բ. թագաւորի Թրիփոլիի գրաւման արձանագրութեան մէջ, քաղաքին անունը կը նշուի որպէս Մահալլաթա կամ Մահլաթա, Մայզա եւ Քայզա:Փիւնիկեցիներու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլին կը կոչուի Աթհար: Երբ հին յոյները կը հաստատուին քաղաքին մէջ, զայն կը կոչեն Թրիփոլիս, որ կը նշանակէ «երեք քաղաքներ»: Արաբները զայն կ'անուանեն Թարապուլուս կամ Թարապուլուս Ալ-Շամ (վերագրելով Մեծն Սուրիոյ, որ նաեւ կը կոչուէր «Պիլատ Ալ-Շամ»), որպէսզի զատորոշեն Լիպիոյ Թրիփոլիէն: Այսօր, Թրիփոլին կը ճանչցուի Ալ-Ֆայհա (الفيحاء) անունով, որ կու գայ արաբերէն ֆահա բայէն, որ կը գործածուի հոտի եւ համի ցրման գործընթացը ցոյց տալու համար: Թրիփոլի նշանաւոր էր իր նարինջի պարտէզներով: Ծաղկումի շրջանին, նարինջի ծաղիկներու բեղմնափոշին օդին մէջ կը տարածուի, իր հոտը տարածելով իր քաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ: == Կլիմայ == Թրիփոլի ունի Միջերկրական կլիմայ՝ մեղմ ձմեռներով եւ տաք ամառներով: Տարուան ընթացքին ջերմաստիճանը կը բարեխառնուի Արեւմտեան Եւրոպայէն եկած հոսանքով: Այսպիսով, բաղդատած Լիբանանի այլ քաղաքներու, ձմրան Թրիփոլիի ջերմաստիճանը աւելի տաք է եւ ամրան աւելի զով: Շատ քիչ կը ձիւնէ Թրիփոլիի մէջ՝ հազիւ 10 տարին անգամ մը, բայց կարկուները յաճախակի են՝ մանաւանդ ձմրան: Թրիփոլիի մէջ ընդհանրապէս ձմեռը կ'անձրեւէ, իսկ ամառը բաւական չոր է: == Պատմութիւն == Թրիփոլիի մէջ հաստատուելու վկայութիւններ կան Ք.Ա. 1400-էն ի վեր: Ք.Ա. 9-րդ դարուն, փիւնիկեցիները Թրիփոլիի մէջ առեւտրական կեդրոն մը կը հիմնեն, ապա պարսկական իշխանութեան տակ, Թրիփոլի Փիւնիկէի Սայտա, Սուր եւ Արուատ նահանգներու լիկայի կեդրոնը: Հելլենիստական շրջանին, Թրիփոլին մարտական նաւահանգիստ էր եւ կ'ապրէր կիսանկախ վիճակ մը: Մ.թ.ա. 64-ին, Թրիփոլի կ'անցնի հռոմէական իշխանութեան տակ: Պէյրութի 551-ի երկրաշարժն ու ջրհեղեղը Միջերկրականի այլ քաղաքներուն կողքին կը կործանէ Բիւզանդիոնի Թրիփոլի քաղաքը: Ումաուիներու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլի կը դառնայ առեւտրական եւ նաւաշինական կեդրոն մը: Ֆաթիմիէներու շրջանին, Թրիփոլի կ'ապրի կիսանկախ շրջան մը եւ ուսանելու կեդրոն մը կը դառնայ: 12-րդ դարու սկիզբը, խաչակիրները կը յարձակին քաղաքին վրայ եւ 1109-ին անոնք վերջապէս կը յաջողին քաղաք մուտք գործել: Այս յարձակումին պատճառով, քաղաքը շատ մեծ կորուստներ կը կրէ, ինչպէս նաեւ կը հրկիզուի Թրիփոլիի հռչակաւոր «Տարլ Ալ-Իլմ» գրադարանը: Խաչակրական շրջանին, քաղաքը Թրիփոլիի նահանգին մայրաքաղաքը կը դառնայ: 1289-ին, անիկա կ'անցնի Մեմլուքներու ձեռքը եւ հին նաւահանգիստը կը քանդուի: Նոր քաղաք մը կը կառուցուի հին պալատին կողքին: 1516-էն 1918 երկարող օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, Թրիփոլի ձեռք կը ձգէ բարգաւաճման եւ առեւտրական կարեւորութիւն: 1920-էն 1943, Թրիփոլի եւ Լիբանանի միւս բոլոր քաղաքները կ'անցնին ֆրանսական հովանաւորութեան տակ, որմէ ետք Լիբանան պաշտօնապէս կ'անկախանայ: === Հին Թրիփոլի === Շատ մը պատմաբաններ կը մերժեն փիւնիկեան գոյութիւնը Թրիփոլիի մէջ նախքան մ.թ.ա. VIII դար (երբեմն ալ՝ IV դար): Ուրիշներ ալ կը պնդեն, թէ փիւնիկեան նաւահանգիստին հիւսիսային եւ հարաւային բաժինները ցոյց կու տան, որ փիւնիկեան Թրիփոլին աւելի առաջ հիմնադրուած է: Թրիփոլի քաղաքին մէջ շատ պեղումներ չեն կատարուած, քանի որ անոր հին բաժինը մինչեւ այտօր թաղուած կը մնայ այսօրուան Ալ-Մինա քաղաքին տակ, սակայն, պատահականօրէն գտնուած հնութիւնները կը պահուին թանգարաններու մէջ։ Ալ-Մինայի մէջ կատարուած պեղումները կը յայտնաբերեն գայլերու, օձաձուկերու եւ յամոյրներու գանկերու մնացորդներ, հարաւային նաւահանգիստի քարափէն մաս մը, աղալու ջաղացքներ, տեսակաւոր սիւներ, անիւներ, խողովակներ եւ հելլենիստական վերջին շրջանէն գերեզմանատուն մը: Խաչակիրներու պալատին մէջ խորաչափութեամբ երեւան կու գան պրոնզէ դարու վերջաւորութեան, երկաթէ դարու, հռոմէական, բիւզանդական եւ ֆաթիմայական շրջաններէն մնացորդներ: Թրիփոլի կը դառնայ վաճառականական կեդրոն եւ հիւսիսային Փիւնիկէի ծովային եւ կարաւանի առեւտուրներու գլխաւոր նաւահանգիստը: Սելեւկեաններու իշխանութեան ժամանակ, Թրիփոլի իր մետաղէ դրամները կը պատրաստէ (մ.թ.ա. 112) եւ ինքնավար վիճակ կ'ունենայ մ.թ.ա. 104-էն մինչեւ մ.թ.ա. 64: Այդ ժամանակ, Թրիփոլի նաւաշինութեան մայրի ծառի տախտակի առեւտուրի կեդրոն էր: Հռոմէական եւ բիւզանդական շրջաններուն, իր ռազմական դիրքին պատճառով (ան Անտիոքը կը կապէր Պտողեմոսին, Թրիփոլի կ'ապրի շինարարական շրջան մը. կը կառուցուին կարեւոր հանրային շէնքեր, ինչպէս՝ քաղաքապետարանի մարզադաշտը: Ինչպէս Արատեանները, Սուրի եւ Սայտայի ժողովուրդները, Թրիփոլիի ժողովուրդը նոյնպէս կը վարէ վարչական ինքնավարական կեանք: Երկրին միւս քաղաքները կը բաժնուին այդ երեք շրջաններուն միջեւ: === Ումայեան Եւ Աբասեան Թրիփոլի (645/646–1109) === Արաբներու բնակութենէն ետք, Թրիփոլի կը դառնայ Միջերկրականի կարեւորագոյն առեւտրական կեդրոններէն մէկը: Անիկա Դամասկոսի նաւահանգիստն էր, ինչպէս նաեւ արաբական ծովուժի երկրորդ նաւահանգիստը Աղեքսանդրիայէն ետք: Անիկա նաեւ զարգացած տնտեսական եւ նաւաշինական կեդրոն եւ Քութամա Իսմայիլի Շիա Պանու Ամմար ամիրներու ժամանակ հարուստ վարչական տարածք էր: 1047-ին Թրիփոլի այցելած ճամբորդ Նասիր Ի Խուսրոյ իր յուշագրութեան մէջ կը գրէ, որ այդ շրջանին բնակչութեան թիւը կը հասնի 20000-ի, որուն մեծամասնութիւնը Ալաուիներ են: Պաշտօնապէս, Թրիփոլի մաս կը կազմէր Դամասկոսի զինուորական նահանգին: === Խաչակրական Թրիփոլի (1109–1289) === Այս ժամանակաշրջանին, Թրիփոլին կը դառնայ Թրիփոլիի նահանգին գլխաւոր քաղաքը: Նահանգը կը տարածուէր Ժպէյլէն Լաթաքիա եւ իր մէջ կը ներառէր Աքքարը: Անիկա նաեւ եպիսկոսանիստ քաղաք էր։ Թրիփոլի զբաղ նաւահանգիստ էր եւ մետաքսի արտադրութեան կարեւոր կեդրոն մը: Այդ ժամանակի կարեւոր արտադրութիւններն էին լիմոնը, նարինջն ու շաքարեղեգը: Փրանկեան իշխանութեան ժամանակ, մօտաւորապէս 180 տարի, արեւմտեան լեզուն կը տարածուի Թրիփոլիի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ։ Այդ ժամանակ, Թրիփոլիի մէջ կ'ապրէին արեւմտեան եւրոպացիներ, յոյներ, հայեր, մարոնիներ, նեստորականներ, հրեաներ եւ իսլամներ: Խաչակրական շրջանին, շատ մեծ թիւ մը կը հաստատուի ամրոցին շուրջ, որ կը դառնայ արուարձան մը, ուր կը կառուցուին Սրբուհի Մարիամի եկեղեցին ու Քարմելեան եկեղեցին: Այս բոլորին կողքին, Թրիփիլիի նահանգը Հիւանդախնամներու Միաբանութեան գլխաւոր զինուորակայան էր։ Նահանգը իր գոյութինը կը կորսնցնէ 1289-ին, երբ Եգիպտոսի մեմլուք սուլթան Քալաուն կը գրաւէ քաղաքը: === Մեմլուքեան Թրիփոլի (14-րդ դար) === Մեմլուքեան ժամանակաշրջանին, Թրիփոլին կը դառնայ մեմլուքեան Սուրիոյ վեց թագաւորութիւններու կեդրոնական քաղաքն ու նահանգային մայրաքաղաքը: Թագաւորութիւնը կը բաժնուի վեց «ուիլայաներու» (նահանգներու) եւ կը տարածուի հարաւէն Ժպէյլէն Աքրա լեռներ եւ հիւսիսէն Լաթաքիայէն Ալաուիներու լեռներ: Ան նաեւ իր մէջ կը ներառէր Հերմելը, Աքքարն ու «Քրաքի ձիերը» (Krak des Chevaliers):Թրիփոլի կը դառնայ կարեւոր վաճառականական նաւահանգիստ մը Սուրիոյ համար՝ Եւրոպայի մատակարարելով քաղցրեղէն, նկան եւ փոշի շաքար (յատկապէս 14-րդ դարու վերջաւորութեան): Երկրագործութեան եւ փոքր շինարարութիւններու գլխաւոր արտադրութիւններէն էին թթու պտուղները, ձիթապտուղի ձէթ, օճառ եւ կերպասեղէն (բամպակ եւ մետաքս, յատկապէս՝ թաւիշ): Մեմլուքներու ժամանակ, իշխող դասակարգը կը ստանձնէ գլխաւոր զինուորական, քաղաքական եւ կառավարման գործեր: Արաբները կը կազմեն բնակչութեան կորիզը (կրօնական, արտադրողական եւ նիւթական գործեր) եւ քաղաքին միւս բնակիչներն էին քաղաքին բնիկները, Սուրիոյ տարբեր շրջաններէ եկած գաղթականները, հիւսիսային ափրիկեցիներ, որոնք եկած էին Քալաուունի բանակին հետ Թրիփոլին ազատագրելու ժամանակ, Արեւելքի ուղղափառ քրիստոնեաները, Արեւմուտքէն ընտանիքներ եւ հրեայ փոքրամասնութիւն մը: Մեմլուքեան Թրիփոլիի բնակչութեան թիւը կը կազմէր 20000-էն 40000, որ շատ նուազ էր բաղդատած Դամասկոսի եւ Հալէպի:Մեմլուքեան Թրիփոլի կ'արձանագրէ շատ բարձր քաղաքային աճ եւ քաղաքային յառաջդիմութիւն (ըստ ճամբորդներու): Քաղաքը ծովեզերեայ կողմէն ունէր եօթը բերդեր՝ պաշտպանութեան համար, իր մէջ ներառելով այսօրուան Առիւծի աշտարակը: Այդ ժամանակ, Սուրբ Ժիլի պալատը Մեմլուքեան Թրիփոլիի ամրոցն էր։ «Իշխանի Ջուրի Խողովակներ»-ը դարձեալ կը գործածուին Ռաշիինի աղբիւրէն ջուր ապահովելու համար: Շատ մը կամուրջներ կը կառուցուին եւ շուրջը գտնուող այգիները կը տարածուին մինչեւ չոր մասերը: Տուներուն զուլալ ջուր կը հասնի անոնց տանիքներէն: Կրօնական եւ դարաւոր շինարարութեամբ մեմլուքեան Թրիփոլին լաւ օրինակ մը ներկայացնէ այդ ժամանակի ճարտարապետութեան: Այդ շինարարութիւններէն ամէնէն հինը կառուցուած են 12-13-րդ դարու եկեղեցիներու քարերէ: Այդ օրերու ճարտարապետական յատկութիւնները կը նշմարուին մզկիթներուն եւ «մատրասա»-ներուն (իսլամական դպրոց) մէջ։ Մատրասաները շատ մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ իրենց իւրայատուկ կառոյցով եւ յարդարանքով՝ տեղ մը մեղուի փեթակի ձեւ ունեցող առաստաղով, միւս կողմը ձեւաւոր անկիւնով մը, եւ այլն: Ամէնէն գեղեցիկներէն է «Ալ-Պուրթասիա» մատրասան: Մեմլուքեան Թրիփոլիի հանրային շէնքերը կը յատկանշուին իրենց նստարաններու եւ շէնքի երեսներու խնամքով եւ փողոցներու դասաւորումներով: Լաւապէս տաշուած ու ձեւուած քառերը (տեղական աւազաքառը) կը գործածուէր իբրեւ շինարարական նիւթ եւ իբրեւ յարդարանքի նիւթ՝ բարձունքներու վրայ եւ բացութիւններու շուրջ: Բարձր պատերը կը հանդիսանային սիւները: Բոլոր վայրերը՝ սկսեալ աղօթարաններէն մինչեւ պարզ քառակուսի սենեակները գրեթէ խաչաձեւ կամարներով կը ծածկուէին: Կամարներ կը կառուցուէին կարեւոր կեդրոններու վրայ, ինչպէս՝ գերեզմանները, միհրապները եւ ծածկուած դաշտերը:Մեմլուքեան շէնքերու զարդարումները կը կեդրոնանային շինութեան ամէնէն շատ երեւելի մասերուն վրայ, ինչպէս մինարէները, դռնակները, պատուհանները, գետինի սալապատումը եւ այլն: Այդ ժամանակի յարդարանքները կարելի է բաժնել 2 մասի՝ շինարարական յարդարանք եւ յարմարած յարդարանք:Թրիփոլի կարեւոր շինութիւններէն էին 6 մզկիթներ (Մանսուրի Մեծ Մզկիթը, Ալ-Աթթար, Թայնալ, Ալ-Ուուայսիյաթ, Ալ-Պուրթասի եւ Ալ-Թաուպաթ մզկիթները): Կային նաեւ երկու թաղային մզկիթներ եւ երկու այլ մզկիթներ, որոնք կառուցուած էին պարապ տարածութիւններու վրայ։ Մեմլուքեան Թրիփոլին ունէր 16 մատրասաներ, որոնցմէ չորսը ամբողջովին ոչնչացած է: Այս մատրասաներէն 6 հատը կը գտնուէին Մեծ Մզկիթին շուրջ: Թրիփոլի նաեւ ունէր Խանքաներ, խաներ, երեք համմամներ: === Օսմանեան Թրիփոլի (1516–1918) === Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, Թրիփոլի գլխաւոր քաղաքը կը դառնայ Թրիփոլիի էլայէթին, որ կը տարածուէր Ժպէյլէն Թարսուս եւ ներքին Սուրիոյ Համա եւ Հոմս քաղաքներ: Շրջանի միւս երկու էյալէթներն էին Հալէպի էլայէթը եւ Շամի էլայէթը: Մինչեւ 1612, Թրիփոլի Հալէպի նաւահանգիստը կը նկատուէր: Անիկա նաեւ կախեալ էր Սուրիոյ ներքին առեւտուրէն եւ լեռնային շրջաններու հարկահաւաքէն: 17-18-րդ դարերուն, շատ մեծ թիւով ֆրանսացի վաճառականներ կու գան Թրիփոլիի նաւահանգիստ, որ հետզհետէ կը դառնայ Եւրոպայի նաւահանգիստներու մրցակից: 19-րդ դարուն, Թրիփոլի մաս կը կազմէ Պէյրութի վիլայէթին իբրեւ սանճագ մը մինչեւ 1918, երբ կ'անցնի Բրիտանիոյ իշխանութեան տակ: Սուլէյման Ա.-ի օրերուն օսմանցիները կը վերականգնեն Թրիփոլիի բերդը: Ապա, կառավարիչները խաչակրական շրջանները փոփոխութեան կ'ենթարկեն եւ զանոնք կ'օգտագործեն իբրեւ զօրանոցներ եւ բանտեր: Քաղաքին կեդրոնը կը կառուցուի Խան Ալ-Սապունը՝ քաղաքը հսկելու համար: Օսմանեան Թրիփոլիի հարաւը կ'ապրի շինարարական յառաջընթացք. կը կառուցուին Ալ-Մուալլաք (1559) եւ Ալ-Թահհան (17-րդ դարու սկիզբ) մզկիթները ու կը վերականգնուի Ալ-Թաուպահ մզկիթը, որ ջրհեղեղի պատճառով կը կործանուի 1612-ին): == Ժողովրդագրութիւն == Թրիփոլիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի Սուննի իսլամ համայնքին: Լիբանանի Ալաուի համայնքը կ'ապրի Ժապալ Մոհսեն թաղամասին մէջ։ Իսկ քրիստոնեայ բնակչութեան տոկոսը կը կազմէ 10 առ հարիւր: == Գլխաւոր Վայրեր == === Սուրբ Ժիլի Ռեմոնի Ամրոց === Բերդը իր անունը կ'առնէ Սուրբ Ժիլի Ռեմոնէն, որ քաղաքը տիրած է 1902-ին եւ հրամայած է կառուցել այս ամրոցը, զոր ինք կը կոչէ Մոն Փելերին: Բուն պալատը 1289-ին կը հրկիզուի եւ կը վերակառուցուի քանի մը առիթներով: Այսօրուան մեր տեսած ամրոցը կը կառուցուի օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ: Անիկա ունի մեծ օսմանեան մուտք մը, որուն վրայ փորագրուած է Սուլէյման Ա.-ի կողմէ: 19-րդ դարու սկիզբին, ամրոցը շատ ամուր ձեւով կը վերականգնի Թրիփոլիի օսմանցի կառավարիչ Մուսթաֆա Աղա Պարպարի կողմէ: === Ժամացոյցի Աշտարակը === Ժամացոյցի աշտարակը Թրիփոլիի ամէնէն նշանաւոր կոթողներէն է: Անիկա կը գտնուի Ալ-Թել հրապարակին վրայ եւ կառուցուած է օսմանցիներուն կողմէ՝ իբրեւ քաղաքին նուէր: Ժամացոյցի աշտարակը ամբողջովին կը վերանորոգուի 1992-ին՝ հիւսիսային Լիբանանի թրքական դեսպանին՝ Սոպհի Աքքարի բարերարութեամբ եւ ապա Փետրուար 2016-ին, Թուրքիոյ վարչապետին նուիրատուութեամբ եւ Թրիփոլիի քաղաքապետութեան մշակութային կոթողներու կոմիտէի համագործակցութեամբ: Թրիփոլիի ամէնէն հին հանրային պարտէզներէն Ալ-Մանշիէն կը գտնուի ժամացոյցի աշտարակին կից: === Համմամներ === Մեմլուք կառավարիչներուն կողմէ կառուցուած համմամները շքեղ էին եւ անոնցմէ շատերը մինչեւ այսօր կը գոյատեւեն: Ամէնէն նշանաւորներէն են. Ապըտ Ազ-Ըլ-Տին Հաժեպ Ժատիտ Ալ-Նուրի, որ կառուցուած է 1333-ին, մեմլուք կառավարիչ Նուր Ալ-Տինի կողմէ: Անիկա կը գտնուի Մեծ Մզկիթին շրջակայքին մէջ: === Օսքար Նիմըրի Ռաշիտ Քարամէի Անուան Խաղավայրը === 1963-ին, Օսքար Նիմըրի կը վստահուի Թրիփոլիի միջազգային խաղավայրի յատակագիծին պատրաստութիւնը, սակայն 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով շինարարութիւնը կիսատ կը մնայ: Այս 10000 հեքթար տարածքը իր 15 շէնքերով մինչեւ այսօր անաւարտ են: === Ցամաքէն Հեռու Կղզիներ === Թրիփոլի շատ մը կղզիներ ունի: Մեծագոյն կղզին կը կոչուի «Արմաւենի ծառերու կղզի» կամ «Նապաստակներու կղզի»: ==== Նապաստակներու Կղզի ==== Այս կղզին 20 հեքթար տարածութեամբ շրջանի մեծագոյ կղզի է: Կղզին կը կոչուի «Արանեպ»-ի կամ նապաստակներու կղզի, քանի որ 20-րդ դարուն սկիզբը՝ ֆրանսացիներու իշխանութեան ժամանակ, շատ մեծ թիւով նապաստակներ կ'աճէին այդ վայրին մէջ։ Ներկայիս, այդ կղզին կը ծառայէ իբրեւ կանաչ կրեաներու, հազուագիւտ թռչուններու եւ նապաստակներու պահպանման վայր: 1992-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-յի կողմէ անիկա կը հռչակուի իբրեւ պահպանուած վայր, որով ճամբարներ ու խարոյկ սարքելը արգիլուած են: Իր գեղեցիկ տեսարանէն անկախ, Արմաւենիի կղզին մշակութային կոթող մըն է: 1973-ին կատարուած պեղումներէն ի յայտ կու գայ խաչակրական ժամանակներէն մարդոց գոյութիւնը կղզիին վրայ: ==== Պաքար Կղզիները ==== Ծանօթ է Ապտիւլուահապ կղզի անունով: Օսմանեան օրերէն մինչեւ այսօր, կղզին վարձու տրուած է Ատել եւ Խէյրըտտին Ապտիւլուահապներուն, որոնք նաւաշինութեամբ կը զբաղին: Խաչակիրներուն ժամանակ, կղզին կը կոչուէր Սուրբ Թովմաս: Պաքարի կղզին ամէնէն մօտիկն է ցամաքին եւ կարելի է կամուրջով մը ցամաքէն այս կղզին անցնիլ: ==== Պելլան Կղզի ==== Կղզիին անունը կու գայ անոր վրայ ապրող բոյսէ մը, որով կը շինուի ցախը: Մարդիկ կը կարծեն, որ անոր անունը կու գայ «կապոյտ կէտ», որ 20-րդ դարու սկիզբը յայտնուած է կղզիին եզերքը: ==== Ֆանար Կղզի ==== Կղզին ունի 1600 քառակուսի մեթր տարածութիւն: == Կրօնական Կառոյցներ == === Եկեղեցիներ === Թրիփոլիի եկեղեցիներուն մեծ մասը կը յիշեցնէ քաղաքի պատմութիւնը: Անոնք նաեւ ցոյց կու տան քաղաքին քրիստոնեայ համայնքին ներկայութիւնը. Կաթողիկէ Պշարա եկեղեցի Հայ Աւետարանական Ս. Մկրտիչ Եկեղեցի Յոյն կաթողիկէներու լատին եկեղեցի Մութրան եկեղեցի Հայ Առաքելական Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցի Ասորի Ուղղափառ Սուրբ Ըֆրէմ եկեղեցի Սուրբ Եղիա Ուղղափառ եկեղեցի Ուխտաւորներու լերան Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի Սուրբ Գէորգ կաթողիկէ եկեղեցի Սուրբ Գէորգ Ուղղափառ վանք Սուրբ Գէորգ Ուղղափառ եկեղեցի - Մար Ժերժիոս Ասորի կաթողիկէներու Սուրբ Յովսէփ եկեղեցի Սուրբ Մարուն (Մար Մարուն) եկեղեցի Մարոնիներու Սրբուկի Մարիամ Սալվատոր եկեղեցի Մարոնիներու Սրբուհի Մարիամ (Սայտէ) եկեղեցի Սուրբ Միքայէլ Ուղղափառ եկեղեցի Մարոնիներու Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի – Ալ-Քուպպէ Մարոնիներու Սուրբ Միքայէլ եկեղեցի Յոյն Ուղղափառ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի Սուրբ Թովմաս եկեղեցի === Մզկիթներ === thumb|Թայնալ մզկիթ Թրիփոլի հարուստ է մզկիթներով, որոնք կը տարածուին ամբողջ քաղաքին մէջ։ Ամէն թաղամասի մէջ կարելի է մզկիթ գտնել: Մեմլուքներու տիրապետութեան շրջանին, կառուցուած են մեծ թիւով մզկիթներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ հիմա կանգուն են. Նշանաւոր մզկիթներէն են. Աթթար Ապու Պաքր Ալ-Սիտտիք Արղուն Շահ Պրթասի Քապիր Ալ-Ալի Մահմուտ Պէյք Սանժաք Մանսուրի մեծ մզկիթ Օմար իպն Ալ-Խաթթապ մզկիթ Սիտի Ապտիւլ Ուահետ Թաուպահ մզկիթ Թաուժիհ մզկիթ Թայնալ մզկիթ Ալ-Պաշիր մզկիթ Համզա մզկիթ Ալ-Ռահմա մզկիթ Ալ-Սալամ մզկիթ == Կրթութիւն == Թրիփոլի ունի մեծ թիւով անձնական եւ պետական դպրոցներ: Թրիփոլիին եւ իր շրջակայքին մէջ կը գտնուին մեծ թիւով համալսարաններ: Թրիփոլիի եւ իր շրջակայքի համալսարաններէն են. Թրիփոլիի համալսարան - Լիբանան Լիբանանեան Համալսարան - Հիւսիսային Լիբանանի մասնաճիւղ Սուրբ Յովսէփ համալսարան - Հիւսիսային Լիբանան Լիբանանեան Միջազգային Համալսարան (Lebanese International University - LIU) - Տահր Ալ-Էյն Թրիփոլիի Մանար Համալսարան Ժինան համալսարան Պալամանտ համալսարան - Քըլհատ, Ալ-Քուրա Մեր Մայրը Համալսարան - Պարսա, Ալ-Քուրա == Թրիփոլիի Միջազգային Խաղավայր == thumb|խաղավայրը Թրիփոլիի միջազգային խաղավայրը, որ նախապէս կը կոչուէր Ռաշիտ Քարամէի միջազգային ցուցահանդէսի կեդրոն, բազմաթիւ շինութիւններէն են, որոնք յատակագիծը պատրաստուած է պրազիլցի ճարտարապետ Օսքար Նիմեյըրի կողմէ: Վայրը կառուցուած համաշխարհային ձեռնարկի մը համար, սակայն 1975-ի պայթած քաղաքացիական պատերազմը վերջնականապէս կը կասեցնէ աշխատանքը: Խաղավայրը կը գրաւէ 1 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ կը բաղկանայ 15 կիսաւարտ շէնքերէ: Այժմ այդ վայրը լքուած է: Խօսքեր եղած վայրը վերականգնելու մասին, սակայն քաղաքական եւ ապահովական պատճառներով ձախողած է: == Առեւտուր == Թրիփոլին, որ ժամանակին տնտեսապէս համահաւասար էր Պէյրութին, կ'ապրի նեղ պայմաններ: Շատ մը միութիւններ, ինչպէս՝ Թրիփոլիի Առեւտրական Վերականգման Միութիւնը, ջանք կը թափեն քաղաքին մշակութային արտադրութիւնները արտահանման գործին մէջ՝ ինչպէս կահ-կարասիներ, պղինձէ զարդեր, ինչպէս նաեւ նոր արհեստներու ընդարձակման գործին մէջ՝ այսինքն արհեստագիտութեան ներմուծումը եւ նաւահանգիստի յառաջդիմած աշխատանքը:2008-ին կը հիմնուի Թրիփոլիի Յատուկ Տնտեսական Բաժինը, որուն նպատակն է տուրքերէ զերծ պահել ծրագիրներ, որոնց դրամագլուխը կը գերազանցէ 300000$-ը եւ որոնց աշխատողներու կէսէն աւելի լիբանանցի են: Այս 55 հեքթար տարածութիւնը կը գտնուի Թրիփոլիի նաւահանգիստին կից:Վերջերս, կազմուած է «Թրիփոլիի Տեսլական 2020» վերականգման ծրագիրը, որուն նպատակն է քաջալերել նիւթական ներդրումը, մարզումը՝ բարելաւելու համար քաղաքի տնտեսական պայմանները: Այս ծրագրին նեցուկ կը կանգնին Թրիփոլիի կարեւորագոյն քաղաքական դէմքեր եւ առեւտրականներ, իսկ ծրագիրը կը հովանաւորուի Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Թրիփոլիի խորհրդարանի անդամներու գրասենեակները: === Օճառի Խանը === thumb|Թրիփոլիի օճառի խանը Խանը կը գտնուի քառակուսի դաշտի մը մօտ եւ ունի շատրուան, օճառ պատրաստելու արհեստանոցներ ու խանութներ: 15-րդ դարու վերջաւորութեան, Թրիփոլիի կառավարիչ Եուսէֆ պէյք Սայֆա կը հիմնէ «Խան Ալ-Սապուն»-ը (Օճառ արտադրողներու պանդոկ): Այս վաճառատան շինութիւնը կ'աւարտի XVI դարու սկիզբը՝ մեմլուքեան տիրապետութեան վերջին օրերուն: Թրիփոլիի այս օճառի շուկան այդքան հանրածանօթ կը դառնայ, որ այլեւս միայն տեղւոյն վրայ ծախելու փոխարէն օճառներ կ'արտածէին դէպի Եւրոպա: Սկիզբը, այս անուշահոտ օճառներ իրարու կը նուիրէին Եւրոպայի մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ այս գործին յառաջդիմութեան: Օճառներու բարձր պահանջքին պատճառով, օճառ շինողները կը սկսին այս մէկը իրենց արհեստը նկատել եւ կը սկսին անոնցմէ արտածել դէպի այլ արաբական ու ասիական երկիրներ: Այժմ, Թրիփոլիի մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ տեսակներով հնադարեան այս օճառներէն՝ ինչպէս վէրքի դէմ օճառներ, մորթը խոնաւցելու, փափուկնելու եւ այլ տեսակներ: Այս օճառներու պատրաստութեան համար կը գործածուի ձիթապտուղի ձէթը: Թրիփոլիի օճառը նաեւ կը պարունակէ մեղր, ձէթի տեսակներ եւ հոտաւէտ բոյսեր, ինչպէս՝ ծաղիկներ, փեթակներ եւ խոտեր: Այս օճառները արեւուն տակ կը չորցնեն, չոր օդով շրջապատի մը, որպէսզի ջուրը լաւապէս շոգիանայ: Այս չորնալու գործընթացը կը տեւէ մօտաւորապէս 3 ամիս: Երբ ջուրը շոգիանայ, ճերմակ բարակ կեղեւ մը կը յայտնուի օճառին մակերեսը, որ կը կազմուի ծովուն աղին պատճառով: Արհեստաւորը օճառը մեծ ուշադրութեամբ «կը սանտրէ» իր ձեռքով, մինչեւ որ այդ ճերմակ կեղեւը չքանայ: === Խան Ալ-Խայյաթին - Դերձակներու Խանը === Դերձակներու խանը կառուցուած է 14-րդ դարուն: Անիկա 60 մեթր երկարութեամբ անցք մըն է, որուն երկու կողմերը շրջապատուած են կամարներով: === Արաբական Անուշեղէն === Թրիփոլի շատ նշանաւոր է անուշեղէնով, ինչ որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ այցելուներուն: Կարգ մը անուշավաճառներ մասնաճիւղեր ունին ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ Լիբանանէն դուրս, ինչպէս՝ Ապտիւլ Ռահման եւ Ռաֆաաթ Ալ-Հալլապ անուշավաճառները, որոնք Թրիփոլիէն դուրս մասնաճիւղեր հիմնելով եւ տուփով անուշեղէն դուրս ուղարկելով հռչակ ստացած են: == Միջազգային Կապեր == === Քոյր Քաղաքներ === Թրիփոլիի քոյր քաղաքներն են. Իտալիա Նափելս, Իտալիա Կաղապար:Country data Սիրիա Դամասկոս, Սուրիա Կաղապար:Country data Կիպրոս Լարնաքա, Կիպրոս Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Ֆարօ, Փորթուկալ Ֆրանսա Թուլուզ, Ֆրանսա == Ծանօթագրութիւններ == == Երկեր == Հրատարակուած 19-20-րդ դարերունJosiah Conder (1830), «(Tripoli)», The Modern Traveller, London: J.Duncan, https://archive.org/stream/moderntraveller20condiala#page/220/mode/2up «Tripoli, or Tarabulus», The Encyclopaedia Britannica (11th տպ.), New York: Encyclopaedia Britannica, 1910, OCLC 14782424, https://archive.org/stream/encyclopaediabri27chisrich#page/290/mode/2up Հրատարակուած 21-րդ դարունC. Edmund Bosworth, խմբգր․ (2007)։ «Tripoli, in Lebanon»։ Historic Cities of the Islamic World։ Leiden: Koninklijke Brill «Tripoli»։ Grove Encyclopedia of Islamic Art & Architecture։ Oxford University Press։ 2009 == Արտաքին յղումներ == Թրիփոլիի պաշտօնական կայք (արաբ.) Թրիփոլիի Թուիլըրի էջ eTripoli կայք tripoli-city.org Tripoli-Lebanon.com Tripoli International Fair by Oscar Niemeyer, 360 Panorama by Melkan Bassil Tripoli fortress and Panorama of the city at 360 on May 2012 «Tripoli»։ Islamic Cultural Heritage Database։ Istanbul: Organisation of Islamic Cooperation, Research Centre for Islamic History, Art and Culture։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-15-ին ArchNet.org։ «Tripoli»։ Cambridge, Massachusetts, USA: MIT School of Architecture and Planning։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-24-ին
1,558
Ակօսիկ
Ակօսիկ Իսթանպուլ (Պոլիս) լոյս տեսնող «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի հայկական բաժինի մանկապատանեկան էջ եւ ապա ներդիր՝ «Ակօս Գիրք» երկլեզու յաւելուածին: Մանկապատանեկան այս էջը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Ակօս»-ի թիւ 5 համարով (3 Մայիս 1996-ին): Թիւ 29 համարէն (18 Հոկտեմբեր 1996) սկսեալ, «Ակօսիկ» լոյս կը տեսնէ ամսական դրութեամբ: 1998 Օգոստոսէն սկսեալ կը հրատարակուի շաբաթական դրութեամբ, թերթին գրեթէ իւրաքանչիւր համարին մէջ։ Թիւ 326 (28 Յունիս 2002) համարէն սկսեալ կը վերածուի կէս էջ ծաւալի, որուն վերջին համարը լոյս կը տեսնէ 12 Սեպտեմբեր 2003-ին: Երկար դադարէ մը ետք, Յուլիս 2010-ին, «Ակօսիկ»-ը կը վերածուի ներդիր յաւելուածի, գունաւոր 4 էջ ծաւալով: Յաւելուածը լոյս կը տեսնէ 8 համար, վերջինը՝ Մարտ 2011-ին: «Ակօսիկ» մանկապատանեկան էջը սկիզբէն խմբագրուած է Սարգիս Սերովբեանի կողմէ, զանազան թուականներու՝ աշխատակցութեամբ Ծովինար Լօքամակէօզեանի, Սիպիլ Ճամճըօղլուի, Սելին Էօզօնուրի, Թալին Չորթան-Կարիպկիւնի, իսկ ներդիրի պարագային՝ Մարալ Ուսթայի եւ Էմինէ Պորայի: Այլազան ենթախորագիրներու տակ՝ այս էջը կը պարունակէ հայ ժողովրդական հեքիաթներ, գիտական բաժին, հանելուկներ, «Չարաճճին Առօրեայէն» խորագրին տակ երգիծական բաժին, ձեր գրածներէն, նամակներ, հետաքրքրական հարցում մը, եկէ՜ք խաղանք միասին, պատմուածքներ, ձեռային աշխատանքներ: == Աղբիւր == «ՓԹԻԹ», Մանկապատանեկան Պարբերաթերթ, թիւ 9, էջ 29
5,948
Լոլա Սասունի
Լոլա Սասունի (Հռիփսիմէ Մեծատուրեան, 1893, Ակն - 1969, Պէյրութ), ազգային-հասարակական գործիչ։ Միսաք Մեծարենցի զարմուհին։ == Կենսագրութիւն == 1908-ին ընտանեօք հաստատուած են Կ.Պոլիս։ Կանուխ տարիքէն մաս կազմած է ազգային-հասարակական գործունէութեան՝ ֆետայիներու կողքին զէնք կրելով ու մասնակցելով ինքնապաշտպանական կռիւներուն։ 1917-ին ամուսնացած է Կարօ Սասունիին հետ, ապա ընտրելով Լոլա անունը անցած է Թիֆլիս։ Ան միշտ իր մասնակցութիւնը բերած է յետեղեռնեան հայութեան կազմակերպական աշխատանքին՝ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։ Եղած է Մուշ, Վան, Խնուս, հոն, ուր գործ եղած է, կազմակերպելով ու խնամելով Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերն ու հիւանդները։ 1918-ի Մայիսեան անկախութեան նախօրեակին միացած է Համազասպի խումբին եւ մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին։ Առաջին զաւակը ծնած է Երեւանի մէջ։ Խանձարուրի մէջ փաթթուած երեխան միշտ զինուորի մը վիզէն կախուած է, իսկ Լոլա կիներու խումբի մը հետ վիրաւորներ ու հիւանդներ խնամած եւ տարագիր ընտանիքներուն կարիքները հոգացած է։ Դժբախտաբար փոքրիկը մալարիայէ բռնուած՝ մահացած է։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Լոլա նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կարմիր խաչի կազմակերպումին, եւ երբ 1920-ին ամուսինը Շիրակի նահանգապետ նշանակուած է, ան գործակցած է հայկական որբանոցներու ընդհանուր վարիչին հետ։ 1920-ին բանտարկուած է, բախտով ազատած եւ մօտ տաս հազար գործիչներու հետ անցած է Զանգեզուր, անկէ ալ՝ Պարսկաստան։ Ապա պարբերաբար մնացած է՝ Պոլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Ժընեւ ու Փարիզ․ Գահիրէի, Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ միշտ Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքները կազմակերպող գործիչ եղած է։ Պէյրութի մէջ ան գործակցած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հիմնադիրներէն Ջաւօ Շանթին, որուն հետ շարունակած է կազմակերպչական աշխատանքները Լիբանանի մէջ։ Լոլա Սասունի ամբողջ երեք տասնամեակ ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու գործակցութեամբ դարմանատուներու ցանց մը ստեղծած է, չքաւորներուն ու որբերուն սնունդին եւ առողջութեան հսկած եւ անոնց կրթական կարիքները հոգացած է․ հայ կնոջ մտաւոր ու ընկերային մակարդակի բարձրացման նպաստած ու օժանդակած է ազգային հաստատութիւններուն։ Ան իր գործակիցներուն հետ նախաձեռնած է «պնակ մը կերակուր»ի երախտաշատ գործին։ Տարիներու ընթացքին անոր առողջութիւնը քայքայուած է։ Կեանքի վերջին տարիներուն իր երազը հայրենիք այցելելը եղած է։ Հակառակ իր ամուսնոյն կամքին` գացած եւ տեսած է Սարդարապատի յաղթանակի կոթողը եւ վերադարձէն տասը օր ետք մահացած է՝ 2 Հոկտեմբերին։ 1969-ին իր մահկանացուն կը կնքէ իր տան մէջ: Անոր աճիւնը ամփոփուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պանթէոնին մէջ: == Շքանշան == Լոլա Սասունի արժանացած է պետական բարձր գնահատանքի։ Լիբանանի պետութիւնը բարձրօրէն գնահատելով ԼՕԽ-ի դերը եւ Լոլա Սասունիի անձնուէր ծառայութիւնը, 1966-ին «Մայրիներու ազգային կարգ»ի շքանշանով կը պատուէ վաստակաշատ խաչուհին։ Մասնաճիւղը հիմնուած է 1971-ին, Լիբանանի Ֆանարի շրջանին մէջ: == Աղբիւրներ == Սասունի == Ծանօթագրութիւններ ==
4,547
Յակոբ Քհնյ. Մելքոնեան
Յակոբ Քհնյ. Մելքոնեան, աւազանի անունով Մկրտիչ, ծնած է Գամիշլի, 1942-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանէն, զոր աւարտած է 1954-ին։ Հակառակ ուսումնատենչ ըլլալուն, նիւթական դժուարութեանց պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել։ Ապրուստի հրամայականը զինք նետած է գործնական կեանքի մէջ արհեստ սորվելու եւ ընտանիքին կարիքները հոգալու։ Հանապազօրեայ աշխատանքներուն զուգահեռ, ան ինքզինք մօտ պահած է կրօնական սկզբունքներու եւ միշտ եկեղեցի յաճախած ու ներկայ գտնուած է ո՛չ միայն պատարագին, այլեւ՝ ժամերգութիւններուն։ Ժամանակ մը ետք, երբ բախտը կը ժպտի, ան պետական պաշտօնեայ կը նշանակուի Ռըմելանի քարիւղի ընկերութեան մէջ։ Այնուհետեւ, իր նիւթական վիճակը կը բարելաւուի եւ կը պատրաստուի ամուսնութեան։ Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Արփինէ Գէորգեանը, որուն հետ կը պսակուի Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 1971-ին, ձեռամբ՝ Տ. Երուանդ քահանայ Երէցեանի եւ կ'ունենայ երեք զաւակներ՝ Մայտա, Արամ եւ Սարգիս։ Ժամանակի սահանքին հետ, իր մէջ կը սկսին աւելի զօրանալ կրօնական զգացումները եւ կը զգայ եկեղեցւոյ նուիրուելու փափաքը։ Երբ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մինատ քահանայ Տէր Մինասեան վերջնականապէս Հայաստան կը տեղափոխուի, գաղութը կը մնայ առանց քահանայի։ Այդ ընթացքին Մկրտիչը քահանայութեան պաշտօնին յարմարագոյնը կը նկատուի։ Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Կոմիտաս եպս. Օհանեանի ու տեղւոյն թաղականութեան որոշումով, կ'ընտրուի Գամիշլիի հայ գաղութին համար քահանայութեան թեկնածու։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օժումը տեղի կ'ունենան Տ. Կոմիտաս Եպս. Օհանեանի ձեռամբ խարտաւիլակութեամբ՝ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գարեգին Ա. քահանայ Քիրաղեանի, 20 Նոյեմբեր 1994-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տ. Յակոբ։ Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, նորընծայ քահանան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի համանու եկեղեցւոյ։ Իր հովուական առաջին պարտականութիւնը կ'ըլլայ հովուական յաջորդական այցելութիւններով ճանչնալ իր հօտը եւ հովիւ-հօտ կապեր հաստատել, որպէսզի օգտակար դառնայ անոնց ընտանեկան ու ընկերային հարցերուն։ Հաւատացեալ գաղութը պատճառ կ'ըլլայ, որ հովիւին մէջ աւելի զօրանան կրօնական զգացումներն ու հոգեւոր ապրումները։ Առաւօտեան ժամերգութիւնը կատարելէ ետք, ամէն օր կ'այցելէ Գամիշլիի փոխանորդարան, հովուական պարտականութիւն մը կատարելու, երբ ժողովուրդը կարիքը ունենայ իր հոովիւին։ Առ ի գնահատանք իր տարիներու ծառայութեան, ան կը ստանայ Արամ Ա. Վեհափառէն Լանջախաչ կրելու իրաւունք, 2001-ին։ Հաւատքով զօտեպնդուած եւ ազգային ոգով տոգորուած կը շարունակէ իր հովուական առաքելութիւնը Գամիշլիի իր հայրենակիցներուն ու Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տասնհինգ տարիներու կրօնական ծառայութեան քաղցր լուծին տակ։ Ի սրտէ կ'աղօթենք առ Աստուած, որ իրեն պարգեւէ առողջութիւն ու երկար կեանք։ 2010-ին, առողջութիւնը կը կորսնցնէ եւ ստիպուած կ'ըլլայ հանգստեան կոչուելու իր փափաքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով։ Այսուհանդերձ կը շարունակէ ժամերգութեան մասնակցիլ եւ հոգեպէս նորոգուիլ։։ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,615
Արտաւազդ Պէզիրճեան
Արտաւազդ Պէզիրճեան Ծնած է Իսթանպուլ։ Նախնական ուսումը սաանալէ ետք Էսայեան վարժաrանին մէջ, աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ == Կենսագրութիւն == Զանազան հաստատութիւներու մէջ պաշտօնավարած է իբրեւեւ հաշուապահ։ Նոյն ասպարէզը կը շարունակէ ներկայիս։ Գրական աոառին փորձերը՝ չափածոներ, լոյս տեսած են զանազան պարբերաթերթերու, մանաւանդ Մարմարա օրաթերթի գրական էջերուն մէջ։ Գրած է նաեւ պատմուածքներ։ Ասոնցմէ զատ, ունի նաեւ երկու թատերգութիւններ. առաջինը՝ Մեր թաղին Պատմութիւնը գրուած 1971-ին, ներկայացուած է Իսթանպուլի մէջ. երկրորդը՝ Ղուկասին Կինը 1973-ին արժանացած է գրական մրցանակի։ Այժմ դադրած է գրելէ եւ հերու կը մնայ գրականութենէ։ == Հրատարակուած գործ == Ղուկասին Կինը (թատերգութիւն) - Իսթանպուլ, 1973։ == Ստացած Մրցանակ == ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի մրցանակՍփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ 220։։ == Ծանօթագրութիւններ ==
22,267
Օֆէլիա Ներկարարեան
Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեան, (10 Ապրիլ 1882, Ատաբազար - 12 Դեկտեմբեր 1952, Լոս Անճելըս) հայ կին բժիշկ։ == Կենսագրութիւն == Օֆէլիա Ներկարարեան ծնած է 1882 թուականին՝ Ատաբազարի մէջ։ Ամերիկեան Պորտ Ընկերութեան Աղջկանց վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէն յետոյ 1898ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլետելֆիա քաղաքին Greater Women's Medical Collegeին մէջ բժշկական ուսում կ՛առնէ։ 1903ին բժշկականէն շրջանաւարտ կ՛ ըլլայ ու կը վերադառնայ ծննդավայրին։ Կ՛ ամուսնանայ բժիշկ Տիգրան Պետրոս Գասապեանի հետ։ Միասին բժշկութիւն կ՛ ընեն Զմիւռնիոյ եւ Պոլսոյ մէջ։ Տիգրան Պ․ Գասապեան1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելէ ետք, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ, ուղարկուած՝ Կալիցիոյ ռազմաճակատ եւ ծառայած՝ 11-րդ զօրագունդի 2-րդ գումարտակի զինուորական բժիշկ։ 3 Սեպտեմբեր 1915 թուականին կամ 27 Դեկտեմբերին, Կալիցիոյ ռազմաճակատի վրայ զոհուած է, կամ Տիգրանակերտի մէջ մահացած է ժանտախտէ՝ մօտ 32 տարեկան հասակին։ Իսկ Օֆէլիան, իր երկու դուստրը՝ Սիրարբի եւ Վերժինով բնակութիւն հաստատած է Նիւ-Եորքի մէջ, ապա փոխադրուած են Լոս Անճելըս։ Ունի բեմադրուած թատրերգութիւններ։ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեան երկարաշունչ հիւանդութենէն յետոյ մահացած է 1952ին։
7,064
Ցայտաղբիւր (պուլպուլակ)
Պուլպուլակ (արաբերէն՝ ماء سبيل), յուշարձան-աղբիւր։ Ան ուղղահայաց քարէ շինուած ջուր բխող ակ մըն է։ Շատ տարածուած է Երեւանի մէջ։ Արեւելահայերէն կը կոչուի «պուլպուլակ» կամ «ցայտաղբիւր»։ Երեւանեան բակերը, իրենց պուլպուլակով, կ՛առանձնան՝ Փարիզի, Մոսկուայի, Պեռլինի, Ուաշինկթընի բակերէն։ Բակէն ներս՝ ցայտաղբիւրի մը յայտնումը, կապուած է որեւէ նշանակալի իրադարձութեան մը հետ։ Սովորաբար այն կը կառուցեն, երբ մարդ մահանայ կամ ծնի՝ նորը։ Այն, կարելի է ըսել, թէ կը խորհրդանշէ՝ կեանքն ու մահը, նորն ու հինը, սկիզբն ու աւարտը։ Տարբեր աւանդազրոյցներ կան կապուած ցայտաղբիւրի հետ։ Ցայտաղբիւրէն ջուր խմելու ընթացքին՝ մենք ակամայ, կը խոնարհինք եւ յարգանքի նշան ցոյց կու տանք՝ այն մարդու նկատմամբ, որուն պատւոյն կառուցուած է։ == Բառակազմութիւն == «Պուլպուլակ» բառը կազմուած է «պուլ-պուլ»-էն, որ ջուրի ձայնի իմաստը կ՛արտայայտէ, եւ «ակ»-էն, որ «աղբիւր» կը նշանակէ։
7,664
Ռիչըրտ Ֆէյնմըն
Ռիչըրտ Ֆիլիփս Ֆէյնմըն (անգլերէն՝ Richard Phillips Feynman, 11 Մայիս, 1918, Քուինս, Նիւ Եորք, ԱՄՆ - 15 Փետրուար, 1988, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ), Ամերիկացի ֆիզիքոս, արդի քուանտային ելեկտրատինամիզմի հիմնադիրներէն, ԱՄՆ-ի ազգային գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ 1954-էն մինչեւ 1969-ը երբ ինք հրաժարեցաւ իր անդամակցութենէն։ == Կենսագրութիւն == Աւարտած է Մասաչուսէթսի թեքնոլոգիական ինստիտուտը (1939)։ Փիլիսոփայութեան տոքթորի աստիճանը ստացած է Փրինսթընի համալսարանին մէջ (1942), ապա աշխատած է Լոս Ալամոսի լապորաթորիի մէջ եւ Քոռնէլի համալսարանին մէջ։ 1950 թուականէն Քալիֆորնիոյ թեքնոլոգիական ինստիտուտի փրոֆեսոր։ Աշխատանքները կը վերաբերին քուանտային ելեկտրատինամիկային, քուանտային մեխանիկային եւ վիճակագրական ֆիզիկային։ Մշակած է թուաբանական այն տեսակի գործիք (Ֆէյնմընի տիակրամներ), որ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է դաշտի քուանտային տեսութեան զարգացումին համար։ Մարի Կէլ-Մանի հետ միասին 1958 թ. ստեղծած է թոյլ փոխազդեցութիւններու քանակական տեսութիւնը։ Վիճակագրական ֆիզիկայի մէջ զարգացուցած է փոլեարոնի տեսութիւնը միջանկեալ կապի դէպքին համար, բացատրած է մրրիկներուն յառաջսցումը գերհոսուն հելիումի մէջ (Ֆէյնմընի մրրիկներ)։ 1969 թ. Առաջարկած է նուկլոններու փարթոնային մոտէլը։ Քուանտային մեխանիկայի մէջ մշակած է ըստ հետագիծերու ինտեգրումի մեթոդը։ «Ֆիզիկայի ֆէյնմընեան դասախօսութիւններ» յայտնի դասընթացի հեղինակն է (Ռ․ Լէյթընի եւ Մ․ Սէնտսի հետ համատեղ)։ 1965 թ. Նոպէլեան մրցանակ ստացած է Եու. Շուինկէրի եւ Ս․ Թոմոնակայի հետ)։ Մահացած է քաղցկեղէն։ == Արտաքին յղումներ == Ֆիզիկայի ֆեյնմանյան դասախոսություններ (անգլերէն) == Ծանօթագրութիւններ ==
6,375
Վահրամ Փափազեան
Վահրամ Գամեր Փափազեան (18 (30) Յունուար 1888, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Յունիս 1968(1968-06-05), Լենինկրատ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), հայ նշանաւոր դերասան, գրող, == Կենսագրութիւն == Վահրամ Փափազեանը ծնած է Կ.Պոլիս 1888 թուականին, միջին խաւի ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ Գամերը, որ այդ ատենը հեռագրատան պաշտօնեայ եղած էր, ,ան իր զաւակին մանկութիւնը եւ ուսումն ապահովելու հնարաւորութիւն ունեցած էր։ Ուսանած է Մխիթարեաններու Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանը, ապա՝ Միլանի գեղարուեստի ակադեմիան։ Ուսումնառութեան տարիներուն (1908-1911), ան, ուսումնական ծրագրի շրջանակներուն շփումներ կ'ունենայ իտալական թատրոնի յայտնի դերասաններու հետ՝ Ցակոնի, Նովելլի, եւ կ'աշխատի անոնց խումբերուն հետ։ Մինչ այդ Փափազեանը քիչ ծանօթ էր կովկասահայ թատրոնին։ 1907-ին ան կը յայտնուէր Փարիզ եւ, Շիրվանզատէի ու Աբէլեանի խորհուրդով, կը մեկնի Պաքու։ 1913-ին Փափազեանը հրաւէր ստացաւ Թիֆլիսի հայ տրամադիկական ընկերութենէն։ Համարելով, որ Կ.Պոլսոյ մէջ գործելը անհեռանկար քայլ է, ան հեռացաւ հայրենի քաղաքէն դէպի իր դերասանական ապագան։ Այսպէս բոլորեց Փափազեանի դերասանական կեանքի առաջին շրջանը։ 1913-1922 թուականները կարելի է համարել Փափազեանի դերասանական կեանքի երկրորդ շրջանը։ Փափազեանը խաղացած է Ռոմէոյի դերը։ Ինչպէս հայկական խաղացանկի բուռն սիրահարի՝ Սեյրանի դերը, շեքսպիրեան սիրահարի դերով եւս Փափազեանը չէ ապաւինած իր շնորհներուն, այլ արտայայտած է կերպարներու տրամադիկական բովանդակութիւնը։ 1920-ին Փափազեանը վերջին անգամ մը կը յայտնուի իր ծննդավայրին մէջ եւ այնուհետեւ ան կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան։ 1922-ին Երեւանի նորաստեղծ պետական թատրոնին մէջ Փափազեանը կը խաղայ Քարլոսի «Աւազակներ», Պրինչիւալէի «Մոննա Վաննա» եւ Հայնրիխի «Ջրասոյզ զանգ» դերերը, կը բեմադրէ քանի մը փիէս «Դոն Ժուան», «Քին», «Սատանայի աշակերտը» եւ այլն։ Բայց յաջորդ տարուընէ հանդէս կու գայ Թիֆլիսի եւ Պաքուի հայկական թատրոններուն մէջ։ Արուեստագէտի գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւետ կ՚ըլլայ Թիֆլիսի Հայ տրամային մէջ, ուր ան կը գլխաւորէ թատրոնը (1926-1927)։ Այս թատերաշրջանին ան կը խաղայ ոչ միայն իր աւանդական դերերը, այլեւ, իբրեւ «սովորական» դերասան մը, հանդէս կու գայ «հերթական» ներկայացումներու մէջ. Ղարա («Կապկազ թամաշա»), Վլադիմիր «Բուքը», Ճորճ «Մորգանի խնամին»։ Ոչ միայն կը խաղայ, այլեւ կը բեմադրէ. «Մակբէթ», «Կապկազ-թամաշա», «Դիմակահանդէս»։ 1928-ին Փափազեանի Օթելլոյի հոյակապ կերպարը երեւաց Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ՝ Փոքր թատրոնի դերասաններու խաղընկերութեամբ, ապա եւ 1932-ին Փարիզի Օդէոն թատրոնին մէջ՝ Ատելիէ թատրոնի դերասաններու խաղընկերութեամբ։ Այն սակաւաթիւ իրողութիւններէն են անոնք, երբ հայ դերասանական արուեստը ստացած է միջազգային արձագանք։ Այս Փափազեանի եւ անոր Օթելլոյի ամենալաւ ժամանակն էր։ 1932-1954-ականներուն բնակութիւն հաստատելով Սենթ Փեթերպուրկի մէջ՝ Փափազեանը իր նշանաւոր կերպարներով, ամէնէն յաճախ՝ «Օթելլօ»ով, շրջած է Սովետական Միութեան մէջ։ Հայրենական մեծ պատերազմի տարիները Փափազեանը տարաւ պաշարուած Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ՝ հանդէս բերելով ոչ միայն արդիստական, այլեւ քաղաքացիական եւ հայրենասիրական բարձր նկարագիր։ 12 Յունուար1948-էն հիւրախաղերով եղած է Երեւանի մէջ, Երաժշտական կատակերտգութեան թատրոնին մէջ գլխաւոր դերերով հանդէս կու գայ Շեյքսփիրի «Օթելօ», Ջիակոմէտտիի «Ոճրագործի ընտանիքը» եւ այլ ներկայացումներով: Անոր աւանդական դերերէն մէկն ալ Կորրադոն էր՝ Ջիակոմէտիի «Ոճրագործի ընտանիքը» մելոտրամայի հերոսը։ Իբրեւ դասական դպրոցի ողբերգակ՝ Փափազեանը իր նախորդներու նման ունեցած է մելոտրամաներ խաղալու սովորութիւն։ Բազմաթիւ դերերով Փափազեանը քանի մը տարի շրջագայեցաւ Անդրկովկասի մէջ, ապա եւ Միութեան մեծաթիւ քաղաքներուն՝ ամէնուրէք գտնելով իր արուեստը գնահատող հանդիսատես։ Վերջապէս, 1954-ին արուեստագէտը գտաւ իր հանգրուանը Երեւան քաղաքին մէջ, Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ։ Ան փոքրացուց շրջագայութիւններու տեւողութիւնը եւ իր թատերաբեմի շառաւիղը միայն՝ Անդրկովկասը դարձուց։ Իբրեւ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասան Փափազեանը մասնակցեցաւ հայկական արուեստի 1956-ին մոսկովեան տասնօրեակին եւ արժանացաւ Սովետական Միութեան ժողովրդական արդիստի կոչման։ Հետագային խաղցաւ նաեւ Ուրիէլ Ակոստա, Արբենին: Փափազեանը զբաղուած է նաեւ թատերավերլուծութեամբ եւ գրական գործունէութեամբ, յայտնի է անոր «Յետադարձ հայեացք» յուշագրութիւնը։ Մահացած է Լենինկրատի մէջ, թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ Ստեփանակերտի պետական թատրոնը կը կրէ Փափազեանի անունը։ == Ֆիլմագրութիւն == 1917 - Սաիդէ (դեբիւտը կինոյին՝ Էռնեսթօ Վահրամ անունով) 1917 - Երազ ու կեանք 1917 - Փառքի դարպասների մօտ - ջութակահար Վիքթոր Ստաւսկի 1917 - Մթնշաղ - երաժիշտ Զարեմբա 1917 - Գայթակղութիւն - ֆրայ Ցիօ 1917 - Սիրոյ երկրում - Ալպերթօ 1917 - Այրին - Ռոպերթ Տոտուէն, Մորիսի ընկերը 1918 - Ստելլա Մարիս 1918 - Գարնանային քամու հեքիաթը - յայտնի աւիատոր 1918 - Պոէտն ու ընկած հոգին - Կրասով, գրող 1918 - Не та, так другая 1918 - Երջանկութեան կողքով - Ալեքսէյ, Վանտայի եղբայրը 1918 - Клятвой спаянные - Ների 1918 - Բժիշկ Կատցել - բժիշկ Կատցել 1918 - Երկու մայր 1922 - Պոսֆորի գաղտնիքը 1922 - Սիրային ողբերգութիւն Սթամպուլում 1923 - Աղջկայ աշտարակի գաղտնիքը - Սամէդ խան 1953 - Մեծն զօրաւար Սկանդերբերգը - սուլթան Մուրատ Բ. 1955 - Ուրուականները հեռանում են լեռներից - Դանիէլ-բեկ 1956 - Սիրտն է երգում - Գաբրիէլ աղա 1964 - Մսէօ Ժակը եւ ուրիշները - Միհրան աղա == Երկեր == === Գիրքեր === Յետադարձ հայեացք, գիրք 1, Երեւան, 1956, 464 էջ: Յետադարձ հայեացք, գիրք 2, Երեւան, 1957, 472 էջ: Սրտիս պարտքը, Երեւան, 1959, 176 էջ: Իմ Օթելլոն, Երեւան, 1964, 512 էջ: Համլետը ինչպէս տեսայ…, Երեւան, 1968, 436 էջ: Անահիտ, Երեւան, 1969, 96 էջ: Լիր արքայ, Երեւան, 1971, 331 էջ: Երկերի ժողովածու, հատ. 1. Յետադարձ հայեացք, գիրք 1, Երեւան, 1979, 460 էջ: Երկերի ժողովածու, հատ. 2. Յետադարձ հայեացք, գիրք 2, Երեւան, 1981, 464 էջ: Երկերի ժողովածու, հատ. 3. Իմ Օթելլոն, Երեւան, 1982, 456 էջ: Երկերի ժողովածու, հատ. 4. Համլետը ինչպէս տեսայ…, Երեւան, 1983, 408 էջ: Երկերի ժողովածու, հատ. 5. Լիր արքայ, Երեւան, 1983, 384 էջ: Թանձրացումներ, Երեւան, 1988, 136 էջ: === Մամուլ === Թո՛ղ լինի, ողջունում եմ: «Գարուն», 1967, № 2, էջ 10։ == Պարգեւներ, մրցանակներ == Հայկական ԽՍՀ ժողովրդական արտիստ (1933) Վրացական ԽՍՀ ժողովրդական արտիստ (1933) Ազրպէյճանական ԽՍՀ ժողովրդական արտիստ (1935) ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստ (1956) Լենինի շքանշան (27.10.1967) ԽՍՀՄ մետալներ == Գրականութիւն == Վահրամ Փափազեան (ժողովածու), Երեւան, 1959: Հայ սովետական թատրոնի պատմութիւն, Երեւան, 1967: Ռուբէն Զարեան, Վահրամ Փափազեան, Երեւան, 1972, 158 էջ: Շեքսպիրական, հատ. 4, Երեւան, 1974: Գառնիկ Ստեփանեան, Ուրուագիծ արեւմտահայ թատրոնի պատմութեան, հատ. 3, Երեւան, 1975: Գառնիկ Ստեփանեան, Վահրամ Փափազեանի հետ (յուշեր), Երեւան, 1979, 102 էջ: Լեւոն Հախուերդեան, Հայ թատրոնի պատմութիւն (1901-1920), Երեւան, 1980: Ռուբէն Զարեան, Էջեր հայկական շեքսպիրապատումից, գիրք 2, Երեւան, 1981, 326 էջ։ Հայկ Խաչատրեան, Գրական տեղեկատու, Երեւան, 1986, էջ 565: Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատ. 12, Երեւան, 1986, էջ 326-327: Գէորգ Աբաջեան, Վահրամ Փափազեան, Երեւան, 1988։ Գէորգ Աբաջեան, Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձը Վահրամ Փափազեանի արուեստում, Ե., 1997, 52 էջ: Գրիգորեան Վ., Մեր Փափազը, մեր Շեքսպիրը, մեր կռիւը, Երեւան, 2002: Գէորգ Աբաջեան, Վահրամ Փափազեանի գրչի սխրանքը, Ե., Մաշտոց, 2004, 46 էջ: == Աղբիւրներ == Հայկական համառօտ հանրագիտարան, հատ. 4, Երեւան, 2003: Ով ով է (Հայեր: Կենսագրական հանրագիտարան), հատ. 2, Երեւան, 2007, էջ 633: == Արտաքին հղումներ == «Հայ բեմի կախարդը» յօդուած Ազգ օրաթերթին մէջ == Տես նաեւ == Վահրամ Փափազեանի կիսանդրի (Երեւան) Վահրամ Փափազեան փողոց (Երեւան) == Ծանօթագրութիւններ ==
2,032
Արեւելեան – Արեւմտեան հերձուած
Արեւելեան – Արեւմտեան հերձուած, որ Մեծ հերձուած ու 1054-ի հերձուած ալ կը կոչուի, 11-րդ դարէն ի վեր Արեւելեան Ուղղափառութեան եւ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանումն է: Պետք է որ իրարմէ զատուի Արեւելեան – Արեւմտեան հերձուած ու Արեւմտեան հերձուածը (որ ան ալ երբեմն կը կոչուի “Մեծ” հերձուած): Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիներու եկեղեցական տարբերութիւնները եւ աստուածաբանական վէճերը կանխեց պաշտօնական բաժանումը, որ տեղի ունեցաւ 1054 թուականին: Երկու եկեղեցոյ միջեւ ուշագրաւ հարցերն էին Սուրբ Հոգիի աղբիւրը, Հաղորդութեան արարողութեան ընթացքին խմորած կամ չխմորած հացի գործածութիւնը, Հռոմի եպիսկոպոսի (պապ) տիեզերական իրաւասութիւնը ու Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Ընդհանրական եկեղեցւոյ հինգ տիեզերական պատրիարքութիւններու կամ Աթոռներու տեղը:1053-ին, լուծումը սկսաւ ու վերջացաւ պաշտօնական բաժանումով: Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Ա. Միքայել Քիրուլարիոս (անգլերէն՝ Michael I Cerularius) հրամայեց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող ամբողջ Լատինական եկեղեցիներու փակումը, իսկ Իտալիոյ հարաւը գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն փակել կամ ստիպել Լատինական կերպի վերածուիլ: Ըստ պատմագէտ Ճ. Պ. Պիւրի (անգլերէն՝ J. B. Bury), Քիրուլարիօսին հրամանի նպատակն էր կտրել որեւէ հաշտութեան փորձ:1054-ին, Լեո IX-ի ղրկած Պապական դեսպանը հասաւ Կոստանդնուպոլիս, Քիրուլարիոսի Տիեզերական Պատրիարքութեան տիտղոսը մերժելու եւ պնդելով Պապական խորհուրդին Քրիստոնէութեան բարձրագոյն կանոնը ըլլալը: Պապական դեսպանութեան գլխաւոր նպատակն էր Բիւզանդական կայսրէն Նորմաններուն հարաւային Իտալիոյ արշաւանքի դէմ օգնութիւն միացնել: Մէկ ուրիշ նպատակն էր անխմոր հացի գործածութեան դէմ Լէօ Օխրիդցիի առաջնորդած յարձակումներու ու տարբեր արեւմտեան ծիսականներու պատճառաւ տեղի ունեցած կռիւներու վրայ վիճաբանիլ, որ այդ կռիւները Քիրուլարիոսը կը պաշտպանէր: Ըստ պատմագէտ Աքսէլ Պայ (գերմաներէն՝ Axel Bayer), դեսպանութիւնը երկու նամակի փոխարէն ղրկուած է: Այս նամակներէն առաջինը որ Սրբազան Հռոմէական կայսրի կողմէ գրուած է, օգնութիւն կը պահանջէ հասարակաց բանակ մը կազմակերպելու համար Նորմաններուն արշաւանքին դէմ: Միւս նամակը որ Քիրուլարիոսի կողմէ ղրկուած է, կը մերժէ այս խնդրանքը: Քիրուլարիոսը իր մերժումի փոխարէն Դեսպանի տէրը Կարտինալ, O.S.B., Սիլվա Քանտիտացի Հիւմպրդի (անգլերէն՝ Humbert of Silva Candida) կողմէ Քրիստոնէութենէ կը վտարուի: Հետեւաբար Քիրուլարիոսն ալ Քրիստոնէութենէ կը վտարէ Հիւմպրդը ու դեսպանի անդամները: Այս դէպքը հարիւրաւոր տարիներ տեւող խնդիրներուն առաջինն է որ Մեծ հերձուածին հիմնը կը կոչուի: == Պատմութիւն == Արեւմտեան ու Արեւելեան Միջերկրական եկեղեցիներու հերձուածը յառաջ կու գայ զանազան քաղաքական, մշակութական եւ կրօնական պատճառներէն որ տեւեցին դարեր: Պատմագէտերը 1054-ի փոխադարձ վտարումները կը կոչեն հերձուածի վերջաւորութիւն: Դէպքը ուղիղ որ թուականին պատահած է յայտնի չէ ու պատմագէտներն ալ համաձայն չեն այս նիւթի վրայ, բայց հերձուածի սկիզբը յայտնի է: Հերձուածը իր սկիզբը առած կրնայ ըլլալ Քուանթոտեցիմական (անգլերէն՝ Quartodeciman) վիճաբանութեան ատենը որ Հռոմի պապը Ա. Հռովմայեցի Վիքթորն (անգլերէն՝ Pope Victor I) էր։ Ուղղափառ ջատագովերը այս դէպքը կը կոչեն Արեւմտեան եկեղեցիներուն Պապական խորհուրդին ու Հռովմէական եկեղեցիի առաջնութեան մերժումի օրինակ մը: Զանազան ուրիշ հերձուածներ տեղի ունեցան 4-րդ ու 5-րդ դարերուն, Ա. Տապասուսի (անգլերէն՝ Damasus I) ժամանակ: Կրօնական ու տարբեր նիւթերու վէճերը Հռոմը ու Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիները 428-էն մինչեւ 519-ին, 37 տարուան հերձուածի տարաւ որ կը կոչուի Ագագիական հերձուած (անգլերէն՝ Acacian Schism): Շատ աղբիւր կը ճշդէ թէ Արեւելքի ու Արեւմուտքի բաժանումը Փոտ-ական հերձուածէ (անգլերէն՝ Photian schism) սկսեալ յայտնի է որ այս հէրձուածը կը պատահի 866-ին ու կը տեւէ 13 տարի մինչեւ 879: === Քրիստոնէութեան Կեդրոնները === Արեւմուտքը Հռոմէն բացի, Արեւելքի բազմաթիւ աւագ եկեղեցիներ առաքեալներու կողմէ հաստատուած ըլլալու վրայ կը պնդէին: Օրինակի համար Անթաքիոյ եկեղեցին՝ Պետրոսի ու Պօղոսի կողմէ, Աղեքսանտրիոյ եկեղեցին՝ Մարկոսի կողմէ, Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին՝ Անդրեասի կողմէ, Կիպրոսը՝ Պարնապասի կողմէ, Եթովպիա՝ Մատթէոսի կողմէ, Հնդկաստան՝ Թովմասի կողմէ, արեւելեան Սուրիայի Եդեսիոյ եկեղեցին՝ Թադէոսի կողմէ, Հայ եկեղեցին՝ Բարթողիմէոսի կողմէ, Վրաստանի եկեղեցի՝ Սիմոն Կանանացիի կողմէ: Ասիոյ Եօթը Եկեղեցիներն ալ (Հռոմի Ասիոյ նահանգ) Յայտնութիւն Յովհաննու առաջին մասը գտնուելու պատճառաւ անուանի են: ====== Հռոմի Եկեղեցւոյ Պահանջը ====== Հռոմի Եկեղեցին կը պնդէր ամբողջ ուրիշ եկեղեցիներու վրայ իր հեղինակութիւնը: Բայց օրուան պաշտօնագիրերը Պապական խորհուրդի առաջնութեան որոշ պահանջքի կամ ճանաչումի մը տեղի չեն տար:2-րդ դարու վերջաւորութեան, Հռոմայեցի Վիքթորը, Հռոմի եպիսկոպոսը, Քուանթոտեցիմական վէճը լուծել փորձեց: == Աղբիւրներ ==
5,196
Լենա Շամամեան
Լենա Շամամեան (ծնած՝ 1980, Դամասկոս), սուրիահայ երգչուհի: Շամամեան ծնած է Դամասկոս, 1980-ին: Անոր հայրը՝ Արթինը, հալէպահայ է, իսկ մայրը՝ Ղատան, ծագումով Թուրքիոյ Մարտին քաղաքէն: Հայրական մեծ հայրը՝ Սարգիս Շամամեան, Կիլիկիոյ Մարաշ (ներկայ Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ) քաղաքէն էր։ Ան եղած է վարպետ գեղագրող, ուստի, այդ պատճառաւ Օսմանեան կառավարութիւնը խնայած է անոր եւ անոր ընտանիքին կեանքը: Այդպիսով, թրքական բանակը հնարաւորութիւն ստացած է օգտուելու Շամամեանի ծառայութիւններէն՝ ռազմական հաղորդագրութիւններ գրելու համար: Շամամեան յաճախած է ծննդավայրի նախակրթարանը, միջնակարգն ու երկրորդականը. 2002-ին աւարտած է Դամասկոսի Պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը, միաժամանակ ստացած է նաեւ երաժշտական կրթութիւն: Երաժշտական կրթութիւնը աւարտած է 2007-ին: Բացի համալսարական կրթութենէն դասական երաժշտութեան բնագաւառէն, ան Իտալիոյ մէջ մասնակցած է շարք մը գործնական վարժանիստերու (workshops), ինչպէս նաեւ Նիտերլանտներու մէջ եւ այլուր: Ան յայտնի է աւանդական արեւելեան մեղեդիներու ու արեւմտեան դասական երաժշտութեան իր համադրութիւններով: Երգչուհիին առաջին ձայնասկաւառակը՝ «Հալ Ասմար Էլլոն»ը թողարկուած է 2006-ին, որուն յաջորդած է երգչուհիին երկրորդ ալպոմը՝ «Շամա»չը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ: Շամամեան համագործակցած է շարք մը անուանի երաժիշտներու հետ, իսկ Արաքս Չէքիճեանի հետ հայկական աւանդական երաժշտութեան մշակումներ ըրած է: Ան աշխատած է նաեւ սուրիական շարք մը հեռատեսիլի դրուագներու, արաբական եւ հայկական ժապաւէններու երաժշտական ձեւաւորման վրայ: 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լենա Շամամեան իր արտակարգ ելոյթով հադէս եկած է Ժընեւի «Վիքթորիա Հոլ»ի բեմին վրայ, ուր բարձրացուցած է անմահն Կոմիտասն ու Կանաչեանը եւ արաբական երգարուեստը: == Արտաքին յղումներ == Շամամեան Համերգ Պիտի Ունենայ Սթանպուլի Մէջ == Ծանօթագրութիւններ ==
4,995
Յօշոտուած Հայաստան
"Այս էջը նուիրուած է գիրքի մանրամասնութիւններուն։ Նոյնանուն շառժապատկերին մասին որ աւելի ծանօթ է Հոգիներու Աճուրդ անունով, տեսնել Հոգիներու Աճուրդ Յօշոտուած Հայաստան, այս վերնագրով 1918 թուականին Նիւ Եորքի մէջ անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ Հայկական ցեղասպանութեան ականատեսի առաջին վաւերագրական յուշագրութիւններէն մէկը: Անոր մէջ հեղինակը ցեղասպանութիւնը վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան կը պատմէ բռնագաղթի ճանապարհին իր կրած սարսափները։ Կորսնցելով ծնողները, քոյրերը եւ երեք եղբայրները, որոնք գազանաբար սպանուեցան իր աչքերուն առջեւ, 14-ամեայ Արշալոյսը տարագրութեան ընթացքին խոշտանգուած էր եւ պատուազրկուած թուրք եւ քիւրտ պաշտօնեաներու եւ ցեղապետներու հարեմներուն մէջ. անոր պատմութիւնը արեան խրախճանքներու եւ մարդկային պատկերացումէն դուրս դաժանութիւններու մասին վկայութիւն մըն էր։ == Շարժանկարը == Հոգիներու Աճուրդ (անգլերէն՝ Ravished Armenia), Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին ֆիլմը։ Պատրաստողն է Օսքար Ափֆելը։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Փետրուար 1919-ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ։ Ֆիլմը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ։ Քալիֆորնիոյ մէջ շարժապատկերի արտադրիչ «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» ընկերութեան կողմէ եւ Օսքար Ափֆելի բեմադրութեամբ կը նկարահանուի «Հոգիներու աճուրդ» անձայն շարժապատկերը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 10 հազար անձերու եւ հեղինակութեամբ ու դերակատարութեամբ Օրորա-Արշալոյս Մարտիկեանի: == Աղբիւրներ == Armenian Weekly Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան»ը՝ Հայերէնով Փարիզի Մէջ Ցեղասպանութեան Ականատես Օրորա Մարտիկանեանի «Apocalypse Armenie» Ֆրանսերէնի Թարգմանուած Գիրքին Ներկայացումը == Արտաքին յղումներ ==
2,638
Գրիգոր Աստտարճեան
Գրիգոր Աստարճեան (1885, Մարաշ – 4 Մարտ 1983, Պէյրութ) բժիշկ եւ գրող է : Նախակըրթ ութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի թաղային դպրոցին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը' Ազգային Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ, 1903 թ.ին կը սկսի հետեւիլ Պետական Լիսէի դասընթացքներուն, ուր եւ կը ծանօթանայ արաբերէն լէզուին, որուն ուսուցումը պարտադիր էր այդ օրերուն: 1905 թ.ին ' Լիսէէն ընթացաւարտ, մասնաւոր յանձնարարութիւններով ու բարձր գնահատակով մուտք կը գործէ Կ. Պոլսոյ Բժշկական Համալսարանը, որուն ընթացքը կ'աւարտէ 1911 թ.ին, ու կը մտնէ բանակ , որուն ծառայութեան մէջ' կը մասնակցի Պալքանեան Պատերազմին: 1914 թ.ին' իբրեւ պետական բժիշկ կը հաստատուի Մուսուլ (Իրաք): 1915 թ.ին մաս կը կազմէ Մուսուլի կուսակալ Հայտար Բեկի սպայակոյտին: Իր դիրքին ու ստեղծած բարեկամական կապերուն շնորհիւ, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ գաղթական էրզրումցիներու կարաւանի մը ապահով Մուսուլ, ուր կը մնայ մինչեւ 1956 թ., ամբողջ երեսուն հինգ տարիներ մասնակցելով մուսուլահայ գաղութի կազմակերպման ու ղեկավարման աշխատանքներուն: 1956 թ.ին կը փողադրուի Պաղտատ, իսկ 1959 թ.ին' վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ (Լիբանան): Գ. Աստարճեան իր բշժկական ասպարէզին զուգահեռ, հետեւողականօրէն կ'ուսումնասիրէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այս գծով' հայ եւ արաբ մամուլին մէջ ստորագրած իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ, առանձին հատորներով կը հրատարակէ հետեւեալ ծաւալուն երկերը. Արաբերէն լեզուով' Հայոց Պատմութիւն (Մուսուլ, 1951), Հայ Մշակութային Եւ Գրական Պատմութիւն (Մուսուլ, 1954), Ցաւեր Ու Երազներ – հայ գեղարուեստակա էջերէ թարգմանութիւններ –(Պաղտատ, 1957): Իսկ հայերէնով' Ընդարձակ Ընդհանուր Արաբական Պատմութիւն (Պէյրութ, 1961), Պատմութիւն Արաբական Գրականութեան Եւ Մշակոյթին (Պէյրութ, 1970): == Աղբուրներ == Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս (Պէյրութ, 1984) Հատոր ժ.էջ (373-374)
4,154
Հորիզոն (օրաթերթ)
Հորիզոն, հասարական-քաղաքական, տնտեսական եւ գրական օրաթերթ։ Հրատարակուած է 1909-18 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, Հ. Յ. դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Խմբագրի հրատարակիչներ՝ Բ. Նուրալեան, Ա. Սահակեան, Լէօ (Ա. Բաբախանեան), Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ա. Ջամալեան, Ս. Գրուզինեան (Վրացեան), Մ. Վարանդեան եւ Վ. Նավասարդեան։ Պարբերաբար խմբագրած է նիւթեր Կովկասի, Ռուսաստանի եւ այլ հայաբնակ վայրերու ընկերատնտեսական վիճակի եւ մշակութային կեանքի վերաբերեալ։ Մեծ տեղ յատկացուցած է հայ ազգային խնդիրներուն, յատկապէս՝ Հայկական հարցին։ 1912-14 թուականներուն, հայկական հարցին վերայայտման ժամանակ, Հորիզոն օրաթերթը անդրադարձած է մեծ պետութիւններու դիրքորոշման, հայկական բարենորոգումներուն խնդրին, հայ ազգային շրջաններու մասնակցութեան բարենորոգումներու ծրագրի մշակմանը, լուսաբանած է Կ. Պոլսի դեսպանաժողովի (1913 թուականի՝ Յուլիս ամսուն) ընթացքը, արժեւորած է 1914-ի ռուս-թուրքական համաձայնագրի նշանակութիւնը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Արեւմտեան Հայաստանի ինքնավարութեան միակ իրական երաշխիքը համարած է Ռուսական կայսրութիւնը, պատերազմի տարիներուն պաշտպանած է անոր քաղաքականութիւնը եւ հայ կամաւորական շարժումը։ Չէ ընդունած 1917-ի Հոկտեմբերի յեղափոխութիւնը, հանդէս եկած է Այսրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատման դէմ։ 1914-15 թուականներուն լոյս տեսած է Հորիզոնի գրական-գեղարուեստական պատկերազարդ յաւելուածը։
3,260
Թութակ
Թութակներ, թռչուններու ընտանիքին պատկանող կենդանիներ։ Այս ընտանիքին պատկանող թռչունները կը բաժանուին 3 խումբերու՝ իսկական թութակներ, քաքատուներ եւ նորզելանտական թութակներ։ Տարածուած են արեւադարձային ու մերձարեւադարձային տարածքներուն մէջ՝ Աւստրալիա, Հնդկաստան, Ասիոյ հարաւ-արեւմուքի, Արեւմտեան Ափրիկէի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։
19,001
Մելինէ Ենիեորկան
Մելինէ Ենիեորկան Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէ ներս ուսուցչագործած էր՝ ձեռք բերելով նուիրեալ կրթական մշակի համբաւ։ Եղած էր նաեւ նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհին։ == Կենսագրութիւն == Մելինէ Ենիեորկան ծնած էր Ենիգիւղի մէջ։ Նախակրթարանի տարիներուն յաճախած էր Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը։ Աւելի վերջ աւարտած էր Էսաեան վարժարանը, որու որպէս հպարտ սանը մնացած էր կեանքի մինչեւ վերջը։ Ուսումը աւարտելէ վերջ նուիրուած էր կրթական ասպարէզի։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէ ներս ուսուցչագործած էր՝ ձեռք բերելով նուիրեալ կրթական մշակի համբաւ։ Եղած էր նաեւ նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհին։ Իր կուտակած փորձառութեամբ մաս կազմած էր նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան, ուր եւս անսակարկ ձեւով բերած էր իր նպաստը։ Ան ամուսնացած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն եւ նախկին հոգաբարձուներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին հետ: === Գործունէութիւնը Պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս === Կրթական կեանքէ ներս իր ունեցած յանձնառութիւններուն առընթեր՝ Մելինէ Ենիեորկեան տասնամեակներ շարունակ վառ ներկայութիւն ունեցած էր պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս։ Գեղարուեստական ձեռնարկներու նկատմամբ միշտ ցուցաբերած էր վառ հետաքրքրութիւն։ Դեր ստանձնած էր երբեմնի «Շան» թատերասրահէն ներս բեմադրուած «Լէպլէպիճի»ի ներկայացման մէջ։ Երկար տարիներ մաս կազմած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի տիկնանց կազմին: == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵԼԻՆԷ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ
2,680
Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան
Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան (ծնած է 10 Մարտ, 1950-ին, Սուրիա, Հալէպ): Ամերիկահայ գեղանկարիչ եւ համայնքային գործիչ == Կենսագրութիւն == Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան, հայրենանուէր արուեստագէտը ծնած է բազմազաւակ ընտանիքի մէջ։ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի մեծ հայրն ու հայրը՝ 1915-ի Եղեռնէն մազապուրծ եղած եւ Հալէպ բնակութիւն հաստատած են: Վարուժան Հեճինեան կնքուած է իր մեծ հօր եւ նահատակուած բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի անունով: Ընտանիքի անդամներու այս որոշումը յետագային իրեն համար եղաւ պատուաւոր՝ ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ծաւալած մեծ գործունէութեան համար, եւ ինչպէս գեղանկարիչ արուեստագէտը կը նշէ, որ ինքը իր անունը կը կրէ մեծ նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ: Նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ՝ 1959 – 1969 տարիներուն, կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի ընթացին յաճախած է Հալէպի պետական գեղարուեստի դպրոց եւ Մարտիրոս Սարեան անուան գեղարուեստի ակադեմիան որուն հիմնադիրներէն մէկն էր յայտնի ակնաբոյժ Ռոպերթ Ճէպէճեանը որ պատանի Վարուժանին կը քաջալերէր եւ կը փորձէր օգտակար ըլլալ, սակայն, ինչպէս հետագայ իրադարձութիւնները ցոյց տուին, անոր լաւագոյն օգնականը եղաւ իր տաղանդն ու յամառութիւնը: Եղեռնը վերապրած հայրը, կեանքի մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով, կը փափաքէր, որ իր կրտսեր որդին կայուն մասնագիտութիւն եւ լաւ ապագայ ունենար, այդ իսկ պատճառով ան ամէն կերպ դէմ էր տղուն՝ նկարիչ դառնալու ձգտումներուն, քանի որ այդ գործը կը նկատէր ժամավաճառութիւն: Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան իր մանկութեան տարիներուն ունէր ոչ միայն նկարչական, այլեւ դերասանական հակումներ: Վարուժանի երջանիկ ոգեւորութիւնը կը կոտրուէր, երբ հայրը, յայտնաբերելով նկարչական իրերը, պատուհանէն դուրս կը նետէր: Վարուժանի անկոտրում կամքը յուսահատութիւն չէր գիտեր եւ կը շարունակէր պայքարիլ հօր դիմադրութիւններու դէմ: === Առաջին ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ === Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան քանի մը գործեր առնելով կը ներկայանայ Հալէպի մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Պաքրի Նասէրի աշխատասենեակ: Վերջինս ուսումնասիրելով ներկայացուած աշխատանքները եւ ընդառաջելով գովեստի խօսքերուն, կը հեռաձայնէ պետական պատկերասրահը տեղեկացնելու, որ նկարիչ կ՛ուղարկէ, որուն հանդէպ ինք համակրանք ունի եւ նամակով կը հաստատէ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար մշակոյթի կեդրոնի հովանաւորութիւնը: Գեղանկարիչ Վարուժան եւ իր ընկերը՝ գեղանկարիչ Զաւէն Պարտաքճեան կը ձեւաւորեն ցուցահանդէսի գովազդները եւ տպարանի մէջ աշխատող ուրիշ ընկերիոջ մը օգնութեամբ անվճար կը տպեն ցուցահանդէսի յայտարարութիւնները: Օգոստոս 1969-ին Հալէպի Ազգային Պատկերասրահի ցուցասրահին մէջ բացումը կը կատարուի իր առաջին ցուցահանդէսին: === Մեկնում դէպի Հայաստան === 1970-ին կը մեկնի Հայաստան: Վարուժան հոյակապ կը տիրապետէր հայերէնին եւ նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ կը գրէր: 1970-ականներուն գեղարուեստական հիմնարկի մէջ ուսումը 6 տարի կը տեւէր՝ որմէ երկուքը կը տրամադրուէր աւարտական վկայականին աշխատանքի համար: 1976-ին, Վարուաժան իր աւարտական վկայականի աշխատանք ընտրած էր հայոց ցեղասպանութեան թեման՝ իր աշխատանքին մէջ նկարած էր «20 կախաղանները»: Երիտասարդ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը երկու տարի կը մնայ Հայաստան իր տոկթորական աշխատանքը պաշտպանելու համար, սակայն, բախտի խաչմերուկը կտրելով իր հայաստանեան ուղին՝ իրեն կը տանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: === Մեկնում դէպի Ամերիկա === Մինչեւ Ամերիկա մեկնիլը ան արդէն ամուսնացած էր Գայանէի հետ: երբ առաջին անգամ 1978-ին Վարուժանը կը մեկնի Ամերիկա, կինը՝ Գայանէն, արդէն յղի էր առջինեկով: 1979-ին առանց ընտանիքի կը մեկնի Ամերիկա եւ իր դուստրի աշխարհ գալու լուրը իմանալով անյապաղ կ'որոշէ վերադառնալ Հայաստան: Միացեալ Նահանգներ երկրորդ մեկնումը բարդ սկիզբ ունեցաւ թէ մարմնապէս, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեպէս: === Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի արուեստի ստեղծագործութեան ոճն ու փիլիսոփայութիւնը === Գեղանկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի խօսքերով՝ ամէն նկարիչի ստեղծագործութեան մէջ կայ ինքը նկարիչը, ինչպէս օրինակ ամէն մի բանաստեղծութեան մէջ կայ ինքը բանաստեղծը: Ստեղծագործութիւնները տարբեր թեմաներով են, ատոնց մէջ կարող են առկայ ըլլալ լճակ, լուսին, բնութիւն, կին եւ այլն, որոնք կ՛արտայայտեն արուեստագէտի ներքին խռովքն ու ապրումները, մէկ խօսքով ամէն մէկ ստեղծագործութիւն արուեստագէտի դիմանկարն է: Լէոնարտօ տա Վինչի նկարած է իր Մատոննաներու շարքը 15-րդ դարուն: Դարեր անցած են եւ շատ բաներ փոխուած են, բայց արուեստի մէջ՝ գրեթէ ոչինչ: Գեղանկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան «ELITE LIFE» ամսագիրի թղթակից Լիլիթ Յարութիւնեանի հարցազրոյցի ժամանակ՝ նշած է. === Մարդասիրական լոզունկներու ներքոյ մտայղացում === 1996-ին մարդասիրական լոզունքներու ներքոյ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի մտայղացումով կը յայտնուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող ցուցանակներ Պոսթընի բանուկ փողոցներու վրայ: === Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ելեկտրոնային վահանակներու հեղինակ === 1996-էն ի վեր Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան սկսած է մեծ գովազդային վահանակներ տեղադրել Մասաչուսէթսի մէջ մարդոց Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկելու նպատակով: Յունուար 2015-ին, «Արուեստի խաղաղութիւն» միաւորումը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը ոգեկոչող գովազդային վահանակներ տեղադրել: Յունուար 2015-էն սկսած «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութիւնը նախաձեռնեց ցեղասպանութեան իրազեկման վահանակներու քարոզարշաւը` «100 վահանակ` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով` ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներու մէջ եւ Գանատայի մէջ բարձրացնելով ելեկտրոնային եւ կայուն վահանակներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերուն յիշատակին: Առաջին վահանակները տեղադրուած են Մասաչուսէթսի Ֆոքսպորօ եւ Փիպոտի, եւ Ուաշինկթընի Սիաթլ քաղաքներուն մէջ: Առաջին երկու վահանակներուն վրայ գրուած է. «Դատապարտէ՛ անցեալը: Մի՛ ըլլար յաջորդ զոհը: Յիշէ՛ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ «1915-2015-ի բոլոր զոհերու յիշատակին»: Իսկ յաջորդ վահանակը կը կրէ «1915-2015. Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» գրութիւնը: Առաջին վահանակը բարձրացուած էր Յունիս 2015-ին Շերոնի մէջ, որ կը ներկայացնէր շնորհակալական ուղերձ. «Շնորհակալութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին իր կողմէ մատուցուած պատարագին համար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին»: Սեպտեմբեր 2015-ին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս առաջին անգամ այցելեց ԱՄՆ եւ այդ առիթով «Խաղաղութեան արուեստ» “Peace of Art Inc., կազմակերպութիւնը: Իր երկրորդ վահանակը բարձրացուց Ֆոքսպորոյի մէջ` յիշեցնելու անցորդներուն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի ուղերձը` անոր կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ուր ան Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր “20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը”` աւելցնելով. «Չարիքը թաքցնելը կամ ուրանալը նոյնն է, թէ թոյլ տալ վէրքը արիւնահոսի` չվիրակապելով զայն»: Սեպտեմբեր 2016-ին, Մասաչուսէթս նահանգի տարբեր քաղաքներուն մէջ յայտնուեցան ելեկտրոնային վահանակներ շնորհաւորանքի ուղերձով՝ նուիրուած ՀՀ եւ Արցախի անկախութիւններու 25-րդ տարեդարձին: === «Արուեստի Խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան www.peaceofart.org === «Արուեստի Խաղաղութիւնը» www.peaceofart.org անշահոյթ կրթական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան հիմնած է 2003-ին ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգին մէջ, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն՝ նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծմանը՝ առանցք ընդունելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացումը արտերկիրին մէջ: Յաճախակի բարձրացնելով նմանատիպ վահանակներ՝ կազմակերպութիւնը կը խթանէ Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացումը՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Պոսթըն ողջունող վահանակը, Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած վահանակը. «Աջակցենք Արցախում ընթացող հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը» խորագրով, ինչպէս նաեւ Արցախի կառավարութեան կողմիցէ Արցախին աջակցելու համար ստեղծուած կայքէջի հասցէով։ === Արշիլ Կորգի, Մովսէս Խորենացի, երախտագիտութեան, Ոսկէ Մետալ եւ Ֆրիտիոֆ Նանսէն ոսկեայ մետալներ === Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան կը պարգեւատրուի. 2014-ին Երեւանի ազգային պատկերասրահին մէջ՝ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած անհատական ցուցահանդէսի կապակցութեամբ. Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան արժանացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Արշիլ Կորքի մետալին: 2015-ին ՀՀ անկախութեան 24-րդ տարելիցի առիթով եւ իր հայրենանուէր գործունէութեան համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը ՀՀ նախագահի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Խորենացի մետալով: 20 Սեպտեմբեր 2016-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, Հայրենիք-սփիւռք կապերի ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդի, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ ձեռք բերած ակնառու յաջողութիւններու համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը ՀՀ նախագահի կողմիցէ պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան» մետալով: 11 Հոկտեմբեր, 2016-ին, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը պարգեւատրուեցաւ ՀՀ ազգային ժողովի նախագահի «ոսկէ մետալ»ով, որ իրեն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: 27 Հոկտեմբեր, 2017-ին Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսէն Հիմնադրամի կողմէ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան պարգեւատրուեցաւ Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալով՝ իր մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան համար: «Խաղաղութիւնը Ափերու մէջ» դիմանկարը նկարած է աւելի շուտ 2014-ին: Նկարը բաժնուած է 3 մասի եւ կը ներկայացնէ մեծ մարդասէր Նանսէնի գործունէութիւնը: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == https://www.facebook.com/varoujan.hejinian/media_set?set=a.10205407785690909.1073741865.1137624349&type=3 ՄԵՐԻՄԷՔ ՎԵԼԻԻ ՄԷՋ.- ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ May 15, 2014 Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի «Խաղաղութեան արուեստ»-ը Երեւանում 28/08/2014 Մասաչուսէթսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը Ոգեկոչող Գովազդային Վահանակներ Կը Տեղադրուին 13/02/2015 Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձով մեծածաւալ գովազդային վահանակ Մասաչուսէթսի մէջ 22/10/2015 Բարի Գալուստ Պոսթը՛ն, Նախագահ Սերժ Սարգսեան 29/03/2016 Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ներկայացնող Նոր Թուային Վահանակներ Կը Ներկայացուին Մասաչուսէթսի ՄԷջ 08/04/2016 Արցախի Հակամարտութեան Նուիրուած Վահանակ ԱՄՆ Մասաչուսեթս Նահանգին Մէջ 18/04/2016 Ընդդէմ Ազգային Շահի. Նոր Պաստառ ԱՄՆ-ի ՄԷջ 07/06/2016 Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Վահանակներ ԱՄՆ -ի Մասաչուսէթս Նահանգի Ամենաբանուկ Մայրուղիներուն Վրայ 23/09/2016 Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան Պարգեւատրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Զոյգ Մետալներով 15/11/2016 Նկարելը հոգեկան լուրջ պրոցես է. hարցազրոյց Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի հետ 19/12/2016 Խաղաղութեան Պատգամ Թուրքիոյ. լուսանկարներ, տեսանիւթ http://hayernaysor.am/cl/archives/237260 14/03/2017 Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Ընդառաջ. Ֆրիտեոֆ Նանսենի` Խաղաղութեան Ուղերձով Վահանակ ԱՄՆ-ի ՄԷջ 11/04/2017 գրանիտի վրայ, դաջուած հիշողութեան մէջ 12/05/2014 Ամերիկահայ Նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ 13/09/2014 Ամերիկահայ Նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի «Խաղաղութեան Արուեստ» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացմամբ Կը Մեկնարկէ Հայրենիք-Սփիւռք 5-րդ Համաժողովը 17/09/2014 Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի «20 կախաղաններ»-ը` թրքերէն թարգմանուած գիրքի շապիկին 11/11/2015 Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Ամերիկահայ Նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը 07/09/2016 «Դուք Կը Միաւորէք Սփիւռքը». Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան http://hayernaysor.am/cl/archives/260538 28/09/2017
1,332
Աբովեան Փողոց (Երեւան)
Աբովեան փողոց, փողոց Երեւանի Կեդրոնին մէջ։ == Պատմութիւն == Փողոցը 1869 թուականին ի պատիւ Երեւանի 1864-1869 թուականներու նահանգապետ ժեներալ Ասթաֆեւի, կոչուեցաւ Ասթաֆեւսաքայա, բայց ժողովուրդը զայն կ'անուանէր հայկական Ասթաֆեան տարբերակով։ Քանի որ այս քաղաքի առաջին ծրագրուած փողոցն էր, ապա ժողովուրդը «փլան» ըսելով կը հասկնային Ասթաֆեան փողոցը, իսկ «Փլանի գլուխ» ըսելով կը հասկնային փողոցի վերի բաժինը գտնուող Աբովեան պուրակը, որտեղ տեղադրուած է Խաչատուր Աբովեանին արձանը։ == Անուանման ծագում == Հին ժամանակ փողոցը կոչուած է Ամրոցային, ետքը Ասթաֆեան։ Փողոցը անուանակոչուած է հայ նոր գրականութեան, մանկավարժութեան հիմնադիր, գրող, ազգագրագէտ, լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի անուամբ։ == Շէնքեր եւ կառոյցներ == Փողոցի սկզբնամասի շէնքի պատին Խաչատուր Աբովեանին պրոնզաձոյլ հարթաքանդակը փակցուած է։ 1933 թուականին ներկայիս Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ բացուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի պրոնզաձոյլ արձանը՝ որ 1913 թուականին Փարիզի մէջ պատրաստած էր քանդակագործ Անտրեաս Տէր-Մարուկեանը։ Աբովեան փողոցին վրայ կը գտնուէին քաղաքի ճարտարապետական հնագոյն կոթողներէն երկուքը՝ Պողոս-Պետրոս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները, որոնք կը դասաւորուէին Հայաստանի նիւթական մշակոյթի հնագոյն յուշարձաններու շարքին։ Պողոս-Պետրոսը հինգերորդ դարու, իսկ Կաթողիկէն տասներեքերորդ դարու կոթողներ էին։ Առաջինը կը գտնուէր ներկայ «Մոսկվա» շարժանկարի սրահին տեղ, (ան քանդուեցաւ 1933 թուականին), իսկ երկրորդը՝ Աբովեան եւ Սայաթ-Նովա փողոցներու անկիւնը։ Փողոցի 27 շէնքին մէջ է Հայաստանի Հանրապետութեան ուժի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան գործակալութիւնը։ Դիմացը Երեւանի Մետրոպոլիտի «Երիտասարդական» կայարանն է, Աւետիք Իսահակեանի յուշարձանը։ Փողոցի աստղադիտարանին առջեւ դրուած է աստղաբնագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի յուշարձանը։ Այստեղ յուշաքար տեղադրուած է «Ի յիշատակ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայաստանի մէջ նահատակուած հունկարական ռազմագերիներու եւ Հունկարիոյ մէջ զոհուած հայ մարտիկներու» (28 Օգոստոս 2004)։ Աբովեան փողոցի շէնքերուն մէջ տարբեր ժամանակներու ընթացքին տեղադրուած են յուշաքարեր՝ 1960-2003 թուականներուն - թիւ 39 շէնքին մէջ ապրած է մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, փրոֆէսօր Քառլէն Միրզախանեանը։ 1956-1971 թուականներուն - թիւ 39 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Զաքարէ Պաշինջաղեանը։ 1954-1981 թուականներուն - թիւ 37 շէնքին մէջ ապրած է գիտութեան վաստակաւոր գործչ Հէնրի Գաբրիելեանը։ 1951-1985 թուականներուն - թիւ 37 շէնքին մէջ ապրած է ԽՍՀՄ հերոս, գնդապետ Կետէոն Միքայելեանը։ 1959-1971 թուականներուն - թիւ 31 շէնքին մէջ ապրած է Ամասի Մարտիրոսեանը։ 1936-1977 թուականներուն - թիւ 25 շէնքին մէջ ապրած է կուսակցական,եւ փրոֆէսօր Փյոթր Քուզնեցովը։ 1936-2009 թուականներուն - թիւ 33 շէնքին մէջ ապրած է վաստակաւոր արուեստագէտ, Իլեա Մինասեանը։ 1967-1996 թուականներուն - թիւ 31 շէնքին մէջ ապրած է փիլիսոփայ, լեզուաբան, ակադեմիկոս Էտուարտ Աթաեանը։ 1930-1940 թուականներուն - թիւ 42 շէնքին մէջ ապրած է ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Ստեփան Աղաճանեանը (1863-1940)։ 1956-1984 թուականներուն - թիւ 42 շէնքին մէջ ապրած է ԽՍՀՄ հերոս ժեներալ Սարգիս Սողոմոնի Մարտիրոսյանը։ 1927-2003 թուականներուն - թիւ 23 շէնքին մէջ ապրած է ճարտարապետ Հովհաննէս Խեչանեանը։ 1946-1982 թուականներուն - թիւ 22 շէնքին մէջ ապրած է ականաւոր պետական գործիչ, Հայաստանի կապի նախարար Թադեւոս Մինասեանցը։ 1954-2002 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է ակադեմիկոս Վահան Ղազարեանը։ 1934-1952 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Աշոտ Տէր-Մկրտչեանը։ 1934-1948 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է փրոֆէսօր Համբարձում Կեչեքը։ 1938-1987 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է ժողովրդական նկարիչ Սեդրակ Առաքելեանը։ 1936-1957 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է լեզուաբան, ՀԽՍՀ ԳԱ ակադեմիկոս Գրիգոր Ղափանցեանը։ 1935-2000 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է երգահան Ծովակ Համբարձումեանը։ 1936-1991 թուականներուն - թիւ 32 շէնքին մէջ ապրած է արուեստաբան, Հայաստանի պատկերասրահի ստեղծող Ռուբէն Տրամպեանը։ Թիւ 20 շէնքին մէջ ապրած է Մետաքսեա Սիմոնեանը։ Թիւ 3 շէնքին մէջ եղած է Արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան, մշակութային կապի հայկական ընկերութիւնը (նախկին)։ Թիւ 8 շէնքին մէջ տեղաւորուած է Հենրիք Իկիթեանի կազմակերպած Հայաստանի մանկական ստեղծագործական թանգարանը, «Աշխարհը երեխաներու աչքերով» մանկական ցուցահանդեսը։ 1970 թուականին թիւ 13 շէնքին մէջ բացուած մանկական պատկերասրահը, առաջինն է աշխարհի մէջ, ան 1976 թուականին վերածուեցաւ մանկական ստեղծագործութեան թանգարանի, ապա՝ գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի։ 1897-1963 թուականներուն - թիւ 40 շէնքին մէջ ապրած է Խեչումեաններու ընտանիքը։ == Փոխադրութիւն == 1906-1918 թուականներուն Աբովեան փողոցով կ'անցնէր Երեւանի ձիաքարշը, իսկ 1933 թուականից քաղաքի առաջին թրամուէյը: == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքը
2,405
Միհրան Գալֆայեան
Միհրան Յակոբ Գալֆայեան (1891, Կ. Պոլիս - 14 Փետրուար 1915), հայ բժիշկ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1891 թուականին՝ Կ. Պոլիս։ Ծառայած է որպէս՝ Օսմանեան բանակի գործաւորական Բ․ գումարտակի զինուորական բժիշկ։ Մահացած է 1915թ. փետրուար 14-ին, ժանտախտէ՝ 24 տարեկան հասակին։ Հայկ Ս. Բիւրատը անոր յիշատակին ձօնած է իր մի գիրքը։ == Գրականութիւն == Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։ == Աղբիւրներ == Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
19,486
Ակնաբերդ
Ակնաբերդ, գիւղական համայնք Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանին մէջ: Կը գտնուի հանրապետութեան հիւսիս արեւելեան հատուածին մէջ։ Քարվաճառ կեդրոնէն 67 Քմ հեռաւորութեան վրայ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 70 Քմ հեռաւորութեան վրայ։ Համայնքին մէջ կը գործեն գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, բուժաշխատող մը, կը գործէ միջնակարգ դպրոց մը՝ 111 աշակերտներով, ունի 1 մանկապարտէզ՝ «Սօսէ» (ՀՕՄ) Հայ օգնութեան միութիւն, ուր կը յաճախեն 28 երեխաներ։ Համայնքը լեռնային է, ունի 668,0 հա տարածք։ Ակնաբերդ համայնքին սահմանային գօտիով կը հոսի Տրտու գետին վտակը դէպի Սարսանգի ջրամբար: == Ծանօթագրութիւններ ==
19,600
Գիշի
Գիշի կամ Գիշ, գիւղ Արցախի Մարտունիէն՝ 11 Քմ արեւմուտք՝ 650 մեթր բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 1920 հեկտար։ Բնակչութիւնը կը զբաղի այգեգործութեամբ, հացահատիկներու եւ բանջարներու մշակութեամբ։ Ունի միջնակարգ դպրոց, մշակոյթի տուն եւ դարմանատուն։ Գիշի մէջ կայ Ս. Մինաս եկեղեցւոյ աւերակները եւ Ոսկէ խաչ մատուռը։ == Պատմամշակութային կառոյցներ == Գիշի գիւղը յայտնի է հնավայրերով եւ դամբարաններով: Գիշի մէջ միջնակարգ դպրոցին մէջ կը պահուին հնավայրերէն յայտնաբերուած կարասներ, ճենապակեայ ափսէներ, ուլունքներ, կորեկի եւ ցորենի հատիկներ: === Ղլեն խութ բերդատեղի === Գիշի, Մուշկապատ եւ Ճարտար գիւղերու արանքը գտնուող Ղլեն խութ բերդատեղին կը գտնուի բարձր լերան կատարին: Բերդին հարաւային եւ արեւմտեան կողմերը անանցանելի ժայռեր են: Բերդին մէջ տեղ-տեղ դեռ կը պահպանուին հին ժամանակներէն շինութիւնններ: Բերդին շրջակայքը գտնուած են հնադարեան գործիքներ: === Քարանձաւներ === Բերդին վարի մասը կը գտնուին քարանձաւներ, որոնք ամրոցին պաշտպանական համակարգին մէջ մտած են: == Գիշին Արցախեան ազատամարտի ընթացքին == 1989-ին Գիշի մէջ կազմաւորուած է կամաւորական ջոկատ մը (հրամանատար՝ Մ. Գասպարեան)։ Ջոկատը առաջին ինքնապաշտպանական մարտերը մղած է Գիշիի եւ Մուշկապատ գիւղի սահմանամերձ տարածքին մէջ, 1991-1994 թուականներուն առանձին, ապա՝ Մարտունիի պաշտպանական շրջանի ստորաբաժանումներու կազմին մէջ, մասնակցած է ԼՂՀ Մարտունիի (Ճարտար, Մուշկապետ, Ավդուռ, Նորշէն, Աշան եւ այլն) եւ այլ շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Գիշիէն հրամանատարներ եղած են Մ. Գասպարեան, Վ. Իշխանեան եւ Սերժիկ Շամամեան։ ԼՂՀ «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած են՝ Սերժիկ Շամամեան (յետ մահու), Լ. Բաբաեան, Վ. Իշխանեանը եւ Կ. Իշխանեան։ Գիշիէն զոհուած է 32 ազատամարտիկ։ Վարանդայի այս ականաւոր գիւղը նշանաւոր է իր հնավայրերով, թմբային, կարասային, քարարկղային, դագաղային ձեւերու թաղումներով եւ դամբարաններով։ Ղլեն Խութ բերդատեղին՝ Գիշին առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, Մուշկապատ եւ Ճարտար գիւղերու արանքը, լերան կատարին որ բաւականին բարձր է։ Հոս հնագոյն բերդին քարէ հաստ պատերուն հետքերը դեռ կը պահպանուին, աշխարհիկ շինութիւններու մնացորդները եւս։ Բերդը շրջանաձեւ է, բերդին շրջակայքը գտնուած են ջնարակուած կաւեղէնի մնացորդներ, աղիւսի կտորներ եւ խեցեղէն անաւարտ իրեր։ Հաւանական է, որ հոս եղած է խեցեգործական արհեստանոց։ Հնադարեան քարանձաւներ կան բերդէն քիչ մը վար, որոնք հնագիտական տեսակէտէն հետաքրքրական են եւ ամրոցին պաշտպանական համակարգին մաս կը կազմեն։ Գիշիի միջնակարգ դպրոցին թանգարանին մէջ հետաքրքրական հաւաքածոյ կը կազմեն Ղլեն-Խութ, Բըբըհաջ, թրծուած մութ գոյնի կճուճները, գծանախշերով սափորները, ճենապակեայ սիսեները, զանազան ձեւի ուլունքները, խաղողի քարացած սերմերը, կորեկի եւ ցորենի հատիկները։ Անցեալին հոս բնակիչներուն հիմնական զբաղումներէն եղած են խաղողագործութիւնը եւ դաշտավարութիւնը։ Այսօր անոնք Գիշիի գիւղատնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն կը համարուին։ Գիշի-Մարտունի հատուածին մէջ յայտնաբերուած եւ լաւ ուսումնասիրուած նոյնպիսի նիւթերու հետ համեմատումը ցոյց կու տայ անոնց նմանօրինակութիւնը Աղջկաբերդ-Առաջաձեր-Գետաբեկի յուշարձաններուն, որոնք յատկապէս Փոքր Կովկասի մէջ տարածուած են, ինչպէս նաեւ Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ։ == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
2,102
Արմէն Սամուէլեան
Արմէն Սամուէլեան (29 Յուլիս 1931(1931-07-29), Փարիզի 6-րդ շրջան, Փարիզ - 24 Յունիս 2016(2016-06-24), Chevilly-Larue), հայ արեւելագէտ։ Արմէն՝ հօրմէն վարակուած եւ գրատան գիրքերու բոյրին եւ փոշիներուն մէջ հասակ առնելով, Արեւելագիտութեան մատենագիտութեան ճիւղին մէջ հմտանալու համար յաճախած է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու ամպիոնը, հետեւելով փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի դասընթացներուն, սորված՝ հայերէն եւ արաբերէն։ Պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեանի վկայութիւնը՝ Փարիզի Հայ Ուսանողաց Տան մէջ, «Սամուէլեան» գրատան նուիրուած Արման Ֆրանժիւլիէնի լուսանկարներու ցուցահանդէսին զուգահեռ 2015 Յունիս 10-ին տրուած բանախօսութեան ընթաքին․ 1945-ականներէն խորասուզուած է հօր գրատան հազարաւոր գիրքերուն մէջ, իսկ 1977-էն ետք՝ Արմէն Սա­մուէ­լեան, հօր մահէն ետք, գրա­տան սե­փակա­նատէրը դարձած ու իր քրոջ՝ Ալիսի հետ վարած է հօր հիմնած եւ սփիւռքահայութեան համար առասպելական դարձած Փարիզի Սամուէլեան Արեւելեան գրատունը։ Հայ Դատի թունդ պաշտպաններ՝ Արմէն Սամուէլեան եւ քոյրը մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ հրատարակչական գործին մէջ, ինչ կը վերաբերի Հայ Դատի եւ Հայկական Հարցի թեմաներով լոյս տեսած ֆրանսերէնով հատորներուն։ 85 տարեկանին իր մահկանացուն կը կնէ Արմէն Սամուէլեան՝ 24 Յունիս 2019-ին։ == Սա­մուէ­լեան Գրա­տու­ն == Փարիզի Մէօսիէօ-լը-Փրենս փողոցին մէջ կը գտնուի Սա­մուէ­լեան գրա­տու­նը։ Ան դարձած է Ցեղասպանութենէն ետք Փարիզի մէջ կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ Հայութեան հանդիպման վայրը: Վեր­ջին շրջան­նե­րուն շա­բաթը քա­նի մը օր միայն ան իր դռնե­րը բա­ցած է յա­ճախորդնե­րուն առ­ջեւ: Գրա­տան հայ այ­ցե­լու­նե­րը ուխտագ­նա­ցու­թիւն մը կա­տարե­լու պէս կը մտնէին այդ յար­կէն ներս։ Օտար գիր­քե­րու կող­քին այդտեղ կա­րելի էր հան­դի­պիլ հայ գիր­քե­րու եւ հան­դէսնե­րու ըն­տիր հա­ւաքա­ծոյի մը։ Գրա­տու­նը հիմ­նուած է Հայաստանի առա­ջին հան­րա­պետու­թեան պա­տուի­րակու­թեան ան­դամ Հրանդ Սա­մուէ­լի կող­մէ, 1930-ին։ Հրանդ Սա­մուէլ մօ­տիկ գոր­ծա­կից եղած է Շա­ւարշ Մի­սաքեանի, յատ­կա­պէս պատ­մա­կան նիւ­թե­րով իր խմբագ­րա­կան­նե­րով։ 1977-ին, Հրանդ Սամուէլի մահէն ետք, Արմէն Սամուէլեան իր քրոջ՝ Ալիսի հետ, կը շա­րու­նա­կէ իր հօր գոր­ծը։ Սա­մուէ­լեան գրա­տու­նը արե­ւելեան մշա­կոյթնե­րու հետ հայ­կա­կան հին ու ժա­մանա­կակից հա­տոր­նե­րու կա­րեւոր կեդ­րոն մըն եղած է, նոյն ատեն նաեւ՝ դի­մու­մի ու հան­դի­պու­մի կեդ­րոն մը ամ­բողջ աշ­խարհի հա­յագէտ­նե­րուն, հայ գիր­քով հե­տաքրքրուող­նե­րուն հա­մար։ == Պարգեւներ == Իրենց ունեցած վաստակին համար, 2007 թուականին, Հայաստանի տարուան առթիւ Արմէն եւ Ալիս պարգեւատրուած են Պատուոյ լեգէոնի ասպետի շքանշանով: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,767
Արմանոյշ Կոզմոեան
Արմանոյշ կոզմոեան Սովետական (Աբեղեան) ուղղագրութեամբ՝ Արմանուշ Կոզմոյի Կոզմոյան, աւանդական (Մ․ մաշտոցի) ուղղագրութեամբ՝ Արմանոյշ Կոզմոյի Կոզմոեան (7 Սեպտեմբեր 1945(1945-09-07), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Հայ բանասէր, արեւելագէտ։ Բանասիրական գիտութիւններու վարդապետ (Անգլերէն, Doctorate, PHD) 1987-ին, ապա 1997-ին ուսուցչապետ (փրոֆէսօր): == Կենսագրութիւն == 1967 թուականին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանը (ԵՊՀ)։ 1971-1974 թուականներուն ուսանած է Խորհրդային Ընկերային (Ռուսերէն՝ Социалистических, Սոցիալիստիչեսքիխ) Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽԸՀՄ, երբեմն ԽՍՀՄ) Գիտական Կաճառի (Ակադեմիա) Արեւելագիտութեան Հաստատութեան (Անգլերէն՝ Institute, Ռուսերէն՝ Институт) Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի գրականութեանց բաժինին մէջ։ 1967-1971 թուականներուն աշխատած է Հայկական Հանրագիտարանի խմբագրութեան մէջ, 1971 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ազգային Կաճառի (Ակադեմիա-ի) Արեւելագիտութեան Հաստատութեան (Անգլերէն՝ Institute, Ռուսերէն՝ Институт) մէջ: 1994-էն մինչեւ 2003 թուականը, «Հրաչեայ Աճառեան»-ին անունը կրող համալսարանին մէջ դասախօսած էարեւելեան լեզուներ, իսկ 2005 թուականէն ի վեր կը դասախօսէ «Գլաձոր» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ պատմութեան ամպիոնի (Յունարէն՝ Άμβών կամ μβώνας, Ամւոն կամ Ամւոնաս) դասախօս։ Իր ուսումնասիրութիւնները կը վերաբերին Պարսից գրականութեան Ժանրային (Ֆրանսերէն`Genre) ձեւերու զարգացումին խնդիրներուն, Հայ-Իրանական պատմամշակութային կապերուն, գրականագիտութեան եւ աղբիւրագիտական հարցերուն։ «Քառեակը Պարսկալեզու դասական քերթուածքում Ժ-ԺԲ դարեր (10-12 դարեր)» 1981 թուական,Բուն շարադրութիւնը՝ «Քառեակը Պարսկալեզու դասական պոեզիայում (Ռուսերէն՝ Поэзия) X-XVI դդ.)։ «Հայոց եւ Պարսից միջնադարեան քնարերգութեան համեմատական բանաստեղծական արուեստը Ժ-ԺԶ դարերուն (10-12 դարեր)»,(Բուն շարադրութիւնը՝ «Հայոց և Պարսից միջնադարեան քնարերգութեան համեմատական պոետիկան X-XVI դդ.)։ «Քուրաանը Հայոց մէջ», 2003 թուական,(Բուն շարադրութիւնը՝ «Ղուրանը Հայոց մէջ»)։ Ա․ Կոզմոեանը կատարած է թարգմանութիւններ (Յառաջաբանով եւ ծանօթագրականով) Պարսից քերթուածքներէն՝ «Մարգարտաշար» (1990)։ «Օմար Խայյամ» (1993)։ «Ռուտաքի» (1995)։Լոյս ընծայած է «Պարսից քերթուածքի Ընտրանին» (բուն շարադրութեամբ՝ «Պարսից պոեզիայի ընտրանին»), յառաջաբանին մէջ քննած է Սուֆիականութեան խնդիրները։ == Ծանօթագրութիւններ ==
7,676
Ռենէ Ֆլեմինկ
Ռենէ Ֆլեմինկ (անգլերէն՝ Renée Fleming, 14 Փետրուար 1959, Ինտիանա, Փենսիլվանիա, ԱՄՆ), ամերիկացի օպերային երգչուհի, քնարերգական (լիրիկական) սուփրանօ։ Հանդէս եկած է աշխարհի յայտնի Օփերային թատրոններուն մէջ (Լա Սկալա, Քովենտ Գարդեն, Գլայնդբորն, Մետրոպոլիտեն Օփերա եւ այլն)։ Առաւել յայտնի է Մոցարտի, Ռիխարդ Շտրաուսի եւ Վերդիի Օփերաների գլխաւոր դերերգերու կատարմամբ։ 2008–ին արժանացած է «Մուզա» մրցանակի: == Կենսագրութիւն == Ռենէ Ֆլեմինկը ծնած է 14 Փետրուար 1959-ին ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա նահանգի Ինտիանաքաղաքին մէջ, երաժիշտներու ընտանիքին մէջ։ Սորված է Իսթմէնեան երաժշտական դպրոցին մէջ։ Դեբիւտը կայացած է 1986–ին («Առեւանգում հարեմից», Մոցարտ): Ռենէ Ֆլեմինկի միջազգային արշաւին սկիզբը դրուած է 1996–ին՝ սկավառակի ձայնագրմամբ: Մասնակցութիւն ունեցած է տարբեր մրցանակաբաշխութիւններու մէջ: == Հետաքրքիր փաստեր == Բացի Ռենէ Ֆլեմինկէն Պոկիարեան երաժշտական մրցանակ ստացած է նաեւ Pink Floyd ռոք-խումբը (2008): Ռենէ Ֆլեմինկը իր հերթին, շատ լաւ ծանօթ է Pink Floyd-ի երաժշտութեանը: Ի պատիւ Ռենէ Ֆլեմինկին անուանուած են ֆրանսական «La Voce» օծանելիքը եւ ամերիկեան «La Diva Renee» աղանդերը։ Ռենէ Ֆլեմինկը 2003–ին մասնակցութիւն ունեցած է «Մատանիներու տիրակալը. Արքայի վերադարձը» ֆիլմի սաունդթրեքի ձայնագրման աշխատանքին մէջ։ Ռենէ Ֆլեմինկը շատ երգեր կատարած է «Մատանիներու տիրակալ» եւ «Հոբիթ» ֆիլմերի երաժշտական մասերը ապահովելու համար։ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,583
Ապտուլրազաք Կըրնա
Ապտուլրազաք Կըրնա (Կը՛րնա կը հնչուի) Abdulrazak Gurnah (20 Դեկտեմբեր 1948, Զանզիպարի կիսանկախ շրջան), գրագէտ։ 2021-ի գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր։ 1968-էն ետք կ՛ ապրի ու կը գործէ Անգլիա։ == Կենսագրական գիծեր == === Առաջին տարիները === Ապտուլրազաք Կըրնա ծնած է 20 Դեկտեմբեր 1948-ին Զանզիպարի Սուլթանութիւն (Այժմ Զանզիպար․ Թանզանիոյ սահմաններէն ներս կիսանկախ շրջան)։ Հայրը Եմենէն գաղթած գործարար մըն էր։ Ապտուլրազաք Զանզիպարի Ապստամբութեան ընթացքին, կը լքէ երկիրը եւ իբրեւ գաղթական Անգլիա կը հասնի։ Անգլիա նախ կ՛ ուսանի Քանթերպըրի Յիսուսի Եկեղեցւոյ Քոլեճը Canterbury Christ Church University (CCCU) եւ ապա Քենթ Համալսարան, ուր կ՛ արժանանայ Փիլիսոփայութեան Տոքթոր տիտղոսին։ === Ասպարէզ === 1980-էն մինչեւ 1983 Կըրնա կը բանախօսէ Նիճերիոյ Պայերօ Քանօ Համալսարանը Bayero University Kano (BUK)։ Իսկ մինչեւ թոշակի ելլելը` 2017, Քենթ Համալասարանին մէջ գրականութիւն կը դասախօսէ։ 21 տարեկանին վէպեր կը սկսի գրել։ Անգլերէնով կը գրէ․ իր մայրենի լեզուն սուահիլին է։ Հակառակ թէ Կըրնայի գործերը դրական ընդունելութիւն կը գտնեն գրաքննադատներուն մօտ, առեւտրական հասկացողութեամբ յաջող չեն։ Սակայն Նոպելեան մրցանակի արժանացման յայտարարութիւնը, թափ կու տայ անոր գործերուն պահանջին, ըլլայ գրավաճառներուն կողմէ, ըլլայ հասարակութեան։ Բացի իր գործերէն, զանազան գործեր կը շարադրէ, յօդուածներ կը գրէ նախկին գաղթօճախներու ժամանակակից գրագէտներու մասին, ինչպէս օրինակ՝ V.S. Naipaul, Սալման Ռուշտի եւ Զոէ Վիքոպ։ «A Companion to Salman Rushdie» հրատարութեան խմբագիրն է։ 1987-էն օգնական խմբագիր է Ուասաֆիրի Wasafiri գրական պարբերաթերթին։ Մաս կազմած է Քէյն եւ Պուքըր գրական մրցանակներու դատական կազմերուն։ == Մրցանակներ եւ պատիւներ == 2006-ին Թագաւորական Գրական Ընկերութեան անդամ կ՛ ընտրուի։ 7 Հոկտեմբեր 2021-ին, կը ստանայ Նոպել Գրականութեան մրցանակը։ == Գործը == Գործերուն մեծ մասը կը վերաբերին Ափրիկէի արեւելեան ափերը եւ բոլոր դերակատարները (բացի մէկ հոգիէ) Զանզիպար ծնած են։ Բացի վէպերէն, նաեւ գրած է բազմաթիւ արձակ էջեր եւ պատմուածքներ։ Անոր գործերը ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ շուէտերէնի թարգմանուած են։ === Անգլերէն լեզուով վէպեր === Memory of Departure. – Լոնտոն, հրտ․Jonathan Cape, 1987 Pilgrims Way. – Լոնտոն, հրտ․ Jonathan Cape, 1988 Dottie. – Լոնտոն, հրտ․ Jonathan Cape, 1990 Paradise. – Լոնտոն, հրտ․ Hamish Hamilton, 1994 Admiring Silence. – Լոնտոն, հրտ․ Hamish Hamilton, 1996 By the Sea. – Լոնտոն, հրտ․ Bloomsbury, 2001 Desertion. – Լոնտոն, հրտ․ Bloomsbury, 2005 The Last Gift. – Լոնտոն, հրտ․ Bloomsbury, 2011 Gravel Heart. – Լոնտոն, հրտ․ Bloomsbury, 2017 Afterlives. – Լոնտոն, հրտ․ Bloomsbury, 2020 == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Wasafiri. Գրական պարբերաթերթ(անգլերէն) Նիճերիոյ Պայերօ Քանօ Համալսարան(անգլերէն) Պուքըր մրցանակ(անգլերէն)
22,500
Քալովոլոս, Արքի
Քալովոլոս (յուն․՝ Καλόβολος), Էգէականի անբնակ կղզիակ, Արքի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։ == Հակիրճ տեղեկութիւններ == Արքի կղզեխումբին պատկանող կղզիակ եւ կը գտնուի անոր հարաւ-արեւելքը, իսկ Լիփսիին հիւսիսը։ Վարչականօրէն մաս կը կազմէ Փաթմոս քաղաքապետութեան։ == Բնապահպանում == Արքի կղզեխումբը յայտարարուած է NATURA 2000 Բնապահպանման շրջան։ Կը հիւրասիրէ բազէ (Falco eleonorae տեսակ), Էգէականի ճայ (αιγαιόγλαρος), Միջերկրականեան միհոս ջրահատ եւ կատար ունեցող ջրագռաւ (Phalacrocorax aristotelis) թռչունները։ == Ծանօթագրութիւններ ==
23,532
27 Յուլիս
27 Յուլիս, տարուան 208-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 209-րդ) օրն է։ == Դէպքեր == == Ծնունդներ == == Մահեր == == Տօներ ==
7,757
1933 թուական
1933 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 33րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1933 ծնունդներ ==== Ապրիլ ==== 01 Ապրիլ Բարսեղ Թուղլաճեան (մ.2016), պատմաբան, թարգմանիչ 14 Ապրիլ Եուրի Յովհաննիսեան (ռուս.՝ Юрий Цолакович Оганесян), Ռուսիոյ մէջ հայազգի ֆիզիքագէտ 17 Ապրիլ Եղիա Նաճարեան (մ.2008), արեւելագէտ, խմբագիր ==== Յունիս ==== 26 Յունիս Արթօ Չաքմաքչեան (անգլերէն՝ Arto Tchakmaktchian), քանդակագործ, նկարիչ ==== Մայիս ==== 19 Մայիս Լուիզ Մանուկեան Սիմոն (անգլերէն՝ Luise Manoogian Simone), հայ-ամերիկեան բարերար ==== Աւգոստոս ==== 01 Օգոստոս Զօրայր Խալափեան (մ.2008), գրող 15 Օգոստոս Սթէնլի Միլկրէմ (անգլերէն՝ Stanley Milgram, մ.1984), հրէական ծագումով ամերիկացի հոգեբան ==== Սեպտեմբեր ==== 30 Սեպտեմբեր Միշել Նայիմ Աուն (արաբերէն՝ ميشال نعيم عون‎, ֆրանսերէն՝ Michel Naim Aoun), Լիբանանի ներկայիս նախագահ ==== Նոյեմբեր ==== 11 Նոյեմբեր Լեւոն Տապաղեան (թրք.՝ Levon Panos Dabağyan, մ.2017), թրքահայ լրագրող, քաղաքական գործիչ 12 Նոյեմբեր Վլադիմիր Մովսիսեան (մ.2014), քաղաքական եւ պետական գործիչ 13 Նոյեմբեր Պուխութի Գուրգենիձէ (վրաց.՝ ბუხუტი გურგენიძე, մ.2008), վրացի ճատրակի վարպետ 19 Նոյեմբեր Լարի Քինկ (անգլերէն՝ Larry King), ամերիկացի դերասան եւ լրագրող ==== Դեկտեմբեր ==== 13 Դեկտեմբեր Մուշեղ Գալշոյեան (Մանուկեան, մ.1980), արձակագիր 23 Դեկտեմբեր Գիվի Շահնազարի , բանաստեղծ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1933 մահեր ==== Փետրուար ==== 03 Փետրուար Յակոբ Տաշեան (ծն.1866), բանասէր, լեզուաբան, հայագէտ ==== Մայիս ==== 24 Մայիս Վիքթոր Տոլիձէ (վրաց.՝ ვიქტორ დოლიძე, ծն.1890), վրացի եւ ովսիացի երգահան ==== Յուլիս ==== 13 Յուլիս Նար-Դոս (Միքայէլ Զաքար Յովհաննէսեան, ծն.1867), գրող ==== Սեպտեմբեր ==== 16 Սեպտեմբեր Գէորգ Աբուլեան (ծն.1865) ==== Նոյեմբեր ==== 14 Նոյեմբեր Լէօ (Առաքել Բաբախանեան, ծն.1860), պատմաբան, գրականագէտ ==== Անստոյգ ամսաթիւով ==== Ղեւոնդ Դուրեան (ծն.1890), եկեղեցական գործիչ == Ծանօթագրութիւններ ==
5,711
Պրայըն Ճ. Սմիթ
Պրայըն Ճ. Սմիթ (անգլերէն՝ Brian J. Smith, 12 Հոկտեմբեր, 1981) Ամերիկացի դերասան: Հանրածանօթ դարձած է իր ստանձնած դերին համար իբրեւ Թրէյ՝ 2005-ի Hate Crime ֆիլմ-ին մէջ, իբրեւ Մաթիու Սքոթ`երեւակայական եւ զինուորական հեռուստաշար Stargate Universe-ի մէջ, եւ իբրեւ Ուիլ Կորսքի` Netflix-ի արտադրութեան հեռուստաշար Sense8-ի մէջ: == Վաղ Կեանք եւ Ուսում == Սմիթ բնիկ Ալէն քաղաքէն Թեքսասցի մըն է (Allen, Texas): Ան ուսումը ստացած է Quad C Theatre ծրագիրով Collin County Community College-ի մէջ, Փլանօ, Թեքսաս (Plano, Texas): Տարի մը ուսում ստանալէ ետք Քոլոմպիայի Stephens College ուսումնարանին մէջ, Սմիթ կը փոխադրուի Նիւ Եորք, որպէսզի հոն շարունակէ ուսումը Juilliard School-ի Drama Division ծրագիրի 4 տարուան ընթացքին (Խումբ 36: 2003–2007), ուր իր դասընկերներէն էր Նիքոլ Պէհարին (Nicole Beharie) : Սմիթ կ'աւարտէ Ճուլիարտ (Juilliard) ուսումնարանը Bachelor of Fine Arts վկայականով: == Տե՛ս նաեւ == Sense8 Թուփընս Միտլթըն Տունա Պէյ Ամըլ Ամին Մէքս Ռիէմէլթ Թինա Տէզայ Միկէլ Անճէլ Սիլվէսթր Ճէյմի Քլէյթըն == Ծանօթագրութիւններ ==
22,006
Այգ (թերթ, Պէյրութ)
«Այգ», հասարակական քաղաքական օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1953-1975 թուականներուն։ Հրատարակիչ-տնօրէններ՝ Տիգրան եւ Լիւսի Թոսպաթ։ Խմբագիրներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Եղիա Նաճարեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Նազարէթ Պէրթիզլեան, Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պէրթիզլեան)։ Տպագրած է լիբանանեան, հայկական եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարզական լուրեր, գրական էջեր ու յօդուածներ։ Աշխատակցած են Խորէն Գաբիկեանը, Մուշեղ Իշխանը, Տիրան Աճէմեանը, Գրիգոր Շահինեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Զարուհի Պահրին, Յակոբ Մնձուրին, Միքայէլ Կիւրճեանը, Լեւոն Քէշիշեանը, Լեւոն Մինասեանը, Պարոյր Մասիկեանը, Ստեփան Շահպազը, Մանասէ Սեւակը, Ճորճ Մարտիկեանը։ Փակուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով։ Հրատարակիչները յետագային գաղթած են ԱՄՆ, վաճառած օրաթերթի հրատարակութեան արտօնագիրը։ Տիգրան Թոսպաթը միաժամանակ Պէյրութի մէջ 1947-էն լոյս ընծայած է «Լը Սուար» ֆրանսերէն օրաթերթը։
6,523
Վիքթոր Հիւկօ
Վիքթոր Հիւկօ (26 Փետրուար 1802(1802-02-26)[…], Բեզանսոն, Ֆրանսա - 22 Մայիս 1885(1885-05-22)[…], Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսացի հռչակաւոր գրագէտ, բանաստեղծ, թատերագիր, քաղաքական գործիչ, ֆրանսական վիպերգական շարժումի առաջնորդ եւ տեսաբան: == Կենսագրութիւն == === Մանկութիւն === Վիքթոր Հիւկօ եղած է երեք եղբայրներէն կրտսերը (երէց եղբայրները կը կոչուէին Աբել (1798-1865) եւ Եւկենի (1800-1837)): հայրը՝ Ժոզէֆ Լէոփոլտ Սիկիսպըր Հիւկօ (1773-1828), Նափոլէոնի բանակին մէջ հրամանատար էր, իսկ մայրը՝ Սոֆի Թղէպուշէն (1772-1821), դաշնակահարուհի: Հիւկօ իր մանկութիւնը կ'ապրի Մարսէյլի, Քորսիքայի, Իտալիոյ (1807) եւ Մատրիտի (1811) մէջ: Ընտանիքը յաճախ կը տեղափոխուի հօրը աշխատանքին պատճառով, յաճախ ապրելով նաեւ Փարիզի մէջ: Այս ճամբորդութիւնները գրագէտին հոգիին մէջ կը ձգեն խոր տպաւորութիւններ, որոնք իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն անոր գործերուն մէջ: 1813-ին, Հիւկոյի մայրը՝ Սոֆի Թղէպուշէն, սիրային յարաբերութիւն ունենալով հրամանատար Լակորիին հետ, կ’ամուսնալուծուի եւ զաւկին հետ կը հաստատուի Փարիզ: === Պատանեկութիւնը եւ գրական գործունէութեան սկիզբը === 1814-1818 Հիւկօ կ’ուսանի Լիւդովիկոսի բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 14 տարեկանին սկիզբ կ'առնէ անոր գրական գործունէութիւնը։ Կը գրէ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine" անտիպ ողբերգութիւնները, ինչպէս նաեւ «Louis de Castro» թատերախաղը: 15 տարեկանին Ֆրանսական ակադեմիայի բանաստեղծական գրականութեան մէկ մրցոյթին կ’արժանանայ պատուոյ յիշատակութեան իր «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ 1819-ին «Jeux Floraux» մրցանքին կը ստանայ երկու մրցանակ` «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար: 1822 Հոկտեմբերին Հիւկօ կ’ամուսնանայ Ատել Ֆուսէի հետ (1803 - 1868): Անոնք կ’ունենան հինգ զաւակ՝ Լէոփոլտ (1823-1823) Լէոփոլտինա (1824-1843) Շառլ (1826-1871) Ֆրանսուա-Վիքթոր (1828-1873) Ատել (1830-1915) 1823-ին կը հրատարակուի «Իսլանտացի Հանը» (Han d’Islande) վէպը: Շարլ Նոտիէի հիմնաւորուած քննադատութիւնները հիմք կը դառնան Հիւկոյի եւ Նոտիէի հետագայ բարեկամութեան, որ կը շարունակուի երեք տարի (1827-1830): Այս ժամանակներուն Հիւկօ կը վերահաստատէ կապը իր հօրը հետ եւ կը գրէ «Տաղեր հօրս» (Odes à mon père, 1823), «Երկու կղզի» (1825) եւ «Ճակատամարտէն ետք» (Après la bataille) բանաստեղծութիւնները: Հիւկոյի հայրը կը մահանայ 1828-ին: Հիւկոյի «Քրոմուել» (Cromwell) թատրերգութիւնը, որ գրուած է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, կը հրատարակուի 1827-ին եւ պատճառ կը դառնայ բուռն վէճերու: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը ժխտէ դասականութեան պայմանները, յատկապէս` տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը, օգտագործելով վիպերգական թատերախաղի յատկանիշներ: 1829-ին լոյս կը տեսնեն «Մահապարտի վերջին օրը» (Dernier Jour d’un condamné), իսկ 1834-ին` «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux) վիպակները: Այս գործերուն մէջ Հիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական կեցուածքը մահապատիժի նկատմամբ: «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» վէպը կը հրատարակուի 1831-ին: == Հիւկոյի թատրոնի նուիրուած տարիները == 1830-1843 տարիներուն Վիքթոր Հիւկօ կը գրէ միայն թատերական գործեր, սակայն նաեւ կը հրատարակէ բանաստեղծական երկեր, ինչպէս`«Աշնան տերեւներ» (Les Feuilles d’automne, 1831), «Մթնշաղի երգեր» (Les Chants du crépuscule, 1835 ), «Ներքին ձայներ» ( Les Voix intérieures, 1837), «Շողեր եւ ստուերներ» (Les Rayons et les Ombres, 1840): 1828-ին Հիւկօ կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղերէն՝ «Էմի Ղոպսաղը» (Amy Robsart): 1829-ին ծնունդ կ'առնէ «Էղնանի» (Hernani) թատերախաղը (առաջին բեմադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 1830-ին), որ գրական վէճեր կը ստեղծէ հին եւ նոր արուեստի ներկայացուցիչերու միջեւ: Այս թատերախաղէն ներշնչուած, Թէոֆիլ Կօթիէ կը դառնայ Նոր արուեստի հաւատարիմ պաշտպանը: Այս վէճերը գրականութեան պատմութեան մէջ ծանօթ են իբրեւ «ճակատամարտ` «Էղնանիի» համար»: 1841-ին Հիւկօ կ’ընդունուի Ֆրանսական ակադեմիա, իսկ 1845-ին կը ստանայ աւագ ազնուականի տիտղոս (pair de France): 1848-ին կ'ընտրուի Ազգային ժողովի անդամ։ 1851-ական տարիներուն ան դէմ էր պետական յեղաշրջումի։ Երբ Նափոլէոն կը դառնայ Երրորդ իշխանութեան ղեկավար` Հիւկօ կ’արտաքսուի երկրէն: 1870-ին կը վերադառնայ Ֆրանսա, իսկ 1876-ին կ’ընտրուի ծերակոյտի անդամ: === Կեանքի վերջին տարիները === Հիւկօ մահացած է թոքախտի պատճառով, 22 Մայիս 1885-ին, 83 տարեկանին: Թաղման արարողութիւնը տեւած է 10 օր։ Մասնակցած է շուրջ մէկ միլիոն անձ: Թաղուած է Ֆրանսական պանթէոնին մէջ: = Գործեր = Վիքթոր Հիւկոյի առաջին գործերը յաջողութիւն եւ հռչակ կ'ապահովեն իրեն կեանքի առաջին տարիներէն սկսեալ: Առաջին բանաստեղծական երկը՝ «Տաղեր եւ զանազան բանաստեղծութիւններ» (Odes et poésies diverses), կը հրատարակուի 1822-ին, երբ ան 20 տարեկան էր։ Լիւդովիկոս ժԸ. թագաւորը տարեկան գումար մը կը տրամադրէր Հիւկոյի: 1826-ին լոյս կը տեսնէ «Ձօներ եւ գեղօններ» հատորը: Հիւկոյի առաջին հասուն գործը` «Մահապարտի վերջին օրը» ( Le Dernier Jour d’un condamné) վիպակն է, որ գրուած է 1829-ին: Այս գործը հզօր ներգործութիւն ունեցած է Չարլզ Տիքընզի եւ Տոսթոեւսկիի վրայ։ «Քլօտ Կէօ» (Claude Gueux) կարճ, իրական հիմք ունեցող վաւերագրական պատմութիւնն է մարդասպանի մը, որ մահապատիժի ենթարկուած է Ֆրանսայի մէջ: Լոյս տեսած է 1834-ին: Սակայն Հիւկոյի առաջին լիարժէք վէպը կը նկատուի «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» (Notre-Dame de Paris), որ հրատարակուած է 1831-ին եւ թարգամանուած է շարք մը լեզուներու: == Բանաստեղծութիւններ == Հիւկօ հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու: Անոր բանաստեղծական երկերը հրատարակուած են քսանմէկ, իսկ յետ մահու՝ ութ հատորով: == Հրատարակուած գործեր՝ կեանքին ընթացքին == Odes et poésies diverses (1822) Nouvelles Odes (1824) Odes et Ballades (1828) Les Orientales (1829) Les Feuilles d’automne (1831) Les Chants du crépuscule (1835) Les Voix intérieures (1837) Les Rayons et les Ombres (1840) Les Châtiments (1853) Les Contemplations (1856) La Légende des siècles (առաջին մաս1859) LesQuasimodo" Les Chansons des rues et des bois (1865) L’Année terrible (1872) L’Art d’être grand-père (1877) La Légende des siècles (Երկրորդ մաս1877) Le Pape (1878) La Pitié suprême (1879) Religions et religion (1880) L’Âne (1880) Les Quatre Vents de l’esprit (1881) La Légende des Siècles (Վերջին մաս, 1883) == Յետ մահու երկեր == La Fin de Satan (1886) Dieu (1891, 1941) === Անտիպ գործերու յետմահու հրատարակութիւններ === Les Années funestes (1898) Dernière Gerbe (1902, 1941) Océan, Tas de pierres (1942) Le Verso de la page (1960) Œuvres d’enfance et de jeunesse, 1814-20 (1964) == Վէպեր == Հան իսլանտացի (Han d’Islande, 1823). Պիւկ-Ժարկալ (Bug-Jargal, 1826) Մահապարտի վերջին օրը (Le Dernier jour d’un condamné, 1829). Փարիզի Աստուածամօր տաճարը (Notre-Dame de Paris, 1831, հայերէնի թարգմանուած է ). Քլոտ Կէօ (Claude Gueux, 1834). Թշուառները (Les Misérables, 1862. հայերէնի թարգմանուած է:). Ծովը աշխատողները (Les Travailleurs de la Mer, 1866). Մարդը, որ կը խնդայ (L’Homme qui rit, 1869). Իննսուներեք (Quatre-vingt-treize, 1874. հայերէնի թարգմանուած է). == Թատերգութիւններ == Էմի Ռոպսարթ (Amy Robsart, 1828, հրատ.1889). Հերնանի (Hernani, 1830). Միարիոն Տելորմ (Marion Delorme, 1831). Արքան կը զուարճանայ (Le Roi s’amuse, 1832. հայերէնի թարգմանուած է [11]). Լուքրեչիա Պորճիա (Lucrèce Borgia, 1833, հայերէնի թարգմանուած է [12]). Մարիա Թիւտոր (Marie Tudor, 1833). Անճելօ, Փատովայի Բռնակալը (Angelo, tyran de Padoue, 1835). Ռիւ Պլաս (Ruy Blas, 1838). Պիւրկրաւները (Les Burgraves, 1843). Թորքուէմատա (Torquemada, 1882). Ազատ թատրոն. մանր թատերգութիւններ եւ պատառիկներ (Théâtre en liberté, 1886). == Բեմադրուած օփերաներ == Lucrezia Borgia, 1833 Il Giuramento, 1837 Ernani de Verdi, 1844 Rigoletto de Verdi, 1851 Marion Delorme d’Amilcare Ponchielli, 1885 Torquemada de Nino Rota, 1943 == Երաժշտական կատակերգութիւններ == Թշուառները (Les Misérables), 1980 Փարիզի Աստուածամօր տաճարը (Notre-Dame de Paris), 1999 == Երգեր == Georges Brassens : Gastibelza, La Légende de la Nonne Julos Beaucarne : Je ne songeais pas à Rose Colette Magny : Les Tuileries, Chanson en canot Malicorne : La fiancée du timbalier Pierre Bensusan : « Demain, dès l’aube, à l’heure où blanchit la campagne » Gérard Berliner : composition théâtrale Mon Alter Hugo208, qui donnera aussi lieu à l’album Gérard Berliner chante Victor Hugo == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Գրական հանրագիտարան 1929-1939 (հեղինակ՝ Ի.Նուսինով)
2,223
Օրորա (մրցանակ)
«Օրորա» (անգլ.` "Aurora Prize for Awakening Humanity") համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին նպատակն է արժանին մատուցել մեր օրերու հերոսներուն եւ գնահատել այն բացառիկ ազդեցութիւնը, որ անոնց գործունէութիւնը ունեցած է մարդկային կեանքի պահպանման եւ մարդասիրական գործը յառաջ մղելու ոլորտին մէջ։ «Աւրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի ամէն տարի, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:Մրցանակը կը շնորհուի ամէն տարի 24 Ապրիլին` հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը: Դափնեկիրը կը ստանայ բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ներկայացնելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն: == Նախապատմութիւն == «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագիծերէն մէկն է: Ան պաշտօնապէս մեկնարկած է 10 Մարտ 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ։ «Աւրորա» մրցանակի հիմքը հայոց ցեղասպանութեան տարիներու խիզախութեան ու գոյապայքարի ոգեշնչող պատմութիւնն է: Մրցանակը անուանուած է Արշալոյս Մարտիկեանի անունով, որ դառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը, փրկուելով ստրկութենէն, երկրէ երկիր տեղափոխուելով` ի վերջոյ հասած է Միացեալ Նահանգներ: Ան ստացած է Աւրորա Մարտիկանեան անունը եւ գրած՝ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը, ուր պատմած է իր վերապրած սարսափելի իրադարձութիւններուն մասին: Այս գիրքը հետագային հիմք ծառայեց ֆիլմի մը համար, որու գլխաւոր դերակատարը Աւրորան էր։ Տարիներ շարունակ այս ֆիլմը մեծ ճանաչում գտաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ հսկայական դեր խաղաց Հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման գործին մէջ: Հռոմէական դիցարանի արշալոյսի աստուածուհին` Աւրորան եւս ծառայած է իբրեւ մրցանակի անուանման ներշնչանքի աղբիւր. մրցանակը նպատակ ունի լոյս սփռելու այն հերոսական ջանքերուն վրայ, որոնք թէպէտ յաճախ կը մնան աննկատ, բայց աւելի լուսաւոր կը դարձնեն դժուարութեան մէջ գտնուողներու կեանքը: == 100 LIVES-ի Մասին == 100 LIVES նախաձեռնութեան հիմքը Հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւններն են: Նախագծի համահիմնադիրներն են ձեռներէց ներդրող Նուպար Աֆէյեանը, Նիւ Եորքիէն՝ Վարդան Գրեգորեանը եւ բարերար ու գործարար Ռուբեն Վարդանեանը: 100 LIVES-ը կը հրապարակէ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան ձեռք մեկնած մարդոց մասին պատմութիւնները: Այս պատմութիւնները հաւաքուած են գիտական հետազօտութիւններու, անձնական կապերու եւ 100lives.com կայքով հանրութեան կողմի պատմութիւնները ներկայացնելու միջոցով: == Հիմնադիրներ == «Աւրորա» մրցանակը Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆէյեանի եւ Ռուբեն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկութիւնն է: Մարդոց ուշադրութիւնը աշխարհի ամենախոցելի խումբերու խնդիրներուն վրայ կենդրոնացնելով եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ իրական ու նշանակալի գործ կատարած մարդոց պարգեւատրելու միջոցով` հիմնադիրները կը փորձեն ձեւաւորել մարդասիրական համաշխարհային նոր շարժում մը: == Առաջադրում եւ Ընտրական Գործընթաց == === Առաջադրում === Ամէն տարի «Աւրորա» մրցանակը կը դիմէ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ հանրութեան` կոչ ընելով առաջադրել այնպիսի անհատներու, որոնք արտաքին մեծ վտանգներ յաղթահարելու գնով, բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդկային կեանքի փրկութեան եւ մարդասիրութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ:«Աւրորա» մրցանակին թեկնածու կրնայ ըլլալ որեւէ անհատ կամ խումբ, որ ուշադրութիւն գրաւած է մարդասիրական բացառիկ արարքով: Ինքնառաջադրումներ թոյլատրուած չեն: === Ընտրութիւն === Առաջադրուած թեկնածութիւնները կ'ուսումնասիրուին եւ կը դիտարկուին խիստ ընթացակարգով: Վերջնական ընտրութիւնը կը կատարէ անկախ Ընտրող յանձնաժողովը, որու որոշումը հիմնուած կ'ըլլայ թեկնածուի ցուցաբերած հետեւեալ յատկանիշերուն հիման վրայ. խիզախութիւն զգալի յաղթահարումն է, մասնագիտական պարտքէն աւելին ընելն է յանուն մարդկային կեանքի: նուիրուածութիւն այնպիսի արժէքներու, ինչպէս ազնուութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնը, ճշմարտապահութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու կարեկցանքը: ազդեցութիւն իրենց համայնքի, երկրի եւ աշխարհի վրայ, երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալը մարդկանց փրկութեան գործին մէջ, մարդկանց ոգեշնչումը` մղելով անոնց կեանքերը փրկելու: == «Աւրորա» Մրցանակ – 2016 == === Ընտրող Յանձնաժողով === «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անդրանիկ տարուան յաղթողները պիտի ճշդուին հեղինակաւոր դատական կազմի մը կողմէ, որու անդամներն են՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզըլն ու Քոսթա Ռիքայի նախկին նախագահ Օսքար Արիասը, ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբի նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Իրանի առաջին կին դատաւոր Շիրին Էպաթին, Կանանց Խաղութեան եւ Անվտանգութեան Ցանցի (WIPSEN-Africa) գործադիր տնօրէն Լեյմա Քպովընը, Աւստրալիայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿ-ի խորհրդականի ներկայացուցիչ Կէրըթ Էվընզը, մարդու իրաւունքներու ցուցարար Հինա Ճիլանին, Միջազգային ճգնաժամային խմբի նախկին ղեկավար Կէրըթ Էվընզը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քառնըկի համագործակցականի նախագահ, իրանահայ Վարդան Գրիգորեանը: === Թեկնածութիւններու առաջադրում === 2016-ի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւններու առաջադրումը սկսած է 1 Յուլիս 2015-ին եւ աւարտած` 1 Հոկտեմբերին: Ներկայացուած 186 առաջադրումները ներառած են 113 թեկնածուներ` 27 երկրներէ: === Յաւակնորդներ === Տոքթոր Թոմ Քաթինա Սուտանի Նուպա լեռներու «գթութեան մայր» հիւանդանոցի բժիշկն է: Ամերիկացի մասնագէտը Հարաւային Սուտանի սահմանակից այս գօտիին մէջ մնայուն կերպով ներկայ միակ բժիշկն է եւ առանձին կը սպասարկէ այդ տարածքի 500 հազար բնակչութեան: Հակառակ Սուտանի կառավարութեան կողմէ տարածաշրջանի անդադար ռմբակոծումին, ան երբեք չի լքեր հիւանդանոցի տարածքը, որպէսզի գիշեր-ցերեկ հասանելի ըլլայ վիրաւորներուն: Տոքթոր Քաթինան TIME պարբերականի կողմէ դասուած է 2015-ի ամէնէն ազդեցիկ անհատականութիւններու շարքին: Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա իր կեանքը նուիրած է մերօրեայ ստրկութեան ձեւերէն մէկուն` կախեալ շահագործման վերացման համար Փաքիստանի մէջ տարուող պայքարին: Անոր գլխաւորած «Կախեալ շահագործուողներու ազատագրման ճակատ»ը օգնած է բազում մարդոց, ինչպէս` 21 հազար երեխաներու, որոնք ստիպուած եղած են աշխատիլ աղիւսի թրծարաններուն մէջ` ծնողներու պարտքերը փակելու համար: Ֆաթիմայի դէմ բազմաթիւ մահափորձեր կատարուած են: Գործունէութեան ընթացքին ան բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութեան: Հայր Պերնառ Կինուի հոգեւորական դարձած է 19 տարեկանին` հօրը եւ չորս քոյրերու մահէն ետք: Հայրենի Տոգոյէն ան գործուղուած է Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն` գլխաւորելու տեղի կաթոլիկ առաքելութիւններէն մէկը: 2012-ին, երկրի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Հայր Կինուին ապաստան եւ բժշկական օգնութիւն տրամադրած է հակամարտութեան երկու կողմերուն` հետապնդումէն փրկելով հարիւրաւոր մարդիկ: === Մրցանակաբաշխութիւն === «Աւրորա» անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2016-ին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: === Հանդիսավարները === Մրցանակաբաշխութիւնը կը վարէին Տէյվիտ Իկնաթիոս «Washington Post» («Ուաշինկթըն Փոսթ») օրաթերթէն եւ յայտնի օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեան: === Ֆիլմերը === Մրցանակաբաշխութիւնը մեկնարկեց «Աւրորա» ֆիլմով, որու բեմադրիչը Էրիք Նազարեանն է: Ֆիլմին ընթացքին կը հնչէ Սերժ Թանքեանի «Աւրորայի Երազանքը» երգը:Յաւակնորդներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի Անտրէ Լոշաքի հեղինակած ֆիլմերով: === Ելոյթները === Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ կենդանի երաժշտութիւն կը հնչէր Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով` Սերգէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ: Արարողութեան ֆանֆարներու հեղինակը Ստեփան Շաքարեանն է: Մանուէլ Մաթեւոսեանի կերտած արձանիկը կը ներկայացուի «Զոյգ Արեւներ» պալէի հատուածի ուղեկցութեամբ` «Պալէ 2021 Հիմնադրամ» պարային խումբի կատարմամբ (պարուսոյց Ռուտոլֆ Խառատեան)` զուգորդուած Աւետ Տէրտէրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեամբ: Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբը կատարեց հատուած մը Արամ Խաչատրեանի «Զանգերի Սիմֆոնիա»յէն: Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը կատարեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը: Արարողութիւնը աւարտեցաւ «Քեզ համար, Հայաստա՛ն» երգով` Գէորգ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով: === Դափնեկիր === «Աւրորա» անդրանիկ մրցանակը շնորհուած է Պուրունտիի «Խաղաղութեան Տուն» (Maison Shalom) խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիր Մարգարիտ Բարանկիցէին` երկրին մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որբերուն ու փախստականներուն խնամելու եւ հազարաւոր կեանքերու փրկութեան գործին մէջ իր ունեցած անգնահատելի ազդեցութեան համար: Բարանկիցէն իր կեանքը նուիրաբերած է դաժանութենէ եւ բռնութենէ փրկուիլ փորձող երեխաներուն ապահով ապաստան ու կրթութիւն տրամադրելու: Պատերազմի սկզբնաւորութեան, ազգութեամբ թութսի Բարանկիցէն հետապնդումէ փրկելու նպատակով փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հութու 72 ամենամօտ հարեւանները: Սակայն անոնց բոլորին գտած ու տեղնուտեղը սպաննած են` Մարգարիտին ալ հարկադրելով այդ ոճիրի ականատեսը ըլլալ: Այս սոսկալի փորձառութենէն ետք, որը իսկական քննութիւն էր մարդկայնութեան հանդէպ իր հաւատքի համար, Մարգարիտ Բարանկիցէն կը սկսի փախստականներուն եւ երեխաներուն փրկելու ու խնամելու իր գործունէութիւնը: Յաջորդած 20 տարիներուն ան կը յաջողի փրկել ընդհանուր առմամբ 30 հազար երեխայի, իսկ 2008 թուականներուն կը բանայ հիւանդանոց, ուր մինչեւ օրս բժշկական օգնութիւն ստացած է 80 հազար մարդ:Կաղապար:Մեջբերում === Կազմակերպութիւններ === 2016 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարգարիտ Բարանկիցէն 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ուղղած է իրեն ոգեշնչած հետեւեալ կազմակերպութիւններուն` Ժան-ֆրանսուա Փեթերսպուրկ հիմնադրամ (Fondation Jean-Francois Peterbroeck), Կրանտ-դուքս եւ Կրանտ-դքսուհի հիմնադրամ (Fondation du Grand-Duc et de la Grande-Duchesse), «Պրիտըրլէխ Տիլըն» հիմնադրամ (Bridderlech Deelen): === Մրցանակ === ==== Շնորհուող գումար ==== Որպէս դափնեկիր` Մարգարիտ Բարանկիցէին շնորհուեցաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ: 1 միլիոն տոլարի մրցանակը տրամադրուեցաւ անոր առաջադրած կազմակերպութիւններուն՝ փախստական երեխաներու եւ որբերու վերականգնման նպաստելու, անոնց ցուցաբերուող օգնութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ մանկական աղքատութեան դէմ պայքարին օժանդակելու նպատակով: ==== Արձանիկ ==== Աւրորա մարդասիրական մրցանակի արձանիկը կերտած է Մանուէլ Մաթեւոսեանը: Ան կը կոչուի «Դէպի Յաւէրժութիւն»: == «Աւրորա» Մրցանակ – 2017 == === Դափնեկիր === 2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակը շնորհուած է «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցի բժիշկ Թոմ Քաթինային, որ տեղացիները բժիշկ Թոմ կը կոչեն: Բժիշկը հասանելի է օրը 24 ժամ, շաբաթը` եօթը օր` հոգ տանելով Նուպայի աւելի քան 750,000 բնակիչներուն համար` Սուտանի կառավարութեան եւ Սուտանի ազգային ազատագրական շարժման միչեւ տեւական քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն մէջ։ Օգնութիւն ստանալու համար մարդիկ երբեմն ամբողջ շաբաթ մը կը քալեն եւ սովորաբար հիւանդանոց կը հասնին ռմբակոծումներէ ստացած վնասուածքներով եւ բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններով` ոսկորներու կոտրուածքէն մինչեւ մալարիա: Ընդհանուր առմամբ` բժիշկ Քաթինան կը խնամէ օրական 500 հիւանդ եւ տարեկան աւելի քան հազար վիրահատութիւն կը կատարէ: Կաղապար:Մեջբերում 2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր բժիշկ Թոմ Քաթինան 1 միլիոն տոլարի մրցանակն ուղղած է հետեւեալ երեք կազմակերպութիւններուն` Ափրիկեան Առաքելութեան Առողջապահական Հիմնադրամ (AMHF), ԱՄՆ Կաթոլիկ Առողջապահական Առաքելութեան Խորհուրդ (CMMB), ԱՄՆ Aktion Canchanabury, Գերմանիա === Ընտրող յանձնաժողով === Ընտրող յանձնաժողովի նախագահն է դերասան եւ բարերար Ճորճ Քլունին: Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են Օսքար Արեասը, Շիրին Էպատին եւ Լեյմա Քպովըն, Մերի Ռոպինսընը, Կէրըթ Էվընզը, Վարդան Գրիգորեանը, Հինա Ճիլանին: === Առաջադրում === 1 Յունիս 2016 թուականէն մինչեւ 9 Սեպտեմբեր` առաջադրումներու փուլի ընթացքին, ստացուած է 558 դիմում 13 լեզուներով, որոնցմէ 254-ը` չկրկնուող թեկնածութիւններ են: Առաջադրումներ կատարուած են 66 երկիրներէ: === Յաւակնորդներ === 2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներն են. == Aurora Dialogues քննարկումներ == Համաշխարհային մարդասիրական ոլորտի ներկայացուցիչները ժամանեցին Երեւան` մասնակցելու 23 Ապրիլ 2016 թուականին՝ Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած Aurora Dialogues քննարկումներուն, որ համաշխարհային արդի ամենահրատապ հիմնախնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու քննարկումներու հարթակ է: Մասնակիցները, որոնց թուում էին Ընտրող յանձնաժողովի անդամներ Հինա Ճիլանին, Շիրին Էպաթին եւ Կէրըթ Էվընզը, իրենց տեսակէտները յայտնեցին փախստականներու համաշխարհային ճգնաժամի, մարդասիրութեան ոլորտի հանրութեան մէջ կանանց դերի եւ աշխարհի ուշադրութիւնը մարդասիրական ճգնաժամերու վրայ բեւեռելու հարցին լրատուական դերին վերաբերեալ: === «Մարդասիրութեան ցուցիչէ հետազօտութիւն === Aurora Dialogues քննարկումներու ընթացքին ներկայացուած այս յատուկ հետազօտութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ մարդասիրական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու հանրային ընկալումը` հիմնուելով աշխարհի վեց երկրի մէջ 4.600 հարցուողի տեսակէտներու վրայ։ Ուսումնասիրելով հարցուողներու կարծիքը միջազգային միջամտութեան անհրաժեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վերաբերեալ` հետազօտութիւնը կը բացայայտէ, որ համաշխարհային մակարդակի մէջ խզում կայ փախստականներու ճգնաժամի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ։ Հետազօտութիւնն իրականացուած է 2016 թ. Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին Edelman Intelligence-ի կողմէ: == Ծանօթագրութիւններ ==
4,550
Մեծ Արջ
Մեծ Արջ (լատ.՝ Ursa Major, սեռականը՝ Ursae Majoris, հապաւումը՝ UMa)` հիւսիսային կիսակամարի համաստեղութիւն է, որ հիւսիսային կիսագնդին կ'երեւի ամբողջ տարին։ Ամէնալաւ տեսանելիութիւնն ապրիլին է։ Իր չափերով (1280 քառ.աստ.) երկինքին երրորդն է՝ Հիտրայէն եւ Կոյսէն ետք: Իր եօթ պայծառ աստղերով կը ստեղծէ շերեփին նմանող պատկեր։ == Աստղեր == Մերաքը (β UMa, Մեծ Արջի պեթա) եւ Տուպհէն (α UMa, Մեծ Արջի ալֆա) Մեծ Արջի ամէնապայծառ աստղերն են, կը գտնուեն «շերեփի» առջեւի մասին եւ անոնցով կարելի է գտնել Բեւեռային աստղը։ Բեւեռային աստղը կը գտնուի այդ երկու աստղերը միացնող գիծին վրայ՝ անոնց միջեւ եղած տարածքի հնգապատիկ հեռաւորութեան վրայ։ Շերեփի բոլոր աստղերն ունեն արաբերէն անուններ՝ վերը նշուած Մերաքը կը նշանակէ «գոտկատեղ», իսկ Տուպհէն՝ ուղղակի «արջ»։ Միւս նշանաւոր աստղերէն է Մեծ Արջի 47-ը (47 UMa), որը երեք մոլորակներով արեգականման աստղ է։ Մոլորակային համակարգերէն այս աստղի համակարգն առաւել նմանութիւն ունի Արեգակնային համակարգի հետ։ Կը գտնուէ Երկրէն 46 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ։ Արտերկրային քաղաքակրթութիւններ որոնող ծրագիրով 2001 եւ 2003 թուականներուն դէպի Մեծ Արջի 47 աստղ Երկիր մոլորակի վրայ ապրողներուն ռատիօուղերձները ուղարկուած են։ == Ասուպներու անձրեւ == Kappa Ursae Majorids-ը վերջերս յայտնագործուած ասուպային անձրեւ է, գագաթային է Նոյեմբեր 1-էն մինչեւ Նոյեմբեր 10-ը: == Պատկերներ == == Ծանօթագրութիւններ ==
22,726
Հնչակ
Հնչակ, հասարակական-քաղաքական ամսաթերթ, կիսամսեայ, տասնօրեայ թերթ, սոցիալ դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական օրգան։ Լոյս տեսած է Ժընեւի (1887-92), Աթէնքի (1892-94), Լոնտոնի (1894-1904), Փարիզի (1904-15), Փրովիդէնսի (ԱՄՆ, 1935-40)։ Խմբագիրներ՝ Աւետիս Նազարբեկեան (Նազարբեկ), Ռուբէն Խանազատ, Գաբրիէլ Կաֆեան, Ս. Հովեան, Ստեփանոս Սապահ-Գիւլեան եւ ուրիշներ։ Ի սկզբանէ պարբերականի անուանումը կ՜առաջարկուէր «Զանգ» կամ «Ահազանգ», բայց ի վերջոյ ընտրուեցաւ «Հնչակը»։ == Քաղաքական գաղափարներ == Թերթի հիմնադրման նպատակն էր հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրման պայքարի, հնչակեան կուսակցութեան գաղափարներու տարածումը։ Ծաւալուն տեղ յատկացուցած է արեւմտահայութեան տնտեսական եւ քաղաքական կացութեան լուսաբանման, անդրադարձած Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան։ Հաւասար կարեւորութիւն տրուած է ոչ միայն օսմանահպատակ Արեւմտեան Հայաստանի, այլեւ ռուսահպատակ Արեւելեան Հայաստանի ու Ղաջարական Իրանի կազմին մէջ մնացած Պարսկահայքի ազատագրութեան։ «Հնչակի» շնորհիւ միջազգային հասարակայնութիւնը տեղեկացուցած է Կարինի ու Կոստանդնուպոլիսի հակակառաւարական ցոյցերու (Գում Գաբու, 1890), Սասունի (1894), Զէյթունի (1895) ու Վանի (1896) ինքնապաշտպանութեան եւ, ընդհանրապէս, հայդուկային շարժման մասին։ Գործունէութեան երկրորդ շրջանին (1935-40) թերթի հիմնական հարցը կրկին եղած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական շարժումը, միաժամանակ քարոզած է բոլոր հայերուն համախմբել Հայաստանի շուրջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == ԵՊՀ իջևանի մասնաճիւղ, Թուայնացուած հայկական պարբերականները համացանցին մէջ
3,248
Թորինօ
Թորինօ (իտալերէն՝ Torino), կարեւոր արդիւնաբերական քաղաք՝ հիւսիս-արեւմտեան Իտալիոյ մէջ, Փիէմոնթ մարզին մայրաքաղաքն է, որ հիմնականօրէն կը գտնուի Փօ գետին արեւմտեան ափը։ Քաղաքին բնակչութիւնն է՝ 908000 մարդ (ըստ 2000-ին կատարուած մարդահամին տուեալներով), որուն թիւով Իտալիոյ մէջ չորրորդն է՝ Հռոմէն, Միլանէն եւ Նափոլիէն ետք։ Թորինոյի մէջ տեղի ունեցած է՝ 2006 Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը, ինչպէս նաեւ 2006 թուականին տեղի ունեցած 37-րդ Շախմատի ոլիմպիադը։ == Պատմութիւն == Թորինոյի անուանումը կու գայ Կելտերէն Tau բառէն, որ կը նշանակէ՝ լեռներ։ Քաղաքի Իտալերէն անուանումը՝ Torino, ունի թարգմանուած ցլիկ նշանակութիւնը, որ եւ կը բացատրէ զինանշանի ու քաղաքի նշանակի ընտրութիւնը։ == Աշխարհագրութիւն == Թորինոն կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիս-արեւմուտքը։ Հիւսիսային եւ արեւմտեան ճակատներէն այն շրջապատուած է Ալպերով, իսկ հարաւէն՝ Մոնֆերրատոյի բլուրներով։ Քաղաքին մէջտեղէն կը հոսին չորս հիմնաւոր գետեր՝ Փօն, այս մէկուն երկու վտակները, Տորա Րիպարիան ու Ստուրա դի Լանզոն, եւ Սանգոնը։ == Ժողովրդագրութիւն == Վերջին 3 տարիների ընթացքին Թուրինի բնակչութիւնը աճած է միայն 0.88%-ով, որը կը վերագրէ քաղաքի ցած ծնելիութեանը, հանգեցնելով բնակչութեանը ծերացմանը։ Բնակչութեան մօտ 16.4% 14 տարեկանէն վար է, այն դէպքում երբ թոշակի տարիքի բնակչութիւնը կը կազմէ 18.8%։ Վերջին տարիներու ընցաքին քաղաքը, ինչպէս նաեւ իրեն արուարձանները, ներգաղթի աճի ականատես են դարձել։ Թերեւս բնակչութիւնը գերակշռօրէն կազմուած է իտալացիներէն (96.1%), ընդգրկելով նաեւ այնպիսի ազգախմբեր, ինչպիսին են՝ Ռումանացիներ (2.3%), Մարոքցիներ (1.5%) Բերուցիներ (0.5%), Ալպանացիներ (0.4%) եւ այլն... == Արտաքին յղումներ == Պաշտոնական կայք (իտալերեն) զբոսաշրջիկների ուղեցույց անգլերէն լեզվով
1,443
Ալան
Ալան, գիւղ՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Սեբաստիա նահանգի Եւդոկիոյ գաւառին մէջ։ Բնակչութեան մասին տուեալներ չեն պահպանուած։ Անոնք բռնութեամբ՝ ենթարկուած են տեղահանութեան, 1915 թուականի տեղի ունեցած Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ Անոնց մեծ մասը զոհուած է աքսորի ճամբուն վրայ։ == Աղբիւրներ == «Հայաստանի Եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան» (5 հատորով), 1986-2001 թթ., Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
19,655
Անտրէա Պոչելլի
Անտրէա Պոչելլի (իտալ.՝ Andrea Bocelli), իտալացի երգիչ (թենոր)։ == Կենսագրութիւն == Անտրէա Պոչելլի ծնած է 22 Սեպտեմբեր 1958-ին, Իտալիոյ Թոսքան մարզի Պիզա քաղաքին մէջ, թոյլ տեսողութեամբ։ Պոչելլի 12 տարեկանին ոտնագնդակի խաղի մը պատճառով կը կուրնայ: Աւելի ուշ ան կ'աւարտէ իրաւաբանական դպրոցը եւ կը սկսի լրջութեամբ զբաղիլ երգեցողութեամբ: Պոչելլի ձայնագրած է 13 ալպոմ, որոնցմէ երկուքը դասական ու փոփ, երկու հիթային եւ ութ օփերային ալպոմներ, որոնք վաճառուած են աշխարհի շուրջ 70 միլիոն օրինակով: Պոչելլի փաստօրէն մեծագոյն ներկայացուցիչն է դասական երաժշտութեան: Այս մէկը կը վկայէ իր ալպոմներուն այդքան շատ վաճառքը։ 1998-ին Պոչելլի People Magazine-ին մէջ ճանչցուած է տարուան ամենագեղեցիկ 50 մարդոցմէ մէկը։ 1999-ին «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն Նոր Արտիստ» (Best New Artist) ցանկին մէջ գնահատուած է երկրորդ անգամ, իբրեւ դասական երաժշտութեան ներկայացուցիչ։ «Կախարդական սուրը» ֆիլմին համար Պոչելլի Սելին Տիոնի հետ համատեղ "The Prayer" զուգերգը ստացած է Ոսկէ գնդակ մրցանակը, իբրեւ լաւագոյն երգ, արժանացած է նաեւ Academy Award մրցանակաբաշխութեան։ "Sacred Arias" ալպոմին համար Անտրէա Պոչելլի գրանցուած է Կինեսի ռեքորտներու գիրքին մէջ: Այս ալպոմը ամբողջ աշխարհի տարածքին ծախուած է 5 միլիոն օրինակով, դառնալով դասական ժանրի մենակատար երգիչին ամենամեծ վաճառքը ունեցող ալպոմը։ 1997-ին փոփ ալպոմը, որ կը կոչուէր "Romanza", ծախուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին 20 միլիոն օրինակով, դարձնելով Պոչելլիի ալպոմը աշխարհում ամենամեծ վաճառքը ունեցող իտալացի երգիչի ալպոմը։ Այս ալպոմը Քանատայի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ու Լատինական Ամերիկայի մէջ դարձած է ամենաշատ վաճառուող օտարազգի երգիչին ալպոմը։ Ալպոմին առաջին մենակատարումը՝ "Time to Say Goodbye" ծախուած է Գերմանիոյ մէջ 3 միլիոն օրինակով, եւ 12 միլիոն օրինակով ամբողջ աշխարհի տարածքին, դառնալով բոլոր ժամանակներու ամենամեծ վաճառքը ունեցող մենակատարումը։ Ապրիլ 2012-ին Անտրէա Պոչելլի այցելած է Հայաստան եւ բացօթեայ համերգ մը տուած է Երեւանի մէջ: == Սկաւառակագրութիւն == === Ալպոմներ === 1994: Il Mare Calmo della Sera 1995: Bocelli 1996/1997: Viaggio Italiano 1997: Aria – the opera album 1999: Sogno 1999: Sacred Arias 2000: Verdi 2001: Cieli di Toscana 2002: Sentimento 2004: Andrea 2006: Amore 2008: Incanto 2009: My Christmas 2013: Passione 2015: Cinema === Հաւաքածոներ === 1997: Romanza 2007: The Best of Andrea Bocelli: Vivere 2012: Opera === Համերգային ալպոմներ === 2006: Under the Desert Sky 2008: Vivere Live in Tuscany 2011: Concerto, One Night in Central Park 2013: Love in Portofino == Տեսաերիզներ == 1998: A Night in Tuscany 2000: Sacred Arias: The Home Video 2002: Cieli di Toscan 2006: Credo: John Paul I 2006: Under the Desert Sky 2008: Vivere Live in Tuscany 2008: Incanto, The Documentary 2009: My Christmas Special 2011: Concerto: One Night in Central Park === Օփերային ձայնագրութիւններ === 2000: La bohème 2003: Tosca 2004: Il trovatore 2005: Werther 2006: Pagliacci 2007: Cavalleria rusticana 2008/2010: Carmen 2010: Andrea Chénier 2012: Roméo et Juliette == Ծանօթագրութիւններ ==
20,809
Սուտան
Սուտան (արաբերէն՝ السودان‎ as-Sūdān), Հիւսիսային Սուտան կամ պաշտօնապէս` Սուտանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն (արաբերէն՝ جمهورية السودان‎, տառադարձում` Ժումհուրիյաթ ալ-Սուտան ալ Տիմոքրաթիա)` Հարաւային Սուտանի անկախութեան հանրաքուէէն ետք։ Անուանումը՝ Սուտան - սեւերու երկիր (սուտ արաբերէն կը նշանակէ սեւեր), պետութիւն Ափրիկէի հիւսիս-արեւելքը։ Սահմանակից է Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Չադին, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան, Զաիրին, Ուքանտայի, Քենիոյ եւ Եթովպիոյ։ Տարածութիւնը՝ 1808, 8 հազար քմ2 բնակչութիւնը՝ 34,6 միլիոն (2013)։ Վարչականօրէն բաժնուած է 18 նահանգի։ Մայրաքաղաքը՝ Խարթում (1,8 միլիոն բնակչութեամբ, 1983, Օմտուրմանի հետ)։ == Պետական կարգ == Սուտան նախագահական հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ուժի մէջ է 1973-էն ի վեր։ Պետութեան գլուխը նախագահն է․ ան կը նշանակէ փոխնախագահ, կառավարութեան անդամները, նաեւ վարչապետն է եւ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը։ Օրէնսդիր իշխանութեան բարձրագոյն մարմինը ժողովրդական ժողովն է (միապալատ խորհրդարան)։ 1972 -էն Հարաւային Սուտանը բաժնուած էր 6 ինքնավար շրջաններու, ուր ստեղծուած են իշխանութեան մարմիններ։ Հարաւային Սուտանի օրէնսդիր մարմինը Հարաւային Սուտանի ժողովրդական ժողովն է, կառավարութիւնը՝ Բարձրագոյն գործադիր խորհուրդը։ 6 Ապրիլ 1985-ին, զինուորական յեղաշրջումէն ետք, սահմանադրութիւնը չեղեալ յայտարարուած է։ == Բնութիւն == Տարածութեան մեծ մասը 300-1000 մ բարձրութեամբ սարաւանդ է։ Հիւսիսը Լիպիական եւ Նուպիական անապատներն են, արեւմուտքը՝ Տարֆուր եւ Քորտոֆան սարաւանդները։ Արեւելքը Եթովպիական բարձրաւանդակին, հարաւը՝ Կեդրոնական ափրիկեան բարձրութեան (Կինիետի լեռ, 3187 մ, սուտանի ամէնէն բարձր կէտն է) ճիւղաւորումներն են, իսկ հիւսիս-արեւելքը՝ Կարմիր ծովեան լեռները։ Սուտանի տարածութիւնը կը գրաւէ Ափրիկեան կառամատոյցին հիւսիս-արեւելեան մասը, որուն հիմքը դուրս կու գայ երկիրին մակերեւոյթը հարաւ-արեւմուտքին մէջ իբրեւ Կեդրոնական ափրիկեան զանգուած, հիւսիս-արեւելքին մէջ՝ Արաբա-Նուպիական վահան։ Արեւելքը Նեղոսի ձուաձեւ տարածութիւնն է, հիւսիս-արեւելքը՝ Կարմիր ծովուն ճկուածքը։ Սպիտակ Նեղոսին վրայ կան պղինձի, ոսկիի, քրոմի, երկաթի, մարմարի, մանգանի եւ կիրի հանքավայրեր։ Կլիման հիւսիսը արեւադարձային անապատային է (միջին ամսական ջերմաստիճանները 30-35°C-ից 15-20°С են, տարեկան տեղումները՝ 200 մմ-էն պակաս), հարաւը՝ հասարակածային մուսսոնային (միջին ամսական ջերմաստիճանները 23-30°С, տարեկան տեղումները՝ 500-1400 մմ)։ Յաճախակի են փոշեայ փոթորիկները (խապուպ)։ Հիմնական գետը Նեղոսն է։ Կան եղանակային գետեր։ Հարաւը կարմիր ֆեռալիթային հողերու վրայ տարածուած են սաւաննաները, աւելի հիւսիս, կարմրագորշ հողերու վրայ՝ բարձր հացազգի խոտաբոյսեր եւ լայնասաղարթ մեծ ծառեր՝ աքասիաներ, արմաւենիներ, եւ այլն։ Սուտանական սաւաննան երկրագունդին ամէնէն հարուստ եւ բազմազան կենդանական աշխարհ ունեցող շրջանն է։ Անասուններէն կան փիղ, ընձուղտ, առիւծ, գետաձի եւ կոկորդիլոս։ == Բնակչութիւն == Երկրին բնակչութեան աւելի քան կէսը արաբներ են, կը բնակին նաեւ նուպիացիներ, եւ այլք։ Պաշտօնական լեզուն արաբերէնն է, կը կիրարկուին իսլամական (հիժրա) եւ գրիգորեան տոմարները։ Հավատացեալներուն 70%-ը իսլամ է, 25%-ը կը հետեւի տեղական հաւատալիքներու, կան նաեւ քրիստոնեաներ։ Բնակչութեան միջին խտութիւնը 1 Քմ2ի վրայ 7 հոգի է, իսկ Սպիտակ եւ Կապոյտ Նեղոսներուն միջագետքին հիւսիսը՝ մինչեւ 100 հոգի։ Քաղաքային բնակչութիւնը շուրջ 15% է։ Մեծ քաղաքներն են Խարթումը, Օմտուրմանը եւ Փոր սուտանը։ == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականութիւն == Adams William Y. (1977)։ Nubia. Corridor to Africa։ Princeton University։ ISBN 978-0691093703 Berry, LaVerle B., ed. (2015). Sudan: A Country Study. Library of Congress (Washington, D.C.) 978-0-8444-0750-0. Beswick Stephanie (2004)։ Sudan's Blood Memory։ University of Rochester։ ISBN 978-1580462310 Brown Richard P. C. (1992)։ Public Debt and Private Wealth: Debt, Capital Flight and the IMF in Sudan։ London: Macmillan Publishers։ ISBN 978-0-333-57543-7 Churchill, Winston (1899; 2000). The River War: An Historical Account of the Reconquest of the Soudan. Carroll & Graf (New York City). 978-0-7867-0751-5. Churchill Winston (1902)։ «The Rebellion of the Mahdi»։ The River War (New and Revised հրտրկթն․) Clammer, Paul (2005). Sudan: The Bradt Travel Guide. Bradt Travel Guides (Chalfont St. Peter); Globe Pequot Press. (Guilford, Connecticut). 978-1-84162-114-2. Evans-Pritchard, Blake; Polese, Violetta (2008). Sudan: The City Trail Guide. City Trail Publishing. Edwards David (2004)։ The Nubian Past: An Archaeology of the Sudan։ Routledge։ ISBN 978-0415369879 El Mahdi, Mandour. (1965). A Short History of the Sudan. Oxford University Press. 0-19-913158-9. Fadlalla, Mohamed H. (2005). The Problem of Dar Fur, iUniverse (New York City). 978-0-595-36502-9. Fadlalla, Mohamed H. (2004). Short History of Sudan. iUniverse (New York City). 978-0-595-31425-6. Fadlalla, Mohamed H. (2007). UN Intervention in Dar Fur, iUniverse (New York City). 978-0-595-42979-0. Hasan Yusuf Fadl (1967)։ The Arabs and the Sudan. From the seventh to the early sixteenth century։ Edinburgh University։ OCLC 33206034 Hesse Gerhard (2002)։ Die Jallaba und die Nuba Nordkordofans. Händler, Soziale Distinktion und Sudanisierung (գերմաներեն)։ Lit։ ISBN 978-3825858902 Holt P. M., Daly M. W. (2000)։ History of the Sudan: From the coming of Islam to the present Day։ Pearson։ ISBN 978-0582368866 Jok, Jok Madut (2007). Sudan: Race, Religion and Violence. Oneworld Publications (Oxford). 978-1-85168-366-6. Köndgen, Olaf (2017). The Codification of Islamic Criminal Law in the Sudan. Penal Codes and Supreme Court Case Law under Numayri and al-Bashir. Brill (Leiden, Boston). 9789004347434. Levtzion Nehemia, Pouwels Randall, խմբգրնր․ (2000)։ The History of Islam in Africa։ Ohio University Press։ ISBN 9780821444610 Loimeier Roman (2013)։ Muslim Societies in Africa: A Historical Anthropology։ Indiana University։ ISBN 9780253007889 Mwakikagile, Godfrey (2001). Slavery in Mauritania and Sudan: The State Against Blacks, in The Modern African State: Quest for Transformation. Nova Science Publishers (Huntington, New York). 978-1-56072-936-5. O'Fahey R.S., Spaulding Jay L. (1974)։ Kingdoms of the Sudan։ Methuen Young Books։ ISBN 978-0416774504 Peterson, Scott (2001). Me Against My Brother: At War in Somalia, Sudan and Rwanda—A Journalist Reports from the Battlefields of Africa. Routledge (London; New York City). 978-0-203-90290-5. Prunier, Gérard (2005). Darfur: The Ambiguous Genocide. Cornell University Press (Ithaca, New York). 978-0-8014-4450-0. Ruffini Giovanni R. (2012)։ Medieval Nubia. A Social and Economic History։ Oxford University Shackelford Elizabeth (2020)։ The Dissent Channel: American Diplomacy in a Dishonest Age։ Public Affairs։ ISBN 978-1-5417-2448-8 Shinnie P.L. (1978)։ «Christian Nubia.»։ in J.D. Fage։ The Cambridge History of Africa. Volume 2։ Cambridge: Cambridge University։ էջեր 556–588։ ISBN 978-0-521-21592-3 Spaulding Jay (1985)։ The Heroic Age in Sennar։ Red Sea։ ISBN 978-1569022603 Suliman Osman (2010)։ The Darfur Conflict: Geography or Institutions?։ Taylor & Francis։ ISBN 978-0-203-83616-3 Vantini Giovanni (1975)։ Oriental Sources concerning Nubia։ Heidelberger Akademie der Wissenschaften։ OCLC 174917032 Welsby Derek (2002)։ The Medieval Kingdoms of Nubia. Pagans, Christians and Muslims Along the Middle Nile։ London: British Museum։ ISBN 978-0714119472 Werner Roland (2013)։ Das Christentum in Nubien. Geschichte und Gestalt einer afrikanischen Kirche (գերմաներեն)։ Lit։ ISBN 978-3-643-12196-7 Zilfū, ʻIṣmat Ḥasan (translation: Clark, Peter) (1980). Karari: The Sudanese Account of the Battle of Omdurman. Frederick Warne & Co (London). 978-0-7232-2677-2.
4,505
Մարտիրոս Գունտագճեան
Մարտիրոս Հ․ Գունտագճեան Ծնած է Կեսարիա 1888-ին , ուր ուսումը ստանալէ վերջ, 1909-ին կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքին մէջ եւ Մարտ 31-ի դէպքին զարկ կուտայ ինքնապաշտպանութեան գործին, Յետոյ Պօլիս գալով 1913-ին կը վկայուի իրաւաբանական վարժարանէն եւ կը սկսի իր արուեստը կիրարկել, Անդամ «Ասպարէզ» քլիւպի , հիմնադիր Կեսարիոյ Կրթ․Միութեան եւ աշխատակից «Ճ․ Շարգիէ»ի ծննդավայրէն ընտրուող մեպուսներու մասին քննադատութիւններով ― Պօլիսէն Կեսարիա տարուելով կախաղան բարձրացած 13 Սեպտ․1915-ին, Գօնիայէն տարագիր իր փաստաբան ընկերոջ ԿԱՐԱՊԵՏ ԹԱՇՃԵԱՆի հետ նոյնպէս Դաշնակցական․ == Ծանոթագրություններ == == Աղբիւրներ == Յուշարձան, Կ․Պոլիս, 1919, էջ 39
22,831
Ուխտասարի ժայռապատկերներ
Ուխտասարի ժայռապատկերներ (նաեւ՝ Ուղտասարի ժայռապատկերներ, հազարաւոր ժայռապատկերնեէն կազմուած նախնադարեան հնավայր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի Հանրապետութեան, Շահումեանի շրջանի (քարվաճառեան հատուածին) սահմանագօտիին մէջ։ Աշխարհագրօրէն անիկա կը տարածուի Սիւնիքի բարձրաւանդակին կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող Ուխտասար եւ Ծղուկ լեռներուն շրջակայքը։ === Անուան ծագումը === Հնավայրին անունը յառաջացած է տարածքին մէջ գտնուող լերան անունէն, որուն ծագման վերաբերեալ երկու վարկած կայ։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ մարդիկ լեռը նմանեցուցած են ուղտի, որմէ ալ յառաջացած է լերան «Ուղտասար» անունը։ Միւսները կը պնդեն, որ անիկա ուղտի հետ որեւէ առնչութիւն չունի եւ կը պնդեն, որ անցեալին այդ տարածքը ուխտատեղի մը եղած է, որմէ ալ յառաջացած է լերան Ուխտասար անունը։ Ուխտասար նախաքրիստոնէական հնավայրը այսօր Տաթեւին հաւասար զբօսաշրջիկ կ'այցելէ: === Փաստեր === Ուխտասարի ժայռապատկերներուն խորհրդանշանները կը բացայայտեն, որ անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին եղափոխուելով ու զարգանալով` հասած են մինչեւ մեր օրերը: Թէեւ դարերու ընթացքին անոնց իմաստն ու բովանդակութիւնը փոփոխուած են (երբեմն նոյնիսկ` մոռցուած), սակայն ձեւութային առումով անոնք մնացած են գրեթէ նոյնը: Ու ամենակարեւորը, երբեմն ընդհատուած ըլլալով հանդերձ, անոնց շղթան չէ կտրուած: Այս մէկը կ'ապացուցէ, որ նախնադարէն ի վեր մշակութային նոյն յատկանիշները կրող ժողովուրդ մը կը շարունակէ գոյատեւել նոյն տարածքին` Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ: Այսինքն հայ ժողովուրդը բնի՛կ է, ոչ թէ` եկուոր: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
23,972
Քիլիս
Քիլիս, դաշտային Կիլիկիոյ այս քաղաքը կը գտնուի սուրիական Հալէպ քաղաքէն 60քմ հիւսիս՝ Հալէպի եւ Այնթապի ճիշտ մէջտեղը: Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր եղած է հայաբնակ: == Պատմութիւն == Մինչեւ 1915 ունէր 5250 հայ առաքելական, 327 հայ կաթողիկէ եւ 342 հայ բողոքական բնակչութիւն, որուն կը պատկանէին տնտեսական, առողջապահական, կրթական լծակները: Հայերը գլխաւորաբար զբաղած են արհեստներով, առեւտուրով, ձիթապտուղի իւղի արդիւնահանմամբ: Ընդարձակ արտեր ու այգիներ ունի Քիլիս, եւ կ՚արտադրէ ցորեն, գարի, ոսպ, սիսեռ, բամբակ, շուշմայ, չամիչ, գինի, օղի եւ ձէթ։ Հայերու տեղահանութիւնն սկսաւ 1915 թուականի Յունիս 28-ին: Սահմանամերձ ըլլալուն պատճառով հայերը ենթարկուեցան համեմատաբար «մեղմ» եղեռնի՝ նահատակուեցաւ «ընդամէնը» 1500 հոգի: Տէր-Զօր աքսորուածները ամբողջովին ջարդուեցան, մնացեալը տեղահանութենէն վերադարձան, սակայն 1921-ի ֆրանս-թրքական պայմանագիրի կնքումէն ետք, երբ Քիլիս անցաւ Թուրքիոյ, հայերն ստիպուած գաղթեցին Հալէպ: Իսկ 1925-ի թրքական իշխանութիւնները պայթեցուցին 1873-ի օծուած Ս. Յովհաննէս հոյակերտ եկեղեցին, ինչով վերացաւ հայութեան վերջին հետքը: == Ծանօթագրութիւններ ==
5,284
Ոջլոտութիւն
Ոջլոտութիւնը վարակիչ եւ համատարած հիւանդութիւն մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի. անոր վարակումը կը պատահի անթեւ եւ արիւն ծծող միջատի մը միջոցաւ, որ կը կոչուի ոջիլ (louse)։ Կան ոջիլի երեք տեսակներ, որոնք կ՚ապրին մարմնի երեք տարբեր մասերուն մէջ՝ գլուխ, ընդհանուր մարմին եւ սեռային արտաքին օրկաններու շրջապատ կամ ցայլք (pubis)։ Գլխու եւ ցայլքի ոջիլը կ՚ապրի վարակուած անհատին վրայ իսկ ընդհանուր մարմնի ոջիլը կ՚ապրի վարակուած անհատին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ։ == Գլխու Ոջլոտութիւն == Այս վարակը կը պատահի ընդհանրապէս դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներու մօտ, առաւելաբար աղջիկներու մօտ, սակայն ան կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ տեղ։ Ան հազուադէպ է սեւամորթներու մօտ։ Գլխու ոջիլը կը փոխանցուի անձէ անձ մազերու անմիջական շփումով։ Յստակ փաստեր չկան առողջ անձի մը վարակումին եթէ ան գործածէ վարակուած անձին սանտրը, մազի վրձինը եւ կամ գլխարկը, սակայն յայձնարարելի է հակառակը։ Անհատի մը չքաւորութիւնը, վատ առողջապահական կացութիւնը, ուսումը եւ զարգացումը ոչ մէկ դեր կը խաղան գլխու ոջիլի վարակումին հետ. ոջլոտութիւնը աղտոտութեան հետեւանքը չէ։ Ոջիլները կը տեղաւորուին եւ կը կառչին գլխու մազերուն, յօնքի, թարթիչներու եւ մօրուքի վրայ. անոնք կը բազմանան շատ արագ եւ կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները (nits) մազերու ցօղուններուն վրայ։ Իւրաքանչիւր ոջիլ կ՚արտադրէ 3-5 անիծներ, որոնք աւելի նշմարելի կ՚ըլլան քան ոջիլները։ Գլխու ոջլոտութեան միակ ախտանշանը հետեւեալն է՝ գլխու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու սուր քերուըտուք։ Անոր ախտաճանաչումը կ՚ըլլայ տեսնելով ապրող ոջիլները եւ անոնց մոխրագոյն եւ կամ բաց սրճագոյն անիծները որոնք առաւելաբար եւ շատ դիւրութեամբ կը տեսնուին ծոծրակին վրայ եւ ականջներուն ետեւը։ Յաճախ վարակուած երեխային անկողինին, բարձին եւ սաւանին վրայ նշմարելի կ՚ըլլան ոջիլները եւ անոնց անիծները։ Այս ախտին դարմանումը շատ պարզ է։ Կան յատուկ ոջիլասպան օծանելիքներ (ointments) եւ շամփուներ (shampoo), որոնք կը հարուածեն ոջիլները եւ վերջնականապէս կ’ոչնչացնեն ոչ միայն ոջիլները այլ նաեւ անոնց անիծները։ Այս դեղերով նախ պէտք է շփել մազերը քանի մը վայրկեան, ետքը ձգել մազերը ծածկուած ոջլասպան դեղով մօտաւորապէս 10 վայրկեան եւ ապա առատ ջուրով լուալ ամբողջ գլուխը։ Յանձնարարելի է որ ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ լուան իրենց գլուխները նմանօրինակ շամփուներով։ Չմոռնալ նաեւ լուալ ենթակային անկողինին սաւանը եւ բարձի երեսը 60-70 սանդիկրատ ջերմաստիճան ջուրով։ Դպրոցներու վերամուտին գլխու ոջլոտութիւնը յաճախակի երեւոյթ է եւ երբեմն ահազանգային։ Աշակերտի մը ոջլոտութիւնը կրնայ փոխանցուիլ անոր ընկերներուն շատ դիւրաւ, պարզապէս խաղի ընթացքին իրարու դպչելով եւ մազերու շփումով։ Ծնողներ պէտք չէ անհանգիստ ըլլան եւ պէտք չէ մտահոգուին, երբ տնօրէնութիւնը զիրենք տեղեակ պահէ դպրոցին մէջ յայտնաբերուած գլխու ոջլոտութեան պատահարէն, այլ անոնք շնորհակալ ըլլալու են տնօրէնութեան գիտակից եւ արթուն հսկողութենէն։ == Ընդհանուր Մարմնական Ոջլոտութիւն == Այս ոջլոտութեան պարագային ոջիլները կ՚ապրին վարակուողին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ եւ ոչ թէ անոր մարմնին վրայ։ Վարակումը կը պատահի ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, որոնք կ՚ապրին առաւելաբար տնտեսապէս աղքատ խմբաւորումներու եւ խճողուած հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ՝ անտուն եւ անտէր մարդոց մօտ, բանակային-զինուորական խումբերու մէջ, բանտարկեալներու մօտ, սկաուտական բանակավայրերու մէջ եւ ընկերային ու ժողովրդային մեծ հաւաքավայրերու մէջ։ Առողջ անհատ մը կը վարակուի գործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ կամ անոր անկողինը։ Ոջիլները կ՚ապրին ընդհանրապէս ուսերու, յետոյքի եւ փորի մազերու ցօղուններուն վրայ, ուր կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները։ Այս ոջլոտութեան ախտանշանները հետեւեալներն են՝ մարմնական տեղայնական քերուըտուք, մորթի կարմրագոյն խայթուածքի նշաններ եւ երկրորդական բորբոքումներու հետքեր։ Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ շատ պարզ է՝ ոջիլներուն եւ անոնց անիծներու ներկայութիւնը մարմնի զանազան բաժիններու մազերուն վրայ. իսկ դարմանումը կ՚ըլլայ գործածելով ոջիլասպան օծանելիքներ եւ շամփուներ։ Մարմնական ոջլոտութիւնը կանխարգիլելի է՝ չգործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ անոր անկողինը։ == Ցայլքի Ոջլոտութիւն == Ցայլքի ոջլոտութիւնը առաւելաբար կը տեսնուի երկու սեռերու երիտասարդներու եւ պատանիներու մօտ։ Առողջ անհատ մը կը վարակուի այս ոջլոտութեամբ, երբ ան սեռային անմիջական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ եւ կամ գործածէ անոր անկողինը, հագուստները եւ անձեռոցները։ Ոջիլները, որ յաճախ կը կոչուին ցայլոջիլ, կ՚ապրին ցայլքի մազերու ցօղուններուն վրայ եւ հոն կը ձգեն իրենց անիծները։ Անոնք կրնան տեսնուիլ մարմնի այլ տեղեր ալ։ Այս ոջլոտութեան ախտանշաններն են՝ քերուըտուք, մորթային սկրթումներ եւ փշտիկներ՝ հոս ու հոն եւ տեղայնական աւշագեղձերու յայտնաբերում։ Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ պարզ է՝ տեսնելով ոջիլները եւ անոնց անիծները մազերու ցօղուններուն վրայ ինչպէս նաեւ մորթին եւ հագուստներուն վրայ. իսկ անոր դարմանումը կ՚ըլլայ գործածելով ոջլասպան օծանելիքներ։ Հոս կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ վարակուած անձի մը սեռային ընկերակիցը անպայման նոյնանման դարմանումի պէտք է ենթարկուի։ Այս ոջլոտութիւնն ալ կանխարգիլելի է՝ չունենալով սեռային յարաբերութիւն վարակուած անձի մը հետ եւ չգործածելով անոր անկողինը եւ հագուստները։ == Աղբիւրներ == Բժիշկին Բ․ Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, էջ 143-145։
1,428
Մարի Աթմաճեան
Մարի Աթմաճեան (5 Դեկտեմբեր 1914(1914-12-05), Պրաֆա, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 13 Յունիս 1999(1999-06-13), Mandres-les-Roses, Վալ-դը-Մարն), սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, գրական եւ հասարակական գործիչ։ Բանաստեղծ Ա. Սեմայի Գեղամ Միհրան Աթմաճեանի քոյրը։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Պրաֆա։ Քոյրն է տարաբախտ բանաստեղծ ու գրագէտ Աթմաճեան Սեմայի։ 1915-ի Եղեռնին, Աղաճա Գըշլայի մէջ, ուր աքսորուած էին ընտանեօք, կ՛ենթարկուին անլուր տանջանքներու։ Հայրը խենեշօրէն կը սպանուի։ Իրենց կեանքին բաժինը գաղթականութիւն ու զրկանք կ'ըլլան։ Պոլիս, Սուրիա, Եթովպիա, Յունաստան եւ Ֆրանսա...: Ամուսնացած է Շարլ Շեվալիէ հետ, Փարիզ,1934ին: == Դպրոցական կեանք == Կ'աշակերտէ Պոլսոյ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանին։ Գրականութեան իր ուսուցիչը եղած է Արշակ Չօպանեան։ Գրական նախափորձերը կը հրատարակուին Ա. Սեմայի «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» ամսագիրներուն մէջ։ == Ստեղծագործութիւններ == 1939-ին՝ լոյս կը տեսնէ գրական իր առաջին երգը, թատերակ մը։ 1947-ին՝ կը հրատարակէ առաջին քերթողագիրքը՝ «Գողգոթայի Շուշաններ»: 1951-ին՝ երկրորդը՝ «Աստեղաքաղ»: 1961-ին՝ «Գաղթաշխարհի Երգեր»: 1967-ին՝ «Ոսկի Գեղօն»: 1974-ին՝ «Վերջալոյսէն Առաջ»։Խորքի եւ կառոյցի իր բոլոր ընկրկումներուն հակառակ, 1920-1950-ական թուականներու գրական հանգրուանին մէջ յիշատակելի անուններէն մէկն է: == Ծանօթագրութիւններ ==
414
1725 թուական
1725 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 25րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1725 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1725 մահեր Փետրուար 8՝ Մեծն Պետրոս (ռուս.՝ Пётр Великий կամ՝ Պետրոս I ռուս.՝ Пётр 1-ый, ծն.1672), Ռուսիոյ ցար եւ ապա՝ կայսր Հոկտեմբեր 10՝ Աստուածատուր Ա. Համադանցի (ծն.թուականը՝ անյայտ), ամենայն Հայոց կաթողիկոս 1715-էն
8,068
Փոլ Կիրակոսեան
Փոլ Կիրակոսեան (25 Դեկտեմբեր 1926(1926-12-25)[…], Երուսաղէմ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - 20 Նոյեմբեր 1993(1993-11-20), Պէյրութ, Լիբանան), հայ գեղանկարիչ։ Կիրակոսեանի գործերը յատկանշող երկարաւուն մարմինները կը ցոլացնեն մայրութեան, hոգեկանութեան, տարագրութեան եւ աշխատանքի նիւթեր, որոնք կ՚արձագանգեն իր անձնական փորձառութիւններուն եւ դիտարկումներուն։ Իր դիմանկարներուն եւ բնանկարներուն կողքին, ան նաեւ ցոլացուցած է հայ կեանքը եւ ցեղասպանութեան ու աքսորի փորձառութիւնը։ == Կենսագրութիւն == Փոքր տարիքէն, կրած է տարագրութեան դառնութիւնները։ Ինք ու եղբայրը՝ Անթուան, գիշերօթիկ դպրոցներ յաճախած են, մեծնալով իրենց մօրմէն հեռու, որ պէտք է աշխատէր անոնց կրթութիւնը ապահովելու համար։ 1940ական թուականներուն, Կիրակոսեանն ու իր ընտանիքը փոխադրուած են Եաֆա, ուր ապագայ արուեստագէտը յաճախած է «Եարքոն» արուեստանոցը (1944-1945) իր նկարչական ձիրքերը զարգացնելու համար։ Նախապէս կը գտնուէր Պաղեստին ուր մաս կը կազմէ երիտասարդ նկարիչներու խմբակցուչեան մը «Սչիւտիո Եարքուն» անունով։ Այս շրջանէն սկսեալ Կիրակոսեան կը դառնայ ինքնուրոյն նկարիչ մը ըլլալ։ 1945-ին կը հաստատուի Պէյրութ Նահրի շրջանը ոըր կը դծէ անընդհատ տեսած դէմքերը եւ դէպքերը։ Երկու տարուայ աշխատանքէն ետք ետք Սալահ Սթեթիէ եւ նկարիչ Ժոզէֆ Թերճան զայն կը գտնեն . իր գործերէն մի քանին կը ցուցադրեն Կալէրի Ոտիի մէջ, ուր անոնք աչքի կը զարնեն։ 1950ական թուականներուն, նկարիչը սկսած է իր սեփական գործը եղբօր հետ, նկարելով շարժապատկերի սրահներու գովազդներ, որմազդներ, եւ գիրքերու պատկերազարդումներ։ 1951-ին կու տայ իր առաջին խմրական ցուցահանդէսը Ազգ.Թանգարանին մէջ, որուն կը ճաջորդեն կարգ մը անհատական փայլուն ցուցահանդէսներ, յատկապէս Ֆլորանսի, Սիէնի, Լա փալէթ եւ սանդր տ'էթիւտ եւ իւնեսքոյի մէջ։ Մեծ գովասանքի եւ քաջալերութեան արժանացաւ Փոլ Կիրակոսեան իր ինքնատիպ նկարներուն համար։1952 թուականին ան կ'ամուսնանայ Ճուլիեթ Հինտեանի հետ որ նաեւ եղած է իր նկարչութեան առաջին աշակերտուհին: Անոնք կ'ունենան 6 զաւակներ՝ Սիլվա, Էմմանուել, Արաքսի, Ժան-Փոլ, Արա եւ Մանուելլա: Բայց Արան կը մահանայ իր ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ Փոլ անոր համար կը գծէ ու կը նուիրէ մի քանի գործեր: Անոր զաւակները սորված են տարբեր արուեստի ոճեր, բայց Էմմանուել, Ժան-Փոլ եւ Մանուելլա կը շարունակեն իրենց կեանքի ընթացքը որպէս գեղանկարիչներ: Փոլի ընտանիքը, նոյնիսկ անոր մահէն ետք շարունակեցին հոգալ անոր գործերուն: Փոլ Կիրակոսեան մահացած է 20 Նոյեմբեր, 1993ին, Պէյրութի մէջ։ Այդ առաւօտ, հոյակապ իւղանկար մը աւարտելէ ետք, իր ընտանիքին յայտնած է, թէ իր լաւագոյն գործն էր, ըսելով, թէ վերջապէս իրագործած էր իր ակնկալութիւնը՝ հինն ու նորը մէկտեղել մէկ նկարի մէջ։ Նկարը, զոր ընտանիքը աւելի ուշ կոչած է «Հրաժեշտը», կը մնայ անստորագիր՝ ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։ == Ցուցահանդէսներ եւ մրցանակ == 1956ին նկարչութեան մրցանքի մը առաջին տեղը գրաւած է, արժանանալով իտալական կառավարութեան կրթաթոշակի մը՝ Ֆլորանսի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ ուսանելու։ Իտալական քաղաքին մէջ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է։ Առաջին մրցանակ շահած է 1958ի Փարիզի երկամեային եւ 1961ի Ֆլորանսի երկամեային։ Լիբանանահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեան իր գործերուն մէկ ցուցադրութիւնը տուաւ Մայիս 12, 1966-ին Սանթրը տ'ԷԹիւտ Սիւփէրիորի մէջ։ Առաջին օրէն իսկ 13 պաստառներ դնուեցան ծանօթ արուեստասէրներու կողմէ։ Արուեստի քննաղատներ մեծ գովասանքով արտայայտուեցան երիտասարդ արուեստագէտի ստեղծագործութիւններուն մասին։ 1977-ին Ճորճ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուր» (Centre Beau-bourg) արուեստի կեդրոնի մէջ Փոլ Կիրակոսեանի «Ժամանակի Ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը (իւղաներկ, չափը՝ 90 x 80 սմ.), ներառնուեցաւ այս միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած արուեստի կեդրոնէն ներս: 1972ին անձնական ցուցահանդէս մը տուած է Երեւանի մէջ, եւ 1981ին ստացած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան Մարտիրոս Սարեանի անուան մրցանակը։ 1989ին նկարիչը Փարիզ մեկնած է իր գործերը ցուցադրելու համար, հոն մնալով մինչեւ 1991։ Այդ տարիներուն իր ամենամեծ գլուխ-գործոցներէն մէկ քանին նկարած է։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (մահ՝ 20 Նոյեմբեր, 1993) Փոլ Կիրակոսեան Դարձաւ Հիմնաքարը Պոլսոյ 14-րդ Պիենալէի Հայկական Նախագիծին Փոլ Կիրակոսեանի գործը՝ Փարիզի «Սանթր Պոպուր»-ի մէջ August 28, 2017
1,263
Red (ալպոմ)
Red (հայ.՝ Կարմիր), ամերիկացի երգչուհի Թէյլըր Սուիֆթ չորրորդ սդուտիական ալպոմը, թողարկուած է 22 Հոկտեմբեր 2012-ին, Big Machine լէյպլով: Առաջին շաբթուայ ընթացքին ԱՄՆ-ի մէջ ալպոմը վաճառուած է աւելի քան 1.2 միլիոն օրինակ, այս վերջին տասը տարիներու ընթացքին ամէնաբարձր ցուցանիշն էր։ Ալպոմը թողարկուելէ ետք յայտնուած է Billboard 200 շարքի առաջին հորիզոնականին մէջ եւ 16 շաբաթ շարունակ գլխաւորած է US Billboard Top Country Albums շարքը։ Ալպոմը առաջինն էր նաեւ Անգլիոյ մէջ, Աւստրալիոյ մէջ, Գանատայի մէջ, Իրլանտիոյ մէջ եւ Նոր Զելանտիոյ մէջ: Ալպոմին անուանումը եւ լուսանկարը պաշտոնապէս ներկայացուած է 13 Օգոստոս 2012 թուականին, սկաւառակի առաջին երգին թողարկման ժամանակ՝ «We Are Never Ever Getting Back Together»: Յաջորդ չորս արժէքաւոր երգերը թողարկուած են ալպոմին թողարկումէն մէկ ամիս առաջ, որոնցմէ երեքը եղած են Billboard Hot 100 շարքին լաւագոյն տասնիակին մէջ։ Ալպոմը ստեղծուած է համագործակցութեան շնորհիւ՝ Կարի Լէյտբոտի եւ Էտ Շիրանի հետ։ Թեյլորի այս ալպոմը երաժշտական նոր ժանրէն է։ Ալպոմին մէջ ներառուած են 16 երգեր (առանց աւելորդ-տարբերակին): == Ալպոմին Մասին == Թեյլորը կը բացատրէ, թէ ինչ կը նշանակէ ալպոմին անունը՝ Առաջին երգին նախացուցադրումը տեղի ունեցած է 13 Օգոստոս 2012 թուականին, երգը «We Are Never Ever Getting Back Together»-ն էր, որմէ ետք ալպոմը գրաւեց Billboard Hot 100 շարքի առաջին հորիզոնականը։ 623000 դիտող առաջին շաբթուայ ընթացքին, երգը գրաւած է երկրորդ դիրքը, ամէնավաճառւող թուային ալպոմներու մէջ (1991 թուականէն), զիջած է միային 2009 թուականին թողարկուած Flo Rida «Right Round» ալպոմին պատճառով: Այժմ միայն ԱՄՆ-ի մէջ ունի աւելի քան երեք միլիոն դիտող։ Երկրորդ երգը «Begin Again», որ թողարկուած է 25 Սեպտեմբեր 2012 թուականին։ Միայն «ITunes» թողարկումէն քանի մը ժամ ետք, այս երգը դարձաւ առաջինը։ Այս երգը առաջին շաբթուայ ընթացքին վաճառուած է աւելի քան 299000 թուային օրինակ եւ «Billboard Hot 100» շարքին մէջ եղած է իոթներորդ դիրքը։ «I Knew You Were Trouble» երգը թողարկուած է 27 Նոյեմբեր 2012 թուականին, դառնալով ալպոմին երրորդ երգը։ Թեյլոր Սուիֆթ դարձաւ պատմութեան առաջին թուային կատարողը, որ ալպոմին մէջ ունի երկու երգ, վաճառուած աւելի քան 400000 օրինակ։ Ալպոմը «Billboard Hot 100» շարքին մէջ երրորդն էր, վաճառուելով աւելի քան 416000 օրինակ։ «I Knew You Were Trouble» երգը դարձաւ ամէնայաջող երգը, ԱՄՆ-ի մէջ վաճառուելով 3 միլիոն օրինակ։ Ալբոմին չորրորդ երգը դարձաւ՝ «22»-ն: Հինգերորդ երգը «Red»-ն է։ Ալպոմին վեցերորդ երգը դարձաւ Էտ Շիրանի մասնակցութեամբ «Everything Has Changed» երգը։ Իոթներորդ երգը՝ «The Last Time», ուր Թեյլոր կ'երգէ Կեր Լէյտբոտի հետ, որ թողարկուած է 19 Հոկտեմբեր 2013 թուականին։ == Երգացանկ == == Շարքեր == === Շաբթուայ Շարքեր === |style="width:50%; "| === Տարեվերջի Ամփոփուած Շարքեր === === Վերջնական Հիթ-շարք === |} == Թողարկման Յաջորդականութիւն == == Ծանօթագրութիւններ ==
3,771
Կառուցուածք (մաթեմաթիկական)
Կաղապար:Այլ կիրառումներ Կառուցուածք (մաթեմատիկա), մաթեմատիկական համակարգերու առավել ընդհանուր հասկացութիւն, որուն միջոցով կը հնարաւորէ միանման եղանակներով կառուցել աքսիոմներու համախմբութեամբ նկարագրուած համակարգեր։ Այդ եղանակներով հեշտութեամբ կ՛որոշուին, օրինակ, խումբը, տոպոլոգիական տարածութիւնը, կավարը եւ բազմաթիւ այլ համակարգեր։
4,694
Սերկէյ Միքայէլեան
Սերկէյ Գերասիմի Միքայէլեան (1 Նոյեմբեր 1923(1923-11-01), Մոսկուա, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 10 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-10), Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսիա), ֆիլմի եւ թատրոնի խորհրդային բեմադրիչ, սենարիստ, ֆիլմի նկարիչ, ՌԽՖՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1976), ՌԽՖՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ (1983)։ == Կենսագրութիւն == Սերկէյ Միքայէլեան, ծնած է 1923 թուականին Մոսկուայի մէջ։ Մասնակցած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, վիրաւորուած է Ռժեւի ճակատամարտին։ 1951 թուականին աւարտած է Մոսկուայի Ա․ Լունաչարսքիի անուան Թատերական արուեստի պետական հիմնարկի բեմադրիչի բաժինը՝ Պորիս Զախաւայի, Մարիա Քնեպելի եւ Ա․ Փոփովի արուեստանոցը։ 1959 թուականին յաճախած է Մոսֆիլմին կից բեմադրիչի դասընթացները։ Ներկայացումներ բեմադրած է Սարաթովի, Կորքիի (ներկայիս՝ Թուէր) թատրոններուն մէջ, 1954-1956 թուականներուն եղած է Թաշքենթի Մաքսիմ Կորքիի անուան ռուսական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչը։ 1956 թուականէն Լենֆիլմ, 1959-1961 թուականներուն՝ Մաքսիմ Կորքիի անուան սթուտիոներու բեմադրիչը եղած է։ 1989 թուականին դարձած է Պետրոպոլ ստուդիայի գեղարուեստական ղեկավարը։ Անոր ֆիլմերուն մէջ նկարահանուած են յայտնի դերասաններ Անտրէյ Մեախքովը, Օլեկ Եանքովսքին, Եւկենի Լեոնովը եւ այլն։ == Մրցանակներ եւ պարգեւներ == ԽՍՀՄ պետական մրցանակ (1976)՝ «Մրցանակ» ֆիլմի համար (1974) ՌԽՖՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ (28 Հոկտեմբեր, 1983) ՌԽՖՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ (1976) Համամիութենական կինոփառատոնի մրցանակ (1983)՝ «Սիրահարուած եմ իմ ցանկութեամբ» ֆիլմի համար (1982) == Թատերական աշխատանքներ == Ի․ Իրոշնիկովայի «Ինչ-որ տեղ Սիպիրում» (1951, Սարատովի պատանի հանդիսատեսի թատրոն) == Ֆիլմագրութիւն == === Դերերը === === Մասնակցութիւն՝ ֆիլմերու մէջ === === Բեմադրիչ === === Սենարիստ === === Նկարիչ === == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == «Надёжный солдат». «Санкт- Петербургские ведомости», выпуск № 082 от 10 мая 2011. Встреча с С. Г. Микаэляном. (ռուս.)
18,929
Աշոտ Սաթեան
Աշոտ Մովսէսի Սաթեան (18 Յունուար 1906(1906-01-18), Մարի, Անդրկասպյան մարզ, Թուրքեստան, Ռուսական Կայսրութիւն - 30 Սեպտեմբեր 1958(1958-09-30), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ խորհրդային երաժշտահամ եւ խմբավար-ղեկավար։ ՀԽՍՀ արուեստի աստակաւոր գործիչ (1947)։ == Կենսագրութիւն == Աշոտ Սաթեանը ծնսծ է 1906 թուականին Մերվ քաղաքին մէջ: Հետագային ընտանիքը տեղափոխուեր է Պաքու, ուր Սաթեանը մտեր է Կարմիր Բանակի շարքերը, 1921-1926 թուականներուն եղեր է փողային նուագախումբի երաժիշտ, այնուհետեւ նուագախմբի ղեկավար (կապելմայստեր): 1926-1930 թուականներուն սորված է Պաքուի Հայարտան երաժշտական տաղաւարին մէջ (Ա. Մայիլեանի ղեկավարութեամբ)։ 1930 թուականէն բնակած է Երեւանի մէջ, 1936 թուականին աւարտել է [[Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ստեղծագործական (դասատուներ՝ Հարօ Ստեփանեան, ապա՝ Սարգիս Պարխուտարեան, Վարդգէս Տալեան) եւ խմբավարական (դասատու՝ Կոստանտին Սարաճեւ) դասարանները։ 1930-1939 թթ.՝ Սունդուկեանի անուան թատրոնը երաժշտական մասի վարիչ եւ խմբավար, 1939-1947 թթ. ղեկավարեր է «Հայկինո» տաղաւարի երաժշտական մասը։ 1947-1952 թթ.՝ Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան վարչության նախագահ, ԽՍՀՄ երաժշտահաններու միութեան վարչութեան անդամ։ === Երաժշտութիւն բեմադրութիւններու համար === Պոմարշէի «Ֆիկարոյի ամուսնութիւն կամ խելահեղ օր» (1933) Նիկոլայ Կոկոլի «Ռեւիզոր» (1934) Լ. Սլավինի «Ինթերվենցիա» (1934) Դերենիկ Դեմիրճեանի «Քաջ Նազար» եւ «Նափոլէոն Կորկոտեան կամ համառօտ երջանկութիւն» (1934) Հակոբ Պարոնեանի «Ատամնաբոյժն արեւելեան» (1935) Ալեքսանդր Օսթրովսքու «Ամպրոպ» (1936) Յոհան Ֆրիտրիխ Շիլլերի «Սէր եւ խարդաւանք» (1938) Ճաֆար Ճապարլիի «1905 թուական» (1939) === Երաժշտութիւն ֆիլմերու համար === «Դաւիթ Պէկ » «Մեր կոլխոզի մարդիկ» «Արարատեան դաշտի աղջիկը» «Ում է ժպտում կեանքը» «Գվարդիականի կինը» «Դուստրը» «Երկիր հարազատ» «Անահիտ» «Լեռնային լճի գաղտնիքը» «Սովետական Հայաստան» «Դարեր եւ տարիներ» == Պարգեւներ == «Պատւոյ նշան» շքանշան (1939) ՀԽՍՀ արուստի վաստակաւոր գործիչ (1947) Աշխատանքային Կարմիր դրօշի շքանշան (1956) «Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Անձնուէր աշխատանքի համար» մետալ Սթալինեան մրցանակ (1952) == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւրներ == Гл. ред. Ю. В. Келдыш. Музыкальная энциклопедия. — М.: Советская энциклопедия, 1978. — Т. 4. — С. 866. — 975 с.
4,588
Սերգէյ Մերկելեան
Սերգէյ Մերկելեան (19 Մայիս 1928, Սիմֆերոփոլ — 20 Օգոստոս 2008, Լոս Անճելըս), հայ թուաբանագէտ, գիտութեան եւ կրթութեան ականաւոր գործիչ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1928 թուականին Սիմֆերոփոլի մէջ։ Թեկնածուական թէզը կ'առնչուէր գործառնութեան մօտաւորութեան տեսութեան։ 1951 թուականին Մերկելեանը ապացուցած է բազմանդամային մօտաւորութեան հայեցողութիւնը։ 19 տարեկանին էքստըրը աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան եւ թուաբանութեան դպրոցը։ 21 տարեկան հասակին Մերկելեանը կը դառնայ գիտութիւններու դոկտոր, 25 տարեկանին կ'ընտրուի ԽՍՀՄ եւ ՀՍԽՀ ԳԱ թղթակից անդամ, իսկ 28 տարեկանին՝ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս։ Ան եղած է ԽՍՀՄ ԳԱ Ստեկլովի անուան Թուաբանութեան հաստատութեան բարդ վերլուծութեան բաժինի հիմնադիրը եւ ղեկավարը։ Հետագային Հայաստանի մէջ հիմնած է թուաբանական մեքենաներու Երեւանի գիտահետազօտական հաստատութիւնը, իսկ հետագային նաեւ արտադրական ձեռնարկներ։ Այդպիսով սկիզբ դրուած է ժամանակակից հաշուիչ մեքենաներու արտադրութեան ստեղծման Հայաստանի մէջ։ Շնորհիւ Մերկելեանի կազմակերպական տաղանդի՝ Հայաստանը դարձաւ այդ ուղղութեամբ ԽՍՀՄ հիմնական կեդրոններէն մէկը։ Հատատութեան տնօրէնը եղած է 1956-1960 թուականներուն։ Մերկելեանը ԽՍՀՄ տարիներուն արժանացած է Սթալինեան մրցանակի, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 26 Մայիս 2008-ի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով։ Շքանշանը անոր յանձնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, քանի որ այդ ժամանակ Մերկելեանը մշտական բնակութիւն հաստատած էր ԱՄՆ-ու մէջ։ Մերկելեանը մահացած է 2008 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութունէ ետք։ == Գրականութիւն == Աշոտ Արզումանեան, Հրաշալի էստաֆետը, Երեւան, «Հայաստան», 1971, 207 էջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Յօդուած «Ազգ» օրաթերթին մէջ Սերգէյ Մերկելեանի մասին։ Սերգէյ Մերկելեանի կենսագրութիւնը Սերգէյ Մերկելեանը www.people.am կայքէջին վրայ Ռեզյումեն ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կայքէջին վրայ։ Սերգէյ Մերկելեանը թուաբանական տոհմածառ նախագիծին մէջ Սերգէյ Մերկելեանի մասին «Նոյեան տապանի» յիշարժան տարեթիւերուն մէջ։
20,860
ԱքցյօնսԿէմայնշաֆթ
ԱքցյօնսԿէմայնշաֆթ (AktionsGemeinschaft) Աւստրիոյ ուսանողներու միութեան մէջ քաղաքական միութիւն մըն է: Ան ինքզինքը չէզօք կը համարէ, սակայն անոր գաղափարը կը հետեւի Աւստրիոյ ժողովրդական կուսակցութեան եւ 1990-ական թուականներու իրմէ դրամական օգնութիւն ստացած է: Ան ստեղծուած է 1982/3-ին եւ այդ ժամանակուընէ ի վեր ԱՈւՄ-ի մէջ ամենէ զօրաւոր միութիւններէն մէկն է: == Արտաքին յղումներ == ԱքցյօնսԿէմայնշաֆթի գլխաւոր էջ՝ https://aktionsgemeinschaft.at/wp/ == Ծանօթագրութիւններ ==
23,222
Սուրէն Ստեփանեան
Սուրէն Ստեփանեան (10 (22) Յունիս 1895, Գանձակ, Ռուսական Կայսրութիւն - 29 Դեկտեմբեր 1971(1971-12-29), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), քանդակագործ, մանկավարժ եւ արուեստագէտ եւ արուեստի տեսաբան։ Եղբայրն է քանդակագործ Արմենակ Ստեփանեանին: == Կենսագրական գիծեր == Ծնած է Ռումանիա։ Նախնական կրթութիւն ստացած է ծննդավայրին մէջ ապա 1915 թուականին ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի համալսարան: Համալսարանական ուսման կողքին քանդակագործութեան անհատական դասեր ստացած է յայտնի քանդակագործ Լէոնիտ Շերվուտէն: Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով որոշ ժամանակ ուսումը կէս ձգելով մասնակցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին. պատերազմէն ետք՝ 1918 թուականին մեկնած է Թիֆլիս, ուր ուսումը շարունակած է Կովկասեան ընկերութեան գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1920 թուականին: == Գործունէութիւն == Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ աշխատած է զանազան արհեստանոցներէ ներս եւ ապա 1927 թուականին գալով Երեւան աշխատանքի անցած է ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի ղեկավարած արհեստանոցէն ներս: Ստեփանեան 1945-1971 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառէն ներս։ == Ցուցահանդէսներ == Ստեփանեան 1926 թուականէն սկսած է մասնակցիլ ցուցահանդէսներու. անոր քանդակներէն շատեր մինչեւ օրս կը զարդարեն Երեւանի փողոցները. ինչպէս՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի, Պերճ Պռոշեանի, Ստեփան Աղաջանեանի, Յովսէփ Օրբելիի, Արա Սարգսեանի, դերասանուհի Սիրանոյշի եւ այլոց արձանները: Անոր այլ ժանրի յայտնի գործերէն են․ «Վերադարձ շուկայից», «Կուժով գեղջուհին», «Երեխային լողացնող մայրը», «Երեխայի լոգանք» եւ այլ աշխատութիւններ:Քանդակագործին գործերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, Մոսկուայի Արեւելքի ժողովուրդներու պետական թանգարանին, ինչպէս նաեւ յայտնի այլ պատկերասրահներու եւ թանգարաններու մէջ: == Կոչումներ == 1947 թուականին ստացած է տոքթորի կոչում,իսկ շնորհիւ իր վաստակին, 1950 թուականին արժանացած է Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ կոչումին: == Պատկերասրահ == == Ծանօթագրութիւններ ==
6,583
Տաղարան (համոյթ)
«Տաղարան», հնագոյն երաժշտութեան համոյթ։ Հիմնադրուած է 1981 թուականին, սկզբնապէս, «Շարական» անունով (մինչեւ 1985)։ 1988 թուականէն՝ պետական համոյթ։ == Պատմութիւն == Համոյթը հիմնադրուած է Երեւանի մէջ, 1981 թուականին։ Հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Գրիգոր Դանիելյան (Դանիէլ Երաժիշտ)։ 1985-1987 թթ. «Տաղարանը» գործած է առանց գեղարուեստական ղեկավարի։ 1987 թուականին երգահան Երուանդ Երկանեանը, ստանձելով «Տաղարանի» գեղարուեստական ղեկավարութիւնը, նոր շունչ բերաւ համոյթի համերգային, ստեղծագործական կեանքին մէջ, կարճ ժամանակամիջոցոին ստեղծելով ծաւալուն նոր նուագացանկ, որ կ'ընդգրկէր 300-էն աւելի հայ հոգեւոր, ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգերու բարձրարժէք եւ նրբաճաշակ մշակումներ։ «Տաղարան» համոյթի ներկայիս գեղարուեստական ղեկավար եւ դիրիժորն է դաշնակահար Սեդրակ Երկանեանը (1994-էն), որ կը շարունակէ զարգացնել համոյթի առջեւ դրուած գեղագիտական եւ գեղարուեստական խնդիրները։ «Տաղարանն» կոչուած է համերգային բեմ բարձրացնելու, տարածելու եւ քարոզելու հայ միջնադարեան հոգեւոր երգարուեստի գանձերը։ Այդ է պատճառը, որ անոր նուագացանկին մէջ միշտ կեդրոնական տեղ գրաւած են V-XV դարերու հեղինակներու շարականներն ու տաղերը։ «Տաղարանի» ծրագիրներուն մէջ առաջին անգամ նորէն ներկայացուած է հայկական ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ նուագներ։ == Գործունէութիւն == Համոյթի գործունէութեան մէկ այլ հետաքրքրական կողմը կապուած է եւրոպական միջդասական եւ պարոկ շրջանի երաժշտութեան հետ։ Ունկնդրի դատին պարբերաբար կը ներկայացուին գերմանական, ֆրանսական, իտալական եւ այլ ժողովուրդներու հնագոյն երաժշտութեան ամբողջական ծրագրեր։ Համոյթի երաժշտական մեկնաբանութիւնները աչքի ինկած են ոճական ճշգրտութեամբ, բարձր կատարողական մակարդակով, հնչերանգներու հարստութեամբ, մենակատարներու եւ համոյթի ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած հնչողութեամբ։ «Տաղարանը» համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, Արցախի, նախկին Խորհրդային Միութեան երաժշտական կեդրոններուն մէջ։ Համոյթն իր մասնակցութիւնը ունեցած է միջազգային շարք մը փառատօներուն մէջ։ «Տաղարան» համոյթը մասնակից է բացառիկ համերգներու՝ կազմակերպուած դեսպանատուներու կողմէ։ == Գործիքային Կազմ == Երկու ֆլեյտա Ֆագոտ Բլուլ Տուտուկ Հոբոյ Լարային քառեակ Ուտ Սանթուր Երգեհոն (կամ կլավեսին, դաշնամուր) == Ծանօթագրութիւններ ==
1,345
Աշոտ Աբրահամեան
Աշոտ Արսէն Աբրահամեան (17 Սեպտեմբեր 1918(1918-09-17), Գեղամավան, Նոր Բայազետի գավառ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն - 16 Ապրիլ 1985(1985-04-16), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ լեզուաբան, մասնագէտ (1964), ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1965), մանկավարժ։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է Շահրիզ (այժմ՝ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաուան) գիւղին մէջ։ 1937-էն սկսեալ աշխատած է որպէս ուսուցիչ Հրազդանի շրջանի դպրոցներուն մէջ, վարած է նաեւ ուսմասվարի եւ տնօրէնի պաշտօններ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի հեռակայ մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1948-ին պաշտպանած է աւարտաճառը եւ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, 1943-էն մինչեւ մահ դասախօսած է նոյն հիմնարկին մէջ։ 1950-1959 պաշտօնավարած է ՀԽՍՀ ԳԱ լեզուի հիմնարկին մէջ իբրեւեւ բաժինի (զինուորական գործողութեան վայրի) վարիչ, 1960-էն սկսեալ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ հայոց լեզուի բաժինի վարիչն էր։ 1963-ին կատարած է իր մասնագիտական աւարտաճառը։ Վարած է ժամանակակից հայոց լեզուի, գրաբարի, լեզուաբանութեան ներածութեան բուհական դասընթացները։ Ուշագրաւ ներդրում ունի հայերէնի, մասնաւորապէս արդի գրական լեզուի բայակազմութեան, բայական կարգերու ձեւաբանական հատկութիւններու քննութեան բնագաւառին մէջ։ Գրաբարի հանդէպ անոր կազմած ձեռնարկը ակնյայտօրէն նպաստած է հին գրական հայերէնի ուսուցման գործին։ Հանդէս եկած է բազմաթիւ արժէքաւոր յօդուածներով, որոնց մէջ անդրադարձած է հայերէնի պատմական հնչիւնաբանութեան, բառաքննութեան խնդիրներուն, լեզուի աւանդման գիտաձեւական խնդիրներու եւն։ Անոր թարգմանութեամբ (գրաբարէն աշխարհաբար) լոյս տեսած է Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը» (1972)։ Մահացած է Երեւան։10 ապրիլ 1981-էն 1977 ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Աբրահամեան, որ արդէն գիտութեան վաստակաւոր գործիչ էր, գիտութիւններու ակադեմիոյ լեզուի հիմնարկին մէջ հայ մատենագիրներու համաբարբառը կազմելու աշխատանքները ղեկավարելու համար ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Վիկթոր Յամբարձումեանի ձեռքէն կը ստանայ իր «Վաստակագիրը»: Տարբեր տարիներու եւ տարբեր առիթներով Աշոտ Աբրահամեանը յօդուածներ նուիրուած է արուեստի ու գրականութեան երւելի դէմքերուն՝ Մարտիրոս Սարեանին, Առնո Բաբաջաեանին, Մուշեղ Գալշոեանին եւ ուրիշներու։ Երիտասարդ տարիներուն բանաստեղծուիւններ։ == Թարգմանութիւններ == Աշոտ Աբրահամեանի մեծագոյն ծառայութիւնը հայագիտութեան հանդէպ եղած է եւ կը մնայ հայ միջնադարի երկու մեծարժէք մատեաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը։ === Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը» === 1971-ին լոյս տեսած է Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը» Աշոտ Աբրահամեանի թարգմանութեամբ, որուն միացած են գիտական առաջաբան եւ հմուտ ծանօթագրութիւններ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է համեմատական քննութեամբ մինչ այդ եղած այլալեզու թարգմանութիւններու եւ անոնց կցուած ծանօթագրութիւններու հետ։ Ա. Աբրահամեան, թարգմանութիւնը կատարելու ճամանակ ծանոթացած է զրադաշտական կրօնի հետ կապուած գիտական գրականութեան, հին շրջանի յոյն փիլիսոփաներու ուսմունքներուն, Մխիթարեան հայրերու՝ Եզնիկ Կողբացիի երկերուն տրուած մեկնութիւններուն։ === Ստեփանոս Օրբելեանի «Սիւնիքի պատմութիւն» === Այս երկը ներկայացնող առաջաբանին մէջ, Աշոտ Գրիգորեան, խօսած է այդ պատմութեան այլալեզու թարգմանութիւններու մասին։ Ստեփանոս Օրբելեանի «Սիւնիքի պատմութիւնը» առաջին անգամ թարգմանուած է լատիներէն (1717, Պեռլին)։ Անոր ֆրանսերէն թարգմանիչները եղած են Սէն-Մարտենը եւ Մարի Պրոսսեն։ Օրբելեանի երկը նաեւ թարգմանուած է ռուսերէնի ու վրացերէնի։ Հայերէն աշխարհաբարը թարգմանուած է այս բազմալեզու հրապարակումներէն տարիներ եսք: Թարգմանութեան ծանօթագրութիւնները, որոնք խիստ մանրատառ են, գիրքի 405–549 էջերը կը գրաւեն, թուաքանակով 1778-ի կը հասնին։ Անոնց հիմքին մէջ ինկած են գիրքի այլալեզու թարգմանութիւններու հեղինակներու բացատրութիւնները։ Թարգմանութեան առաջաբանը հետազօտական առումով երկու կարեւոր ենթաբաժիններու բաժնուած է, որոնք կը պարզեն մատենագրական այդ գլուխգործոցի ստեղծման դրդապատճառները, սկզբնաղբիւրները, ժամանակային ընդգրկումն ու պատմագիտական արժէքը, երկի լեզուն ու ոճը, պատմագիտական միւս երկերը։ == Ա. Աբրահամեանի Երկերը == Գրաբարի ձեռնարկ, Երեւան, 1952-1976։ Հայերէնի դերբայները եւ անոնց ձեւաբանական նշանակութիւնը, Երեւան, 1953։ Բայը ժամանակակից հայերէնին մէջ, Երեւան, 1962։ == Կոչումներ եւ Պարգեւներ == Գիտամանկավարժական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան պատճառով, 1965-ին Աշոտ Աբրահամեանին շնորհուած է ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործչի կոչում։ 1977-ին ընտրուած է ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ։ Աշոտ Աբրահամեան պարգեւատրուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանով եւ մետալներով, Գերագոյն սովետի քանի մը վկայագիրով։ == Գրականութիւն == Է. Բ. Աղաեան, Հայ լեզուաբանութեան պատմութիւն, հ. 2, Երեւան, 1962։ == Աղբիւրներ == Աելիտա Դոլուխանեան «Տաղանդաւոր լեզուաբանն ու մեծ մանկավարժը» (ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Արսենի Աբրահամեանի ծննդեան 90-ամյակին), պատմաբանասիրական հանդէս № 1, 2008, էջ 290-294 Պրոֆ. Վ. Ա. Քոսեան «Ա. Ա. Աբրահամեան» (Ծննդեան 60-ամեակի առիթով), պատմաբանասիրական հանդէս №1, 1979, էջ 251-255 == Ծանօթագրութիւններ ==
7,766
1941 թուական
1941 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու 41րդ տարին է == Դէպքեր == 20 Յունուար․ Ֆրանքլին Րուզվելթ երրորդ անգամ ըլալով Ա․Մ․Ն․ նախագահ կ՛ ընտրուի 20 Մայիս․ կը սկսի «Կրետէի Կռիւ»ը Յունիս․ Գերմանիան կը յարձակի Խորհրդային Միութեան վրայ == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1941 ծնունդներ ==== Յունուար ==== 03 Յունուար (Պէյրութ)՝ Մեսրոպ Աշճեան (մ.2003, Նիւ Եորք) եկեղեցական գործիչ ==== Մարտ ==== 13 Մարտ՝ Մահմուտ Տէրուիշ (մ.2008) պաղեստինցի արաբ բանաստեղծ եւ արձակագիր ==== Մայիս ==== 05 Մայիս (Թեհրան)՝ Արմէն Հախնազարեան (մ.2009, Աախեն) ճարտարապետութեան տեսաբան 14 Մայիս՝ Սթիվըն Քրաշըն, լեզուաբան 27 Մայիս Մենկիսթու Հայլէ Մարիամ եթովպիացի քաղաքական գործիչ ==== Յունիս ==== 05 Յունիս՝ Մարթա Արկերիչ Martha Argerich արժանթինցի հրեայ դաշնակահարուհի 08 Յունիս՝ Արա Շիրազ (մ.2014) քանդակագործ 12 Յունիս՝ Չիկ Կորէա (մ․2021) Ճազի աշխարհահռչակ դաշնակահար եւ երգահան 19 Յունիս՝ Վացլաւ Քլաուս Václav Klaus չեխ տնտեսագէտ եւ քաղաքական գործիչ ==== Սեպտեմբեր ==== 08 Սեպտեմբեր՝ Պըռնի Սենտըրզ Bernard "Bernie" Sanders ամերիկացի քաղաքական գործիչ ==== Նոյեմբեր ==== 01 Նոյեմբեր (Կարծախ գ., Վրաստան)՝ Եուրի Աբովեան (մ.2005) հայ կենդանաբոյժ ==== Դեկտեմբեր ==== 05 Դեկտեմբեր՝ Իննա Ազնաւուրեան հայ խորհրդային ֆիզիքագէտ ===== Անստոյգ օրով ===== (Պէյրութ)՝ Կորիւն Պապեան (մ.2015, Պէյրութ) սփիւռքահայ հոգեւորական == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1941 մահեր ==== Յունուար ==== 04 Յունուար՝ Վիշի Տիգրան Կամսարական (ծն.1866, Կ.Պոլիս) արձակագիր ==== Մարտ ==== 28 Մարտ՝ Վիրճինիա Ուոլֆ Virginia Woolf (ծն.1882) անգլիացի գրող ==== Ապրիլ ==== 30 Ապրիլ՝ Փանոս Թէրլէմէզեան (ծն.1865, Վան) հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ ==== Յունիս ==== 02 Յունիս՝ Վազգէն Շուշանեան (ծն.1902, Օսմանեան կայսրութիւն) ֆրանսահայ գրող ===== Անստոյգ օրով ===== Շաւարշ Գարագաշ (ծն.1874, Կ.Պոլիս) հայ դերասան == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == 1941-ը Պատմութեան մէջ(անգլերէն)Աշխարհի Պատմութեան Ժամանակագրութիւն՝ 1941(անգլերէն)
3,379
Իտալերէն
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու արւմտ. Իտալերէնը (իտալ.՝ Italiano [իթալեանօ] ) կը պատկանի Հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքի ռոմանական լեզուներու արեւմտաիտալական լեզուախումբին։ Իտալերէն կը խօսին աշխարհի վրայ 61 միլիոն մարդ։ Իտալերէնը պետական լեզուն է Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, Սան Մարինոյի, Սլովենիոյ, Վատիկանի եւ Իսթրիա կոմսութեան մէջ (Խրուաթիա)։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման՝ իտալերէնը 21-րդն է։ == Այբուբենը Եւ Գիրը == Թէեւ իտալերէնի այբուբենը ունի 21 տառ՝ 16 բաղաձայն եւ 5 ձայնաւոր, սակայն կը ցուցադրուի 26 տառ, որոնցմէ վերջին 5-ը կ'օգտագործուին արտասահմանեան ծագում ունեցող բառերուն մէջ եւ չեն պատկանիր իտալերէն լեզուի այբուբենին։ == Հնչիւնները == === Ձայնաւորները === Իտալերէն լեզուին մէջ ձայնավորները 5 հատ են՝ === Բաղաձայնները === Իտալերէն լեզուին մէջ բաղաձայնները թիւով 16 են՝ B, C, D, F, G, H, L, M, N, P, Q, R, S, T, V, Z. C տառը՝ a, o, u ձայնաւորներէն եւ բաղաձայններէն առաջ կ'արտասանուի {k}(կ)։ Օրինակ՝ cane {քանէ} (շուն), colore {քոլորէ} (գոյն), cuore {քուորէ} (սիրտ), clamore {քլամորէ} (աղմուկ, աղաղակ), crudele {քրուտելէ} (դաժան)։ C տառը՝ i, e ձայնաւորներէն առաջ կ'արտասանուի {tʃ} (չ)։ Օրինակ՝ cielo {չիելօ} (երկինք), dolce {տոլչէ} (քաղցր), cena {չենա} (ընթրիք), facile {ֆաչիլէ} (հեշտ), cinema {չինեմա} (շարժապատկեր)։ G տառը՝ a, o, u ձայնաւորներէն եւ բաղաձայններէն առաջ կ'արտասանուի {g}(կ)։ Օրինակ՝ gatto {կաթթօ} (կատու), gola {կոլա} (կոկորդ), gusto {կուսթօ} (համ), greco {կրեքօ} (յոյն), grigio {կրիճիօ} (մոխրագոյն)։ G տառը՝ e, i ձայնաւորներէն առաջ կ'արտասանուի {dj}(ճ)։ Օրինակ՝ gelato {ճելաթօ} (պաղպաղակ), giorno {ճիորնօ} (օր), giallo {ճիալլօ} (դեղին), gente {ճենթէ} (ժողովուրդ, մարդիկ)։ GN տառակապակցութիւնը կ'արտասանուի {նի}։ Օրինակ՝ gnomo {նիոմօ} (գաճաճ), agnello {անիելլօ} (գառ), ogni {օնիի} (իւրաքանչիւր), sogno {սոնիօ} (քուն)։ GLI տառակապակցութիւնը կ'արտասանուի {լի}։ Օրինակ՝ figlio {ֆիլիօ} (որդի), voglia {վոլիա} (ցանկութիւն), aglio {ալիօ} (սխտոր), biglietto {բիլիեթթօ} (տոմս)։ Իտալերէնին մէջ H տառը չունի հնչիւն, երբ h տառը կը գրուի c կամ g տառէն ետք, որուն կը յաջորդէ e կամ i ձայնաւորը ապա c կամ g տառը կ'արտասանուի {ք}, {կ}։ Օրինակ՝ chilo {քիլօ} (քիլօկրամ), ghiaccio {կիաչչիօ} (սառոյց)։ H տառը կ'օգտագործուի նաեւ avere - ունենալ օժանդակ բայի ներկայ ժամանակի մէջ խոնարհուած որոշ դէմքերու մէջ։ ho {օ} ես ունիմ, hai {այ} դուն ունիս, ha {ա} ան ունի, hanno {աննօ} մենք ունինք։ SC տառակապակցութիւնը a, o, u ձայնաւորներէն առաջ կ'արտասանուի {սք}։ Օրինակ՝ scala {սքալա} (աստիճան), scuola {սքուոլա} (դպրոց), scopo {սքոփօ} (նպատակ)։ SC տառակապակցութիւնը e, i ձայնաւորներէն առաջ կ'արտասանուի {շ}։ Օրինակ՝ scegliere {շելիերէ} (ընտրել), scienza {շենցա} (գիտութիւն)։ S տառը երբ կը գտնուի երկու ձայնաւորներու միջեւ կ'արտասանուի {զ}, սակայն երբ երկու ձայնաւորներու միջեւ կը գրուի երկու SS կ'արտասանուի {ս}։ Օրինակ՝ casa {քազա} (տուն), cosa {քոզա} (ինչ)։ passare {փասսարէ} (անցնել), bassare {պասսարէ} (իջեցնել)։ S տառը հետեւեալ բաղաձայններէն առաջ b, d, g, l, m, n, r, v նոյնպէս կ'արտասանուի {զ}։ Օրինակ՝ sdegno {զտենիօ} (զայրոյթ), snello {զնելլօ} (բարակ), svago {զվակօ} (զուարճանք)։ == Քերականութիւնը == Իտալերէն լեզուն ունի 2 սեռ՝ արական եւ իգական, 2 յօդ՝ անորոշ եւ որոշեալ, 15 ժամանակաձեւ՝ սահմանական եղանակ 8 ( indicativo ), ստորադասական եղանակ 4 ( congiuntivo ), պայմանական եղանակ 2 ( condizionale ), հրամայական եղանակ 1 ( imperativo )։ == Անկատար Ներկայ / Presente Indicativo == Անկատար ներկայ (սահմանական ներկայ) ժամանակը ցոյց կու տայ խօսելու ժամանակ կատարուող գործողութիւնը։ Իտալերէն լեզուին մէջ բայերը կը բաժնուին 3 խումբի.- Սահմանական ներկայ ժամանակը կանոնաւոր բայերու պարագային կը կազմուի աւելցնելով բայի արմատին հետեւեալ վերջաւորութիւնները՝ == Սահմանական Անցեալ Passato Prossimo == Սահմանական անցեալ ժամանակը ցոյց կու տայ ներկայ ժամանակակէտէ մը առաջ կատարուած, աւարտած գործողութիւն։ Կը կազմուի avere կամ essere օժանդակ բայի ներկայ ձեւով եւ վաղակատար դերբայով ( parl - ato, cred - uto, sent - ito)։ == Անկատար Անցեալ / Imperfetto == Անկատար անցեալ ժամանակը ցոյց կու տայ անցեալ ժամանակի մէջ կատարուող, ընթացքի մէջ եղող գործողութիւն մը։ == Ապակատար Ներկայ Futuro semplice == Ապակատար ներկայ (սահմանական ապառնի) ժամանակը ցոյց կու տայ խօսելու պահէն ետք կատարուելիք գործողութիւն մը։ == Բառապաշարը == === Հանրայայտ Ասացուածքները === " Una buona mamma vale cento maestre " - Լաւ մայրը հարիւր ուսուցիչ կ'արժէ։ " Prima i denti, poi i parenti " - Սկիզբը դուն եւ քու ընտանիքդ, այնուհետեւ բարեկամներդ։ == Տես Նաեւ == Պաշտօնական Լեզուներու Ցանկ Լեզուաընտանիքներու Ցանկ Լեզուներու Ցանկեր == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Բոլոր Ուիքիփետիաներու ցանկը եւ վիճակագրական տուեալները՝ անգլերէնով։ GeoNames EthnologueԿաղապար:Եւրամիութեան պաշտօնական լեզուներ
23,085
Ներկայ (ամսագիր, Պուէնոս Այրես)
«Ներկայ», ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1961-1970 թուականներուն Պուէնոս Այրեսի մէջ։ Խմբագիր՝ Պահատրեան։ Լուսաբանած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի վերելքը, Խորհրդային Հայաստանը համարած համայն հայութեան միակ հայրենիքը։ Ներկայացուցած է Արժանթինի հայ համայնքի առօրեան, ազգային, մշակութային կազմակերպութիւններու աշխատանքները, անդրադարձած է սփիւռքի իրադարձութիւններուն։ Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են հայ խորհրդային գրողներու (Յովհաննէս Շիրազ, Գէորգ Էմին, Սիլվա Կապուտիկեան եւ ուրիշներ) ստեղծագործութիւնները, գրախօսականներ եւ ծանօթագրութիւններ հայրենիքի մէջ լոյս տեսած գիրքերու վերաբերեալ։ Ունեցած է նաեւ բժշկաառողջապահական գիտութեան բաժիններ։
3,258
Թուաբանութիւն
Թուաբանութիւն, թուաբանագիտական բաժին, որ կ'ուսումնասիրէ թիւերը, անոնց յատկութիւնները եւ յարաբերութիւնները։ Թուաբանութեան ուսումնասիրման առարկան թիւ հասկացողութիւնն է, անոր գաղափարներու մշակումը (բնական, ամբողջ, ամբողջակէտ, իրական, երեւակայական) եւ յատկութիւններու ուսումնասիրութիւնը։ Թուաբանութեան մէջ կ'ուսումնասիրուի չափեր, հաշուողական գործողութիւններ (գումարում, հանում, բազմապատկում, բաժանում) եւ հաշուարկման բազմաթիւ ձեւեր։ Առանձին ամբողջ թիւերու ուսումնասիրութեամբ կը զբաղուի բարձրագոյն թուաբանութիւնը կամ թիւերու տեսութիւնը։ Թուաբանութեան տեսութիւնը ուշադրութիւն կը դարձնէ թիւերու որոշման, սահմանման եւ գիտակցութեան: Տարբերակի թուաբանութիւնը կը յենի տրամաբանական կառուցուածքներու՝ տարբերակներու վրայ։ Թուաբանութիւնը կը համարուի հնագոյն գիտութիւնը, ան հիմնական թուաբանագիտական գիտութիւններէն մէկն է եւ սերտ կապուած է երկրաչափութեան, հանրահաշիւի եւ թիւերու տեսութեան հետ։ Թուաբանութեան յառաջացման պատճառ դարձած է հաշուարկի եւ գումարման գործնական անհրաժեշտութիւնը, գիւղատնտեսութեան կեդրոնացման ժամանակ հաշուապահական հաշուառման հետ կապուած։ Խնդիրներու լուծման բարդացման հետ գիտութիւնը աւելի զարգացած է։ Թուաբանութեան զարգացման մէջ մեծ աւանդ ունեցած են յոյն թուաբանագէտները, մասնաւորապէս փիլիսոփաները, որոնք կը փորձէին թիւերու օգնութեամբ հաշուել եւ նկարագրել աշխարհի բոլոր օրինաչափութիւնները։ Միջնադարուն թուաբանութիւնը, Փիլիսոփաներէն ետք դասուած է եօթ կոչուող ազատ արուեստներու շարքին մէջ։ Այդ օրերուն թուաբանութեան պարզ օգտագործման հիմնական ոլորտները եղած են առեւտուրը, շինարարութիւնը եւ նաւագնացութիւնը։ Անոր հետ կապուած յատուկ նշանակութիւն ստացած են անկէտ թիւերու մօտաւոր հաշուարկները, որոնք առաջին հերթին անհրաժեշտ էին երկրաչափական պատկերներու կառուցման համար։ Թուաբանութիւնը յատկապէս բուռն կերպով զարգացած է Հնդկաստանի եւ իսլամական երկիրներու մէջ, ուրկէ ալ թուաբանագիտական միտքի ձեռքբերումները տարածուած են դէպի Արեւմտեան Եւրոպա։ Նոր ժամանակներուն ծովագնացային աստղագիտութիւնը, մեքանիզմ, բարդացող յատուկ հաշուարկները յառաջացուցած են հաշուողական թեքնիքի նոր պահանջքներ եւ զարկ տուած են թուաբանութեան հետագայ զարգացման։ Նեպյէրը ստեղծեց լոկարիտմները, որմէ ետք Ֆերման մշակած է թիւերու տեսութիւնը, որպէս թուաբանագիտական առանձին բաժին։ Դարու վերջը անկէտ թիւերու մասին պատկերացում ձեւաւորուած է, որպէս կէտաւոր մօտաւորութիւններու յաջորդականութիւն, իսկ յաջորդ հարիւրամեակի ընթացքին շնորհիւ Լամպերդի, Էյլերի եւ Կաուսի ջանքերուն թուաբանութիւնը իր մէջ ներառած է գործողութիւններու ամբողջ հաւաքում (complex) մեծութիւններու հետ, ձեռք բերելով ժամանակակէն տեսք։ == Թուաբանութեան Առարկան == Թուաբանութեան առարկայ համարուած՝ թուային բազմութիւնները, թիւերու յատկութիւնները եւ գործողութիւնները թիւերուն հետ։ Անոր կը վերաբերի նաեւ հարցերը, որոնք կապուած են հաշուարկի թեքնիքի, չափումներov, թիւի հասկացողութեան առաջացման եւ զարգացման հետ։ Թուաբանաութիւնը առաջին հերթին կ'ուսումնասիրէ բնական թիւերu եւ կոտորակները։ Բնական թիւերու բազմութիւններու աքսեոմաներու կառուցուածքի հիման վրայ կ'իրականացուի այլ թուային բազմութիւններու կառուցումը, որոնք են՝ ամբողջ, բնական եւ Գոմբլեքս թիւերը եւ անոնց վերլուծելու ձեւերը։ Երբեմն թուաբանութեան շրջանակներուն մէջ կ'ուսումնասիրուի նաեւ քուատերնիոնները եւ հայբերգոմբլեքս, եւ այլ թիւեր։ Ասոր հետ միատեղ Ֆրոպենիուսի ստեղծագործութենէն կը հետեւցնենք, որ թիւ հասկացողութեան տարածումը գոմբլեքս հարթութենէն դուրս առանց անոր որեւէ թուաբանական յատկութիւններու կորուստի անհնար է։ Թիւերուն հետ հիմնական գործողութիւններու կը վերաբերին գումարումը, հանումը, բազմապատկումն ու բաժանումը, ոչ յաճախ նաեւ աստիճան բարձրացնելը, արմատ հանելը եւ թուային հաւասարումներու լուծումը։ Պատմականօրէն թուաբանական գործողութիւններու ցուցակը իր մէջ կը ներառէ կրկնապատկումը (բացի բազմապատկումէն), երկուքի բաժանումը եւ մնացորդով բաժանումը, թուաբանական եւ երկրաչափական յառաջացումի գումարի որոշումը։ Ճոն Նեպյէրը իր «Տրամաբանական արուեստ» գիրքին մէջ թուաբանական գործողութիւնները առանձնացուած է աստիճաններով։ Վարի սանդուխին գումարումն ու հանումն է, յաջորդին՝ բաժանումն ու բազմապատկումը, յաջորդին աստիճան բարձրացնելն ու արմատ հանելը։ Յայտնի ստեղծող Արնոլտ սանդուխի երրորդ խումբի գործողութիւններուն կ'աւելցնէ նաեւ լոկարիտմը։ Սովորաբար թուաբանութիւն կ'անուանեն տարբեր առարկաներով գործողութիւնները, ինչպէս օրինակ «քառակուսային ձեւերու թուաբանութիւն», «մատրիցաներու թուաբանութիւն»։ Թուաբանական հաշուարկները եւ չափումները, մեզի անհրաժեշտ են նոյնիսկ մեր բնական կարիքներու մէջ (չափաբաժիններ, տոկոսներ), կը վերաբերին ցած կամ բնական թուաբանութեան, այն դէպքին երբ տրամաբանական հաստատումը թուային հասկացողութեան կը վերաբերի տեսական թուաբանութեան։ Ամբողջ թիւերու յատկութիւնները, անոնց մասերու բաժանումները, անընդմիջուող կոտորակները կը համարուին թիւերու տեսութեան մաս, որ երկար ժամանակ կը համարուի բարձրագոյն թուաբանութիւն։ Թուաբանութիւնը սերտ կապուած է հանրահաշիւի հետ, որ կ'ուսումնասիրէ երբ գործողութիւնները առանց թիւերու առանձնայատկութիւններն ու յատկութիւնները հաշիւի առնելու։ Այնպիսի թուաբանական գործողութիւնները, որոնցմէ են՝ աստիճան բարձրացնելն ու արմատ հանելը, կը համարուի հանրահաշիւի թեքնիքական մասերը։ Այս պատճառով ալ Նիւտոնէն եւ Կաուսէն ետք, հանրահաշիւը ընդունած, ընդհանրացուցած է թուաբանութեան հետ։ Այսպիսով թուաբանութեան, տարրական հանրահաշիւի եւ թիւերու տեսութեան մէջ յստակ սահմաններ չկան։ Սովետական մեծ հանրագիտարանի մէջ գրուած է՝ «հանրահաշիւը կ'ուսումնասիրէ օգտուելով թուային նշանակութիւններէն, համակարգերու ընդհանուր եւ հաւասարումներու միջոցով խնդիրներու լուծման ընդհանուր յատկութիւններէն: Թուաբանութիւնը կը զբաղի «բանաձեւերու ընդունմամբ ուղղակի տրուած թիւերով, իսկ իր աւելի բարձր ոլորտներուն թիւերու աւելի յստակ տեսակներով»։ Ինչպէս այլ արհեստանոցի կարգաւորութիւնները, թուաբանութիւնը եւս կը հանդիպի սկզբունքային ձեւերու խնդիրներու, անոր համար անհրաժեշտ է հարցերու անհակասական հետազօտութիւններ եւ աքսիոմաներ։ Տրամաբանական կառուցուածքով, ֆորմալ համակարգով եւ հանրահաշուական աքսեոմաներով կը զբաղի ֆորմալ հանրահաշիւը։ Թուաբանութեան հետագայ պատմութիւնը կը նշանաւորուի հիմունքներու քննադատական վերանայմամբ եւ դեդուկցիոն ձեւերերով զայն հիմնաւորելու փորձերով։ Թիւերու մասին տեսական հիմնաւորուած պատկերացումները առաջին հերթին կապուած են բնական թիւի խիստ որոշմամբ եւ Պեանոի աքսեոմաներով՝ ձեւակերպուած 1889-ին։ Կենցեն թուաբանութեան անհակասականութեան ֆորմալ կառուցուածքը ցոյց տուած է 1936-ին։ Թուաբանութեան հիմունքներուն հինէն ի վեր անփոփոխ եւ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի նախդպրոցական կրթութեան մէջ։ == Պարզագոյն Հասկացողութիւներ == === Յաջորդական Հաշուարկ, Բնական Թիւեր === Յաջորդական հաշուարկը թուաբանական պարզագոյն հասկացողութիւնն է։ Որպէս հաշուարկման առարկայ կը ծառայեն տարբեր տարրեր կամ անոնց բազմութիւնը, օրինակ խնձորը եւ զամբիւղով խնձորները։ Յաջորդական հաշուարկի օգնութեամբ կարելի է համարակալել տարրերը եւ նշել անոնց ընդհանուր քանակը։ Յաջորդական հաշուարկը կապուած է այն խումբերու հաշիւներուն հետ, որոնք կը պարունակեն յարաբերականօրէն հաւասար քանակի տարրեր, ինչպէս օրինակ տասնեակներով խնձորներու հաշուարկը։ Սովորաբար, անիկա կը համարուի երկու ձեռքերու մատները (հիմքը ուղիղ 10-ն է), բայց պատմական աղբիւրներուն մէջ կը հանդիպի խմբաւորումներ հետեւեալ թիւերով՝ 5 , 11 , 12 , 20 , 40 , 60 , 80 {\displaystyle 5,11,12,20,40,60,80} ։ Խումբին մէջ տարրերու քանակը հիմք կը հանդիսանայ հաշուարկման համակարգին համար։ Թուային շարքը, որ կը ստացուի հաշուարկէն, կ'անունեն բնական, իսկ անոր տարրերը բնական թիւեր։ Բնական շարք հասկացողութիւնը առաջին անգամ ի յայտ կու գայ յոյն թուաբանագէտ Նիկոմախի աշխատութիւններուն մէջ, Ք.Ե. Ա. դարուն, բնական թիւի մասին՝ հռոմէացի հեղինակ Պոետիոսի մօտ Ե. դարու վերջը եւ Զ. դարու սկիզբը։ Թերմինի համընդհանուր օգտագործումը կը սկսի Տ’Ալամպեր աշխատութիւններէն ԺԸ. դարուն։ Արքիմիտըս իր աշխատութեան մէջ, ըսած է, որ թուային շարքը կարելի է շարունակել անվերջ, բայց անով միատեղ նկատած է, որ իրական խնդիրներու լուծման համար բաւական է անոր միայն փոքր մաս մը։ Բնական թիւերու բաժանումը զոյգ եւ քենթ թիւերը գրած են պիթակորասականները, անիկա առկայ է նաեւ եգիպտական Ռինտի մէջ։ Պիթակորասականները կը հաստատեն նաեւ պարզ եւ բաղադրեալ թիւերը։ === Գումարում, Բազմապատկում, Աստիճան Բարձրացում === Բնական թիւերու համար բնական կերպով որոշուած են բազմապատկման եւ գումարման գործողութիւնները։ Երկու առարկաներու որոշակի քանակ պարունակող տարբեր խումբերու միաւորումէն, առաջացող նոր խումբը կ'ունենայ այնքան առարկայ, որքան որ կար առաջին երկու խումբերուն մէջ՝ միասին։ Եթէ առաջին խումբը կը պարունակուէ 3 {\displaystyle 3} առարկայ, իսկ երկրորդը 2 {\displaystyle 2} առարկայ, ապա անոնց գումարը կը պարունակէ 2 + 3 = 5 {\displaystyle 2+3=5} առարկայ։ Նշուած գործողութիւնը կը կոչուի գումարում եւ կը համարուի պարզ պինար գործողութիւն։ Գումարի ճշդութիւնը ստուգելու համար գումարման աղիւսակը գիտնալ անհրաժեշտ չէ, բաւական է վերահաշուել առարկաները։ Նոյն տեսակի բազմութեան տարրերու բազմակի գումարումը կախուած չէ այդ բազմութեան անդամներու յաջորդականութենէն, այս թոյլ տուաւ հաստատել մէկ այլ պինար գործողութիւն՝ բազմապատկումը ։ Բացի բազմապատկումէն, հին ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած է այլ թուաբանական գործողութիւն եւս, կրկնապատկում կամ երկուքով բազմապատկում։ Գումարման միջոցով բազմապատկման որոշման համանմանութեամբ, բազմակի բազմապատկումը թոյլ կու տայ որոշել աստիճան բարձրացնելու գործողութիւնը։ ==== Թուաբանութեան Հիմնական կանոնները ==== Այս գործողութիւններու յատկութիւններուն մասին ձեւակերպուած են հինգ օրէնքներ, որոնք կը համարուին թուաբանութեան հիմնական օրէնքները։ Տեղափոխական օրէնք։ Ըստ գումարման տեղափոխական օրէնքի՝ գումարելիքներու տեղերը փոխելով գումարը չի փոխուիր։ Համանուն օրէնքը կը գործէ նաեւ բազմապատկման համար՝ արտադրիչներուն տեղերը փոխելով արտադրեալը չի փոխուիր։ Այս օրէնքները կարելի է արտայայտել հանրահաշուական բանաձեւերու միջոցով, տառային նշանակումներու տեսքով՝ a + b = b + a {\displaystyle a+b=b+a} a ⋅ b = b ⋅ a {\displaystyle a\cdot b=b\cdot a} Գումարման զուգորդական օրէնքը կ'ըսէ, որ երկու թիւերու գումարին երրորդ թիւը աւելցնելու համար կարելի է առաջին թիւին աւելցնել երկրորդին եւ երրորդին գումարը։ Համանուն օրէնքը կը գործէ նաեւ բազմապատկման համար՝ երկու թիւերու արտադրեալը երրորդ թիւով բազմապատկելու համար կարելի է առաջին թիւը բազմապատկել երկրորդ եւ երրորդ թիւերուն արտադրեալներով։ Այս օրէնքները եւս կարելի է ներկայացնել հանրահաշուական տեսքով՝ ( a + b ) + c = a + ( b + c ) {\displaystyle (a+b)+c=a+(b+c)} ( a ⋅ b ) ⋅ c = a ⋅ ( b ⋅ c ) {\displaystyle (a\cdot b)\cdot c=a\cdot (b\cdot c)} Բաշխական օրէնքը կ'ըսէ, որ գումարը թիւով բազմապատկելու համար կարելի է այդ թիւով բազմապատկել իւրաքանչիւր գումարելիքը եւ ստացուած արտադրեալները գումարել։ Հանրահաշուական տեսքը հետեւեալն է՝ ( a + b ) ⋅ c = a ⋅ c + b ⋅ c {\displaystyle (a+b)\cdot c=a\cdot c+b\cdot c} Բացի հանրահաշուական հիմնական օրէնքներէն բնական թիւերու համար կը գործէ նաեւ գումարման եւ բազմապատկման միօրինակութեան օրէնքները։ Հանրահաշուական տեսքը հետեւեալն է՝ a + b > a + c {\displaystyle a+b>a+c} երբ b > c {\displaystyle b>c} , a ⋅ b > a ⋅ c {\displaystyle a\cdot b>a\cdot c} երբ b > c {\displaystyle b>c} եւ a > 0 {\displaystyle a>0} «Բաշխական» թերմինը տեղափոխական օրէնքի համար մտցուցած է ֆրանսացի թուաբանագէտ Սերվուան 1814 թուականին, «զուգորդական» թերմինը տեղափոխական օրէնքին համար՝ Համիլթոնը, 1853 թուականին։ Պուանկարէն բոլոր հանրահաշուական գործողութիւններն ու օրէնքները կ'ուսումնասիրէ ինտուիցիայի տեսակէտէն։ Ան կը պնդէր, որ օրէնքները բացայայտ կերպով կ'իրականացուին փոքր թիւերու վրայ, եւ օգտագործելով ինդուկցիայի կանոնը, կարելի է գալ այն եզրակացութեան, որ անոնք ճիշդ են բոլոր թիւերուն համար։ Ըստ այլ մօտեցման ինթութիւ կերպով իրականացուող կը համարուին ոչ բոլոր կանոնները, այլ միայն պարզագոյնները եւ այն դէպքին, երբ անոնց հետագայ ապացոյցները կապուած են տրամաբանական կառուցուածքներով։ Ակնյայտ կը համարուին տեղափոխական եւ զուգորդական օրէնքները։ Բաշխական օրէնքը սկզբնական ժամանակաշրջանին ապացուցած է Էօգլիտեսը, օգտագործելով երկրաչափական ձեւը։ Աստիճան բարձրացնելու գործողութիւնը տեղափոխական եւ զուգորդական չէ, ան ունի իր կանոնները։ Այս գործողութեան կատարման հիմնական կանոնները դրական աստիճաններու դէպքին կապուած են անոր ձեւակերպումէն։ Հանրահաշուին մէջ այն կը գրուի հետեւեալ տեսքով՝ Բաշխական օրէնքը աստիճան բարձրացնելու գործողութեան ժամանակ՝ a n + m = a n a m {\displaystyle a^{n+m}=a^{n}a^{m}} Բաշխական օրէնքը հանման դէպքին կ'ընդունի կոտորակային տեսք՝ a n − m = a n a m , n > m {\displaystyle a^{n-m}={a^{n} \over {a^{m}}},\quad n>m} Կրկնակի աստիճան բարձրացումը կը բացուի աստիճաններու բազմապատկումով՝ ( a n ) m = a n m {\displaystyle \left(a^{n}\right)^{m}=a^{nm}} ։ === Հակառակ Գործողութիւններ === Թուաբանական բոլոր գործողութիւնները ունին իրենց հակառակը. գումարման հակառակը հանումն է, բազմապատկմանը՝ բաժանումը, աստիճան բարձրացնելունը՝ թուաբանական արմատը եւ լոկարիտմը։ Չնայած գումարման եւ բազմապատկման պինար ըլլալուն, անոնք ունին մէկական հակադիր գործողութիւններ, այս կը բացատրուի անոնց տեղափոխականութեամբ։ ==== Հանում՝ Բացասական Թիւեր ==== Հանումը ուրեմն գումարման հակառակ գործողութիւնն է, երկու տրուած թիւերու տարբերութիւնը՝ 5 {\displaystyle 5} եւ 2 {\displaystyle 2} կը համարուի 2 + ? = 5 {\displaystyle 2+?=5} հաւասարման անյայտը։ Հանման գործողութիւնը կը նշանակուի «-» նշանով, ան կը գրուի հետեւեալ տեսքով՝ 5 − 2 = 3 {\displaystyle 5-2=3} ։ Գործողութեան կատարման համար կ'օգտագործուի երկու եղանակներ՝ տարբերութիւնը հաշուելու համար անհրաժեշտ է նուազելին պակսեցնել հանելու միաւոր արժէքի չափով կամ անհրաժեշտ է գտնել այնպիսի թիւ, որ աւելցումը հանելուն հաւասար ըլլայ նուազելուն։ Հանման գործողութիւնը, եթէ այն կիրառենք բնական թիւերու բոլոր զոյգերուն վրայ, այլ ոչ թէ միայն անոնց, որոնք կրնան գումարման գործողութեան շրջանակներուն ըլլալ գումարը եւ գումարելին, թոյլ կու տայ դուրս գալ բնական շարքի սահմաններէն, այսինքն երկու բնական թիւերու տարբերութիւնը պարտադիր չէ որ ըլլայ բնական թիւ, հանման արդիւնքին կարող ենք ստանալ զերօ կամ ընդհանրապէս բացասական թիւ։ Բացասական թիւերը արդէն հնարաւոր չէ դիտարկել որպէս իրերու քանակ, թուային առանցքի վրայ անոնք տեղակայուած են զերոյէն ձախ։ Թիւերու բազմութիւնը, որ կը ստացուի բնական թիւերուն զերօ եւ բացասական թիւ գումարելով կը կոչուի ամբողջ թիւերու բազմութիւնը։ Զերօն եւ բնական թիւերու բազմութիւնը կը կոչուի դրական ամբողջ թիւեր, ինչպէս անգլերէնով կ'ըսենք «positive real numbers»։ Բազմապատկման ժամանակ, որպէսզի որոշուի տրուած թիւը դրական է թէ բացասական, կ'օգտագործեն «նշաններու կանոնը»։ Շատ թուաբանագէտներ մինչեւ 19-րդ դար բացասական թիւերը կը համարէին ոչ իրական եւ անիմաստ, սակայն այդ չէր խանգարեր անոնց համատարած պայմանական օգտագործմանը։ Բացասական թիւ հասկացողութիւնը առաջին անգամ յայտնուած է Հնդկաստանի մէջ, ուր ան կը մեկնաբանէին որպէս «պարտք» (դրական թիւեը որպէս «ունեցուածք»)։ Բացասական թիւերը տարածքին մէջ ստացան միայն 17-րդ դարուն։ «Հանում» աւարտականը երեւան եկած է թերեւս Պոէցիայի մօտ, «հանելու» եւ «նուազելու» աւարտականները գործածութեան մէջ դրած է Վոլֆը, 1749 թուականին, «տարբերութիւնը՝» Վիտմանը, 1489 թուականին։ «+» եւ «−» նշաններու ներկայիս նշանակումը եւս մտցուած է Վիտմանի կողմէ 15-րդ դարու վերջին շրջանին։ ==== Բաժանում՝ Կոտորակային Թիւեր ==== Բազմապատկման հակառակ գործողութիւնը կը համարուի բաժանումը։ Բաժանման առաջին ձեւակերպումը այն թիւի որոնումն է, որ բաժանելու մէջ կայ այնքան անգամ, որքան միաւոր որ կը պարունակուի բաժանարարը։ Այսպէս կը ձեւակերպուի՝ տրուած 14-րդ դարու հանրահաշուի դասագրքերուն մէջ։ Օրինակ՝ 20 / 4 = 5 {\displaystyle 20/4=5} ։ Բաժանումը համարուած է շատ բարդ եւ ծանր գործողութիւն։ Բաժնման ներկայիս եղանակը՝ քանորդի առանձին կարգերու վրայ բաժանարարի արտադրեալի մասնակի օգտագործումն է (սիւնակով բաժանում), ներկայացուած իտալական 1460 թուականի ձեռագիրներուն մէջ։ Բնական թիւերու համար, որոնք չեն համարուիր բազմապատկիչ եւ արտադրեալ, յայտնի է մնացորդով բաժանում գործողութիւնը (բաժանումէն յառաջացած մնացորդը կ'անուանեն նաեւ մոտուլով բաժանում)։ Գոյութիւն ունի բազմաթիւ եղանակներ, որոնք կը պարզեցնեն բաժանումը մասնաւոր դէպքերուն մէջ կամ որոնք թոյլ կու տան ստուգել այս կամ այն թիւին բաժանելիութիւնը։ Օրինակ ըստ բաժանելիութեան յայտնանիշերու՝ թիւը առանց մնացորդի կը բաժնուի երկուքի, եթէ անոր վերջին թիւը կը բաժնուի երկուքի, թիւը առանց մնացորդի կը բաժնուի երեքի, եթէ անոր թուանշաններու գումարը կը բաժնուի երեքի, թիւը առանց մնացորդի կը բաժնուի տասի, եթէ անոր վերջին թիւը զերօ է։Բաժանման գործողութիւնը՝ եթէ կը բաժնենք ոչ միայն այն թիւերը, որոնք կարելի է ստանալ բնական թիւերու արտադրեալէն, եւ կը բաժնենք առանց մնացորդի, այնպէս ինչպէս հանումը, թոյլ կու տայ դուրս գալ բնական թիւերու բազմութենէն։ Բաժանման ժամանակ կրնան ստացուիլ կոտորակներ, որոնք անհնար է առանց մնացորդ կրճատելու եւ ստանալ ամբողջ թիւ։ Այս կոտորակներուն համապատասխանող թիւերը կը կոչուին կոտորակային, «rational»։ Կոտորակային թիւերու բաժանման գիտակցման հիման վրայ տեղի կ'ունենայ արդէն յայտնի թիւերու ցանկի եւս մէկ ընդլայնում։ Պատմականօրէն առաջինը յայտնուած են կոտորակները, իսկ յետոյ նոր բացասական թիւերը։ Այսպիսի յաջորդականութիւն ընդունուած է նաեւ դպրոցական դասընթացքներուն մէջ։ Կ'օգտագործուի կոտորակներու գրառման երկու տարբերակներ՝ համարիչի եւ յայտարարի բաժանումը հորիզոնական կամ շեղակի գիծով, որուն դէպքին մէջ յաճախ կոտորակը կը կրճատուի մինչեւ ամենափոքր թիւը, եւ կոտորակային մաս պարունակող թիւերով, որոնք դիրքային գրառումներուն մէջ կը տեղադրուին ամբողջ եւ կոտորակային մասի բաժանման նշանէն ետք։ Օրինակ 20-ի բաժանումը 10-ով կրնայ ըլլալ հետեւեալ կերպով՝ 10 20 = 10 / 20 = 5 / 10 = 1 / 2 = 0 , 5 {\displaystyle {\frac {10}{20}}=10/20=5/10=1/2=0{,}5} ։ ==== Արմատ Հանել՝ Առանց Կոտորակի եւ «Գոմբլեքս» Թիւեր ==== Աստիճան բարձրացնելու գործողութեան երկու հակառակ գործողութիւններէն մէկը արմատ հանելն է, կամ այն թիւին որոնումը, որ համապատասխան աստիճան բարձրացնելու դէպքին, կը ստանայ յայտնի արդիւնք։ Այսինքն, հանրահաշուօրէն ըսած, այն արմատը որոնելն է՝ x a = b {\displaystyle x^{a}=b} նման հաւասարումներու համար։ Երկրորդ հակառակ գործողութիւնը «լոկարիտմ»ներու որոնումն է ( a x = b {\displaystyle a^{x}=b} արմատը հետեւեալ տեսքի հաւասարումներու համար)։ Թուաբանութեան, որպէս կանոն կը վերաբերի միայն քառակուսի արմատը՝ երկրորդ աստիճանի արմատը։ Այլ աստիճաններու արմատները եւ «լոկարիտմ»ները թուաբանական գործողութիւններ չեն համարուիր։ Արմատ հանելու գործողութիւնը, եթէ այն կիրառենք ոչ միայն այն թիւերուն համար, որոնք կը համապատասխանեն բնական թիւերու աստիճան բարձրացնելուն, այնպէս ինչպէս միւս հակառակ գործողութիւնները, կրնանք վերլուծել բնական թիւերու բազմութենէն։ Թիւերը, որոնք կը համապատասխանեն այս դէպքին, յաճախ չեն կրնար ներկայացուած ըլլալ վերջնական կոտորակներու տեսքով, այս պատճառով ալ կը կոչուին առանց կոտորակի թիւեր։ Կոտորակով թիւերուն հետ միասին առանց կոտորակի թիւերուն աւելցման բազմութիւնը կը կոչուի «իրական»։ Թերեւս Հին Յունաստանի մէջ յայտնի էր անհամաչափելի հատուածներու գոյութիւնը, օրինակ փորձեր կը կատարուէր միաւոր կողմով քառակուսիին կողմերու եւ անկիւնագիծին համար ստանալ ճշգրիտ թուային արժէքները, որ իր արտացոլումը գտաւ Էօգլիտեսի «սկզբունքներ»ուն մէջ։ Իրական թիւերը ուսումնասիրման առարկայ դարձան միայն 17-18-րդ դարերուն մէջ։ 19-րդ դարուն երկրորդ կէսին Տետեկինտի, Գանտորի եւ Վայերշդրասը ձեւակերպեցին իրենց իրական թիւերուն որոշման կառուցուածքային կանոնը։ Արմատ հանելու գործողութեան համար յայտնի է հետեւեալ կանոնը՝ a n m = a n m {\displaystyle a^{n \over m}={\sqrt[{m}]{a^{n}}}} Թուային բազմութիւններուն հետագայ ընդլայնումը կապուած էր բացասական թիւերու քառակուսի արմատին որոշման՝ անհնարին ըլլալուն հետ։ Այսպիսի խնդիրներու կ'առնչուէին հին ժամանակներուն քառակուսի հաւասարումներու լուծման ժամանակ, եւ այս հաւասարումները կը համարուէին «լուծում չունեցող»։ 16-րդ դարուն առաջին կիսուն, այն հաւասարումները որոնց լուծումները կը պարունակէին բացասական թիւերու արմատներ, անուանեցին «կեղծ», «լուծում չունեցող», «երեւակայական» եւ այլն։ == Գործնական Թուաբանութիւն == Թուաբանութեան գործնական կողմը իր մէջ կը ներառէ կանոններ, ուրուագծեր եւ «ալկորիտմ»ներ, թուաբանական գործողութիւններու ճշգրիտ իրականացման համար, այդ թուականին՝ հաշուիչ մեքենաներու եւ այլ սարքերու օգտագործումը, ինչպէս նաեւ մօտաւոր հաշուարկներու բազմաթիւ եղանակներ, որոնք յայտնուած են որոշ չափումներու ճշգրիտ արդիւնքներ ստանալու անհնարինութեան պատճառով եւ որոնցմէ կրնանք որոշել անոր կարգը, այսինքն առաջին իմաստ ունեցող թիւերը։ Պարզագոյն Հաշուիչ Սարքեր === Ճշգրիտ Կանոններ === Սկսած 15-րդ դարէն կ'առաջարկուէին տարբեր «ալկորիտմ»ներ բազմանիշ թիւերու հետ թուաբանական գործողութիւններու իրականացման համար, որոնք աչքի կ'իյնային հաշուարկի միջնակայ գրելաձեւով։ Թուաբանական «ալկորիտմ»ները կառուցուած են ելլելով գործող դիրքային հաշուողական համակարգէ, երբ իւրաքանչիւր x {\displaystyle x} դրական իրական թիւ կը ներկայացնէ միակ հնարաւոր եղանակ, հետեւեալ տեսքով՝ x = ( a n − 1 a n − 2 … a 1 a 0 , a − 1 a − 2 … ) b = ∑ k = − ∞ n − 1 a k b k {\displaystyle x=(a_{n-1}a_{n-2}\dots a_{1}a_{0},a_{-1}a_{-2}\dots )_{b}=\sum _{k=-\infty }^{n-1}a_{k}b^{k}} ուր a {\displaystyle a} -ն թիւին գրառման հերթական նիշն է x {\displaystyle x} -ը, b {\displaystyle b} -ն հաշուարկման հիմնական համակարգն է, n {\displaystyle n} -ը x {\displaystyle x} թիւին ամբողջ մասին կարգերու թիւն է։Թիւերուն հետ բոլոր ձեւի գործողութիւններուն մէջ կ'օգտագործուին մինչեւ տասի գումարման եւ բազմապատկման աղիւսակները եւ հանրահաշուական հիմնական օրէնքները։ Որպէս լուսաբանութիւն պարզաբանող օրինակ, գիտութիւնը հանրամատչելի դարձնող Քլայնը կը ներկայացնէ հետեւեալ օրինակը՝ 7 ⋅ 12 = 7 ⋅ ( 10 + 2 ) = 70 + 14 = 70 + ( 10 + 4 ) = ( 70 + 10 ) + 4 = 80 + 4 = 84 , {\displaystyle 7\cdot 12=7\cdot (10+2)=70+14=70+(10+4)=(70+10)+4=80+4=84,} ուր օգտագործուած են բաշխական եւ զուգորդական օրէնքները։ Ճիշդ եւ արագ հաշուարկներու անհրաժեշտութիւնը բերին պարզագոյն հաշուիչ սարքերու ստեղծման, որոնցմէ են՝ աբակը, սուանպան եւ իւփանը։ Յաջորդ քայլը եղաւ Օկհդրետի 1622 թուականի «լոկարիտմ»ական կանոնի ստեղծումը, որ կը հնարաւորէ կատարել բաժանում եւ բազմապատկում։ === Համակարգչային Թուաբանութիւն === Գնուտը թուաբանական գործողութիւնները կը համարէ «համակարգիչներու ճակատագիրը»։ Առաջին հաշուիչ մեքենաները, որոնք կրցան մեքենայացնել թուաբանական չորս գործողութիւնները, նախագծուեցան 17-րդ դարուն։ Սչիքկարտի «թուաբանական մեքենան», ինչպէս ինք կ'անուանէր, ստեղծուած է 1623 թուականին։ Գումարման եւ հանման գործողութիւնները կը կատարուէին գլանագլխարկի (ցիլինտր) պտտման արդիւնքին մէջ, յատուկ գլանագլխարկներ կային նաեւ բաժանման եւ բազմապատկման համար։ Բացի անկէ մեքենան կրնար փոխանցել տասնեակներ։ Հայրիկին ֆինանսական հաշուարկներուն մէջ օգնելու համար Փասքալը 1642 թուականին ստեղծած է փասքալինան։ Ան կ'աշխատէր նոյն Սչիքկարտի մեքենայի սկզբունքով։ Մեքենային հիմնական մասը կը կազմուէր տասնեակներու փոխանցման մեքանիզմով։ Ասոր հետ մէկտեղ նման մեքենաներու արհեստագործական արտադրութիւնը թերեւս անարդիւնաւէտ էր։ 18-րդ դարուն ամբողջ ընթացքին շարունակեցին հաշուեմեքենաները կատարելագործելու փորձերը, բայց հաշուիչ մեքենաներու օգտագործումը լայն տարածում գտաւ սկսեալ 19-րդ դարուն։ 20-րդ դարուն հաշուիչ մեքենաներուն փոխարինելու եկան հոսանգային հաշուիչ մեքենաները։ Անոնց հիմքին ինկած են «ալկորիտմ»ներ, որոնք թուաբանական գործողութիւնները կը կատարեն օգտագործելով հնարաւորին քիչ քանակի տարրական գործողութիւնները։ Համակարգչային թուաբանութիւնը իր մէջ կը ներառէ «ալկորիտմ»ներ, որոնք կրնար գործողութիւններ կատարել լողացող ստորակէտով, կոտորակային եւ մեծ թիւերու հետ։ === Չափել === Բացի այն առարկաներէն, որ ենթակայ են հաշիւի գոյութիւն ունենցող առարկաներուն, որոնց կարելի է չափել, առաջին հերթին այդ երկարութիւնն ու ծաւալն է։ Ինչպէս հաշիւի դէպքին, այս եւս առաջին չափման միաւորը եղած է մարդու ձեռքին մատները։ Յետոյ հեռաւորութիւնները սկսան չափել քայլերով, կրկնակի քայլերով, մղոններով (հազար կրկնակի քայլեր) եւ ասպարէզով։ Բացի անկէ երկարութեան չափման համար կ'օգտագործեն նաեւ արմուկները, ափերը, սաժենը, տիոյմը։ Տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ կը սահմանուէին տարբեր չափման միաւորներ, որոնք շատ հազուադէպ էին տասի բազմապատիկ ըլլալուն։ Չափման միաւորներու բազմազանութիւնը կը հնարաւորէ խուսափիլ կոտորակներու օգտագործումէն։ Առեւտրային թուաբանութիւնը իր մէջ կը ներառէ ոչ տասնորդական թուային համակարգին մէջ գործելու ունանկութիւններ (դրամական միաւորներ, չափման միաւորներ եւ կշիռներ)։ 18-րդ դարու վերջերուն Ֆրանսակակն յեղափոխական կառավարութիւնը նախ ժամանակաւոր իսկ հետագային նաեւ արխիւային հիմքով (10 Դեկտեմբեր 1799 թուականի օրէնքով) մեթրը ընդունեց որպէս մեթրական չափման միաւոր (վերջնականապէս այդ չափման միաւորին համար ընդունելութիւնը կատարեց ֆրանսան 1 Յունուար 1840 թուականին)։ Մեթրին հետ միասին որոշուեցաւ նաեւ «քիլոկրամ»ը։ Մեթրական համակարգի հիմքը նաեւ իր մէջ կը պարունակէ տասնական համակարգը։ Երբ այս հանգամանքը վերջնականօրէն ընդունուեցաւ, սկսաւ գործածուիլ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մէջ (բացառութիւններէն են՝ Անգլիան եւ ԱՄՆ-ն)։ Փարիզի մէջ գտնուող յատուկ չափի եւ կշիռի միջազգային պիւրոյի հրամանով 1888 թուականին փլաթինի եւ իրիտի համաձուլուածքներէն պատրաստուած է միջազգային «մեթր»ը եւ միջազգային «քիլոկրամ»ը, որպէս չափի եւ կշիռի ստուգաչափ։ Բացի ժամանակի եւ անկիւնի չափումներէն, մնացած բոլոր չափման միաւորները եւս կապուած են տասնական համակարգին հետ։ === Մօտաւոր Կանոններ === Պատմականօրէն մօտաւոր հաշուարները առաջացած են միաւոր քառակուսիի անկիւնագիծի որոշման ժամանակ, բայց լայն տարածում ստացան տասնական համակարգին անցում կատարելով եւ առանց կոտորակով թիւերու եւ անվերջ պարբերական կոտորակային տեսքով արտայայտուած թիւերու փոխարինման վերջաւոր տասնորդական կոտորակի օգտագործման ժամանակ։ Գնահատման հաշիւներուն համար առաջին հերթին կ'օգտագործեն «մոնոթոն»ութեան օրէնքները։ Օրինակ որպէսզի որոշեն արտադրդալի կարգը 567 ⋅ 134 {\displaystyle 567\cdot 134} , կարելի է օգտուիլ հետեւեալ գնահատականէն՝ 560 ⋅ 130 < 567 ⋅ 134 < 570 ⋅ 140 {\displaystyle 560\cdot 130<567\cdot 134<570\cdot 140} ։ == Թիւերու Տեսութիւն == Թիւերու տեսութիւնը կամ բարձրագոյն թուաբանութիւնը, թիւերը կը համարուին իբր գիտութիւն, որ առաջացած է թուաբանական այն խնդիրներէն, որոնք կապուած են թիւերու բաժանելիութեան հետ։ Թիւերու տարրական տեսութիւնը գործ ունի այն խնդիրներուն հետ, որոնք կը լուծուին տարրական կանոններով, սովորաբար առանց կեղծ թիւերուն օգտագործման։ Անոր կը վերաբերի բաժանելիութեան տեսութիւնը, համեմտութեան տեսութիւնը, անորոշ հաւասարումները, մասերու բաժանումը, կոտորակով թիւերով մօտաւորութիւնը, շղթայական կոտորակները։ Թուաբանութեան հիմնական տեսութիւնը՝ թիւերու բաժանումը պարզ համաբազմապատկիչներու միակ եղանակով, նոյնպէս մաս կը կազմէ թիւերու տարրական տեսութեան։ Ամբողջ թիւերու առանձին ենթադասերը, որոնցմէ են՝ պարզ, բաղադրեալ, քառակուսի եւ կատարեալ թիւերը, առանձնացուած են թերեւս հին յոյներու կողմէ։ Անոնք յառաջացուցած են բանաձեւեր փիւթակորական եռեակի, ամենամեծ ընդհանուր բաժանարարի որոշման համար եւ ցոյց տուած են պարզ թիւերու անվերջութիւնը։ Տիոֆանտը իր ազատ ժամերը մասնակցեցաւ ամբողջ թիւերու հետ կապուած խնդիրներու դասակարգին մէջ։ Տիոֆանտի աշխատանքները 17-րդ դարուն մէջ շարունակեց Ֆերման, 18-րդ դարուն՝ Էյլերը։ Ֆերման կը զբաղէր ամբողջ թիւերու հետ կապուած հաւասարումներու լուծումով եւ առանց ապացոյցներու ձեւակերպեց Ֆերմայի մեծ եւ փոքր օրէնքները։ Էյլերը շարունակեց ֆերմայի հետազօտութիւնները, ապացուցելով փոքր օրէնքը եւ Ֆերմայի մեծ օրէնքի մասնաւոր դէպքը։ Ան առաջին անգամ օգտագործեց թուաբանական վերլուծում թիւերու տեսութեան խնդիրներու լուծման համար եւ ստեղծեց թիւերու «վերլուծական տեսութիւն»։ Էյլերը սահմանեց բազմացնող «ֆունկ»երը, որոնց հիման վրայ կառուցուեցան շրջանաձեւ կանոնը եւ եռանկիւնաչափական գումարին կանոնը։ Այժմ բացի տարրական եւ վերլուծական թիւերու տեսութենէն, գոյութիւն ունին հետեւեալ բաժինները՝ հանրահաշուայինը, հաւանականութիւնը եւ թիւերու մեթրական տեսութիւնը։ == Տեսական Թուաբանութիւն == Ժամանակակի ընթացքին թուաբանութեան մէջ տեսութեան կառուցուածքը կը ներկայացնէ բազմաթիւ յատկութիւններու ընտրութիւնը, կամ «աքսոմաթ»ներ, որոնցմէ կը պահանջուի դուրս բերել տեսութեան բոլոր դիւրութիւնները, կամ կանոնները, ընդունուած տրամաբանութեան օգնութեամբ։ Թուաբանութեան տեսական կառուցուածքը յենած է հանրահաշուական հասկացողութիւններու վրայ։ Թուաբանութեան հիմնական հասկացողութիւններուն ընտրութեան բարդութիւնը կապուած է անոր նախնական դիւրութիւններուն պարզութեան հետ։ Փեանօն խուսափելով բառերու օգտագործման ժամանակ կեղծ օրէնքներու շարքէն, ապացոյցները կ'օգտագործուէին բացառապէս «սիմուել»ի լեզուով, յենելով միայն անոնց կողմէ ընդունուած նախնական դիւրութիւններուն վրայ։ Գանտորը եւ Տետեկինտը թիւերը կը կապէին բազմութիւններու եւ անոնց հանդէպ վերացական յարաբերութիւններուն հետ։ Բազմութիւններուն տեսութիւնը թուաբանական գործողութիւնները կը դիտարկէ որպէս տարրերու եռեակի միջեւ յատուկ յարաբերութիւններ, ուր տարր մը կ'որոշուի միւս երկու տարրերու միջոցով կամ Հանրահաշուական Գործողութիւններով։ Բազմութիւններու տեսութեան մասին խօսելով Գլէյնը կը նկատէ, որ այս մօտեցման դէպքին մէջ տեսութեան զարգացումը կը դառնայ «վերացական եւ քիչ հասանելի»։ === Բնական Թիւեր === 1810 թուականին չեխ թուաբանագէտ Պոլզանօն բնական թիւերուն համար սահմանեց գումարման գործողութիւնը։ Անկէ անկախ նման սահմանումներ տուին նաեւ գերմանացի թուաբանագէտներ Կրազմանը (1861 թուականին) եւ Հանքելը (1869 թուականին)։ «Տարրական թուաբանական հանրագիտարան»ը կ'առաջարկէ բնական թիւերու գումարման հետեւեալ սահմանումը՝ Սահմանել։ Բնական թիւերու գումարումը կ'անուանեն այն համապատասխանութեան, որ բնական թիւերուն իւրաքանչիւր զոյգի համար a {\displaystyle a} եւ b {\displaystyle b} , կը համադրուի մէկ եւ միայն մէկ բնական թիւ a + b {\displaystyle a+b} , օժտուած հետեւեալ յատկութիւններով՝ a + 1 = a ′ {\displaystyle a+1=a'} ցանկացած a {\displaystyle a} -ի համար, a + b ′ = ( a + b ) ′ {\displaystyle a+b'=(a+b)'} ցանկացած a {\displaystyle a} -ի եւ b {\displaystyle b} -ի համար։ Բնական թիւերուն գումարումը միշտ իրագործելի է եւ միանշանակ։ Բազմապատկումը ինչպէս եւ գումարումը, սահմանուած են իրարմէ անկախ շնորհիւ Պոլցանոնի, Կրազմանի եւ Հանքելի։ «Տարրական թուաբանական հանրագիտարան»ը կ'առաջարկէ բնական թիւերու բազմապատկման հետեւեալ սահմանումը՝ Սահմանել։ Բնական թիւերու բազմապատկումը կ'անուանեն այն համապատսխանութեան, որ բնական թիւերու իւրաքանչիւր զոյգի համար a {\displaystyle a} եւ b {\displaystyle b} կը համադրուի մէկ եւ միայն մէկ բնական թիւ a b {\displaystyle ab} (կամ a ⋅ b {\displaystyle a\cdot b} ), որ ունի հետեւեալ յատկութիւնները՝ a ⋅ 1 = a {\displaystyle a\cdot 1=a} ցանկացած a {\displaystyle a} -ի համար, a ⋅ b ′ = a ⋅ b + a {\displaystyle a\cdot b'=a\cdot b+a} ցանկացած a {\displaystyle a} -ի եւ b {\displaystyle b} -ի համար։ Բնական թիւերու բազմապատկումը միշտ իրագործելի է եւ միանշանակ։ 1891 թուականին Փեանօն ներկայացուց «աքսոմաթ»ները բնական թիւերու համար (այլ աղբիւրներու մէջ կը յիշուի նաեւ 1889 թուականը)։ Այդ ժամանակներէն ի վեր «աքսոմաթ»ները շատ քիչ փոփոխութիւններու կ'ենթարկուին։ Սահմանել։ Բնական թիւեր կը համարուին ցանկացած N {\displaystyle \mathbb {N} } ոչ դատարկ բազմութեան տարրերը, որուն մէջ որոշ տարրերու համար a {\displaystyle a} եւ b {\displaystyle b} -ն, նաեւ գոյութիւն ունի « b {\displaystyle b} -ն կը յաջորդէ a {\displaystyle a} -ին» առնչութիւնը, որուն համար կ'իրականացուի հետեւեալ «աքսոմաթ»ները՝ Գոյութիւն ունի 1 {\displaystyle 1} թիւը, որ չի յաջորդեր այլ թիւի, այսինքն ցանկացած a {\displaystyle a} թիւին համար a ′ ≠ 1 {\displaystyle a'\neq 1} թիւը։ Ցանկացած a {\displaystyle a} թիւին համար գոյութիւն ունի a ′ {\displaystyle a'} թիւը, կրնանք օգտագործել միայն մէկը, այսինքն a = b {\displaystyle a=b} կը յաջորդէ a ′ = b ′ {\displaystyle a'=b'} գիտակցութեան։ Ցանկացած թիւ մը կը յաջորդէ ոչ աւելի քան մէկ թիւի, այսինքն a ′ = b ′ {\displaystyle a'=b'} կը յաջորդէ հետեւաբար a = b {\displaystyle a=b} -ի։ Բնական թիւերու ցանկացած M {\displaystyle M} բազմութիւնը, որ օժտուած է՝ 1 {\displaystyle 1} -ը կը պատկանի M {\displaystyle M} -ին եւ a {\displaystyle a} թիւը կը պատկանի M {\displaystyle M} -ին հասկացողութեամբ, ապա a ′ {\displaystyle a'} թիւը եւս կը պատկանի M {\displaystyle M} -ին յատկութիւններով, կը պարունակէ բոլոր բնական թիւերը, այսինքն կը համընկնի N {\displaystyle \mathbb {N} } -ի հետ։ === Ամբողջ Թիւեր === «Տարրական թուաբանական հանրագիտարան»ը կ'առաջարկէ բնական թիւերու հանման հետեւեալ սահմանումը՝ Սահմանել։ Բնական թիւերու տարբերութիւնը կ'անուանեն այն համապատասխանութեամբ, որ իւրաքանչիւր a {\displaystyle a} եւ b {\displaystyle b} բնական թիւերու զոյգը կը համապատասխանէ a − b {\displaystyle a-b} թիւին, ան օժտուած է հետեւեալ յատկութեամբ՝ ( a − b ) + b = a {\displaystyle (a-b)+b=a} ։ Բնական թիւերու տարբերութիւնը իրագործելի է միայն այն դէպքին, երբ a > b {\displaystyle a>b} , եթէ անհաւասարութիւնը գոյութիւն ունի, ապա այն պարագային միակ մէկ թիւ իբր բնական թիւ կ'օգտագործուի։ Գումարման եւ հանման հաշիւին բնական թիւերու ընդլայնումը կը բերէ ամբողջ թիւերու հասկացողութիւնը։ Սահմանել։ Ամբողջ թիւերու օղակ կ'անուանեն Z {\displaystyle \mathbb {Z} } նուազագոյն օղակը, որ կը պարունակէ բոլոր բնական թիւերու N {\displaystyle \mathbb {N} } բազմութիւնը եւ օժտուած է հետեւեալ յատկութիւններով՝ Բնական թիւերու գումարումն ու հանումը կը համընկնեն Z {\displaystyle \mathbb {Z} } օղակի համապատասխան թիւերու համանուն գործողութիւններուն հետ, Z {\displaystyle \mathbb {Z} } օղակը չի պարունակեր իրմէ տարբեր N {\displaystyle \mathbb {N} } բազմութիւնը պարունակող ենթաօղակը։ Z {\displaystyle \mathbb {Z} } օղակին տարրերը կը պարունակեն «ամբողջ» թիւերը։ Z {\displaystyle \mathbb {Z} } օղակը գոյութիւն ունի եւ կը համարուի միակը մինչեւ «իզոմորֆ»ութեան ճշդութեամբ, իսկ անոր իւրաքանչիւր տարր հաւասար է բնական թիւերու տարբերութեան։ Օղակին կառուցման համար կ'օտագործեն հետեւեալ տեսքը՝ ( a , b ) {\displaystyle (a,\;b)} , բնական թիւերու զոյգերուն բազմութիւնները։ Զոոյգերու համար գումարման եւ բազմապատկման համարժէքը կ'որոշուի հետեւեալ կերպով՝ ( a , b ) {\displaystyle (a,\,b)} համարժէք կը դառնայ ( c , d ) {\displaystyle (c,\;d)} -ի միայն եւ միայն այն դէպքին, երբ a + d = b + c , {\displaystyle a+d=b+c,} ( a , b ) + ( c , d ) = ( a + c , b + d ) , {\displaystyle (a,\,b)+(c,\;d)=(a+c,\,b+d),} ( a , b ) ⋅ ( c , d ) = ( a c + b d , a d + b c ) : {\displaystyle (a,\,b)\cdot (c,d)=(ac+bd,\,ad+bc):} === Կոտորակով Թիւեր === «Տարրական թուաբանական հանրագիտարան»ը կ'առաջարկէ բնական թիւերու բաժանման հետեւեալ սահմանումը՝ Սահմանել։ Բնական թիւերու բաժանումը կ'անուանեն այն համապատասխանութեամբ, որուն ժամանակ a {\displaystyle a} եւ b {\displaystyle b} բնական թիւերու իւրաքանչիւր զոյգին կը համապատասխանէ a : b {\displaystyle a:b} թիւը, ան օժտուած է հետեւեալ յատկութեամբ՝ ( a : b ) ⋅ b = a {\displaystyle (a:b)\cdot b=a} ։ Բնական թիւերու բաժանումը իրագործելի է միայն այն ժամանակ, երբ a ⋮ b {\displaystyle a\,\vdots \,b} ( a {\displaystyle a} -ը բազմապատիկ է b {\displaystyle b} -ին), եթէ քանորդը գոյութիւն ունի ապա այն միակն է։ Բաժանում եւ բազմապատկում հասկացողութիւններուն հաշիւին բնական թիւերուն ընդլայնումը, կը ներկայացնէ կոտորակով թիւերուն սահմանումը։ Թերեւս 1710 թուականին Վոլֆը արտայայտած է այն պահանջքը, որ բնական թիւերուն թուաբանական գործողութիւններուն կատարման արդէն յայտնի կանոնները ուղիղ ձեւով չեն կրնար օգտագործուիլ կոտորակներու համար եւ պէտք է ստանան իրենց հիմնաւորումները։ Վերջապէս ինք կը մշակէ հիմնաւորումը (19-րդ դարուն), օգտագործելով ձեւական կաննոներուն անփոփոխութեան սկզբունքը։ Սահմանել։ Բնական թիւերուն կը պարգեւեն Q {\displaystyle \mathbb {Q} } փոքրագոյն տիրոյթը, որ կը ներառէ իր մէջ ամբողջ թիւերու Z {\displaystyle \mathbb {Z} } օղակը եւ օժտուած է հետեւեալ յատկութիւններով՝ Ամբողջ թիւերու գումարումն ու բազմապատկումը կը համընկնեն Z {\displaystyle \mathbb {Z} } տիրոյթի թիւերուն համանուն գործողութիւններուն հետ, Q {\displaystyle \mathbb {Q} } տիրոյթը չի պարունակեր իր մէջ Z {\displaystyle \mathbb {Z} } պարունակող ենթադաշտը։ Q {\displaystyle \mathbb {Q} } տիրոյթի տարրերը կը կոչուին կոտորակով թիւեր։ Q {\displaystyle \mathbb {Q} } տիրոյթը գոյութիւն ունի եւ կը համարուի միակը մինչեւ «իզոմորֆ»ութեան ճշդութեամբ, իսկ անոր իւրաքանչիւր տարրը հաւասար է ամբողջ թիւերու քանորդին։ Ինչպէս ամբողջ կոտորակով թիւերուն տիրոյթի կառուցման համար կ'օգտագործեն ( a , b ) {\displaystyle (a,\;b)} զոյգերու բազմութիւնը, բայց այս դէպքին արդէն ամբողջ թիւերով, կը համապատասխանէ b ≠ 0 {\displaystyle b\neq 0} -ն։ Զոյգերու համար գումարման եւ բազմապատկման համարժէքները կ'որոշուին հետեւեալ կերպով՝ ( a , b ) {\displaystyle (a,\;b)} -ն համարժէք կը դառնայ ( c , d ) {\displaystyle (c,\;d)} -ին միայն եւ միայն այն դէպքին, երբ a d = b c , {\displaystyle ad=bc,} ( a , b ) + ( c , d ) = ( a d + b c , b d ) , {\displaystyle (a,\;b)+(c,\;d)=(ad+bc,\;bd),} ( a , b ) ⋅ ( c , d ) = ( a c , b d ) . {\displaystyle (a,\;b)\cdot (c,d)=(ac,\;bd).} === Իրական Թիւեր === 19-րդ դարուն երկրորդ կէսին ներկայացուած է իրական թիւերուն երեք տարբեր տեսական կառուցուածքները։ Ամենայայտնի կառուցուածքը կը համարուի Տետեկինտի տեսութիւնը։ Գանտորը իր ձեւակերպման մէջ օգտագործած է սահմաններու տեսութիւնը։ Սահմանել։ Իրական թիւերու տիրոյթը կը համարուի R {\displaystyle \mathbb {R} } -ը, որ որպէս ենթատիրոյթ կը պարունակէ կոտորակով թիւերը՝ Q {\displaystyle \mathbb {Q} } տիրոյթը։ R {\displaystyle \mathbb {R} } տիրոյթին տարրերը կը կոչուին իրական թիւեր։ R {\displaystyle \mathbb {R} } տիրոյթը գոութիւն ունի եւ կը համարուի միակը մինչեւ իզոմորֆութեան ճշդութեամբ, իսկ անոր իւրաքանչիւր տարրը հաւասար է կոտորակով թիւերու յաջորդականութեան սահմանին։ === «Գոմբլեքս» Թիւեր === Սահմանել։ «Գոմբլեքս» թիւերը ունին C {\displaystyle \mathbb {C} } տիրոյթը, որ կը պարունակէ իրական թիւերու R {\displaystyle \mathbb {R} } տիրոյթը եւ i {\displaystyle i} տարրը, որ i 2 = − 1 {\displaystyle i^{2}=-1} եւ օժտուած է հետեւեալ յատկութիւններով՝ Բնական թիւերու գումարումն ու բազմապատկումը կը համապատասխանեն R {\displaystyle \mathbb {R} } տիրոյթին թիւերուն հանում գործողութիւններուն հետ, C {\displaystyle \mathbb {C} } տիրոյթը չի պարունակեր իրեն գերազանցող R {\displaystyle \mathbb {R} } պարունակութեամբ ենթատիրոյթը C {\displaystyle \mathbb {C} } տիրոյթին տարրերը կը կոչուին «գոմբլեքս» թիւեր։ C {\displaystyle \mathbb {C} } տիրոյթը կը համարուի հանրահաշուօրէն փակ տիրոյթ։ «Գոմբլեքս» թիւերուն տիրոյթի կառուցման ժամանակ կ'օգտագործեն ( a , b ) {\displaystyle (a,\;b)} յաջորդական զոյգերուն բազմութիւնը։ Զոյգերուն համար գումարման եւ բազմապատկման համարժէքները կ'որոշուին հետեւեալ կերպով՝ ( a , b ) {\displaystyle (a,\;b)} համարժէքը կ'ենթարկուի ( c , d ) {\displaystyle (c,\;d)} համարժէքին միայն եւ միայն այն դեպքին, երբ a = c {\displaystyle a=c} եւ b = d {\displaystyle b=d} , ( a , b ) + ( c , d ) = ( a + c , b + d ) , {\displaystyle (a,\;b)+(c,\;d)=(a+c,\;b+d),} ( a , b ) ⋅ ( c , d ) = ( a c − b d , b c + a d ) : {\displaystyle (a,\;b)\cdot (c,\;d)=(ac-bd,\;bc+ad):} == «Ֆորմալ» Թուաբանութիւն == Տրամաբանական թուաբանութեան կառուցուածքը կը կրէ «ֆորմալ թուաբանութիւն» անուանումը։ Տրամաբանութեան անցնումը կապուած է Հիլպերթի դպրոցին մօտեցման, որ թիւերուն փոխարէն կ'ուսումնասիրէր «ապսդրաքթ»ները եւ անոնց համար ճիշդ կը համարէր գործածել հիմնական թուաբանական օրէնքներ։ Թուաբանութեան հիմնաւորման համար հաստատուեցաւ «աքսոմաթ»ի քանի մը տարբերակներ։ Բացի Փեանոյի «աքսոմաթ»ի համակարգէն, որուն մէջ սահմանուած են գումարումն ու բազմապատկումը, գոյութիւն ունի Փրեսպուրկերու «աքսոմաթ»ներու համակարգը, որուն մէջ սահմանուած է միայն գումարումը, ինչպէս նաեւ գոյոթիւն ունին «աքսոմաթ»ներ, որոնց մէջ սահմանուած են գումարումը, բազմապատկումը եւ աստիճան բարձրացումը։ Յաճախ «աքսոմաթ»ներու փոխարէն կը ներառեն գործողութեան բոլոր յատկութիւնները։ Այս բոլոր «աքսոմաթ»ի տեսութիւնները հիմնուած են բնական թիւերու բազմութեան վրայ եւ իրենց մէջ չեն ներառեր բազմութիւններու տեսութեան փարատոքսները։ Այլ հետազօտական մօտեցումները թուաբանութիւնը կը վերլուծեն բազմութիւններու տեսութեան «աքսոմաթ»ներէն կամ թուաբանական տրամաբանութիւններէ։ Յարաբերութիւնները համապատասխանելու համար «աքսոմաթ»երու հետազոտութիւնները կը գրառեն թուաբանական տրամաբանութեան յատուկ «ֆորմալ» լեզուով։ Ան կը պարունակէ 0 {\displaystyle 0} -ն, թուային փոփոխականներ, «սիմուըլ»ներ ( = , + , ⋅ , ′ {\displaystyle =,+,\cdot ,'} ) եւ տրամաբանական կապեր ( & , ← , ∀ , ∃ , ∨ , e {\displaystyle \And ,\leftarrow ,\forall ,\exists ,\lor ,{\mathcal {e}}} )։ «Աքսոմաթ»ը կը ներկայացնէ անվերջ հաւաքածոյ մը, որ կարելի չէ փոխարինել ոչ մէկ վերջնական բազմութեամբ։ Կատարեալ «աքսոմաթ»ներու ամենամեծ հաւաքածոն պէտք է օժտուած ըլլայ հետեւեալ երեք յատկութիւններով՝ Անհակասականութիւն՝ «աքսոմաթ»ները պէտք չէ համապատասխանեն իրար հետ, Անկախութիւն՝ «աքսոմաթ»ներուն մէջ պէտք չէ ըլլայ աւելորդ, այլ «աքսոմաթ» մը տրամաբանօրէն հետեւող ուրիշ «աքսոմաթ», Ամբողջականութիւն՝ «աքսոմաթ»ներուն հաւաքածոն պէտք է բաւական ըլլայ, որպէսզի ցանկացած ճիշդ ձեւակերպած օրէնք հնարաւոր ըլլայ ապացուցել կամ հերկել։Բնական թիւերուն թուաբանութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի թուաբանութեան տեսութիւններուն հիմնաւորման համար՝ անոր անհակասականութենէն կը հետեւին իրական թիւերուն թուաբանութեան անհակասականութիւնները, որոնք իրենց հերթին կ'օգտուին «մոտել»ներուն օրէնքներէն ցոյց տալով Էօգլիտեան երկրաչափութեան եւ Լոպաչեւսքիի երկրաչափութեան անհակասականութիւնը։ Թուաբանութեան անհակասականութիւնը ապացուցելով՝ Փեանոյի համակարգին եւ անոր բարեկամ «աքսոմաթ»ի համակարգին մէջ, անարդիւնք կ'աշխատէր Հիլպերթը (20-րդ դարուն սկիզբը)։ 1930 թուականին Կիոտելի անաւարտութեան օրէնքին բացայատումէն ետք, հասկնալի դարձաւ, որ նման համակարգերուն մէջ այս օրէնքը անհնար է։ Անհակասականութիւնը ապացուցած է Կենտզէնը, 1936 թուականին օգտագործելով Դրանսֆինիտային հիմնարկին տարատեսակութիւնը։ Անկախութեան ուսումնասիրման համար իւրաքանչիւր «աքսոմաթ» հերթականութեամբ կը փոխարինուի հակադիրով, այնուհետեւ կը կառուցուի «մոտել»ը, ուր ստացուած «աքսոմաթ»ներու հաւաքածոն կ'իրագործուի։ Եթէ փոխարինուած «աքսոմաթ» կախեալ է, այսինքն տրամաբանօրէն կը հետեւի այլ «աքսոմաթ»ներու, ապա անոր փոխարինումը հակադիրով ակնյայտօրէն կը բերէ «աքսոմաթ»ներու հակասական համակարգը եւ համակարգին կառուցումը կը դառնայ անհնար։ Այսպիսով եթէ «մոտել»ը հնարաւոր է կառուցել, ապա անոր համապատասխան «աքսոմաթ»ը անկախ է։ Այս եղանակով ապացուցուած է, Փեանոյի բոլոր «աքսոմաթ»ներու մէկը միւսէն անկախ ըլլալը։ «Ֆորմալ» թուաբանութեան միջոցներով, որ կը կառուցուի Փեանոյի «աքսոմաթ»ներուն հիման վրայ, կարելի է գրել թիւերու տեսութեան օրէնքները, որոնք կ'ապացուցուին առանց թուաբանական վերլուծման միջոցներու եւ ռեքուրսիայի ֆունքցիաներու ու անոնց յատկութիւններու օգտագործման։ Ան համարժէք է Զերմելօ-Ֆրենքելեան բազմութիւններու «աքսոմաթ»ի տեսութեան առանց անվերջութեան «աքսոմաթ»ի։ Ասոր հետ մէկտեղ 1929 թուականին ապացուցուած Կիոտելի ամբողջութեան մասին օրէնքը ցոյց տուաւ, որ Փեանոյի «աքսոմաթ»ները «թերի» են, այսինքն գոյութիւն ունին թուաբանական օրէնքներ, որոնք չեն կրնար ապացուցուիլ իբր ժխտական կամ դրական եզրակացութիւններ։ Այն դէպքին երբ թուաբանութիւնը յարաբերականօրէն լեցուն է ∃ x 1 … ∃ x k ( P = Q ) {\displaystyle \exists x_{1}\dots \exists x_{k}(P=Q)} նման բանաձեւերով, գոյութիւն ունին ∀ x 1 … ∀ x 9 ( P ≠ Q ) {\displaystyle \forall x_{1}\dots \forall x_{9}(P\neq Q)} տեսքի օրէնքներ, որոնք կ'արտայայտեն իրական եզրակացութիւն, բայց հնարաւոր չէ ասոնք վերլուծել։ == Պատմական Ակնարկ == === Հին Թուաբանական Հատուածներ եւ Հաշուարկման Համակարգեր === Եգիպտական թուաբանութեան հատուածները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին գումարման եւ անոր կատարման ժամանակ առաջացող բարդութիւններուն, որոնք մեծ մասամբ կապուած էին առաջադրանքներու լուծման եղանակներուն։ Հին Եգիպտոսի մէջ փափիրուսները թուաբանութիւնը կազմած են ուսման նպատակներով, որ կը պարունակէին առաջադրանքներու լուծումներ, օժանդակ աղիւսակներ, ամբողջ թիւերու եւ կոտորակներու հետ գործողութիւններու կատարման կանոններ, կը հանդիպէին թուաբանական եւ երկրաչապական «բրոկրեսներ», ինչպէս նաեւ հաւասարումներ։ Եգիպտացիները կ'օգտուէին հաշուարկման տասնորդական համակարգէն։ Եգիպտացիները գիտէին բազմաթիւ թուաբանական գործողութիւններ, որոնցմէ են՝ գումարումը, կրկնապատկումը եւ կոտորակներու լրացումը մինչեւ միաւոր։ Ամբողջ թիւերով ցանկացած բազմապատկման եւ առանց մնացորդ բաժանման բոլոր գործողութիւնները կը լուծուէին կրկնապատկման գործողութեամբ ու յետոյ բաժանումը կրկնելով, որմէ կը ստանանք մեծածաւալ հաշուարկներ, որուն մէջ կը մասնակցէին յաջորդականութեան որոշակի անդամներ 1 , 2 , 4 , 8 , 16 , . . . {\displaystyle 1,2,4,8,16,...} ։ Եգիպտոսի մէջ կ'օգտագործէին միայն եգիպտական կոտորակները, կամ միաւորի մասնաբաժինը ( 1 / n {\displaystyle 1/n} ), իսկ բոլոր միւս կոտորակները կը դասուէին «ալեկուոտ»ային գումարով։ Եգիպտացիները քառակուսիին մակերեսը, խորանարդի ծաւալը կամ քառակուսիին կողմը, մակերեսը հաշուելու համար կը գործածէին աստիճան բարձրացնելու եւ արմատ հանելու գործողութիւնները. այս գործողութիւնները թերեւս անուանում չունէին։ Պապելոնեան սեպագիր թուաբանական հատուածները կ'օգտագործէին վաթսունական հաշուարկային համակարգը, որ յատուկ էր թերեւս շումերներուն, եւ իրենցմէ ներկայացուած ուսումնական ձեռնարկները, որոնք կը ներառէին բազմապատկման աղիւսակը 1 {\displaystyle 1} -էն 59 {\displaystyle 59} թիւերուն համար, ինչպէս նաեւ Հակադարձ թիւերուն աղիւսակը, բնական շարքի թիւերու քառակուսիի եւ խորանարդի աղիւսակները, տոկոս հանելու աղիւսակները, կոտորակները 60 {\displaystyle 60} հիմքով։ Թուաբանական առաջադրանքներու լուծման ժամանակ բաելոնցիները կը յենէին համամասնութիւններու եւ «բրոկրես»ներու վրայ։ Անոնք գիտէին n {\displaystyle n} անդամ պարունակող թուաբանական «բրոկրես»ական գումարին բանաձեւը, երկրաչափական «բրոկրես»ական գումարի կանոնները, կը լուծէին տոկոսներով առաջադրանքներ։ Բաբելոնի մէջ գիտէին պիֆագորեան եռեակի բազմութիւնը, որոնց որոնման համար, հաւանաբար կ'օգտուէին ընդհանուր անյայտ ձեւալուծումէ։ Ընդհանուր առմամբ x 2 + y 2 = z 2 {\displaystyle x^{2}+y^{2}=z^{2}} հաւասարումներու ամբողջական եւ կոտորակով լուծումը կը վերաբերի թիւերու տեսութեան։ Երկրաչափական առաջադրանքները բերին քառակուսի արմատին մօտաւոր արժէքներու ստացման անհրաժեշտութիւնը, որ անոնք կը կատարէին օգտագործելով հետեւեալ կանոնը՝ a 2 + r ≈ a + r 2 a {\displaystyle {\sqrt {a^{2}+r}}\approx a+{\frac {r}{2a}}} , եւ արդիւնքի հետագայ մօտաւորութիւնը ձեռքբերել։ Հնագոյն յունական թուաբանական հատուածները կը վերաբերին Քրիստոսէ առաջ 14-էն 7-րդ դարերուն։ Սկիզբը յոյները կ'օգտուէին աթթիքական հաշուարկէն, այն ժամանակին ընթացքին փոխարինուեցաւ «քոմբաքդ» լուծման ձեւով կամ «յոնաքան»ով։ Հին յունական թուաբանութեան զարգացումը կը պատկանի փիւթագորեան դպրոցին։ Սկզբնական շրջանին փիւթագորասականները ենթադրեցին, որ ցանկացած երկու հատուածներու համեմատութիւնը կարելի է ներկայացնել ամբողջ թիւերու յարաբերութիւններով, այսինքն երկրաչափութիւնը կը ներկայացնէր կոտորակով թիւերու թուաբանութիւնը։ Անոնք ուսումնասիրեցին միայն դրական ամբողջ թիւերը եւ թիւերը կը վերլուծէին որպէս միաւորներու հաւաքածոյ։ Ուսումնասիրելով թիւերու յատկութիւները անոնք թիւերը բաժնեցին զոյգ եւ քենդ թիւերու (even եւ odd), պարզ եւ բաղադրեալ թիւերու, գտան փիւթագորեան եռեակի անվերջ բազմութիւնը։ Քրիստոսէ առաջ 399 թուականին յայտնուեցաւ բաժանելիութեան ընդհանուր տեսութիւնը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի Սոքրաթէսի աշակերտ Տէաթեթուզին։ Էօգլիտեսը այս լուծելու ձեւին համար ձօնեց գիրք՝ 7-րդ եւ 9-րդ գիրքին մաս մը «Սկզբունքներ»։ Տեսութեան հիմքին համապատասխանեց երկու թիւերուն ամենամեծ ընդհանուր բաժանարարի որոշման Էօգլիտեսի «ալկորիտմ» վերլուծական կանոնը։ Ալկորիտմի հետեւանք կը հանդիսանայ ցանկացած թիւի պարզ բաղադրիչներու վերլուծելու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ վերլուծութեան եզակիութիւնը։ Այս կանոնին հետ մէկտեղ փիւթագորասականներուն կը պատկանի նաեւ միաւոր կողմով քառակուսիին կողմի եւ անկիւնագիծի անհամաչափելիութեան ապացոյցը։ Այս բացայայտումը կը նշանակէ, որ ամբողջ թիւերուն յարաբերութիւնը յարատեւ չեն համապատասխաներ հատուածներու յարաբերութեան արտայայտման համար եւ այս հիմքով հնարաւոր չէ ստեղծել մեթրական երկրաչափութիւնը։ Կոտորակով թիւերու մասին առաջին ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Թիաթուսին։ Էօգլիտեսի «ալկորիտմի» միջոցով կրնանք որոշել կոտորակով թիւերու ոչ ամբողջական մասնաւոր տարալուծումը եւ անընդհատ կոտորակը։ Ասոր հետ մէկտեղ անընդհատ կոտորակով թիւերու հասկացողութիւնը չէր ընդունուած Հին Յունաստանի մէջ։ 3-րդ դարուն Տիոֆանտը սկսաւ ստեղծել հանրահաշիւը յենելով ոչ թէ երկրաչափութեան այլ թուաբանութեան վրայ։ Տիոֆանտը նաեւ ընդլայնեց թուային տիրոյթը բացասական թիւերով։ Հռոմէական հաշուարկի համակարգը գումարման համար անբաւարար կը համարուէր։ Հռոմէական թուային նշանները առաջացած են այբուբէնէ առաջ եւ չեն հետեւիր անոր տառերուն։ Կը համարուի, որ սկիզբը 1 {\displaystyle 1} -էն 9 {\displaystyle 9} թիւերը նշանակուած են համապատասխան քանակի ուղղահայեաց գծիկներով, իսկ անոնց վրայ գիծ քաշելը կը նշանակէր թիւերու տասնապատկումը (այստեղէն առաջացած է X {\displaystyle X} թիւը)։ Համապատասխանաբար, որպէսզի ստանան 100 {\displaystyle 100} թիւը, գիծին վրայ կը քաշէին երկու գիծեր։ Հետագային տեղի ունեցաւ համակարգի պարզեցնումը։ Ներկայիս այն հիմնականին կ'օգտագործուի դասական թիւերու նշանակման համար։ Մինչեւ 14-րդ դար Չինաստանի թուաբանութիւնը կը ներկայացուէր հաշուողական տախտակի վրայ՝ հաշուելու համար հաշուողական «ալկորիտմ»ներու գործածութեամբ։ Գումարման եւ բազմապատկման գործողութիւնները, որոնք կը կատարուէին հաշուողական տախտակի վրայ լրացուցիչ աղիւսակներու կարգ չունէին, բազմապատկման համար չկար 1 × 1 {\displaystyle 1\times 1} -էն 9 × 9 {\displaystyle 9\times 9} թիւերու բազմապատկման աղիւսակը։ Բազմապատկման եւ բաժանման գործողութիւնները կը կատարէին սկսելով բարձր կարգերէն, ընդյառաջ միջանկեալ արդիւնքները տախտակէն կը ջնջուէին, որ ստուգումը կը դարձնէր անհնարին։ Սկիզբը բազմապատկումն ու բաժանումը կը համարուէին անկախ գործողութիւններ, բայց յետոյ Սուն Ցզին նշեց անոնց փոխադարձ հակադարձութիւնը։ Չինաստանի մէջ խնդիրները կը կարողանային լուծել օգտուելով երկու կեղծ դիրքերու կանոններէ, իսկ գծային հաւասարումներու լուծման համար գործածուած են բացասական թիւերը։ Սկզբնական շրջանին բացասական թիւերը կ'օգտագործուէին միայն հաշուարկի ընթացքին եւ գումարման աւարտէն ետք տախտակէն կը ջնջուէին, հետագային չինացի գիտնականները սկսան ներկայացնել որպէս պարտք կամ պակասորդ։ === Թուաբանութիւնը Միջնադարուն === Դիրքային հաշուարկման համակարգը (տասը թիւերը զերօն ներառեալ) առաջացած է Հնդկաստանի մէջ։ Ան թոյլ կու տար թուաբանական գործողութիւններու կատարման համար մշակել համեմատաբար պարզ կանոններ։ Հնդկաստանի մէջ հիմնական թուաբանական գործողութիւններ կը համարուէին գումարումը, հանումը, բաժանումը, բազմապատկումը, քառակուսի եւ խորանարդ աստիճան բարձրացնելը, քառակուսի եւ խորանարդ աստիճանի արմատ հանելը, որոնց համար մշակուած էին կանոններ։ Գումարումը կը կատարուէր աւազէ, մոխիրէ կամ հողէ հաշուարկային տախտակի վրայ եւ կը գրուէր փայտիկով։ Հնդիկները գիտէին կոտորակները եւ կրնային գործողութիւններ կատարել անոնց հետ, գիտէին համաչափութիւնները եւ բրոկրեսիաները։ Արդէն 7-րդ դարուն անոնք կ'օգտուէին բացասական թիւերէ՝ մեկնաբանելով անոնք որպէս պարտք, կ'օգտուէին նաեւ առանց կոտորակի թիւերէն: 9-րդ դարուն սկիզբը Մուհամէտ իպն Մուսա ալ Խորեզմին գրած է «Հնդկական հաշուարկի մասին» գիրքը։ Դասագիրքը իր մէջ կը պարունակէ դիւրին «տարբեր տիպի եւ տեսակի» խնդիրներու լուծումները եւ եղած է առաջին գիրքը, որ գրուած է օգտագործելով դիրքային հաշուարկման համակարգը, մինչ այդ թիւերէն կ'օգտուէին միայն հաշուարկման տախտակներու վրայ հաշիւներ կատարելով։ 12-րդ դարուն Ատելարտ եւ Եոհան Սեւելկի կատարած են գիրքին երկու թարգմանութիւնները լատիներէն լեզուով։ Անոր բնօրինակը չէ պահուած, բայց 1857 թուականին «Հնդկական թիւերու մասին ալկորէիզմ» վերնագիրով տպագրուած է անոր լատինական թարգմանութիւնը։ Այս գիրքին մէջ կը նկարագրուի հաշուողական տախտակի վրայ հնդկական թիւերու օգնութեամբ այնպիսի գործողութիւններու կատարումները, որոնցմէ են՝ գումարումը, հանումը, կրկնապատկումը, բազմապատկումը, բաժանումը եւ քառակուսի արմատի հանումը։ Կոտորակներուն բազմապատկումն ու բաժանումը կը դիտուի համաչափութիւններու օգնութեամբ՝ a {\displaystyle a} բազմապատկած b {\displaystyle b} հաւասար հզօր է այնպիսի q {\displaystyle q} թիւին որոնման, որու ժամանակ q : a = b : 1 {\displaystyle q:a=b:1} ։ Հետեւեալ տեսութիւնը կը համարուի արաբական թուաբանութեան հիմքը։ Սակայն գոյութիւն ունի նաեւ կոտորակներու հաշուարկման այլ եղանակ, որ ցանկացած կոտորակ մը կը ներկայացնէ վերջին պատասխան կոտորակներու գումարին տեսքով։ Խնդիրներուն լուծման համար արաբները կ'օգտուէին՝ եռակի կանոնէն, որ եկած է Հնդկաստանէն եւ գրուած է ալ Պիրունի «Հնդկական ռաշիկի մասին» գիրքին մէջ, երկու կեղծ դիրքերու կանոնէ, որ եկած է Չինաստանէն եւ տեսականօրէն հաստատուած է Քուսթա իպն Լուքայի «Երկակի կեղծ դիրքերու կանոնը» գիրքին մէջ։ 10-րդ դարուն Սպանիոյ եւ Սիցիլիոյ մէջ սկսաւ գիտական կապեր հաստատուիլ Եւրոպայի եւ արաբական աշխարհի միջեւ։ Այս ժամանակ Քադալոնիա այցելեց վանական գիտնական Հերպերդը, որ աւելի ուշ դարձաւ Հռոմի պապը՝ Սիլուեստր 2-րդ։ Ան կը վերագրէ «Գիրք թիւերու բաժանելիութեան» մասին եւ «Աբաքի վրայ հաշուարկներ կատարելու կանոններ» շարադրութիւնները։ Երկու գիրքերուն մէջ ալ թիւերը գրուած են տառերով կամ հռոմէական թիւերով։ 12-էն 13-րդ դարերուն Եւրոպայի մէջ յայտնուեցան արաբական թուաբանութեան մասին գիրքերու լատինական թարգմանութիւնները։ Գիրքերուն մէջ ներկայացուած իրական դիրքային հաշիւներու համախոհները սկսան կոչուիլ «ալկորիտմականներ», արաբ թուաբանագէտ Խորեզմի անուան լատինական ձեւով։ 13-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունէր հաշուարկման երկու համակարգներ՝ հինը հիմնուած է Աբագի վրայ, Հերպերթի կողմէ աջակցած, եւ նորը դիրքային հնդկական համակարգը, աջակցած Լէօնարտօ Ֆիպոնաչիին կողմէ։ Նոր համակարգը աստիճանաբար գերազանցեց։ Անոր հիմնական առաւելութիւնը կը համարուի թուաբանական գործողութիւններու պարզեցումը։ Ասոր հետ մէկտեղ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ նոր թիւերը չէին օգտագործուեր մինչեւ 15-րդ դարուն վերջը։ Հին հաշիւները աւելի ամբողջական գտնելը տեղի ունեցած է 16-էն 17-րդ դարերուն միջեւ։ 1427 թուականին ալ Կաշին նկարագրեց տասնորդական կոտորակներուն համակարգը, որ համընդհանուր տարածքին մէջ գտնուեցաւ Ստեւինի կողմէ 1585 թուականին գրառումէն ետք։ Ստեւինը կ'ուզէր որքան հնարաւոր է լայն տարածքի մէջ տալ տասնորդական համակարգին, երբ ասոր համար ալ ան իր գրառումները կը կատարէր ֆրանսերէն եւ ֆլամանտերէն, այլ ոչ թէ լատիներէն։ Բացի անկէ ան դարձաւ տասնորդական չափման համակարգի ներմուծման եռանդուն «ջատագովը»։ === Նոր ժամանակներու Թուաբանութիւն === 17-րդ դարուն ծովագնացային աստղագիտութիւնը, մեքանիզմը, աւելի բարդ առեւտրային հաշուարկները թուաբանութեան գումարման թեքնիքային նոր պահանջքներ ներկայացուցին եւ ծրագրին հանդիսացան հետագայ զարգացման համար։ Թիւ հասկացողութիւնը ենթարկուեցաւ զգալի փոփոխութիւններու։ Եթէ առաջ մեծ հաշիւով թիւերու շարքին կը վերաբերէին միայն դրական կոտորակով թիւերը, ապա 16-րդ դարէն սկսեալ կոտորակով եւ բացասական թիւերը եւս ընդունելի դարձան։ Նիւտոնը իր դասախօսութիւններուն մէջ թիւերը կը բաժնէր երեք խումբերու՝ ամբողջ (կը չափուին միաւորներով), կոտորակային (միաւորին բազմապատիկ մասը) եւ ոչ կոտորակով թիւեր (միաւորին հետ անհամաչափելի)։ 1710 թուականէն սկսեալ թիւերու նման բաժանումը կը յայտնուի բոլոր դասագիրքերուն մէջ։ 17-րդ դարու սկիզբը Նեպյէրը հնարեց լոկարիտմները։ Թուաբանութեան մէջ լոկարիտմներու եւ տասնորդական կոտորակներու օգտագործումը, առանց կոտորակով թիւերուն, որպէս կոտորակով թիւերու մօտաւորականութիւններու շարունակութիւն մուտք գործելը, 17-րդ դարու վերջերուն լայնցուցին թուաբանութեան օգտագործման ոլորտը եւ հաստատեցին գիտութեան հիմնարար նշանակութիւնը անընդհատ մեծութիւններու ուսումնասիրման համար։ Լոպաչեւսկիին երկրաչափական աշխատանքներուն հետ կապուած է թուաբանական հիմքերու վերանայումը, որ տեղի ունեցած է 19-րդ դարուն, թերեւս 18-րդ դարէն սկսած էր թիւի մասին պատկերացումներուն տեսական հիմնաւորումներ տալը։ Թուաբանութեան տետուքթիւ կառուցուածքի մասին առաջին անգամ խնդիր դրաւ Լայբնիցը 1705 թուականին իր «Մարդկային բնականութեան մասին նոր փորձեր» աշխատութեան մէջ, մասնաւորապէս ցոյց տալով «երկուքին գումարած երկուն հաւասար է չորս» հաւասարութեան ապացուցման անհրաժեշտութիւնը։ Փորձելով լուծել այս խնդիրը իրենց աքսեոմաները ներկայացուցին Վոլֆին՝ 1770 թուականին, Շուլցին՝ 1790 թուականին, Օհմին՝ 1822 թուականին, Կրասմանին՝ 1861 թուականին եւ վերջապէս Փեանոյի՝ 1889 թուականին։ 1758 թուականին Քասթները ելոյթ ունեցաւ «թուաբանութեան, երկրաչափութեան, հարթ եւ սֆերային եռանկիւնաչափութեան եւ հեռանկարի առաջին հիմունքներու» բոլոր այս թուաբանական հասկացողութիւններու ամբողջ թիւով հիմնաւորման օգուտին։ Այսպիսով ան որոշեց, հետեւեալ յաջորդականութիւնը՝ բնական թիւեր, կոտորակներ, բացասական թիւեր, տասնորդական կոտորակներ, առանց կոտորակի թիւեր եւ միայն յետոյ յարաբերութիւններու տեսութիւնը։ Բացասական թիւերու տեսութեան ձեւաւորման մէջ հիմնական խնդիրը այն էր, որ բացասական թիւը զերոյէն պակաս է, որ աւելի փոքր է քան ոչինչը։ Գոմբլեքս թիւերու երկրաչափական ամբողջական նկարագիրը տուած է Քասբար Վեսսելը՝ 1799 թուականին «Վերլուծական պատկերացման ուղղուածութեան եւ անոր օգտագործման, ինչպէս նաեւ «հարթ եւ սֆերային բազմանկիւններու լուծման առաւելութիւնները» աշխատութեան մէջ։ Վեսսելը փորձեց ընդարձակել տեսութիւնը եռաչափ տարածութեան մէջ, բայց չյաջողեցաւ։ Հարցը մնաց բաց, այնքան ժամանակ մինչեւ Համիլթոնի քուատերնիոններ տեսութեան կառուցումը, որոնց բազմապատկման ժամանակ չի կիրառկուիր գոմուտացիոն օրէնքը։ Ընդ որում Վեյրշտրասի, Ֆրաբենիուսի եւ Պեիրսի հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ գոմբլեքս թիւերու սահմաններուն մէջ, թիւ հասկացողութեան ցանկացած ընդլայնման դէպքին մէջ թուաբանութեան օրէնքներէն որեւէ մէկէն պէտք կ'ըլլայ հրաժարիլ։ == Թուաբանութիւնը Կրթութեան մէջ == Թուաբանական հասկացողութիւններու ձեւաւորումը սերտօրէն կապուած է հաշուելու գործընթացքի հետ։ Անոր հիմքին մէջ ինկած են մտային գործողութեան այնպիսի տարրեր, որոնցմէ են՝ արառկաներ ճանաչելու ունակութիւնը, առարկաներու տարբերումը, առարկաներու ամբողջականութիւնը առանձին տարրերու բաժանելու կարողութիւնը, հաշուարկի իրաւահաւասարութիւնը (այլ կերպ ըսած հաշուարկի միաւորէ օգտուիլը), տարրերու յաջորդաբար կարգաւորելու ունակութիւնը, անոնց կանոնաւորումը, որ կը բերէ տարբեր որակի առարկաներու հաշուարկին եւ թիւ հասկացողութեան ձեւաւորման։ Նման գործընթացքներ կարելի է դիտարկել երեխաներու մօտ հասկացողութիւններու իւրացման ժամանակ։ Կաղապար:Հատված Տարրական կրթութեան չափորոշիչները կ'ենթադրեն՝ թիւերու՝ մինչեւ միլիոն, հաշուարկման եւ համեմատական հմտութիւնները, չափման հիմնական միաւորներու եւ անոնց յարաբերակցութեան հետ աշխատելու կարողութիւններ, չորս հիմնական թուաբանական գործողութիւններու կատարում (բանաւոր մինչեւ 100, եւ գրաւոր մինչեւ 10000), ինչպէս նաեւ մնացորդով բաժանում եւ քանի մը թուաբանական գործողութիւններէն կազմուած թուային արատյայտութեան արժէքի որոնում։ Դպրոցական նիւթը կը տրուի աչքառու առարկաներու միջոցով։ Առաջին դասարանին երեխաները գործ ունին թուային պատկերներու եւ առարկաներու քանակին հետ, հաշիւը կը հասնի մինչեւ 20։ Երկրորդ դասարանին կ'աւելնայ տասնորդական համակարգը, կարգային համակարգը, բազմապատկման աղիւսակը, հաշուարկները կը հասնին մինչեւ 100։ Երրորդ դասարանին հանրահաշուական գործողութիւններ կը կատարեն բազմանիշ թիւերու հետ։ Յաջորդ քայլը կ'անցնի տառային նշանակումներու, այլ կերպով այսինքն՝ կ'անցնի հաստատ վերացականի։ Երբ ասկէ ալ ըստ Կլէյնի կը սկսի թուաբանագիտութիւնը։ Տարրական դասարաններուն մէջ թուաբանութեան ուսումնասիրման դժուարութիւնը այն է, որ անհրաժեշտ է իրականացնել հաշուարկ վերացական բնոյթի առարկաներու համար։ Կրթութիւնը մինակարգ դպրոցին մէջ կապուած է թիւ հասկացողութեան ընդլայնման հետ, այստեղ կ'ուսումնասիրուի կոտորակները եւ գործողութիւնները անոնց հետ, բացասական եւ անկոտորակով թիւերը։ Իրական եւ գոմբլեքս թիւերը, ինչպէս նաեւ Էօգլիտեսի ալկորիտմը եւ թուաբանութեան հիմնական տեսութիւնը կը վերաբերի ամբողջական միջնակարգ կրթութեան։ Ժամանակի ընթացքին աշխարհի մէջ թուաբանական գրագիտութիւնը կրթութեան հիմնական նպատակներէն մէկը եղաւ։ Այն իր մէջ կը ներառէ մասնաւորապէս թուաբանական գործողութիւններ, հաշուարկներ եւ չափումներ կատարելու ունակութիւնները։ Երեխաներու եւ մեծահասակներու թուաբանական գրագիտութեան խնդիրներով կը զբաղուին այնպիսի կազմակերպութիւններ, որոնցմէ են՝ ԻՒՆԻՍԵՖ-ը եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն։ Չնայած ասոր, երկար ժամանակ թուաբանական գործողութիւններու դասաւանդումը կը սահմանափակուէր օրինակներու մեքանիզմի կատարմամբ։ Հին Չինաստանի մէջ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէին թուաբանութեան ուսման, ներառեալ քննութիւններ յանձնումը։ Կայսերական արհեստանոցին մէջ թուաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէին եօթ տարի։ Սակայն դասական թուաբանական ձեւերը կը դիտարկէին որպէս տոկմաներ եւ կը վերատպագրուէին առանց փոփոխութիւններու։ Եւրոպայի մէջ, թերեւս 16-րդ դարուն Տարտալիան առաջարկած էր գումարման, հանման, բաժանման եւ բազմապատկման համակարգուած վարժութիւններ, սակայն անոնք թերեւս երկար ժամանակ չէին մտներ գործածութեան մէջ։ Բացի անկէ, միջնադարուն մասնաւոր թուաբանական խնդիրներու լուծման համար կային մեծ թիւերու որոշման կանոններ։ Որոշ դասագիրքերու մէջ կը հանդիպէին միչեւ 26 նման կանոններ, ընդ որում անոնք կրնային դասագիրքէ դասագիրք չհամընկնել։ Որոշ կանոններ չեն կորսնցուցած իրենց արդիականութիւնը մինչեւ հիմա։ Անոնք կը վերաբերին համաչափութիւնները (կոտորակները կը դիտարկուէին որպէս երկու թիւերու յարաբերութիւն, որ գործողութիւններու կատարման ժամանակ կը յանգէր համամասնութիւններու քննարկման) եւ տոկոսները։ Թուաբանութիւնը՝ ըստ ուսումնասիրութեան մակարդակի, եօթ ազատ արուեստներու մէջ կը գրաւէ չորրորդ տեղը։ Անոր նախորդներն են՝ տրիւիումը, որ բաղկացած է քերականութենէ, ճարտասանութենէ եւ տիալեքթիքայէ, իսկ երբ ինք կը համարուի քուատրիւիումի աւագ գիտութիւնը, որուն կը վերաբերին նաեւ երկրաչափութիւնը, երաժշտութիւնը եւ աստղագիտութիւնը։ Եւրոպական առաջին համալսարաններու յայտնուելու հետ թուաբանութիւնը սկսաւ դասաւանդուիլ արուեստի հիմնարկներուն մէջ որպէս ստեղծագործութիւն, ան կը համարուէր օժանդակ կարգապահութիւն։ Թուաբանութեան առաջին դասախօսութիւնները կարդացած են Վիեննայի համալսարանի մագիստրոս Յոհաննէս վոն Կմունտէնը, 1412 թուականին։ == Թուաբանութիւնը Փիլիսոփայութեան եւ Արուեստի մէջ == Երբ պիւթագորասականները ամբողջ թիւերու յարաբերութիւնը օգտագործեցին երկրաչափական հատուածներու յարաբերութեան արտայայտման համար, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան եւ ներդաշնակութեան համանման յարաբերութիւններուն մէջ, անոնք եկան այն եզրակացութեան, որ աշխարհի բոլոր համաչափութիւնները կարելի է ներկայացնել թիւերու միջոցով, իսկ թուաբանութիւնը գիտութիւն է՝ փոխյարաբերութիւններու արտայայտման եւ աշխարհի բնօրինակը (մօտել) ստեղծելու համար։ Ասոր հետ մէկտեղ պիւթագորասականներու բացայայտումներէն կը համարուի այն, որ ամբողջ թիւերու յարաբերութիւնը բաւական չէ ցանկացած հատուածներու յարաբերութեան՝ արտայայտման համար (քառակուսի անկիւնագիծը եւ կողմը անհամաչափելի են) եւ այս հիմնաւորումով անհնարին է ստեղծել մեթրական երկրաչափութիւն։ Վերջին չափի կառուցման խնդիրը եւ իրական թիւի որոշումը Քրիստոսէ առաջ 5-րդ դարուն առաջացուեցաւ գիտական ճգնաժամը, որմէ դուրս գալու համար կը զբաղէին Հին Հռոմի բոլոր փիլիսոփայական դպրոցները։ Ցոյց տալ բոլոր դժուարութիւնները, որ կ'առաջացուէին այս խնդիրներու լուծման ժամանակ, յաջողուեցաւ Զենոն Էլեացին՝ իր փարատոքսներուն մէջ։ Մարթիանուս Քափելլան իր «Փիլիսոփայութեան եւ Մերքուրիի հարսանիքը» դէմքին ստեղծած է բոլոր եօթ արուեստներու, այդ թուականին նաեւ թուաբանութեան, ակնադիտական կերպարներ։ Արուեստները կը մարմնաւորէին կանայք՝ համապատասխան կեցուածքներով, անոնց կ'ուղեկցէին ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչները։ Թուաբանութիւնը իր ձեռքին մէջ կը պահէր աբակ կամ յուշատախտակ, մինչեւ վերջ գրուած թիւերով։ Անոր կ'ուղեկցի Պիֆագորը։ Հաշիւը Պուտայի փորձութիւններէն մէկն էր։ Նետաձգութեան, վազքի եւ լողալու մրցոյթներէն ետք թուաբանագէտ Արիւնան կարգադրեց անոր ըսել 10 9 {\displaystyle 10^{9}} մեծ բոլոր թուային աստիճանները։ Պուտան ըսաւ քսաներկու աստիճան մինչեւ 10 53 {\displaystyle 10^{53}} (անուանում ունին միայն քենդ աստիճանները), եւ այս միայն առաջին հաշիւն էր, երկրորդ հաշիւին մէջ Պուտան շարունակեց մինչեւ 10 421 {\displaystyle 10^{421}} աստիճանը։ Յաջորդ առաջադրանքին մէջ Պուտան նախ հաշուեց ատոմները մղոնի մէջ, իսկ յետոյ նաեւ տիզերքի մէջ։ Նման «թուային աստիճաններ» հնդկական կրօնական պոեզիայի մէջ կը հանդիպին մեզմէ բազմաթիւը, ընդ որու թիւերու անուանումները կարող են տարբերիլ։ Նման աստիճաններու նշանակութիւնն է՝ անցնիլ մահկանացուներու աշխարհէն վերեւ։ Հնդկական «Լիլաւատիստրա» գիրքին մէջ կը նկարագրուի երկիրին իշխանուհին՝ հիասքանչ Կոպիի փեսացուներու մրցոյթը գիրի, թուաբանութեան, ըմբշամարտի եւ նետաձգութեան արուեստին մէջ։ Գիրքին զգալի մասը նուիրուած է թուաբանութեան փորձութիւններու նկարագրմանը։ Ինչպէս Հնդկաստանի մէջ, մայաներու Կրմերի կողմէ արհեստականօրէն յօրինուած շատ մեծ թիւերը եւս կը խօսին «թուային աստիճանով» աւելի վեր՝ աստուածներուն մօտ, բարձրանալու ձգտման մասին։ == Գրականութիւն == Կաղապար:Քույրհղումներ Арнольд И. В. Теоретическая арифметика. — М.: Государственное учебно-педагогическое издательство, 1938. — 481 с. Депман И. Я. История арифметики. — М.: Просвещение, 1965. — 400 с. Клейн Ф. Элементарная математика с точки зрения высшей. — М.: Наука, 1987. — Т. I: Арифметика. Алгебра. Анализ. — 432 с. Кнут Д. Э. Арифметика // Искусство программирования. — М.. — Т. II. — 830 с. Меннингер К. История цифр. Числа, символы, слова. — М.: ЗАО Центрполиграф, 2011. — 543 с. — ISBN 9785952449787 Нечаев В. И. Числовые системы. — М.: Просвещение, 1975. — 199 с. Понтрягин Л. С. Обобщения чисел. — М.: Наука, 1986. — 120 с. — (Библиотечка «Квант»). Серр Ж.-П. Курс арифметики / пер. с франц. А. И. Скопина под ред. А. В. Малышева. — М.: Мир, 1972. — 184 с. История математики: в 3 т. / под редакцией А. П. Юшкевича. — М.: Наука, 1970. — Т. I: С древнейших времён до начала Нового времени. История математики: в 3 т. / под редакцией А. П. Юшкевича. — М.: Наука, 1970. — Т. II: Математика XVII столетия. История математики: в 3 т. / под редакцией А. П. Юшкевича. — М.: Наука, 1972. — Т. III: Математика XVIII столетия. Энциклопедия элементарной математики. Книга первая. Арифметика / под редакцией П. С. Александрова, А. И. Маркушевича и А. Я. Хинчина. — Կաղապար:М.—Կաղապար:Л.: Государственное издательство технико-теоретической литературы, 1951. — 448 с. Avigad, Jeremy. Number theory and elementary arithmetic // Philosophia Mathematica. — 2003. — Vol. 11. — № 3. — P. 257—284.(անգլերէն) Boyer C. B., Merzbach U. C. A History of Mathematics. — John Wiley & Sons, 2010. — 640 p.(անգլերէն) == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == MathWorld article about arithmetic The New Student's Reference Work/Arithmetic (historical) The Great Calculation According to the Indians, of Maximus Planudes – an early Western work on arithmetic at Convergence
1,842
Ապրոյ
Ապրօ(1832-1875), եգիպտահայ, սերած Իզմիրէն, որդի Պետրոս Ապրոյի, ծնած 1932-ին եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած Գերմանիոյ մէջ, որուն լեզուին հմուտ էր եւ նաեւ տեղեակ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Պաշտօնավարելէ ետք խտիւ Իսմայիլ փաշայի քով՝ մտած էր Մեծն Նուպար փաշայի օրով Եգիպտոսի Արտաքին նախարարութեան մէջ 1870-79 տարիներուն, որ երբ եգիպտական կառավարութեան կողմէ Եթովպիա կը ղրկուի հայազգի երիտասարդ քաղաքագէտն ալ 1875-ին Եգիպտոսի փառքին համար զոհ կ՛երթայ: == Աղբիւրներ == Հայ Հանրագիտակ, Գիրք Բ., Թիւ 2, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 209
2,617
Գուրգէն Քհնյ. Թաշճեան
Գուրգէն Թաշճեան (1881) Ծնած է Սեւերեկ 1881-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած տեղւոյն Ազգ․ վարժարանին մկջ։ Ուսումը աւարտելէ ետք ինքնաշխատութեամբ մշակած է ինքզինք։ Հարստացած գիտելիքներով ու փորձառութեամբ մտած է ուսուցչական ասպարէզ։ Երկար տարիներ պարապած է կրթական գործով։ Ան մօտ եղած է նաեւ եկեղեցւոյ։ Դպրոցն ու եկեղեցին կեանքի գերագոյն նպատակը եղած են։ Տան մէջ իր ստացած կրօնական դաստիարակութիւնը եւ եկեղեցական շարականներն ու կրօնական գիտելիքները զինք կապած են եկեղեցւոյ այնքան, որ ժամանակի ընթացքին զգացած է հոգեւորական դառնալու կոչումը։ Իր հայրենակիցներուն ու թաղականութեան փափաքին ընդառաջելով ձեռնադրուած է քահանայ։ Քահանայական քառասնօրեայ շրջանը բոլորելէ ետք սկսած է քահանայագործել իր հայրենակից հօտին։ Այնուհետեւ հրաւէր ստացած է Համայի մէջ քահանայագործելու։ Փոխադրուած է Համա երկու պաշտօններով քահանայ եւ ուսուցիչ։ Հովուական, կրթական եւ վարչական փորձառութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ ձեռք ձգած զարգացումով, բաւական օգտակար ծառայութիւն մատուցած է Համայի հայ գաղութին ու տեղւոյն հայ վարժարանին։ == Ծանօթագրութիւններ ==
20,588
Ալեքսիս Օհանեան
Ալեքսիս Քերի Օհանիան (անգլ.՝ Alexis Kerry Ohanian, ծնած 24 Ապրիլ 1983(1983-04-24), ) Ամերիկահայ համացանցային հիմնադիր է: Ան ամէնէն շատ ծանօթ է իբր համա-հիմնադիր եւ տնօրէն ատենապետ՝ Reddit համացանցային հարթակին, Սթիվ Հաֆմընի եւ Էրըն Շուարթզի հետ: Ան նաեւ համա-հիմնած է Initialized Capital, օգնած է Hipmunk ճամբորդական կայքէջի հիմնադրման մէջ, եւ ընկերային միութիւն Breadpig-ը հիմնած է: 2012 թուականին, Forbes պարբերաթերթի Էնտի Սէպմպըրկ զինք անուանեց «Համացանցի Քաղաքապետը»:Օհանիան կ'ապրի Ֆլորիտա, ԱՄՆ, իր կնոչ Սիրինա Ուիլյըմզի հետ, ով Ողիմպեական թենիսի մասնագէտ է: Անոնք ունին մէկ դուստր՝ Ալեքսիս Օլիմփիա Օհանեան: As of 2019, Forbes պարբերաթերթը Օհանեանի նիւթական ունեցուածքը կը համարէ $70 միլիոն ԱՄՆ տոլար: == Ծանօթագրութիւններ ==
3,233
Մաժակ Թոշիկեան
Մաժակ Թոշիկեան (1947, Պոլիս, Թուրքիա), հայ երգահան եւ երաժշտական արտադրող: Յիսնամեայ փորձառութեամբ եւ մանրակրկիտ աշխատանքով երգահան Մաժակ Թոշիկեան՝ հեղինակ է երեք տասնեակ հայկական երգերու: Թուրքիոյ մէջ յայտնի է ՝ Չենք Թաշքան (թուրք.՝ Cenk Taşkan) անունով: == Կենսագրութիւն == Մաժակ Թոշիկեան ծնած է 1947 Սթամպուլի նահանգի Քինալիադա կղզին, հայկական ընտանիքի մէջ։ Փոքր տարիքէն սկսած է զբաղիլ երաժշտութեամբ, երգել հայկական եկեղեցական երգչախումբին հետ։ 1965թ. Սկսած է իր մասնագիտական գործունէութիւնը, միանալով Եաւուզ Օզիշիքի նուագախումբին որպէս կիթառահար։ 1966թ. Ծանօթացած է «Էռոլ Պիուպիուքպուրչան»ի հետ, որուն հետ աշխատած է մինչեւ բանակ զօրակոչուիլը։ Երգեր սկսած է ստեղծագործել ծառայութեան տարիներուն, որմէ ետք սկսած է համագործակցիլ բանաստեղծ Մեհմեթ Թեոմանի եւ երգիչ Դուրուի հետ, որոնց հետ յայտնի երգերու հեղինակ դարձած է։ Քաղաքականացուած հակահայկական գրաքննութիւնէն խուսափելու համար կ՛ըսկսի գործել «Չենք Թաշքան» կեղծանունով։ 1980-ականներուն Մաժակը կը մեկնի Գանատա, եւ աշխոյժօրէն կը մասնակցի հայկական համայնքի կեանքէն ներս։ Գանատայի մէջ կ՛ըսկսի գրել հայերէն երգեր, որոնցմէ առաջինը եղած է 1984 թ «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» երգը՝ Հովհաննէս Շիրազի Մեծ եղեռնին նուիրուած բանաստեղծութեան հիմքին վրայ։ Գանատայ բնակութիւն հաստատելէն 16 տարի ետք, 1997թ., երաժիշտը կը վերադառնայ Թուրքիա, ուր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ == Ստեղծագործութիններ == Մաժակ Թոշիկեանը հեղինակ է մօտաւորապէս 300 թրքական երգերու, որոնք կը կատարեն յայտնի թուրք երգիչներ՝ Սեզեն Աքսու, Նուքհեթ Դուրու, Թանիու Օքան, Աժդա Փեքան եւ այլք։ Իր «Bir Nefes Gibi» ալպոմը քննադատներու կողմէն կը համարուի ամենալաւագոյներէն մէկը Թուրքիոյ «փոփ» երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ երգահան Մաժակ Թոշիկեան, երաժշտութիւն գրած է երեք տասնեակ հայկական երգերու: Հիմնականը՝ Յովհաննէս Շիրազի եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններու համար։ Որոնցմէ առաջինը՝ 2010թ գրուած է Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» բանաստեղծութեան հիման վրայ, եւ այն հնչեցուցած է ճանչցուած երգչուհի Սիպիլը: Երգի համար նկարահանուած տեսահոլովակը առաջին հայալեզու տեսահոլովակն էր, որ ցուցադրուեցաւ թուրքական TRT պետական հեռուստատեսութեան եթերին։ Հայրենիքէն հեռու բնակող մեր տաղանդաւոր հայրենակիցը իր իսկ խոստովանութեամբ ` մինչեւ Հայրենիք այցելելն իր կարօտը Հայաստանէն այդ երգերով առած է… Նաեւ գրած է «Խալդի» երգը՝ ուրարտերէն լեզուով։ երգահան Մաժակ Թոշիկեան վերջերս գրած է Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան համար գրուած է երաժշտութիւն մը: Գէորգ Էմինի «Պարեց Սասուն» բանաստեղծութեան նոր երաժշտական յօրինումին վրայ, որ Հայաստանի մէջ ներկայացնելէ ետք մտադիր է բեմադրել նաեւ Թուրքիոյ մէջ. Ստեղծագործութիւնը գրուած է Epic-Cinematic Sound ժանրին մէջ, որ ինչպէս Մաժակ Թոշիկեան նշած է՝ «ընդունելի է ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլեւ շատ գործածելի է աշխարհի մէջ»: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, քաջատեղեակ ըլլալով ծրագիրին, առաջարկած է 2018 թուականի Սեպտեմբերին ստեղծագործութիւնը հնչեցնել Հայաստանի մէջ` նկատի առնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի Հայաստանի Անկախութեան տօնը: == Պարգեւներ == Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումներուն համար պոլսահայ տաղանդաւոր երգահան Մաժակ Թոշիկեան պարգեւատրուած է Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով: == Աղբիւրներ == Շիրազն ինձ Հայաստան բերեց Պոլսահայ Երգահան Մաժակ Թոշիկեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն Մաժակ Թոշիկեանի Նոր Ստեղծագործութիւնը` «Սասունցիներու Պարը» == Ծանօթագրութիւններ ==
5,320
Ուժեր
Ոչ մէկ կայուն առարկայ կը շարժի, եթէ մէկը զայն չհրէ կամ չքաշէ։ Ուժ մը այն է, ինչ որ կը բանեցնենք, երբ առարկայ մը վերցնենք, հրենք, քաշենք կամ անոր վրայ ճնշենք։ == Ձգողութիւն == Տիեզերանաւորդ մը, որ երկրի վրայ 72 քիլօ կը կշռէ, լուսնին վրայ միայն 12 քիլօ պիտի կշռէր, որովհետեւ երկրին ձգողական ուժը 6 անգամ աւելի է քան լուսնինը։ Ձգողական ուժը անտեսանելի է։ Եթէ գնդակ մը նետես օդին մէջ, չի թռչիր, այլ՝ վերստին գետին կ'իյնայ, ուժը զայն դէպի վար կը քաշէ։ Առարկայ մը անշարժ կը մնայ այնքան ատեն, որ ուժ մը չբանի վրան։ Ներգործութիւն եւ հակազդեցութիւն Երբ ուժ մը կը բանի տուեալ ուղղութեամբ մը, ուրիշ ուժ մը կը բանի հակառակ ուղղութեամբ։ Օրինակի մը համար, ուռած փուչիկ մը թող տալով՝ կը նկատենք, թէ դուրս ժայթքող օդը զայն հակառակ ուղղութեամբ կը մղէ։ Նմանապէս, հրթիռ մը յառաջ կը մղուի շնորհիւ ետեւէն ժայթքող կազերուն ներգործութեան դէմ ելլող հրթիռին հակազդեցութեան։ Երբ վառելանիւթը կ'այրի, կ'արտադրէ դուրս ժայթքող կազեր, որոնք յառաջ կը մղեն հրթիռը։ Ներգործութիւնն ու հակազդեցութիւնը կ'ըլլան միշտ իրարու հաւասար, սակայն կ'ունենան հակառակ ուղղութիւն։ == Գետի մը հոսանքներու ուժը == Մակոյկ մը, որ կը փորձէ գետի մը մէկ ափէն ճիշդ դիմացի կէտին ուղղութեամբ նաւարկել, իր նպատակակէտէն բաւական անդին պիտի հասնի միւս ափին վրայ՝ գետին հոսանքին բանեցուցած ուժին պատճառով։ == Աղբիւրներ == Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 16-17
2,681
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (29 Յունուար, 1951, Պէյրութ), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ։ == Կենսագրութիւն == Աւազանի անունով՝ Թորգոմ Դանիէլեան, վեցերորդ զաւակը Անդրանիկ եւ Արաքսի Դանիէլեաններուն, ծնած է 29 Յունուար, 1951-ին։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Պուրճ Համուտի Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, 1963-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը։ Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական հայրերու գործերու ընթերցումները կազմաւորած են իր ամբողջ աշխարհահայեացքը՝ ծառայութեան, ընծայումի եւ սիրոյ ու զոհողութեան ճշմարիտ ըմբռնումին հանդէպ։ Անոր կեանքը լեցուն եղած է Դպրաց դասի, Կիրակնօրեայի եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի յիշատակներով։ 1968-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 26 Նոյեմբեր 1972-ին Թորգոմ սարկաւագ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ՝ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտակ Արք. Մանուկեանի, վերակոչուելով Անուշաւան: Յունուար 1973-ին, Անուշաւան աբեղայ Դանիէլեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին վրայ։ 1974-ին վարդապետութեան չորս աստիճանները ստացած է ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, իսկ 1988-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճանները, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Աշճեանի: 2006-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, ձեռամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, իսկ 22 Նոյեմբեր, 2018-ի թուակիր կոնդակով ստացած է Արքութեան տիտղոս, Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ 1972-1984 Անուշաւան վրդ. Դանիէլեան տարբեր պաշտօններ վարած է։ Անթիլիասի մէջ, եղած է գաւազանակիր, մատենադարանապետ, ձեռագրատան պատասխանատու, Դպրեվանքի հսկիչ եւ ուսուցիչ։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է նաեւ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին եւ Մարտիկեան ու Կարմիրեան վարժարաններուն մէջ, ուր դասաւանդած է մատենագրութիւն, հայոց լեզու եւ կրօն։ Միաժամանակ, Հայկազեան համալսարանին մէջ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է, հետեւելով հոգեբանութեան։ Այնուհետեւ, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն (Մ.Ա.Ա.Ճ. / N.E.S.T.) ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (M.Div.), աւարտաճառի նիւթ ներկայացնելով «Մարկոսի Աւետարանի քննական բնագիրը՝ հայկական հնագոյն 3 ձեռագիրներու բաղդատումով»: Անուշաւան վրդ. ՔՕՄԱՐԷՍ բարեսիրական կազմակերպութեան մէջ ներկայացուցած է Կաթողիկոսարանը, իսկ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խորհրդատու եղած է։ Վանական այլազան պարտականութեանց կողքին, ան մասնակցած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ. / M.E.C.C.), ինչպէս նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ. / W.C.C.) տեղական եւ միջազգային ժողովներու՝ ներկայացնելով երիտասարդական պատուիրակութիւնը։ 1978-ի ամրան, ան ներկայ եղած է Հարաւային Հնդկաստանի՝ Պանկալորի մէջ կայացած «Հաւատք եւ կարգ» բաժանմունքի (W.C.C. Faith and Order Commission) ժողովին: 1980-ին՝ Վենքուվըր, Քանատայի մէջ մասնակցած է W.C.C.-ի վեցերորդ համաժողովին։ == Միացեալ Նահանգներ == 1984 Յուլիսին, Անուշաւան վրդ. կը ժամանէ Նիւ Եորք իբրեւ ուսանող եւ 1985-ին, Նիւ Ճըրզիի Փրինսթըն Աստուածաբանութեան ճեմարանէն կը ստանայ աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճանը (Th.M), իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով «Ս. Օգոստինոսի խոստովանութիւնները եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Նարեկ մատեանի զուգահեռ ներքին ճամբորդութիւնները»։ Կը յաճախէ Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանը, 1992-ին կը ստանայ փիլիսոփայութեան մագիստրոսական աստիճանը եւ 2003-ին՝ փիլիսոփայութեան դոկտորի տիտղոսը (Ph.D.)։ Ամերիկայի մէջ, ուսման կողքին, եղած է քարոզիչ՝ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1984-1987), Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (1987-1988) եւ Պէյսայտի (Նիւ Եորք) Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (1988-1991)։ Վերջինիս հոգեւոր հովիւը եղած է 1991-2005ին։ Հաստատած է Ս. Գիրքի սերտողութեան պահեր, կազմակերպած երիտասարդական սեմինարներ ու դասախօսական շարքեր եւ հիմնած «Շարական» երգչախումբն ու «Երազ» պարախումբը։ Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի հետ հիմնած է Ս. Գրիգոր Տաթեւացի «Տաթեւ» երիտասարդաց լսարանը, որուն տեսչութիւնը վարած է 1987-2011։ Հինգ դասարաններով այս լսարանին մէջ կը դասաւանդուին հայ լեզու, հայոց պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, բարոյագիտութիւն եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական հարցեր։ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի հետ հաստատած է «Prelacy Linked-iN» երիտասարդական ծրագիրը: Կրօն եւ բարոյագիտութիւն դասաւանդած է Ազգային Առաջնորդարանի «Սիամանթօ» լսարանէն եւ Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանէն ներս։ 1994-2005 թուականներուն Առաջնորդարանի Կրօնական ժողովի ատենապետութիւնը վարած է: Մասնակի առաջնորդական փոխանորդութեան պաշտօն վարած է 1995-2005 թուականներուն: 2005-2018-ին՝ Առաջնորդական լիիրաւ փոխանորդ։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին հոգեւորականը եղած է, որ նշանակուած է Նիւ Եորք նահանգի ոստիկանութեան հոգեւոր խորհրդատու (chaplain)։ 2005-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած է Հիւսիսային Ամերիկայի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ-քարտուղար: 28 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013 մասնակցած է Հարաւային Քորէայի Ուզան քաղաքին մէջ կայացած եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ վեհաժողովին, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: 2015-էն ի վեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հռոմէական կաթոլիկ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ միութենական ենթայանձնախումբին (Pro Օriente) մէջ կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: 8 Սեպտեմբեր 2018-ին թեմի առաջնորդ ընտրուած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։ Վերընտրուած է 14 Մայիս 2022-ին։ Անուշաւան Արք. իբրեւ հիւր հոգեւորական Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան բացման աղօթը կը կատարէ 15 Յուլիս, 2019-ին։ Աղօթքը ուղղակի կը սփռուի C-SPAN կայանէն եւ House Live.gov կայքէջէն։ Սրբազանին հրաւէրը յղուած էր Քալիֆորնիոյ 14-րդ վարչաշրջանի ներկայացուցիչ` հայազգի Ճէֆի Սփայըրի կողմէ։ Նոյն օրը, ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու (IDC) կազմակերպութեան հրաւէրով, Անուշաւան Արք. կը մասնակցի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ առաջնորդներու եւ ամերիկացի հաւատքի ղեկավարներու՝ ոչ-կուսակցական աղօթք կատարելու ի խնդիր՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք կը շարունակեն «հալածանքի եւ նախապաշարումի» զոհերը ըլլալ։ Արարողութիւնը, որ կը կոչուէր «Վաղ քրիստոնէական եկեղեցին. միջ-եկեղեցական աղօթք մը Միջին Արեւելքի լեզուներով», կ'ընդգրկէր՝ արաբերէնը, արամէերէնը, հայերէնը, ղպտերէնն ու յունարէնը։ Քրիստոնեայ արաբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնախումբի (Christian Arab and Middle Eastern Churches Together, CAMECT) ներկայացուցիչներու ժողովը կը գումարուի 20 Մարտ 2019-ին։ CAMECT-ը միջին արեւելեան եկեղեցիներու հետ կապուած համայնքներու միասնական աշխատանք մըն է, ուր ընդգրկուած են՝ Անտիոքեան Ուղղափառ, Հայց. Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական, Արեւելեան Ասորի, Քաղդէական Կաթողիկէ, Ղպտի Ուղղափառ, Աւետարանական Լութերական, Մարոնի Կաթողիկէ, Մելքիթ Յոյն Կաթողիկէ, Երիցական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցիները։ Ժողովականները կը քննեն յանձնախումբին աշխատանքները եւ իրենց եկեղեցիներուն իրավիճակին մասին վերջին նորութիւնները կը հաղորդեն։ Համախմբումին ատենապետ կը նշանակուի՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ 9 Ապրիլ 2019-ին, Ծերակոյտի Hart շէնքին մէջ, Անուշաւան Արք. կը մասնակցի Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումներուն՝ Քոնկրէսի կարեւոր ղեկավարներու հետ, ուր կը քննարկուին ԱՄՆ-Հայաստանի կապերու ծաւալումը, Արցախի Հանրապետութեան ապահովութիւնն եու ազատութիւնը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան արդարութեան որոնումը։ Ան լուսարձակի տակ կ'առնէ նաեւ հայ եւ ուրիշ քրիստոնեայ ու փոքրամասնական համայնքներու խնդիրները՝ Միջին Արեւելքի մէջ, եւ Միացեալ Նահանգներու աւելի լայն օժանդակութեան կարեւորութիւնը շրջանի վերաշինութեան մէջ։ == Գործերը == «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան», Անթիլիաս, 1984։ «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» (Դոկտորական աւարտաճառ՝ 21 ձեռագիրներու բաղդատմամբ), ԱՄՆ, 2007: «Մեկնութիւն իմաստութեան Սողոմոնի» բնագիրին աշխարհաբար վերածումը, Անթիլիաս, 2009: «Խօսք ի խորոց սրտի», ձօնուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. եւ Խորէն Ա. կաթողիկոսներուն, Նիւ Եորք, 2014: «Մեր հայրերը կը խօսին» մատենաշարին հաստատումով՝ Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական», Անթիլիաս, 1977 (աշխարհաբար): Սարգիս Շնորհալի, 1978, Անթիլիաս (աշխարհաբար): Բարսեղ Մաշկեւորցի, «Յորդորակներ», Անթիլիաս, 1980 (աշխարհաբար): Յովհաննէս Երզնկացի, «Խրատ բոլոր քրիստոնեաներուն», Անթիլիաս, 1984 (աշխարհաբար)։ «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 1, Յովհաննէս Գառնեցի, Անթիլիաս, Լիբանան: «Հոգեւոր Մարգարիտներ» 2, Եփրեմ Խուրի Ասորի, (աղօթքներ), Նիւ Եորք, 2014: Աշխատակցած է «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքին ու «Հասկ» ամսագիրին, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին եւ «N.E.S.T.» աստուածաբանական պարբերագիրքին։ == Ծանօթագրութիւններ == == Աղբիւր == 25th Anniversary of the Ordination to Priesthood of Very Reverend Anoushavan Tanielian։ «Հասկ» պաշտօնաթերթ, Անթիլիաս, Լիբանան: == Արտաքին յղումներ == Ցոյց՝ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՑՈՅՑ Բողոքի ցոյց՝ Նիւ Եորքի մէջ Հարցազրոյց՝ Յունական Հեռատեսիլի Յայտագիրի Մը Հետ
20,155
Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան
Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան (կամ՝ Հրաչ Կոզիբեյոկյան, անգլ.՝ Hratch Kozibeyokian, ծնած 12 Օգոստոս, 1951) Ամերիկահայ մասնագէտ է արեւելեան գորգագործութեան: == Կենսագրութիւն == Կէօզիւպէօիւքեան ծնած է 1951 թուականին, Հալէպ, Սուրիա, հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրող ընտանիքի մը մէջ: Ան հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, շրջապատուած երկարամեայ հայկական գորգագործութեան վարպետ ընտանիքի անդամներով: Անոր ընտանիքը Այնթապէն ու Զէյթունէն են: 1977 թուականին կը փոխադրուի ԱՄՆ միանալու իր հօր գորգագործութեան առեւտրական ընկերութեան: 1979 թուականին կը հաստատուի Լոս Անճելըս եւ կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից վկայականը Մշակութային Մարդաբանութեան ոլորտին մէջ Չափմըն Համալսարանէն: 1990 թուականին կը հիմնէ KO'Z'Craft, աշխատանոց մը որ կը վերանորոգէ եւ պահպանէ ձեռագործ կտորներ եւ գորգեր: Աշխատանոցին գործերը Արեւմտեան Հոլիուուտի մէջ ցուցադրուած են: Կէօզիւպէօիւքեան ունի մեծ հաւաքածոյ մը հայկական եւ Կովկասեան իւրայատուկ գորգերու: Ան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ ծրագրած է, եւ մասնակցած է շատ մը համագումարներու, ուրիշին հրամցնելով հին հայկական գորգագործութեան մշակոյթ:Կէօզիւպէօիւքեան առաջինն էր որ ստեղծեց ակադեմական դասապահ մը Հայկական գորգագործութեան պատմութեան մասին Հայագիտութեան Ծրագրի հովանիին տակ Քալիֆորնիոյ Նահանգի Համալսարանէն (Նորթռիճ) (անգլ.՝ California State University, CSUN): Ան նաեւ դասախօսած է նոյն նիւթով կարգ մը երկրորդական դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ: Ան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ հայկական գորգագործութեան պատմութեան, ձեւաւորման եւ մշակոյթին մասին: Կէօզիւպէօիւքեանին մասնագիտութիւնը կը գովաբանուի բազմաթիւ արուեստաճանաչներու եւ գորգագործութեան գիտակներու ու հաւաքածոներու պատասխանատուներու կողմէ:1998 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեան միացաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան եւ ընտրուեցաւ մաս կազմելու Ընկերակցութեան յանձնախումբին բազմաթիւ անգամներ:2005 թուականին, Los Angeles Magazine հարթակը զինք անուանեց «գորգի բժիշկը», եւ «լաւագոյն գորգ նորոգողը Լոս Անճելըսի մէջ»:2014 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեանը, իբր Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան (անգլ.՝ Armenian Rugs Society) ներկայացուցիչ, հրաւիրուած էր ներկայացնելու Նախկին Նախագահ Քալվին Քուլիճի Հայ Որբերու Գորգը Սպիտակ Տան մէջ: Իրադարձութիւնը մեծ տեղ գրաւեց տեղական եւ միջազգային մամուլին մէջ:2015 թուականին Հրաչ Կէօզիւպէօիւթեան միաձայնօրէն ընտրուեցաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան նախագահը: == Ծանօթագրութիւններ ==
23,483
Գիւլիստանի Բերդը
Գիւլիստանի Բերդ, նաեւ Գիւլիստան, Գիւլստան, Գիւլստանի բերդ, Գիւլուստան, Զէյվա Կիւլիսթան, Կիւլիստան, Կիւլստան, Կուլիստան, Շաւաղ, Ջւանշիր, պատմական բերդ-ամրոց՝ Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանին մէջ` պատմական Արցախ նահանգի Խաչէն գաւառին մէջ, Մռաւի լեռնաշղթային հիւսիսային կողմը, Ինջաչայ գետակին աջ ափին, Գիւլիստան (այժմ՝ Գիուլուստան) գիւղէն 3 քմ. հեռաւորութեամբ, խոր ձորէն բարձրացող սեպաձեւ, հսկայական ժայռաբլուրի վրայ, Ինջա գետակի աջ ափին, Մռաւ լերան հանդիպակաց հսկայական սեպաձեւ քարաժայռէն կազմուած բլուրին վրայ։ Անտառապատ, սեպաձեւ ժայռի գագաթին թառած բերդը արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ մասամբ արեւելքէն շրջապատուած է Ինջա գետով եւ թերակղզիի տեսք ունի: Երկարութիւնը 240 մեթր է, լայնքը` 20¬էն մինչեւ 30 մեթր: Բնական պաշտպանական յարմարութիւններով օժտուած բերդը բարձր բուրգերով եւ հարաւային կողմէն ալ կրկնակի բերդապարիսպով ամրացուած է եւ ժայռը դարձած է անառիկ ամրոց: Պարիսպի հաստութիւնը 80-էն 150 սանթիմեթր է: Բերդը ունի երկու մուտք` հարաւային եւ հիւսիսային: Գլխաւորը հարաւային մուտքն է: Գետնափոր գաղտնուղին հիւսիս-արեւմտեան կողմէն քողարկուած է անտառախիտ լանջով եւ կը հասնի մինչեւ գետ: Պարիսպէն ներս կը գտնուին ապարանքներ, բնակելի շէնքեր եւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ բաղնիք: Բերդին միջնաբերդ ապարանքը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, ժայռի եզրին, բարձրադիր նեղ դարաւանդի վրայ եւ կ՛երկարի արեւելքէն արեւմուտք: Պատերուն կից ուղղանկիւն դահլիճներ են, կապուած` միջանցքով: Միջին սենեակը աւելի բարձր է եւ ունի գետնայարկ թաքստոց: Ապարանքին բաղկացուցիչ մաս կը կազմէ աջ կողմը կցուած գլխատունը, որ ամրացուած է բուրգով: Բուրգը, իր կրկնակի կամարամուտքով, ապահով կապ է դուրսի հետ: Ապարանքը ունի պատուհաններ եւ արեւելեան կողմը` օճախ-բուխերիկ, զոյգ պահարանախորշերով: Փոքր ապարանքը կը գտնուի հարաւային լանջի ստորոտին, դէպի հարաւային մուտքը տանող ճանապարհին: Անիկա ուղղանկիւն յատակագիծով քառաբուրգ կառոյց է, բաղկացած` բակէ եւ արեւելեան կողմէն պարիսպին երկայնքով կառուցուած երեք բաժիններէ: Մելիք Բեգլարեաններու տոհմական կեդրոն բերդը, խիստ զառիթափ լանջերով բարձունքին, եւ տեղ-տեղ ժայռերուն հետ ձուլուած իր պարիսպներով, անառիկ էր: Հրացանի օգտագործման համար, պարիսպապատերուն վրայ, տարբեր տեղեր, բարձրութեան վրայ անցքեր ձգուած են: Կան զօրանոցներ, զինանոցներ, պահեստանոցներ եւ ջրաւազան: Գիւլիստան պարսկերէն կը նշանակէ «վարդերու պարտէզ»: Գիւղի բարձունքներուն, Մռաւ լերան փէշերուն կը գտնուի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, որ տեղացիներուն յայտնի է Նապատ անունով, եւ որ ժամանակին հաւանաբար կոչուած է Հնապատ կամ Անապատ: Յիշենք նաեւ Գիւլիստանի կամուրջը` Ինջա գետին վրայ: == Ծանօթագրութիւններ ==
896
324 (թիւ)
324 (երեք հարիւր քսանչորս) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 323-ի եւ 325-ի միջեւ == Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ == A005349 բերկրալի թիւ է A005114 անձեռնմխելի թիւ է A034963 չորս պարզ թիւերու գումար է՝ 324=73+79+83+89 Alt 324 գործադրելիս կը ստացուի D գլխատառը տարուայ 324րդ օրն է Նոյեմբեր 21-ը (նահանջ տարիներուն՝ Նոյեմբեր 20-ը) 324 Պամպերկա աստեղնեակի կարգային թիւն է == Ծանօթագրութիւններ ==
1,381
Ազատուհի (անձնանուն)
Ազատուհի, հայկական իգական անձնանուն, առաջացած է հայերէն ազատ արմատի եւ ուհի մասնիկի միացումով։ == Ծանօթագրութիւններ ==
2,037
Արեւմուտք
Արեւմուտք, արեւմուտքի կէտ, հորիզոնի չորս գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը, կը գտնուի դէմքով դէպի հիւսիս կանգնած դիտորդի ձախ կողմը։ Նշանակը՝ W (անգլ․ West )։ Գիշերահաւասարի օրերուն Արեգակը մայր կը մտնէ արեւմուտքի մէջ։ Երկնային ոլորտի վրայ արեւմուտքի կէտը մաթեմաթիքական հորիզոնի եւ երկնային հասարակածի հատման երկու կետերէն մէկն է։
18,330
Փաթրա
Փաթրա․ (յուն․՝ Πάτρα, հին յուն․՝ Πάτραι), Պելոպոնեսի ամենամեծ քաղաքը եւ Յունաստանի երրորդը։ Ըստ 2011-ի մարդահամարին քաղաքին բնակչութեան թիւն է 167 446, իսկ Փաթրային Քաղաքային Տարածաշրջանինը՝ 213 984 է։ Փաթրան Ախայիա նահանգին եւ Արեւմտեան Յունաստանի Վարչական Շրջանին մայրաքաղաքն է եւ համանուն քաղաքապետութեան կեդրոնը։ Նաեւ Պելոպոնեսի, Արեւմտեան Յունաստանի եւ Յոնիոյ Ապակեդրոն Վարչութեան կեդրոնն է։ Յունաստանի գլխաւոր նաւահանգիստներէն է։ Առեւտրական եւ փոխադրական կարեւոր խաչմերուկ մըն է Իտալիոյ եւ արեւմտեան Եւրոպայի հետ։ Անոր միջոցաւ Յունաստանի մայր ցամաքամասը կը կապուի Յոնիական Ծովու կղզիներուն եւ նաեւ Իտալիոյ արեւմտեան նաւահանգիստներուն հետ՝ Պարի Bari , Պրինտիզի Brindisi, Անքոնա Ancone, Վենետիկ Venezia եւ Թրիեսթէ Trieste։ == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Փաթրա քաղաքը Պելոպոնեսի եւ Արեւմտեան Յունաստանի տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոնն է։ Հռոմէական շրջանին քաղաքը կ՛աճի եւ Միջերկրականի աշխարհաքաղաքային կեդրոնն է։ Ըստ քրիստոնէական աւանդին, Փաթրան Սուրբ Անտրէասի մարտիրոսութեան վայրն է․ Ս․Անտրէաս՝ քաղաքին Պահապան Սուրբը։ Ս․ Անտրէա եկեղեցին Յունաստանի ամենամեծն է եւ ուղղափառ եկեղեցուոյ Ορθόδοξη Εκκλησία - Orthodox Church կարեւոր սրբավայրերէն։ Փաթրան կը կոչուի նաեւ Յունաստանի Արեւմուտքի Դուռը․ միջազգային տնտեսական կեդրոն, մեծ նաւահանգիստ նաեւ՝ առեւտուրի ու Իտալիոյ եւ արեւմտեան Եւրոպայի հետ հաղորդակացութեան խաչմերուկ մը։ Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը («Խարիլաոս Թրիքուփիս» Χαρίλαος Τρικούπης կոչուած է), Փաթրայի արուարձան Ռիօն կը կապէ դիմացի հիւսիսային ափին գտնուող Անտիռիօ գիւղաքաղաքին եւ կը միացնէ Պեղոպոնեզը արեւմտեան Կեդրոնական Յունաստանին։ Կամուրջը նաեւ մաս կը կազմէ «Յոնիոյ» մայրուղիին (A5) եւ Եւրոպական թիւ 55 մայրուղիին (E55)։ Քաղաքին աշխարհածանօթ «բարեկենդանը»՝ կոչուած Փաթրինօ Քարնավալի Πατρινό καρναβάλι Եւրոպայի ամենանշանաւորներէն է։ 2006 թուականին, Փաթրան Եւրոպայի Մշակոյթի մայրաքաղաքը կը դառնայ։ Ծննդավայրն է Յունաստանի քաղաքական կեանքն մէջ մեծ դեր խաղցած քաղաքագէտներու՝ նախագահներ, վարչապետներ եւ այլն․ օրինակ՝ Փափանտրէու ընտանիքը (երեք վարչապետներ), Տիմիթրիս Ղունարիս, Փանայոթիս Քանելաոփուլոս եւ շատ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի նախկին Նախագահ՝ Գոսթիս Սթեֆանոփուլոս։ == Անուանում == Ըստ առասպելին, Փաթրա անունը առաջացած է Փաթրէա առասպելային բնակիչէ մը, որուն արմատները Սփարդիէն (կամ՝ Սպարտա) են։ Ան Յոնիացիներուն կը վռնտէ, կը միացնէ նախապատմական քաղաքային շրջանները, նոր վայրին տալով Փաթրէ անունը (Փաթրէա անունին յոգնակին)։ == Աշխարհագրութիւն == === Քաղաքին Դիրքը === Փաթրա նաւահանգիստ քաղաքը, Պելոպոնեսի հիւսիս արեւմուտքը կը գտնուի։ Կը տարածուի Փանախայիքօ լերան Παναχαϊκό - Panachaiko արեւմուտքի կողմէն մինչեւ Փաթրայի Ծոցի ափերուն։ Քաղաքը երկու մասերու կը բաժնուի՝ Վերին (Անօ Փոլի) եւ Վարին (Քաթօ Փոլի) քաղաք, որոնք իրարու կը միանան աստիճաններով․ շրջանի բնական աշխարհագրութեան եւ մարդու բնակութեան տիպարին միջգործողութիւնն է։ Վարին քաղաքը ԺԹ. դարուն գլխաւոր քաղաքն է եւ նաւահանգիստը ու կը տարածուի Ղլաւքոս եւ Հարատրոս գետերուն միջեւ։ Իսկ Վերին քաղաքը, հնադարեան քաղաքամասերու շրջանն է եւ կը տարածուի բերդին եւ Փանախայիքօ լերան արեւմտեան ստորոտին միջեւ։ === Կենսաբազմազանութիւն === Փաթրային հիւսիսը կը գտնուի Աղիային Αγυιά ծովեզերիայ Ճահիճը․ փոքր տարածքով ջրային կենսաբանահամակարգ։ Յատկանշական է անոր պահպանումը քաղաքային խիտ բնակչութեամբ շրջանի մը կեդրոնին մէջ, որուն կլիման չոր է։ Սակայն հոն ապաստան կը գտնեն թռչուններու 90-է աւելի տեսակ։ === Երկրաշարժներ === Երկրաշարժային ցնցումները յաճախակի եւ ուժգին են։ Պելոպոնեսի հիւսիսային գօտին Փաթրայի եւ Կորնթոսի Ծոցերը ու Ռիօ-Անթիրիօ նեղուցը ներառեալ արեւմուտքէն մինչեւ արեւելք՝ Կորնթոս, նախապատմական շրջաններէն ենթակայ է զօրաւոր երկրաշարժներու։ Այս երկրաշարժները մեծ վնասներ պատճառած են ու կը շարունակեն պատճառել․ վերջին օրինակներէն՝ Յունիս 2008 6,5 Ռիխթըր չափանիշով ցնցումը( 7,1 ըստ Իտալիոյ երկրա-ուժական հիմնարկին), կամ՝ 1993-ի 5,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժը եւ կամ՝ 1995 թուականի Փաթրայէն դէպի արեւելք (մօտ 39,2 քլ հեռաւորութիւն) էյիօ ծովեզերիայ քաղաքին 6,1-6,2 չափանիշի ուժգնութեամբ երկրաշարժը։ Յոնիական Ծովն ու անոր կղզիներն ալ ենթակայ են յաճախակի եւ զօրաւոր երկրաշարժի ցնցումներու։ Հնադարեան շրջանին ամենածանօթ քանդիչ երկրաշարժի օրինակն է Աքայեան (Ախայիքի) Էլիքի Ελίκη քաղաքին (Էյիօ-ին արեւմուտքը) ընկղմիլը Ք․Ա. 373։ Քաղաքին կլիման միջերկրականեան է, մեղմ ձմեռներով եւ տաք ու չոր ամառներով։ Միջին ջերմաստիճանը 18 °C։ Անձրեւները չափաւոր են։ == Պատմական անդրադարձ == Փաթրան հիմնուած է եօթը պզտիկ գիւղերու համատեղ միացումով «սինիքիզմոս» συνοικισμóς։ === Հին տարիներուն === Պելոպոնեսեան պատերազմին ընթացքին, Ք․Ա․431-404 (տես Յունաստան )յաճախ կողմ կը փոխէ, սակայն վերջաւորութեան յաղթողներուն հետ կը գտնուի։ Ք․Ա․3-րդ դարուն Փաթրա կը միանայ Աքայեան (ախայիքի) դաշնութեան Αχαϊκή Συμπολιτεία - Achaean League․ Պելոպոնեսի հիւսիս արեւմտեան շրջանի քաղաքներու դաշնակցութիւն։ Այս դաշնակցութիւնը կը լուծուի Մեծն Աղեքսանտրի կողմէն երբ ան կը միացնէ յունական բոլոր քաղաք-պետութիւնները։ === Հռոմէական շրջան === Ք․Ա․ 146 թուականին, Հռոմէացիները Փաթրան կը գրաւեն։ Օգոստոս կայսրը Ք․Ա. 31 թուականին հասկնալով քաղաքին ռազմական եւ առեւտրական դիրքին կարեւորութիւնը, զայն կը բնակեցնէ վեթերան հռոմէացիներէ եւ քաղաքին կը մենաշնորհէ բացառիկ իրաւունքներ։ Այսպէս Փաթրան առեւտրական կապեր կը մշակէ հարաւային Իտալիոյ Պրինտիզի Brindisi (հին անունը՝ Brundisium), իր ուրոյն դրամը կը դպէ եւ կը դառնայ հարուստ եւ հանրածանօթ քաղաք․ քաղաքին մէջ գտնուած ու պահպանուած են հռոմէական այս հետքերը։ Անտրէա առաքեալը քաղաքը կ՛այցելէ եւ քրիստոնէութիւնը կը քարոզէ․ Փաթրան կը դառնայ կրօնական կռիւներու թատերաբեմ մինչեւ քրիստոնէութեան տարածումը։ === Բիւզանդական կայսրութեան շրջան === Երբ Կոստանտնուպոլիսը Հռոմէական արեւելեան կայսրութեան մայրաքաղաքը (330) կը դառնայ եւ հետագային՝ Բիւզանդական Կայսրութեան, Փաթրա աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր համբաւն ու հմայքը։ Քաղաքը շարունակաբար կը պաշարուի Սլաւերէն, Աւարներէն, Կոթերէն եւ ի վերջոյ 1204 թուականին Փաթրան կը գրաւեն խաչակիրները։ Քաղաքը մօտաւորապէս երեք դար կը մնայ լատիններուն ձեռքը՝ Աքայեան լատին իշխանութիւն, Frankish Principality of Achaea, (Պելոպոնեսի հիւսիս արեւմտեան շրջան)։ Բիւզանդացիները կը վերագրաւեն քաղաքը եւ բերդը 1429 եւ 1430, սակայն 1458 թուականին Օսմանցիները զայն կը գրաւեն։ === Օսմանեան գերիշխանութեան տակ === 1453 թուականին Կոստանտնուպոլսոյ անկումէն ետք Մորիասը (Պելոպոնեսը) Բիւզանդական կայսրութեան միակ մնացորդն է, որ կը դիմադրէ Օսմանեան Կայսրութեան։ 1466, 1532 թուականներուն թուրքերուն դէմ ապստամբութիւններ տեղի կ՛ունենան։ Իսկ 1571-ին Նաֆփաքթոյին ծովամարտէն ետք, ապստամբութիւնները կը տարածուին Պելոպոնեսի եւ կեդրոնական Յունաստանի շրջաններուն մէջ ալ։ Թուրքերը կը հակադարձեն կոտորածներով։ 17-րդ դարուն Օսմանեան Կայսրութեան յարձակումներուն պատճառներով, Բիւզանդական կայսրութիւնը Յունաստանի տարածքին վրայ կը սահմանափակուի Պելոպոնեսի (կամ՝ Մորիաս) շրջանին մէջ «Մորիասի Բռնապետութիւն» կոչուած (Despotate of the Morea) իշխանութեամբ։ === Յունաստանի Ապստամբութեան շրջան === 1821, Մարտ 25-ին Փաթրայի մէջ կը յայտարարուի Յունաստանի Ապստամբութիւնը Օսմանեան տիրապետութեան դէմ․ ապստամբութեան գլուխը անցած է Փալէոն Փաթրոն Երմանոս Գ․ հոգեւորականը Δεσπότη Παλαιών Πατρών Γερμανό (Γ΄)․ 1828 թուականին, ֆրանսական բանակին սպարապետ Նիքոլա Ժոզէֆ Մէզոն Nicolas Joseph Maison Փաթրան կը գրաւէ, քաղաքէն դուրս վռնտելով թուրք-եգիպտական պահակագունդը եւ Փաթրան կը յանձնէ Յունաստանի նորաստեղծ պետութեան։ Քաղաքը սակայն, ապստամբութեան շրջանին գրեթէ ամբողջովին կը քանդուի եւ կը վերաշինուի Իոաննիս Քափոտիսթրիային (Յունաստանի նորաստեղծ պետութեան առաջին կառավարիչ) կողմէն։ === Գաղթականներու հաստատում === Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, յոյն գաղթականներու մեծ թիւ մը Փաթրայի նաւահանգիստը կը հասնին եւ քաղաքը կը հաստատուին։ Առաջին ամիսներուն անոնց կը պատսպարեն դպրոցներու եւ չամիչի շտեմարաններու մէջ։ 1926-ին կը սկսին կառուցուիլ գաղթականներու առաջին երեք թաղամասերը՝ Προσφυγικά Πάτρας (փրոսֆիղիքա Փաթրաս)։ Գաղթականները կը կառուցեն Սուրբ Ֆոթինի եկեղեցին, ի յիշատակ Զմիւռնիոյ հրոյ ճրագ դարձած (թուրքերուն կողմէ) համանուն եկեղեցուոյ։ 1925-ին եկեղեցուոյ մօտ կը կառուցուի Գաղթականներուն Մարզադաշտը Γήπεδο Προσφυγικών․ Յունաստանի ամենահիներէն։ Փոքր Ասիոյ գաղթականները թափ կու տան քաղաքի տնտեսութեան եւ մշակոյթին։ === Ժամանակակից շրջան === Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, 1941 թուականին կը գրաւուի գերմանացիներուն կողմէն։ Անոնք քաղաքին գերիշխանութիւնը իրենց զինակից իտալացիներուն կը յանձնեն (1943)։ 1950 եւ 1960 տարիներուն, ճարտարարուեստը եւ ծովային երթեւեկութիւնը կը զարգանայ։ Փաթրա Յունաստանի արեւմուտքի դուռը կը դառնայ։ Այժմ Փաթրան ժամանակակից արդի քաղաք մըն է եւ անոր նաւահանգիստը Յունաստանի երկրորդն է եւ գլխաւոր ելքը դէպի Եւրոպա։ Կեանքը կ՛եռայ Փաթրա քաղաքին մէջ, նա մանաւանդ շնորհիւ իր համալսարաններուն։ Յունաստանի ամէն կողմերէն ուսանողներ ժամանակաւոր կը հաստատուին քաղաքը մինչեւ իրենց ուսման շրջանը բոլորեն։ Համալսարաններուն ընձեռած ընկերային աշխուժ կեանքին զուգահեռ, ամէն տարի կը կատարուին՝ զանազան փառատօներ, Փաթրային Բարեկենդանը՝ (Փաթրինօ Քարնավալի) Πατρινό καρναβάλι եւ շատ ուրիշ։ == Տեսարժան վայրեր == === Հրապարակներ եւ պուրակներ === Փաթրա քաղաքը ունի բազմաթիւ հրապարակներ եւ պուրակներ․ նշենք ամենածանօթները․- ==== Հրապարակներ ==== Եորղոս Ա․ի հրապարակ Πλατεία Γεωργίου Α΄ Օլղաս հրապարակ Πλατεία Όλγας (Εθνικής Αντίστασης) Իփսիլա Ալոնիա հրապարակ Πλατεία Υψηλών Αλωνίων Փլաթիա թրիոն սիմահոն (Երեք դաշնակիցներու հրապարակ) Πλατεία Τριών Συμμάχων Ամիս Եորղօ հրապարակ Πλατεία Αγίου Γεωργίου Փլաթիա թրիոն նաւարհոն (երաց Նաւապետներուն հրապարակ) Πλατεία Τριών Ναυάρχων Փլաթիա Նիքիս (Յաղթանակի հրապարակ) Πλατεία Νίκης Գոստի Փալամա (Նորման) հրապարակ Πλατεία Κωστή Παλαμά (Νόρμαν) Փափաֆլեսա հրապարակ Πλατεία Παπαφλέσσα Օմոնիա հրապարակ Πλατεία Ομόνοιας Թապահանոն (Ֆիլիքոն) հրապարակ Πλατεία Ταμπαχάνων (Φιλικών) ==== Պուրակներ ==== Ռիղոփուլու պուրակ Άλσος Ρηγόπουλου (Γηροκομειό) Տասիլիօ Δασύλλιο Սքաղիոփուլիու Պարտէզ Κήπος Σκαγιοπουλείου Հարաւային պուրակ Νότιο Πάρκο Բերդին պուրակ Πάρκο Κάστρου Կարմիր Ջաղաղքին պուրակ Πάρκο Κόκκινου Μύλου Այիաս ճահիճ (Փլազ պուրակ) Έλος της Αγυιάς (Πάρκο Πλαζ) Փարոսին պուրակը Πάρκο Φάρου === Թանգարաններ === Փաթրայի Նոր Հնաբանական Թանգարանը Αρχαιολογικό Μουσείο Πάτρας Փաթրայի Փոքր Ասիոյ Յիշատակումներու թանգարան Μουσείο Μικρασιατικής Μνήμης Πατρών Փաթրայի Համալսարանի Գիտութեանց եւ Արուեստագիտութեանց թանգարան Μουσείο Επιστημών και Τεχνολογίας (ΜΕΤ) Πανεπιστημίου Πατρών: Փաթրայի Լրագրութեան թանգարանը Μουσείο Τύπου Πατρών Փաթրայի Ժողովագրական Արուեստի Թանգարան Μουσείο Λαϊκής Τέχνης Πατρών === Հնաբանական վայրեր, յուշարձաններ === Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը Γέφυρα Ρίου – Αντιρρίου Միկինեան գերեզմանները Μυκηναϊκοί Τάφοι Βούντενης (Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակ) Փաթրայի հռոմէական գերազմանատունը Νεκροταφείο Πάτρας Տիմիթրա աղբիւրը Πηγή Δήμητρας Հռոմէական երաժշտանոցը Ρωμαϊκό Ωδείο (Ք․ա 160) Հռոմէական մարզադաշտը Ρωμαϊκό Αμφιθέατρο (Στάδιο) (Ք․ա 1-ին դար) Հռոմէական Ագուգան Ρωμαϊκό Υδραγωγείο Հռոմէական Նիմֆէօ Ρωμαϊκό Νυμφαίο Միլիհօ հռոմէական կամուրջը (Փաւսանիա կամուրջ) Ρωμαϊκή Γέφυρα του Μείλιχου (γέφυρα Παυσανία) Փաթրայի բերդը Το Κάστρο της Πάτρας (551) Փաթրայի Համամը՝ հանրային բաղնիքը Χαμάμ Πάτρας ․ 16-րդ դար․ մինչեւ այսօր կ՛աշխատի։ «Ափոլոն» թատրոնը Θέατρο «Απόλλων» (1872) Պարի շտեմառանները Aποθήκες «Μπάρρυ»․ այժմ արուեստի կեդրոն info center Հին Քաղաքային Հիւանդանոցը (1872-1973) Παλαιό Δημοτικό Νοσοκομείο․ այժմ Փաթրայի մշակութային կեդրոն Քաղաքային զենարանները Δημοτικά Σφαγεία․ այժմ տեղական արտադրութեանց ցուցադրութեան վայրԱխայիա Քլաուս գետնափոր շտեմարան Αχάια Κλάους․ Ախայիա Քլաուսի աշտարալը յունական առաջին գեներանն է 1861 եւ մինչեւ այսօր կ՛արտադրէ միջազգային համբաւի արժանացած գինիներու տեսակներ։ Յոյն բանաստեղծ Գոսթիս Փալամասին տուն-թանգարանը Το Σπίτι του Κωστή Παλαμά Քաղաքային Գրադարանը Δημοτική Βιβλιοθήκη Փաթրային Փարոսը Φάρος της Πάτρας === Եկեղեցիներ, վանքեր === Սուրբ Անտրէա եկեղեցին Ι.Ν. Αγίου Ανδρέα Ծերանոցի Վանք Μονή Γηροκομειού (Ιερά Μονή Παναγίας της Γηροκομίτισσας)․ 10-րդ դար Սուրբ Նիքոլաու Վանք Μονή Αγίου Νικολάου Μπάλα Πατρών-Παλαιομονάστηρο Սուրբ Փանտոքրաթոր եկեղեցի Ιερός Ναός Παντοκράτορος Πατρών == Փոխադրական միջոցներ == === Ցամաքային փոխադրամիջոցներ === Փաթրան փոխադրամիջոներու խաչմերուկ մըն է, ուր իրարու կը միանան Յունաստանի շրջանները կապող երեք գլխաւոր մայրուղիները։ Փաթրան ունի խիտ, ընդարձակ, իրարու հաղորդակցող լայնածաւալ հանրային փոխադրամիջոցներ․ հանրակառքային՝ autobus, երկաթագծային պարզ եւ քաղաքային արագընթաց՝ προαστιακός։ Նաեւ՝ թաքսի taxis։ Ասոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։ Քաղաքին արեւելեան կողմը կը գտնուի Օլիմպիա մայրուղին․ կը կապէ Փաթրան Աթէնքին, Կորնթոսին եւ Պեղոպոնեզի հիւսիսային քաղաքներուն հետ։ Քաղաքին հիւսիս արեւմուտքը կը գտնուի Ռիօ-Անթիրիօ կամուրջը եւ Յոնիա մայրուղին․ Փաթրան կը կապեն Կեդրոնական Յունաստանին եւ Իփիրոսին (Յունաստանի հիւսիս արեւմտեան շրջան)։ Քաղաքին հարաւը՝ Ազգային մայրուղին․ Փաթրան կը կապէ Պելոպոնեսի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն։ === Նաւային փոխադրամիջոցներ === Եւրոպայի առեւտուրի դուռն է, յատկապէս արեւմտեան կեդրոնական Պալքանեան երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին ու ատկէ ետք ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդէ իր դիրքը (Պոզնիոյ պատերազմ 1992-1995 եւ Խրուաթիօ (Քրուաթիա) պատերազմ 1991-1995)։ Կորնթոսի Ջրանցքն ալ, բախտորոշ դեր կը խաղայ այս ուղղութեամբ։ Նաւային փոխադրամիջոցը 24 ժամուան հետեւողականութեամբ կը բանի։ Փաթրայի նաւահանգիստին միջոցաւ կը կատարուին ներուծումներ եւ արտադրումները դէպի Եւրոպա։ Նաւահանգիստը կապուած է արեւմտեան Իտալիոյ նաւահանգիստներուն հետ։ Նոյնպէս, ամենօրեայ է նաւային կապը Յոնիական Ծովուն կղզիներուն եւ Փաթրայի եւ Կորնթոսի Ծոցերուն ափերուն գտնուող շրջաններուն հետ եւ փոխադարձ։ === Օդային փոխադրամիջոց === Փաթրան Եւրոպական երկիրներուն հետ կապուած է Արաքսօ օդակայանով, քաղաքին կեդրոնէն 40քլ․ հեռու։ == Փաթրայի հայերը == Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, յոյն գաղթականներուն հետ, հայեր ալ Փաթրայի նաւահանգիստը կը հասնին եւ քաղաքը կը հաստատուին։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Փաթրայի հայերը == Պատկերասրահ == == Եղբայրացած քաղաքներ == == Տես նաեւ == Ռիօ-Անդիռիօ կամուրջ Փաթրայի հայերը Փաթրայի Ծոցը Կորնթոս Սելանիկ Սելանիկի հայկական գաղութը Փիրէա Քոքինիոյ հայկական գաղութը == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Յոնիոյ մայրուղին(յունարէն) Երւոպայի թիւ 55 մայրուղին(յունարէն) Փաթրա՝ Եւրոպայի Մշակոյթի մայրաքաղաքը․ տեսերիզ եւ պատմական(յունարէն) Փանախայիքօ լեռը(անգլերէն) 1821, Փաթրայի ապստամբութիւնը(յունարէն) Իոաննիս Քափոտիսթրիաս(յունարէն) փրոսֆիղիքա Փաթրաս(յունարէն) Փաթրային օդակայանը(յունարէն) Փաթրային պատմութիւնը(յունարէն)
7,632
Լեւոն Օսիպով
Լեւոն Սուրէնի Օսիպով (1936, Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն)։ Վրացական ԽՍՀ վաստակաւոր նկարիչ։ == Կենսագրութիւն == Լեւոն Օսիպով, ծնած է 1936 թուականին, Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղամասին մէջ՝ Սուրէն Օսիպովի եւ Մարիա Օսիպովայի (Խալաթեան) ընտանիքին մէջ։ Սորված է Թիֆլիսի Էլիայի թաղամասի թիւ 86 դպրոցին մէջ, զայն աւաարտելէ ետք մեկնած է Երեւան։ 1961 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան բաժինը։ Դասաւանդած է Երեւանի բոլիտեխնիկական հիմնարկի խեցեգործութեան տեխնոլոգիայի բաժնին մէջ։ Ձեւաւորած է Սոչիի «Մոսկուա» հիւրանոցը, Թիֆլիսի մեդրոյի «Իսանի» կայարանին մէջ տեղակայուած «Թամար թագուհիի որսը» պաննոն, Կիեւի «Բարեկամութիւն» հիւրանոցը։ Անոր ստեղծած պանոնները կը զարդարեն Մոսկուայի, Երեւանի, Սարատովի, Պաքուի եւ այլ քաղաքներու փողոցներ։ Օսիպովի պատրաստած խեցէ սկահակը դրուած է Ֆիտէլ Կաստրոյի նստավայրին մէջ։ Ստեղծագործութիւնները կը գտնուին Ռուսաստանի, Հայաստանի, Լաթուիայի թանգարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի, Քանատայի, Քուպայի մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ: == Ցուցահանդէսներ == Անհատական ցուցահանդէս Վրաստանի Հայարտուն մշակութային կեդրոն, 2011 == Ընտանիք == Կինը՝ Անժելա Պետրոսեան Որդի Կարէն Օսիպով Դուստր՝ Մարիաննա Օսիպովա == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Լեւոն Օսիպովի խեցեգործական աշխատանքներու ցուցահանդէսը Левон Осипов – Заслуженный художник Грузии
357
1685 թուական
1685 թուական, ոչ նահանջ տարի, 17րդ դարու 85րդ տարին է == Դէպքեր == == Ծնունդներ == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1685 ծնունդներ == Մահեր == Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1685 մահեր
22,515
Իրատես
«Իրատես», հայկական հասարակական-քաղաքական թերթ։ Լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 3 Յունիս 2008-էն մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 2020։ Հրատարակող հիմնադիր՝ «Տեսակէտ» ՍՊԸ։ Մինչեւ 8 Յուլիս 2010 թերթը կոչուած է «Իրաւունքը de facto», այնուհետեւ մինչեւ 2016՝ «Իրատես de facto»։ «Իրատես» անուամբ լոյս տեսած է 1 Մարտ 2016-էն։ Մարտ 2011-էն 2015 թերթը թղթակցական կէտ ունէր Չինաստանի մէջ (Շանհա), որու ղեկավարն էր թերթի լրագրող Սուսաննա Պօղոսեանը։ Սեպտեմբեր 2012-էն թերթը թղթակցական կէտ ունեցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ, որու ղեկավարն էր լրագրող Համասփիւռ Գրիգորեանը։ == Ընդհանուր տեղեկութիւններ == Լոյս տեսնելու օրերը՝ Երեքշաբթի եւ ՈՒրբաթ Ձեւաչափը՝ A3 Էջերի քանակը՝ 12 (Երեքշաբթի) եւ 16 (ՈՒրբաթ) Տպաքանակը՝ 3500 Գոյները՝ սեւ-սպիտակ, առաջին, վերջին էջերը (ՈՒրբաթ՝ նաեւ 8-րդ եւ 9-րդ էջերը)՝ լրացուցիչ գոյնով Թերթի ուղղուածութիւնը՝ Հայաստանի եւ այլ երկրներու քաղաքական, սոցիալական, տնտեսական, ֆինանսական, մշակութային, մարզական կեանքին վերաբերող վերլուծականներ, հարցազրոյցներ, յօդուածներ, լուրեր։ == Խմբագրակազմ == Գլխաւոր խմբագիր՝ Փիրուզա Մելիքսեթեան Գլխաւոր խմբագրի տեղակալ՝ Լիլի Մարտոյեան Գեղարուեստական խմբագիր՝ Նիկոլայ Մանուկեան (ՆԻԿՕ) Գովազդային խմբագիր՝ Վաչագան Մելիքսէթեան === Լրագրողներ === Կարմէն Դաւթեան Անահիտ Ադամեան Ռուզան Խաչատրեան Արմինէ Սարգսեան Լիլիթ Գրիգորեան Ժասմէն Վիլեան Սեւակ Վարդումեան Համասփիւռ Գրիգորեան == Մշտական հեղինակներ == Սերգէյ Շաքարեանց (քաղաքական վերլուծաբան) Կարինէ Ռաֆայէլեան Սոկրատ Յովսէփեան Մեհրուժան Բաբաջանեան Մարտին Հուրիխանեան Խաչատուր Դադայեան Ռուբէն Հայրապետեան (Մոսկուա) == Մշտական խորագրեր == Հարցազրոյց Վերլուծութիւն Անցուդարձ Լուրեր Ամբիոն Դէմքեր «Ասում են…» «Այսպէս խօսեց…» «Հայարան» Հոգեւոր Աստուածաշունչ մատեանից Աղօթարան «Աստծոյ կանչը» Խօսափող «…Եւ ոչ միայն մշակոյթի մասին» Սխալուելու իրաւունքով Քաղաքակրթութիւն «Իրատեսի» փոստից Մշակոյթ Մարզական Նկարչի կսմիթ Խաչբառ == Արտաքին յղումներ == Պաշտօնական կայքէջ == Ծանօթագրութիւններ ==
2,829
Եպիփիւտ կամ Մակաբոյս
Էփիֆիթօ կամ Եպիփիւտ (Յունարէն. էփի=վրան, ֆիթօ= բոյս), բոյսեր են, որոնք կ՚օգտուին ուրիշ բոյսերէն՝ իբր բնակարան ու առանց վնաս տալու կ՚աճին անոնց վրայ։ Հողի վրայ արմատ չեն ունենար։ == Յատկութիւններ == Յառաջացած արմատներ չեն ունենար, արմատները միայն կ՚ապահովեն բնակարանին վրայ կառչումը։ Կ՚ունենան քլորոֆիլ պարունակող օդի արմատներ։ Օդի արմատները կը ծառայեն վերափոխութեան (անապոլիզմայի)։ Եփիփիւտական բոյսերը կը գործածեն լուսաբաղարկումը ու օդէն կամ իրենց բնակարաններուն մակերեսէն ձեռք կը բերեն խոնաւութիւնը։ Քարաքոսի տեսակներէն մի քանին ու խոլորձազգիներու ընտանիքը այս տեսակի բոյսեր են։ == Կենսաբազմազանութիւն == Ամենածանօթ եփիփիւտական բոյսերն են խոլորձները, գաղտածաղիկները ու անանասազգիները՝ իբրեւ սպանիական գաղտածաղիկ։ Եպիփիւտերը կը գտնուին բոլոր բոյսի ընտանիքներու լայն խումբերուն մէջ։ Եպիփիւտի տեսակներէ 89%-ը (մօտաւորապէս 24,000 տեսակ) ծաղկող բոյսեր են։ Ամենալայն 2-րդ խումբն է Leptosporangiateի պտերները, որոնք ունին մօտաւորապէս 2800 տեսակներ (եպիփիւտերու 10%-ը)։ Ամենալայն 3-րդ խումբն է Lycopodiopsidaները, որոնք ունին մօտաւորապէս 190 տեսակներ։ == Ծանօթագրութիւններ ==
21,452
Ֆրետերիք Մաքլէր
Ֆրետերիք Մաքլէր (16 Մայիս 1869(1869-05-16), Mandeure - 12 Յուլիս 1938(1938-07-12), Մոնբելյար), ֆրանսացի գիտնական եւ հայագէտ։ Հայ ժողովուրդին նուիրուած իր յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով անգնահատելի ծառայութիւն մատուցած է հայագիտութեան: Գործերը նուիրուած են կրօնի, հայ ժողովուրդի պատմութեան, աշխարհագրութեան, բանահիւսութեան, գրականութեան, մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն եւ հրատարակուած են եւրոպական հրատարակութիւններու կողմէ: == Կենսագրական Գիծեր == Մաքլէր ծնած է 1869-ին։ Աշակերտած է ֆրանսացի ծանօթ պատմաբան եւ հայագէտ Օկիւսթ Քարիէրին, որմէ սորված է հայերէն, ասորերէն եւ եբրայերէն: 1888-ին լոյս ընծայած է «Դանիէլ Մարգարէի Պարականոն Հայերէն Յայտնութիւններ» գործը, որմով սկսած է հայագիտական իր գործունէութիւնը: 1911-1937 թուականներուն Մաքլէր հայոց լեզու դասաւանդած է Փարիզի «Ապրող Լեզուներու Արեւելեան Բարձրագոյն Դպրոց»ին մէջ: Ուրիշ նշանաւոր ֆրանսացի հայագէտի՝ Անթուան Մէյէի (Antoine Meillet) հետ, Մաքլէր հրատարակած է «Revue des études arméniennes» հանդէսը, միասին հիմնած են հայագիտական ընկերութիւն մը, իսկ Անթուան Մէյէի մահէն ետք՝ 1905-1938 թուականներուն, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու դպրոցին մէջ դասաւանդելով Հայոց լեզու (գրաբար եւ աշխարհաբար), Հայոց պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, Մաքլէր պատրաստած է բազմաթիւ հայագէտներ: Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ հայագիտութեան հետագայ զարգացման համար եւ հայութեան խնդիրները անկողմնակալ ձեւով աշխարհին ներկայացնելու գործին մէջ անպայման կը նշուի անոր ունեցած անուրանալի դերը: Ան եղած է Փարիզի Ազգային Գրադարանին մէջ պահուող հայ ձեռագիրներուն ցուցակը կազմողներէն եւ հրատարակողներէն մէկը։ == Ուղեւորութիւններ == === Դէպի Էջմիածին === Յուլիս-Հոկտեմբեր 1909-ին, քառասուն տարեկանին, ան ուղեւորութիւն մը կատարած է դէպի Հայաստան՝ դէպի Էջմիածնայ վանք։ Ուղեւորութեան նպատակը գիտական ուսումնասիրութիւնն էր: Հայագիտութեամբ հետաքրքրուած ֆրանսացին ծրագրած էր ուսումնասիրել հայերէն ձեռագիր Աւետարաններ եւ հետագային, այդ ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք, հրատարակած է «Աւետարանի հայերէն բնագիրը»: Ըստ հայրենի «Լրաբեր» հանդէսին, մինչեւ Հայաստան երթալը, Մաքլէր կ'այցելէ Վիեննա, ուր Մխիթարեան միաբանութեան վանքին մէջ կ'ուսումնասիրէ հոն պահուող յունարէն տապանագիր մը եւ մատենադարանին նոր ստացած հայերէն ձեռագիրները։ Յուլիս 1909-ին Էջմիածինի մէջ Մաքլէրը կ'ընդունին կաթողիկոսական տեղապահ Սուրէնեանցը, մատենադարանապետ Մեսրոպ Տէր-Մովսէսեանը եւ հայագէտ Գալուստ Տէր-Մկրտչեանը։ Էջմիածինի մէջ Մաքլէր հանդիպած է նաեւ Կոմիտասին, որուն հետ հասակակիցներ էին (նոյն թուականին ծնած են երկուքն ալ): Կոմիտասի ուղեկցութեամբ Մաքլէր կ'այցելէ Էջմիածինի Գայեանէ, Հռիփսիմէ եւ Շողակաթ վանքերը, միասին կ'ուղեւորուին Օշական, Աշտարակ, Մուղնի, Կարպի, Ուշի, Սաղմոսավանք, Օհանաւան եւ Գեղարդ. բոլոր այս վայրերուն մէջ ան կը ծանօթանայ հին յուշարձաններուն, կը լուսանկարէ եւ զանոնք կը հրատարակէ իր գործերուն մէջ՝ ծանօթագրելով ամէն մէկ կոթող եւ բոլոր նկարագրութիւններուն մէջ ցոյց տալով հայ ժողովուրդին հոգեւոր ժառանգութեան համամարդկային արժէքը: Հայկական բնակավայրերու մէջ Մաքլէր նաեւ հետաքրքրուած է հայկական աւանդական ծէսերով, շրջաններու բնորոշ տօներով, աւանդութիւններով եւ մանաւանդ վանքերուն մէջ կատարուող ուխտագնացութիւններով: Ան նկարագրած է որոշ գիւղերու մէջ պահպանուած այնպիսի պաշտամունքներ, որոնք հեթանոսութենէն եկած էին. օրինակ՝ օձերու պաշտամունքը, բան մը, որ այսօր անշուշտ վերացած է: Իր աշխատութեան մէջ Մաքլէր զատ բաժին մը միայն Զուարթնոցի տաճարին յատկացուցած է, անդրադառնալով անոր կառուցման պատմութեան եւ աւերման, պեղումներուն եւ ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի վերականգնած յատակագիծին: Բնականաբար, աւելի մանրամասնօրէն նկարագրած է Էջմիածինի յուշարձանները, զորս ուսումնասիրելու աւելի երկար առիթ ունեցած է: Նոյն «Լրաբեր» հանդէսը, յենելով Մաքլէրի՝ Հայաստանէն վերադառնալէ ետք 1911-ին Փարիզի մէջ ներկայացուցած զեկուցումին վրայ, կը գրէ, որ Ֆրետերիք Մաքլէրի ուշադրութենէն չեն վրիպած իր այցելած գիւղերուն բնակչութեան վիճակը եւ անոնց զբաղմունքը: Օրինակ՝ ան կը նշէ, թէ Աշտարակի որոշ գիւղերուն մէջ բնակութիւն հաստատած թաթար եւ քիւրտ հովիւները համերաշխ կ'ապրին հայերուն հետ եւ մահմետականները, մզկիթ չունենալու պատճառով, հայոց եկեղեցին կը յաճախեն: Սեպտեմբեր 1909-ին Էջմիածինէն վերադառնալու ճամբուն վրայ, գիտնականը որոշ ժամանակով կանգ առած է Թիֆլիս: Հոն նոյնպէս ուսումնասիրած է հայկական կեանքը. քաղաքի հայ բնակչութեան, հայկական միութիւններու, մամուլի, հայկական թատրոնի եւ հայ գրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած եւ արձանագրած է, նշելով որ հայերը գրաւած են Թիֆլիսի գրեթէ բոլոր բնագաւառները: Թիֆլիսի մէջ հանդիպած է այդ օրերուն արդէն 84 տարեկան Գաբրիէլ Սունդուկեանին, զայն նկատելով «հայ թատրոնի հայր»ը, եւ Եւրոպայի մէջ հետագային, իր դասախօսութիւններուն ընթացքին, ներկայացուցած է Սունդուկեանը, անոր գործերը, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայ թատերագիրներ: Սունդուկեանին հետ, ի դէպ, ֆրանսերէն զրուցած են, քանի, որ, ինչպէս յայտնի է՝ թիֆլիսահայ մեծ թատերագէտը բազմալեզուակիր էր՝ կը տիրապետէր ոչ միայն ֆրանսերէնին, այլեւ գրաբարին, լատիներէնին, իտալերէնին, ռուսերէնին եւ այլ լեզուներու: === Դէպի Պոլիս === Նոյն թուականի Հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն Մաքլէր ծովային ճամբով գացած է Պոլիս, որուն ընթացքին հարուստ տեղեկութիւններ հաւաքած է իր հանդիպած ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Պաթումի, Տրապիզոնի, Օրտուի, Սամսունի, Պաֆրայի եւ Ինեպոլուի հայութեան մասին։ Այնպիսի մանրամասն տեղեկութիւններ գրի առած է, ինչպիսիք են՝ հայերուն թիւը, դպրոցները եւ միւս հայկական կառոյցները, այդ քաղաքներուն մէջ հայերուն ունեցած հաւաքակական եւ տնտեսական դիրքը եւ այլն: Ան աւելի մանրամասն նկարագրած է պոլսահայութեան կեանքը, նկատելով, որ քաղաքին վարչական կառոյցներուն եւ առեւտուրի ցանցին մէջ հայերը լաւ դիրք գրաւած են, ունին մամուլ, կազմակերպութիւններ, թատրոն եւ այլն: Ֆրանսացի հայագէտը իր յետճամբորդական զեկուցումին մէջ գովասանքով խօսած է պոլսահայ մամուլի բազմազանութեան եւ արժանիքներուն մասին եւ այդ մէկը մեծապէս գնահատած է, քանի որ նոյնը չէ տեսած պետական աջակցութիւն վայելող թրքական եւ յունական մամուլին մէջ: Գրած է հետեւեալը. «Լրաբեր» հանդէսին մէջ յօդուածագիր Մ. Մինասեան կը գրէ, թէ պոլսահայ թատրոնի մասին խօսելով՝ Մաքլէր մեծ գովեստով կը յիշատակէ «Աբէլեան-Արմէնեան» թատերախումբին ճաշակաւոր խաղացանկը եւ անոր արդիականութիւնը: Օրթագիւղի Անտոնեան հայրերու վանքին մէջ Մաքլէր ուսումնասիրած եւ նկարագրած է «Թարգմանչաց» կոչուող հռչակաւոր Աւետարանը, որ ըստ աւանդութեան, ընդօրինակուած է մեր առաջին թարգմանիչներուն ձեռագիրէն: Վիեննա-Հայաստան-Թիֆլիս-Պոլիս գիտական ուղեւորութեան մանրամասնութիւնները անոր Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած զեկոյցին եւ hետագային հրատարակուած գիրքերուն մէջ են: Ան Ֆրանսայի պետութեան ներկայացուցած է այդ զեկոյց-հաշուետուութիւնը, քանի որ նոյնինքն ֆրանսական պետական աջակցութեամբ կարելի դարձած է այդ չորս ամսուան գիտական ուղեւորութիւնը: Այդ գրութիւնները մինչեւ այսօր ալ կը ծառայեն իբրեւ կարեւոր աղբիւր հետազօտողներուն համար, մանաւանդ՝ եւրոպացի հայագէտներուն, որոնք հայկական աղբիւներուն զուգահեռ, միշտ կարեւոր կը նկատեն օտարազգի դասական հայագէտներու գործերուն ուսումնասիրութիւնը: == Կոստան Զարեանի հետ == Ինչպէս իր մէկ յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ հետազօտող, գիտնական Վարդան Մատթէոսեան, հայագիտական ու հայասիրական իր գործունէութեան ընթացքին Մաքլէր բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ կապեր պահած է, այդ կարգին՝ թղթակցութիւն ունենալով նաեւ Կոստան Զարեանին հետ՝ անոր նամակներ եւ բացիկներ ղրկելով: Զանազան առիթներով զարեանական իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Վարդան Մատթէոսեան անդրադարձած է այդ նամակներուն, զորս Զարեան ստացած է 1912-ին՝ Վենետիկ ապրած շրջանին: Մատթէոսեան կարեւոր կը նկատէ այդ նամակները զարեանագիտութեան մէջ, այն առումով, որ Զարեանի վենետիկեան առաջին շրջանին՝ 1911-1912-ի վերաբերեալ փաստական տեղեկութիւնները շատ քիչ են: Նամակներու ընթերցումէն Մատթէոսեան պարզած է նաեւ, որ Մաքլէր նախօրօք գտնուած է Վենետիկ, ուր ծանօթացած է Զարեանին, որուն հետ միասնաբար որոնումներ կատարած է «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ: == Կոմիտասի Մասին == 1917-ին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ Մաքլէրի «Երաժշտութիւնը Հայաստանի մէջ» գրքոյկը: Գիրքին մէջ Մաքլէրի մէկ ելոյթն է, որ ան ունեցած է նոյն թուականին, Փարիզ: Ըստ տեղեկութիւններուն, Մաքլէրի այդ ելոյթը ընթացած է երաժշտական կատարումներով, որ աւելի կենդանի դարձուցած է հայկական երաժշտութեան մասին անոր խօսքը: Գրքոյկին մէջ հայագէտը ֆրանսացի հասարակութեան կը պատմէ հայկական երաժշտութեան սկզբնաւորման պատմութիւնը՝ հեթանոսական ժամանակներէն մինչեւ իր ապրած օրերը: Թէ՛ ելոյթին եւ թէ գրքոյկին մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է Կոմիտասին, անոր անուան հետ կապելով հայ մաքրամաքուր երաժշտութիւնը օտար հնչիւններէ ազատելու եւ տարածելու գործը: Գիրքը ստեղծելու մէջ դեր ունեցած են Կոմիտասի ունեցած ելոյթները Փարիզի մէջ՝ 1906-1907-ին նաեւ՝ 1914-ին, երբ Կոմիտաս Փարիզի մէջ մասնակցած է Միջազգային երաժշտական ընկերութեան հինգերորդ համաժողովին՝ ներկայացնելով երեք զեկուցում հայ հոգեւոր երաժշտութեան, ժողովրդական երաժշտութեան եւ խազագրութեան մասին։ Մաքլէր, անշուշտ, երաժշտագէտ չէր, եւ հայագէտները այն կարծիքը ունին, որ այս գրքոյկը հրատարակելու գործին մէջ մեծ եղած է անոր անձնական ծանօթութիւնը Կոմիտասին հետ եւ անոր անցուցած յիշարժան օրերը՝ Մայր Աթոռէն ներս եւ հայոց դաշտ ու սարերուն մէջ: === Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Իր Ակնարկութիւնը === == Ծանօթագրութիւններ ==
19,998
Փօլ Նիուման
Փօլ Նիուման (անգլերէն՝ Paul Newman, 21 Յունուար 1925 – Շէյքըր Հայց, Օհայիօ, Shaker Heights, Ohio, Ա․Մ․Ն․ - 26 Սեպտեմբեր, 2008 Ուեսթփորթ, Քենեքթիքըթ Westport, Connecticut, Ա․Մ․Ն․)։ Ամերիկացի դերասան, բեմադրիչ, ֆիլմարտադրիչ, գործարար եւ բարերար։ Դափնեկիր է բաւական մրցականներու՝ Օսքար, Պրիտանական Կաճառի Շարժապատկերի Մրցանակ British Academy Film Awards BAFTA, Ոսկեայ Գունդի Մրցանակ Golden Globe Awards, Հեռատեսիլի Դերասաններու Արուեստակցութեան Մրցանակ Screen Actors Guild Awards (SAG), Էմի Մրցանակ Primetime Emmy Awards, Սեսիլ Տեմիլ Ոսկեգունդ Մրցանակ Cecil B. DeMille Award, Ճին Հերշոլթ Բարեսիրական Մրցանակ Jean Hersholt Humanitarian Award, եւայլն։ == Կենսագրական գիծեր == === Պատանութեան եւ երիտասարդութեան տարիներ === Փօլ Նիուման ծնած է 26 Յունուար, 1925 Շէյքըր Հայց Shaker Heights, Օհայիօ Ohio։ Հայրը ծագումով հրիայ էր իսկ մայրը՝ սլովաք։ Ծառայած է Ա․Մ․Ն․ ծովուժին եւ Բ․ Համաշհարհային Պատերազմէն ետք, կը զբաղի հօրմէն ժառանգած մարմնամարզի իրերու վաճառախանութին աշխատանքներով։ Կանուխէն, կը ցուցնէ հակումը թատրոնին հանդէպ։ Փոքր տարիքէն կը մասնակցի դպրոցական թատերական ներկայացումներու։ 1943-ին կ՛աւարտէ Երկրորդական վարժարանը եւ ուսումը կը շարունակէ Օհայիօ նահանգին Համալսարանը, ուր տնտեսութիւն կ՛ուսանի։ === Զինուորական ծառայութեան տարիներ === Բ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Նիուման Ա․Մ․Ն․ ծովուժին կը ծառայէ՝ Խաղաղական Ովկիանոսի գործողութիւններուն մէջ։ Զինուորութեան ընթացքին կը մարզուի իբրեւ հաղորդիչ անթել ռատիօ-հեռագրի, նշանառու եւ թնդանօթաձիգ ու 1944-ին կ՛ուղղարկուի Պարպըրս Փոյնթ, Հաուայ։ Օքինաուայի Կռիւին Battle of Okinawa կամ՝ Սառնալեռ Գործողութիւն Operation Iceberg ընթացքին (1945) գարնան ան կը ծառայէ «USS Bunker Hill» օդանաւակիրին մէջ։ Պատերազմէն ետք, ուսումը կ՛աւարտէ Քենիոն Ճեմարանին մէջ Kenyon College (1949)։ Ապա, թատերախաղարկութիւն կ՛ուսանի Եէյլ Համալսարանին մէջ Yale University։ == Ասպարէզ == === Առաջին քայլերը === 1953-ին, առաջին անգամ հանդէս կու գայ Պրոտուէյ թատրոնին բեմէն Broadway theatre «Փիքնիք» Picnic թատերախաղով։ Կը շարունակէ, մասնակցելով «Անյոյս Ժամերը» The Desperate Hours եւ «Երիտասարդութեան Անուշ Թռչունը» Sweet Bird of Youth թատերախաղերուն սկզբնատիպ առաջին ներկայացումներուն։ 1954-ին շարժանկարի բնագաւառին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Արծաթեայ Սկիհը» The Silver Chalice ժապաւէնին մէջ։ Ապա, կը կատարէ աւելի կարեւոր դերեր՝ «Մենք ողջերս» Somebody Up There Likes Me (ֆր․ թարգմ․)՝Marqué par la haine (1956), «Մոլեգին Կատուն» Cat on a Hot Tin Roof (1958) եւ «Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները» The Young Philadelphians (1959) ժապաւէններուն մէջ․ բոլորն ալ վաստակ ունեցող դերասաններու քով, ինչպէս օրինակ՝ Էլիզապէթ Թէյլոր, Պարպարա Րաս, Ռոպերթ Վոն, եւայլն։ Իսկ 1952-էն, տարբեր դերերով կը ներկայանայ հեռատեսիլի պաստառէն «Վաղուան հեքիաթներ»Tales of Tomorrow եւ «Արկածախնդրական Ժամադրութիւն» Appointment with Adventure շարաժապաւէններուն մէջ։ === Մեծագոյն արտադրութիւններու գլխաւոր դերակատարը === Նիումանի յաջողութիւններուն մեծ դեր կը խաղայ անոր ապստամբ բնաւորութիւնը։ Բազմաթիւ ժապաւէններու գլխաւոր դերակատարը եղած է․ ինչպէս օրինակ՝ Երկար տաք ամառը The Long, Hot Summer, (1958) Շիկացած թխադէմը Rally 'Round the Flag, Boys! La Brunebrûlante, (1958) Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները The Young Philadelphians, (1959) Էքսոտոս Exodus, (1960) Տանիքէն FromtheTerrace, (1960) Շտապողը The Hustler, (1961) Փարիզի Պլուզը Paris Blues, (1961) Վայրի մրրիկի նման Hud, (1963) Պատռտած վարագոյր TornCurtain, (1966) Հարփըր Harper, (1966) ԽայթըThe Sting, (1973) Դժոխային Բերդը The Tower inferno, (1974) Չարակամութեան Բացակայութիւնը Absence of Malice, (1981) Վճիռը The Verdict, 1982 Հովանի տուփըThe Shadow Box, (1980, հեռատեսիլէն ներկայացուած շարաժապաւէն) Հարի եւ զաւակը Harry & Son, (1984) Դրամին ԳոյնըThe Color of Money, (1986) Տէր եւ Տիկին Պրիճ Mr and Mrs Bridge, (1990) === Յատուկ համբաւի արժանացած թատերախաղեր === Ստորեւ ցուցակը յատուկ համբաւի արժանացած թատերախաղերուն, որոնց մէջ Փօլ Նիուման կը մասնակցի եւ մեծ մասին՝ գլխաւոր դերակատարն է։ Ֆետրա․ Եէյլ համալսարան, (1951) Պեթհովէն, Եէյլ համալսարան, (1952) Փիքնիք, Նիու Եորք, (1953-54) Անյոյս Ժամերը The Desperate Hours, Նիու Եորք, (1955) Երիտասարդութեան Անուշ Թռչունը Sweet Bird of Youth, (1959-60) Մանուկը համբոյր մը կ՛ուզէ Baby Want a Kiss, (1964) Սիրային նամակներ Love Letters, (2000) Անփոփոխ Կինը The Constant Wife, (2000) Մեր քաղաքը Our Town, (2002-2003) Թրամպօ Trumbo, (2004) == Անձնական Կեանք == === Ընտանիք === Փօլ Նիուման ամուսնացած է երկու անգամ։ Առաջին ամուսնութիւնը՝ Ճաքի Ուիթին հետ, կը տեւէ՝ 1949-1958։ Կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ մանչ զաւակ Սքոթ եւ երկու դուստրեր՝ Սուզան եւ Սթեֆանի։ Տղան՝ Սքոթ, թմրեցուցիչ գործածելու պատճառով 1978-ին կը մահանայ։ Զաւկին մահէն ետք, Փօլ Նիուման կը լծուի բարեգործական աշխուժ գործունէութեան․ ի յիշատակ տղուն, կը հիմնէ «Սքոթ Նիուման Կեդրոն»ը Scott Newman Center՝ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը կանխելու համար։ 1958-ին կ՛ամուսնանայ Ճոան Ուտուորտին Joanne Woodward հետ։ Միասին կ՛ապրին 50 տարի` մինչեւ Փօլին մահը․ 2008։ Այս ամուսնութենէն Փօլ Նիուման կը բախտաւորուի երեք աղջիկ զաւակներով՝ Էլինոր, Մելիսա եւ Քլեր։ Կը նուիրուի իր ընտանիքին՝ կնոջ եւ զաւակներուն։ === Ինքնաշարժի մրցումներ === Փօլ Նիուման առաջին անգամ կը հետաքրքրուի ինքնաշարժներու մրցումներով 1969-ին, երբ «Յաղթող» Winning ժապաւէնի մէջ իր դերակատարութեան կարիքերուն համար կը մարզուի Watkins Glen International վազքուղիին վրայ։ Այնուհետեւ կը զբաղի լրջօրէն՝ մինչեւ 2006-ին։ Այս տարիներուն ընթացքին կատարուած ախոյեանութեան մրցարշաւներուն, կը յաջողի գրաւել առաջնահերթ դիրքեր, որոնցմէ չորս՝ առաջին 1976, 1979, 1985, 1986, երեք՝ երկրորդ, երեք՝ երրորդ, եւայլն։ 1972-ին առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի ԹոմսօնThompson (Քենեքթիքըթ նահանգ) քաղաքի ինքնաշարժներու մրցումներուն։ 1979-ին կը մասնակցի Լէ Մանի (Ֆրանսա) 24 ժամուան ինքնաշարժներու մրցումի ախոյեանութեան եւ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ։ 1970 տասնամեակին կէսերէն մինչեւ 1990, Նիուման Bob Sharp խումբին վարորդ է։ Իր անունը կը կապուի խումբին անունին հետ մանաւանդ 1980-ական թուականներուն։ 70 տարեկան հասակին, կը դառնայ ախոյեան խումբին ամենատարեց վարորդը․ յատկապէս Տայթոնայի 24 ժամուան ինքնաշարժներու մրցումին (1995)։ Փօլ Նիուման Newman/Haas/Lanigan Racing ընկերութեան երկու հիմնադիրներէն մէկն է (1983) եւ մասնակից՝ Newman Wachs Racing խումբին։ === Բարերարութիւն === Տղուն մահէն ետք, կը հիմնէ«Սքոթ Նիուման Կեդրոն»ը Scott Newman Center՝ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը կանխելու համար։ 1982-ին Ահարոն Հոչներին հետ Aaron Hotchner կը հիմնեն «Նիուման Սեփականութիւն» Newman's Own ուտեստեղէնի ընկերութիւն մը, որուն մաքուր շահը կը տրամադրուի «Նիուման Բարեսիրական Անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկ»ին Newman's Own Foundation։ 1988-ին Քենեքթիքըթի Աշֆորտ շրջանին մէջ կը հիմնէ «Hole in the Wall Gang Camp» բարեգործական ամառնային բանակավայրը վատառողջ փոքրիկներուն համար։ 1999-ին լուրջ գումար մը կը նուիրէ «Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Օգնութեան Միջազգային Ընկերակցութեան» Catholic Relief Services (CRS) Քաքսովոյի գաղթականներուն համար։ 2007, 1 Յունիսին, Օհայօ նահանգին Քենիոն Քոլէճը Kenyon College կը յայտարարէ, թէ Փօլ Նիուման ու կողակիցը՝ Ճոան Ուտուորտ, 10 միլիոն տոլար կը նուիրեն, որպէսզի հաստատուի կրթաթոշակի հիմնադրամ մը։ «Բարերարութիւնը Քաջալերող Ընկերակցութեան Խնամակալութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիրներէն կ՛ըլլայ։ «Կիվինքպէք» կազմակերպութիւնը Givingback.org զայն կ՛անուանէ «Ամենավեհանձն Համբաւոր Անձնաւորութիւն»ը՝ 2008 տարուան համար։ Այդ տարին, Նիուման 20․857․000 տոլարով կ՛օժանդակէ «Նիուման Բարեսիրական Անշահարկելի Սեփականութիւն Հիմնարկ» կազմակերպութիւնը Newman's Own Foundation․ Բնապահպանման շուրջ տուած պայքարներուն շնորհիւ, Ուեսթփորթ եւ Քենեքթիքըթ շրջաններուն մէջ հողատարածքներ կ՛ապահովէ։ 2011-ին, «Նիումանս Կալուածք» ընկերութիւնը Paul Newman's estate, Ուեսթփորթ քաղաքին հողատարածքներ կը նուիրէ, որպէսզի պահպանուին եւ կառավարուին «Ասփեքթուք Լանդ Թրասթ»ին Aspetuck Land Trust (հողատարածքի պահեստի անշահարկելի կազմակերպութիւն) կողմէն։ === Հիւանդութիւն եւ մահ === 2008, 23 Մայիսին կը քաշուի շարժարուեստի ասպարէզէն, առողջութեան պատճառներով։ 26 Սեպտեմբեր 2008-ին կը մահանայ՝ թոքի քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, շրջապատուած ընտանիքին անդամներէն եւ ընկերներէն։ Մարմինը կը դիակիզուի եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ուեսթփոյնթ։ == Մրցանակներ եւ թեկնածութիւններ == === Օսքար === Փօլ Նիուման այդ սակաւաթիւ դերասաններէն մէկն է որ հինգ տարբեր տասնեակներուն ընթացքին առաջարկուած է Օսքար մրցանակին համար։ Մնացեալ դերասաններն են՝ Լորենս Օլիվիէ Laurence Olivier, Մայքլ Քէյն Michael Caine եւ Ճաք Նիքոլսոն Jack Nicholson։ 1986-ին կը պարգեւատրուի իր՝ «պաստառի վրայ բազմաթիւ, յիշատակելի եւ անյաղթահարելի կատարումներուն համար»։ === Ոսկեայ Գունդի Մրցանակ Golden Globe Awards === === Էմի Մրցանակ Emmy Awards === Էմի Մրցանակին Primetime Emmy Awards համար (կը շնորհուի «Հեռատեսիլի Արուեստի եւ Գիտութեանց Կաճառ»ին կողմէ), Փօլ Նիուման առաջարկուած է չորս անգամ եւ յաղթած է 2005, արժանանալով Լաւագոյն Բ․ Դեր Best Supporting Actor «Կայսրութեան Անկումը» շարաժապաւէնին մէջ իր խաղարկութեան համար։ === Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդ National Board of Review (NBR) === Փօլ Նիուման 1986-ին Ամերիկայի Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդին կողմէն կը ստանայ Տարուան Լաւագոյն Դերասանի Մրցանակը «Դրամին Գոյնը» The Color of Money ժապաւէնին համար։ === Ուրիշ պարգեւատրումներ === Նիումանի Օր Newman Day, հիմնուած 1976-ին Պէյթս Քոլէճի Bates College ուսանողներէն, 1992-ին, «Քենետի Կեդրոնի Պարգեւներ» Kennedy Center Honors մրցանակը կը ստանայ կնոջը՝ Ճոան Ուտուարտին Joanne Woodward հետ, Ճին Հերշոլթ Բարեսիրական Մրցանակ Jean Hersholt Humanitarian Award, (1994), 1994-ին, կնոջ հետ՝ Ճոան Ուտուարտ Joanne Woodward կը ստանայ «Մեծագոյն Հանրային Ծառայութիւն Անբարենպաստներուն Օգտակար հանդիսանալ» Greatest Public Service Benefiting the Disadvantaged պարգեւը, տրուած՝ «Ճեֆերսոն Մրցանակներ Հիմնարկ»ին կողմէ Jefferson Awards Foundation, Ամենալաւ Դերասան՝ «Քան Շարժապատկերի Փառատօն» Festival de Cannes (Երկար, Տաք Ամարը The Long, Hot Summer ժապաւէն), Արծաթեայ Արջ Մրցանակ՝ «Պերլինի Միջազգային Շարժապատկերի Փառատօն», «Ոչ ոք Յիմար է» Nobody's Fool ժապաւէնին համար, Տարուան Տղամարդը՝ 1968, Հարվարտ Համալսարանի թաերախումբին կողմէ, Մարզական Ինքնաշարժներու Ամերիկայի Ակումբ Sports Car Club of America (SCCA) (SCCA Hall of Fame, (2009), 2008-ի «Sport Movies & TV – Milano International FICTS Fest » հրատարակութիւնը կը ձօնուի Փօլ Նիումանին։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ամերիկայի Շարժանկարի քննարկման Ազգային Խորհուրդ(անգլերէն) Օքինաուայի Կռիւ(անգլերէն) Անիւին վրայ․ ABC հեռատեսի վաւերագրական ինքնաշարժարշաւին․ հիւրընկալող՝ Փօլ Նիուման (անգլերէն) Փօլ Նիումանի Օր(անգլերէն) Մարզական Ինքնաշարժներու Ամերիկայի Ակումբ(անգլերէն) Փօլ Նիումանի ժապաւէնագրութիւն(անգլերէն) Ճեֆերսոն Մրցանակներ(անգլերէն) Քանի Շարժապատկերի Փառատօն(անգլերէն) theguardian – Փօլ Նիումանի նկարներ(անգլերէն) Երիտասարդ Ֆիլատելֆիացիները, ժապաւէն, 1959(անգլերէն) Շտապողը, ժապաւէն, 1961(անգլերէն) Վճիռը, ժապաւէն 1982(անգլերէն) Խայթը, ժապաւէն 1973(անգլերէն) Ճոան Ուտուարտ(անգլերէն) Սքոթ Նիուման, դերասան(անգլերէն) Ելինոր Նիլ Նիուման(անգլերէն) «Նիումանս Կալուածք Ընկերութիւն»ը(անգլերէն)
1,262
Ray-Ban
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ընկերություն «Ռէյ-Պըն» (անգլերէն՝ Ray-Ban), արեւային ակնոցներու եւ օպտիկան շտկելու շրջանակներու բռէնտ, որ կը պատկանի իտալական Luxottica Group S.p.A. (Լիւքստտոնիկա) ընկերութեան։ == Պատմութիւն == Առաջին տեսակը թողարկուած է 1937 թուականին։ Այն կը կոչուէր «Ավիատոր» եւ թողարկուսծ էր ԱՄՆ-ի ռազմա-օդային ուժերու օդաչուներու համար։ 1930-ական и 1940-ական թուականներուն Ray-Ban-ը կը համագործակէր ԱՄՆ-ի պաշտոնական կոմպլեկսի հետ եւ կը մատակարարէր իր արտադրանքը զինւորականներուն համար։ ԱՄՆ-ի Խաղաղ օվկիանոսի նաւատորմի հրամանատար Տուգլաս Մակերտուրը կը սիրէր կեցուածքը ընդունել ֆոտոխցիկի առաջ կանաչ լինզաներով եւ դեղին մետալիկ շրջանակներով «Ավիատոր»ով։ Պատերազմէն հետո` վէրջին տասը տարիներուն, էկոնոմիկական վերելքի, աւելի ուրախ, ազատ ապրելու ձգտուման պատճառով Ray-Ban-ը թողարկեց իր հայտնի «Ուեյֆերա» մոդելը։ == Ակնոցներու տեսակները == == Ծանոթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == Ray-Ban-ի պաշտոնական կայք
23,732
Երեսուն Ամեայ Ցեղասպանութիւնը
Երեսուն Ամեայ Ցեղասպանութիւնը կամ Երեսուն Տարուայ Ցեղասպանութիւնը, ամբողջական անուանումը՝ «Երեսուն Տարուայ Ցեղասպանութիւնը․ թուրքիոյ բնաջնջումը իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց 1894 –1924»։ 2019 Թուականին լոյս տեսած պատմագրական գիրք մըն է, «Պէննի Մորիս»-ի եւ «Տրոր Զէէւի»ի գրիջներով։ Այս գիրքին մէջ վերջիններս կը պնդեն թէ, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նոյն ժամանակներուն տեղի ունեցած, Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներուն կրած միւս հալածանքները օսմանցիներուն կողմէն իրենց քրիստոնեայ հպատակներուն դէմ իրականացուցած բնաջնջումի արշաւ մըն էր ու ցեղասպանութիւն (Անգլերէն՝ Genocide)։ == Հրատարակութեան Պատմութիւնը == Այս գիրքը գրուած է Իսրաէլացի պատմաբաններ Պէնի Մորիս (Եբրայերէն՝ בני מוריס) եւ Տրոր Զէէւի (Եբրայերէն՝ דרור זאבי) կողմէն, եւ հրատարակուած է Հարւըրտի Համալսարանի Հրատարակչութեան կողմէն 2019 թուականին։ Յունարէն տարբերակը ընթացքի մէջ է։ «Մորրիս»-ը Պաղեստինաիսրաէլական հակամարտութեան մասնագէտ է, իսկ «Զէէւին» կը ճանչցուի վաղ օսմանեան պատմութեան իր աշխատութիւններով։ == Բովանդակութիւն == Գիրքին կեդրոնական առարկութիւնը կ՛ըսէ թէ «Համիտեան Ջարդերը» «Հայոց Ցեղասպանութիւն»-ը, «Ասորիներու Ցեղասպանութիւն»-ը, եւ «Յունաց Ցեղասպանութիւն»-ը պէտք է տեսնել որպէս մէկ դէպք, որ թիրախաւորեց օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւնները։ Հեղինակները կը նշեն թէ գիտնականները չեն ալ վիճիր, որ 1894-ին այն հողերուն մէջ որոնք թուրքիա կոչուածը դարձան, կ՛ապրէր հինգ միլիոն քրիստոնեայ (բնակչութեան 20 տոկոսը), մինչդեռ 1924 թվականին մնացած էր միայն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, եւ նուազագոյնը երկու միլիոնը սպաննուեցան թուրքերուն եւ քուրտերուն կողմէն։ Հեղինակները կը մատնանշեն ուսումնասիրուող ժամանակաշրջանին ընթացքին ձեւուած եղանակ մը որ կը կրկնուէր, չնչին փոփոխութիւններով․ հարձակումին առաջին թիրախը դարձան զինուորական տարիքի տղամարդիքը եւ անոնք որոնք ազդեցիկ ու հեղինակաւոր էին, ապա կիներուն ու փոքրիկներուն կը թիրախաւորուէին։ Հետեւելով նախորդ ուսումնասիրութիւններուն, հեղինակները կրօնական հիմքապաշտութիւնն ու ծայրայեղութիւնը կը դասէ որպէս այս ցեղասպանութեան հիմնական պատճառը, որ նպատակ ունէր հիմնադրել «մաքուր Իսլամական» պետութիւն մը։ Զոհերէն կը պահանջուէր կրօնափոխ ըլլալ եւ Իսլամանալ, ինչը կարգ մը դէպքերուն կը փրկէր թիրախուած կիներն ու փոքրիկները։ Գիրքը 640 էջերէ աւելի կը բաղկանայ։ == Ընդունելութիւն == Աթէնքի համալսարանի «թրքագիտութեան եւ ժամանակակից Ասիական հետազօտութիւններու» բաժանմունքի պատմութեան օգնական-ուսուցչապետ (Ռուսերէն՝ Доцент) «Հէրւէ Ժորժըլան»-ը (Ֆրանսերէն՝ Hervé Georgelin) այս գիրքը կը նկարագրէ որպէս «ջանադիր եւ ծաւալուն աշխատութիւն մըն է նախկին օսմանեան կայսրութեան կեդրոնին մէջ գտնուող քրիստոնէական կեանքին շիջուցումին» եւ «խելացի ու ներհուն համադրութիւն մը»: Ըստ Ժորժըլանի այն փաստը որ գիրքին հեղինակներէն ոչ մէկը կը պատկանի զոհ դարձած համայնքներուն կը նշանակէ թէ անոնք կրնան տեսնել ամբողջական պատկերը (երկնքի թռչունի պէս, վէրէն քննող դիտակէտով), ի հեճուկս կրկնելու ընկերական ազգային եւ կրօնական սահմանագիծերը, ինչը գիւտական շատ օգուտ չի բերեր։Արդի Եւրոպայի պատմաբան «Էյլին Քէյն»-ը (Eileenn Kane) կ՛ըսէ թէ «այս գիրքին մեծագոյն խնդիրը անիկա է թէ մեզի չըսեր, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչու՞, մարդիք ճիշդ այս պատմական պարագաներուն դրդուած էին հարձակելու եւ սպաննելու անոնք որոնց շատ մը դէպքերու իրենց դրացիներն էին»։Ըստ Ամէրիկացի պատմաբանուհի «Լօրա Րօպսըն»-ի (Անգլերէն՝ Laura Robson), այս գիրքը «նախատեսուած է ծառայելու ոչ միայն որպէս պատութիւն, այլ որպէս զգուշացում եւ ահազանգ»։ Թուրք պատմաբան «Մուսթաֆա Աքսաքալ»-ը (Անգլերէն՝ Mustafa Aksakal) կ՛ըսէ թէ գիրքը օսմանեան կայսրութեան մէջ զանգուածային բռնութիւններուն մասին պատմող այլ աշխատութիւններէն աւելքի քիչ համոզիչ է, եւ կը մեղադրէ ըսելով․ «Կարգ մը աղբիւրներուն հետ վարմունքը կասկածներ կը յառաջացնէ, թէ ինչ աստիճանի եւ ինչքան հոգածութեամբ ըրուած է հետազօտութիւնը»։Ասորիներու Ցեղասպանութեան Անգլիացի պատմաբան Տէյւիտ Կանթը կ՛ըսէ թէ․ «գիրքը կրնայ վկայագրումի աշխատանք, անոնց համար որոնք կ՛ուզեն ընդարձակօրէն ծանօթանալ ուշ-օսմանեան կայսրութեան հակաքրիստոնէական արշաւանքներուն ամբողջական պատկերին»։ Տ․ Կանթը կը գովաբանէ «առատ մեղադրական վկայութիւնները որոնք Զէէւին ու Մորիսը յաջողած էին ժողվել»։ Ներառեալ կայսրութեան քրիսոնեայ հպատակներուն ցեղասպանութեան ու բնաջնջումին շարունակելուն մէջ, «Մուսթաֆա Քէմալ»-ին անձնական պատասխանատուութեան անոնց ցուցադրումը։ Սակայն գիրքին հեղինակներուն կ՛այպանէ կարգ մը տեղերուն անոնց մեկնութեան համար։ == Տե՛ս Նաեւ == Տրոր Զէէւի Համիտեան Ջարդեր Հայոց Ցեղասպանութիւն Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) Ջարդերը (1895) Օսմանեան Կայսրութիւն == Ծանօթագրութիւններ ==
23,149
Ռուտաքի, Տաճիկստան
Ռուտաքի կամ Րուտաքի (ռուս.՝ Рудаки; Տաճկ․՝ Рӯдакӣ/رودکی}) արեւմտեան Տաճիկստանի Ճամօաներէն (գաւառակ) մին։ Այժմու Սուղտ շրջանին մէջ ընդգրկուած՝ Փանճակենտ նահանգամասին մաս կը կազմէ։ Ռուտաք Գաւառակին բնակչութիւնը կը կազմէ 15,039 (2015)։ Կը բաղկանայ 13 գիւղերէ։Ժամանակին Պարսկաստանին մաս կազմող Ռուտաքի գիւղը մեծ բանաստեղծ «Ռուտաքի»-ին ծննդավայրն է։ == Ծանօթագրութիւններ ==
19,704
Ղարաբաղի ձի
Արցախեան ձի (Ղարաբաղեան ձի) լեռն, հեծկան ձիերու ցեղ։ Ստեղծուած է հնագոյն ժամանակներուն ժողովրդական ընտրասերման (պարսկական, թուրքմէն, հնագոյն, իսկ յետագային արաբ, ձիերու ցեղերի ներազդման) միջոցով՝ Կուր եւ Արաքս գետերու միջեւ ինկած տարածքին մէջ։ Հայոց այրուձիի կազմին մէջ յայտնի էր որպէս լաւագոյն հեծկան։ Արտահանուած է տարբեր երկիրներ (Իրան, Ֆրանսա, Լեհաստան եւ այլն)։ Նշանաւոր է իր գեղեցիկ կառուցուածքով, արտաքին տեսքով կը նմանի արաբ, ձիերուն (չոր մարմնակազմուածք եւ հեզ վարքագիծ)։ Գլուխը թեթեւ է, իրանը՝ ուղիղ։ Մնդաւի բարձրութիւնը 145-150սմ է, իրանի թեք երկարութիւնը՝ 145-150 սմ, կուրծքի փաթը՝ 160-165 սմ, դաստակի փաթը՝ 16-18 սմ՝. Երանգն աշխէտ է, մոխրագոյն, դեղին՝ ոսկիէ կամ արծաթէ փայլով։ Օգտագործուած է Դոնի, անդրկովկասեան հանրապետութիւններու, Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու տարբեր ձիերու ցեղերու բուծման եւ բարելաւման նպատակով։ Սահմանափակ քանակով կը բուծուի ԼՂՀ տարբեր շրջաններուն մէջ։
2,235
Աքքայի Պաշարում (1799)
Աքքայի պաշարում (ֆրանսերէն՝ Siège de Saint-Jean-d'Acre, թրք.՝ Akka Kuşatması) Նապոլեոն Պոնապարտի ղեկավարած Եգիպտական արշաւանքի եզրափակիչ դրուագը։ == Նախապատմութիւն == Նապոլեոնը եզրակացուց, որ ֆրանսական զօրքերու յայտնուիլը Սուրիոյ մէջ առաջ կը բերէ ժողովրդական ապստամբութիւն ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան։ Աքքա նաւահանգիստը կարեւոր ստրատեգիական դիրք կը գրաւէր Եգիպտոսէն Սուրիա ինկած ճանապարհին։ Նապոլեոնը Ալ-Արիշը եւ Յաֆֆան գրաւելէ ետք կ՛որոշէ գրաւել Աքքան։ Աքքան նաեւ կը հանդիսանար կիսանկախ հիւսիս արեւմտեան Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մեծ մասի մայրաքաղաքը, որուն ղեկավարը իր դաժանութեամբ յայտնի Ջազզեր-փաշան։ Քաղաքի պաշտպանութեան անմիջական հրամանատարը փաշայի հրէա խորհրդական՝ Հաիմ Ֆահրին էր։ Նախկինին, երբ ֆրանսացիները գրաւեցին եւ թալանեցին Յաֆֆան, քաղաքի բնակիչներէն եւ կայազօրայիններէն փրկուեցաւ մօտ չորս հազար ալպանացի, հնարաւորութիւն չունենալով ռազմագերիներուն ուղարկել, ոչ ֆրանսա, ոչ Եգիպտոս Նապոլեոնը երեք օր մտածելէ ետք հրամայեց գնդակահարել գերիներուն։ Այս փաստը յայտնի էր քաղաքի բնակիչներուն եւ կայազօրայիններուն, հետեւաբար քաղաքը յանձնելու մասին ոչ-ոք չէր մտածեր։ Ֆրանսական բանակը իր հետ Սուրիա բերաւ նաեւ ծովային ժանտախտ հիւանդութիւնը, որ զարգացաւ Յաֆֆայի պաշարման ժամանակ եւ ամէն օր կը խլէր տասնեակ ֆրանսացիներու կեանքեր։ == Պաշարման ընթացքը == === Ուժերու դասաւորուածութիւնը === 19 մարտին առաւօտեան ժամը 8-ին ֆրանսացիները մօտեցան Աքքա քաղաքը։ Պաշարման ղեկավար նշանակուեցաւ գեներալ Մաքսիմիլիան Կաֆֆարելլին՝ Եգիպտոսի մէջ ֆրանսական բանակի երկրաչափական զօրքերու հրամանատարը։ Բանակը ճամբարեց Տուրոն բլրի լանջերուն, բլուրը երկու կողմէն շրջապատուած էր ծովով, իսկ բլուրին առջեւ կը գտնուէր քաղաքը։ Քաղաքը բացի անառիկ պարիսպներէն պաշտպանուած էր խրամներով։ Առաջինը Նապոլեոնին իր ծառայութիւնները առաջարկեց Դահերի ցեղապետ (շէյխ), որուն համար Նապոլեոնը անորն նշանակեց Սաֆադ մարզի նահանգապետ։ Շէյխը հաշտեցուց պետուիններուն եւ ֆրանսացիներուն, կը հասցնէր տեղեկութիւններ Տամասկոսէն եւ ֆրանսացիներուն կը մատակարարէր սննդամթերքով։ Քանի մը օր ետք Նապոլեոնին ներկայացան 900 ալավիներ՝ տղամարդիկ, կանայք, ծերեր, որոնցմէ միայն 260-ն զէնք կը կրէին, իսկ 130-ը ձիեր ունէին։ Նախկինը Ջազզար-փաշան կոտորած էր 9000 ալավու։ Իսկ Սուրբ Երկրի միաբանութեան հոգեւորականները Նապոլեոնի մօտ բերին Նազարեթի քրիստոնեաներիուն։ Աքքայի պաշտպաններուն կ'աջակցէր անգլիական նաւատորմը ծովակալ Սիդնեյ Սմիթի հրամանատարութեամբ, Սմիթը ուժեղացուց քաղաքի պաշտպանութիւնը, քաղաք ուղարկելով լրացուցիչ զինագործներու եւ թնդանոթներ, ինչպէս նաեւ քաղաք ուղարկեց անգլիացի ծովային հետեւակայիններու ջոկատ։ Գեներալմ Կաֆֆարելին առաջարկեց գրոհել քաղաքի արեւելեան ամրութիւնները, քանի որ՝ 1) առկայ է աւելի մատչելի մուտք քաղաքի պարիսպին, 2) անոր վերը կը սասանուի ֆրանսացիներու հսկողութեան տակ գտնուող Մզկիթի բլուրը, 3) մնացած ամրութիւնները կը գտնուէին փաշայի հրետանու ազդեցութեան տակ։ Աքքայի պաշարումը շարունակուած է 62 օր եւ կը բաժնուի երկու փուլի՝ առաջինը 19 մարտն մինչեւ 25 ապրիլ (36 օր), երկրորդը՝ 25 ապրիլէն մինչեւ 21 մայիս (26 օր)։ === Պաշարման առաջին փուլը === 21 մարտին ճարտարագիտական զօրքերը պատի երկայնքով պարիսպէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ խրամատներ փորեցին, որոնք պաշտպանուած էին ջրափոսերով։ Հրետանին կազմաւորեց ութ մարտկոց՝ երկուքը ընդդէմ փարոսով կղզեակի, երեքը՝ արեւելեան պարիսպի, վեցերորդը՝ անկիւնային աշտարակի, իսկ եօթներորդը եւ ութներորդը պէտք էր որ քանդէին արեւելեան պատերը։ 22 մարտին երկու անգլիական զրահանաւեր Վագրը եւ Թեսեոսը վեց փոքր նաւերու հետ միասին մօտեցան քաղաքին։ 23 մարտին ֆրանսացիները կրակ բացին Աքքայի քաղաքային ամրութիւններու ուղութեամբ, 48 ժամ անդադար գնդակոծելէ ետք ֆրանսական թնդանոթները լռեցին։ 24 մա՛տին սկսան գործել արեւելեան ամրութիւնը քանդելու համար նախատեսուած մարտկոցները, առաջին 48 ժամը մարտկոցները լուրջ վնաս չհասցուցին դարերու պատմութիւն ունեցող պատերուն, սակայն կէսօրն անց ժամը 4-ն յաջողեցաւ քանդել արեւելեան աշտարակի կողմի ամրութիւնները։ Ջեզարը վստահ էր, որ ամրութեան վնասուածքը ծայրահեղ ծանր է։ Ան հաւաքեց իր գանձարանը, կանանց եւ պատրաստուեցաւ փախուստի։ 26 մարտին Սմիթը Հայֆան գրաւելու համար ուղարկեց 400 նաւաստու, սակայն կայազօրի հրամանատար Լամբեռը անոնց դիմաւորեց հրետանային գնդակոծութեամբ եւ ափանելուն պէս շրջապատեց եւ գերի բռնեց անգլիացիներուն ֆրանսացիները յաղթանակի արդիւնքը այն էր, որ ստացան մէկ նաւ եւ ծանր թնդանոթ։ Երեկոեան Ջազարը նախաձեռնեց անյաջող արտագրոհ։ 28 մայիսին ֆրանսացիները գրոհի արդիւնքին մէջ պատռեցին աշտարակներէն մէկուն վրայ գտնուող օսմանեան դրօշը։ Բնակիչները եւ կայազօրայինները լքեցին քաղաքը նստեցան նաւերը եւ այդ ժաամնակ հինգ մամլուք նկատեցին, որ աշտարակը կը հսկեն ընդամէնը երկու ֆրանսացի։ Կայազօրայինները վերադարձան եւ սպաննեցին ֆրանսացիներու։ Այդ օրը զոհուեցաւ 27 եւ վիրաւորուեցաւ 87 ֆրանսացի։ 1 ապրիլին Հայֆա նաւահանգիստ ժամանեց մէկ թրքական երկյարկ մարտանաւ (նաւ)։ Հայֆան կը գտնուէր ֆրանսացիներու հսկողութեան տակ, սակայն քուրքերը տեսնելով Լամբեռի կախած թրքական դրօշը կարծեցին, որ թուրք-անգլիական զօրքերը գրաւած են քաղաքը եւ ափանեցին։ Լամբեռը ձեռբակալեց անձնակազմը եւ ֆրեգատէն հանեց 24 ֆունտանոց թնդանոթ։ 7 ապրիլին պաշարուածները ձեռնարկեցին նոր արտագրոհ լուսաբացին երեք շարասիւն 1500-ական զինուորներով յարձակման անցան։ Սակայն ֆրանսացիները յայտնաբերեցին անոնց եւ սպանեցին։ Այս արտագրոհը պաշարուածներէն խլեց 800 մարդու կեանք։ === Թաբոր լերան ճակատամարտ === Ըստ Նապոլեոնի յուշերուն, դեռ մինչեւ եգիպտական արշաւանքի սկսիլը՝ Բարձր դուռը (մեծ վեզիրի գրասենեակի եւ դիւանատան պաշտօնական անուանումը) ֆրանսացիներու դէմ պատրաստած էր երկու բանակ՝ առաջինը կազմաւորուած էր Հռոդոսի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Տամասկոսի մէջ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներառէր 50.000 մարտիկ։ Բանակները յունիս 1799-ին պէտք է միաժամանակ շարժուէին դէպի Եգիպտոս։ Ֆրանսական զօրքերու Սուրիա ներխուժելէն ետք թուրքերու մտադրութիւնները փոխուեցան՝ տամասկոսեան բանակը պէտք է անցնէր Հորդանան գետը հռոդոսեան բանակի Աքքա հասնելուն պէս։ Սակայն Ահմեդ-փաշան վախնալով թէ կ՛րնայ կորսնցնել Աքքան, Տամասկոսի փաշային հրամայեց, որ առանց հռոդոսեան բանակի տեղ հասնելուն սպասելու կտրել ֆրանսացիներու սնուցումը Եգիպտոսէն։ 12 ապրիլին Կլեբեռը վախնալով կտրուել Աքքայէն կը նահանջէ Նազարեթ։ Ան թոյլ տուաւ Աբդուլլահին միաւորել իր բանակի մնացորդները եւ ճամբարել Իզրեելի դաշտին մէջ, իսկ նաբլուսսեան դիվիզիայի հետ միաւորուելէ ետք անոր բանակի քանակը կը հասնէր 24 հազարի։ Սակայն այս դիրքը կը զրկէր իր բանակին Տամասկոսի հետ անմիջական կապէն։ Կլեբեռը իր հատուածով մտադրած էր անցնիլ Հորդանանի եւ թշնամիի արանքով, այսպիսով մեծաւորը կը կտրէր հակառակորդին Տամասկոսէն, իսկ կէսօրն անց ժամը 2-ին կը մտադրէր գրոհել թուրքերու ճամբարը։ Նապոլեոնը Կլեբեռէն ստացած նամակին ընդմէջէն կը տեսնէ անոր մտադրութեան թերութիւնները (հակառակորդը այդ ժամանակ արդէն կ՛օգտագործէր այլ մարտական դիրք, տեղանքը բաւականաչափ հետազօտուած չէր, իսկ թշնամիին անակնկալի բերելու յոյսերը հիմնաւորուսած չէին)։ Կլեբեռի հատուածի սպառնացող վտանգը կ՛րնար ճակատագրական դառնալ ամբողջ ֆրանսական բանակի համար։ Այդիսկ պատճառով Նապոլեոնը որոշեց 15 ապրիլի կէսօրին օգնութեան հասնիլ Կլեբեռին, ան իր հետ վերցուց ամբողջ հեծելազօրը, Լուի Բոնի հրետանային հատուածը եւ պահեստազօրի մարտկոցը։ 16 ապրիլի առաւօտեան ժամը 7-ին Կլեբեռը մօտեցաւ հակառակորդի ճամբարին։ Անակնկալ գրոհ չյաջողեցաւ՝ թուրքերու առաջնագիծը ոչնչացուեցաւ, սակայն ճամբարին տագնապ յայտարարուեցաւ, իսկ Կլեբեռի ջոկատը շրջապատեց Թաբոր լերան լանջերուն։ Թշնամիի հեծելազօրին դիմակայելու նպատակով ֆրանսացիները վերադասաւորուեցան քառակուսիներու (քառակուսաձեւ երկշարք դասաւորուածութիւն, որուն ընթացքին առաջին շարքի զինուորները ծնկած վիճակի մէջ կը պարզեն հրացանները, իսկ երկրորդ շարքի զինուորները կանգնած վիճակի մէջ կը կրակեն թշնամիին, հատկապէս արդիւնավետ է հեծելազօրի դէմ)։ Դաժան մարտը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ օրուայ ընթացքին, կէսօրն անց ժամը 4-ին ֆրանսացիներու մօտ նկատուեցաւ զինամթերքի խիստ պակաս, իսկ Կլեբեռը հրամայեց վերադասաւորել շարասեան եւ դուրս գալ օղակէն։ Այդ ժամանակ հիւսիսը նկատուեցաւ Նապոլեոնը որ մէկ օրուայ ընթացքին անցաւ 25 մղոն ճանապարհ՝ Աքքայէն հասնելով Թաբոր լեռ։ Իզրեելի դաշտը պատուած էր 6 ֆուտի հասնող բարձր տարեկանով, այսպիսով Նապոլեոն յաջողեցաւ աննկատ մօտենալ եւ շրջապատել թշնամիին։ 300 հոգինոց ջոկատը անակնկալ յարձակումի ենթարկուեցաւ թուրքերու ջոկատի վրայ, թալանեց ճամբարը, գերեվարեց թուրքերուն եւ այրեց վրանները։ Ֆրանսական ջոկատներու զուգահեռ գրոհէն եւ միաւորուելէ ետք թրքական բանակը փախուստի մատնեց։ === Պաշարման երկրորդ փուլը === 25 ապրիլին մեծ աշտարակին տակ ֆրանսացիները հանք պայթեցուցին եւ աշտարակի կէսը փլուզուեցաւ, իր հետ տանելով երեք հարիւր մարդու եւ 4 թնդանոթ։ Արդէն քաղաքի մուտքը բաց էր եւ ֆրանսացիները կարողութիւնը ունէին նետուիլ գրոհի, սակայն ֆրանսացիներուն խանգարեց երկրորդ պարիսպը։ Ֆրանսացիները երկրորդ պարիսպը քանդելու նպատակով տեղ բերին մէկ հրետանային մարտկոց, մէկ այլ մարտկոց սկսաւ այդ հատուածին մէջ երկրորդ աշտարակի գնդակոծումը։ Քաղաքի պաշտպանները յաճախ պատասխան գրոհներ կը ձեռնարկէին, սակայն անոնք ծանր կորուստներ կռելով դուրս կը շպրտէին։ Արտագրոհներու արդիւնքը այն էր, որ թուրքերը կորսնցուցին շուրջ 9000 զինուոր։ Հռոդոսեան բանակը կ՛ուշանար։ Ապրիլի վերջը, Ջազառը կը նախաձեռնէր լքել քաղաքը։ Ֆրանսացիները յաջողեցան գրաւել քաղաքի մէկ հատուածը։ 7 մայիսին հեռուն արդէն կ՛երեւէին հռոդոսցիները։ Յաջորդ օրը՛ անոնք արդէն քաղաքին մէջն էին։ Ֆրանսացիները լուրջ վնասներ կը հասցնէին հռոդոսեան բանակին։ === Պաշարման դադարեցումը === 13 մայիսին Նապոլեոնը տագնապալի լուրեր ստացաւ Փարիզէն։ Պարզ դարձաւ, որ Նապոլեոնը պէտք է դադարեցնէր պաշարումը եւ վերադառնար Ֆրանսա։ Վեց օր շարունակ Նապոլեոնը գկը ռմբակոծէր քաղաքը՝ հողին հաւասարեցան գլխաւոր մզկիթը եւ փաշայի պալատը։ 20 մայիսին ֆրանսացիները դադրեցուցին պաշարումը եւ ուղեւորուեցան Եգիպտոս։ Պաշարուածները հասկացան, որ ֆրանսացիները միայն 21 մայիսին նահանջած են։ == Հետեւանքներ == Ենդհանուր առմամաբ, ֆրանսացիները կորսնցուցին 500 մարդ՝ ներառեալ երեք մեծաւորներու։ Թուրքերու կորուստները կը գերազանցէին 10 հազարը։ Չնայած անոր, որ Նապոլեոնը չկ՛րցաւ գրաւել Աքքան, ան յաջողեցաւ ջախջախել դժուարութեամբ հաւաքագրուած թրքական բանակը, այսպիսով, անուղակիօրէն պաշտպանելով Եգիպտոսը վերջիններէն։ Եգիպտոսի դէմ թուրքերը ուղարկեցին 18 հազարանոց բանակ, սակայն Աբուքիի ճակատամարտի ընթացքին թուրքերը գլխովին ջախջախուեցան։ == Ծանօթագրութիւններ == == Գրականությին == Histoire philosophique de la révolution de France [1] Histoire de l'expédition d'Égypte et de Syrie - de Jean Joseph Ader, Charles Théodore Beauvais de Préau - 1826 [2] Guerre d'Orient: Campagnes de Égypte et de Syrie, 1798-1799 - de comte Henri-Gratien Bertrand, Napoleon - 1847 [3]
15,313
Airbus A380 (արեւմտահայերէն)
ՎԵՐԱՀՂՈՒՄ Airbus A380
7,042
Տպագրութիւն
Տպագրութիւն, տպագրութիւնը առաջին եղանակներէն մէկը Չինաստանի մէջ երեւցաւ 1000 թուականին: Եւրոպայի մէջ մէջտեղ եկաւ 1450 թուականին, երբ Կիւթենպերկ հնարեց շարժական տառերը: Նախապէս, գիրքերը ձեռքով կ'ընդօրինակէին: == Թուղթ == Թուղթը կը պատրաստուի սելիւլոզային (խորշանիւթ) բնաթելէ, որ կը ստացուի ծառերէն: Նախ՝ կը հանեն ծառին կեղեւը, ապա՝ անոր կոճղը կտրտելով պզտիկ մասերու կը վերածեն՝ գործածելով մեքենական կամ տարրալուածական միջոց (լուացում): Լուացող մեքենաներու մէջ փայտը կը տարբաղադրուի, մինչեւ որ խմոր մը մէջտեղ գայ, զոր կը ճերմկցնեն քիմիական նիւթերու միջոցաւ: Գունաւորումի եւ այլ բաղադրութիւններ կ'աւելցուին ըստ պահանջքին: Խմորը կը շաղուի եւ կը տարածուի մետաղեայ կտաւի մը վրայ, ուր ջուրին մեծ մասը կ'արտահոսի, ձգելով թուղթէ թերթ: Պէտք է դեռ չորցնել զայն տաք գլաններու ընդմէջէն անցընելով եւ վերջապէս փաթթել հսկայ ճախարակի: == Տպագրութիւն == Բառերն ու պատկերները նախ կը ստացուին լուսանկարչական գործընթացով, ապա, կը վերածուին մետաղեայ տպասալերու (plaque): Ամէն մէկ տպասալ կը հաստատուի գլանի մը վրայ, որ մելան կը ստանայ յարակից գլանէ մը: Մելանը կը փակի միայն տառերուն եւ պատկերներուն վրայ: Երբ տպագրական թուղթը կը ճնշուի տպասալին դէմ, գիրքերն ու նկարները կը տպուին անոր վրայ: == Գունաւոր Տպագրութիւն == Գունաւոր պատկեր մը կազմուած է տարբեր գոյն ունեցող կէտիկներէ՝ դեղին, կապոյտ, կարմիր, սեւ: Թուղթին վրայ յաջորդաբար կը տպուին այս գոյները, սեւ կ'ըլլայ վերջին տպուած գոյնը: Այսպիսով, կ'ունենանք գունաւոր պատկեր մը: == Գիրք == Գիրքերը կը տպուին մեծ չափով թուղթերու վրայ: Ամէն էջ կը ծալուի այնպիսի կերպով մը, որ գիրքին էջերու յաջորդականութիւնը պահուի: Ծալուած էջերը կը կարուին, որմէ ետք գիրքին կռնակը կը փակցուի կողքին վրայ: Այս ամբողջը կը կատարուի մեքենաներով: == Աղբիւրներ == ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ, 2001-2002, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է, ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM:
15,799
Գիտութիւնը Շուէտի Մէջ
Գիտութիւնը Շուէտի մէջ. Գիտութեան զարգացումը Շուէտի մէջ հիմնականին պայմանաւորուած է իր ժողովուրդի տաղանդով, շուէտական կրթութեամբ եւ մանկավարժութեամբ: Շուէտի գիտնականները կարեւոր ներդրում ունեցած են համաշխարհային մշակոյթի եւ գիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ։ Շուէտական բարձրորակ գիտական եւ արուեստագիտական զարգացումը յայտնի է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Հարկ է նշել, որ 18-րդ դարուն Շուէտի գիտութիւնը գտնուած է Ֆրանսայէն եւ Մեծն Բրիտանիայէն ներթափանցած լուսաւորչական գաղափարներու ազդեցութեան տակ: Բնագիտութեան զարգացումը Շուէտի մէջ կապուած է Ուփսալայի եւ Լոնտի մէջ առաջին համալսարաններու կազմաւորման եւ Ուփսալայի աստղադիտարանի բացման հետ: 1710-ին հիմնադրուեցաւաւ Ուփսալայի Թագաւորական գիտական ընկերութիւնը, իսկ 1739-ին` Սթոքհոլմի Թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիան: Ակադեմիայի առաջին նախագահը Քարլ Լիննէն էր։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Շուէտի մէջ գիտութեան ձեւաւորման: Շուէտի գիտութիւններու ակադեմիան 1739-ին հրատարակեց առաջին շուէտական գիտական ամսագիրը: == Բնական եւ արուեստագիտական գիտութիւններ == Բնագէտ եւ բնախոյզ Քարլ Լիննէ մեծապէս ազդած է Շուէտի գիտութեան կայացման գործին մէջ։ Ան ստեղծեց իր ժամանակի համար համապարփակ բնութեան համակարգ, որ հրապարակուեցաւ 1735-ին, առաջին անգամ սկսաւ հետեւողականօրէն կիրառել կրկնակ անուանակարգը: Քարլ Լիննէ նաեւ Փիթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան պատուաւոր անդամ էր։ Լիննէ կը համարուի կենդանական եւ բուսական հսկայական աշխարհի ժամանակակից դասակարգման «հայրը». ան զետեղեց կարգաբանութեան, կենդանական եւ բուսական աշխարհի դասակարգման հիմքերը։ Լիննէ յայտնաբերեց եւ նկարագրեց Սկանտինաւիոյ աւելի քան հազար բուսատեսակ: === Բնագիտութիւն === Լիննէի ժամանակակից Անտերս Ցելսիուսը, (1701-1744) ըլլալով բնագէտ եւ աստղագէտ, պատմութեան մէջ իր անունը անմահացուցած է ջերմաչափերու համար հարիւր աստիճանանոց սանդղակի ներդրմամբ: Շուէտի մէջ աստղագիտութեան բնագաւառին մէջ գիտական աշխատանքներու համակարգի սկզբնաւորումը կապուած է Անտերս Ցելսիուսի այս ոլորտին մէջ կատարած աշխատանքներուն հետ: Ցելսիուսի կողմէ 1741-ին ստեղծուեցաւ Շուէտի ամենահին աստղադիտարանը Ուփսալա քաղաքին մէջ, որուն տնօրէնը եղած է ինքը՝ Ցելսիուսը: Գիտութիւններու ակադեմիայի հիմնադիրներէն մէկը` Մ. Տրիւալտը, կը քարոզէր հետազօտական բնագիտութիւնը Շուէտի մէջ, կառուցեց Սկանտինաւիոյ առաջին շոգեմթնոլորտային մեքենան, աշխատութիւն գրեց հանքարդիւնաբերութեան վերաբերեալ: === Քիմիագիտութիւն === 18-րդ դարուն շուէտական գիտութիւնը զգալի յաջողութիւններու հասաւ քիմիագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Քիմիագիտութեան զարգացման բնագաւառին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ Եոհանս Յակոբ Պերցելիուսը (1779-1848): Ան զարգացուց ելեկտրոքիմիական եւ աթոմային տեսութիւնները եւ ստեղծեց գիտական հանքագիտութիւնը: Սովանտէ Արենիուսը (1859-1927) ստեղծեց ելեկտրոլիտիկ տարրաբաժանման տեսութիւնը եւ 1903-ին այդ աշխատանքին համար ստացաւ Նոպէլեան մրցանակ քիմիագիտութեան բնագաւառին մէջ։ Յայտնի շուէտ քիմիագէտ, ճարտարագէտ Ալֆրէտ Նոպէլը (1833-1896), 1867-ին յայտնագործեց տինամիտը, որ անոր մեծ փառք եւ հարստութիւն բերաւ: Ընդհանուր առմամբ Նոպէլին կը պատկանին 355 տարբեր արտօնագրեր (patent), որոնցմէ ամենայայտնին կը նկատուի տինամիտը: Իր կարողութեան հիմնական մասը Ալֆրէտ Նոպէլը նուիրաբերեց հիմնադրամին, որ ամէն տարի կը շնորհէ Նոպէլեան մրցանակներ: Մրցանակները կը շնորհուին Սթոքհոլմի եւ Օսլոյի մէջ ամէն տարի 10 Դեկտեմբերին, գիտնականի մահուան օրը: Տ. Վ. Պերկմանը կատարելագործեց Կ. Շեէլի որակական անալիզը, իբրեւ հմուտ փորձարար յայտնագործեց մանգանը, առաջինը ստացաւ քլոր, կալիումի պերմանգանատը, գլիցերինը, շարք մը թթուներ եւ այլ միացութիւններ, նկարագրեց թթուածինի ստացման եղանակը եւ անոր յատկութիւնները: Ա. Ֆ. Քրոնսդէտթը յայտնագործեց նիքելը, մշակեց հանքանիւթերու դասակարգումը՝ անոնց քիմիական յատկութիւններուն հիման վրայ («Հանքանիւթերու թագաւորութիւնը նկարագրելու փորձը» 1758): === Մետաղագործութիւն եւ նաւաշինութիւն === 17-18-րդ դարերուն զգալի զարգացում ստացան մետաղագործութեան եւ մետաղամշակման արուեստագիտութիւնները, ռազմական նաւաշինութիւնը, սառ զէնքի եւ հրազէնի արտադրութիւնը: Արուեստագիտութեան զարգացման պատմութեան մէջ էական տեղ կը գրաւէ նաւային պտուտակներու, շոգենաւերու եւ շոգեքարշերու շուէտ գիւտարար եւ առաջին կառուցիչ Ճոն Էրիքսոնի անունը: ԱՄՆ-ի մէջ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան կառուցեց առաջին զրահապատ նաւը պտտուող հրանօթային աշտարակով՝ նոյն նշանաւոր զրահապատ Մոնիտոր նաւը, որ մեծապէս նպաստեց հիւսիսայիններու յաղթանակին հարաւայիններու նկատմամբ: === Հետազօտող ճամբորդներ === Խիզախ շուէտ բեւեռախոյզներու անունները մտան Արքթիքայի հետազօտութիւններու պատմութեան մէջ: Շբիցպերկէնի եւ Կրինլանտի շուրջը ճամբորդելէն ետք Էրիք Նորտէնշելտը հետաքրքրուեցաւ Հիւսիսային ծովային ճանապարհի իւրացման հարցերով: Այսպիսով 1878-1879-ականներուն ան Վեկա շոգենաւով առաջին անգամ նաւարկեց Ատլանտեան ովկիանոսէն դէպի Խաղաղ ովկիանոս՝ Սիպիրի ափերու երկայնքով: Նորտէնշելտի անունով կոչուեցաւ Քարայի ծովին մէջ գտնուող կղզիներու արշիպեղագոսը: Սոլոմոն Անտրէն 1897-ին առաջինը փորձեց սեփական նախագիծով պատրաստուած «Օրէօլ» օդապարիկով հասնիլ Հիւսիսային Բեւեռ, սակայն ճանապարհին մահացաւ: Խիզախ օդագնացի անունը անմահացաւ, անոր անունով կոչուեցաւ Շբիցպերկէն արշիպելագի թերակղզիներէն մէկը` Անտրէի երկիրը: Քլինկենշէրնը նշանաւոր է իր մաթեմատիքական աշխատանքներով, Պ. Արդէտին մշակեց ձուկերու դասակարգումը, Ե. Ախարիուսը ստեղծեց քարաքոսաբանութեան հիմունքները: Արուեստագիտութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան զարգացման բնագաւառին մէջ 18-րդ դարուն զգալի ազդեցութիւն ունեցան Կ. Պոլհեմի աշխատանքները, ճարտարագէտ Քարլ Կուստաւ Լաւալը յայտնագործեց շոգեմեքենան եւ սերզատ սարքը, որ յեղափոխութիւն կատարեց կաթնարդիւնաբերութեան բնագաւառին եւ այլ արուեստագիտական գործընթացներուն մէջ: == Հասարակական գիտութիւններ == === Փիլիսոփայութիւն === Միջնադարեան Շուէտի մէջ փիլիսոփայական միտքի զարգացումը սերտօրէն կապուած է քրիստոնէական միստիկականութեան եւ աստուածաբանութեան հետ, իսկ 16-րդ դարու վերջերը այստեղ ներթափանցեց ֆրանսացի փիլիսոփայ Փիէր տէ լա Ռամի ուսմունքը: Անոր հետեւորդները դէմ էին աստուածաբանութեան մեթոդին: Կարելի է ըսել, որ ինքնուրոյն աշխարհիկ փիլիսոփայութիւնը Շուէտի մէջ ծնած է 17-րդ դարուն: Գ. Շերնելմը առաջին շուէտ փիլիսոփան եւ գրողն էր, որուն աշխատանքները եւ ներդրումը կը համարուին նշանակալի: Անոր աշխատանքներուն մէջ կը միաւորուին նոր պղատոնականութեան, փիւթակորեանութեան, ինչպէս նաեւ բնափիլիսոփայութեան գաղափարները: Ռենէ Տեքարթի գաղափարները կիսողները կը հերքեն միջնադարեան աստուածաբանութիւնը: 19-րդ դարու սկիզբը Շուէտի փիլիսոփայական միտքը եղած է «ֆոսֆորիստներու» եւ «Hoaxism» հոսանքներու, այսինքն ռոմանթիզմի ազդեցութեան տակ: Բոստրեմիզմի գաղափարները Շուէտի մէջ ճգնաժամ կ՛ապրէին եւ 20-րդ դարու սկիզբը կը սկսի աճիլ հետաքրքրութիւնը փորձարարական հոգեբանութեան եւ դրապաշտութեան նկատմամբ: Բոստրեմի որոշ աշակերտներ, ինչպիսին է Վ. Նորստրէմը, սկսան կիսել նեոկանտութեան գաղափարները եւ կեանքի փիլիսոփայութիւնը, իսկ օրինակ Պ. Վիկները դարձաւ տրամաբանական դրապաշտութեան գաղափարներու հետեւորդ: 1910-ին կազմաւորուեցաւ Ուփսալայի Նոր Դպրոցը, որ կը ներկայացնէ տրամաբանական դրապաշտութեան նախնական ձեւերը: Այս դպրոցին հիմնադիրները եղած են Ա. Փալէնը եւ Ա. Հեկերսդրէմը: Անոնք ընդհանուր առմամբ գերազանցեցին Վիեննական Խմբակին գաղափարները: Յետպատերազմական ժամանակահատուածին Շուէտի մէջ կ՛ուժեղանայ Պուրժուական Փիլիսոփայութեան ամբողջացումը նոր դրապաշտութեան հիման վրայ։ Այս գաղափարները կը կիսէին այնպիսի փիլիսոփաներ, ինչպիսին են Մորիդցը, Վետպերկը, Մարք-Վոկաուն: Մեծ տարածում կը ստանան նաեւ էմպիրիկ հոգեբանութիւնը եւ ընկերաբանութիւնը: Մարքսիզմի գաղափարները Շուէտ ներթափանցեցին 19-րդ դարու կէսերուն, իսկ 20-րդ դարու ութսունական թուականներուն աւելի լայն տարածում ստացան: 1917-ին Շուէտի մէջ ստեղծուեցաւ համայնավարական կուսակցութիւն եւ այդ ժամանակահատուածին սրեցաւ պայքարը ընկերային զարգացման երկու հայեցակարգերու, մարքսիստականի եւ ռեֆորմիստականի միջեւ։ 1968-ին կը սկսի հրատարակուիլ հասարակական գիտութիւններու գիծով մարքսիստական ամսագիր մը (շուէտ.՝ «Haften for Kritiska Studier»): Փիլիսոփայական գիտութիւններու կեդրոններ կը համարուէին Սթոքհոլմի, Ուփսալայի, Լունտի համալսարաններու փիլիսոփայութեան կաճառները: 1935-ին կը հրատարակուի փիլիսոփայական ամսագիրը (շուէտ.՝ «Theoria»): === Պատմութիւն === 13-րդ դարու կէսերուն Շուէտի մէջ ի յայտ եկան եկեղեցական ժամանակագրութիւնները լատիներէն լեզուով, 14-րդ դարուն արդէն կը յայտնուին աւելի բովանդակալից հանգաւորուած ժամանակագրութիւններ հին շուէտերէն լեզուով («Էրիքի ժամանակագրութիւն», շուէտ.՝ «Erikskrönikan»): Շուէտի մէջ առաջին նշանաւոր պատմիչը կը համարուի Ուփսալայի համալսարանի աստուածաբանութեան փրոֆեսոր Էրիք Օլայը, որ ապրած է 15-րդ դարուն: 16-րդ դարու երկրորդ երրորդին իրենց պատմական գործերը կը ստեղծեն շուէտ հումանիստ պատմաբաններ, լիւթերական Ռեֆորմացիայի գործիչներ Օլաուս Փեդրին, արքեպիսկոպոս եղբայրներ սուր կաթոլիկներ Եոհան եւ Օլաֆ Մակնուսները: 1667-ին հիմնադրուեցաւ Հնութիւններու Ուսումնարանը, որ 1837-ին վերածուեցաւ Սթոքհոլմի պատմութեան թանգարանի: 1710-ին Շուէտի մէջ կազմաւորուեցաւ առաջին պատմական ուսումնական ընկերութիւնը Ուփսալայի մէջ։ Շուէտական մեծ տէրութեան ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ Շուէտի պետական արխիւը եւ հաստատուեցաւ պետական պատմագրի պաշտօնը, որ գոյութիւն ունեցաւ մինչեւ 1834: 17-րդ դարուն այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէր գերմանացի Ս. Փուֆենտորֆը, որ կը նկատուի շուէտ թագաւորներու գովաբանական պատմութեան հեղինակը: 17-րդ դարու վերջը Եու. Շեֆֆերիուսի կողմէ սկսան կատարուիլ սկանտինաւեան հնութիւններու մասին տարբեր ուսումնասիրութիւններ. հրատարակուեցան պատմական աղբիւրներ: == Գիտական հաստատութիւններ == Գիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարար աշխատանքներու բնագաւառին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ շուէտական պետութիւնը, որ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք սկսաւ միասնական քաղաքականութիւն վարել գիտական հտազօտութիւններու բնագաւառին մէջ։ Գիտական գործունէութեան եւ գիտաարուեստագիտական քաղաքականութեան ներդաշնակութիւնը սկսաւ իրականացնել Գիտութեան Խորհրդատուական Խորհուրդը, որ ստեղծուած էր 1962-ին եւ կը ղեկավարուէր վարչապետի կողմէ: Խորհուրդին մէջ ընդգրկուած էին կրթութեան, տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, պաշտպանութեան նախարարները, առաջատար արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու ներկայացուցիչները եւ ականաւոր գիտնականներ: Կրթութեան նախարարութիւնը կը ղեկավարէ համալսարաններու եւ արուեստագիտական համալսարաններու գիտաարուեստագիտական գործունէութիւնը, միւս նախարարութիւնները պատասխանատու են պետութեան եւ մասնաւոր գիտահետազօտական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող ԳՀՓԿԱ-ներու ճշգրիտ բնագաւառներու համար: Գիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարար աշխատանքներու ղեկավարման եւ զարգացման գործառոյթները կ՛իրականացնեն եօթը պետական գիտահետազօտական խորհուրդները: Զարգացման խնդիրները կը շօշափեն յատկապէս բնագիտական, արուեստագիտական, բժշկական գիտութիւններու բնագաւառները, գիւղատնտեսութեան եւ անտառային անդաստանները, զգալի ուշադրութիւն կը դարձուի մարդկայնական եւ ընկերային գիտութիւններուն եւ աթոմային ուժի բնագաւառին մէջ։ Ամենակարեւոր նախագիծերու ընտրութիւնը կ՛իրականացուի Գիտա-նախապատրաստական յանձնաժողովին կողմէ: Գիտութիւններու Թագաւորական Ակադեմիայի հիմնական նպատակն է աջակցիլ մաթեմատիքայի եւ բնական գիտութիւններու զարգացման, կազմակերպել վեհաժողովներ եւ խնճոյքներ, արտասահմանեան եւ միջազգային գիտական կեդրոններու հետ կապերու պահպանում, ինչպէս նաեւ՝ բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան գիծով Նոպէլեան մրցանակներու շնորհում: Ակադեմիայի անդամներու թիւը 1975-ին կը հասնէր 160-ի, անոր կազմին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ 120 օտարերկրեայ անդամներ: 1919-ին հիմնադրուած Ճարտարագիտական գիտութիւններու ակադեմիայի անդամներու թիւը կը հասնի 382-ի: Ճարտարագիտական Գիտութիւններու Ակադեմիան արուեստագիտական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ կ՛իրականացնէ երկու գործառոյթ` կազմակերպչական եւ տեղեկատուական: Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ շարք մը այլ երկրներու դեսպանատուներուն կից գոյութիւն ունին գիտութեան եւ արուեստագիտական գիծով կցորդներ: Համալսարաններուն, գիտահետազօտական ուսումնարաններուն եւ կեդրոններուն մէջ կ՛իրականացուին հիմնարար ուսումնասիրութիւններ: Կիրառական գիտահետազօտական եւ փորձա-մեկնարկային աշխատանքները կ՛իրականացուին առաջատար արդիւնաբերական ընկերութիւններու եւ նախարարութիւններու ենթակայութեան տակ գործող ԳՀԻ-ները եւ մեկնարար բիւրոները: Անոնցմէ են Աթոմային բնագիտութեան հետազօտական ուսումնարանը, Օդանաւային արուեստագիտական ԳՀԻ-ն եւ այլ գիտահետազօտական կազմակերպութիւններ: Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն աւելի մեծ ներուժ ունին Ուփսալայի, Լունիի, Սթոքհոլմի համալսարանները եւ Կէօթեպորկի Չալմերսի արուեստագիտական համալսարանը: Սթոքհոլմի մէջ գտնուող Քարոլինայի բժշկա-վիրաբուժական ուսումնարանը գիտահետազօտական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ բժշկութեան եւ բնախօսութեան բնագաւառին մէջ եւ կը շնորհէ համապատասխան Նոպէլեան մրցանակներ: Ամէն տարի գիտահետազօտական աշխատանքներուն վրայ կը ծախսուի ազգային համախառն եկամուտի շուրջ 1,5 %-ը, 1975-ի դրութեամբ այդ բնագաւառին մէջ զբաղուած էին 26 հազար մարդ: Գիտահետազօտական եւ փորձա- մեկնարկային աշխատանքներուն վրայ կատարուող ընդհանուր ծախսերը կը կազմեն 4,2 միլիառ շուէտական քրօն: Այս միջոցներուն շուրջ մէկ երրորդը կը յատկացնեն սեփական արդիւնաբերական միաւորումները եւ հիմնադրամները, ինչպիսին են Վալլենպերկներու, Վեննէր-Կրենի եւ այլ հիմնադրամները: Պետական ելեւմտացոյցէն յատկացուած միջոցները կ՛օգտագործուին հիմնարար հետազօտութիւններու, ինչպէս նաեւ ռազմական, կենսուժի եւ բնապահպանութեան բնագաւառին մէջ ԳՀՓԿԱ-ներու կազմակերպման համար: Արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ հետազօտական աշխատանքներուն վրայ կը ծախսուի շուրջ 2,7 միլիառ շուէտական քրօն, որ կը կազմէ Շուէտի մէջ գիտահետազօտական գործունէութեան համար յատկացուող միջոցներու մէկ երրորդը: == Գրականութիւն == Большая Советская энциклопедия / Главн. ред. А. М. Прохоров. — 3-е издание. — Москва, 1969–1978. — Т. 1-30. Северная Европа. Регион нового развития / Под ред. Ю.С. Дерябина, Н.М. Антюшиной. — «Весь Мир», 2008. — Т. Наследие Нобеля (Чему поучиться у Швеции). — С. 512. — ISBN 978-5-7777-0392-7 Ингвар Андерссон История Швеции(оригинальное название Sveriges Historia). — Отдельное издание. — Москва: Издательство иностранной литературы, 1951. — С. 408. — ISBN 978-5-458-29668-7 Чернышева О.В Религия и церковь Швеции. От эпохи викингов до начала XXI века. — Москва: Наука, 2015. — С. 535. — ISBN 978-5-02-039184-0 Том Джексон Философия. Иллюстрированная хронология науки. — Москва: Litres, 2017. — ISBN 9785040622573 Базилевская Н. А., Белоконь И. П., Щербакова А. А. Глава 3. Систематика растений // Краткая история ботаники : [арх. 23 Մարտի 2016] / Отв. ред. Л. В. Кудряшов. — М. : Наука, 1968. — С. 26-41. — 311 с. — (Труды Московского общества испытателей природы. Том XXXI. Отдел биологический. Секция ботаники). — 8500 экз.</nowiki> == Ծանօթագրութիւններ ==
6,125
Սիրոյ Տօն
Սիրոյ Տօն Վրաստանի մէջ, ամէն տարի Ապրիլ 15-ին նշանակուած աշխարհիկ տօն։ Աշխատանքային օր է, եթէ չի զուգադիպիր ազատ օրուան հետ։ == Պատմութիւն == Վրաստանի այս տօնը նշանակուելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ազգային շոու-պիզնեսի ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ Բեսիկայ Չուբինիձեին։ Բեսիկայի գաղափարին կ'արտայայտւուին բազմաթիւ վրացի պատգամաւորներ, եւ XX դարու վերջին Վրաստանի խորհրդարանի կողմէն «Սիրոյ տօնը» կը յայտարարւուի որպէս տօնական օր: Նախապէս տօնը մտածուած էր որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի նշանակուած «Սիրահարների օր» («Սուրբ Վալենտինի օր») սակայն արդիւնքը եղաւ հակառակը։ Վրացի երիտասարդները խանդավառութեամբ ընդունեցին նոր տօնի գաղափարը, սակայն շարունակեցին տօնել նաեւ հինը։ «Սիրոյ տօն»-ին ժամանակ Վրաստանի մէջ, սիրահարներուն կ'ուտային նուերներ, ծաղիկներ, եւ անոնց համար անակնկալներ կը պատրաստեն կամ ընտանիք կազմելու առաջարկութիուն կ'ընեն։ Այդ օրը Վրաստանի մէջ մի քանի անգամ աւելի շատ ծաղիկ կը վաճառուի, քան «սովորական» օրերէն: «Սիրոյ տօն»-ը բացի Վրաստանի մէջ կը նշանակ է նաեւ «Հոգեւոր սիրոյ օրը», որ հոգեւոր տօն է ու կը նշանակուի Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Յուլիսի 16-ին: == Արտաքին Յղումներ == В ГРУЗИИ 15 АПРЕЛЯ ОТМЕЧАЮТ ДЕНЬ ЛЮБВИ День любви в еврейском календаре (15 Ава)
23,955
Անտրէա Մարթին
Անտրէա Մարթին (անգլերէն՝ Andrea Martin, 15 Յունուար 1947(1947-01-15), Պորտլենդ, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկաբնակ քանատացի դերասանուհի, երգչուհի եւ կատակերգու։ Արժանացած է «Թոնի» մրցանակի։ == Ծանօթագրութիւններ ==
3,629
Խաչիկ Փիլիկեան
Խաչիկ Փիլիկեան, երաժշտական ուսումը կը սկսի ջութակով Լիբանանի ազգային երաժշտանոցին մէջ, սակայն տեսնելով որ մասնայատուկ պարիթոն ձայնով օժտուած էր, կը սկսի մարզել իր ձայնը։ Կը մեկնի Հռոմ, ուր ճարտարապետութիւն ուսանելով հանդերձ, կը հետեւի «Աքատէմի տը Ֆրանոյի» ձայնադրութեան դասերուն։ Երկու տարի ետք զգալով թէ կրնայ ինքզինք պատրաստել արուեստի մարդուն մէջ՝ վերջնականապէս կը լքէ ճարտարապետութիւնը։ Խաչիկ Փիլիկեանի համար կը սկսի լուրջ եւ ծանր աշխատանքի շրջան մը։ Կը հետեւի ձայնադրութեան գեղարուեստի աքատէմիին ու ձայնի թէքնիքի դասընթացքներու ծանօթ ուսուցիչներու ղեկավարութեան տակ։ 1960-ին կ՛ելլէ շրջապտոյտի։ Կ՛երթայ Հայաստան, ուր ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ որպէս դասական օփերայի երգիչ։ Կը վերադառնայ Հռոմ եւ աւելի կը կատարելագործէ ինքզինք մեծահաամբաւ փրոֆէսորներու հսկողութեան տակ։ Կ՛երգէ բազմաթիւ օփերաներու մէջ արժանանալով առաջնութեան մրցանակին։ Երգահանդէս մը տուաւ Պէյրութի մէջ 24 Նոյեմբեր 1962-ին որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ: == Ծանօթագրութիւններ ==
4,111
Ռապըրթ Հիւսըն
Ռապըրթ Հիւսըն (իսկական ազգանունը՝ Հիւսընեան, անգլ.՝ Robert H. Hewsen, ծն.՝ 1934, Նիւ Եորք), ամերիկահայ գիտնական-կովկասագէտ, հայագէտ, Հայաստանի եւ Աղուանքի պատմութեան ուսումնասիրող։ == Կենսագրութիւն == Ծնած է 1934 թուականին։ Աւարտած է Մերիլենտի համալսարանը, աւարտաճառը պաշտպանած է Ճորճթաունի համալսարանէն ներս (1967) Քիրիլ Թումանովի ղեկավարութեան ներքոյ։ 1967-1999 թուականներին դասաւանդած է Ռոուենի համալսարանէն ներս, որուն պատուաւոր փրոֆէսորն է։ Յետագային դասախօսութիւններով հանդէս եկած է որպէս հրաուիրուած փրոֆէսոր Քոլոմպիական, Քալիֆորնիոյ, Շիքակոյի եւ ԱՄՆ-ի այլ առաջատար բարձրագոյն ուսման հիմնարկներէն ներս։ Բազմամեայ հետազօտական աշխատանքի արդիւնքը դարձած է Հիւսթընի 2001 թուականին հրապարակած «Հայաստանի պատմական ատլասը», որ կ՛ընդգրկէ 278 քարտէս՝ բաժնուած հինգ բաժիններու, որոնցմէ ամէն մէկը կը սկսի պատմական ներածութիւնով եւ ժամանակագրական աղիւսակով. Հին Հայաստան (անգլ.՝ Ancient Armenia), մինչեւ 4-րդ դար (20—81 էջեր) Միջնադարեան Հայաստան (անգլ.՝ Medieval Armenia), 4-րդ դարավերջէն մինչեւ 1478 թուական (Աքքոյունլու տոհմէն Ուզուն Հասանի մահը) (81—144 էջեր) Նոր Հայաստան (անգլ.՝ Early Modern Armenia), 1480—1877/78 (145—176 էջեր) Նորագոյն Հայաստան (անգլ.՝ Modern Armenia), 1878—1920 (177—238 էջեր) Ժամանակակից Հայաստան (անգլ.՝ Contemporary Armenia), 1920 թուականէնՀիւսընը «Մերձաւոր Արեւելքի Թիւպինկընեան ատլասի» համար պատրաստած է Հայաստանի եւ Կովկասի քարտէսները (Wiesbaden։ Dr. Ludwig Reichert Press, 1987—1991)։ Նոյն հրատարակութեան համար կատարած է Անանիա ՇիրակացիԱնանիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյցի» անգլերէն թարգմանութիւնը եւ գրած է այդ գիրքի բնօրինակ հայկական նիւթերու վերատպուած հրատարակութեան նախաբանը։ == Աշխատութիւններ == Robert H. Hewsenian, The Legend of Akhtamar (A Ballad) (pp. 64–66), The Armenian Review, VOLUME 12, Number 2, Summer 1959 Robert H. Hewsenian, The Autumn Glossary (pp. 90–93), The Armenian Review, VOLUME 13, Number 3, Autumn 1960 Robert H. Hewsen. Ethno-history and the Armenian influence upon the Caucasian Albanians. Classical Armenian culture։ Influence and creativity, Scholars press, Philadelphia, 1982 Robert H. Hewsen. Science in Seventh-Century Armenia: Ananias of Širak, Isis, vol. 59, No. 1, (Spring, 1968), pp. 32–45. (անգլերէն) Robert H. Hewsen. Anatolia and Historical Concepts // The California Institute for Ancient Studies (անգլերէն) Robert H. Hewsen. «The Kingdom of Arc’ax» in Medieval Armenian Culture (University of Pennsylvania Armenian Texts and Studies). Thomas J. Samuelian and Michael E. Stone (eds.) Chico, California։ Scholars Press, 1984 The Geography of Ananias of Širak։ Ašxarhacʻoycʻ, the Long and the Short Recensions / Ed. R.H. Hewsen. Reichert, 1992 (Beihefte zum Tübinger Atlas des Vorderen Orients (77) == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին յղումներ == The Velikovsky Encyclopedia. Robert H. Hewsen Robert H. Hewsen Appointed Henry S. Khanzadian Kazan Visiting Professor for Fall 2001 at Fresno State
4,326
Տարօն Մալաքեան
Տարօն Մալաքեան (անգլերէն՝ Daron Malakian, 18 Յուլիս 1975(1975-07-18), Հոլիվուտ, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)։ Հայ կիթառիստ է, կը նուագէ հանրայայտ System of A Down խումբէն, իսկ 2003-ին մէկ այլ հայազգի երաժիշտի հետ՝ System of A Down խումբի թմբկահար Ճոն Տոլմայեանի հետ կը հիմնէ նոր խումբ՝ Scars on Broadway: == Կենսագրութիւն == Տարօն Վարդան Մալաքեանը ծնած է 1975-ին Hollywood: Վարդան եւ Զեփիւռ Մալաքեաններուն միակ զաւակը։ Հայրը՝ Վարդան Մալաքեանը նկարիչ եւ պարուսույց էր, իսկ մայրը՝ Զեփիւռ Մալաքեանը քանդակագործ, կանուխէն նաեւ եղած է քոլէճի ուսուցչուհի: Մանուկ հասակին երազած է ունենալ հարուածային գործիքներ, սակայն 12 տարեկանին ծնողքը անոր կը նուիրէ ելեկտրական կիթառ։ Սկիզբը Տարօն Մալաքեանը կը սորվի այն նոյն դպրոցը, որտեղ կը սորվէին հայազգի Շաւոյ Օտաճեանը եւ Սերժ Թանգեանը, որոնց հետ ան ապագային կը նուագէ System of a Down խումբէն։ Այնուհետեւ Տարօն Մալաքեանը կը փոխէ իր դպրոցը եւ կ'աւարտէ Ռուզվելթի անուան դպրոցը։ Այնտեղ ան 16 տարեկանէն կը սկսի նուագել Hard Rock Band խումբէն։ 90-ականներու սկիզբը Տարօն կը ծանօթանայ Սերժ Թանգեանին հետ, որուն հետ կը ստեղծէ Soil խումբը, որուն կազմով անոնք կը գրեն քանի մը երգեր, իսկ այնուհետեւ խումբի անունը կը փոխեն եւ կը դառնայ System of a Down: Անունը հիմնուած է Տարօն Մալաքեանի բանաստեղծութիւններէն մէկուն վրայ, որու անունն էր Victims Of A Down: Տարօն Մալաքեանի հետ System of a Down խումբը ձայնագրած է 5 ալպոմ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ վաճառուած է 20 միլիոն ձայնագրութիւն։ 2003-ին Տարօն Մալաքեանը շարք մը երաժիշտներու հետ ձայնագրութիւն մը կը ստեղծէ Scars on Broadway նորաստեղծ խումբով, որմէ ետք կը տարածուի տեղեկութիւնը, եւ այս պատճառով System of a Down խումբը կը ցրուի։ Սակայն տարածուած այդ տեղեկութիւնը չէր համապատասխաներ իրականութեան, իսկ ստեղծուած ձայնագրութիւնը օգնեց System of a Down խումբին իր հիթային՝ BYOB երգի ձայնագրութեան հարցով։ Ամենայնդէպս, 2005-ի Դեկտեմբերին Տարօն Մալաքեանը կը յայտարարէ, որ կ'ուզէ զբաղիլ անհատական փրոճեքթով։ 2006-ին Տարօն Մալաքեանը System of a Down խումբին թմբկահար Ճոն Տոլմայեանի եւ ուրիշ երեք երաժիշտներու հետ կը հիմնէ Scars on Broadway խումբը, իսկ իր նախկին խումբը 2006-ից կը գտնուի ժամանակաւոր դադարի մեջ, որը ի վերջոյ կը ցրուի 2011 թուականին։ Նորաստեղծ խումբին ոճը բաւական նման էր System of a Down խումբի ոճին։ Խումբին ստեղծագործութիւններուն մէկ անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ կիթառահար-մեներգիչ Տարօն Մալաքեանի վառ արտայայտուած ձայնը եւ էքսպերիմենտալ ոճը։ Scars on Broadway խումբին հետ Տարօն Մալաքեանը կը ձայնագրէ նոյնանուն՝ Scars on Broadway ալպոմը։ 2009-ին խումբի պաս-կիթառահար Տոմինիք Ցիֆառելին կը յայտարարէ խումբի ցրուելու մասին։ Այդ ընթացքին տեղի ունեցող համերգները ամբողջովին կը դադրին։ 2010-ին խումբը կը վերամիանայ քանի մը համերգներ տալու համար։ 2011 թուականին System of A Down խումբը կը վերամիաւորուի եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը մինչեւ այսօր։ Անոնք կը մէկնին հիւրախաղերու եւ առաջուայ պէս համաշխարհային հռչակ ունին։ == Ամէնօրեայ == Այժմ Տարօն Մալաքեանը կ'ապրի Կլենտէյլ՝ նահանգ Քալիֆորնիա: Կը սիրէ հաւաքէլ մոմեր, գորգեր, կմախքներ, երաժշտական գործիքներ՝ յատկապէս՝ կիթառներ: Իր կիթառներուն մեծ մասը արդէն արտադրութենէ դուրս են եւ իսկական անդիք են։ Մինչեւ 2005 ան կ'օգտագործէր Ibanez ֆիրմայի կիթառներ, իսկ ատկէ յետոյ սկսաւ նախապատուութիւն տալ Gibson ֆիրմայի կիթառներուն։ Տարօն Մալաքեանը իր մասին խօսելու ատէն կը նշէ, որ գրեթէ չ'այցելyր երեկոյթներ, ակումբներ, չի հանդիպիր մoտելներու հետ, միայն երբեմն ներկայ կ'ըլլայ հոքիի խաղերու։ Ըստ անոր՝ ամենակարեւոր խումբն է, որուն հետ կապուած արգելքները բաւականին ծանր կ'անդրադառնան անոր վրայ։ Տարօն Մալաքեանը կը զբաղեցնէ 30-րդ դիրքը համաշխարհային՝ «բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն հեւի-մէթըլ կիթառահարները» ցանկին մէջ։ == Ծանօթագրութիւններ == == Արտաքին Յղումներ == Տարօն Մալաքյանի կենսագրություն System of a down պաշտոնական կայք Scars on Broadway պաշտոնական կայք
1,324
Նէճիպ Աբգարիոս
Նէճիպ Աբգարիոս, թարգմանիչ։ Առաջին զաւակը առաջին կնոջմէն, Անգլիերէնի Թարգանեց գիրք մը զոր ինք կոչած է «Ֆահրասթ Թարիխ ալ Հավատիս Ֆի Սուտան», որ ազատ թարգմանութեամբ կ՝ ըլլայ՝ «Ցուցակ Սուտանի Պատմական Դէպքերու»։ Այս կը պարփակէ 1881-1889-ի շրջանը։ 112 էջնոց գիրք մըն է եւ հրատարակուած՝ Մահրուսա տպարանէն 1891-ին։ Երբ անգլիացիք նուաճեցին Եգիպտոսը՝ յաղթելով Օրապի Փաշան, եւ աքսորեցին զայն Սէյլան, Նէճիպ Աբգարիոս եւս Փաշային հետ ղրկուեցաւ որպէս անոր քարտուղարը։ == Ծանօթագրութիւններ ==
15,931
Վիպապաշտ Ժամանակաշրջանի Երաժշտութիւն
Վիպապաշտ Ժամանակաշրջանի Երաժշտութիւն, գաղափարական եւ գեղարուեստական ուղղութիւն մը: == Պատմութիւն == 19րդ դարու առաջին կիսուն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ծնունդ կ'առնէ գաղափարական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ ուղղութիւն մը՝ Վիպապաշտութիւնը (Romantisme), որ կ'ընդգրկէ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները: == Վիպապաշտութիւնը բնորոշող յատկութիւններ == Վիպապաշտներուն կը բնորոշէր ստեղծագործական ազատութիւնը, անցեալի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, զգացական ապրումներու արտայայտումը, ժողովրդային արուեստի գնահատումը, քնարականութիւնը, ազգային պատմութեան անդրադարձը եւ բնութեան հանդէպ սէրը: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ Վիպապաշտ երաժշտութիւնը ունեցած է իւրայատուկ ազգային երանգ եւ երբեմն նոյն երկրին մէջ ձեւաւորուած են տարբեր ուղղութիւններ: Կարգ մը երկիրներու մէջ ուղղութիւնը դրսեւորուած է երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն մէջ (Պ. Ի. Չայկովսկին եւ Ա. Ն. Սկրիապինը Ռուսիոյ մէջ, Պ. Սմեթանան եւ Ա. Տվորժաքը Չեխիոյ մէջ, Է. Կրիկը Նորվեկիոյ մէջ, հայ երաժշտահաններ՝ Տ. Չուխաճեանն ու Ա. Սպենդիարեանը եւ ուրիշներ): == Երաժշտական սեռեր == Վիպապաշտ դարաշրջանին կը տիրապետէ նուագարանային երաժշտութիւնը: Լայն տարածում կը գտնէ դաշնամուրը: Կը զարգանան տարբեր տեսակի մանրանուագներ (Bagatelle, Moment musical, Arabesque եւ այլն): Կը ստեղծուին նուագարանային նոր սեռեր (Poeme symphonique, Fantaisie symphonique եւ Musique a programme): Կը գրուին յայտնի (Opera)-ները եւ (Ballet)-ները: == Երկիրներ == Երաժշտութեան արուեստին մէջ Վիպապաշտութիւնը ժամանակագրական կարգով ի յայտ կու գայ հետեւեալ երկիրներուն մէջ.- Աւստրիա (Ֆ. Շուպերթ)Գերմանիա (Է. Թ. Ա. Հոֆման, Կ. Մ. Վեպըր, Ֆ. Շփոր, Ֆ. Մենտըլսըն, Ռ. Շուման, Ռ. Վակնըր եւ ուրիշներ)Իտալիա (Ջ. Վերտի, Ն. Պականինի, Վ. Պելլինի)Ֆրանսա (Հ. Պերլիոզ, Տ. Ֆ. Օպեր, Ջ. Մեյեպեր եւ ուրիշներ)Լեհաստան (Ֆ. Շոփէն)Հունգարիա (Ֆ. Լիսթ) == Աղբիւրներ == «Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 37: