id
int64 43
24k
| title
stringlengths 2
92
| article
stringlengths 5
147k
⌀ |
---|---|---|
4,057 | Հելենա Մոզեյեւսքա | Հելենա Մոզեյեւսքա (լեհ.՝ Helena Modrzejewska), (Հոկտեմբերի 12, 1840 — ապրիլի 8, 1909), լեհ դերասանուհի։
1865 - 1869 թուականին հանդես եկած է Կրակովի, 1869 - 1876 թուականներուն՝ Վարշավայի «Վելքի» եւ «Ռոզմաիտոստի» թատրոններուն մէջ։ Հիւրախաղերով եղած է Մեծ Պրիթանիայի մէջ եւ ԱՄՆ։ Մոզեյեւսքայի՝ բնականին մօտ խաղը լի էր ռոմանտիկական խանդավառութեամբ։ Խաղցած է ողբերգական դերեր, լաւագոյններէն են՝ Մարի Ստյուարա (Սլովացկիի «Մարի Ստյուարտ»), Ամալյա (Շիլլերի «Ավազակներ»), Ֆեդրա (Ռասինի «Ֆեդրա»), Աննա, լէյտի Մակպեթ (Շեքսպիրի «Ռիչարտ III», «Մակպեթ»)։ Մոզեյեւսքա եղած է նաեւ Ս․ Վիսպյանսկու տրամաներու լաւագոյն դերակատարուհիներէն։ |
3,525 | Լյովեն | Լյովեն (հոլ.՝ Leuven [ˈløːvə(n)], բնակիչները կ՛ըսեն նաեւ Leive, գերմաներէն՝ Löwen), Ֆլանդրիա տարածաշրջանի Ֆլամանդական Բրաբանտ նահանգի մայրաքաղաքն է։ Այն կը գտնուի Բրյուսելեն մոտ 30 կմ արեւելք։
Այստեղ կը գտնուի աշխարհի ամենամեծ գարեջուրի ընկերութիւնը եւ աշխարհի հինգ խոշորագոյն սպառողական ապրանքներու ընկերութիւններեն մեկը։ Լյուվենի մէջ կը գտնուի ամենամեծ, ամենահին եւ գործող կաթոլիկ համալսարանը։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,187 | Մատաթիա Գարագաշեան | Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան (11 Փետրուար 1818(1818-02-11), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Նոյեմբեր 1903(1903-11-26), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), պատմաբան եւ լեզուաբան։ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ մինչեւ 1856։
== Կենսագրութիւն ==
Մատաթիա Գարագաշեան մանուկ տարիքին ղրկուած է Վիեննա, Մխիթարեաններու քով ուսում ստանալու համար։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած է Վիեննայի համալսարանը։
1836ին միացած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, իսկ 1844ին ձեռնադրուած՝ կուսակրօն քահանայ։ 1856ին պաշտօնապէս հրաժարած է հոգեւորական իր կոչումէն եւ ընդգրկած՝ անաստուածութիւնն ու նիւթապաշտական աշխարհայեացքը։
Վիեննայէն վերադարձին, քանի մը տարի Զմիւռնիա պաշտօնավարելէ ետք, Գարագաշեան վերջնականապէս հաստատուած է Կ. Պոլիս, ուր ամբողջութեամբ նուիրուած է գիտական-ուսումնասիրական աշխատանքի։ Ան նաեւ «Արեւելեան Թատրոն»ի հիմնադիրներէն եւ կազմակերպիչներէն մէկը դարձած է։
Սկիզբները «Պայպըլ Հաուզ» աստուածաշնչային ընկերութեան մէջ պաշտօն ստանձնած է իբրեւ թարգմանութիւններու վերստուգող, միաժամանակ գրաբար դասաւանդելով Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն մէջ:
1890ականներու սկիզբէն պաշտօնավարած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ իբրեւ գրաբարի դասատու:
== Հրատարակութիւններ ==
Գիտական-բանասիրական իր բեղուն գործունէութիւնը Մատաթիա Գարագաշեան սկսած է 1840ականներէն, Վիեննայի մէջ հրատարակելով «Արուեստ ճարտասանութեան» (1844) եւ «Նկարագիր ուսմանց» (1845) գիրքերը: Լոյս ընծայած է պատմաբանասիրական, լեզուագիտական, աշխարհագրական եւ փիլիսոփայական բազմաթիւ գործեր:
1845ին, աւարտած է «Նկարագիր Ուսմանց» աշխատասիրութիւնը, ուր մշակուած են քննական պատմագրութեան իր սկզբունքները։ Գարագաշեան մերժած է ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ շեշտած է գիտական մօտեցման հրամայականը։
Անոր քերականական ձեռնարկներէն ոմանք, ինչպէս «Դպրութիւն կամ նոր քերականութիւն հայերէնի» (1862), «Համառօտ նոր քերականութիւն» եւ այլն, 1860-90ականներուն արժանացած են 8էն 10 տպագրութեան: Գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ «դասական հայերէն»ի սեփական պատկերացումը մշակած է ու կիրարկած՝ իր աշխատասիրութեանց մէջ։
Կարեւոր ներդրում ունեցած է ուղղագրութեան եւ քերականութեան կանոններու ուսումնասիրութեան եւ զարգացման մէջ։ Բայց այս մարզէն ներս եւս ծայրայեղական յայտնագործումներէ զերծ չէ մնացած. ամէնէն ցայտուն եւ անընդունելի պնդումներէն մէկը եղած է, օրինակի համար, թէ հայերէնը մոնկոլական ծագում ունէր։ Հայերէնագիտութեան մարզին մէջ իր գլուխ-գործոցը կը հանդիսանայ 1862ին հրատարակուած «Դպրութիւն կամ քերականութիւն հայերէնի» դասագիրքերու շարքը։
Փիլիսոփայական իր հռչակաւոր աշխատութիւններէն են «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան» (Կ. Պոլիս, 1868), «Համառօտ փիլիսոփայութիւն», «Սկզբունք տրամաբանութեան» (1864), եւ այլն: Յատկապէս «Սկզբունք տրամաբանութեան» գործով, Գարագաշեան ի մի բերած է նիւթապաշտական աշխարհայեացքի իր տեսութիւնները, որոնց առանցքը բնական գիտութեանց եւ հասարակագիտական մտքի հիման վրայ փիլիսոփայական բարդ խնդիրներու լուծում գտնելու մօտեցումը եղած է։
1890ականներուն Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան հրատարակած է աշխարհագրական դասագիրքերու ամբողջ շարք մը, ինչպէս «Աշխարհագրութիւն համառօտ քաղաքական», «Աշխարհագրութիւն ուսումնական» եւ այլն:
1887ին, Յակոբ Գուրգէնի հետ, լոյս ընծայած է «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» պարբերաթերթը՝ 5րդ դարու գրաբարով:
1895ին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած է անոր «Քննական պատմութիւն հայոց» քառահատոր երկասիրութիւնը, որ առաջին փորձը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ներկայացնելու քննական ոգիով, սերտ յարակցութեամբ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ հասարակական յարաբերութեանց հետ: Մատաթիա Գարագաշեանի մշակած հայ ժողովուրդի քննական պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ք.Ե. 5րդ դարու հայ ազգային-ազատագրական շարժումները։
Հայոց պատմութիւնը կը բաժնէ գլխաւոր երկու շրջանի՝ «Նախնական» եւ «Պատմական»։ «Նախնական»ը կը սկսի անյիշատակ ժամանակներէն եւ կը հասնի մինչեւ Տիգրան Մեծ։ Իսկ «Պատմական»ը կը ներառնէ Տիգրան Մեծէն մինչեւ 5րդ դար երկարած ժամանակաշրջանը։
== Աշխատութիւններ ==
Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, Սկզբունք տրամաբանութեան, Կ. Պոլիս, 1864։
Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, Սկզբունք քերականական եւ տրամաբանական վերլուծութեան ի պէտս դպրոցաց, Կ. Պոլիս, 1868։
Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան, Կ. Պոլիս, 1868։
Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, Գործնական քերականութիւն հայ լեզուի, Կ. Պոլիս, 1887։
Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, Գաղղիերէն քերականութիւն ըստ Օլէնտօրֆի, Կ. Պոլիս, 1882։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Մատաթիա Անտոն Գարագաշեան (18181903). Հայ Մտքի տեսադաշտը արդիականացնող իւրօրինակ հսկան գրեց՝ Նազարէթ Պէրպէրեան |
1,201 | Harry Potter and The Prisoner of Azkaban | Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը Հէրի Փոթըր վիպաշարի երրորդ գիրքն է, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ: Գիրքը կը պատմէ Հէրիին երրորդ իւսանողական տարին Hogwarts-ի մէջ։ Հէրին իր ընկերներուն՝ Ռոն եւ Հըրմայոնիին հետ կը լուծեն Սիրիուս Պլաք բանտարկեալին գաղտնիքը: Բոլոր կախարդական աշխարհը կը կարծէր թէ Սիրիուսը Voldemort-ին հետեւորդներէն մէկն է:
Գիրքը հրատարակուած է 8 Յուլիս, 1999 թուականին Bloomsbury Publishing տպարանի կողմէ Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, իսկ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ 8 Սեպտեմբեր, 1999 թուականին, Scholastic Inc տպարանի կողմէն: Ռոուլինկ մէկ տարի այս գիրքին վրայ աշխատած է, եւ անոր գրութիւնը հեշտ եւ դիւրին կը նկատէ: Սկիզբը, Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, այդ վաճառուած է 68.000 օրինակով: 3 տարի վերջ այդ թիւը հասած է 3 միլիոն օրինակի: 1999 թուականին գիրքը յաղթած է Քոսթա մրսակաբաշխութիւնը, իսկ 2000 թուականին Լոքուսի մրցանակը լաւագոյն գիրքի անուանագրութեան:
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ի ֆիլմը հրատարակուած է 2004 թուականին, 796 միլիոն տոլար մուտք եւ շահ գործելով եւ արժանանալով քննադատներու լաւ կարծիքներուն:
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban գիրքին վրայ հիմնուած համակարգիչի խաղը նոյնպէս հրատարակուած է, ստանալով դրական կարծիքներ քննադատներուն կողմէ:
== Նիւթը ==
Գիրքը կը սկսի երբ Հէրին Տարսլիներու տունէն կը հեռանայ որովհետեւ Վերնոնին քոյրը կ'այցելէր իրենց եւ նեղութիւն կ'ուտար Հէրիին: Հէրին փախչելով տունէն, կախարդական հանրակառք մը կը նստի որ իրեն պիտի հասցնէր Լոտնոն: Հանրակառքին վրայ լուրերու թերթ մը տեսնելով, կը գիտնայ թէ մարդասպան՝ Սիրիուս Պլաքը կախարդական Ազքապան բանտէն փախչած է: Հէրին կը մնայ Լոտնոն մինչեւ դպրոց սկսիլը:
Hogwarts-ի ճամբուն վրայ, երբ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին եւ միւս բոլոր աշակերները կը հանդիպին Dementor-ներուն, որոնք Ազքապանի պահպանողներն են եւ բոլոր տեղերը կը շրջին Սիրիուս Պլաքը գտնելու: Սակայն այս Dementor-ները ունին վատ ազդեցութիւն եւ երբ մարդոց մօտ ըլլան, անոնց հոգիները կը քաշեն եւ մարդիկ կը մնան դատարկ եւ տխուր: Այս պատճառով, Հէրին կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ Hogwarts-ի նոր պարոնը՝ Րիմուս Լուփինը կ'օգնէ անոր:
Երբ դպրոցին մէջ դասերը կը սկսին եւ Հէրին ամէն անգամ կ'ազդուի Dementor-ներու ներկայութիւնէն, Լուփինը կ'որոշէ իրեն սորվեցնել ինչպէս Patronus մը կրնաս ստեղծել եւ դիմագրաւել Dementor-ները:
Տարուան ընթացքին, բոլոր աշակերտները որպէս պտոյտ կ'այցելեն Hogsmead եւ հոն Հէրին խօսակցութիւն կը լսէ մի քանի հոցիի մէջ որ կ'ըսէ թէ Սիրիուս Պլաքը, Րիմուս Լուփինը, Փիթըր Փեթիկրիւն եւ Հէրիին Հայրը՝ Ճէյմզը, եղած են շատ լաւ ընկերներ եւ Սիրիուսը նշանակուած էր Հէրիին նախահայրը: Բայց կ'ըսուի թէ Սիրիուսը դաւաճանած է Ճէյմզին եւ Լիլիին ու Voldemort-ին ըսած է անոնց պահուած վայրը. ոչ միայն այս, ալ նաեւ կ'ըսուի թէ ան սպանած է իրենց միւս ընկերոջ՝ Փիթըրին, ձգելով անոր միայն մէկ մատը եւ ուրիշ 11 ոչ կախարդ անմեղ մարդիկ: Այս մէկը լսելէ ետք, Հէրին կ'ուզէ գտնել Սիրիուսին եւ անոր սպաննել:
Նոյն ժամանակ, Հակրիտին արարածը՝ Պաքպիքը վտանքի մէջ էր։ Կախարդական նախարարութեան անդամները կ'ուզէին սպաննել զայն, որովհետեւ ան կը նկատուէր սպառնալիք արարած մը եւ մահապատիժը ենթարկուած է: Հէրի, Ռոն եւ Հըրմայոնին կ'ուզեն օգնել անոր, բայց Ռոնին մուկը՝ Սքապերզը, կը փախչի եւ Ռոն կը սկսի ետեւէն վազել: Յանկարծ կը յայտնուի վայրի շուն մը ու կը վիրաւորէ Ռոնին ոտքը: Հէրին ու Հըրմայոնին կը հետեւին անոնց, եւ շունին փոխարէն անոնք կը գտնեն Սիրիուսին, որ կրնար կերպարը փոխել: Անոնց կը հետեւի նաեւ Լուփինը, ու անոնք իրավիճակը կը բացատրեն երեքին: Անոնք կ'ըսեն թէ, Ռոնին մուկը Փիթըր Փեթիկրիւն է որ իր կերպարը փոխած է երբ մատնած է Ճէյմզին ու Լիլիին եւ յանձանքը նետած է Սիրիուսին վրայ, 'ոչնչանալով' աշխարհէն: Եւ նաեւ Լուփինի կերպարը ամէն ամիս կը փոխուի գայլի, իսկ Սիրիուսն ալ կարողէ փոխուիլ շունի:
Սակայն, այս բոլորը բացատրելէ ետք, Սնէյփը կը հասնի ու տեսնելով Սիրիուսին, Dementor-ները կը հասնին ու կը ձերբակալեն զայն: Փիթըրը կրկին կը փախչի իսկ Ռոնը՝ վիրաւոր կը մնայ հիւանդանոցին մէջ, իսկ Հէրին եւ Հըրմայոնին կը սկսին ձեւեր մտածել օգնելու Սիրիուսին եւ Պաքպիքին: Dumbledore-ը Հըրմայոնիին խորհուրդ կ'ուտայ ու Հէրին եւ Հըրմայոնին Dumbledore-ի տուած գործիքը գործածելով, 3 ժամ ետ կը վերադառնան ու կը փորձեն ազատել անոնց: Սիրիուսը, բանտարկուած կը գտնուէր աշտարակի գագաթը ու անոնք Պաքպիքը ազատ արձակելով, միասին կը թռչին աշտարակին գագաթը Սիրիուսը ազատելու: Երբ այս բոլորը կ'ընեն, Սիրիուսը կը խօսի Հէրիին հետ որպէս իր կնքահայրը եւ հօր ամենամօտիկ բարեկամներէն մէկը, ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հէրիին ու Պաքպիքը առնելով, միասին կը փախչին որպէսզի կախարդական նախարարութեան անդամները եւ Dementor-ները չգտնեն անոնց:
== Հրատարակութիւն ==
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը վիպաշարին երրորդ գիրքն է: Առաջինը՝ Harry Potter and The Philosopher's Stone, որ հրատարակուած է 26 Յունիս, 1997 թուականին: Երկրորդը՝ Harry Potter and The Chamber of Secrets, որ հրատարակուած է 2 Յուլիս, 1998 թուականին: Ճոան, Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը սկսած է գրելու, երկրորդ գիրքը վերջացնելէն մէկ օր յետոյ:
Հէրի Փոթըրի 3 գիրքերուն մէջ, այս երրորդը ամէնէն կարճ ժամանակը խլած է գրուելու մէջ։ Առաջինին գրելը տեւած է 5 տարի, երկրորդը՝ 2 տարի, իսկ վերջինս՝ միայն մէկ տարի: Ճոանի ամենասիրած բաժինը, Րիմուս Լուփինի կերպարին ներկայացումի բաժինն է: Ճոան նաեւ ըսած է: «Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը լաւ գրային փորձ մը եղաւ ինծի համար: Իմ նիւթական խնդիրներս ոչնչացած էին եւ շատ մամուլի ուշադրութիւն ու ճնշում չկար վրաս:»:
=== Քննադատներու ընդունելիութիւն ===
Կրեկորի Մակիրը իր կարծիքը «New York Times» ամսագրին մէջ գրած է ըսելով՝ «Նիւթին կողմէն գիրքերուն մէջ փոփոխութիւն չկայ, սակայն շատ հիանալի պատմութիւն մըն է:»: Թերթին մէջ յիշուած է նաեւ թէ այս գիրքը կարող է ըլլալ վիպաշարին ամենալաւ գիրքը: Kidsreads.com կայքի քննադատը կ'ըսէ՝ «Այս գիրքը կրնայ յաղթահարել միւս 4 գիրքերը որուն վրայ Րոուլինկ կ'աշխատի: Հէրիին 3-րդ տարին կախարդական տարի մըն է:»:
Մարթա Փրաւանոնն ալ նոյնպէս դրական կարծիք մը կը յայտնէ գիրքին վերաբերեալ, անուանելով՝ բաւական լաւ գիրք: Անթոնի Հոլտենը որ այս գիրքի դատողներէն մէկն էր, բացասական կարծիք կը յայտնէ, ըսելով՝ «Բոլոր կերպարները սեւ ու ճերմակ են: Պատմութիւնը կանխատեսելի է, ըսկ զգայականութիւնը չափաւոր է:»:
=== Մրցանակներ ===
Harry Potter and the Prisoner of Azkaban գիրքը յաղթած է շարք մը մրցանակներ: Այդ թուականին: 1999 Պրամ Սկորտի երիտասարդ ընթերցողներու համար նախատեսուած լաւագոյն աշխատանքի անուանակարգումը: 1999 թուականի FCGB երեխաներու մրցանակաբաշխութիւնը: 1999 թուականին Քոսթա գրական մրցանակը եւ 2000 թուականին Լոքուսի մրցանակը լավագոյն վէպ անուանակարգումը։ Այն նաեւ պաշտօնի նշանակուած է 2000 թուականի Հիւկոյի մրցանակին լաւագույն վէպ անվանակարգումին, սակայն պարտուած է: Այն նաեւ յայտնուած է New York Times-ի ամենալաւ վճառումներու ցուցակին մէջ։ 2003 թուականին վէպը BBC-ի 24 գիրքերու շարքին յայտնուած է:
=== Վաճառք ===
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban գիրքը ծախուած է 68,000 օրինակով Մեծ Պրիթանիոյ մէջ։ Հրատարակութիւնէն երեք օր յետոյ այդ դարձած է բոլոր ժամանակներու ամենաարագ վաճառուած Անգլիական գիրքը։ Ընդհանուր վաճառքը 2012 թուականի դրութեամբ կազմած է 3,377,906 օրինակ:
=== Ֆիլմը ===
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban ֆիլմը հրատարակուած է Յունիս, 2004 թուականին: Ֆիլմը ցուցադրուած է 2 շաբաթ ամէն օր: Ունեցած է 96.7 միլիոն տոլար շահ եւ մուտք, ու եղած է ամենայաջող ֆիլմը Շրեք 2-էն ՛յետոյ։ Ֆիլմը կը համարուի 471-րդը «Empire» ամսագիրի 2008 թուականի ցուցակի բոլոր ժամանակներու 500 ամենալաւ ֆիլմերուն մեջ:
=== Համակարգիչի խաղը ===
Համակարգիչի խաղը հրատարակուած է ֆիլմին զուգահեռ: Տարբեր տեսակներ հրատարակուած են Յունիս, 2004 թուականին: Խաղը տարբեր հարթակներու համար է՝ PC, Game Boy Advance, Xbox, Playstation 2 եւ GameCube: Խաղը, ընդհանուր առմամբ, յաջողած է։ Ամենաբարձր գնայատականին արժանացած է «Game Boy Advance» տարբերակին համար՝ 7.5/10:
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,994 | Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու Ցանկ | Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ստեղծուած են Հայոց ցեղասպանութեանն ու անոր զոհերու յիշատակին նուիրուած բազմաթիւ յուշարձաններ, թանգարաններ ու տարբեր կազմակերպութիւններ։
== Ցանկ ==
Ցանկին մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած ամէնէն յայտնի յուշարձանները։
Յուշարձան Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Ջրառատ, Շիրակի մարզ, ՀՀ (1962):
Յուշարձան Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Երեւան (Էրեբունի վարչական շրջան), ՀՀ (1965):
Յուշարձան Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Վարդաղբիւր, Շիրակի մարզ, ՀՀ (1968):
Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան Պուէնոս Այրես, Արժանթին (1985):
Յուշահամալիր Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Իջեւան, Տաւուշի մարզ, ՀՀ (1980-ական):
Խաչքար Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Եղվարդ, Կոտայքի մարզ, ՀՀ (1999):
Խաչքար Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Մասիս, Արարատի մարզ, ՀՀ (2004):
Յուշակոթող Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Դուին, Արարատի մարզ, ՀՀ (2005):
Խաչքար Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն, Աշոցք, Շիրակի մարզ, ՀՀ (2005):
Ցեղասպանութեան յուշարձան Քարտիֆի մէջ, Ուելս, (2007):
Հայոց ցեղասպանութեան ամերիկեան թանգարան, Ուաշինկթըն, ԱՄՆ:
Յուշարձան Միսլաթայի մէջ, Վալենսիա, Սպանիա (2010):
Յուշարձան Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ մէջ, Արիզոնա (2011)
== Ծանօթագրութիւններ ==
Կաղապար:Քոյրյղումներ |
3,327 | Իպերական Թերակղզի | Իպերական Թերակղզի (սպաներէն՝ Península Ibérica}}, քաթալոներէն՝ Península Ibèrica}}, ֆրանսերէն՝ Péninsule Ibérique}}, պասքերէն Iberiar Penintsula), տեղակայուած է Եւրոպայի հարաւ արեւմտեան մասին մէջ եւ կ'ընդգրկէ ներկայիս Սպանիոյ, Փորթուկալի, Ֆրանսայի, Անտորրայի տարածքները եւ Մեծ Բրիտանիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Ճիպրալթարը։ Հարաւ արեւելքէն եւ արեւելքէն սահմանակից է՝ Միջերկրական ծովուն, արեւմուտքէն, հարաւէն եւ հարաւ արեւմուտքէն՝ Ատլանտեան ովկիանոսին, իսկ հարաւ արեւելքէն որոշ հատուածով սահմանակից է Եւրոպայի միւս տարածքներուն։ Անիկա Եւրոպայի երկրորդ մեծ թերակղզին է, որուն մակերեսը 580,000 քմ.² է։
== Աշխարհագրութիւն ==
Իպերական թերակղզին հեռաւոր արեւմուտքի գլխաւոր երեք թերակղզիներէն է՝ իպերական, իտալական եւ պալքանեան: Մնացեալ Եւրոպայէն կը բաժնուի երիտասարդ Իպերական լեռներով։ Ափրիկէի հիւսիսը գտնուող Ատլասի լեռները կը կազմեն Իպերական թերակղզիին հարաւը գտնուող երիտասարդ Անտալուսիան լեռներու շարունակութիւնը։
Թերակղզիին ամբողջ միջին մասը կը գրաւէ Մեսեթա սարահարթը, որ կազմուած է հնագոյն լեռնային ապարներէն։
Իպերական թերակղզին հարուստ է օգտակար հանքերով։ Հոս կան գունաւոր մետաղներու հանքավայրեր, յատկապէս պղինձի հանքեր (հարաւը), հազուագիւտ մետաղներ՝ լիթոմի (Lithium) եւ ուրանումի (uranium) հանքեր (արեւմուտքը), սնդիկի հանքեր (հարաւը), ինչպէս նաեւ երկաթահանք եւ քարածուխ։
Հոս, ուր մեծ քանակութեամբ տեղումներ կ'ըլլան, կ'աճին մշտադալար կաղնիի (խցանակաղնիի) անտառներ եւ մակվիսի (մերձափնեայ մշտադալար մացառներու) բարձր թուփեր։ Թերակղզիին ներքին մասերուն մէջ տեղումները քիչ կ'ըլլան, ձմեռը մեղմ է (+4° +5 °C), բայց երբեմն սառնամանիքներ եւ ձիւնաբուք կ'ըլլայ։ Հոս կը գերակշռեն նօսր, կարճ թփուտները եւ չորութիւն սիրող խոտերը, որոնք կիսաանապատային տեսք մը կու տան։ Հիւսիս-արեւմուտքը՝ Վեկայան ծոցի մօտերը, կլիման ծովային է, բարեխառնէն միջերկրածովայինի փոխուող։ Հոս կը տարածուին լայնատերեւ (հաճարենիի եւ կաղնիի) անտառները եւ հիւթալի խոտածածկ մարգագետինները։
== Բնակչութիւն ==
Բնակչութիւնը բաղկացած է գլխաւորապէս սպանացիներէ եւ փորթուկալացիներէ։ Պասքեան ծոցի ափերուն կ՛ապրին պասքերը՝ թերակղզիիn հնագոյն բնակիչներու սերունդները։
== Աղբիւրներ == |
22,176 | Ապպաս Պայտուն | Ապպաս Պայտուն (արաբերէն՝ عباس بيضون, 1945, Լիբանան), լիբանանցի բանաստեղծ, վիպագիր եւ մտաւորական։
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Ծնած է հարաւային Լիբանանի Շահրուր աւանը: Երկրորդական ուսումը ստացած է Սուր քաղաքին մէջ, ապա տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր Լիբանանեան պետական համալսարանին մէջ հետեւած է արաբերէնի եւ գրականութեան դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ ուսանած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ։
Պաշտօնավարած է Սայտայի եւ Սուրի երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Աշխատակցած է լիբանանեան եւ արաբական մամուլին:
=== Քերթողագիրքերը ===
Հրատարակած է 13 քերթողագիրքեր, որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի են` «Սուր», «Ցաւին քննադատութիւնը», «Սենեակներ», «Մեր զղջումին եղբայրները», «Դատարկութիւնն այս գաւաթին», «Հիւանդի մը, որ յոյսն է», «Արտասանուեցաւ ցուրտին մէջ», «Մարմինը առանց» վարպետի», «Պ. Պ. Պ.», «Մահը մեր չափերը կ՛առնէ», «Հրաւէր` երկու անձի» խորագրեալ հատորները, աւելի ուշ «Ծովը» քերթողագիրք
Ան գրած է նաեւ «Արեան տարրալուծում» վէպը:
Ապպաս Պայտուն ջերմ գնահատանքի արժանացած է գրական շրջանակներու կողմէ, երբ ան 1985-ին լոյս ընծայած է «Ժամանակը` մեծ ումպերով» խորագրեալ իր երախայրիք քերթողագիրքը:
Իր համբաւը տարածուած է, երբ հրատարակզծ է «Սուր» խորագրեալ հատորը, որ քերթողական թարմ ու նորաշունչ լեզուամտածողութեամբ օժտուած դիւցազներգութիւն մըն է:
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,374 | Քրտինք | Քրտինք, կ'արտադրուի ենթամորթին մէջ քրտնաբեր գեղձերու կողմէ եւ կ'արտաթորուի մորթէն դուրս դէպի մորթին մակերեսը:
Քրտնաբեր գեղձերը կը ղեկավարուին ինգնագործ ջղային դրութեան կողմէ (autonomus nervous system):
Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ որոշ քանակութեամբ աղ կը պարունակէ : Քրտինքի միջոցաւ մարմինին ջուրի կորուստը կը կոչուի «գիտակցական-զգալական կորուստ» (sensible loss): Այս գիտակցական կորուստէն անկախ, մարմինը շարունակ եւ անգիտակցաբար ջուր կը կորսնցնէ հիմնականօրէն մարմինի մակերեսէն՝ մորթէն մօտաւորապէս ժամական 50 մլ.: Այս կորուստը կը կոչուի «անգիտակացական-անզգալական կորուստ» (insensible loss):
Ուրեմն, քրտինքը կ'արտադրուի շարունակ որոշ քանակութեամբ մը: Սակայն մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական ֆիզիքական աշխատանքով քրտինքին արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի եւ կրնայ մտահոգիչ դառնալ:
Մարմինի ջուրի կորուստը քրտինքի միջոցաւ կը նպաստէ մարմինի ջերմնականոնաւորման (heat regulation): Քրտինքով տեղի կ'ունենայ մարմինի ջերմատուութիւնը (heat dissipation, loss), այլ խօսքով, ջերմի կորուստ, որ կ'իրականանայ մորթին մակերեսէն քրտինքի շոգիացումով: Այլ խօսքով մարմինը կը զովանայ եւ մարմինին ջերմաստիճանը կը նուազի:
== Քրտնելու Պայմաններ ==
Քրտնաբեր գեղձերը ուղեղի հրամանով գործի կը լծուին եւ կը սկսին առատ քրտինք արտադրել երբ մարմինը ջերմատուութեան պահանջ ունենայ:
Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային ենթամորթին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը առատ քրտինք կ'արտադրեն, արտաթոռուած քրտինքը մարմինի մակերեսէն կը շոգիանայ եւ տեղի կ'ունենայ ջերմատուութիւն:
Պաղ եղանակներուն քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ'արտադրեն, հետեւաբար մարմինի ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:
Քրտինքի արտադրութեան քանակը կը տարուբերի զանազան պայմաններու բերումով:
Պէտք է արձանագրել անապատի 100 ֆերընհայթ աստիճան տաքութեան ենթակայ ըլլալու եւ տարբեր պայմաններու բերումով քրտինքի արտադրութեան աստիճանական նուազումը՝ առաւելագոյնէն-նուազագոյնը.
Առաւելագոյն՝ Մերկ արեւու տակ քալել,
Հագուստով քալել արեւուն տակ, շալկելով 15 քկ. ծանրութիւն,
Հագուստով քալել արեւուն տակ,
Մերկ արեւուն տակ նստիլ,
Հագուստով արեւուն տակ գետինը պառկիլ,
Հագուստով քալել գիշերը,
Հագուստով նստիլ արեւուն տակ,
Հագուստով նստիլ շուքին,
Նուազագոյն՝ Հագուստով նստիլ գիշերը:
== Գեղձեր ==
Քրտնաբեր գեղձերը երկու տեսակ են.
=== Մակերեսային գեղձերը ===
Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմինի մակերեսին վրայ։ Այս գեղձերը կը գործեն ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ քրտինք կ'արտադրեն, որ ամբողջութեամբ կազմուած է առանց հոտի ջուրէ: Այս քրտնաբեր գեղձերն են, որոնք ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւն մարմինի ջերմութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ, մանաւանդ՝ մթնոլորտային բարձր ջերմութեան եւ ծանր մարմնամարզանքի ընթացքին:
== Հիւնադագին երեւոյթներ ==
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝
=== Գերքրտնութիւն (hyperhydrosis) ===
Այս պարագան կը յատկանշուի բնականէն աւելի քրտինքի արտադրութեամբ: Գեր-քրտնութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝
==== Տեղայնական ====
Տեղայնական (localized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի մարմինի որոշ բաժիններուն վրայ, մասնաւորաբար՝ ափերուն, անութներուն (axilla) եւ ներբաններուն վրայ։ Անիկա կը պատահի առաւելաբար՝ ճնշուածութենէ, յուզական եւ զգացական խանգարումներէ եւ վախէ տառապող անհատներու մօտ:
Շրթունքներու եւ բերանի շուրջը պատահած գերքրտնութիւնը կը կոչուի, քիմքային գերքրտնութիւն (gustatory hyperhydrosis): Անիկա կը պատահի համեմներով հարուստ եւ տաք կերակուրներ ուտելու ընթացքին:
==== Համայնական ====
Համայնական (generalized) գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի ամբողջ մարմինին վրայ եւ կը պատահի առանց գերաշխատանքի եւ մարմնամարզանքի:
Անոր բուն ախտապատճառը տակաւին յստակ չէ: Սակայն հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները նկատուած են իբրեւ հաւանական ախտապատճառներ՝
Խլիրդ (քաղցկեղ), մարմնական բորբոքումներ, գերվահանագեղձութիւն, շաքարի նուազում, մակուղեղի (pituitary gland) գերաշխատանք, յղութիւն, դաշտանադադար, աւշագեղձերու ուռ (lymphoma), սպիտակարիւնութիւն (leukemia), սիրտի ներքին պատեանի բորբոքում (endocarditis) եւ կարգ մը դեղեր:
Համայնական գերքրտնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով՝
Հիմնական հիւանդութեան դարմանում, ախտաճանաչումը տեղի ունենալէն ետք,
Քրտնաբեր գեղձերու վիրահատում,
Կիրարկել կողմնակի եւ երկրորդական դարմանամիջոցներ՝ յաճախակի պաղ ջուրով լոգանք, յատուկ օծանելիքներու գործածութիւն, տաք միջավայրէ հեռու մնալ, զովացուցիչ կազմածներու գործածութիւն:
=== Սակաւաքրտնութիւն (hypo-hydrosis) ===
Այս պարագային քրտնաբեր գեղձերը բնականէն նուազ քրտինք կ'արտադրեն: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս տեղայնական է, այսինքն՝ անիկա մարմինի մէկ բաժինին մէջ կը պատահի: Սակաւաքրտնութեան դրդապատճառներն են՝
Տեղայնական մորթի վնաս-հարուած (trauma).
Շողարձակում,
Գեղձերու հիւծում (atrophy), որ կը պատահի մորթային կարգ մը հիւանդութիւներու պարագային՝ պնդամորթութիւն (scleroderma),
Որոշ դեղերու գործածութիւն,
Շաքարախտաւորներու մօտ ջղախտութեան (neuropathy) զարգացումով:
==== Քրտնախաշ (miliaria) ====
Քրտնախաշի պարագային քրտինք կ'արտադրուի, բայց քրտինքի հոսքը դէպի մարմինի մակերեսը տեղի չ'ունենար քրտնաբեր գեղձերու խողովակներուն խցումով եւ անիկա կը մնայ մորթին մէջ։ Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի մորթային փշտիկներու յայտնաբերումով, որ կը յառաջանայ առաւելաբար տաք եւ խոնաւ միջավայրի մէջ ապրելով եւ կամ հաստ հագուստներ հագնելով:
Քրտնախաշի դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով՝
Հեռու մնալ տաք միջավայրերէ,
Զով պահել մորթը, զովացուցիչ կազմածներ գործածել,
Յաճախակի լոգանք՝ պաղ ջուրով,
Լոգանքէն ետք լաւ չորցնել մարմինը,Արգելք հանդիսանալ աւելորդ քրտինք ունենալուն:
=== Որոշ-Վայրերու Գեղձերը ===
Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմինի որոշ վայրերու մէջ միայն: Այս վայրերն են՝ անութները, կրծքապտուկներու շրջապատը (areola), սեռային արտաքին օրկանները եւ ականջացնցուղները: Քրտնաբեր գեղձերը այս վայրերուն մէջ կ'աշխուժանան եւ կը սկսին գործել արբունքի շրջանին ու կ'արտադրեն իւղոտ, կպչուն, թանձր եւ բուրող քրտինք: Կը կարծուի որ այս հեղուկին հոտը սեռային գրգռութիւն կը յառաջացնէ:
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի երկու հիւանդագին երեւոյթներով՝
==== Պրոմհայտրոսիս (Bromhidrosis) ====
Այս հիւանդութեան պարագային ենթական կ'ունենայ անբնական մորթի հոտ մը, որ հետեւանքն է քրտնաբեր գեղձերու արտադրութեան կազմալուծումին եւ բորբոքումին կարգ մը ցպիկներու ներկայութեամբ:
==== Հիտրատինայթիս (Hidradenitis) ====
Անիկա քրտնաբեր գեղձերու թարախոտ եւ երկարատեւ բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի ցաւով, անհաճոյ հոտով եւ մորթի մակերեսին վրայ յայտնուած թարախոտ եւ ուռած փշտիկներով:
Այս երկու հիւանդութիւնները կը դարմանուին հակամանրէական դեղերով:
== Տես Նաեւ ==
Ականջ
Փայծաղ
Ականջային Արիւնահոսութիւն
Գլխապտոյտ
Մանկական Անդամալուծութիւն
Ողնայարի Կողմնածռութիւն
Ջղային Անախորժակութիւն
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 16 Դեկտեմբեր, 2011: |
22,959 | Զազ (երգչուհի) | Զազ (ֆրանսերէն՝ Isabelle Geffroy, Իզապէլ Ժեֆրուա, 1 Մայիս 1980(1980-05-01), Թուր), ֆրանսիացի երգչուհի: Զազ յայտնի է մանաւանդ իր հիթային «Je veux» երգով, իր առաջին՝ «Zaz» ալպոմէն, որ թողարկուած է 2010 թուականին:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է ֆրանսական Թուր քաղաքը՝ 1980 թուականին: Երգչուհիին մայրը սպանացի ուսուցչուհի եղած է, հայրը՝ ելեկտրական ընկերութեան մը մէջ աշխատող:
1985 թուականին ապագայ երգչուհին իր քրոջ եւ եղբօր հետ ընդունուած է Թուրի երաժշտանոցը, ուր յաճախած է մինչեւ 11 տարեկան։ Ան ուսումնասիրած է երաժշտութեան տեսութիւնը, նաեւ՝ ջութակ, դաշնամուր, կիթառ եւ երգչախմբային երգեցողութիւն։
1994 թուականին Զազ փոխադրուած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող Պորտօ քաղաքը եւ մէկ տարի հետեւած է երգեցողութեան դասերու եւ զբաղած է մարզանքով․ ընտրած է արեւելեան մարզաձեւը եւ արհեստավարժ մարզիչի մը հետ պարապած է քունկ ֆու:
2000 թուականին տեղի մարզպետարանէն Զազ կրթաթոշակ կը շահի, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ դառնալ ժամանակակից երաժշտութեան դպրոցի անդամ՝ Պորտոյի երաժշտական գործունեութէան եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ:
Անոր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէին Վիվալտիի «Տարուայ չորս եղանակները», ճազ երգիչներու կատարումները, ինչպէս նաեւ ափրիկեան, լատինական եւ քուպայական կշռոյթները:
2006 թուականին երգչուհին փոխադրուած է Փարիզ։
Ան եղած է «Իզար-Ատաթց» խումբի երգիչներէն մին: Այս բազմանդամ խումբը կազմուած էր տասնվեց հոգիէ, որոնց հետ ան երկու տարի մասնակցած է շրջագայութիւններու։
2011 թուականին Զազ յաղթած է «Եւրոպան առանց սահմաններու» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի ի յայտ կը բերէ տասն զարգացող երգիչներ կամ խումբեր, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին իրենց թողարկած միջազգային ալպոմներով գրաւած են բազմաթիւ հանդիսականներ։
2010 թուականին ֆրանսական «Տելեմա» ամսագիրը յայտարարած է հետեւեալը.
2010 թուականին Զազ թողարկած է իր առաջին ալպոմը, որ կ՚ընդգրկէ իր իսկ գրած եւ համատեղ կազմած երգերը: Նոյն տարին երգչուհին պայմանագիր կնքած է «Caramba» եւ «Sony ATV» ձայնագրման սթուտիոներուն հետ՝ իր հիւրախաղերը կազմակերպելու համար:
Շուտով երգչուհին հրաւիրած են հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներու, որոնք աւելցուցած է անոր ճանաչումը: Զայն կոչած են ֆրանսացի այն արուեստագէտը, որուն երգերը արտասահմանի մէջ 2010 թուականին ամենէն շատ հնչած են եւ այդ նոյն տարին ալ, ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ան ճանչցուած է որպէս 2010 թուականի ամենայայտնի ֆրանսացի երգչուհին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,097 | Գիսաւորներ | Գիսաւորներ (անգլերէն՝ comet), երկնային փոքր մարմիններ, ցեխոտ սառցակոյտեր, որոնք գլխաւորաբար կու գան Օըրթ «ամպէն»: Այդ հսկայ ամպի զանգուածներու գումարը չնչին է, հաւասար լոկ հինգ երկրագունդի:
Գիսաւոր աստղեր կը կազմուին, երբ անջրպետին մէջ ժայռի կտորներ մեծ արագութեամբ տեղափոխուին, ապա մտնեն երկրագունդին մթնոլորտին մէջ, այրին եւ կազմեն լուսաւոր գիծեր:
Գիսաւորները ունին երկարաւուն ձուաձեւ ուղեծիր եւ Արեւու շուրջ պտոյտի երկարատեւ պարբերութիւններ (period), որոնք կրնան տեւել դարեր եւ նոյնիսկ հազարամեակներ:
Երբ գիսաւորը Արեւուն մօտենայ, զայն կազմող թեթեւ նիւթերը կը շոգիանան եւ կը կազմեն երկու պոչեր, որոնք ուղղուած կ’ըլլան Արեւու հակառակ ուղղութեամբ, որովհետեւ Արեւու ճառագայթները «կը փչեն» դէպի դուրս: Փոշեայ պոչը միշտ ետ կը մնայ կազային պոչէն, որովհետեւ շատ աւելի ծանր մասնիկներէ կազմուած է: Գիսաւորը Արեւու մօտ կը մնայ միայն մի քանի ամիս:
Գիսաւորներու թիւը անյայտ է որովհետեւ անոնք կրնան Հալէ-Պափի նման պտոյտի շատ երկար պարբերութիւններ ունենալ։ Ոմանք կ’ենթադրեն, թէ «Բեթղեհեմի Աստղը» Գիսաւոր մըն էր:
== Պաստերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,115 | Լուսենա դել Պուերտո | Լուսենա դել Պուերտո (սպ.՝ Lucena del Puerto), քաղաք եւ համայնք Սպանիայի մէջ, կը մտնէ Ուելվա պրովինցիայի կազմին մէջ, Անդալուզիա ինքնավար մարզ։ Համայնքը կը գտնուի Էլ-Կոնդադո գավառի կազմին մէջ։ Տարածքը 69 քկմ։ Բնակչութիւնը 2659 մարդ (ըստ 2010 թվականի մարդահամարի)։ Պրովինցիայի ադմինիստրացիայէն ունի 24 կմ հեռաւորութիւն։
== Բնակչութիւն ==
== Ծանոթագրութիւններ ==
== Արտաքին հղումներ ==
Պաշտոնական էջ
Lucena del Puerto |
21,020 | Սիւզան Մարգարեան | Սիւզան Մարգարեան (կամ՝ Սյուզան Մարգարյան, 6 Հոկտեմբեր 1961(1961-10-06), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն) հայ երգիչ մըն է: 2003 թուականին ան դարձաւ Հայաստանի Վաստակաւոր Արթիսթ: Ան հայ երգչուհի Սիրուշոյի մայրն է:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,334 | Բիւրական | Բիւրական, գիւղ մըն է որ կը գտնուի Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Արագած լերան հարաւ-արեւելեան լանջին, Ամբերդ Գետակի ձախ կողմը, Աշտարակ տարածաշրջանի Բիւրական համայնքին մէջ, Ծովի մակերեսէն 1475 մեթր բարձրութեամբ: |
3,565 | Լուսնթագ (անձնանուն) | Լուսնթագ, հայկական իգական անուն։ Յառաջացած է համանուն մոլորակի անունէն։ Նորակերտ անուն է։ Փաղաքշական ձեւն է Լուսօ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,968 | Վլատիմիր Աբրահամեան (բանաստեղծ) | Վլատիմիր Աբրահամեան (1 Մայիս 1930(1930-05-01), Լեռնային Ջագիր, Շամխորի շրջան - 27 Յունիս 2017(2017-06-27)), հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, լրագրող եւ Գրողներու միութեան անդամ (1957-էն)։
== Կենսագրութիւնական գիծեր ==
Ազրպէյճանի Լեռնային Ջագիր գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Ազրպէյճանի Վ. Լ. Լենինի անուան մանկավարժական կաճառի լեզուագրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1953 թուականին:
Ուսումը աւարտելէ ետք նախ իբրեւ գրական աշխատող աշխատած Պաքուի «Կոմունիստ» հայկական օրաթերթին մէջ. ապա ստանձնած է նոյն թերթի գրականութեան եւ արուեստի բաժինի վարիչի պաշտօնը՝ մինչեւ 1981։
Ան եղած է «Գրական Ազրպէյճան» հանդէսի խմբագիրը:
== Ստեղծագործութիւններ ==
=== Բանաստեղծութիւններ ===
Աբրահամեան իր բանաստեղծութեան առաջին ժողովածուն՝ «Բողբոջներ» խորագրով առաջին անգամ հրատարակած է 1959 թուականին, որուն յաջորդած են «Սարի շուշաններ», «Կարօտ եւ կանչեր», «Ես իջել եմ լեռներից», «Ուրցի բոյրը», «Եօթ ծիածան» եւ «Աստղ լուսոյ» աշխատութիւնները:
Աբրահամեանի «Ես իջել եմ լեռներից» աշխատութիւնը թարգմանաբար հրատարակուած է նաեւ ազրպէյճանի լեզուով:
=== Թարգմանութիւններ ===
Գրական ստեղծագործութեան ու մամուլի աշխատանքի կողքին Աբրահամեան զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. հայերէնի թարգմանած է ազերի շարք մը բանաստեղծներու եւ գրողներու աշխատութիւնները, որոնցմէ են Աշուղ Ալեսկեր, Սուլէյման Ռուստամ, Սամէտ Վուրղուն եւ այլ գրողներ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հայկ Խաչատրեան (1986), Գրական տեղեկատու, Երեւան, «Սովետական գրող», էջ 20-21։ |
3,594 | Խանասորի Արշաւանք | Խանասորի Արշաւանքը, քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբի դէմ գործադրուած պատժական գործողութիւն մըն է, որ կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ։
== Պատճառ եւ որոշում ==
1896-ին քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, կոտորածի կ’ենթարկէ Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները։ Աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ եւ անզէն տղաք զոհ կ’երթան Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան։
Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկներու խումբը կը գլխաւորէր դաշնակցական Պետօն, արմենական Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը։ 1897-ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովին որոշուեցաւ, որ պէտք է մեծախումբ արշաւախումբով պատժել Մազրիկ ցեղախումբը, նպատակ ունենալով պատժել քրտական ցեղախումբը, լուծել վրէժքը Աւետիսեանի, Պետոյի եւ Մարտիկի, անպատժելիութեան մօտեցումները դադրեցնել եւ հայ ժողովուրդին մօտ ամրապնդել յեղափոխական գործին նկատմամբ իրենց վստահութիւնը։
Վարդան եւ Իշխան Արղութեան կը նշանակուին արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ կը նշանակուին Փոխիկ եւ Ախպեր։ Իսկ Նիկոլ Դուման, որ ներկայացուցած էր արշաւանքին գաղափարը՝ նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։ Սեւքարեցի Սագոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։
== Գործողութիւն ==
24-էն 25 Յուլիս 1897ին լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնցմէ 40-ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը սկսաւ Սալմաստէն, կտրեց Արաուլ Լերան լանջը եւ ուղղուեցաւ Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը, որ ամառնային հաւաքավայրն էր քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին, որուն աշիրէթապետն էր Շարաֆ Պէյը։
Քանի մը ժամուան ընթացքին գործադրուեցաւ ծրագիրը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չեն երկարեր կանանց եւ մանուկներու վրայ։ ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն կ’օգտուի նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կը ճողոպրի։ Կը սպաննուի անոր անձնական հիւրը հանդիսացող թուրք հարիւրապետը։ Գործողութիւնը ամբողջովին կը ծառայէ ճշդուած նպատակին եւ կ’արձանագրուի յաղթանակ։ Գործողութեան ընթացքին կը նահատակուին 25 ֆետայիներ, որոնց շարքին էր Հ․Յ․Դ․ հիմնադիր Ռոստոմի եղբայրը՝ Կարօն։ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի թէ գաղութներու մէջ մինչեւ այսօր կը տօնէ Խանասորի արշաւանքի յաղթանակը։
== Գրականութիւն ==
Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Բ., Թեհրան, 1982, Երեւան, 1990:
Ամուրեան Անդրէյ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Պարսկաստանում /1890-1918/, Թեհրան, 1950, 151 էջ։
Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/116/Dashnak1.pdf
Գրիգորյան Հովիկ, Հայ ազատագրական պայքարի մարտավարությունը 1895-1898 թթ., Երեւան, 2002, 96 էջ, - http://www.armin.am/images/menus/1084/H-Grigoryan.pdf
Աւօ, Խանասորի արշաւանքը, Պէյրութ, 1986, 143 էջ։
Համլետ Գևորգյան, Նիկոլ Դուման, Երեւան, 2002, էջ 58-105, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/942/nicol_duman.pdf
== Արտաքին յղումներ ==
Վահէ Հապէշեան, Voices from the pastԿաղապար:Հայ ազատագրական շարժում |
20,688 | Թովմաս Նազարբէկեան | Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան (Նազարբէկով). ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար տեղակալ, գլխաւոր հրամանատար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, սպարապետ, ազգային հերոս, անկուսակցական, 1918 մայիսեան հերոսամարտերու ընդհանուր հրամանատար:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 4 Օգոստոս 1855-ին, Թիֆլիս, ունեւոր ընտանիքի մը յարկին տակ: Ընդհանրապէս ռուսական շրջանակի մէջ կը կազմաւորուի, զինուորականի իր կրթութիւնը կը ստանայ Մոսկուայի մէջ. ցարական զինուորական բարձրագոյն վարժարանը կ'աւարտէ եւ նորահաս սպայ էր տակաւին, երբ ռազմական իր տաղանդին ու քաջագործութիւններուն կրակի մկրտութիւն կը ստանայ 1877-1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին: Բայց յատկապէս 1904-1905 թուականներուն ռուս-ճափոնական պատերազմին գնդապետի աստիճանով իր մասնակցութեամբ է, որ Նազարբէկովի հերոսական սխրանքները մեծ հռչակ կ'ապահովեն անոր եւ կ'արժանացնեն ցարական բանակի հրամանատարութեան ոսկեայ սուրի պարգեւին:
1903-1905 թուականներուն նաեւ ցարական Ռուսիոյ հակահայ ոտնձգութիւններու ժամանակաշրջաններուն էին: Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման փորձով իր բարձրակէտին հասած «Հայաստանն առանց հայու» ցարիզմին ծաւալած հալածանքը իր հակահայ դրսեւորումը կ'ունենայ նաեւ ռուս կայսերական բանակէն ներս, երբ հայ ծագումով բարձրաստիճան զինուորականները հեռու կը պահուին զօրաբաժիններու հրամանատարութեան իրենց պաշտօններէն: Նոյնը կը պատահի նաեւ զօր. Նազարբէկեանի պարագային, որ անվարան կը ներկայանայ իր գերադասին եւ կը ներկայացնէ ցարական բանակէն իր հրաժարականը` խրոխտութեամբ յայտարարելով, թէ ո՛չ միայն հայկական ծագում ունի, այլեւ լիարժէք հա՛յ է ու հպարտ է իր հայութեամբ:
Ամբողջ տասը տարի ռուսական բանակէն հեռու մնալէ ետք, 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ կ'ապրի հայութիւնը ներգրաւելու նպատակով, ռուսական բանակի վերին հրամանատարութիւնը վերստին ծառայութեան կը կանչէ զօր. Նազարբէկեանը` անոր յանձնելով Կովկասեան Բ. հրացանաձիգ զօրաբաժինի հրամանատարութիւնը:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կռուի Կովկասեան ճակատին վրայ, 22 Հոկտեմբեր 1914-էն կը դառնայ Կովկասեան 2-րդ հրաձգային զօրագունդի, իսկ 18 Նոյեմբեր 1916-ին Կովկասեան 2-րդ հրաձգային բաժինի հրամանատար:
== Գործունէութիւն ==
16-18 Ապրիլ 1915-ի Տիլմանի ճակատամարտին զօր. Նազարբէկեան ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ հարաւ-արեւելքէն` պարսկական սահմանէն Հայաստանի ուղղութեամբ արշաւող Խալիլ փաշային զօրքը, որուն համար կ'արժանանայ Գէորգիեւեան խաչի 4-րդ աստիճանի շքանշանին:
Զօր. Նազարբէկեան մարտական հմտութիւն կը ցուցաբերէ, երբ մուտք կը գործէ Պիթլիս, կ'ազատագրէ Մուշը եւ կ'արշաւէ Վան ուղղութեամբ եւ կ'ազատագրէ Վասպուրականի հայութիւնը:
1917-ին Թիֆլիս հաստատուած Հայ ազգային խորհուրդը հայկական զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատար կը նշանակէ զօրավար Նազարբէկեանը:
10 Ապրիլ 1918-ին Նազարբէկեան հետեւեալ տխրահռչակ հեռագիրը կը ստանայ.Նազարբէկեան կը փորձէ կապուիլ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն չի յաջողիր: Ան կը խորհրդակցի զինուորականներուն հետ, որոնք բոլորն ալ կ'առաջարկեն ենթարկուիլ հրամանին: Թուրքերուն հետ կը բանակցին գնդապետ Մորելը եւ Կարսի կայազօրի պետ Դէեւը:
Ապրիլ 11-ին Նազարբէկեանին կը յանձնարարեն ամբողջ զօրքը տեղափոխել Ալեքսանդրապոլ, որուն կը հետեւին շուրջ 20. 000 բնակիչներ:
Ապրիլ 12-ին` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Կարս կը մտնէ թրքական 11-րդ զօրաբաժինի առաջապահ մասը:
Թովմաս Նազարբէկեանի ընդհանուր հրամանատարութեամբ հայկական զօրքերը Մայիս 1918-ին երրորդ տասնօրեակին կը կասեցնէ թուրքերու հետագայ յառաջխաղացքը Վանաձորի (Ղարաքիլիսա) ուղղութեամբ:
Զօր. Նազարբէկեան պատմակշիռ ներդրում կ'ունենայ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական ճակատամարտերու ղեկավարման մէջ` այնուհետեւ արժանանալով նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային բանակի սպարապետի բարձրագոյն պաշտօնին:
25 Մարտ 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուորական խորհուրդի նախագահ եւ զօրքերու հրամանատար կը նշանակուի:
15 Յուլիս 1919-ին անոր կը շնորհուի զօրավար-տեղակալի կոչում:
=== Հայոց բանակին բերած իր ներդրումը ===
Հայաստանի Հանրապետութեան զօրաբանակի ստեղծման մէջ անուրանալի դեր կ'ունենայ Զօր. Նազարբէկեան:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Նազարբէկեանի որոշումով, հայ զինուորը կ'ունենայ իր յատուկ համազգեստը` ռուսականի փոխարէն, հայերէնի կը թարգմանուի զինուորական կանոնագիրքը ու հայերէնով կը տրուին հրամանները:
===== Վերջին տարիները =====
Խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան տիրացած հայանուն պոլշեւիկները իրենց առաջին հարուածը կ'ուղղեն հայոց սպարապետին`Յունուար 1921-ին. 1200 սպաներու հետ զայն հետիոտն աքսորելով մինչեւ Մոսկուայի մերձակայքը: Ապա` Ռյազանի համակեդրոնացման ճամբար:Թէեւ քանի մը ամիս ետք` Մայիս 1921-ին, խորհրդայինները ներում կը շնորհեն եւ վերջ կու տան հայոց սպարապետին աքսորին, բայց զօրավար Նազարբէկեանի առջեւ վերջնականապէս կը փակուին ազգային ծառայութեան բոլոր դռները:
Ան կ'որոշէ հաստատուիլ իր ծննդավայր Թիֆլիսի մէջ, ուր կ'ապրի ծայրահեղ աղքատութեան մէջ եւ կը գրէ իր յուշերը:
Անկախ Հայաստանի կերտման նուիրուած սպարապետ զօր. Թովմաս Նազարբէկեանը կը մահանայ 19 Փետրուար 1931-ին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Թովմաս Նազարբէկեանի մասին յօդուածը «Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, Գիրք II»
Sahakyan R. O., Lieutenant-General Tovmas Nazarbekyan’s role in military operations of the Russian Army aginst the Turkish genocidal forces (1914-1916). Dedicated to the 160th anniversary of Tovmas Nazarbekyan
Թովմաս Նազարբէկեանի յուշերը (Յուլիս 1914-էն մինչեւ 1 Յունուար 1915)։ Տետրակ 1, Վէմ, Երեւան, 2019. թիւ 1, Յունուար-Մարտ, էջ 268-296: |
4,312 | Ճաք Մա | Մա Իւն, (չին.՝ 马云), Ճեք Մա (10 Սեպտեմբեր, 1964, Հանչժոու, Չինաստան), չինացի գործարար, Alibaba Group ընկերութեան հիմնադիր եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ։ Առաջին գործարարն է Չինաստանէն, որու նկարը յայտնուած է Ֆորպզ ամսագրի կողքին վրայ։ 2014 թուականի Նոյեմբեր ամսուայ տվեալներով Մայի կարողութիւնը կը գնահատուի 29.7 միլիոն տոլար՝ դարձնելով անոր Չինաստանի ամէնահարուստ մարդը։ Աշխարհի ամէնահարուստ մարդկանց ցանկին մէջ կը զբաղեցնէ 18-րդ հորիզոնականը։
== Կենսագրութիւն ==
Ման ծնած է Չինաստանի Չժեցզեան նահանգային Հանչժոու քաղաքին մէջ՝ երաժիշտներու ընտանիքին մէջ։ Փոքր հասակին որոշած է սորվիլ անգլերէն եւ պարբերաբար հեծանիւով կ'երթար մօտակայ հիւրանոց՝ որպէսզի մօտենայ օտարազգիներու հետ։ Լեզուի իմացութիւնն ալ ավելի բարելավելու համար Ման քաղաքին մէջ անվճար զբոսավար կ'աշխատէր զբոսաշրջիկներու համար։Երկու անգամ ձախողած է համալսարանի ընդունելութեան քննութիւնները։ 1988 թուականին աւարտած է Հանչժոուի Մանկավարժական հիմնարկը, ուր սորված է անգլերէն։ Ավելի ուշ սկսած է դասաւանդել այնտեղ՝ վաստակելով ամսական 12-15,000 տոլար։ 1990-ական թուականներու սկիզբին երկար ժամանակ կը փորձէր աշխատանքը տեղաւորվել, սակայն հետագային նշած է, որ չկրցաւ նույնիսկ դառնալ «Kentucky Fried Chicken ծաշարանի ցանցի տնօրէնի (manager) օգնականը»։
== Գործի Կեանք ==
1995 թուականին Ման ուղղեւորուեցաւ Սիեթլ՝ որպէս առեւտրական պատուիրակութեան թարգմանիչ։ ԱՄՆ-ի մէջ ընկերներէն մէկը Ճեքին ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս կ'աշխատի համացանցը։ Սակայն Yahoo! որոնման համակարգով Չինաստանի մասին որեւէ տեղեկութիւն չգտնուեցաւ։ Ման, ով նախկին ժամանակնեորւն ընդհանրապէս գլուխ չէր հանէր համակարգիչը, որոշեց բանալ իր սեփական համացանցային ընկերութիւնը եւ կնոջ ու ընկերոջ օգնութեամբ հաւաքեց նախնական դրամ՝ 2000 տոլար։ Ընկերութիւնը, որ կը զբաղէր կայքերու ստեղծմամբ, Ման անուանեց «Չինական դեղին էջեր»։ Հետագային ան կը յիշում է․
Նիւթապէս սուղ պայմաններու պատճառաւ ընկերութեան գրասենեակը տեղակայուած էր Մայի բնակարանին մէջ։ Երեք տարի անց ընկերութեան եկամուտը կը կազմէր արդէն 5մլն են (մօտ 800,000 տոլար)։
1998-1999 թուականներուն Ման կը գլխաւորէ Չինաստանի Էլեկտրոնային առեւտուրի միջազգային կենդոնը, որ կը հանդիսանար երկրի Արտաքին առեւտուրի եւ տնտեսական համագործակցութեան նախարարութեան բաժիններէն մէկը։ 1999 թուականին Ման որոշեց ձգել այդ աշխատանքը եւ 17 ընկերներու հետ միասին հիմնադրեց Alibaba Group ընկերութիւնը, որ նախատեսուած էր՝ որպէս փոքր եւ միջին ընկերութիւններու համար առեւտրային հարթակ։ Ընկերութեան հիմնադրման համար կը պահանջուէր 60,000 տոլար։ Անուանումը ընտրուեցաւ ցանկացած լեզուով դիւրին արտասանելու պատճառաւ, ինչպէս նաեւ գանձերու մասին յայտնի հեքիաթի հետ ընկերակցելու համար։
1999 թուականի Հոկտեմբերէն 2000 թուականի Յունուարը Alibaba-ն շահեցաւ վենչուրային կապիտալի՝ 25 մլն տոլար ներդրում, սակայն ընկերութիւնը կը շարունակէր վնասով աշխատիլ։ Անյաջողութիւններու շարքն այն ժամանակ աւարտեցաւ, երբ ընկերութիւնը մշակեց համակարգ մը, որ Չինաստանի արտահանողներուն հնարաւորութիւն կու տար գնորդներ գտնել ԱՄՆ-ի մէջ։ 2002 թուականին ընկերութեան հասոյթը կազմեց 1 տոլար, որմէ ետք արագ չափաւորութեամբ աճեց։
2003 թուականէն սկսեալ Ման հիմնադրեց Taobao (eBay-ի չինական տարբերակը), Alipay եւ Ali Mama ընկերութիւնները։ Taobao-ի գրանցած աննախադէպ յաջողութենէն (2006 թուականին eBay-ը ստիպուած էր փակել Չինաստանի մէջ գործող իր ենթաբաժինը՝ անեկամտաբերութեան պատճառաւ) եւ անոր արժեթուղթերու գինի թռիչքէն ետք eBay-ը Մային առաջարկեց գնել անոնցմէ իր գործը, սակայն ետքը հրաժարեցաւ, քանի որ կը ցանկար պահպանել ընկերութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը։ Փոխարէն, Ման ստացաւ Yahoo-ի հիմնադրի՝ Ճերի Յանկի աջակցութիւնը, ով Alibaba-ի մէջ կատարեց 1 միլլիարտ տոլարի ներդրում։ 2012 թուականի Նոյեմբերին Alibaba-ի հասոյթը գերազանցեց 1 դրիլիոն յանը։
2013 թուականին Ման հեռացաւ ընկերութեան նախագահի պաշտօնէն, սակայն մնաց տնօրէններու խորհուրդի նախագահը։
2014 թուականի Սեպտեմբերին յայտարարուեցաւ այն մասին, որ Alibaba-ն կը պատրաստուի արժեթուղթերը դնել Նյու Յորքի Դրամագլխային Առեւտրումի մէջ։ Ընկերութեան պաշտօնական մամուլի հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուէր, որ այն կը ծրագրէ ընկերութիւն բերել 1 մլրտ տոլար, սակայն իրական ներդրումները զգալիօրէն գերազանցեցին ակնկալիքները․ Alibaba-ն ունեցաւ 25 մլրտ տոլարի ներդրում՝ դառնալով պատմութեան մէջ ամէնայաջողակ IPO-ն (անգլերէն՝ Initial Public Offering)։
== Հայացքներ ==
2009 թուականին անոր որոշմամբ Alibaba ընկերութիւններու խումբը վերանայեցաւ իր քաղաքականութիւնը եւ իր բոլոր առեւտրային հարթակներուն մէջ արգիլեց շնաձուկներու լողակներէն պատրաստուած իրերու վաճառքը։
2010 թուականին Alibaba-ի նախագահի պաշտօնէն հեռանալէ ետք Ման դարձաւ Չինաստանի բնապահպանութեան խորհուրդի նախագահը։ Միեւնոյն ժամանակ Ման յայտարարեց, որ Alibaba-ն իր տարեկան եկամուտի 0.3 %-ը կը տրամադրէ շրջակայ միջավայրի զանազան հարցերը կարգաւորելու համար, մասնաւորապէս՝ ջուրի եւ օդի որակին ուղղուած միջոցառումներուն։
== Անձնական կեանք ==
1980-ական թուականներու վերջերուն Ման ամուսնացաւ իր համադասարանցի Չժան Ինի հետ։ Ունին 2 զաւակ՝ տղայ եւ աղջիկ։
== Ձեռքբերումներ ==
Չինաստանի գլխաւոր հեռուստատեսութեան կողմէ ներառուած է «Տարուա Լավագոյն Գործ (Business) Առաջնորդներու» տասնեակին մէջ (2004)
Fortune ամսագիրի կողմէ ընդգրկուած է «Ասիայի 25 ամէնահզոր գործարարներու» ցանկին մէջ (2005)
Businessweek-ը Մայը անուանեց «Տարուայ գործարար» (2007)
Barron’s-ներառեց անոր «Աշխարհի 30 ամէնալաւ գլխաւոր գործադիր տնօրէններու» ցանկին մէջ (2008)
Time ամսագիրը ընդգրկեց անոր «Աշխարհի 100 ամէնաազդեցիկ մարդկանց» ցուցակին վրայ(2009, 2014)
BusinessWeek ամսագիրը անոր ներառեց «Չինաստանի ամէնաազդեցիկ մարդկանց» ցուցակին վրայ (2009)
Forbes China-ն ընդգրկեց «Չինաստանի 10 ամէնահարգուած գործարարներու» ցուցակին վրայ (2009)
Forbes Asia-էն ստացած է «Ասիայի մարդասիրական հերոս»-ի տիտղոսը՝ տարերային աղետներէն տուժածներուն օգնելու համար (2010)
Գիտութիւններու պատուաւոր տոքդոր (Հոնգ-քոնգի Գիտութիւններու եւ արհեստագիտութեան համալսարան, 2013)
Forbes-ը անոր ընդգրկած է «աշխարհի ամէնաազդեցիկ 30 մարդկանց» ցուցակին վրայ
== Գրականութիւն ==
Shiying Liu, Avery Martha (2009)։ alibaba: The Inside Story Behind Jack Ma and the Creation of the World's Biggest Online Marketplace։ HarperCollins։ ISBN 0-06-167219-X
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Չինաստանի ամէնահարուստի՝ Ջեք Մայի օգտակար խորհուրդները
AliBaba.com` խոշորագույն կայքը B2B տիրույթում
Alibaba-ի հիմնադիր Ճեք Ման դարձած է Չինաստանի ամէնահարուստ մարդը |
7,126 | Քէյթի Փերրի | Քէյթի Փերրի (անգլերէն՝ Katy Perry, իսկական անունը՝ Քէյթրին Էլիզապէթ Հատսըն, անգլերէն՝ Katheryn Elizabeth Hudson, ծնած՝ 25 Հոկտեմբեր 1984, Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա, Միացեալ նահանգներ), ամերիկացի երգչուհի, երգահան։
Ապրիլ 2007-ին Փերրին պայմանագիր կնքեց Capitol Records ձայնագրման ընկերութեան հետ։ Ան 2008 թուականին աշխարհի մէջ յայտնի դարձավ «I Kissed a Girl» երգի եւ One of the Boys ձայնասկաւառակի շնորհիւ։ Հետագայ երգերը՝ «Hot n Cold» եւ «Waking Up in Vegas», եւս միջազգային մեծ ճանաչում ստացած էին։ Փերրիի երրորդ Teenage Dream ձայնասկաւառակը հրատարակուած է Սեպտեմբեր 2010-ին։ Այդ սկաւառակէն հրատարակուեցան 6 մեներգներ, որոնցմէ 5-ը բարձրագոյն հորիզոնականներ գրաւեցին ԱՄՆ-ին մէջ․ «California Gurls», «Teenage Dream», «Firework», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)»: Teenage Dream ձայնասկաւառակը կը համարուի առաջին ձայնասկավառակը երգչուհիներու շրջանին, ուր հինգ երգեր հասած են Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական եւ երկրորդ ձայնասկաւառակը Մայքըլ Ճեքսընի Bad ձայնասկաւառակէն ետք։ Մարտ 2012-ին Փերրին վերահրատարակեց Teenage Dream երգը Teenage Dream: The Complete Confection անունով։ Առաջին «Part of Me» երգը առաջին տեղը գրաւեց Billboard Hot 100-ին մէջ։ Ան գլխաւորեց նաեւ Բրիտանիոյ, Քանատայի եւ Նոր Զելանտայի աղիւսակները։ Անոր չորրորդ Prism ձայնասկաւառակը հրատարկուեցաւ Հոկտեմբեր 2013-ին։ Ան գլխաւորեց Billboard 200 ազգային աղիւսակը վաճառքի առաջին շաբթուան ընթացքին, իսկ առաջին «Roar» երգը առաջին համաշխարհային յաջողութիւնն էր, որ գլխաւորած է 17 աղիւսակ։
Փերրին բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր է, անոնց կարգին՝ ան երեսուն անգամ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակին։ 2012 թուականին Billboard երաժշտական հրատարկչութիւնը անուանեց անոր տարուան կին։ Ան կը շարունակէ մնալ միակ երգչուհին, որու յաջողած է 69 շաբաթ շարունակ մնալ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ: Փերրին նաեւ անուանած է թուային դարաշրջանի երրորդ լաւագոյն արուեստագէտը՝ համաձայն RIAA-ի վիճակագրութեան: Ան նաեւ հրատարակած է օծանելիքի սեփական հաւաքածոն՝ Purr, Meow, Killer Queen: Յուլիս 2011-ին վերջը Փերրին միացաւ «Սմուրֆիկներ» նախագիծին՝ հնչիւնաւորելով գլխաւոր հերոսուհիին՝ Սմուրֆեթթա-ին (Smurfette)։ Billboard-ը Փերրիին դասած է 14-րդ հորիզոնականին 2011 թուականի ամենաշատ վճարուող երգչուհիներու ցանկին մէջ։ Յուլիս 2012-ի սկիզբին ան հրատարակած է ինքնակենսագրական փաստագրական տեսաժապաւէն՝ «Քէյթի Փերրի․ Ինծմէ կտոր մը» անունով, ուր ան կը պատմէ իր վերջին համերգային շրջագայութեան՝ The California Dreams Tour-ի մասին։ Նոյեմբեր 2013-ին Փերրին ծախած է 12 միլիոն ձայնասկաւառակ եւ 81 միլիոն երգ ամբողջ աշխարհին մէջ:
== Կենսագրութիւն ==
Քէյթի Փերրին ծնած է Սանթա Պարպարա-ի մէջ։ Քէյթիի թէ՛ հայրը, թէ՛ մայրը աւետարանական եկեղեցւոյ հետեւորդներ էին։ Ան ընտանիքի երկրորդ երեխան է։ Քէյթին աւարտած է Dos Pueblos High School-ը, Քալիֆորնիա 2003 թուականին, շուտով ան տեղափոխուած է Լոս Անճելըս: Այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր: Դեռահասութեյան տարիներուն ան փոխած է իր ազգանունը՝ դարձնելով Փերրի, քանի որ «Katy Hudson» անունը շատ նման էր Քէյթ Հատսընի անուանը։ Փերրին անոր մօր աղջկական ազգանունն է: Քէյթի Փերրիի երաժշտութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած են Queen, Nirvana, Ալանիս Մորիսեթ, Heart, Ճոնի Միթչըլ, Incubus երաժիշտները։
== Երաժշտական ասպարեզը ==
=== 1999-2006: Katy Hudson եւ The Matrix ===
Եկեղեցական երգչախումբին մէջ երգող 15 տարեկան Փերրիին նկատած են Նէշվիլի արդի ռոք երաժիշտները, որոնք առաջարկած0 էին նանոր բարելաւել ու զարգացնել երգեր հեղինակելու իր հմտութիւնները։ Դեկտեմբեր 1999-ին Փերրին ստացած է ամբողջական միջնակարգ կրթութիւն Dos Pueblos High School-ի առաջին կիսամեակէն՝ որոշելով ցգել դպրոցը՝ յանուն իր երաժշտական ասպարեզի։ Փերրին հետեւած է իտալական օբերա-ի կարճ դասընթացքներուն Music Academy of the West-ոմ: Նէշվիլի մէջ Փերրին սկսած է ձայնագրել «դեմօ» տարբերակը եւ դասեր վերցնել գեղջկական ոճի երաժշտութեան փորձառու երաժշիտներէն՝ զարգացնելով երգեր գրելու հմտութիւնները եւ կիթառ նուագելը: Փերրին պայմանագիր կնքեց քրիստոնէական երաժշտութեան Red Hill Records-ի հետ։ Ան ձայնագրեց եւ հրատարակեց իր առաջին ալպոմը՝ Katy Hudson անուամբ, Փետրուար 8, 2001-ին։ Ձայնասկաւառակէն հրատարակուեցան երկու երգեր՝ «Trust In Me» եւ «Search Me»: Ալպոմի յառաջակցութեան համար Փերրին մասնակցեցաւ The Strangely Normal Tour-ին՝ երգեր կատարելու Ֆիլ Ճօըլէն եւ LaRue-էն առաջ: Katy Hudson ձայանսկաւառակը առեւտրային յաջողութիււններ չունեցաւ, սակայն ստացաւ դրական կարծիքներ երաժշտական քննադատներու կողմէն, որոնք կը գովաբանէին անոր տղաանդը։ Չնայած անոր՝ Դեկտեմբեր 2001-ին Red Hill Records-ը սնանկացաւ։
17 տարեկան Փերրին տեղափոխուեցած բնակելու Լոս Անճելըս, ուր սկսաւ աշխատիլ Կլէն Պալարտի հետ անոր եւ Island Records-ի պայմանագիրի շրջանակներուն մէջ:
2004 թուականին Քէյթին միացաւ The Matrix-ի խումբին հետ, որ առաջադրուած է «Կրեմմի» մրցանակի համար եւ որու ամփոփումը կը ներառէր համագործակցութիւն այնպիսի երաժիշտներու հետ, ինչպէս՝ Այվրիլ Լավինը, Շափիրան եւ Korn-ը։ Matrix-ը կը ծրագրէր, որ սեփական ձայնասկաւառակը կը ձայնագրէ Քէյթի Փերրիի հետ։ Նախագիծը վերջ ի վերջոյ չ՛իրականացաւ, քանի որ Փերրին 2004 թուականին յայտնուեցաւ «Պլէնտըր» ամսագիրին մէջ, որ անոր կե նկարագրէր որպէս «The Next Big Thing!»: Հարցազրոյցի ժամանակ Քէյթին յայտարարած էր, որ ան «բնորոշ քրիստոնիայ» չէ՝ յիշեցնելով, որ ան պատանի տարիներուն «բազմաթիւ վատ բաներ» ըրած է: Matrix-ի հետ չի կնքուած պայամանագիրէն ետք Փերրին 2007 թուականին պայմանագիր կնքեց Capitolի հետ։
=== 2007-2009: Համաշխարհային ճանաչումը One of the Boys-ի հետ ===
2006 թուականին Columbia Records-ի հետ պայմանագիրը խզելէն ետք ընկերութեան գործադիր արտադրող Անժելիքա Պեյլըրը խանդավառութեամբ առաջադրեց Փերրիի թեկնածութիւնը՝ դիտարկուելու Ճէյսըն Ֆլոմի՝ ձայնագրութեան Virgin Records ընկերութեան նախագահի կողմէն։ Այդ ժամանակ Ֆլոմը կը փորձէր ստեղծել երաժշտական նախագիծ մը, որ համաշխարհային ճանաչում կը ստանար։ Չնայած Virgin Records-ի գործընկերներու ոչ միանշանակ արձագանքին՝ ան համոզուեցաւ, որ Փերրին տաղանդաւոր է, եւ ան կրնար իրական հեղափոխութիւն դառնալ երաժշտական աշխարհին մէջ։ 2006 թուականի սկիզբէն Columbia Records-ի ներկայացուցիչի հետ երկարատեւ բանակցութիւններ վարելէն ետք պայմանագիր կնքուեցաւ Փերրիի եւ ձայնագրութեան Capitol Music Group ընկերութեան հետ։ Blender ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ երգչուհին նկարագրեց իր զգացմունքները․
Առաջին անգամ, երբ ինծի հետ պայմանագիր կնքեցին, ես նստած էի երեք այլ աղջիկներու հետ, որոնց հետ նոյն ժամանակի ընթացքին եւս պայմանագիր կնքեցին: Անոնք նստեցուցին մեզի եւ ըսին․ «Հնարաւոր է, որ ձեզմէ մէկը օր մը աստղ դառնայ: Միւս երեքը կրնան վերադառնալ Ամերիկա»:
Պայմանագիրի մի մասն էր Փերրի ամբողջ նիւթերու վերահսկողութիւնը, որոնք կը ձայնագրուէին չի հրատարակուած ձայնասկաւառակի համար Columbia Records- հետ պայմանագիր կնքելու ժամանակ։ Անոր հետեւանքով այդ նիւթը մտաւ անոր առաջին ձայնասկաւառակի՝ One of the Boys-ի մէջ։ Ֆլոմը նշեց, որ նիւթը, որ ձայնագրուած էր նախորդ պիտակի հետ համագործակցութեան ժամանակ, շատ ուժեղ էր, սակայն այդ բաւական չէր ամերիկեան եւ համաշխարհային ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար։ Առաւել որակեալ եւ հարուստ հնչողութիւն ստանալու համար ներգրաւուեցաւ արտադրող Dr. Luke-ը, որու հետ Փերրին գրեց «I Kissed a Girl» եւ «Hot n Cold» ստեղծագործութիւնները։ Փերրիի նոր կերպարի ստեղծումը իր կառավարելու գլխաւոր խնդիրներէն մէկը կը համարուէր։ Նոյեմբեր 20, 2007 -ին սկսաւ ծանուցումային արշաւը, երբ հրատարակուեցաւ «Ur So Gay» երգի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը, որ ուղղուած էր Փերրի՝ երաժշտական շուկայ ներգրաւուելուն։ Հրատարակուեցաւ նաեւ փոքր-ձայնասկաւառակ՝ «Ur So Gay» երգի գլխաւորութեամբ՝ համացանցային տիրոյթին մէջ եւ մամուլին մէջ աղմուկ յառաջացնելու նպատակով։ «Ur So Gay» երգը իր բառերով եւ հոլովակով մեղադրուեցաւ ենթադրեալ հոմոֆոպիայի մէջ: Այդ յաջող քայլ էր սկսնակ երգչուհիի համար, քանի որ անոր նկատեց Մատոննան՝ յիշատակելով «Ur So Gay» երգը KISS FM ձայնասփիւռի կայանին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Փերրիի ծանուցումային արշաւի յաջորդ հանգրուանին մէջ երգչուհին երկու ամսուայ շրջագայութիւն անցուց ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ։ Առաջին պաշտօնական «I Kissed a Girl» երգը հրատարակուեցաւ Մայիս 8, 2008-ին։ Capitol Records-ի աւագ փոխ նախագահ Տենիզ Ռիզը փորձեց սկսիլ երգի ձայնասփիւռի շրջանարութիւնը փոքր ազգային ձայնասփիւռի կայաններէն։ Առաջին ձայնասփիւռի կայանը, ուր ընտրուեցաւ նման քայլը, դարձաւ Նէշվիլի The River ձայնասփիւռի կայանը։ Երեք օր աշխուժ շրջագայութենէ ետք ձայնասփիւռի կայանը հեղեղուած էր ունկնդիրներու հիացած զանգերով։ Յունիս 12, 2008-ին Փերրին մասնակցեցաւ «Երիտասարդներ եւ յանդուգններ»ու նկարահանումներուն։ Երգչուհին նաեւ մասնակցութիւնը բերաւ Գեւին Ռոստեյլի «Another Night in the Hill» ստեղծագործութեան մէջ, որ աւելի ուշ մտաւ անոր արհեստագիտական Wanderlust ձայնասկաւառակի երգացանկի մէջ։ «I Kissed a Girl» երգը իրական կը բեկէր փոփ երաժշտութեան մէջ։ Ան 7 շաբաթ շարունակ գլխաւորեց Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակը, ինչպէս նաեւ առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց 20 երկիրներու աղիւսակներուն մէջ։ «I Kissed a Girl» երգի տեսահոլովակը ներկայացուեցաւ Մայիսի 21, 2008 -ին Փերրիի MySpace սոցեալական կայքի պաշտոնական էջին մէջ։
Փերրիի առաջին ձայնասկաւառակը՝ One of the Boys անունով հրատարկուեցաւ Յունիսի 17, 2008-ին։ Ան ստացաւ քննադատներու ոչ միանշանակ կարծիքները։ Ալպոմը սկսաւ իր երթը Billboard 200-ի 9-րդ հորիզոնականէն՝ շաբթական 47 հազար օրինակի վաճառքով։ One of the Boys ձայնասկաւառակը ստացաւ RIAA-ի կողմէն փլաթինէ հաւաստագիր, ամբողջ աշխարհին մէջ ընդհանուր վաճառքը գերազանցեց 5 միլիոն օրինակը։ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Քէյթի Փերրիին քննադատեցին ձայնասկաւառակի՝ ածելիով լոսանկարի համար: Երգչուհին ածելին մոտեցուցած էր դէմքին եւ այդ զայրոյթ յառաջացուցած էր մարդոց մոտ, որոնք դէմ են բռնութեան, քանի որ Լոնտոնի մէջ մեծ թիւով հարձակումներ տեղի կ՛ունենան, որոնք կապուած են դանակի հետ: Լուսանկարը պէտք է միայն ցոյց տար Փերրիի դաժանութիւնը եւ սէրայնութիւնը, եւ ծրագրած չէր այդ նկարը տեղադրել ձայնասկավառի շապիկին: Օգոստոս 2008-ին Փերրին ժխտեց այն հերիւրանքները, որ իր ծնողները դէմ էին իր երաժշտական ասպարեզին՝ յայտարարելով, որ «անոնք ինծի կը քաջալերէին»: Ան նաեւ աւելցուց, որ ծնողները «այնքան ալ» զարմացած չէին իր «Ur So Gay» երգով։ «Hot n Cold» երգը հրատարակուեցաւ որպէս ձայնասկաւառակի երկրորդ երգ եւ հասաւ Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի երրորդ հորիզոնական։ Երգը կը գլխաւորէր ռուսական ձայնասփիւռի վարկանշային Tophit աղիւսակը երկու շաբաթուայ ընթացքին: Բացի այդ՝ ստեղծագործութիւնը առաջինն էր Գերմանիա-ի, Դանիա-ի, եւ Քանատաի մէջ։ Փերրին մասնակցեցաւ Warped Tour շրջագայութեան, որու շրջանակներուն մէջ ելոյթներ ունեցաւ Եւրոպա-ի մէջ։ Ապա Փերրին ելոյթ ունեցաւ իր սեփական Hello Katy Tour շրջագայութեան ժամանակ, որ անցաւ Յունվար 2009-ին ։ «I Kissed a Girl» ստեղծագործութիւնը Փերիին անուանակարգ բերաւ «Կրեմմի» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ որպէս «Կանանց լաւագոյն ձայնամարզութեան փոփ կատարում»: Ան առաջադրուեցաւ MTV Video Music Awards 2008-ի հինգ անուանակարգերու մէջ, սակայն պարտուեցաւ Պրիթնի Սփիրզին Piece of Me տեսահոլովակով։ MTV Europe Music Awards 2008-ի ժամանակ Փերրին յաղթեց «Լաւագոյն նոր կատարող» անուանակարգին մէջ, ուր ան հանդէս կու գար նաեւ որպէս հաղորդավարուհի։
== Անձնական կեանք ==
Քէյթի Փերրին կը հանդիպէր ամերիկեան Gym Class Heroes խումբի մենակատար Թրեւիս ՄքՔոյի հետ, սակայն 2008 թուականի վերջերուն անոնք բաժնուեցան։ Ան նաեւ յայտնուած է խումբի «Cupid’s Chokehold» տեսահոլովակին մէջ:
2009 թուականին երգչուհին սկսաւ հանդիպիլ բրիտանացի կատակերգու Ռասըլ Պրենտի հետ։ Վերջինիս հետ նշանտուքը տեղի ունեցաւՀնդկաստանի մէջ Ամանորի գիշերը: Զոյգի ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 23, 2010-ին։ Դեկտեմբեր 30, 2011-ին Ռասըլ Պրենտը փաստաթուղթեր ներկայացուց՝ ամուսնալուծութեան համար՝ որպէս պատճառ նշելով «անյաղթահարելի անհամաձայնութիւնները»: Նաեւ յայտնի դարձաւ, որ Քէյթիի նախկին ամուսինը չէր ցանկացած ձեռք բերել նախկին կնոջ ունեցուածքի կէսը։ Ամուսնալուծական գործընթացը պաշտօնապէս վերջացաւ Յուլիս 14, 2012-ին:
Ամուսնալուծութենէն ետք Քէյթին սկսաւ հանդիպիլ երգիչ Ճոն Մեյըրի հետ։ Յարաբերութիւններու ընթացքին զոյգը միացաւ ու բաժնուեցաւ երեք անգամ: Յուլիս 2015-ի տուեալներով Քէյթին եւ Ճոնը կրկին բաժնուեր են:
== Ձայնադարան ==
Katy Hudson (2001)
One of the Boys (2008)
Teenage Dream (2010)
Prism (2013)
== Շրջագայութիւններ ==
Hello Katy Tour (2009)
California Dreams Tour (2011-2012)
Prismatic World Tour (2014 - 2015)
== Ձեռքբերումներ ==
Քէյթի Փերրին դարձած է Թվիթթերի առաջին օգտատէրը, որու հետեւորդներուն թիւը գերազանցած է 50 միլիոնը: Այժմ արդեն Փերրիի պաշտօնական էջի հետեւորդներու թիւը կը գերազանցէ 92 միլիոնը:
«Teenage Dream» ձայնասկաւառակը առաջինը կը համարուի երգչուհիներու շրջանին մէջ, որու հինգ երգերը հասած են ամերիկեան Billboard Hot 100 վարկանշային աղիւսակի առաջին հորիզոնական:
Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն 6 երգերը ձայնասկաւառակէ մը («Teenage Dream») գլխաւորած են Billboard Pop Songs վարկանշային աղիւսակը:
Փերրին կը նկատուի միակ երգչուհին, որուն հինգ երգերը միեւնոյն ալպոմէն («Teenage Dream») գլխաւորեցին Billboard Adult Pop Songs վարկանշային աղիւսակը:
Փերրին մէկ անգամ չէ, որ մրցանիշներ սահմանած է շաբթական շրջագայութիւններու թիւով։ «California Gurls», «E.T.», «Last Friday Night (T.G.I.F.)» եւ «Roar» երգերը նմանատիպ մրցանիշներ սահմանած են։ «Roar» երգը կը պահպանէ այդ մրցանիշը՝ սկսած 16,065 շաբթական ձայնասփիւռի շրջանարութիւններէն:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտոնական կայք
Կաղապար:Թուիթըր
Կաղապար:Ֆէյսպուք
Քէյթի Փերրիի Killer Queen օծանելիքի պաշտօնական կայքը |
17,193 | Ամատեան | Ամատեան, հայկական մականուն։
== Մականունը կրողներ ==
Գարեգին Սարգսի Ամատեան (1888-1982), հոգեբոյժ, թմրաբոյժ, բանասէր, հասարակական գործիչ։
Սարգիս Ամատեան (1856-1919), թղթակից:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,208 | Վահան Ղազարեան | Վահան Ղազարեան (1875, Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915, Եդեսիա), հայ բժիշկ, խմբագիր։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1875 թուականին Մարզուանի մէջ։ Նախնական եւ բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է ամերիկացի միսիոնարներու Մարզուանի Անատոլիա գոլէճին մէջ։ 1903-1907 թուականներին ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը եւ աւարտած՝ գերազանցութեամբ։ Ուսանողական տարիներուն հետեւած է հայկական մամուլին եւ գրականութեան ու իր մասնակցութիւնը բերած է։
1911 թուականին Տրապիզոնի մէջ, 1912-1914 թուականներուն Կ. Պոլսոյ մէջ եղած է «Բժիշկ» բժշկա-առողջապահական ամսաթերթի խմբագրապետը։ Բազմաթիւ բժշկական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է։ 1914 թուականին խմբագրած եւ հրատարակած է առաջին համարը «Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց»ի, ամէն տարի հրատարակելու նպատակով։
1914 թուականին, Առաջին աշխարհամարտը սկսելուն պէս, զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ հարիւրապետի աստիճանով ծառայած՝ 153-րդ զօրագունդի 3-րդ գումարտակի զինուորական բժիշկ։ 1915 թուականին Եդեսիոյ` Զմիւռնիա-Ֆոշայի ճամբուն վրայ, սպաննուած է իր զօրահրամանատարներու թելադրանքով` իր իսկ օգնականի ձեռքով, 40 տարեկան հասակին։
== Աշխատութիւնը ==
Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
== Գրականութիւն ==
Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1938։
Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
Սահակեան Լիլիկ., Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներուն, «Առողջապահութիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, 24 Ապրիլ 1985։
Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, “Ազդակ”, 01-11-2012։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
21,136 | Աշկալայի դաշտ | Աշկալա (Աշկալէ, Աշխալի, Աղջակալա, թուրք.` Aşkale), քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրում քաղաքէն շուրջ 40 քմ. արեւմուտք, Երզնկա-Բաբերդ խճուղիին վրայ։
== Պատմութիւն ==
Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Աշկալայի հայ բնակչութեան մէկ մասը գաղթած է Արեւելեան Հայաստան, միւս մասը զոհուած է ջարդերու ընթացքին։
== Բնակչութիւն ==
ԺԹ. դարուն սկիզբը ունէր 1800, իսկ 1909-ին՝ շուրջ 800 հայ եւ թուրք բնակիչ։
== Տնտեսութիւն ==
Կը զբաղէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ, արհեստներով եւ առեւտուրով։
== Օգտակար հանածոներ ==
Գիւղին մօտակայքը կար քարաղի պաշարներ։
== Պատմամշակութային կառոյցներ ==
Աշկալան ունէր երկու եկեղեցի։ Գիւղին մօտ, բարձունքի վրայ, ուր գերեզմանոցն էր, պահպանուած էին հին բերդի աւերակներ։
== Կրթութիւն ==
Գիւղին մէջ կը գործէր դպրոց մը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան» (5 հատորով), 1986-2001, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն:
Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
== Տես նաեւ ==
Էրզրումի նահանգի հայաբնակ բնակավայրեր |
2,408 | Հիլտա Գալֆայեան | Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (1942, Պոլիս, Թուրքիա), մանկավարժ եւ բանաստեղծ, հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր (1973)։
Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան Էսաեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն է։ Փարիզ հաստատուելէ վերջ տեղւոյն Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիր-նախագահը եղած է 1970 թուականին։ Եղած է հայերէնի ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի։ Ան ծանօթ է՝ որպէս արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան պաշտպան եւ համապատասխան աշխատանքը յառաջ կը տանի Փարիզի ՄԱՇՏՈՑ Հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան միջոցաւ, որու հիմնադիր-նախագահն է։
== Կենսագրութիւն ==
Յաճախած է Եսայեան երկրորդական վարժարան, հայագիտական յաւելեալ պատրաստութիւն ստանալով Փրոֆ. Հրանտ Տէր Անդրդասեանէ, բազմավաստակ ուսուցիչ Պեզազեան եւ Կեդրոնական լիսէներու եւ տնօրէն Կեդրոնականի։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է նախ Պոլսոյ համալսարանի, ապա նաեւ Սորպոնի մէջ (Փարիզ)՝ ուր պաշտպանած է տոքթորայի իր թէզը, 1973-ին։ աւարտած է նաեւ Փարիզի Արեւելեան Կենդանի Լեզուներու Վարժարանի հայագիտութեան բաժինը։
Նախ քան հրատարակութիւնը իր երկու հատորներուն, քերթողական ստեղծագործութիւնները եւ գրական-վերլուծման էջերը տեղ գտած են սփիւռքեան մամուլի մէջ,- «Հանդէս Մշակոյթի» (Պոլիս), «Այգ» (Պէյրութ), «Սփիւռք» (Պէյրութ), առաւելաբար «Մարմարա» (Պոլիս):
1980-ին յաջորդաբար լոյս տեսան «Կաթիլ մը» եւ «Լեզուէն անդին» խորագրուած սեւեռումի կը բերուին ընդհանրապէս Մարդուն ու մասնաւորաբար Հայուն միօրեայ կեանքը, յատկապէս ներաշխարհը յուզող երեւոյթներ,- մարդ էակի մարդկայնական եւ անձնական իմացումներուն հակադրուող տմարդի եւ անձնապաւէն հակումներ, մեծամտութիւն ու կեղծիք, դիմակաւոր պարահանդէս եսերու, խզում՝ մարդուն գոյութիւնը արժեւորող իմացական ու հոգեկան ծարաւներէ, երազէ ու տենչերէ, պարտութիւն՝ անկարելիին եւ անիրականին առջեւ, խուսաբեկում տառապանքէ եւ ինքնութիւն կերտելու այն այն բոլոր ներանձնական տագնապներէն՝ որոնք ապրող էակին ասկողոպտելի հարստութիւնը կը կազմեն. «ուրացում սիրելի ու սուրբ բաներու. Փճացում, փոշիացում, ջնջում եւ մոխրացում մեծութիւններու», ինչպէս ինք կ՝ եըէ տեղ մը՝ իր էջերուն մէջ։
Սփիւռքեան հայ կեանքի վերծանելի կամ վկայագրելի իրողութիւննետրէն շատերու անդրադարձը մտածական խորքով ու ձեւի ինքնատպութեամբ յատկանշող իր քերթուածներուն մէջ՝ համակերպութեան եւ պարտուողականութեան ամէն տրամադրութիւն կը մերժէ։ Առանց իրատեսութենէ հեռանալու՝ Հիլտա Գալֆայեան պայքարի յանձնառու հոգի մըն է, որ, տարացիր հայ կեանքի համայնապատկերին դէմ հատորներէն քիչ անդին արտագրուած ու մէկտեղուած երեք-չորս քերթուածներուն մէջ որքան սփիւռքեան մեր ողբերգութիւնը՝ նո՛յնքան եւ տոկալու, բռունցք դառնալու եւ գոյատեւելու յաղթերգութիւնը կայ։
Պոլսէն սերած, իր մտածական ու հոգեկան աշխարհով անմիջական ներկային, Արեւմուտքին որքան Հայութեան պատկանող այս բանաստեղծին Հայ Լեզուի հանդէպ կեցուածքը առանձնապէս վերլուծական քննարկումի արժանի երեւոյթ է՝ «Մեծասքանչ»ին մէջ լեզուէն ու լեզուականէն անդին Հայուն ինքնութիւնը, նկարագիրն ու խառնուածքը, յաւերժութեան ձգտումն ու իրաւունքը, հրաշալի յարութեան գաղտնիքն ու ստեղծագործական տաղանդը որոնող մարդուն համար:
Հիլտա Գալֆայեան իր քերթողութեան ամէնէն տոկուն հոգեյատակը եւ մտածական Էատարրով հարուստ ստեղծումները յաճախ Հայ Քէզուի նուիրած իր այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ կ՝արժեւորէ:
Խառնուածք, իմացականութիւն եւ ստեղծագործ երեւակայութիւն՝ իր առջինեկ քերթուածներուն, արձակին ինչպէս գրական-գեղարուեստական վերլուծութիւններուն վաւերականութիւնը վկայագրող ցայտուն գիծեր եղած են առաջին օրէն, երբ Պոլսոյ Խիենն. Մխիթարեաններու Սանուց Միութեան պարբերաթերթ «Սան»ի եւ օրաթերթ «Մարմարա»յի գրական էջերուն կ՝ աշխատակցէր, բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի խրախուսանքով:
=== Նոր հրատարակութիւն ===
Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Միշտ ծլարձակող»։ Գիրքը կը բովանդակէ հեղինակի շարք մը բանաստեղծութիւնները, որոնք դասաւորուած են չորս գլուխներու տակ՝ հետեւեալ անուանումներով. «Բառն եմ ես Մեսրոպեան», «Միշտ յառաջ», «Յիշողութեան կաթիլներէն», «Տեսիլք»։ Յառաջաբանը գրի առնուած է Սուրէն Դանիէլեանի կողմէ՝ «Պատկերներ սփիւռքեան բանաստեղծութեան տեսլական ճանապարհից» խորագրով։
== Պարգեւներ, կոչումներ ==
Սորպոնի համալսարանի հոգեբանութեան դոկտոր, 1973
Ֆրանսահայ գրողներու միութեան մրցանակ, 1981
Արցախի վարչապետի պատուոգիր, 2009
Սերժ Սարգսեանի շնորհակալագիր, 2009
Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի Խաչատուր Աբովեան մետալ, 2009
Մովսէս Խորենացու մետալ, 2014
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ», Կարօ Աբրահամեան, Ա․ հատոր, Անթլիաս 2004, էջ 21-22։ |
2,128 | Արշտա | Արշտա (կ'ըսուի նաեւ ռշտա, էռիշտա)։ Ուտեստեղէն մը, որ կը պատրաստեն՝ ոչ համեմուած, պինդ խմորէ։ Խմորը կը բարակցնեն, ինչպէս լաւաշը եւ մէկ քանի յարկ ծալլելէ ետք, դանակով երիզաձեւ կը կտրեն, ապա արեւուն տակ կը չորցնեն, ինչպէս նաեւ թոնրիի կամ փուռի մէջ։
Կը համարուի ձմեռուան համար պահածոյ սննդամթերք։ Կ՝ օգտագործուի զանազան կերակուրներու մէջ՝ փիլաւ, ապուր եւ այլ ճաշեր պատրաստելու։ Արշտա կը պատրաստեն, բացի հայերէն, արեւելքի որոշ ժողովուրդներ։ |
6,410 | Վատուց | Վատուզ (գերմաներէն՝ Vaduz, [faˈduːts] կամ [faˈdʊts]) Լիխթընշթայնի մայրաքաղաքն է։ Վատուզն յատկապէս յայտնի է, որպէս միջազգային ֆինանսական կեդրոն։ Բնակչութիւնը՝ 5668 մարդ (30 Յունիս 2019)։
== Պատմութիւն ==
=== Անուանում ===
Վատուզ անունը առաջին անգամ նշուած է 1150-ին։ Վատուզ բառը ռոմանեան ծագում ունի, զոր կը նշանակէ «ջուրի խողովակ» (avadugt, լատիներենէն aquaeductus)։
== Բնակչութիւն ==
== Քոյր-քաղաքներ ==
Կաղապար:Country data Շվեյցարիա Պեռն, Շուէտ
Կաղապար:Country data Ավստրիա Վիեննա, Աւստրիա
Գերմանիա Պերլին, Գերմանիա
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայք։ |
22,336 | Գլոբուս Ազգային անվտանգութիւն | Գլոբուս Ազգային անվտանգութիւն, հայկական հանդէս, յօդուածները նուիրուած են Հայաստանի եւ հայութեան ռազմաքաղաքական, տեղեկատուական, քաղաքակրթական ու հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներուն, հայկական համայնքի կազմակերպչական, անվտանգութեան հիմնահարցերուն։
== Աղբիւր ==
Գիտական տեղեկատուական վերլուծութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող գիտական պարբերականներու ցանկ Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.Կաղապար:Արտաքին հղումներ |
6,081 | Սթիվըն Իունիվըրս | Սթիվըն Իունիվըրս (անգլերէն՝ Steven Universe) Ամերիկեան շարժապատկեր մըն է, ստեղծուած Րէպէքայ Շուկըրի (անգլերէն՝ Rebecca Sugar) կողմէ, եւ որ կը ցուցադրուի Քարդուն Նէթուըրքի (անգլերէն՝ Cartoon Network) վրայ։ Շարժապատկերին պատմութիւնը կը կեդրոնանայ Սթիվըն անունով մանչի մը վրայ, որ կ’ապրի եւ կը մեծնայ երեք կախարդական էակներու հետ, Քրիսդալ Ճէմզ-երը (անգլերէն՝ The Crystal Gems), Կարնէթ (անգլերէն՝ Garnet), Ամէթիսթ (անգլերէն՝ Amethyst), Բըրլ (անգլերէն՝ Pearl), եւ որոնց հետ աշխարհը կը պաշտպանէ իրենց ցեղի վտանքներէն։ Սթիվըն Իունիվըրսը միակ շարժապատկերն է որ ստեղծուած է աղջկայ մը կողմէ, եւ որու գաղափարը մէջտեղ բեռած է Րէպէքան, երբ ուրիշ շարժապատկերի մը վրայ՝ Ատվէնդըր Թայմ ([[անգլերէն՝ Adventure Time]]), կ'աշխատէր։ Ցոցադրուելու կը սկսի Նոյեմբեր 4, 2013-Ին։
Սթիվըն Իունիվըրս ստացած է քննադատական ցնծութիւն իր արուեստի պատկերին, երաժշտութին, ձայնեղութեան, յատկանշման խորութեան, եւ ստեղծաբանութեան գիտութեան կառուցման համար։ Հաղորդաշարքը թեկնածու նշանակուած է Էմի Աուորտի (անգլերէն՝ Emmy Award) նաեւ Աննի Աուորտի (անգլերէն՝ Annie Award)։ Յուլիս 2015-ին հաստատուեցաւ որ հաղորդաշարքը պիտի նորոքուի երրորդ անգամ ըլլալով։ Քոմիքսներ, գիրքեր եւ վիտէօ խաղեր ստեղծուեցան հաղորդաշարքէն ներշնջուած։
== Պատմութիւն ==
Շարժապատկերը տեղի կ'ունենայ յօրինուած Պիչ Սիդի-ին (անգլերէն՝ Beach City) Տէլմարվա Բէնինուլաին մէջ, Ամերիկայի արեւելքը, եւ ուր անմահ կախարդական մարտիկները, Քրիսդալ Ճեմզերը, ծովափին վրայ գտնուող հին տաճառի մը մէջ կ'ապրին։ Անոնց մարմինները իքական, մարդանման ձեւ ունին, եւ որոնք կը ստեղծուին իրենց գոհարներէն, որոնք իրենց կեանքի միջուկներն են։ Քրիսդալ Ճեմերը բաղկացած են, Կարնէթ, Ամէթիսթ, Բըրլ, եւ Սթիվընէ, որ կես մարդ, կես «Ճէմ» մանչ մըն է, եւ որու գոհարը ժառանգած է մորմէ, Ճէմերուն նախկին առաջնորդը, Րոզ Քուորձ (անգլերէն՝ Rose Quartz)։ Սթիվըն կը փորձէ գիտնալ ինչպէս իր կախարդական ուժերը գործածել, միեւնոյն ատեն, ան իր օրերը կ'անցնէ իր մարդ հոր, Կրեկին, մտերիմին՝ Գոնիին (անգլերէն՝ Connie), Պիչ Սիթիի բնակիչներու, կամ Ճէմերուն հետ։
Հաղորդաշարքը կը յայտնէ թէ չորս Ճէմերը մնացորդներ են նախկին քաղաքակրթութենէ մը։ Իրենց այցելած վայրերուն մեծամասնութիւնը աւերակներ էն, որոնք ատենօք կաերւոր էին իրենց մշակոյթին մէջ, սակայն ժամանակի ընդացկին քանդուած են։ Ճէմերը անջատուած են իրենց երկիրէն, եւ յայտնի կը դարնայ թէ հրեշները, որոնց դէմ կը կրուին, ժամանակին իրենց նման էակներ էին, սակայն կորսնցուցած են իրենց բնաւորութիւնն ու միտքը։ Պատմութեան ընդացկին, կը յայտնուի թէ «Րոզ Քուորձ», «Սթիվընին» մայրը, Ճէմերուն երկրին դէմ ապստամբութեան ղեկավարը եղած է, որ յաջողած է։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Կաղապար:Portal
Կաղապար:IMDb title
Կաղապար:Bcdb
Կաղապար:ՖեյսբուքԿաղապար:Steven Universe
Կաղապար:Cartoon Network programming |
21,036 | Նորվան Արք. Զաքարեան | Նորվան Արք. Զաքարեան (Պէյրութ, Լիբանան- 1940): Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորական, Արքեպիսկոպոս, Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական նախկին պատուիրակ:
== Կեանքը ==
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1940-ին: Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքը, ապա իր ուսումը շարունակած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց ընծայարանին մէջ:
1967-ին կը մեկնի ֆրանսա, ուր կը մասնագիտանայ աստուածաբանական եւ հայրաբանական գիտութեանց մէջ:
Ան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1968-ին:
== Գործունէութիւն ==
Ֆրանսայի Թեմի կազմաւորման եւ հիմնադրութեան մէջ ան կ'ունենայ գործօն դերակատարութիւն:
Մինչեւ 1975 կը պաշտօնավարէ Փարիզի Ս. Յովհ. Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ նախագահ կը նշանակուի Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Շինարարական Յանձնախումբին։ Եկեղեցւոյ կառուցումէն ետք՝ 1975-1980 շրջանին առաջին հոգեւոր հովիւը կը դառնայ։
1980-ին կը նշանակուի Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Ռոն-Ալփեան Շրջանի։
14 Փետրուար 1982-ին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս ձեռամբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին։
1987-ին Լիոնի «Էնսթիթիւ Քաթոլիք»-ի մէջ կը հիմնէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» անուամբ ամպիոնը Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան դասաւանդութեան համար։
1988-ին կը հիմնէ Մարգարեան-Փափազեան ամէնօրեայ մանկապարտէզ-նախակրթարան վարժարանը։ Գործօն մասնակցութիւն կը բերէ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու, տեղական եւ միջազգային մակարդակով։
Իր եպիսկոպոսական տարիներուն կը կառուցուին Շարվիէօ Փոն Տը Շէրիւի Ս. Նշան եւ Սէն թ'Էթիէնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, կը հիմնուին Վիէնի եւ Կրընոպլի ծուխերը, ինչպէս նաեւ ձեռք կը բերուի Ռոմանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, շնորհիւ Վալանսի եպիսկոպոսարանին եւ Ռոմանի քաղաքապետութեան։
23 Յունիս 2007-ին, կ'ընտրուի Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ կը նշանակուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ:
Մայիս 2009-ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառին տնօրինութեամբ, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ կը նշանակուի:Ան 45 տարի իր հեզահամբոյր եւ խոնարհ նկարագիրով եւ երկար տարիներու վաստակով կը վայելէ բացառիկ վարկ եւ սէր իր ժողովուրդին կողմէ: Իբրեւ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ ապացուցած է իր կարողութիւնները եւ արժեւորած իր հոգեւոր պաշտօնը ու մանաւանդ իր անվերապահ զօրակցութիւնն ու ներդրումը ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ, միշտ համախմբելով բոլորը, բանիւ եւ գործով հանդիսանալով միասնականութեան ջատագովը:
== Ստեղծագործութիւններ ==
Norvan Zakarian, Jean-Michel Hornus et Philippe S. Sukiasyan, chap. XVIII «L’Église dans l'Arménie contemporaine (1921-2007)», dans Gérard Dédéyan, Histoire du peuple arménien, Privat, 2007, 991 p. (ISBN 978-2-7089-6874-5), p. 741-786
Norvan Zakarian, «Բանաստեղծութիւնը որպէս տեղագրութիւն, La poésie comme topographie», dans Anaïd Donabedian, Siranush Dvoyan et Victoria Khurshudyan (dir.), Krikor Beledian et la littérature arménienne contemporaine, Paris, INALCO Presses, 2021, 412 p. (ISBN 978-2-85831-382-2), p. 177-190
== Ծանօթագրութիւններ == |
8,126 | Յովհաննէս Կիւրեղեան | Յովհաննէս Կիւրեղեան (24 Օգոստոս 1902(1902-08-24), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Մարտ 1984(1984-03-01), Ազոլօ, Թրեվիզ, Վենեթօ, Իտալիա), Ազոլոյ, Իտալիա),
== Կենսագրութիւն ==
Կիւրեղեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս, հայրը՝ Լեւոն եւ մայրը՝ Մարիամիկ Ազարեան։
Իր հօր եւ մօր հետ կը հասնի Իտալիա 1907-ին՝ Հռոմ, կը յաճախէ Ազոլոյի նախակրթարանը, անկէ ետք կը յաճախէ Վենետիկիի «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանը։ Ապա կը հետեւի Փատովայի համալսարանի ճարտարագիտութեան ճիւղին։
1920-ին, կը մասնակցիՓատովա Հայ Ուսանողական Միութեան հիմնումին եւ մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հրատարակութեան տօնախմբութիւններուն։
1924-ին համալսարանը կ'աւարտէ եւ 1926-ին ջրաբաշխութեան մասնագիտութիւնը կ'առնէ (բնաւ չէ աշխատած այդ մասնագիտութեամբ)։ Դափնեպսակը առնելէն յետոյ կ'անցնի Թորինօ՝ Պալլաթորէ տի Ռոզաննա ճարտարապետին մօտ ճարտարապետութեան վարժութիւններ ձեռք ձգելու համար։
== Տոլոմիթեան շրջան ==
Տոլոմիթեան լեռներու ժայռերէն հրապուրուած՝ 1929-ին Թորինօն կը ձգէ ու կը հաստատուի Ֆրասսենէ' եւ կը սկսի զբաղիլ ճարտարապետական աշխատանքներով ու նախագծել իր առաջին շէնքերը։
1929-ի Օգոստոս 25-ին տոլօմիթեան Անիեր լերան՝ հիւսիս-արեւմտեան գագաթին վրայ առաջին մագլցելողը կ'ըլլայ եւ զայն կը կնքէ «Հայ Աշտարակ» (Torre Armena) անունով։ Տարիներ ետք զինք պիտի յիշատակէին իբրեւ արեւելեան Ալպեան լեռներու արդիական ալպինիզմի առաջնորդ մը եւ իր անունը տրուեցաւ Անիեր լերան ոտքին՝ լեռնային ապաւինութեան շէնքին (Rifugio Scarpa/Gurekian)։
1932-ին յանձնակատարը եւ 1933-էն 1946 Նախագահն է Ակորտոյի «Քլուպ Ալփինօ Իթալիանօ» միութեան (այդ շրջանին Իտալիոյ ալպինիզմի ամենակարեւոր միութիւններէն մէկն էր)։
1934-էն 1946, իր ճարտարապետական աշխատանքներով զբաղելէ զատ Ակորտոյի «Հանգային Բարձր Ուսումներու» դպրոցը կը դասաւանդէ։
1936-ին կ'ամուսնանայ Ֆրասսենէցի Տինա Տելլա Լուչիայի հետ։ Երեք զաւակ կ'ունենան՝ Արմէն, Մաննիկ եւ Հայկ։
== Ազոլո ==
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբն Ազոլո Վիլլա Արարատ՝ կը հաստատուի իր ընտանիքով՝ բայց նոյնպէս կապուած կը մնայ իր լեռներուն ու ձորերուն ու հոն բազմաթիւ եւ կարեւոր աշխատանքներ կը նախագծէ ու կը կ'իրականացնէ։
Պատերազմի վերջաւորութեան զինք կը հրաւիրեն Պելլունոյի նահանգին Վերաշինութեան Կոմիտէին մաս կազմելու համար։ Այդ ակումբին մէջ կ'ուսումնասիրէ, ամէն շրջանի համար յատուկ աւանդական շինութեան կերպերը։ Փոխվրէժի համար Գերմանացիներէն հրդեհած Քավիոլա գիւղին նախագիծը կը կարգաւորէ։
1948-ին՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի շրջանին թմրութիւնը վրայէն թօթափելու համար՝ Լոզանի (Զուիցերիա) Պոլիթեքնիք Ճարտարապետութեան համալսարանը] կը գրուի։ Ուսումը եւ քննութիւնները աւարտած՝ (31-10-1950) իր աշխատանքին պատճառով այդ դափնեպսակին չի կրնար տիրանալ։
=== Սեւան Այբբեներան ===
1952-ին՝ իր «Սեւան Այբբեներան եւ գրի դասեր - Առաջին Գիրք, Վենետիկ, Ս. Ղազար» կը տպագրէ եւ յաջորդ տարին նոյն այբբեներանի երկրորդ հատորը լոյս կը տեսնէ։ Այս այբբեներանին նպատակը՝ սփիւրքահայութեան ուղղուած է - յառաջաբանին մէջ կը գրէ - «Անհրաժեշտ էր այբբենարան մը պատրաստել եւ ատով այս ծնողներուն համար գործնական եւ դրական կարելիւթիւն մը տալ, որպէսզի իրենց զաւակներուն հայերէն կարդալ սորվեցնեն, օտար դպրոցներ յաճախել տալէ առաջ»։ 1965-ին՝ այս այբբենարանը, կատարելագործուած եւ բարեփոխուած, կրկին տպագրուեցաւ։
=== Ճարտարապետութեան Աշխատանոցը ===
1964-ին՝ նախ Արմէն զաւակին՝ յետոյ Հայկին հետ, «Կիւրեղեան Ճարտարապետութեան Աշխատանոց»ը (Gurekian Studio Architettura) բացուեցաւ, որ տեւեց մինչեւ իր մահը։ Իր աշխատութիւնը գրեթէ ամբողջովին հասարակաց շէնքերուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, եկեղեցիներուն, ելեկտրական կայաններուն եւ քաղաքաշինութեան նախագիծներուն ուղղուած է։
== Կարեւոր աշխատութիւններ ==
=== 1930 - 1939 ===
1932 Ակօրտօ, հիւանդանոցի ընդլայնում
1934 Ֆրասսենէ’, Վիլլա Փարօլարի
1938 Ակօրտօ, Հանգային Բարձր Դպրոցի ընդլայնում
1938 Քօլլէ Սանթա Լուչիա, տարրական դպրոց
1939 Արապպա, կանոնադրական ծրագիր
=== 1940 - 1949 ===
1940 Լա Սդանկա, ելեկտրոկայանի աշխատաւորներու բնակչութիւնները, դպրոցը ու մատուռը
1941 Քաօրիա, ելեկտրոկայան (վերջացած 1947-ին)եւ աշխատաւորներու բնակչութիւն
1943 Սավինէր, ելեկտրոկայան
1945 Քավիօլա', (նածի-Ֆաշիստներէն) հրդեհուած գիւղի վերաշինութիւն
1945 Քաւիօլա եւ Վօլթակօ, գիւղերու հրդեհուած շէնքերու վերաշինութւին
1946 Փիան Քանսիլիօ, (նածի-Ֆաշիստներէն) հրդեհուած 5 անտառային զօրանոցներու վերաշինութւին
1949 Մարկէրա, 3 աշխատաւորներու շէնքերու վերաշինութւին
=== 1950 - 1959 ===
1950 Բասսօ Տուրան, Քլուպ Ալբինօ Իդալիանօի "Չէզարէ Թօէմէ’"ալբեան խրճիթ
1950 Վօլթակօ, մանկապարտէզ
1950 Սավինէր, ելեկտրոկայանի ընդլայնում եւ կառավարիչի շէնք
1951 Ակօրտօ, ամբարտակի հսկիչի շէնք
1952 Ֆալքատէ, քաղաքապետարանի շէնք
1952 Չիմէ տ’Աութա, Քլուպ Ալբինօ Իդալիանոյի "Ալվիզէ Անտրիք"ալբեան խրճիթ (առաջին նախագիծ - չշինուած)
1953 Արսիէ’, ելեկտրոկայան, կառավարիչի շէնք եւ աշխատաւորներու բնակչութիւններ
1953 Ֆօրթէ Պուզօ, արհեստական լիճի ամբարտակի հսկողութեան շինութիւն
1954 Մէսդրէ, 2 աշխատաւորներու բնակչութիւններ
1956 Ֆրասսենէ’, եկեղեցի եւ զանգակատւն
1956 Ֆալքատէ, մանկապարտէզ
1957 Քուէրօ, ելեկտրոկայան, արհեստանոց, կառավարիչի շէնք եւ աշխատաւորներու բնակավայրեր
1957 Ռէտիփուլիա, ելեկտրոկայան, արհեստանոց, կառավարիչի շէնք եւ աշխատաւորներու բնակավայրեր
1957 Ծէվիօ, ելեկտրոկայան, ամբարտակի հսկողութեան շինութիւն, արհեստանոց, եւ աշխատաւորներու բնակավայրեր
1959 Սէլվա տի Քատօրէ, քաղաքապետարանի շէնք
=== 1960 - 1969 ===
1960 Քօլլէ Սանթա Լուչիա, քաղաքապետարանի շէնք
1961 Մարկէրա, ՍԱՎԱ Ընկերութեան կեդրոնական շէնքի կարգաւորում
1961 Լափփախ, տարրական դպրոց եւ ուսուցիչներու բնակարան
1961 Ֆրասսենէ’ - Մալկա Լօսք, Քլուպ Ալբինօ Իդալիանոյի "Սքարփա"ալբեան խրճիթի կարգաւորում
1962 Լափփախ, ելեկտրոկայան
1962 Կրօն, եկեղեցի
1962 Վալ Սքէնէր, քարայրի մէջ ելեկտրոկայան եւ մուտք, ամբարտակի հսկողութեան շինութիւն եւ հսկիչի բնակավայր
1964 Լօնկարօնէ, եկեղեցիի նախագիծ (չշինուած)
1965 Ֆալքատէ, կանոնադրական ծրագիր
1966 Լիվինալլօնկօ, կանոնադրական ծրագիր
1967 Մշիքքա (Լիբանան), տարրական դպրոց (մրցում)
1967 Ֆրասսենէ’, մանկապարտէզ
1969 Ֆալքատէ' - Ֆորքա Ռօսսա, Քլուպ Ալբինօ Իդալիանօի "Ալվիզէ Անտրիք"ալբեան խրճիթ (երկրորդ նախագիծ - չշինուած)
=== 1970 - 1984 ===
1970 Լոնկարօնէ, ընկերական կեդրոն (չշինուած)
1975 Թեհրան, Գարնի հարկաբաժիններ (մրցում)ու բազմաթիւ տարրական դպրոցներ ու սեփական շէնքեր։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Fondazione Architettura Belluno Dolomiti - Fulvio Bona, Tommaso Del Zenero, Sara Gnech, Ohannés Gurekian, L'ingegneria, L'architettura, L'Urbanistica, Istituto Bellunese di Ricerche Sociali e Culturali, ISBN 978-88-98941-27-8, Godega S.Urbano, 2021.
== Արտաքին յղումներ ==
Կիւրեղեան գերդաստան
Club Alpino Italiano. Sezione Agordina - Rifugio Scarpa/Gurekian
Rifugio Enrico Scarpa/Ohannes Gurekian 100 anni di storia
Asolo |
2,962 | Սիմոն Զաւարեան | Զաւարեան Սիմոն (1865, Լոռի (Այգեհատ) - 17 Հոկտեմբեր 1913 թ., Կ. Պոլիս, թաղուած է Թիֆլիսի Խոջէվանքը), հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866 թուականին, Լոռիի Այգեհատ գիւղին մէջ։ Տարրական կրթութիւնը գիւղին մէջ ստանալէ ետք, Սիմոնը հազիւ 7-8 տարեկան, կ'երթայ Թիֆլիս, ուր պետական ռէալական դպրոցը յաջողութեամբ կ'աւարտէ։ Ապա, կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը մտնէ նշանաւոր «Պետրովկա» գիւղատնտեսական ճեմարանը, զոր կ'աւարտէ 1890-ին առաջին կարգի մրցանակով։ Զաւարեան կը վերադառնայ ԹիՖլիս, ուր արդէն կը նախապատրաստուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը։
Զաւարեան գործօն մասնակցութիւն կ'ունենայ հիմնադիր ժողովներուն ընթացքին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմի) եւ ուրիշներու հետ. եւ կ'ընտրուի Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան առաջին ղեկավար մարմնի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
Հիմնադիր ժողովէն ետք, հայ յեղափոխականներու որոշումով, գործիչ ուժերը կը ցրուին զանազան շրջաններ։ Զաւարեանը, Յովսէփ Արղութեանի հետ, կ'անցնի Տրապիզոն՝ ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնով։ Սակայն քանի մը ամիս չանցած, թուրք կառավարութիւնը կը ձերբակալէ Զաւարեանն ու Արղութեանը որպէս յեղափոխականներ եւ Զաւարեանը կը յանձնէ դատարանին։ Դատի միջոցին, Զաւարեան բաւականին յանդուգն պաշտպանողական ճառ մը կ'արտասանէ քննադատելով Սուլթանի նեխած վարչաձեւը։ Հետեւանքը կ'ըլլայ չորս տարուան բանտարկութեան վճիռ։ Քիչ յետոյ սակայն Զաւարեանն ու Արղութեանը կը փոխադրուին Ռուսաստան եւ հոնկէ Պեսարապիա, ուր աքսորուած էր նաեւ Քրիստափորը։ Այնտեղ Քրիստափորը, Զաւարեանը եւ Արղութեանը երեքով կ'աշխատին Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծրագրի նախագծի պատրաստութեան վրայ։
Աքսորէն վերադառնալէ ետք, 1892-ին Զաւարեան, որու ծածկանուններէն էին Անտոն եւ Օհանեան Սմբատ, կը մասնակցի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր Ժողովին եւ Քրիստափորի ու Ռոստոմի հետ կը մշակէ կուսակցութեան անդրանիկ ծրագիր-կանոնագիրը, եւ այնուհետեւ, մինչեւ 1902 թուականը Զաւարեան կը մնայ ԹիՖլիսի մէջ, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ կուսակցութեան գլխաւոր ղեկավար ուժերէն մէկը։
Առաւելաբար անոր վրայ ծանրացած էին Բիւրոյի գործավարութիւնն ու թղթակցութիւնը։ Պաշտօնով պետական գիւղատնտես, որպէս այդպիսին, յաճախ ճամբորդութիւններ կը կատարէր Կովկասի զանազան կողմերը, ճամբորդութիւնները օգտագործելով նաեւ կուսակցութեան գործերու եւ շրջաններու կազմակերպման համար։
Մինչեւ 1902 թուականը, Զաւարեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնական դէմքն էր Կովկասի մէջ, մանաւանդ 1898էն ետք, երբ Քրիստափորը կը մեկնի արտասահման։ Ան կ'ենթարկուի խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու, բայց միշտ կը մնայ դիրքի վրայ։
1902-ի գարնան, երբ Քրիստափորը փոթորիկի գործով կը մեկնի Ռուսաստան, անոր տեղը Ժընեւ կ'անցնի Զաւարեանը, իբրեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ։
1904-ին, Հ.Յ.Դ. Գ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումով, ՍոՖիայի մէջ, կուսակցութեան որոշումով Զաւարեան կ'անցնի Կիլիկիա Խանասորի Վարդանի հետ՝ յեղափոխական կազմակերպութիւն յառաջացնելու համար։ Զաւարեան կը յաջողի ամրապնդել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ՝ կապելով կուսակցութեան հետ երիտասարդ ուժերը։
1904-ին կը հիմնէ ուսանողական միութիւն մը Լիբանանի մէջ, որը հետագային իր անունով կը կոչուի Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն ։
Սակայն Ռուսաստանի յեղափոխական դէպքերու պատճառաւ, Զաւարեան կը ստիպուի վերադառնալ Կովկաս, անգամ մը եւս նետուելով կուսակցական աշխատանքի մէջ, որպէս Բիւրոյի անդամ, «Յառաջ» օրաթերթի խմբագիրներէն մէկը, իբրեւ ղեկավար դէմք Հ.Յ.Դաշնակցութեան. 1906-ին նախագահ կ'ընտրուի Էջմիածնի Ազգային Կեդրոնական Ժողովին։ Կը մասնակցի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Վիեննայի մէջ։ Կը գլխաւորէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը Մկրտիչ Խրիմեանի յուղարկաւորութեան ժամանակ։
1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ Կովկասի մէջ ծայր տուին հալածանքները դաշնակցականներու դէմ, Զաւարեանը կ'անցնի Պոլիս։ Իսկ Ատանայի կոտորածէն ետք, 1909-ին, անձամբ կ'երթայ Կիլիկիա տեղւոյն վրայ ստուգելու համար թրքական վայրագութիւններուն չափն ու պատճառները։ Եւ ապա Պոլսոյ Պատրիարքարանի որոշումով, իբրեւ Տարօնի ազգային դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ կը ղրկուի Մուշ, ուր կը մնայ մինչեւ 1911 թուականը։ Հոն, մօտէն կը ծանօթանայ տիրող կացութեան եւ իր նպաստը կը բերէ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումին եւ նաեւ նոր թափ կու տայ Երկրի (գաւառի) հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ ինքնապաշտպանման:
1911-ի ամառը Զաւարեանը կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. Վեցերորդ Ընդհանուր Ժողովին, Պոլիսի մէջ։ Հոն ալ կը մնայ Ընդհանուր Ժողովէն ետք, որպէս Բիւրոյի անդամ: Եսայեան վարժարանի ուսուցչական պաշտօնէն դուրս իր ամբողջ ժամանակն ու եռանդը կը նուիրէ կուսակցութեան եւ հասարակական գործունէութեան։ Արդէն առողջութիւնը խանգարուած է:
1913 14 Հոկտեմբերին, իր բնակարանէն «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը գացած ժամանակ Աշխատանքի Տան առջեւ, Զաւարեան կ'իյնայ ուժաթափ՝ փչելով իր վերջին շունչը։
Պոլիսն ու ԹիՖլիսը, ուր տարին անոր աճիւնը Խոջեվանքի գերեզմանոցին մէջ թաղելու համար, արտասովոր յուղարկաւորութիւն կատարեցին։ Աւելի ուշ, 1990ական թուականներու վերջաւորութեան Զաւարեանի աճիւնները փոխադրուեցաւ ԹիՖլիսէն Լոռի։
Կարօ Սասունին իր «Լեռներու Խորհուրդը» գիրքին (Պէյրութ, 1984) «Էնոնք ողջ մնան» գլուխին մէջ, կը նկարագրէ Սիմոն Զաւարեանը՝ տեսուչը: Հատուած մը՝ «...Տեսուչը կ՛անցնէր գիւղերէն, ձեռքը՝ հովուական գաւազան մը: Հագուած էր պարզուկ ու անխնամ: Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը ուր զետեղուած էին իր նօթատետրերը եւ կտոր մը հաց: Ալեխառն մօրուքն ու մազերը հովին տուած, կ՛անցնէր ծաղկած անդաստաններէն...
...Ան տաք ու համատարած շունչի մը պէս կը բացուէր իր շրջապատին, կ՛ընդգրկէր հայ հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը: Անոր տեսքէն կ՛արտացոլար համակ նուիրում մը. կարծես թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որու լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին...:»
Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն: Աշխարհի բոլոր ծագերուն, ուր հայ կայ, անոր անունով անուանուեցան վարժարաններ, ուսանողական, աշակերտական, պատանեկան, եւ երիտասարդական միութիւններ:
== Երկեր ==
Ապակեդրոնացումը, Կ. Պոլիս, 1908, 50 էջ:
Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Ա, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1983, 742 էջ:
Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Բ, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1992, 612 էջ:
Սիմոն Զաւարեան, մահուան եօթանասունամեակին առթիւ, հատ. Գ, խմբ. Հրաչ Տասնապետեան, Պէյրութ, 1997, 720 էջ:
Երկեր, կազմող՝ Դ. Պետրոսյան, Երեւան, 1991, 144 էջ:
== Գրականութիւն ==
Միքայէլ Վարանդեան, Սիմօն Զաւարեան (գիծեր իր կեանքէն), ա. տ., 1927:
Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. Ա., Պոսթըն, 1934, 395 էջ:
Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. Բ., Պոսթըն, 1938, 464 էջ։
Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան. 1890-1950, կազմեց Ս. Վրացեան, Պոսթըն, 1950, 636 էջ։ - http://www.arfd.info/hy/library/docs/HoHiDaHushapatum-1950.pdf
Նշխարներ Սիմօն Զաւարեանէ, Պէյրութ, 1968:
Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992: - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/116/Dashnak1.pdf
Հայկական համառոտ հանրագիտարան, հատ. 2, Երեւան, 1995, էջ 179:
Հայկական հարց հանրագիտարան, Երեւան, 1996, էջ 128:
Զավարյան Վ., Սիմոն Զավարյան, Երեւան, 2000, 156 էջ:
Խուդինյան Գևորգ, ՀՅ Դաշնակցության քննական պատմություն (ակունքներից մինչեւ 1895 թվականի վերջերը), Երեւան, 2006, 439 էջ: - http://www.arfd.info/hy/docs/G%20Khutinian%20-%20HHD%20Qnnakan%20Patmutyun.pdf
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,165 | Ասկարեան | Ասկարեան, հայկական մականուն։
== Մականունը կրողներ ==
Գուրգէն Աշոտի Ասկարեան (1928-1997), ֆիզիկոս։
Մակեդոն Յովսէփի Ասկարեան (1949-2018), կինոռեժիսոր, լուսանկարիչ։
Ռոպերտ Յովսէփի Ասկարեան (1956), գեղանկարիչ, քանդակագործ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,023 | 426 (թիւ) | 426 (չորս հարիւր քսանվեց) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 425-ի եւ 427-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A007304 սեպային թիւ է
A005114 անձեռնմխելի թիւ է
Alt 426 գործադրելիս կը ստացուի կիւրեղեան к տողատառը
426 Հիփփոյ աստեղնեակի կարգային թիւն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,619 | Միհալիյ Զիչի | Միհալիյ Զիչի (հունգարերէն՝ Mihály Zichy, գերմաներէն՝ Michael von Zichy, ռուս.՝ Михаил Александрович Зичи; 15 Հոկտեմբեր, 1827, Զալա գիւղ, Հունկարիոյ թագաւորութիւնԿաղապար:Spaced ndash 28 Փետրուար 1906, Սանքթ Փիթրսպուրկ, Ռուսիոյ կայսրութիւն)՝ եղած է ազնուական ծագումով հունկար նկարիչ եւ գծանկարի վարպետ:
== Կենսագրութիւն ==
Միհաիյ Զիչին եղած է Հունկարիոյ նկարչութեան նշանաւոր ներկայացուցիչ մը: 1842-էն ետք Փեշտին մէջ իրաւագիտութիւն ուսանելուն ատենը նաեւ յաճախած է Եաքապ Մարասթոնիի նկարչութեան դպրոցը: 1844-ին Վիէննային մէջ աշակերտած է Ferdinand Waldmüller-ին. Այս ժամանակուայ առաջին խոշոր գործը «Կենաց Նաւակն»" է: Waldmüller-ի երաշխաւորումով ան դարձաւ նկարչութեան ուսուցիչ Սանքթ Փիթըրսպուրկին մէջ։ Կաթչինայի որսորդութեան ատենը պատկերած ցարի նկարաշարը բարձրացուց անոր դէպի արքունական նկարչի դիրք:
Սպանական ինքուիզիցիոնի սարսափի տպաւորութեան տակ 1868-ին ստեղծեց "Autodafé" կտաւը: 1871-ին ճամբորդեց ամբողջ Եւրոպայով մեկ եւ հիմնաւորուեցաւ Փարիզին մէջ 1874-ին:
1881-ին եղաւ Թիփղիսին մէջ, Վրաստան, որտեղ սկսաւ «Ընձենաւորի» նկարազարդման աշխատանքները: Ան նկարեց ընդհանուրը 35 նկար: Հրատարակութեան մէջ ընդգրկուեցաւ 27 նկար: Նկարիչը հրաժարեցաւ աշխատանքին դիմաց վճարէն, անանկ տպաւորուած էր պոէմով:
Միհաիյ Զիչին մացած է 1906-ին Սանքթ Փիթըրսպուրկ եւ թաղուած է Պուտափեշտի Քերէփեշի գերեզմանատանը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,272 | Ճէյտըն Սմիթ | Ճէյտըն Քրիսթոֆըր Սայր Սմիթ, (անգլերէն՝ Jaden Christopher Syre Smith, ծնած է 8 Յուլիս, 1998 թուականին:) Ան ամերիկացի դերասան, պարող եւ երգիչ մըն է։ զաւակն է Ուիլլ Սմիթի եւ Ճատա Սմիթի:
Ճէյտըն ունի մէկ եղբայր (Թրէյ Սմիթ, ծնած 1996 թուականին) եւ մէկ քոյր (Ուիլլօ Սմիթ, ծնած 2000 թուականին):
Ճէյտըն Սմիթինին ամէնէն առաջին դերը եղած է The Pursuit of Happyness 2006 թուականի ֆիլմին մէջ, որուն մէջ մաս կազմեց իր հօր հետ երբ միայն 8 տարեկան էր, կատարելով փոքր Քրիսթոֆըր Կարտընըրին կերպարը:
Սմիթը իր յաջորդ դերը ունեցաւ 2008 թուականին, The Day the Earth Stood Still գիտական ֆիլմին մէջ:
2010 թուականին, Ճէյտընը Ճեքի Շանին հետ գլխաւոր դեր մը ունեցաւ The Karate Kid ֆիլմին մէջ:
Մայիս, 2013 թուականին, Ճէյտըն իր հօր հետ մասնակցեցաւ After Earth ֆիլմին մէջ:
2014 թուականին յայտարարուեցաւ թէ The Karate Kid 2 ֆիլմը պիտի հրատարակուի, եւ Ճէյտըն ու Ճաքի Շան կրկին անոր մէջ մաս պիտի կազմեն:
== Դերեր ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
428 | 1737 թուական | 1737 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 37րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1737 ծնունդներ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1737 մահեր
Ապրիլ 18՝ Աբրահամ Գ Կրետացի (ծ.թ.անյայտ, Կրետէ կղզի), պատմագիր, Կաթողիկոս Հայոց
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,143 | Մարտիրոս Մնակեան | Մարտիրոս Մնակեան (1837-1920), պոլսահայ թատերական գործիչ, բեմադրիչ, դերասան։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Պոլիս, 1837-ին։ Հասգիւղի (Խասգէոյ) «Ներսէսեան» վարժարանի շրջանաւարտներէն էր, որ հազիւ ուսումը աւարտած՝ օգնական ուսուցիչի պաշտօնին կոչուած էր միեւնոյն դպրոցին մէջ։
Քսան տարեկանէն նուիրուած է հայ թատրոնին։
== Թատերական գործունէութիւն ==
Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքը եւ Ազգային Զարթօնքի շարժումը թափ առին յատկապէս հայ թատրոնի ծաղկումով, որ հաւասարապէս թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ Թիֆլիսի մէջ ի մի բերաւ հայ գրականութեան, բեմարուեստի, կերպարուեստի եւ գեղանկարչութեան երիտասարդ նուիրեալները։
Ընդհանուր այդ հոսանքին սիրողաբար միացաւ Մնակեան 1857-ին։ Հայ ուսուցիչի նիւթական անձուկ պայմաններուն մէջ ապրող երիտասարդ Մնակեանին առջեւ թատրոնը բացաւ ինքնադրսեւորման ու կեանքի մեծապէս խոստմնալից ասպարէզ մը եւ ան շուտով հեռացաւ ուսուցչութենէն ու ամբողջապէս նուիրուեցաւ բեմական գործունէութեան։
Հայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած իր յուշերուն մէջ, Հրանտ Ասատուր հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները կը փոխանցէ Մարտիրոս Մնակեանի բեմական աշխարհ մուտքին մասին.
Հասգիւղի ներկայացումներէն ետք մասնակցած էր Բերայի առաջին ներկայացման՝ Արիստոտէմի, որմէ Մնակեանի բաժնին 500 ղրուշ գոյացած էր։ Մնակեան այնչափ երջանիկ էր, որ այդ օրը ա՛լ կ’որոշէր թողուլ ուսուցչութիւնը եւ ինքզինքը տալ դերասանութեան։
«Իր յաջողութիւնը քաջալերիչ եղած էր եւ փայլուն ապագայ մը կը պսպղացնէր իր հմայուած աչքերուն առջեւ։ Ուստի իսկոյն գացեր էր միանայ առաջին օրէն Արեւելեան Թատրոնի խումբին եւ «Մեղու» կը յիշէ զայն առանց մականունի՝ «Պ. Մարտիրոս»ի վրայ խօսելով առաջին ներկայացման առթիւ իսկ։ Ետքէն թերթերը կը խօսին «Մնակեան»ի վրայ, մանաւանդ երբ Վարդովեանի հետ Իզմիր կ’երթայ, ուր մեծ յաջողութիւն կը գտնէ 1862-ին։ Այսպէս, Արեւելեան Թատրոնի երկրորդ տարեշրջանին Մնակեանն ալ, Վարդովեանի պէս, կը հեռանայ Արեւելեան Թատրոնի խումբէն, հաւանաբար չկրնալով հանդուրժել այն առաջնակարգ դիրքին, զոր ձեռք բերած էր Էքշեան, նիւթապէս վայելելով առիւծի բաժինը թատերական հայսոյթներէն եւ առաջին դերերուն մէջ, գրաւելով միշտ թատերաբեմը, ուր կ՛արժանանար ժողովուրդին ջերմ ծափերուն»։
Զմիւռնիոյ մէջ իր գտած ջերմ ընդունելութենէն խանդավառ, Մնակեան քանի մը հայ, յոյն եւ թուրք դերասան ընկերներով կը հիմնէ «Վասպուրական» թատերախումբը, որ յատկապէս ֆրանսական երաժշտախառն կատակերգութիւններով լայն հասարակութիւն կը գրաւէ։ Այս շրջանին կ՛ամուսնանայ եւ բեմական իր գործունէութեան կողքին կը վերադառնայ ուսուցչութեան՝ նախ Ադրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, ապա՝ վերստին Պոլիս։ Ուսուցչութիւնը բնաւ արգելք մը չեղաւ, որպէսզի Մնակեան՝ արդէն իբրեւ հանրածանօթ դերասան եւ թատրոնի ղեկավար, նոր թափով լծուի բեմական գործունէութեան։ Կը գործակցի «Մաղաքեան Թատրոն»ին, Կէտիկ Փաշայի Թատրոնին եւ, թուրք դերասան իր ընկերներու հրաւէրով, Օսմանեան Թատերական Ընկերակցութեան հետ։
Պոլիսով չսահմանափակուեցաւ Մնակեանի հետագայ գործունէութիւնը։ Պ. Ադամեանի, Արուսեակի եւ Սիրանոյշի արժէքով մեծատաղանդ դերասաններու հետ, Մնակեան շարունակ թատերական ելոյթներով շրջագայեցաւ ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին (հայկական նահանգներէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ ու Եգիպտոս, պարբերաբար վերադառնալով Զմիւռնիա եւ Էտիրնէ), այլեւ՝ հասաւ մինչեւ Թիֆլիս, ուր ռուսական թատերախաղներու մէջ իր ստանձնած կատակերգական փայլուն դերերով՝ ուղղակի հմայեց հայ, վրացի եւ ռուս հանդիսատեսը։
Մարտիրոս Մնակեան անուրանալիօրէն մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ թրքական թատրոնի ծաղկումին մէջ։ Նոյնինքն թրքական աղբիւրները յատուկ կարեւորութեամբ ու գնահատանքով կ՛անդրադառնան հայ բեմի վարպետին աւանդին՝ իբրեւ օսմանեան թատրոնի զարգացման նախակարապետներէն մէկը։
1900ականներուն Մնակեան ղեկավար գործունէութիւն ունեցաւ թրքական մեծագոյն թատրոններուն մէջ, յատկապէս Օսմանլը Տռամ Քոմփանիասիի (Օսմանեան Թատերական Ընկերակցութիւն) հետ, որ Մնակեանի եւ ընկերներու իբեմադրած աւելի քան 250 գործերու բեմականացումով՝ կը նկատուի 20-րդ դարասկիզբի թրքական թատրոնի մեծագոյն ներկայացուցիչը։ Իր այդ վաստակին համար Մնակեան թատերական դասաւանդութեան հրաւիրուեցաւ Օսմանեան Պետական Երաժշտանոցին մէջ։
1912-ին, պետական շուքով տօնուեցաւ Մնակեանի թատերական գործունէութեան յիսնամեակը եւ հայ թատրոնի վարպետը արժանացաւ Սուլթանի յատուկ շքանշանին։
Մարտիրոս Մնակեան կը մահանայ 1916-ին, երբ առողջական վիճակն ու սեփական ժողովուրդին ազգային մեծ ողբերգութիւնը՝ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրը ամբողջապէս ինքնամփոփ դարձուցին կենսուրախ եւ կենսայորդ հայ դերասանապետը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
«Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ, էջ 139-193։ |
21,628 | Ռոպերթ Պ. Թոմաս | Ռոպերթ Պ. Թոմաս (անգլերէն՝ Robert Bailey Thomas,1766, Grafton, Վուստեր շրջան, Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 19 Մայիս 1846(1846-05-19), Մասսաչուսէթս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ան ամերիկացի մըն էր, որ 1792 թուականէն ի վեր մասնաւորապէս հողագործներու համար կը պատրաստէր եւ կը հրատարակէր «Old Farmer's Almanac» անունով օրացոյց մը, որ կը պարունակէր ցանք-բերքահաւաքի ժամանակը, բաղադրատոմսեր, ասացուածքներ եւ այլն։ Օրացոյցը ունէր նաեւ գուշակութիւններու բաժին մը, որով կ՚առանձնանար իր մրցակիցներէն։
Թոմաս, որ տարիներ շարունակ ուսումնասիրած էր Արեգակնային դրութիւնը, աստղագիտութիւնը եւ եղանակային փոփոխութիւնները՝ ըստ տարիներու, 80 տոկոս ճշգրտութեամբ եղանակային գուշակումներ կատարած էր եւ զանոնք ներառած՝ օրացոյցին մէջ։
Շնորհիւ «Old Farmer's Almanac»ի, որ մեծ համբաւ ձեռք բերած էր, մարդիկ գիտէին անձրեւոտ կամ արեւոտ եղանակի մասին եւ համապատասխանաբար կը ձեւաւորէին բերքահաւաքի ժամանակը։ Նոյնիսկ ձկնորսները կ՚ապաւինէին օրացոյցին՝ ճշդելու համար իրենց ձկնորսութեան ժամանակը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,331 | Էնրիքէ Իկլեսիաս | Էնրիք Իկլեսիաս (սպ.՝ Enrique Miguel Iglesias Preysler, 8 Մայիս 1975, Մատրիտ, Սպանիա), սպանացի երգիչ, երգահան եւ դերասան։ Գործի սկսեր է կեղծ անունով աշխատիլ մեքսիքական հաստատութիւն՝ FonoMusic-ի համար։ Էնրիքը լադինամերիկեան երաժշտութեան ամենայայտնի ներկայացուցիչներէն է։ Արժանացած է շատ մրցանակներու։ Անոր խտասալիկներու վաճառքի ընդհանուր թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 100 միլիոն։ Իր գործի ընթացքին թողարկած է աւելի քան 40 առանձին, եւ 10 ալպոմ, որոնք 116 անգամ դարձած են բլատինէ, 227 անգամ ոսկէ։
Իկլեսիասը աշխարհահռչակ երգիչ Խուլիօ Իկլեսիասի որդին է։
== Կենսագրություն ==
Ծնած է 1975 թուականի Մայիսի 8-ին, Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ։ Անոր ծնողքը սպանացի երգիչ Խուլիօ Իկլեսիասը եւ ֆիլիփփինուհի լրագրող Իզապէլ Փրէյսլըրն են։ Ան ընտանիքի երրորդ եւ վերջին զաւակն է։ Էնրիքէի ծնողքը գործի պատճառով չեն կարողացած երկար ժամանակ յատկացնել իրենց զաւակին եւ ան կը մնար դայեակի՝ Մարիա Օլիվարեսի հետ։ Երբ Էնրիքէն 3 տարեկան էր, ծնողները բաժնուեցան եւ ան մնաց մօր հետ Մատրիտ, իսկ հայրը տեղափոխուեցաւ Մայամի՝ երգեր ձայնագրելու նպատակով։ Հետագային Էնրիքէն նոյնպէս կը տեղափոխուի Մայամի եւ կը սորվի «Gulliver Preparatory School» դպրոցին մէջ։
Փոքր տարիքէն Էնրիքէն երազած է երգիչ ըլլալու մասին եւ մանկութեան գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք պիտի դառնային երգերու բառեր, սակայն հօր ճնշումին պատճառով, ընդունուած է Մայամիի Համալսարանը, business–ի ճիւղը։
1994 թուականին ան կը լքէ ուսումը եւ պայմանագիր կը կնքէ լէյպըլ "FonoMusic"-ի հետ։ Էնրիքէ իր երաժշտական կեանքը սկսած է Մարթինէզ անունով։
Իսկ 1995 թուականին ստեղծեր է իր առաջին «Si Tu Te Vas»-ը։ Նոյն թուականի նոյեմբերի 21-ին թողարկեր է իր առաջին «Enrique Iglesias» ալպումը։
== Շրջակայութիւններ ==
Vivir World Tour (1997)
Cosas Del Amor (1998)
Enrique World Tour (2000)
One Night Stand Tour (2002)
Don't Turn Off The Lights Tour (2002)
Seven World Tour (2004)
Insomniac World Tour (2007)
Greatest Hits Tour (2009)
Euphoria Tour (2010–12)
Enrique Iglesias & Jennifer Lopez Tour (2012)
Enrique Iglesias India Tour (2012)
Sex and Love Tour (2014-)
== Յղումներ ==
Երգչի պաշտօնական կայքէջ
Էնրիքէն |
20,682 | Չարլզ Սոպրաժ | Հոչարտ Պհաունանի Կուրումուխ Չարլզ Սոպրաժ (անգլերէն՝ Charles Sobhraj, 6 Ապրիլ 1944(1944-04-06), Հոշիմին, Վիետնամ), Ֆրանսացի ճանչցուած մարդասպան, խաբեբայ եւ գող: Ան հանրածանօթ է որովհետեւ կը խաբէր Արեւմուտքէն Հարաւային Ասիա ժամանած հիփփի զբօսաշրջիկները 1970ական թուականներուն: Ան ծանօթ է իբր «Լողազգեստի Սպանողը» (անգլ.՝ «the Bikini Killer») որովհետեւ իր սպանած զոհերէն շատեր լողազգեստով գտնուած էին: Ան նաեւ ծանօթ է իբր «Օձը» (անգլ.՝ «the Serpent»), որովհետեւ ունէր կարողութիւնը սահմանէ սահման սպրդելու, առանց նկատուելու ոստիկանութենէն:
== Ծանօթագրութիւներ == |
1,727 | Անել | ԱՆԵԼ,- հոգեկան իրենց կառոյցով եւ ազգային հոգեխառնութեամբ հարուստ երիտասարդութիւն մը խմորուած է աստուածատրեալ այդ քաղաքի պարիսպներուն միջեւ վանական շրջապատով եւ Թարգմանչաց ու ժառանգաւորաց վարժարաններով տարազելի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ Հայուն բոլոր ազնիւ տրամադրութեաց հանդէպ ընկալչական պատանիներու յաջորդական սերունդներով հաւանաբար հոն կայք հաստատող յայտնի մտաւորականներու գրագէտներու, հանրային գործիչներու եւ հոգեւորականի անխառն տիպարը յատկանշող պատկառելի դէմքերու ուսուցչական-դաստիարակչական ներգործութեան անդրադարձով, ապահովաբար նաե՛ւ հոն կեդրոնացած հայութեան ազգային հրայրքով, որքան մտացի ու գործնամիտ՝ նո՛յնքան եւ զգայուն ու ոգեպաշտ խառնուածքով:
Բացասական ու տրտմառիթ շատ բան կայ այդ քաղաքի եկեղեցական տարեգրութեաց մէջ. վանական իրականութեան յատուկ ներքին եւ յարաբերական այն բոլոր խորթ երեւոյթներուն եւ վարկաբեկիչ իրադարձութիւնները որոնք հինէն ի վեր ստուեր բերած են սաղիմահայ կեանքի արեւոտ ու կենսունակ իրականութեան վրայ: Եթէ աշխարհագրական այս գօտիէն սերող հայկական համակրանքին մէջ կայ տարր մը, որ խռովասէր եւ խնդրայարոյց մղումներով կը յատկանշուի, երեւոյթը պէտք է վերագրել միջավայրին:
Այսուհանդերձ, փաստը ա՛յն է որ Երուսաղէմի, Ամմանի եւ առհասարակ Պաղեստինի հայկական գաղութներու ժողովուրդը եղած է ու կը մնայ արտասահմանեան մեր կեանքին մէջ ոգեպաշտութիւնը եւ մշակութային արժէք գիտակցութիւններ դաւանանքի վերածող հաւաքականութիւն մը:
== Աղբիւրներ ==
Դար մը գրականութիւն, հատոր Բ., էջ 401 |
22,283 | Համօ Բեկնազարեան | Համօ Բեկնազարեան (31 Մայիս 1892(1892-05-31), Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն - 27 Ապրիլ 1965(1965-04-27), Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), «Հայֆիլմ»-ի հիմնադիր, դերասան, ժապաւէնի բեմադրիչ, բեմագիր։
== Կենսագրական գիծեր ==
Բեկնազարեան սորված է Երեւանի մէջ, ապա` ԹաշքենտՊ։ 1918-ին աւարտած է Մոսկուայի առեւտրի հիմնարկը: Երիտասարդ տարիներուն եղած է վարպետ ըմբիշ: «Մարոնի» կեղծանունով ելոյթներ ունեցած է կրկէսի մէջ, մասնակցած է միջազգային մրցումներու:
== Գործունէութիւն ==
1915-էն «Համօ Բեկ» կեղծանունով նկարահանուած է Մոսկուայում: Խաղացած է շուրջ 100 դեր: 1921-ից եղած է Վրաստանի ժապաւէն արտադրող հիմնարկութեան տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար, ուր նկարահանած է «Անարգանքի սեան մօտ» (1923), «Կորսուած գանձեր» (1924), «Նաթելլա» (1925 ) ժապաւէնները, որոնք աչքի են ընկնում արեւելեան իւրատեսակ երանգաւորումով:
1925-ին հրաւիրուած է Երեւան եւ ձեռնամուխ եղած է հայկական ժապաւէնի ստեղծման: Նոյն թուականին Բեկնազարեան նկարահանած է «Նամուս» գեղարուեստական ժապաւէնը, 1926-ին` հայկական առաջին կատակերգութիւնը` «Շոր եւ Շորշոր»:
Ժապաւէնի համր շրջանի լաւագոյն գործերէն են՝
«Զարէ» (1926),
«Խասփուշ» (1927 ),
«Տունը հրաբխի վրայ» (1928) եւ այլք, որոնք խոշոր ներդրում են ֆիլմարուեստի պատմութեան մէջ:
=== Ժապաւէններ ===
Բեկնազարեան, համադրելով հայ դերասանական դպրոցի եւ գրականութեան բնորոշ առանձնայատկութիւնները, սկզբնաւորած է ֆիլմի արտադրութեան ազգային ոճը: Այդ սկզբունքը բեմադրիչը զարգացուցած է իր հնչուն ժապաւէններուն մէջ․ անոնցմէ առաջինը «Պեպօ»-ն (1935) էր, որ թեմայի խորութեամբ, վառ արտայայտչականութեամբ եւ պատմութեան հզօր ոճով երեւոյթ էր նաեւ համաշխարհային ֆիլմի արուեստին մէջ: Անոր «Զանգեզուր» (1938), «Դաւիթ Բեկ» (1944) ժապաւէնները նուիրուած են հայ ժողովրդի պատմութեան:
=== Փաստավաւերագրական ժապաւէններ ===
Բեկնազարեանը նկարահանած է նաեւ փաստավաւերագրական ժապաւէններ` «Երկրաշարժ Լենինականում» (1926), «Երկիր Նայիրի» (1930) եւ այլն: Ան իր ազգային ինքնատիպ արուեստով մեծապէս նպաստած է հայ ժապաւէնի զարգացման:
Բեկնազարեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան անդրադարձած են հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ ժապաւէնագէտներ: Ան հեղինակ է «Յուշեր դերասանի եւ կինոռեժիսորի» (1965` ռուսերէն, 1968` հայերէն) գիրքի: Բեկնազարեանի անունով է կոչուած է «Հայֆիլմ»-ը։
== Պարգեւներ եւ կոչումներ ==
1935, ՀԽՍՀ ժողովրդական արուետագէտ,
1941, Ստալինեան II աստիճանի մրցանակ, «Զանգեզուր» ժապաւէնի համար։
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,224 | Յովհաննէս Հելվաճեան | Յովհաննէս Հելվաճեան, բեմադրիչ, դերասան: 40 տարիներու վրայ կարճ կամ երկարաշունչ թատրերգութիւններ բեմադրած ուժ մըն է Յովհաննէս Հելվաճեան: Մշակոյթը իրեն համար սրբութիւն է: Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբին 15ամեակը յիշատակած է՝ բեմադրելով «Օթելլօ»ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի՝ 1993-ին, ան բեմադրած է զայն արաբերէնով: Ան յաճախած է Լիբանանի Ազգային Նուպարեան Վարժարանը:
== Վկայութիւններ` Յովհաննէս Հելվաճեանի Մասին ==
== «Կոմիտաս» թատերախումբ ==
Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով: Բոլորովին առանձին թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը Լիբանանեան կեանքի պատերազմական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին:
«Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթը` իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներով: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ Յովհաննէս Հելվաճեան բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին հայկական մամուլը գովասանքով մօտեցաւ թատերական այս երեւոյթին` վեր առնելով Հելվաճեանի խիզախ եւ նուիրեալ, լուրջ մօտեցումը թատրոնին հանդէպ:
== Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ ==
Յովհաննէս Հելվաճեան 40 տարուան մէջ լիբանանահայ հանրութեան եւ դպրոցներու աշակերտութեան հրամցուց հայկական ընտիր նիւթեր եւ հեքիաթներ: Հելվաճեանի բեմադրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունեցան հայկական նիւթերը: Յովհաննէս Հելվաճեան Յակոբ Պարոնեանի գրեթէ բոլոր թատերախաղերը բեմադրած է.
«Արեւելեան ատամնաբուժը»,
«Շողոքորթը», «Ալաֆրանկան»,
«Երկու տիրոջ մէկ ծառայ»,
«Քաղաքավարութեան վնասները»,
«Սիրոյ միջնորդները»:
Յովհաննէս Հելվաճեան Երուանդ Օտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն բեմադրած է հետեւեալ թատերախաղերը` «Թաղականին կնիկը» եւ «Թատրոն կամ թշուառներ»: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով ան բեմադրած է «Գիգորը»: Յաջորդաբար հայկական դպրոցներու բեմերուն վրայ բեմադրած է «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Մի կաթիլ մեղր»-ը:
Յովհաննէս Հելվաճեան նաեւ բեմադրած է իր հեղինակած 17 թատերախաղերը, Սեդրակ Էսմերեանի հեղինակութեամբ երեք թատերախաղ, հայրենի հեքիաթագիր` Մուշեղ Յակոբեանէն մէկ հեքիաթ`«Ոսկի խրատը»: Գաղութի հայ աշակերտութիւնը վայելած է Հելվաճեանի այս բեմադրութիւնը:
- «Հայ մօր կամքը», հեղինակ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1979 եւ 1988։
- «Պատերազմը Վերջացա՞ւ», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1984։
- «Ամուրիներու Միութեան ժողով», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1987։
== Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը ==
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յովհաննէս Հելվաճեանի:
Թատերախաղը կը խօսէր 23-24 տարեկան քահանայ հօր` Տէր Յուսիկի մասին, որ ի պաշտօնէ գիւղ մը կ՛երթայ եւ հոն ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ յեղափոխական շարժում մը ստեղծել: Սակայն Հայրապետ անունով թաղական մը դէմ դնելով, զինք կը վտարէ գիւղէն: Քահանան հետագային կը ձերբակալուի, բաւական չարչարանքներու կ՛ենթարկուի եւ կ՛աքսորուի: Կը ձերբակալուի նաեւ Հայրապետը, սակայն երկուքն ալ յետոյ ազատ կ՛արձակուին: Հայրապետը դարձի գալով, կը գտնէ Տէր Յուսիկը եւ քովը երթալով ներում կը հայցէ անկէ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած «ժամուցը» իրեն կու տայ, որպէսզի զէնք եւ զինամթերք գնէ: Տէր Յուսիկ զայն կ՛անուանէ «Կարմիր ժամուց»:
== Օթելլօի Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով ==
Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբին հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլեըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ» թատերախաղի ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Թորոս Հելվաճեան (խաղարկութիւն եւ ձայն), Քրիստինա Սրապոնեան (ձայն):
«Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Մոռնալ Հերոստրատը» Թատերախաղը
1978-ին ճամբայ ելած այս թատերախումբը բեմադրած է Պարոնեանէն, Օտեանէն, Դուրեանէն, Արփիարեանէն, Մուշեղ Իշխանէն թատերախաղեր: Նաեւ բեմադրած է Շէյքսփիրէն, Մոլիէռէն, Վինա Թելմարէն կտորներ: 2018 տարեշրջանին համար Յովհաննէս Հելվաճեան ընտրած է «Մոռնալ Հերոստրատը», որ Կրիկորի Կորինի հետեւողութեամբ զայն ներկայացուց «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
Սոյն ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հերոստրատի դերով` Յովհաննէս Հելվաճեանը, թագաւորի դերով` Թորոս Հելվաճեանը, Թագուհիին դերով` Փաթիլ Քիլաղպեանը, Ելենային դերով` Լենա Յակոբեանը եւ Քրիսիփի դերով` Մայքըլ Գուտուզեանը:
== «Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Պէյրութ 2012» Կատակերգութիւնը ==
«Կոմիտաս» թատերախումբի 35-ամեակին առիթով երէկ` ուրբաթ, 2 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց սրահին մէջ բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան ներկայացուց «Պէյրութ 2012» կատակերգութիւնը: Հեղինակ եւ բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան իր շուրջ հաւաքած էր խումբ մը երիտասարդ դերասաններ, որոնք ներկայացուցին «Սոդոմ Գոմոր», «Օտար ամուսնութիւն», «Բաբելոն», «Տեսակցութիւն բժիշկի հետ» եւ «Բամբասանք» սքեչները:
Կատակերգութեան մէջ արտացոլացին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող յոռի երեւոյթները եւ միայն լաւին ձգտելու մարմաջը: Շեշտուեցաւ նաեւ հայ մնալու գաղափարը:
== Աղբիւրներ ==
Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ
Վկայութիւններ` Յովհաննէս Հելվաճեանի Մասին
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԵԼՎԱՃԵԱՆԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը
Օթելլօի Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղի ներկայացում (Լիբանան)
«Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Մոռնալ Հերոստրատը» Թատերախաղը
Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» Թատերախումբը Վաղը Կը Բեմականացնէ «Կարմիր Ժամուց»-ը
«Օթելլօ»-ի Բեմադրութիւնը` «Կոմիտաս» Թատերախումբին 40-Ամեակի Առիթով
«Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Պէյրութ 2012» Կատակերգութիւնը
Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)
ԱԼ ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ
== Տե՛ս նաեւ ==
Սեդրակ Էսմերեան
Լիբանանի Հայկական Թատրոններ
== Ծանօթագրութիւններ == |
10,551 | Բովանդակութիւն Եւ Ձեւ | Բովանդակութիւն եւ ձեւ, գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեան` անխզելիօրէն իրար հետ կապուած կողմերը։ Գեղարուստական ստեղծագործութիւն մը անպայման կ՛ունենայ խորք (բովանդակութիւն) եւ ձեւ։
== Խորք ==
Խորքը ստեղծագործութեան թեման է՝ հոն արծարծուած հարցերը, կեանքի պատկերները ու հեղինակային գնահատականները, այսինքն՝ արտայայտել ուզած գաղափարը։ Այլ խօսքով՝ գեղարուեստական ստեղծագործութեան խորքը թեմայի (նիւթի) ու գաղափարի միասնութիւնն է։ Օրինակ Թումանեանի «Գիքորը» պատմուածքի խորքը հայ գիւղի քայքայումն է, գիւղ-քաղաք հակադրութիւնը, քաղաքային վաշխառուական դասակարգի կողմէ գիւղացիին շահագործումը ու կործանումը։ Հոն յստակ է նաեւ հեղինակին վերաբերմունք-գնահատականը, այն է՝ հայ գիւղացիին անզօր առաքինութիւնը ու առեւտրական դասակարգին անմարդկայնութիւնը։
== Ձեւ ==
Ձեւը ստեղծագործութեան մը պատկերումի, արտայայտչական միջոցներու ամբողջութիւնն է, որ կը ծառայէ բովանդակութեան արտայայտումին։
Ձեւի մէջ կը մտնեն երկի մասերու, պատկերներու դասաւորութիւնը, փոխադարձ կապուածութիւնը, դէպքերու զարգացումին ընթացքը։ Ձեւի անխուսափելի մաս են լեզուն ու ոճը, սեռի (պատմուածք, վէպ, բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն եւ այլն) իւրայատկութիւնները եւ չափածոյ սեռերու տաղաչափական կառուցուածքը՝ չափ, յանգաւորում եւ այլն։
== Ամփոփում ==
Ձեւն ու բովանդակութիւնը անբաժանելի են, այսինքն՝ հնարաւոր չէ խորք առանց ձեւի ու փոխադարձաբար։ Եթէ անջատենք ձեւը՝ ոչնչացած կ’ըլլայ բովանդակութիւնը եւ եթէ անջատենք բովանդակութիւնը, անիմաստ կը դառնայ ձեւը։ Անտարակոյս այս երկուքի մէջ առաջնային կարեւորութիւն ունի բովանդակութիւնը՝ թեման ու գաղափարը, բայց եւ ձեւի կատարելութենէն կախուած է երկի յաջողութիւնը. եթէ լաւ խորքը տրուի անյաջող ձեւով՝ գործը կը ձախողի եւ հակառակը՝ առանց լաւ խորքի գեղեցիկ ձեւը անիմաստ զարդարանք է։
== Աղբիւրներ ==
Էդ. Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, Գրականագիտական բառարան, էջ 58 |
6,253 | Սուրէն Սանինեան | Սուրէն Սանինեան, ծնած է Երեւանի մէջ եւ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք հաստատուած է Միաց. նահանգներ։ 1940ական թուականներէն ի վեր կ՚աշխատակցի արտասահմանեան մամուլին եւ պարբերականներու՝ որոնց մէջ ցրուած կը մնան իր ստեդծագործութիւններէն շատեր,- հաւանօրէն աւելի՜ն՝ քան ինչ որ կրցած է համադրել իր երկու հատորներուն մէջ. «Տասներկու նորավէպեր եւ պատմուածքներ» (1963) եւ «Հեռաւոր թաց ու լուսաւոր մայթերի վրայ» (1974)։
Կենսագրական այս ամփոփ գիծերուն հետ իր գրականութենէն իբրեւ նմոյշ ստորեւ հրատարակուած քանի մը եջերը արտագրած ենք «Բագին» ամսագրի 1970 Յունուարի թիւէն (թիւ 1, Թ. տարի)՝ «Դէպքերը Ջորջըզ խմիչքարանում» իարագրուած երկարաշունչ փորձէ մը, որ կը միտի բարքերու եւ տիպարներու սեւեոումով մը մերօրեայ կեանքը ուրուագծել՝ իր լաց ու քրքիջով։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,404 | Լաթաքիա | Լաթաքիա կամ Լեոտիսիա (արաբերէն՝ اللاذقية ալ-Լադհիգիա, թրք.՝ Lazkiye, լատ.՝ Laodicea ad Mare), յուն․՝ Λαοδικεία, Սուրիոյ հիմնական նաւահանգիստն է, ինչպես նաեւ Լաթաքիայի նահանգի մայրաքաղաքը: Պատմականօրէն ան յայտնի է նաեւ որպէս Սուրիոյ Լեոտիսիա կամ Լեոտիսիա տի Մարե անունով: նաւահանգիստի կողքին, քաղաքը շրջակայ գիւղատնտեսական քաղաքներուն եւ գիւղերուն համար արտադրական կեդրոն է: 2004 թուականի պաշտօնական մարդահամարի համաձայն քաղաքի բնակչութեան թիւն է՝ 383,786: Բնակչութեան թիւը զգալիօրէն աճած է սուրիական քաղաքացիական պատերազմէն ետք ապստամբներու եւ ահաբեկչական տարածքներէն փախստականներու ներհոսքի հետեւանքով: Սուրիոյ չորորդ մեծ քաղաքն է Դամասկոսէն, Հալէպէն, Հոմսէն ետք։ Ան սահմանակից է հարաւէն Թարթուսին, արեւելքէն Համայի, հիւսիսէն՝ Իտլիպի, իսկ Կիպրոսի ամենահիւսիսային արեւելեան բաժինը՝ Apostolos Andreas, կը գտնուի 109 քմ. հեռաւորութեան վրայ:
Թէեւ տարածքը բնակուած է մ.թ.ա. 2-րդ հազարամեակին, սակայն քաղաքը հիմնուած է IV դարուն, Սելեւկեան կայսրութեան օրով: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են հռոմեացիները, ապա` VIII դարուն՝ Ումմաադներն ու Ապպասիաները: Բիւզանդացիները նոյնպէս իշխած են քաղաքին, յաճախ փախումներ ունենալով արաբներուն եւ յատկապէս Ֆաթիմիդներուն հետ: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են յաջորդաբար սելջուկ թուրքերը, խաչակիրները, այյուբիձները, մամլուքները եւ օսմանեանները: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ֆրանսական իշխանութեան շրջանին Լաթաքիան դարձաւ Ալեւիներու ինքնավար տարածքի մայրաքաղաք եւ 1922 թուականին կը հռչակուի անկախ պետութիւն, մինչեւ Սուրիոյ վերամիացումը՝ 1944 թուականին:
== Անուան Ծագում ==
Սելեւկեան բազմաթիւ քաղաքներու նման, Լաթաքիան կոչուած է զայն իշխող ընտանիքներու անդամներու անունով: Նախ Seleucus I Nicator-ի կողմէ ան կոչուած է Լաոտիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոտիսի: Ապա Լատիներէնով անոր անունը դարձած է «Լաոտիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,723 | 1905 թուական | 1905 թուական, ոչ նահանջ տարի, 20րդ դարու հինգերորդ տարին է
== Դէպքեր ==
11 Մայիս․ Թիֆլիսի մէջ Դրօն կ՛ահաբեկէ Նակաշիձէ հայատեաց կառավարիչը
== Ծնունդներ ==
Յունուար 9՝ Սողոմոն Տարօնցի (Մովսէսեան, մ.1971, Երեւան), բանաստեղծ, արձակագիր
Մարտ 12՝ Թաքաշի Շիմուրա (ճափ.՝ 志村 喬, մ.1982), ճափոնցի դերասան
Մայիս 3՝ Հայրիկ Մուրատեան (մ.1999, Երեւան), հայ երգիչ-բանահաւաք, ագագրագէտ
Մայիս 15՝ Ակոբ Ակոբով (մ.1983), քանդակագործ
Մայիս 25՝ Համբարձում Պէրպէրեան , երգահան եւ խմբավար
Յուլիս 9՝ Տակ Համարխեոլտ (շուէտ.՝ Dag Hjalmar Agne Carl Hammarskjöld, մ.1961), շուէտացի քաղաքական գործիչ
Օգոստոս 8՝ Վախթանգ Անանեան (մ.1980), գրող
Սեպտեմբեր 15՝ Վարդան Աճեմեան (մ.1977), թատերական գործիչ
Նոյեմբեր 12՝ Էտուարտ Ութուճեան (ֆրանսերէն՝ Édouard Utudjian, մ.1975), ֆրանսահայ քաղաքաշինարար
Դեկտեմբեր 18՝ Յարութիւն (Արիէլ) Աճէմեան (անգլերէն՝ Ariel Pascale Agemian, մ.1963), նկարիչ
Դեկտեմբեր 24՝ Հաուըրտ Ռոպարտ Հիւզ (անգլերէն՝ Howard Robard Hughes Jr., մ.1976), ամերիկացի տնտեսագէտ, ֆիլմի արտադրիչ եւ ֆիլմի բեմադրիչ
Անստոյգ ամսաթիւով՝
լիբանանահայ մշակոյթի գործիչներ՝
Վահէ Սէթեան (մ.1995)
Սիսակ Վարժապետեան (մ.1982)
Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան (անգլերէն՝ Leon Surmelian, մ.1995), ամերիկահայ գրող, բանասէր
Օննիկ Զաքարեան (մ.1980), կրթական մշակ
== Մահեր ==
Մարտ 17՝ Քրիստափոր Միքայէլեան (ծն.1859), հասարակական-քաղաքական գործիչ
Մարտ 27՝ Հերանուշ Արշակեան (ծն.1887), գրագիտուհի
Հոկտեմբեր 10՝ Արշակ Ագապեան (ծն.1860), գրող
Դեկտեմբեր 29՝ Չարլզ Եորքս (անգլերէն՝ Charles Tyson Yerkes, ծն.1837), ամերիկացի գործարար
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,198 | Ձնծաղիկ | Ձնծաղիկ, (լատ.՝ Galanthus), գալանտուս, ձմեռնածաղիկ, սպիտակածաղիկ, արանգ-պարանգ, շքանարգիզազգիներու ընտանիքի բազմամեայ սոխուկաւոր խոտաբոյսերու ցեղ:
== Տարածում ==
Կը հանդիպի Տաւուշի մարզին մէջ (Իջեւան, Աչաջուր գիւղ), կ'աճի ստորին լեռնային գօտիին մէջ, կաղնիի-բոխիի անտառներուն մէջ (1100 մ բարձրութեան վրայ)։ Անդրկովկասեան բնաշխարհիկներ են։ Յայտնի է մօտ 20 տեսակ՝ տարածուած Փոքր Ասիոյ մէջ, Կեդրրոնական եւ Հարաւային Եւրոպայի, Կովկասի, 1 տեսակը՝ Լիբանանի մէջ։ Կ'աճի հիմնականին մէջ նախալեռնային եւ լեռնային անտառներուն մէջ կամ բարձրլեռնային մարգագետիններուն մէջ:
== Կենսաբանական նկարագիր ==
Տերեւները մեծ մասամբ երկուքն ալ, գծաձեւ։ Ծաղիկները մէկական են, խոնարհուած։ Կը ծաղկի գարնան ակիզբը։ Պտուղը տուփիկ է։ Որոշ տեսակներ դեղաբոյսեր են, կը պարունակեն ալկալոիդներ։ Ալպիական ձնծաղիկ տարածուած է ստորին լեռնային գօտիի կաղնիի – բոխիի եւ հաճարենիի անտառներուն մէջ, կենիի պուրակներուն մէջ, նոսր թփուտներուն մէջ եւ այլն, անդրկովկասեան ձնծաղիկի՝ ստորին եւ միջին լեռնային գոտիներու կաղնիի – բոխիի եւ միայն բոխիի անտառներու փուխր բուսահողերուն մէջ։ Այս տեսակները արձանագրուած են ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։
== Տեսակներ ==
Յայտնի է մօտ 20, ՀՀ-ի մէջ՝ 3 տեսակ՝ ձնծաղիկ ալպիական (G. alpinus), ձնծաղիկ անդրկովկասեան (G. transcaucasicus), ձնծաղիկ Արտիւշենկոյի (Տ. artjuschenkoae)։
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt = Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm,
Կաղապար:Bt-latarm
Կաղապար:Bt-latarm
== Պատկերասրահ ==
== Գրականութիւն ==
Артюшенко З. Т.. Критический обзор рода Galanthus L. // Ботанический журнал. М.-Л.։ 1966, 51։1443.
Артюшенко З. Т. Амариллисовые СССР. — Л.: Наука, 1970. — С. 41—83. — 179 с.
Головкин Б. Н. и др. Декоративные растения СССР. — М.: Мысль, 1986. — 320 с.
Диев М. М. Галянтусы. — М.: КМК, 2014. — 168 с. — 1000 экз. — ISBN 978-5-87317-936-7 |
5,268 | Շուշիի Կեդրոնական Գրադարան | Շուշիի կեդրոնական գրադարան, մշակութային հիմնարկ ԼՂՀ Շուշի քաղաքին մէջ։
== Պատմութիւն ==
Գրադարանը կը գործէ 1992 թուականի սեպտեմբեր 1-էն։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 1993 թուականին։ Գրադարանի մասնաշէնքը կը գտնուէր կիսավեր, անմխիթար վիճակի մէջ, սակայն աշխատակիցներու շնորհիւ շէնքը մաքրուած է պատերազմի հետքերէն, հաւաքուած է որոշակի քանակութեամբ գրականութիւն եւ գրադարանը իր դուռներն բացած է ընթերցողներու առաջ։
2010 թուականի մայիսէն մինչեւ նոյեմբեր 15-ը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէն Շուշիի կենդրոնական գրադարանը վերանորոգուած եւ նոր տեսք ստացած է, կահավորուած է հիմնադրամի կողմէն տրամադրուած կահոյքով։ 2011 թուականի մայիս 26-ին տեղի ունեցած է Շուշիի ԿԳ-ի վերանորոգուած շէնքի հանդիսաւոր բացումը: Գրադարանը երկհարկանի, մէկ հարկանի մասնաշէնքերէն կազմուած կառույց է` 624 2 մեդր ընդհանուր մակերէսով։
== Ֆոնտ ==
Շուշիի ԿԳ-ի գրքային ֆոնտը կը կազմէ 18762 կտոր գիրք։ Գրադարանը համալրուած է հիմնականին նուիրատուութեան կարգով Հոկտեմբերեանէն, Եղեգնաձորէն, «Կանչ» թերթի կողմէն, Շենգավիթէն, Հրայր Ուլուբաբեանի կողմէ բերուած գրականութեամբ, Երեւանէն Անի եւ Զեփիւռ Բատիկեաններէն, Հայաստանի Ազգային Գրադարանէն, ՀՀ տարբեր շրջաններէն, ԼՂՀ գրողներու միութիւնէն, «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներու Գ.Մելիքեանի հիմնադրամ»-էն, ԼՂՀ մշակոյթի եւ հարցերու նախարարութեան կողմէն, Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարանէն, Հայդուկ Շամլեանի հեղինակային գիրքերէն, Թաթուլ Յակոբեանէն, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամէն, Արշակ Գիւմրեանէն, Մարգարիտա Պետրոսեանէն, Շուշիի շրջվարչակազմի ղեկավար` Վ. Կասեանի կողմէն, Շուշիի քաղաքապետ ` Ա. Սարգսեանի կողմէն եւ այլ նուիրեալ անհատներէն, ինչպէս նաեւ նախահաշուով գրադարանին տրամադրուած գումարով։
Շուշիի ԿԳ-ի կողմէ կատարուած են բազմաբնոյթ միջոցառումներ`գիրքային ցուցահանդէսներ, գրական-գեղարվեստական ցերեկոյթներ, բանավեճեր, զրոյցներ, գիրքի քննարկումներ, հանդիպումներ նշանաւոր մարդկանց հետ։ Գրադարանը կը համագործակէ Շուշիի դպրոցներու եւ մշակութային օջախներու հետ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Շուշին վերանորոգուած եւ գիրքերով համալրուած գրադարան ունի. Իրեն վրայ ծախսուած է 83 միլիոն |
22,295 | Յասմիկ (դերասանուհի) | Յասմիկ (Թագուհի Յակոբեան, 21 Մարտ 1879(1879-03-21), Նախիջեւան (քաղաք), Ռուսական Կայսրութիւն - 23 Օգոստոս 1947(1947-08-23), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասանուհի։ «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս» (1936)։
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Ծնած է նախիջեւան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Փոքր տարիքէն դերասանուհիին մէջ զգացուած է արուեստի հանդէպ սէրը, սակայն ծննդավայրին մէջ թատրոն եւ արուեստի կենդրոններ չըլլալուն պատճառով Յասմիկ չէ կրցած իր շնորհքները զարգացնել, մինչեւ Սաֆրազեան ամուսիններու Նախիջեւան գալը։ Յասմիկ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Սաֆրազեան ամոլին հետ՝ փոքր տղայի աննշմար դերով:
Ամուսնանալէ ետք Յասմիկ տեղափոխուած է Թիֆլիս, սակայն ամուսնոյն աւանդապահութեան պատճառով հեռացած է բեմէն։
=== Թատրոն ===
1904 թուականին Յասմիկ յատուկ հրամանով առաջին անգամ ըլլալով Թիֆլիսի մէջ ստանձնած է «Քանդած օճախում» թատրերգութեան Քալիի դերը, որուն յաջորդած է «Պէպօ»ի Կեկելը, այսպիսով վերագտնելով իր նախկին դերասանական շնորհքն ու թատրոն բարձրանալու արտօնութիւնը: Յասմիկի հետ յատուկ ձեւով աշխատած է Գաբրիէլ Սունդուկեան:
Յասմիկ դերեր ստանձնած է ժամանակի յայտնի հայ դերասաններու հետ, որոնցմէ են Գէորգ Տէր Դաւթեան, Վարդուհի, Սունդուկեան, Աբէլեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Յասմիկ 1920 թուականին յատուկ ներկայացումներ պատրաստած ու ներկայացուցած է Դիլիջանի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ, տեղի գիւղացի հողամշակներու եւ զօրամասերու համար: Խորհրդային Միութեան կարգերու հաստատումէն ետք Յասմիկ եղած է պետական թատրոնի հիմնադիրներէն մին:
=== ժապաւէններ ===
Յասմիկ 1925 թուականներէն սկսեալ թատրերգութեան կողքին զբաղած է նաեւ ժապաւէններու նկարահանումով. եղած է հայկական առաջին ժապաւէններէն՝ «Նամուս»ի դերակատարներէն մին, ուր աւելիով փայլած է Յասմիկի շնորհքներն ու արուեստը: «Նամուս»ին յաջորդած են «Կիկոր»ը, «Երկու գիշեր»ը, «Չար ոգի»ն, «Լեռնային արշաւ»ը եւ ուրիշներ:
1947 թուականին լոյս տեսած են Յասմիկի յուշերը՝ «Թատերական յուշեր» անուան տակ, ուր գրի առած է իր դերասանական կեանքն ու յուշերը:
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,051 | Իլան Մասք | Իլան Ռիվ Մասք (անգլ.՝ Elon Reeve Musk (EE-lon), ծնած 28 Յունիս, 1971) առեւտրական, եւ երկրաչափ է: Ան հիմնադիրն ու տնօրէնն է SpaceX ընկերութեան, տնօրէնը՝ Tesla, Inc. ընկերութեան, հիմնադիրը՝ The Boring Company ընկերութեան, համահիմնադիրը Neuralink ընկերութեան, եւ համահիմնադիրն ու առաջին համա-ատենապետը՝ OpenAI ընկերութեան: Միլիարատէր, Մասքը աշխարհի ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկն է:Մասք ծնած է Գանատացի մօր մը եւ Հարաւային Ափրիկեցի հօր մը, եւ մեծցած է Փրէթորիա, Հարաւային Ափրիկիոյ մէջ: Ան կարճ ժամանակամիջոցի մը համար յաճախած է Փրէթորիոյ Համալսարանը, որմէ ետք փոխադրուած է Գանատա 17 տարեկանին եւ յաճախած է Քուինզ Համալսարանը: Հոնկէ կը փոխադրուի Փէնսիլվէնիոյ Համալսարանը երկու տարի ետք, ուրկէ կը ստանայ երկու պսակաւոր վկայականներ տնտեսագիտութեան ու բնագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Կը փոխադրուի Քալիֆորնիա 1995 թուականին յաճախելու Սթանֆըրտ Համալսարան բայց կ'որոշէ առեւտրական ասպարեզին մէջ նետուիլ, համահիմնելով Zip2 ընկերութիւնը իր եղբօր Քիմպըլին հետ, որ կը ծախեն Compaq ընկերութեան $307 միլիոն ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ 1999 թուականին: Մասք նաեւ կը համահիմնէ առցանց X.com դրամատունը նոյն տարուան մէջ, որ կը միացուի Confinity ընկերութեան հետ 2000 թուականին, կազմելով հանրածանօթ PayPal ընկերութիւնը, որ 2002 թուականին կը ծախեն eBay ընկերութեան $1.5 միլիար ԱՄՆ տոլարի:
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,193 | Happy (երգ, Ֆարել Ուիլիամզ) | Հեփփի («Happy»), ամերիկացի երգիչ Ֆարել Ուիլիամզի երկրորդ «GIRL» Ալպոմին առաջին երգը, հրապարակուած է 21 Նոյեմբեր 2013-ին: Ստեղծագործութիւնը գլխաւորած է Աւստրալիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Իրլանտայի, Նոր Զելանտայի եւ Ֆրանսայի երաժշտական հիթ-շարքերը: Դեկտեմբեր 2013-ին այս երգը կը դառնայ երգիչին երրորդ լաւագոյն երգը «UK Singles» ցանկին մէջ, որ կը գլխաւորէ շարքը, իսկ յաջորդ տարուան Փետրուարին, վերջին երգը կը գլխաւորէ «Billboard Hot» 100 շարքը: 2014-ին երգը կ'արժանանայ «Կրեմմի» մրցանակին՝ «լաւագոյն սոլօ փոփ կատարում» անուանակարգին մէջ:
== Պատմութիւն ==
Երգը հրապարակուած է 21 Նոյեմբեր 2013-ին եւ երաժշտական քննադատներու կողմէ արժանացած է դրական արձագանքներու, ինչպէս՝ Rolling Stone ամսագիրէն: 2014-ին «Հեփփի» երգը արժանացած է «Satellite Awards» մրցանակին, «լաւագոյն ֆիլմի երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ (Անճոռնի ես 2): Այնուհետեւ արժանացած է «Օսգարի»՝ «ֆիլմի լաւագոյն երաժշտութիւն» ցանկին մէջ:
2013-ին երգը Անգլիոյ երաժշտական հիթ-շարքին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, վաճառելով աւելի քան 107, 000 օրինակ: Մէկ տարի ետք «Հեփփի» երգը անգլիական հիթ-շարքին մէջ երրորդն էր, զիջելով միայն «Blurred Lines» (4 շաբաթ առաջին տեղը, Յուլիսին) եւ «Get Lucky» (4 շաբաթ առաջին տեղը, Մայիսին) երգերուն: Երգը Հոլանտայի հիթ-շարքին մէջ կը գրաւէ առաջին հորիզոնականը:
2014-ին ԱՄՆ-ի մէջ երգը վաճառուած էր 6,45 միլիոն օրինակով, իսկ Ապրիլ 2015-ին աւելի քան 6,9 միլիոն օրինակով:
== Հաւաստագիրեր ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
«Happy» Եություպի վրայ |
6,644 | Փաթրիք Տէմփսի | Փաթրիք Կէլըն Տէմփսի (անգլերէն՝ Patrick Galen Dempsey, ծնած 13 Յունուար, 1966, Լիւսթըն, Մէյն, ԱՄՆ) Ամերիկացի դերասան մըն է, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի մրցող: Ամէնէն շատ ճանչցուած է իր Դկ. Տէրըք Շէփըրտ դերով American Broadcasting Company կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ։ Ան երբ նոր 20 տարեկան էր, սկսած էր արդէն ֆիլմերու մէջ գլխաւոր դերեր ստանցնել, ինչպէս հետեւեալ ֆիլմերուն մէջ՝ Can't Buy Me Love (1987) and Loverboy (1989): 1990ական թուականներուն, իր դերերը փոքր դերեր եղած են, ինչպէս Outbreak (1995) ֆիլմին մէջ, սակայն անակնկալօրէն հռչակ կը շահի երբ Sweet Home Alabama (2002) ֆիլմը, որուն մէջ ինք դեր ունէր, հսկաօրէն հռչակ կը գտնէ:Իր ֆիլմերէն են նաեւ՝ Enchanted (2007), Made of Honor (2008), Valentine's Day (2010), Flypaper (2011), Freedom Writers (2007) եւ Transformers: Dark of the Moon (2011):
== Վաղ Կեանք ==
Տէմբսի ծնած է Լուինսթըն, Մէյն, ԱՄՆ, եւ մեծցած է Թըրնըր, Մէյնի եւ Պաքֆիլտ, Մէյնի շրջաններուն մէջ։ Ունի 2 քոյրեր: Մայրը՝ Ամանտա Քասըն դպրոցական հաշուապահ էր, եւ իր հայրը, Ուիլիըմ, ապահովագրական ծրագիրներու առեւտրական է:
Ան յաճախած է Buckfield High School եւ St. Dominic Regional High School դպրոցները:
Իր պատաներկան տարիներուն ան կը մասնակցէր ձեռնածութեան (juggling) մրցումներու: 1981-ին ներկայացաւ երկրորդ International Jugglers' Association կազմակերպութեան կազմակերպած ախոյանութեան մէջ փոքրերու բաժամունքին մէջ, ուր Անթոնի Կաթոն առաջին էր, աշխարհի ամէնէն գիտցուած ձեռնածուն:
Տէմբսին ախտաճանաչուած է դժընթերցումով երբ ան 12 տարեկան էր։ Պարպա Ուալթըրզի հետ հարցազրոյցի մը ժամանակ 2008-ին, ան կը հաստատէ, թէ իր այդ հիւանդութիւնն է, որ ստեղծեց այսօրուայ Փաթրիքը:
== Ասպարեզ ==
=== Վաղ Ասպարեզ ===
Տէմբսիի տաղանդը յայտնաբերուեցաւ երբ ան փորձեց դեր մը ստանցնէ Torch Song Trilogy թատերական ներկայացման մէջ։ Իր փորձը յաջող ընփացաւ եւ ան յաջորդող ամիսները արտադրման ընկերութեան հետ նահանգէ նահանգ պտտելով ներկայացումներու համար: Այս սկիզբն էր իր ասպարեզին, որմէ անմիջապէս ետք Brighton Beach Memoirs թատերական ներկայացման մէջ իբրեւ գլխաւոր դերասանը, որ բեմադրուած է Ճին Սաքսի կողմէ: Ան նաեւ գլխաւոր դերեր ունեցած է թատերական On Golden Pond տարբեր ներկայացումներուն մէջ, Maine Acting Company ընկերութեան աջակցութեամբ, եւ իբրեւ Թիմի, 1990-ին, The Subject Was Roses ներկայացման մէջ Ճոն Մահոնիի եւ Տանա Իվիի հետ Roundabout Theatre թատերասրահին մէջ, Նիւ Եորք:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,157 | Առաքել Սիւնեցի | Առաքել Սիւնեցի (1350 - 1425), հայ փիլիսոփայ, տաղեր երգող, քերականական, երաժշտութեան տեսաբան, եկեղեցական գործիչ։ Կրթութիւնը ստացած է Տաթեւի համալսարանին մէջ, աշակերտած է Յովհան Որոտնեցիին եւ Գրիգոր Տաթեւացիին, որուն քրոջ որդին էր։ 1407-էն Սիւնեաց արքեպիսկոպոսն էր։ Մեծապէս նպաստած է Տաթեւի գիտական-լուսաւորական կեդրոնի բարգաւաճմանը։
Առաքել Սիւնեցիի ստեղծագործութիւնը, գաղափարական տեսակէտէն, բարդ եւ հակասական է։ Ան անհրաժեշտ համարած է հայ ժողովուրդի ազգային աւանդներն ու լուսաւորչական դաւանանքը անաղարտ պահելը, բայց եւ իր երկերուն մէջ արտացոլած է քրիստոնէական դաւանանքի նկատմամբ այն թերահաւատութիւնը, որ ծիլ արձակած էր իրականութեան մէջ։ Ա.Սիւնեցիի գեղարուեստական լաւագոյն գործը «Ադամգիրք»–ն է (1403 թուական, վերահրատարակուած է 1799-ին), որ երեք քերթուածներ կը պարունակէր։
Այդ երկին սերտ միացած է «Դրախտագիրք»–ը։ Երկրային դրախտէն արտաքսուած, տառապանքի դատապարտուած մարդկութեանը, Առաքել Սիւնեցին կը ցանկայ առաջնորդել երկնային վայելքներու յաւիտենականութեան դրախտը։ Հակադիր պատկերներու զուգահերութեամբ՝ ան կը ձգտի սեր արթնցնել բարի եւ արգահատանք՝ մեղքի նկատմամբ։ Առաքել Սիւնեցին ժողովրդական բառաձեւեր գործածած էր, տաղաչափական հնարանքներ։ Ան ծայրագոյն վարպետ էր։ Փիլիսոփայութեան մէջ շեշտած է իր կրօնա–իտէալիստական կողմը, եւ այս մէկէն ի յայտ կու գայ, որ առանց Աստծոյ գաղափարի փիլիսոփայութեան, ան չի կրնար գոյութիւն ունենալ։ Այս մէկը նահանջ էր Տաթեւի դպրոցի աշխարհիկ գիտա–փիլիսոփայական առաջաւոր դիրքերուն։ Իրականութեան մէջ Առաքել Սիւնեցին պաշտպանած է Տաթեւի դպրոցի զարգացուցած առաջադէմ անուանապաշտ եւ զգայապաշտ գաղփարները։ Ըստ Առաքել Սիւնեցիի, աշխարհի ծանաչումը առանց զգայարաններու հնարաւոր չէ։
Առաքել Սիւնեցին զբաղած է նաեւ երաժշտութեան տեսութեան հարցերով։ Անոր «Ադամգիրք»–ը, հորինուածքով թատերական երկ է, որ, կ՛ենթադրուի, թէ երաժշտական ձեւաւորում ունեցած է, ներկայացուած է որպէս գաղտնի արհեստ։ Անոնցմէ մեզ հասած հոգեւոր տաղերը երաժշտական առումով վերջնականապէս ուսումնասիրուած չեն։
== Երկեր ==
Լուծումն, յաղագս Սահմանացս Դաւթի Անյաղթի..., Մադրաս, 1797 թ. (Դաւիթ Անյաղթի «Գիրք Սսւհմանաց»–ի հետ)
Ադամգիրք, Վենետիկ, 1907 թ.։ Դրախտագիրք, Վենետիկ, 1956 թ.։
== Գրականութիւն ==
Գրիգոր Գապասաքալեան, Գիրք երաժշտական, ԿՊ, 1803 թ.
Ալիշան Ղ., Հայապատում, Վենետիկ, 1901 թ., էջ 126
Պոտուրեան Մ., Առաքել Սիւնեցի եւ իր քերթուածները, Վենետիկ, 1914 թ.։
== Արտաքին յղումներ ==
ԱՌԱՔԵԼ ՍԻՒՆԵՑԻ «Ամենայն չար տանջելի»
Կաղապար:Հայկական գիր եւ գրականություն |
22,172 | Ունսի Հաժ | Ունսի Հաժ (արաբերէն՝ أنسى الحاج, 27 Յուլիս 1937(1937-07-27), Ժեզզին, Հարաւային Լիբանան, Լիբանան - 14 Փետրուար 2014(2014-02-14)), լիբանանցի բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ։ «Ախպար» օրաթերթի խմբագրութեան խորհրդական:
== Կեանք եւ գործունէութիւն ==
Ծնած է հարաւային Լիբանանի Ժեզզին քաղաքը: Վաղ տարիքին ընդգրկած է մամլոյ ասպարէզը: Դարձած է պատասխանատու խմբագիր «Հայաթ» եւ «Նահար» օրաթերթերու մշակութային բաժինին: Աշխատակցած է Եուսեֆ Խալի հիմնադրած «Շը՛ըր» եռամսեայ պարբերաթերթին` ստորագրելով բանաստեղծութիւններ եւ թարգմանութիւններ:
=== Քերթողագիրքերը ===
Ունսի Հաժ եղած է սակաւագիր գրող եւ հրատարակած է վեց քերթողագիրքեր միայն: Հրատարակած է հետեւեալ վեց քերթողագիրքերը.
«Չպիտի», «Հատուած գլուխը»,
«Գալիք օրերուն անցեալը»,
«Ինչ շինեցիր ոսկիով, ինչ ըրիր վարդով»,
«Առաքելուհին` մինչեւ աղբիւրները երկարող իր վարսերով» եւ «Վեհաճաշը»:
=== Արձակ գործերը ===
Լոյս ընծայած է հետեւեալ արձակ գործերը․
«Բառեր, բառեր, բառեր»,
«Աւարտներ-1»,
«Աւարտներ-2»:
=== Քերթուածները ===
Յիշեալ երկերով Ունսի Հաժ նկատուած է արաբական ազատ բանաստեղծութեան հիմնադիրը:
1960-ին, երբ հրատարակած է «Չպիտի» խորագրեալ քերթողագիրքը, յեղաշրջած է արաբական ժամանակակից բանաստեղծութիւնը` ազատ խօսքի փոթորկաշունչ գաղափարներով:
Այս առումով, յատկանշական գործերու շարքին կը դասուին․
«Փոթորիկը»,
«Ինչ շինեցիր ոսկիով, ինչ ըրիր վարդով» (1970),
«Առաքելուհին` մինչեւ աղբիւրները երկարող իր վարսերով»,
«Բանաստեղծութեան լուսինը»:
== Հայոց ցեղասպանութեան մասին ==
Ունսի Հաժի մէկէ աւելի առիթներով արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այս գծով իր վկայութիւնները լոյս տեսած են լիբանանահայ մամուլին մէջ: Եղեռնի 60-ամեակին առիթով «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրին մէջ լոյս տեսած է Ունսի Հաժի վկայութիւններէն մէկը:
1985-ին «Նահար»-ի արաբական եւ միջազգային յաւելուածին մէջ կատարած է յատուկ անդրադարձ Հայոց ցեղասպանութեան իսկ այս իմաստով իր կարեւոր ներդրումներէն մէկը եղած է այն, որ իր ջանքերով «Նահար» օրաթերթին հետ լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Ազդակ»-ի բացառիկ թիւ մը` արաբերէնով:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,278 | Սպարտակ Խաչիկեան | Սպարտակ Երեմի Խաչիկեան (12 յունիս, 1932, Երեւան- 26 մարտ, 2005, Երեւան), հայ ճարտարապետ, ՀԽՍՀ վաստակաւոր ճարտարապետ (1972)։ |
6,409 | Վատիկան | Վատիկան, պաշտօնապէս՝ Վատիկան քաղաք-պետութիւն (իտալ.՝ Stato della Città del Vaticano), պապական քաղաք-պետութիւն Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի արեւմտեան մասին վժմէջ՝ Մոնթէ Վատիկանօ բլուրին վրայ։ Տարածքով ամենափոքր պետութիւնն է (44 հա)։ Մշտական բնակչութիւնը կը կազմէ շուրջ 800 մարդ, ներառեալ վատիկանական հպատակութեան 400 անդամներուն։
Վատիկանը կը հանդիսանայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխ կանգնած Հռոմի պապի նստավայրը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ միջազգային կեդրոնը։ Պետութեան կարգավիճակը վերջնականօրէն հաստատուած է 1929 թուականին յատուկ հրովարտակով։
== Պատմութիւն ==
Անուանումը (իտալերէն՝ Vaticano) յառաջացած է Տիպեր գետի ափին գտնուող համանուն բլուրէն (լատիներէն՝ Mons Vaticanus, իտալերէն՝ Monte Vaticano)։ Այդ բլուրի վրայ վաղ միջնադարուն կառուցուած է պալատ մը, որ 14րդ դարու վերջէն դարձած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխ կանգնած Հռոմի պապի մշտական նստավայրը։ Իտալիոյ վերամիաւորումէն եւ Հռոմը իրեն միանալէ (1870) ետք վերջ դրուեցաւ Հռոմի պապի աշխարհիկ իշխանութեան։ Պապը չճանչեցաւ միաւորուած իտալական պետութիւնը, որուն հետեւանքով «Սուրբ աթոռի» եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ վիճաբանութիւններ ծագեցան։ Ծագած տարաձայնութիւնները վերացուեցան 1929 թուականին՝ Լաթերանեան պայմանագիրերով, որուն համաձայն կազմուեցաւ Վատիկան պետութիւնը իր այժմեան սահմաններով։
Վատիկանը իտալերէն պաշտօնապէս կը կոչուի Stato della Città del Vaticano, որ բառացի կը նշանակէ «Վատիկան քաղաքի պետութիւն»։
== Պետական Կարգ ==
Պապին ցմահ կ'ընտրէ կոնկլաւը (քարտինալներու հաւաքը)՝ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ։ Պապին կ'ենթարկուին Վատիկանի բոլոր հաստատութիւնները, որոնց ղեկավարները անոր կողմէ նշանակուած քարտինալներ են։ Պետութեան ղեկավարը կը հրապարակէ օրէնքներ, նաեւ բարձրագոյն դատաւորն է։
Վատիկանի կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Պապի նշանակած պետական քարտուղարը։ Վատիկանը ունի իր «զինուած ուժերը»՝ զուիցերիացիներու (110 հոգի) պահակախումբ (կազմաւորուած է 1527 թուականին), որուն զինուորները եւ սպաները կո ծառայեն 2–20 տարի։
Դարերու ընթացքին անոնց համազգեստը փոփոխություն չէ կրած, եւ այդ է պատճառը, որ միջնադարեան համազգեստներով պապական զինուորները մշտապէս կը գրաւեն Վատիկան այցելող հիւրերու եւ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։
== Տնտեսութիւն ==
Պետութեան տնտեսական հիմքը կը հանդիսանան կապիտալ ներդրումներէն ստացուող եկամուտներն ու հաւատացեալներու նուիրատուութիւնները։ Վատիկանը աշխարհի մեծագոյն բաժնետէրերէն է եւ խոշոր կապիտալ ունի՝ ներդրած շատ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Իտալիոյ, Զուիցերիոյ, ԱՄՆու մէջ։ Չափազանց եկամտաբեր է նաեւ միջազգային զբօսաշրջութիւնը, որուն զարգացումը մշտապէս կը գտնուի պետութեան ուշադրութեան կեդրոնը։
== Մշակոյթ ==
Այստեղ կը գտնուի աշխարհի ամենամեծ կաթողիկէ եկեղեցին՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարը։ Սուրբ Պետրոս տաճարի հիւսիսային պատի խորշին մէջ տեղադրուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանը, իսկ մերձակայ հրապարակներէն մէկը 2008 թուականին կոչուած է իր անունով։ Վատիկանի երկրորդ մեծ տաճարը Սիքստինեան մատուռն է։ Վատիկանը ունի Եւրոպայի ամենահզօր ռատիօկայաններէն մէկը, որ հաղորդումներ կը սփռէ բազմաթիւ լեզուներով, ինչպէս՝ նաեւ հայերէն։ Այդ պետութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ աւելի քան 50 լեզուով կը հրատարակէ 1600 թերթ ու ամսագիր։
== Ճարտարապետութիւն ==
Հարուստ է ճարտարապետական յուշարձաններով՝ կերտուած Վերածնունդի մեծագոյն վարպետներու մտայղացմամբ՝ Ռաֆայէլ Սանթի, Միքելանճելօ, Պեռնինի։ Կեդրոնը Պապական պալատն է եւ Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարը՝ կառուցուած Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբարանի վրայ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին Յղումներ ==
Վատիկանի Ռատիօն |
17,163 | Աղպաշեան | Աղպաշեան, հայկական մականուն։
== Մականունը կրողներ ==
Յովհաննէս Եսայիի Աղպաշեան (1909-1987), խմբագիր։
Պարոյր Յովհաննէսի Աղպաշեան (1945), խմբագիր:
Վարուժան Յովհաննէսի Աղպաշեան (1945), լրագրող:
== Ծանօթագրութիւններ == |
492 | 1795 թուական | 1795 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 95րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1795 ծնունդներ
Յունուար 25՝ Յարութիւն Ալամդարեան (մ.1834), բանաստեղծ, մանկավարժ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1795 մահեր
Նոյեմբեր 22՝ Սայեաթ-Նովա (բուն անունով՝ Յարութիւն Սայադեան, ծն.1712), հայ բանաստեղծ եւ գուսան
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,461 | Աղրիելէա, Մեղիսթի | Աղրիելէա, Աղրելիա (յուն․՝ Αγριέλαια կամ Αγρελιά), Էգէականի անբնակ կղզի, Քասթելոռիզօ, Տոտեքանիսա, Յունաստան։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Կը գտնուի Քասթելոռիզոյի ծովախորշին մէջ, ինչպէս անոր դրացի կղզիակները՝ Այիոս Եորղոս, Քուցուպաս, Մեղալօ Մաւրօ Փոյինի, Միքրօ Մաւրօ Փոյինի, Փոլիֆատոս էնա, Փսոմի եւ Փսորատիա։ Տարածութիւնն է 0,0155 քլ․²։ Ունի շատ փոքրիկ ծովափ մը եւ քանի մը թուփ։ Կղզիակին գրեթէ միացած է Այիոս Եորղոս կղզիակին հետ։ Կը պատկանի Մեղիսթի (Քասթելոռիզօ) քաղաքապետութեան։
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,340 | Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան | Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան (1975)
Աւազանի անունով Մովսէս, որդի Ասատուրի եւ Մատլէնի, ծնած է Հալէպ, 1975-ին։
Նախակրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց վարժարանի մէջ, 1987-ին, ապա յաճախած է Կիլիկեան ճեմարանի միջնակարգը, մէկ տարի։
Այնուհետեւ, ան կը մտնէ ազատ ասպարէզ, որ կը հետեւի ոսկերչութեան. միաժամանակ մաս կը կազմէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ կը յաճախէ Կիրակնօրեայ վարժարան։
Կը կատարէ սուրիական բանակի ծառայութիւնը։
Եկեղեցւոյ ծառայութիւնն ու Կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելը զինք կ'առաջնորդեն հոգեւոր կեանքի եւ ամուսնացեալ քահանայութեան։
Կրօնական ըլլալու վերջնական որոշումը կը փոխանցէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի եւ Կրօնական Ժողովին։
Իր քահանայական թեկնածութիւնը ընդունելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնարարագիրով, մուտք կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Զարեհեան» դպրեվանք, 1997-ին։
Երկու տարի կը հետեւի քահանայից դասարանի դասընթացքներուն, կը ստանայ համապատասխան վկայական ու կը վերադառնայ Հալէպ։
Կը պատրաստուի ամուսնութեան եւ կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Բալկեան ընտանիքի դուստրը՝ Օրդ. Սեւանը, որուն հետ կը պսակուի 5 Օգոստոս 1999-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սահան Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի ու մասնակցութեամբ Հալէպի քահանայ հայերուն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով կը ճշդուի իր ձեռնադրութեան թուականը։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս տօնին, 3 Դեկտեմբեր 1999-ին, վերակոչուելով Տ. Վազգէն։
Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը կ'անցընէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջաբակի յարակից սենեակին մէջ։
Նորընծայ Տէր Վազգէն իր անդրանիկ պատարագը կը մատուցանէ Ս. Յակոբ մատրան մէջ։
Բերիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Տէր Վազգէն հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ կրօնի դասատու՝ Ազգ. Նահատակաց վարժարանէն ներս։
1 Յունուար 2000-ին, կը հաստատուի Լաթաքիա, ուր կը ծառայէ երկու տարի, ապա կը տեղափոխուի Տէր Զօր, կը ծառայէ տեղւոյն փոքրաթիւ գաղութին ու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ գաղութի զաւակներուն։ Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր թոյլտուութեամբ՝ Տէր Վազգէն 2003-ին կը տեղափոխուի Նոր Ջուղա, Պարսկաստան, տեղւոյն Առաջնորդ Գիրպ. Տ. Շահան. Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի հրաւէրով։
Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը քահանայագործէ պատմական այդ գաղութին մէջ, տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյն՝ իր վկայութեամբ, «մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ կը քահանայագործեմ Նոր Ջուղայի մէջ»։ Ան իր ընկերային նկարագրով, շուտով կ'ընտելանայ ժողովուրդին փառքերուն, սովորութիւններուն ու տեղական աւանդութիւններուն։ Սիրով ու քահանայական կոչումի գիտակցութեամբ կապուած է իր հօտին, առաջնորդին եւ եկեղեցւոյ։ Խնդումերես եւ ուրախ տրամադրութեամբ հոգեւորական մըն է։
Տարիներու իր բարւոք ծառայութեան համար, ան կ'արժանանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունքին 2007-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառէն եւ յառաջնորդութեան Նոր Ջուղայի Հայոց Թեմի՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի։
Կ'աղօթենք, որ Տէրը օրհնաբեր դարձնէ իր ծառայութիւնն՝ Աստուծոյ փառքին, հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան, իր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի շինութեան ու բարօրութեան ի խնդիր Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 386։։
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,623 | Պէյրութ Սուքս | Պէյրութ Սուքսը հսկայական առեւտրային կեդրոն մըն է Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ: Աւելի քան 200 խանութով, 25 ճաշարան եւ սրճարանով, փոքրերու գիտական թանգարանով, զբաղումի կեդրոնով, եւ 14 շարժանկարի սրահներով: Ան Պէյրութի ամենամեծ գնումի կեդրոնն է, ինչպէս նաեւ հանգստավայր մըն է: Պէյրութ Սուքս-ը նաեւ կը տրամադրէ հանրային տարածք մը ուր կը հաւագուին ընտանիքներ, մանաւանդ շաբաթավերջերը եւ յատուկ առիթներու:
Սուքսը պատմական անցեալ ունեցած է Պէյրութի առեւտրային կեդրոնին մէջ: Ան վնասուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ վերակառուցուած է Սոլիտէր (Solidere) ընկերութեան միջոցաւ, պահելով անոր պատմական բաժինները եւ թաղերուն հին անուանումը:
== Պատմութիւն ==
Սուք Ալ Թաուիլէ-ն եւ Սուք Ալ Ժամիլ-ը եղած էին ամենասիրած առեւտրային կեդրոնները Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Լիբանանցիներուն եւ եւրոպացիներուն համար, որովհետեւ ունէին շատ գեղեցիկ խանութներ,
իսկ Սուք Ալ Ֆրանժ-ը եղած է Լիբանանի ամենամեծ պտուղի, բանջարեղէնի եւ ծաղիկներու շուկան:
=== Քանդում ===
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ կատաղի կռիւներ, տարբեր խումբերու միջեւ, եւ կռիւներէն մի քանի ամիս վերջ հրադադար եղաւ Սեպտեմբեր 1975-ին, որուն շնորհիւ Պէյրութի կեդրոնական շրջանի առեւտրականները պարպեցին եւ մաքրեցին իրենց խանութները առաջ որ կռիւները կրկին սկսէին մայրաքաղաքին կեդրոնը: Հոկտեմբեր 1975-ին, կռիւները հասան մինչեւ Սուքս-ի շրջանը, զինեալները քանդեցին եւ այրեցին խանութները: Անոր քանդումը ազդեց Քրիստոնեայ եւ Իսլամ վաճառականները: Կռիւները տեւեցին մօտ երեք ամիս, մինչեւ Դեկտեմբեր 1975, նախքան կռիւներուն ընդլայնումը մինչեւ Պէյրութի բնակելի շրջանները:1983-ի գարնան, Անթուն Պէյ Խան, հին պանդոկը եւ Սուքս-ի շրջանէն մաս մը քանդուած էր ամբողջովին:
=== Վերաշինութիւն ===
Պէյրութի կեդրոնական շրջանին վերաշինութիւնը սկսաւ երբ կռիւները դադրեցան 1991-ին: Տար Ալ-Հանտասէ-ն յանձն առաւ պատրաստելու հսկայական ծրագիրը Պէյրութի կեդրոնական շրջանի վերականգնման, Լիբանանի զարգացման եւ վերաշինութեան խորհուրդին կողմէ: Հանրի Ըտտէ, աւագ ծրագրող ճարտարապետ Տար Ալ-Հանտասէ-ի մէջ, առաջարկեց քանդումը ամբողջ կեդրոնական հին քաղաքին, փոխարինելով նորակառոյց շէնքերով:
Վերաշինութեան ծրագիրին դէմ ելան շատ մը մտաւորականներ, որովհետեւ Պէյրութի հին ճարտարաուեստը պիտի քանդուէր: Սակայն, Լիբանանցի ճարտարապետ՝ Ժատ Թապէթին գծած ծրագիրը ընդունուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ, եւ սկսաւ այդ ծրագիրին իրագործումը Սեպտեմբեր 1994-ին, Սոլիտէր (Solidere) ընկերութեան միջոցաւ, որ հիմնուած էր Լիբանանեան կառավարութեան կողմէ, եւ պէտք էր վերանորոգէր Պէյրութի կեդրոնական շրջանը: Պէյրութի միջնադարեան շրջանին կառուցուած շէնքերը գրեթէ անհետացած էին կռիւներէն ետք, սակայն Սոլիտէրը փորձեց լաւագոյն ձեւով վերանորոգել այդ ինչ որ մնացած էր: Ընկերութիւնը յայտարարեց համաշխարհային ծրագրման մրցում մը, պահպանելով Պէյրութի թաղերուն Հելլենական ճարտարարուեստը: Մրցումը յաղթեցին Ռաֆայէլ Մոնէօն, որ գծած էր սուքսին հարաւային բաժինը, եւ անգլիացի ճարտարապետ՝ Գէւըն Տաշ-ը որ պատրաստած էր ոսկիի շուկային ծրագիրը: Շինարարական աշխատանքները յանձն առաւ Հուրի ընկերութիւնը (A.R. Hourie enterprises): Պէյրութ Սուքսի ծրագիրը վաւերացուած էր նախարարական որոշումով նախքան անոր իրագործումը: Վերանորոգման ծախսերը մօտաւորապէս նախատեսուած էին 100 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ ծրագիրին տեւողութիւնը՝ երկու տարի: Անոր բացումը նախատեսուած էր 2000 թուականը, սակայն հետացգուեցաւ քաղաքական պատճառներով: 2004-ին Սոլիտէրը ստացաւ արտօնութիւն, եւ սկսաւ աշխատանքները 2006-ին:
=== Բացում ===
Պէյրութ Սուքսի բացումը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2009-ին, 10 տարիներու քաղաքական անկայունութենէ ետք: Նշելով որ ոսկիի շուկան յատուկ է իր հայ ոսկերիչներով եւ խանութներով:
== Վայր ==
Պէյրութ Սուքսը կը գտնուի Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ: Անոր հիւսիսը կը գտնուի Միր Մեժիտ Արսլան թաղը, հարաւը՝ Ուէյկընտ թաղը, արեւմուտքը՝ Փաթրիարք Հուայէք թաղը եւ արեւելքը՝ Ալլէնպի թաղը:
== Խանութները ==
Պէյրութ Սուքսը ունի աւելի քան 200 խանութներ, անոնցմէ մի քանին՝
== Արտաքին Յղումներ ==
Պէյրութ Սուքսի կայքէջը
Սոլիտէր-ի (Solidere) կայքէջը
Պէյրութ Սուքսի նկարները
Պէյրութ Սուքսի տեսաերիզը
Սթելլա Մըք Քարթնի (Stella McCartney) խանութը Պէյրութ Սուքսի մէջ
== Ծանօթագրութիւններ == |
854 | 30 Հոկտեմբեր | 30 Հոկտեմբեր, տարուան 303-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 304-րդ) օրն է
Տարուան աւարտին կը մնայ 62 օր
== Դէպքեր ==
1918․ Մուտրոսի մէջ Անտանտի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ զինադադարի համաձայնագիր կը կնքուի․ Օսմանեան կայսրութիւնը կը ճանչնայ իր պարտութիւնը եւ դուրս կու գայ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն
1961. Խորհ. Միութիւնը Նովայեայ Զէմլեայ կղզիին վրայ իրականացուց 56 մեկաթօն հզօրութեան ջրածնային ռումբի փորձարկումը
1973. կ'աւարտի Վոսփորի կամուրջի շինարարութիւնը
Պատահարներ
1998. Շուէտի Կեոթէպորկ քաղաքի երիտասարդական ակումբին մէջ ծագած հրդեհէն կը զոհուէ 63 դեռահասներ
2015. Պուխարեստի գիշերային ակումբի մը ներսէն ծագած հրդեհի զոհ դարձաւ 64 երիտասարդներ
== Ծնունդներ ==
30 Հոկտեմբերի ծնածներ
1871. Սիմոն Երեմեան (մ.1936, Միլան), բնագէտ, բանասէր, ՄՄ անդամ
1875. Աւետիք Իսահակեան (մ.1957), բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ
1907. Ռաֆայէլ Աթայեան (մ.1990), արձակագիր, գրականագէտ եւ թարգմանիչ
1919. Գէորգ Էմին (մ.1998), արձակագիր, բանաստեղծ
1960. Պիլի Պրաուն (անգլերէն՝ Billy Brown), ամերիկացի դերասան
== Մահեր ==
30 Հոկտեմբերի մահացածներ
== Տօներ ==
== Արտաքին յղումներ ==
BBC: On This Day
[2] (անգլերէն)
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,198 | Յարութիւն Շամշինեան | Յարութիւն Շամշինեան (9 Փետրուար 1856(1856-02-09), Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Փետրուար 1914(1914-02-01), Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն), հայ գեղանկարիչ։
Ուսանած է գեղարուեստը խրախուսող՝ կովկասեան ընկերութեան նկարչական դպրոցին մէջ (1874-1877), Ս․ Փեթերսպուրկի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ (1877-1882)։ 1883 թուականին կատարելագործած է Փարիզի, Միւնիխ եւ Վենետիկի մէջ։
1884 թուականէն հաստատուած է Թիֆլիս, դասաւանդած՝ Ներսիսեան, [[Գայանեան օրիորդաց դպրոց (Վրաստան)|Գայանեան]] եւ Սուրբ Նշան դպրոցներուն մէջ, մշակած՝ նկարչութեան դասաւանդման ծրագիրներ, կազմած ու հրատարակած՝ գծագրութեան ու հեռանկարի ձեռնարկ։
Շամշինեանի արուեստին (կենցաղային ժանրի կտաւ, բնանկար, դիմանկար) բնորոշ է իրականութեան հաւաստի վերարտադրումը («Հին Թիֆլիս», 1887, «Շէյթան Պազար», 1890, «Սանահինի Կամուրջը», 1899, «Լեռնցիների Դադարը», 1902, «Նկարչի Մօր Դիմանկարը» եւ այլն։ Շամշինեան հայ իրականութեան մէջ առաջիններէն է։
Անհատական ցուցահանդէսներ՝ Թիֆլիսի մէջ (1913), մահուան 40-րդ տարելիցին՝ Երեւանի մէջ (1954)։ Շամշինեանի գործերէն պահուած են Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ (նաեւ Շամշինեանի դիմանկարը, գործ՝ Մ. Վրուպէլի, 1883), Թիֆլիսի պատմաազգագրական եւ թատերական թանգարաններուն մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,935 | Տոմինիք Ֆայք | Տոմինիք Տէյվիտ Ֆայք (անգլ.՝ Dominic David Fike, 30 Դեկտեմբեր 1995(1995-12-30), Նեյփլս, Քոլիեր շրջան, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Ամերիկացի երգիչ, երգահան, երաժիշտ եւ դերասան է: Ծնած է Նէյփըլզ, Ֆլորիտա, ԱՄՆ, եւ սորված է կիթառ նուագել 10 տարեկանին: Ան դարձաւ հանրածանօթ եւ SoundCloud հարթակին վրայ քանի մը երգեր հրապարակեց: Don't Forget About Me, Demos ալպոմը հրապարակելէ ետք, Columbia Records ընկերութեան հովանաւորթիւնը վայելելու սկսաւ:
Ֆայքին 3 Nights երգը հասաւ առաջին 10 երգերու ցանկին վրայ քանի մը երկիրներու մէջ: Ան յետոյ գործակցեցաւ Brockhampton երգչախումբին եւ Հալզի երկգչուհիին հետ: 2020 թուականի Յունիսին, ան հրապարակեց իր «Chicken Tenders» երգը, իսկ Յուլիսին ալ «Politics & Violence» երգը: Ֆայքին առաջին What Could Possibly Go Wrong ալպոմը հրապարակուած էր նոյն ամսուան մէջ: Ալպոմը առաջին 50 ալպոմներու ցանկին վրայ էր քանի մը երկիրներու մէջ, ինչպէս ԱՄՆ եւ Աւստրալիա:
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,841 | Յակոբ Մանիսաճեան | Յակոբ Մանիսաճեան (Նիգսար, 1862 - Միշիկըն, 1942), բնագէտ, բուսաբան, հանքաբան:
Գիտութեան դասախօս եւ հիմնադիր-տնօրէն բնական գիտութիւններու թանգարանի:
1890-1915-ի միջեւ եղած է ուսուցիչ Մարզուանի Ամերիկեան Անաթոլիա Գոլէճի:
1915-ին կ'ապաւինի Պոլիս, զինադադարին կը վերադառնայ գոլէճ ու կը թուագրէ հաւաքածոն ամբողջութեամբ, որ կը բաղկանար 7.000է աւելի բոյս, կենդանի եւ հանքերէ:
Որպէս աշխարագրութեան ուսուցիչ դասախօսած է նաեւ Գոնիայի Ափոսթոլիք Էնստիտուտի մէջ:
== Աղբիւրներ ==
Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
Houshamadyan թուայնացուած բաց արխիւ
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,760 | Գրիգոր Պարթեւեան | Գրիգոր Պարթեւեան, 1898 Կելիպոլ – 1 Նոյեմբեր 1980․ ուսուցիչ, հասարակական գործիչ։
== Կենսագրական գիծեր ==
Գրիգոր Պարթեւեան ծնած է 1898-ին Կելիպոլ (Քալիփոլի)։ Հայրն է Խորէն քհնյ․Պարթեւեան, իսկ հօրեղբայրը եղած է եպիսկոպոս։ Կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին դպրոցին մէջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը հաւաքէ նահատակ եղբօր զաւակները եւ անոնց տէր կը կանգնի, հայթաթելով՝ անհրաժէշտ խնամքն ու կրթութիւնը։
1922-ին, Փոքր Ասիոյ Աղէտի ժամանակ Քավալա կը հասնի (հիւսիսային Յունաստան, արեւելեան Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Միաւոր)։ Կ՛ ամուսնանայ Մարի Արսենեանին հետ․ ծնած Մարկոս եւ Զապել Արսենեաններուն յարկին տակ ու ուսումը ստացած ծննդավայրին՝ Չանաքալէ (Տարտանելի հարաւային ժովեզր, Փոքր Ասիոյ ցամաքամաս) մէջ։ Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Խորէն (1930) եւ Լիզէթ (1932)։ Քավալա, Լազարիսթներուն վարժարանը ֆրանսերէն կը դասաւանդէ։
1933-ին ընտանեօք Քոքինիոյ (Ատիկէ, Փիրէայի Շրջանային Միաւոր) հայաշատ թաղը կը հաստատուին։ Այնուհետեւ կը սկսի անոր հասարակական գործիչի եւ դաստիարակիչի գործունէութիւնը Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ։
Կը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ Հայաստանի Աշխարհագրութիւն Թամպուրիոյ (կամ Լիբազմա․ Քոքինիոյ արեւմուտքը, Փիրէայի հիւսիս արեւելեան շրջան) հայկական կաթոլիկներու դպրոցը, Քոքինիոյ «Ազգային-Զաւարեան» եւ Ֆիքսի (Տուրղութի) Ազգային Միացեալ (կը գործէր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէն տրամադրուած շէնքին մէջ) վարժարաններուն մէջ։
1960-ական թուականներուն, սիրայօժար, ֆրանսերէն կը դասաւանդէ յունահայոց թեմին կողմէ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը ղրկուող աշակերտներուն։ Այդ ժամանակին, Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, Սփիւռքի հազուագիւտ հաստատութիւններէն էր, ուր ապագայ ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ հասարակական գործիչներ կը պատրաստուէին։
Ըստ իր աշակերտներուն վկայութիւններուն, Հայաստանի հանդէպ իր սէրն ու յուզումը, իւրայատուկ ձեւով անոնց կը փոխանցէր աշխարհագրութեան դասին ընդմէջէն։
== Աղբիւրներ ==
Ազատ Օր․ Յովսէփ Պարազեան, «Առանց Խորագրի», 6 Մարտ 2007 (63-րդ տարի, թիւ 18601)
Ազատ Օր․ Մարգար Շարապխանեան, Ռենէ Փիոյի կեանքէն, 21 եւ 22 Մարտ 2008, (64-րդ տարի, թիւ 18855)
Ազատ Օր․ 7 Նոյեմբեր 1980 |
505 | 18 Նոյեմբեր | 18 Նոյեմբեր, տարուան 322-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 323-րդ) օրն է։
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
== Մահեր ==
== Տօներ == |
17,469 | Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով) | Սուրբ Գէորգ եկեղեցի (Սվերտլով), կանգուն հայկական եկեղեցի է Հայաստանի Լոռու մարզի Սվերտլով գիւղին մէջ։ 19-րդ դարուն եւ 2010 թուականին եկեղեցին վերանորոգուեր է։ Լոռուայ վաղմիջնադարեան թաղածածկ միանաւ եկեղեցիներէն մէկը՝ Սվերտլով (մինչեւ 1940 թ.՝ Հայդարբեկ) գիւղի Ս. Գէորգն է, տեղադրուած անոր հիւսիս-արեւելեան բարձրադիր մասի միջնադարեան գերեզմանոցի տարածքին մէջ։ Այն արեւելք-արեւմուտք առանցքի նկատմամբ համաչափ յօրինուածքով, շեշտուած երկարութեամբ աչքի կ'իյնայ (ընդհանուր երկարութիւն՝ 21,6 մ) կառոյց է: Կը բարձրանայ աստիճանաձեւ որմնախարսխի վրայ (արեւմտեան ճակատին ունի 3 աստիճան, հարաւայինը՝ 2, միւսները ծածկուած են հողի շերտով): Աղօթասրահը (16,35×5,80 մ) արեւելեան կողմին մէջ կ'աւարտի պայտաձեւ լայն խորանով: Ծածկուած է կիսագլանաձեւ թաղով, որ ուժեղացուած է T-աձեւ կտրուածքի որմնամոյթերէն կան որմնաթուղթերէն բարձրացող չորս թաղակիր կամարով: Որմնամոյթերը իրարու հետ կապուած են նաեւ որմնակամարներով: Աւագ խորանին երկու կողմէն կից են աղօթասրահի հետ յօրինուածքային օրգանական կամ գործարանական կապի մեջ գտնուող, ուղղանկիւն յատակագիծով, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած աւանդատներ՝ մինչեւ յատակը իջնող կիսաշրջան խորաններով: Աղօթասրահի հետ կը կապուին դէպի աւագ բեմ տանող աստիճաններու հանդէպ բացուող ուղղանկիւն մուտքերով:
Եկեղեցին ներկայիս գրեթէ ամբողջական տեսքով է, որ 19-րդ դարու վերանորոգման արդիւնք է: Նախնական են արեւմտեան եւ հարաւային պատերը իրենց կէս բարձրութեամբ, իրականացուած խոշոր սրբատաշ պազալտէ քարերով (արեւմտեան մուտքի բարաւորի քարը ունի 3 մեթրէն աւելի երկարութիւն): Միւս ճակատները, նաեւ աւանդատները ամբողջութեամբ վերակառուցուած են՝ օգտագործելով մանր, կոպտատաշ քարեր (նախնական են միայն անկիւնաքարերը): Վերափոխուած են պատուհանները, նորոգուած են (cornices) քիւերը, կղմինտրէ ծածկը: Նախապէս մուտքերը եղեր են չորս՝ երկուքը հարաւային, մէկական՝ արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերէն: Ներկայիս հարաւային ճակատի արեւելեան կողմինը եւ հիւսիսային ճակատինը փակուած են: 19-րդ դարավերջը կ'աւելցուի հարաւային մուտքի առջեւ, եկեղեցւոյ կից գտնուող զանգակատունը՝ ութսիւնանի բոլորաձեւ (rotunda) շէնքով:
Հիւսիսային աւանդատան հարաւ-արեւմտեան անկիւնը դիտելի է երբեմնի բաց խորանի հարաւային եզրը՝ գմբէթարդի սիւնով, որմէ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան պատի պահունակի առկայութիւնէն եւ աղօթասրահի մուտքերու շատութիւնէն կ'երեւի, որ եկեղեցին իր նախնական վիճակին մէջ շրջապատուած եղեր է (հաւանաբար երեք կողմէն) արտաքին սրահով (ինչպէս այդ տիպի յուշարձաններէն շատերը): Ատորմով պէտք է բացատրել շեշտուած տարածուող ու վեր բարձրացող համաչափութիւնները:
Յարդարանքէն քիչ բան մնացեր է: Աղօթասրահը ներքուստ ծեփուած է: Որմնամոյթերը ունին պարզ տրամատով խոյակներ եւ խարիսխներ: Հիւսիսային աւանդատան պատուհանէն վերեւ պահպանուած է շրջանագիծի մէջ առնուած հաւասարաթեւ խաչ: Աւագ խորանի պատուհանը ունի եռաստիճան տրամատի հորիզոնական եզրերով կիսաշրջանագծային պսակ: Մուտքերը յարդարուած եղեր են շքամուտքի ձեւով. արեւմտեանը եւ հիւսիսայինը պահպանուած են միայն հետքերը, հարաւայինի՝ խոյակաւոր զոյգ կիսասիւները՝ վրան հանգչող որմնակամարով:
Նուն գերեզմանոցի տարածքին մէջ Ս. Գէորգէն քիչ մը անդին դէպի հիւսիս կը գտնուի համեմատաբար փոքրաչափ միանաւ եկեղեցի՝ կառուցուած կիսամշակ դեղնաւուն (felsite) ժայռով: Կիսաշրջան խորանի երկու կողմերուն կան գրեթէ մինչեւ գետին իջնող մեծ բարձրութեան շերտեր: Ուղղանկիւն բացուածքով մուտքը Ս. Գէորգին նայող՝ հարաւային կողմէն է: Ունի վերասլաց համաչափութիւններ, մեծ թեքուածութեամբ երկլանջ կտուր: Կանգուն է ողջ բարձրութեամբ, կիսագլանաձեւ թաղը խարխուլ վիճակի մէջ է: Յօւրինուածքային առանձնայատկութիւններէն հաւանական է, որ կառուցուեր է 13-րդ դարուն եւ հետեւած է քաղկեդոնական դաւանանքին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
Գ. Շախկեան, ԼՈՌԻ պատմութեան քարակերտ էջերը, էջ 21-22:
Ի. Ղարիպեան, Լոռի քաղաքի պեղումները, «ԲԵՀ», 1969, №1, էջ 265-268:
Деведжян С. Г., Лори-Берд, 1, Е., 1981. |
4,558 | Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան | Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարկադրուեցաւ հեռանալու իր հինգդարեայ պատմական կայքէն՝ Ցեղասպանութեան (1915) եւ Կիլիկիոյ հայութեան տեղահանումին (1920-21) պատճառով։ Ան ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, ուր հաստատուեցաւ ու վերակազմակերպուեցաւ 1930-ին, իբրեւ նոր կեդրոն իր իրաւասութեան ենթակայ հայկական եկեղեցիներուն։ Այսպիսով Լիբանանը դարձաւ ուժական մէկ օճախը հայկական Սփիւռքին։
Բազմաթիւ շէնքեր իրարու ետեւէ բարձրացան Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի շրջաբակին մէջ. 1938-ին՝ 1915-ի նահատակներու յիշատակին նուիրուած մատուռը եւ Դպրեվանքի շէնքը՝ օժտուած տպարանով ու մատենադարանով, որ ընդարձակուեցաւ 1952-ին. Նոյնպէս 1938-ին՝ Վեհարանը, որ հիմնարկօրէն վերակարուցուեցաւ 1968-ին. 1940-ին՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը՝ գործ Մարտիրոս Ալթունեանի (Ճարտարապետ) եւ Խոսրով Երամեանի (շինարար). 1966-ին՝ դամբարանը, որ իբրեւ վերջին հանգստարան կը ծառայէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, եւ եպիսկոպոսարանն ու վարդապետներու շէնքը։
«Կիլիկիա» Թանգարանը վերջին անգամ կառուցուած շէնքն է Կաթողիկոսարանին։ 1994-ին մշակուած ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ գահակալութեան շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ 1995-ին: Աշխատանքները շարունակուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրով եւ աւարտեցան Դեկտեմբեր 1997-ին:
== Պատմութիւն ==
Թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ 30 Մարտ 1998-ին, կը գտնուի Մատենադարանի շէնքին մէջ, որ ընդարձակուած եւ հիմնական փոփոխութեան ենթարքուած է ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանի կողմէ։ Թանգարանային յղացումն ու գործադրութիւնը Սիլվիա Աճէմեանինն են։
Անթիլիասի մէջ թանգարան մը ունենալու գաղափարը փայփայուած է Կիիկիոյ բոլոր կաթողիկոսներու կողմէ։ Անոնք փափաքած են լայն հասարակութեան ներկայացնել անցեալով ծանրաբեռն առարկաներ, որոնք կը կրեն իրացական – թէեւ ոչ-ամբողջական – յիշատակը Սիսի Կաթողիկոսարանին։ Խօսքը կը վերաբերի եկեղեցական իրերու, որոնք փրկուած էին 1915-ին եւ Սիսէն Հալէպ փոխադրուած՝ խղճալի պայմաններու մէջ Անթիլիաս հասած են 1930-ին։ Հոս պահպանուած էին անոնք եւ անոնց թիւը աւելցած էր շնորհիւ գնումի եւ նուիրատւութեան։
Երբ գաղթի ճամբան կը բռնէին 13 Սեպտեմբեր 1915-ին, Սիսի միաբաններըիրենց ետին կը ձգէին Կաթողիկոսարանի պազմաթիւ շինութիւնները։ Անոնց շարքին էր Ս. Սոֆիա եկեղեցին 1810-ին կառուցուած Կիրակոս Մեծ Կաթողիկոսին (1797 – 1822) կողմէ իր ութ խորաններով եւ մարմարեայ ու քանդակազարդ կաթողիկոսական գահով։ Միաբանները քանի մը սնտուկի մէջ աճապարանքով տեղաւորած էին թանկագին մասունքները եւ ձեռագիրները, որոնք կը պահուէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի խորանին կից մատուռին մէջ, ինչպէս նաեւ Ս. Միւռոնի կաթսան, եկեղեցական ծանր զգեստները, շղարշները եւ ծիսական սպասները։
Ճամբորդութեան ընթացքին տեղի ունեցած էին ողբերգական դէպքեր. Ոչ միայն Միւռոնի կաթսան կոտրած էր Սիսէն ելլելէ անմիջապէս ետք եւ սուրբ իւղը՝ թափած, այլեւ, Ճիհան գէտը անցընելու ատեն, սայլը, որուն վրայ կը գտնուէին սնտուկները, փրթած էր զայն փոխադրող լաստէն եւ սահած ջուրին խորը։ Երկար ժամերու տքնաջան ճիգերէ ետք միայն կարելի եղած էր ջուրէն հանել սայլը շնորհիւ նուիրումին միաբաններու եւ քանի մը երիտասարդներու, որոնք մաս կը կազմէին տեղահանուողներու կարաւանին՝ խռնուած գէտի ափին։
Այս իրերը, համախմբուած թանգարանի առաջին յարկին վրայ, նուրբ ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն եւ գաղափար մը կու տան հայկական կրօնական արուեստի քանի մը թանկագին ճիւղերուն մասին։
== Թանգարանի Բաժամունքներ ==
=== Մասունքներ եւ Մասնատուփեր ===
Առաջին յարկի սրահը դասաւորուած է այնպէս որ յատկանշական կերպով մասունքներու եւ մասնատուփերու գանձը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, որ կ'օգտագործուի ձեռնադրելու համար կաթողիկոսները, չէ ցուցադրուած, որովհետեւ աւանդականօրէն կը դրուի անձնական հսկողութեանը տակ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն. Բայց կարելի է տեսնել ոսքիէ եւ արծաթէ ձեռք մասնատուփերը Ս. Նիկողայոսի եւ Ս. Սեղբեստրոսի։ Առաջինը նորոգուած է 1325-ին Կոստանդին Դ. Լամբրոնացի կաթողիկոսին կողմէ եւ միւսը՝ 1772-ին: Անոնք Ս. Պարսումի աջին հետ տեղաւորուած են արծաթէ տուփի մը մէջ – Սիտոնի եպիսկոպոս Լէոնարտ Աբէլ զայն տեսած է 1583-ին Սիսի գանձատան մէջ – եւ դրուած կողքին այն սնտուկին, որուն մէջ պահպանուած էին եւ որուն իւրաքանչիւր կողմը զարդարուած է 1765-ին պատրաստուած դրուագուած արծաթէ թերթերով։
Սիսի գանձատունը ունէր նաեւ բազմաթիւ ուրիշ մասունքներ. Իսկական խաչի մասունքը, մասունքները Սրբուհի Հեղինէի, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, Յովհաննէս, Պետրոս, Յակոբոս, Ստեփանոս եւ Փանթալեմէյմոն սուրբերու, Մծբնացի Յակոբի եւ Գէորգի, Մինաս, Թէոտորոս եւ Կիրակոս սուրբերու։ Նախանձախնդիր եռանդով պաշտպանուած դարերու ընթացքին, պահպանուած ասպատակումներէ եւ պատերազմներէ, քանդումներէ եւ աւարումէ՝ անոնք կը ներկայացուին հիմա հանրութեան մեծարումին եւ հիացումին։ Մասունքները տեղաւորուած են նրբօրէն դրուագուած մասնատուփերու մէջ, որոնք խաչի, սլաքի, եկեղեցիի, ճաճանչի եւ արկղիկի ձեւ ունին։
=== Ոսկերչութիւն ===
Միաբանները վար առած էին ասեղնագործուած մետաքսէ վարագոյրը, որ կը ծածկէր Ս. Երրորդութեան խորանը։ Քակած էին արծաթէ կանթեղները եւ ոսկեզօծ արծաթէ աշտանակները, որոնք կը դրուէին խորանին երկու կողմերը։ Նոյն ձեւով քակած էին բազմաթիւ մասերը 1804-ի մեծ ջահին, որ կախուած էր Ս. Սոֆիա եկեղեցիի կեդրոնական նաւին մէջ՝ աւելի փոքր արծաթէ երկու ջահերու հետ։
Խնամքով վերանորոգուած՝ այս իրերը գաղափար մը կու տան Սիսի եկեղեցիի շքեղութեան մասին, Կիրակոս Մեծ Կաթողիկոսի ժամանակէն մինչեւ 1915-ի մեկնումը։ Երկար շարքը աշխատուած արծաթէ պերճ կողքերով աւետարաններու, խորանի բազմատեսակ խաչերը, թանկագին քարերով յեռուած, եռափեղկ կամ ճաճանչակերպ խորանի զարդերը, հիւսկենակերտ ոսկեզօծ արծաթէ աշտանակները, նուրբ ոսկիով ասեղնագործուած շղթաները առիթ կու տան երեւակայելու փայլքը խորաններուն, երբ անոնք կը զարդարուէին եկեղեցիի մեծ տօներու առիթով։ Այս բոլոր առարկաները, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել Կոստանդնուպոլիսէն բերուած Սուրբ Միւռոնի կաթսան, հայկական եկեղեցիի յատկանիշը կազմող աւանդակերպ անօթները, ուր կը դրուէր սուրբ հեղուկը, հրեշտակազարդ քշոցները, ծաղկային մոթիֆներով զարդարուած խնկատուփերը եւ խնկամանները, ինչպէս նաեւ արծաթէ եւ ոսկարծաթէ զարդարուն սկիհները, վկայութիւններ են հայ ոսկերիչներու տաղանդին մասին։ Անոնք Սիսի, Ատանայի, Կոստանդնուպոլսոյ, Հալէպի կամ Արաբկիրի աշատանոցներուն մէջ ստեղծագործած են ԺԷ.-ԺԸ. Դարերուն եւ մինջեւ 20-րդ դարու սկիզբը։
Այս հաւաքածոյի ծաղիկն է անկասկած Բարձրբերդի կոչուած նշանաւոր Աւետարանը։ Գրչագրուած եւ մանրանկարուած Հռոմկլայի մէջ 1248-ին՝ Աւետարանը կազմուած է 1254-ին արծաթի դրուագուած թերթերով, որոնք հազուագիւտ նմուշներէն են ոչնչացումէ փրկուած եւ ծանօթ ամէնէն հին վկաները Կիլիկեան ոսկերչութեան։ Աշխատանքի նրբութիւնը համապատասխան է բովանդակութեան բարձր որակին. Նուրբ մագաղաթ, գեղեցկութիւն գրութեան եւ մանրանկարներու՝ գծուած «չքնաղագեղ» Կիրակոսի կողմէ, որ վարպետը եղած է ԺԳ. Դարու Կիլիկեցի մեծագոյն մանրանկարիչներէն մէկուն՝ Թորոս Ռոսլինի։
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ կազմը Մայր Մաշտոցին՝ ընդօրինակուած եւ մանրանկարուած Սիսի մէջ, ԺԴ. Դարուն սկիզբը։ Արծաթէ կողքը ուշագրաւ է նոյնքան իր գեղարուեստական արժանիքներով որքան սրբանկարային արժէքովը տեսարաններուն, որոնք թագաւորի մը օրհնէնքը եւ կաթողիկոսի մը օծումը կը ներկայացնեն՝ կողքի վերի մասին վրայ եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնն ու սուրբ Միւռոնի օրհնութիւնը՝ վարի մասին վրայ։ Իր կլոր ձեւով եւ պարզ գիծերով կաթսան վերարտադրուած ձեռագիրի կողքին վրայ, տարբեր է ներկայ անօթէն՝ պերճօրէն շինուած 1817-ին: Այս շքեղ անօթը կափարիչին վրայի հինգ գմբէթներով, խարիսխին վրայ բարձրաքանդակուած հրեշտակիկներով, փորին վրայ ամրացուած թեթեւ բարձրութեամբ նկարներով, նուիրուած է Սիսի Ս. Աթոռին Կոստանդնուպոլսեցի երեք երեւելիներու՝ Գրիգոր եւ Սարգիս Տիւզեան եւ աղա Յարութիւն Պէզճեանի կողմէ։
=== Ասեղնագործութիւն եւ Ծիսական Զգեստներ ===
Յարութիւն Պէզճեան նախանձախնդրութիւնը ունեցած է օժտելու Սիսի կաթողիկոսարանը։ Իրեն կը պարտինք նաեւ կապոյտ մետաքսէ եւ ծաղկեալ սաղարթներով ասեղնագործուած մետաքսէ շուրջառը, որ գործածուած է Կիլիկիոյ բոլոր Կաթողիկոսներուն կողմէ 1804էն սկսած, երբ նուիրուած է Կիրակոս Կաթողիկոսին։ Զգեստը կարեւոր եւ ուշագրաւ ցուցանմուշ մըն է, բայց պէտք չէ մոռնալ ամբողջ խումբ մը ծիսական զարդերու՝ ասեղնագործուած գունաւոր մետաքսէ, արծաթէ եւ ոսկիէ թելերով՝ յաճախ պզտիկ մարգարիտներով ընդելուզուած. Անոնք կը ներկայացնեն ասեղնագործութեան արուեստի յատկանշական նմուշներ՝ ԺԸ. Դարէն ԺԹ. Դար երկարող ժամանակաշրջանէն։
Հիացումի արժանի է եմիփորոնը, որ վիքթոր Լանկլուայի ուշադրութիւնը գրաւած էր Սիսի գանձատան մէջ. 1634 թուականին ձեւուած ռաբունապետ Յակոբի համար, ան վերաշխատուած է Հալէպի մէջ եւ կը կրէ խաչեր, որոնց մետալիոններուն մէջ կը տեսնուին Յիսուսի, Աստուածամօր եւ զանազան սուրբերու դիմանկարները։ Կապ մը պէտք է հաստատել այս ասեղնագործութիւններուն եւ նոյն ժամանակի մանրանկարներուն միջեւ. Թերեւս մանրանկարէ մը ներշնչուած է կառոյցը Վերջին Դատաստանին 1733-ին ասեղնագործուած խորանի մը վրայ, որ կը գտնուէր Պրուսայի Ս. Աստուածամօր եկեղեցիին մէջ։
Եկեղեցական զգեստներ, որոնք մեզի հասած են իրենց բոլոր զարդարանքներով, կը հարստացնեն մեր ծանօթութիւնը հայկական ծիսական զգեստի իւրայատկութիւններուն մասին։ Անինք պատրաստուած են դիպակէ կամ ոսկիէ թելերով ասեղնագործուած թաւիշէ։ Իսկ շարք մը խոյրեր, վակասներ, բազկուրարներ նռնագոյն, սրճագոյն կամ կանաչ թաւիշի խորքին վրայ կը ներկայացնեն դիմանկարներ եւ ծաղկային զարդեր արծաթէ թերթերէ կտրուած։ Պէտք է կանգ առնել խոյրի մը առջեւ, որ իր կողմերէն մէկուն վրայ կը կրէ Ս. Ծնունդի տեսարանը ծաղկային արապեսքի մը մէջ, 1802էն մեզի հասած խոյրի մը՝ Կիրակոս Կաթողիկոսի անունով, որ գործածուած է Կիլիկիոյ հողին վրայ վերջին կիլիկեցի կաթողիկոսին՝ Սահակ Բ. Խապայեանի կողմէ (1903 – 1939):
Գաւազաններու եւ ասաներու երկար շարք մը կ'ամբողջացնէ ծիսական առարկաներու ժողովածուն։ Տարբեր չափի եւ ձեւի՝ անոնք իրենց թիւով, այլազանութեամբ, գիծերու գեղեցկութեամբ պացառիկ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Այս ասաներն ու գաւազանները թաւ մը կը ներկայացնեն, ինք իր վրայ ոլորուած մէկ օձի կամ հակադիր գլուխներով երկու օձի գլխամասեր ովնին եւ օժտուած են խստաբարոյ պարզութեամբ կամ բացառիկ պերճանքով։
=== Ձեռագիրներ ===
Բարձրբերդի Աւետարանը եւ ԺԴ դարու Մայր Մաշտոցը հազուագիւտ այն ձեռագիրներն էին, որոնք 1915-ին բերուած էին Սիսէն։ Բայց բաւական կարեւոր ժողովածու մը ստեղծուեցաւ տարիներու ընթացքին եւ Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցան աւելի քան 200 ձեռագիրներ, որոշ մասը՝ մանրանկարներով ճոխացած։
Հայ գրիչ մը կ'արձանագրէր. «Գոց գիրքերը կուռքերու նման են: Ձեռագիրները թաղեցէք պատերազմի ժամանակ, բայց հանեցէք եւ կարդացէք զանոնք խաղաղութեան մէջ»: Չորս խումբի բաժնուած քառասնեակ մը ձեռագիրներ մէջ ընդ մէջ ցուցադրուած են երկրորդ յարկի սրահին մէջ, ուր տեղաւորուած է այս ժողովածուն։ Ամբողջական ձեռագիրներ կամ հատուածներ, որոնք իբրեւ պահպանակ գործածուած են, կը ներկայացնեն հայ գրչութեան հոլովոյթը Թ., Ժ դարերուն թանկագին նմուշներէն սկսած։ Գոց վիճակի մէջ ներկայացուած ձեռագիրները կը ցուցադրեն իրենց կաշիէ կազմին նուրբ աշխատանքը մինչ ուրիշներ բացուած իրենց կերպաս աստառով կողքերուն վրայ, կը ներկայացնեն հետաքրքրական տեղեկութիւններ տպածոյ հին կերպասներուն մասին։
Կարեւոր տեղ մը վերապահուած է մանրանկարուած ձեռագիրներուն։ Հայերը շատ լաւ մանրանկարիչներ եղած են եւ հին ժամանակներէն այս արուեստը վերածած են իսկապէս ազգային արուեստի մը։ Երկրորդ յարկի սրահին մէջ ցուցադրուած են ամէնէն հին նկարազարդ ձեռագիրները իրագործուած են Կիլիկիոյ մէջ ԺԳ եւ ԺԴ դարերուն, նշանաւոր վանքերու մէջ՝ Մեծայր, Սկեւռա։ 1293-ի Նոր Կտակարան մը իր մանրանկարներուն պատճառով արժանի է յատուկ ուշադրութեան։ Այս նկարները կ'ընդելուզեն իրարու շեշտօրէն հայկական զարդարանքները եւ զուտ արեւմտեան օճով իրագործուած մանրանկարներ։ Այս վերջինները, ԺԴ դարու սկիզբը աւելցուած, գործն են թերեւս արեւմտեան արուեստին ծանօթացած հայ նկարիչի մը, որ կ'աշխատէր Իտալիոյ հայկական միջավայրին մէջ։ Բուն Հայաստանէն եկող Աւետարաններ եւ Շարակնոցներ կը յայտնաբերեն գործունէութիւնը աշխատանոցներու, որոնք ԺԴ եւ ԺԵ դարերուն կը գործէին Եկեղեաց գաւառին ու Երզնկայի մէջ, Աղթամար կղզիին, Սանահինի կամ Բջնիի մէջ։ ԺԷ դարու պատկանող գործեր կը վկայեն ազգային աւանդութիւններու եւ պերճանքի յարատեւումը Կոստանդնուպոլիս, Սեբաստիա կամ Պուլկարիա (ուր կ'ապրեր հայկական կարեւոր համայնք մը) նկարազարդուած ձեռագիրներու մէջ։
Երկրորդ «պտոյտ» մը կ'առաջարկուի ձեռագիրներու սրահին մէջ։ Ան կը թելադրուի պատերուն վրայ տեղաւորուած 45 մանրանկարներով կամ մանրանկարներու վերարտադրութիւններով։ Այս վերջինները գծուած են 1911էն սկսած, պատուէրովը Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոս եղած է 1945էն 1952: Այս գործերը, որոնք մաս կազմած են 1948-ին Անթիլիասի մէջ Գարեգին Կաթողիկոսի կողմէ կազմակերպուած արուեստի ցուցահանդէսի մը, կը վերարտադրեն հայկական նշանաւոր ձեռագիրներու մէջ նկարուած մանրանկարներ։ Այս ձեռագիրները ընդհանրապէս անմատչելի են հասարակութեան եւ պահուած են Երեւան(Մատենադարան), Երուսաղէմ (Հայկական Պատրիարքարան), Վեհետիկ(Մխիթարեան հայրերու գրադարան) եւ Նոր Ջուղա(Ս. Փրկիչ Մայր Եկեղեցի): Դասաւորուած ըստ իրենց վայրի եւ ժամանակի(Է – ԺԴ դար)՝ այս վաւերագիրները առիթ կը ստեղծեն ծանօթանալու հայկական մանրանկարի պատմութեան քանի մը կարեւոր պահերուն։ Անոնք կը ցուցնեն վերարտադրութեան սքանչելի աշխատանքը, որ իրագործուած է նշանաւոր արուեստագէտներու կողմէ, ինչպէս Վ. Սուրէնեանց, Ե. Թադէւոսեան եւ Հ.Մ. արծաթպանեան, եւ կը յաւերժացնեն յիշատակը Գարեգին Յովսէփեանց գիտնական կաթողիկոսին, որ հայ արուեստի նշանաւոր մասնագէտ մը եղած է եւ իսկական կարապետ մը մանրանկարուած ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան մարզին մէջ։
=== Տպագիր գիրքեր ===
Հայերը ձեռագիրներ ընդօրինակած եւ ծաղկած են մինչեւ ԺԸ դարը մինչ հայերէն գիրքեր կը տպուէին արդէն 1511էն սկսած։ Մօտաւորապէս երկու դար տպագրական արտադրութիւնը զարգացած է ձեռագիր արտադրութեան կողքին։ Հնատիպներու ժողովածու մը կը զուգակցի Անթիլիասի մէջ ձեռագիրներու ժողովածուին։ Յատկանշական քանի մը գործեր կը նշեն հանգրուանները գործունէութեան մը, որ զարգացաւ Եւրոպայի մէջ Կոստանդնուպոլսոյ ինքզինք պարտադրելէն առաջ ԺԸ դարուն, իբրեւ ամէնէն կարեւոր օճախը հայկական տպագրութեան։ Այս հնատիպերը կը յիշեցնեն Վենետիկի, Ամսթերտամի կամ Մարսէյի առաջին գրաշարական աշխատանոցները, դէմքերըհրատարակիչ–տպագրիչներու, որոնց դերը կարեւոր եւ երբեմն նոյնիսկ էական եղած է ԺԶ ԺԷ դարերուն։ Անոնք գաղափար մը կու տան հրատարակչական այլազան մտահոգութիւններու եւ հոլովոյթին մասին դէպի գիտական տպագրութիւնները։ Այս վերջինները ճամբայ բացին ԺԸ եւ ԺԹ դարերու բանասիրական աշխատանքներուն։
Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ կատարուած առաջնագոյն տպագրութիւններէն Անթիլիաս ունի երկու օրինակ՝ 1512-ի Պարզատումարը եւ 1513-ի Տաղարանը։ Զուգադրուած ԺԷ դարու եւ ԺԸ դարու տպագրութիւններուն՝ այս գործերը թոյլ կու տան չափելու արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը, որ կ'արտայայտուի Ոսկանի նշանաւոր Աստուածաշունչին մէջ (Ամսթերտամ 1666), Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութիւնը հայերէնով, եւ կը շեշտուի Մեկնութիւն Գրիգոր Նարեկացիին մէջ (Կոստանդնուպոլիս, 1745), որ կը նկատուի «Հմտութեան կոթող մը եւ գրաշարական արուեստի գլուխ գործոց մը»:
Միեւնոյն սրահին մէջ մէկտեղումը տպագիր գիրքերու եւ ձեռագիրներու պարտադիր դարձած էր մանաւանդ որ տպագիր գիրքը մինչեւ ԺԸ դար ներշնջուած էր զարդանկարուած յարդարումի աւանդութենէն։ Իսկ մանրանկարիչները իրենց կարգին օգտագործած էին տպագիր գործերը, յատկապէս ԺԷ դարու հայկական Աստուածաշունչերը, որոնք արեւմտեան փորագրանկարներով զարդարուած էին։ Ոսկանի Աստուածաշունչը, երկու օրինակներով ներկայացուած, ցոյց կու տայ հետաքրքիր այցելուին հոլանտացի Քրիսիֆըլ Վան Սիշըմ Որդիի իրագործած փայտի փորագրանկարներէն քանի մը հատը, որ ըստ երեւոյթին իպրեւ նմուշ ծառայած են մէկէ աւելի հայ մանրանկարիչներու։
=== Խաչքարեր ===
Ազնիւ նուիրատուներու կողմէ տրուած քանի մը խաչքարեր հաստատուած են թանգարանը։ Ասոնք յիշատակի կամ թաղմանական քարեր են մեծ խաչով մը զարդարուած եւ յատկանշական են հայկական արուեստին։ Ասոնցմէ երկուքը կը պատկանին ԺԷ եւ ԺԸ դարերուն, մինչ երրորդ մը, Կիլիկիայէն, կը կարծուի ԺԲ դարէն է։ Այս կոթողը, որ կը կրէ «Վասիլ ծառայ Աստուծոյ» անունը, մաս կազմած է Փարիզի մէջ 1933-ին կազմակերպուած «Կիլիկիոյ Հայ Թագաւորութիւնը» ցուցահանդէսին։ Արձանագրութեան այս Վասիլը ոմանք կը նոյնացնեն Պահլաւունի Վասիլ իշխանին հետ, որ աւագ եղբայրն էր Գրիգոր Գ. (1113-1166) եւ Ներսէս Շնորհալի (1166-1173) կաթողիկոսներուն։ Այս իրողութիւնը կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը խաչքարին, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջերս իբրեւ նուէր ստացած է։
=== Դրամներ ===
Ուրիշ նուէրներ հնարաւոր դարձուցած են ստեղծումը որոշ բաժիններու, որոնք սակայն պէտք է զարգացուին եւ լրացուին ժամանակի ընթացքին։ Հին դրամները այս բաժիններէն մէկուն մաս կը կազմեն։ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մէջ կտրուած արծաթէ եւ պղինձէ դրամները պատուաւոր տեղ մը կը գրաւեն հռոմէական բիւզանդական կամ արաբական դրամներու կողքին։ Կիլիկիոյ թագաւորներուն նկարները, կիսանդրի, ամբողջ հասակով, ձիաւոր կամ գահին նստած, գրեթէ ամբողջական շարք մը կը կազմեն Լեւոն Ա.էն (1198-1219) մինջեւ Լեւոն Ե. Լուսինեան (1374-1375):
=== Հնագիտական Ցուցանմուշներ ===
Քանի մը ցուցափեղկ յատկացուած են հնագիտական նմուշներու։ Անձնական երկու ժողովածուներէ եկող երկու խումբեր կարեւոր են։ Առաջին խումբի իրերը կը ներկայացնենք հին Հայաստանի արուեստն ու քաղաքակրթութիւնը։ Հոն կարելի է գտնել մարդկային եւ կենդանական հետաքրքրական արձանիկներ, որոնք վկայութիւններ են Նոր Քարի Դարէն։ Պրոնզի դարի նմուշները շատ քիչ են, բայց երկաթի դարը բաւական լաւ ներկայացուած է ապարանջաներու եւ օղերու շարքով մը, ճարմանդներով, գամերով եւ տապարներով։ Ներկայ են նաեւ ուրարտական քաղաքակրթութենէն նմուշներ, որոնք պրոնզէ նետեր էն, ապարանջաներ, բազպաններ, կաւէ մեծ անօթ մը զարդարուած երկրաչափական մոթիֆներով եւ կենդանիի մը առաջամասով։ Ըստ երեւոյթին, այս անօթը Քրիստոսէ առաջ Թ. դարէն է։
Երկրորդ խումբի իրերը կը ներկայացնեն ամբողջ ժառանգութիւն մը Լիբանանեան ծովեզերքէն՝ Քարի դարէն մինչեւ Բիւզանդական շրջանը։ Ասոնցմէ է, ուրիշներու կարգին, փիւնիկեան շատ գեղեցիկ ապակիէ բաժակ մը, որ մեզի հասած է կատարելապէս անվնաս վիճակի մէջ։
=== Գորգեր եւ Վիժակներ ===
Թանգարանի երրորդ եւ վերջին յարկը հասնելէ առաջ կարելի է տեսնել գորգերու եւ վիժակներու ժողովածու մը (ԺԸ. Դար – Ի. Դարու առաջին քառորդ): Այս բաժինէն ետք տեղաւորուած են կրտսեր արուեստի զանազան առարկաներ՝ միեւնոյն շրջանէն. կնոջական զգեստի տարրեր, մանուկներու եւ պատանիներու հագուստի մասեր։ Միեւնոյն սրահին մէջ ներկայացուած է կարեւոր վաւերագիր մը՝ Հայաստանի մեծ քարտէս մը՝ մելանով գծուած կտաւի վրայ եւ իրագործուած Թաւրիզի մէջ 1926-ին, բնիկ վանեցի Մարտիրոս Խերանեանի կողմէ։
=== Կերպարուեստ ===
Թանգարանի երրորդ յարկին մէջ տեղաւորուած է արդի արուեստի հաւաքածոյ մը, որ գաղափար մը կու տայ ԺԹ դարէն մինչեւ մեր օրերը գործող հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութեան մասին։ Հնարաւոր եղած չափով արուեստագէտները խմբուած են ըստ երկիրներուն, ուր ապրած եւ ստեղծագործած են։ Լիբանանը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի, Ֆրանսայի, եւ Եգիպտոսի կողքին։ Այս հաւաքածոն, պէտք չէ վարանիլ ըսելու, տակաւին համեստ է, անհաւասար, եւ ունի բացեր, որոնք անխուսափելի են նկատի ունենալով այն իրողութիւնը որ ժողովածուն կազմուած է պատահական նուէրներով եւ քանի մը գնումներով։ Հակառակ ասոր, ան համոզիչ մեկնակէտ մըն է, զոր պէտք է հարստացնել նոր գնումներով եւ ներկայացնել անոնց, որ գաղափար չունէին անկէ, առիթ ստեղծելու համար նոր նուիրատուութիւններու եւ կտակներու։
== Յաւելեալ ==
«Կիլիկիա» Թանգարանը կոչուած է յաւերժացնելու եւ ծանօթացնելու ժամանակի ընթացքին ստեղծուած մշակութային արժէքները. ան կոչուած է նաեւ ըլլալու վառ օճախ մը, որ պէտք է զարգանայ եւ իրեն քաշէ այլազան հասարակութեան մը այցելուներու։ Թանգարանը օժտուած է լրացուցիչ ձեռնարկներու յատուկ բազմանպատակ սրահով մը։ Թանգարանի կողքին կը գտնուի վերադասաւորուած մատենադարանը, ուր կը պահուին շուրջ 80000 հատորներ, 2000ը՝ հնատիպ։ Հետեւաբար, ան ի վիճակի է հիւրընկալելու մշակութային կեանքի զանազան արտայայտութիւնները եւ հայ ու ոչ-հայ բոլոր այն անձերը՝ աշակերտ, համալսարանական, հետազօտող, արուեստագէտ, որ հետաքրքրուած են մշակոյթով։
2014-ին Կիլիկիա Թանգարանը Միջազգային Թանգարաններու Յանձնախումբի (ICOM – International Committee of Museums) անդամ կը դառնայ։
Կիլիկիա Թանգարանի տեսուչն է Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեանը։
== Տե՛ս նաեւ ==
Արամ Ա. Կաթողիկոս
ՀԵՀՈՄ (Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն)
== Աղբիւրներ ==
Հայ Եկեղեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Անթիլիաս - Լիբանան: |
4,620 | Միհր | Կաղապար:Տեղեկաքարտ Դիցաբանական կերպար
Միհր, հին հայկական դիցաբանութեան մէջ եղած է՝ լոյսի եւ մաքրութեան աստուածը։
Կ՛ենթադրուի, որ Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Արմավիրի մէջ եւս գտնուած է Միհրին ձօնուած տաճար։ Միհրի պաշտամունքը կը սկսի վերանալ Ք.Ա. 4-րդ դարուն։
Լոյսի, մաքրութեան աստուծոյ պաշտամունքը եղած է նաեւ հին աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ, ուր այն կոչուած է Միթրաս։ Ըստ հայոց հին հաւատքի՝ Արեգակի սիրտին մէջ կ՛ապրին 365 սուրբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարուան 1 օրուան տէրն է. վկայակոչուած են՝ չարը խափանելու նպատակով։
Ըստ հնագոյն հաւատքի աշխարհը կը ներկայացնէր աղի ծովու մը (Վանա լիճը), որու մէջ կայ ժայռ եւ երբ երկինքը պատում է, լոյս է ընկնում ժայռի վրայ եւ քիչ ժամանակ յետոյ կը ծնի արարչագործ Միհրը՝ մերկ, գլխին՝ հայկական (փռուգիական) գլխարկ, ձախ ձեռքին՝ ջահ, որմով կը լուսաւորէ աշխարհը։ Միհրը՝ սպանելով ցուլը, անոր մասերէն կ՛արարէ աշխարհը եւ կը հաստատէ աստուածային օրէնքը։
Միհրի պաշտամունքի վերաբերեալ առաջին յիշատակությունը կը վերաբերի՝ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցած, Միտաննի թագաւորութեան։ Միհրի գլխաւոր տաճարը Դերջան գաւառի Բագառիճ աւանին մէջ կը գտնուէր։ Անոր նուիրուած է նաեւ Գառնիի հեթանոսական տաճարը։ Անոր նուիրուած տաճարի աւերակներ յայտնաբերուած են Արտաշատ մայրաքաղաքի տարածքին. այն կառուցուած է սեւ մարմարէ եւ վերակառուցուած՝ առաջին դարուն, Տրդատ Ա.-ի կողմէ։ Նեմրութ լեռան վրայ գտնող Անտիոքոս Ա.-ի դամբարանին մօտ կառուցուած արձանախմբում կա նաեւ Միհրը՝ նստած Արամազդի ձախ կողքին։ Միհրի անունից է ծագել հայոց հեթանոսական սրբավայրերուն տրուող ընդհանուր՝ մեհեան անուանումը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայկական եւ օտար անձնանուններ՝ Միհրան, Միհրդատ, Միհրներսեհ, Մեհրուժան եւ այլն։ Միհրի աստուածութեան վիպական մարմնաւորումներ՝ «Սասնա ծռեր» էպոսի Մեծ եւ Փոքր Մհերներն են։
== Գրականութիւն ==
«Դիցաբանական բառարան», Մ. Ն. Պոթվիննիք, Մ. Ա. Քակոն, Մ. Բ. Ռապինովիչ, Բ. Պ. Սելեցքի, թարգմ՝ Ս. Մ. Կրկեաշարեան - Երեւան, Լոյս, 1985 թ., 264 էջ
Միհրապաշտութիւն |
3,044 | Էյլաթ | Էյլաթ (եբր.՝ אֵילַת, արաբերէն՝ إيلات լսել ), Իսրայէլին ամէնէն հարաւը գտնուող քաղաք, Կարմիր ծովուն Էյլաթեան (Աքապեան) ծոցին ափը։
== Տե՛ս նաեւ ==
Իսրայէլի քաղաքներ
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,250 | Շնաձուկ | Շնաձուկեր, (անգլերէն՝ Shark, լատ.՝ Selachii), ծովային ձուկ է։ Բնորոշ յատկանիշներն են՝ մարմնի ձեւը, մեծ քանակութեամբ սրածայր ատամներու առկայութիւնը։
Ներկայիս յայտնի է շնաձուկերու 450 տեսակ՝ 17 ս.մ. երկարութիւն ունեցող «Etmopterus perryi» տեսակէ մինչեւ 20 մեդրանոց կէտձուկը (որ աշխարհի ամենամեծ ձուկն է)։ Այս ենթակարգի տեսակները տարածուած են ծովերու եւ ովկիանոսներու մէջ։ Չնայած շնաձուկերու մեծամասնութիւնը կը բնակի աղի ջուրերու մէջ, որոշ տեսակներ կը յարմարի քաղցրահամ ջուրերու մէջ։ Շնաձուկերու մէջ կը գերակշռուին գիշատիչները, սակայն 3 տեսակ, որոնց կարգին կը դասուի կէտձուկը, կը սնուի փոքր ձուկերով։ |
1,174 | Տօմինօ | Տօմինօ, «Domino», անգլիացի երգչուհի Ճեսսի Ճէյի երգը մուտք գործած Who You Are ալպոմէն։ Երգը թողարկուած է որպէս ալպոմի հինգերորդ երգ։ Երգին հեղինակները եղած են Jessie J-ը, Dr. Luke-ը, Քլոտ Քելլին, Մաքս Մարթինը եւ Հենրի Վալտերմը: Արտադրիչները եղած են Dr. Luke-ը եւ Cirkut-ը։ Երգը հասած է առաջին հորիզոնականին անգլիական հիթ-շարքերէն ներս՝ դառնալով Անգլիոյ համար երկրորդ երգը, որ գլխաւորած է հիթ-շարքը, եւ ալպոմին վեցերորդ երգը, որ ընդգրկուած է անգլիական հիթ-շարքի առաջին տասնեակին մէջ։ Billboard Hot 100 հիթ-շարքին մէջ երգը հասած է վեցերորդ հորիզոնականին՝ դառնալով Ճեսսիի ամէնահանրայայտ երգը Ամերիկայի մէջ։
== Երգին Մասին ==
«Domino»-ն պարային ստեղծագործութիւն է Տիսգո եւ R&B ժանրերու տարրերով:
2011 թուականի Յուլիսին Ճեսսին թուիթերի ցանցին վրայ իր կայքէջին մէջ հրապարակած է երգէն 21 վայրկեան տեւողութեամբ հատուած մը։ Երգին նախացուցադրումը կայացած է 11 Օգոստոս 2011 թուականին Jessie J-ի YouTube-ի կայքէջով:
MTV Buzzworthy-ին տուած հարցազրոյցին ժամանակ երգչուհին խոստովանած է, որ շատերը չի հաւատացին այս երգի յաջողութեան, որովհետեւ ան կը տարբերէր իր նախորդ աշխատանքներէն։ Նաեւ Ճեսսին աւելցուցած է, որ գրելէ առաջ լսած է այնպիսի երգիչներու, որոնցմէ են Ուիթնի Հիւսթոնը եւ Prince-ը:
Երգը գրուած է «Soul Major» ձայնագրութեամբ, վարկեանը 127 հարուած «Temp»-ով։
== Քննարկում ==
Երգը հիմնականին ստացած է դրական արձագանքներ քննադատներու կողմէ։ Անոնցմէ ոմանք գոված են Ճեսսիի ուժեղ ձայնալարը, իսկ միւսները վատաբանած են երգը՝ երգին ոճը նմանցնելով ամերիկացի երգչուհի Քեթի Փերրիի ոճին Ճէյմս Մասթերսոնը About.com-էն անուանած է «Domino» երգը «զարմանալի փոփ-երաժշտութիւն»:
== Երաժշտական Տեսահոլովակ ==
Տեսահոլովակին նախացուցադրումը կայացած է 26 Դեկտեմբեր 2011 թուականին: Տեսահոլովակին բեմադրիչը եղած է Ռէյ Կէյը։ Միակ անձը տեսահոլովակին մէջ Jessie J-ն է:
== Երգացանկ ==
Digital download«Domino» — 3:51German CD single«Domino» — 3:51
«Nobody’s Perfect» (Netsky Full Vocal Remix) — 4:55Digital download — remix«Domino» (Rick & K-Night vs. Stefano Prada Remix) — 5:36US Remix EP«Domino» — 3:51
«Price Tag» (Shux Remix) (featuring Devlin) — 3:27
«Who You Are» (Seamus Haji Remix Radio Edit) — 3:46
«LaserLight» (featuring David Guetta) — 3:31
«My Shadow» — 3:29
«Domino» (Myon And Shane Remix) (Extended Mix) — 5:18US promotional EP«Domino» — 3:51
«Price Tag» (feat. B.o.B) — 3:42
«Who You Are» — 3:50
«LaserLight» (featuring David Guetta) — 3:31
«My Shadow» — 3:29
«Domino» (Myon And Shane Remix) (Extended Mix) — 7:04
== Հիթ-շարքեր ==
== Հաւաստագրեր ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,002 | Արամի Փողոց (Երեւան) | Կաղապար:Երեւանի փողոց
Արամի փողոց, փողոց Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ։ Կոչուած է Առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի անունով։ Զուգահեռ է Փաւստոս Բիւզանդի փողոցին։
== Տուեալներ ==
Խանջեան փողոցի հարաւ-արեւելեան հատուածէն ձգած է դէպի Սարեան փողոցի հիւսիս-արեւմտեան հատուած՝ իր մէջ ընդգրկելով Վերնիսաժի տօնավաճառը, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի շէնքը, Միսակ Մանուշեան զբօսայգին եւ կը հասնի մինչեւ Մաշտոցի պողոտայ։ Նախկին փողոցը կը շարունակուէր մինչեւ գլխաւոր նամակատուն, սակայն այդ հատուածը 2014 թուականին վերանուանվեց Կարէն Տեմիրճեանի անունով։
Ժամանակին Երեւանի ամենահին փողոցներէն մէկն է։
== Պատմութիւն ==
Փողոցը բացուած է 1837 թուականին եւ կոչուած՝ Ցարսկայա փողոց՝ ի պատիւ Նիկոլայ I ցարի, որ այդ ժամանակաշրջանին կ'այցելէ Երեւան։ 1919 թուականին, Առաջին հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի մահէն յետոյ փողոցը կը վերանուանուի անոր անունով։ Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ կոմունիստները փողոցը 1921 թուականին վերանուանած են Սուրէն Սպանդարեանի անունով։ 1991 թուականին, Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, փողոցը պաշտօնապէս կոչուեցաւ Արամի փողոց։
1917-1919 թ. Արամ Մանուկեանն ապրած է Արամի փողոցի 9 հասցէի մէջ տեղակայուած շէնքի մէջ։ Շէնքը կը պատկանի Ֆատէյ Քալանթարեանին, կառուցուած է 1910 թուականին, ճարտարապետ Պորիս Մեհրապեանի կողմէ։
2005 թուականէն շէնքի վերակառուցումը ներառուած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Հին Երեւան» ծրագրին մէջ, որու հեղինակը ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեանն է։
== Պատկերասրահ ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Երեւանի փողոցներու ցանկ
Երեւանի վարչական բաժանում
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Երեւան` Ցարսկայա/Արամի փողոց |
7,232 | Քարիւղ | Աշխարհի վրայ սպառող ուժանիւթի մեծ մասը կը ստացուի քարիւղէն։ Ջերմութեան ձեւի տակ արտադրուած ուժանիւթը կ'օգտագործուի շարժանիւներ դարձնելու համար։ Քարիւղը կը դասուի բրածոյ վառելանիւթերու կարգին, որովհետեւ կազմուած է միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին փտած բոյսերու եւ փոքրիկ անասուններու մասսաներէն։
== Քարիւղին օգտագործումները ==
Անզուտ քարիւղը օգտագործելի չէ։ Պէտք է զայն զտել զտարանի մը մէջ։ Առաջին հանգրուանը կը կայանայ զայն մինչեւ 385 °C տաքցնելու մէջ, որպէսզի իր պարունակած կազերը արձակուին։ Այս կազերը կ'անցնին թորումի աշտարակաձեւ սարքերու մէջէն։ Ամենաթեթեւ արտադրանքները, պիւթան եւ բրոբան, կը գտնուին աշտարակին վերի մասին մէջ։ Ամենածանրերը, իւղ եւ կուպր, յատակէն կը հանուին։
Անզուտ քարիւղէն զտարանները կը ստանան շուրջ 550 տիպի արտադրանք՝ պիւթան եւ բրոբան կազերը, պենզին, կազոլ, մազութ, քերոսէն վառելանիւթեր, իւղեր, կուպր, արուեստական բնաթելեր, արուեստական ձգախէժ, ռետին, կպչուն նիւթ, կերպընկալ նիւթեր, պարարտացուցիչ, ներկեր, ջնարակ, լուացքադեղ, շրթունքի ներկ, կարգ մը բժշկական դեղեր եւ նոյնիսկ արջառի կերին մէջ գործածուող բրոթէին:
== Աղբիւրներ ==
Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 24-25° |
23,991 | ԵՊՀ Արևելագիտութեան Բաժանմունք | ԵՊՀ Արևելագիտութեան Բաժանմունք, Երեւանի Պետական համալսարանի կազմին մէջ գոծող բաժանմունք։
== Պատմութիւն ==
Արեւելագիտութեան առաջին դասախօսը գրականագէտ եւ արեւելագէտ Գէորգ Ասատուրն էր, ով 1921 թուականին աշխատանքի կը հրաւիրուի որպէս Վրացերէնի եւ Արեւելքի գրականութեան դասախօս։ 1923 թուականին Թաւրիզէն ԵՊՀ կը հրաւիրուի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը: Ան կը դասաւանդէ բազմաթիւ առարկաներ, անոնցմէ են՝ Պարսկերէնը, Սանսքրիթը, Պարսից Լեզուի (Պարսկերէնի) Պատմութիւնը, եւ այլն․․․ 1940 Թուականի Սեպտեմբերէն Աճառեանը նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի արեւելեան բանասիրութեան լսարանը (ամբիոն)։ Նոյն թուականին կը բացուի նաեւ Արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան բաժինը իր երկու՝ Իրանական ու Արաբական ճիւղերով։ Որպէս առանձին կառոյց, Արեւելագիտութեան Բաժանմունքը կը կազմաւորուի 1968 թուականին։ Բաժանմունքի ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ ուսուցչապետ (փրոֆէսօր) Գէորգի Նալբանդեանը։ Նախնական շրջանին բաժանմունքը ունեցած է մասնագիտական երկու լսարան՝ Արեւելեան Բանասիրութեան եւ Արեւելքի Պատմութեան լսարանները։
Բաժանմունքը սերտ կապեր հաստատած է արտաշխարհի արեւելագիտական նշանաւոր կեդրոններու հետ՝ Իրանի, Եգիպտոսի, Սուիոյ, Արաբական Միացեալ Իշխանութիւններուն (Էմիրութիւն), Լիբանանի համալսարաններուն համապ զուգակշիռ լսարաններու եւ առանձին գիտնականներու հետ։ Բաժանմունքը կը համագործացկցի նաեւ Մատենադարանի, Իրանագիտական Կովկասեան կեդրոնի, «Իրան-Նամէ» արեւելագիտական հանդէսի եւ արեւելագիտական այլ կեդրոններու հետ։
== Լսարաններ ==
Ներկայ պահուս Արեւելագիտութեան բաժանմունքէն ներս կը գործեն Իրանագիտութեան, Արաբագիտութեան եւ Թիւրքագիտութեան լսարանները (ամբիոնները)։ Արեւելագիտութեան այժմու պահանջներուն համապատասխան՝ բաժանմունքին մէջ կ՛ուսումնասիրուին նաեւ Հնդկերէն (Հինտի /Ուրտու), Սանսքրիթ, Պէլուճերէն, Քուրտերէն եւ Եբրայերէն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,485 | Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի) | Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի), Թրիփոլի, Լիբանան
=== Պատմութիւն ===
Թրիփոլիի մէջ եկեղեցական արարողութիւնները սկզբնական շրջանին կատարուեցան յոյներու կողմէ տրամադրուած «Մար Էլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ Արժ․ Տ․ Խորէն Քհնյ Գույումճեանի։ Հետագային կառուցուեցաւ Ս. Աստուածածին տախտակաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցին, Արժ. Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ։
1962-ին աւարտեցաւ նոր եւ քարաշէն եկեղեցւոյ շինութիւնը, բարերարութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, եւ եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ 3 Յունիս 1962-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեանի։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝
Տ. Խորէն Քհնյ. Գույումճեան
Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Ղազարեան
Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան
Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան
Տ. Յակոբ Քհնյ. Պոյաճեան
Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան
Տ. Յուսիկ Քհնյ. Այանեան
Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Յովսէփեան
Տ. Մովսէս Քհնյ. Շրիկեան
Տ. Ասպետ Քհնյ. Տեմիրճեան
Տ. Վազգէն Քհնյ. Նարկիզեան
Տ. Նարեկ Քհնյ. Շրիկեան
Տ. Պարգեւ Քհնյ. Յովհանէսեան
Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տօնիկեան
Տ․ Ռուբէն Քհնյ․ Միսիրեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։
== Տե՛ս նաեւ ==
Ս․ Աստուածածին Եկեղեցի, (Նոր Ատանա)
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի (Հայաշէն)
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցի (Զոքաք Պլաթ)
Ս. Պօղոս Եկեղեցի (Այնճար)
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Զահլէ)
Ս. Յակոբ Եկեղեցի (Էշրէֆիէ)
== Աղբիւրներ ==
Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի (Թրիփոլի) |
16,261 | Լուիզ Ֆով-Յովհաննիսեան | Լուիզ Ֆով-Յովհաննիսեան (18 Սեպտեմբեր 1930(1930-09-18), Փարիզ), հայ հոգեբուժ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր (1991):
== Կենսագրութիւն ==
1954 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական ճիւղը: 1958-1978 թուականներուն եղած է նոյն բաժանմունքի անեսթեզիոլոգիայի եւ ռէանիմատոլոգիայի բաժանմունքի վարիչ, 1982 թուականէն` Փարիզի Սուրբ Աննա հոգեբուժական հիւանդանոցի հոգեբուժ:
1985-1991 թուականներուն Վազգէն Ա. կաթողիկոսի միջնորդագրով զբաղուել է Փարիզի Վիլժեուֆի հոգեբուժական հիւանդանոցի տնօրինութեան տակ գտնուող` Կոմիտասի հոգեկան հիւանդութեանը վերաբերող արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութեամբ եւ անոր հոգեկան հիւանդութեան ախտորոշման ճշդման խնդիրներով, որոնց մասին գիտական զեկուցումներով հանդէս եկած է Սորպոնի, Փարիզի, Թորոնթոյի (2001) եւ Երեւանի (2001) մէջ:
1989-1990 թուականներուն Սպիտակի, Գիւմրիի, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերած է երկրաշարժէն ու պատերազմէն տուժած բնակչութեան, նուիրաբերած մեծ քանակութեամբ դեղորայք:
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,378 | Չառլի Ուէպըր | Չառլզ Ալան «Չառլի» Ուէպըր (անգլերէն՝ Charles Alan "Charlie" Weber, Jr., ծնած 20 Սեպտեմբեր, 1978, Ճէֆըրսըն Սիթի, Միզուրի, ԱՄՆ), ամերիկացի դերասան մըն է: 2014-ին ան ստանձնեց Ֆրէնք Տէլֆինոյի գլխաւոր դերը ABC կայանի ոճրագործական տրամա How to Get Away with Murder հեռուստաշարին մէջ:
== Վաղ Կեանք ==
Չառլի Ուէպըր ծնած է իբրեւ Չառլզ Ալան «Չառլի» Ուէպըր, Ճէֆըրսըն Սիթի, Միզուրի, ԱՄՆ: Ուէպըրը ձգեց համալսարանական ուսումը սկսելէ մէկ տարի ետք եւ փոխադրուեցաւ Նիւ Եորք, ԱՄՆ, երբ ան 19 տարեկան էր։ 1998-ի Կաղանդի Abercrombie & Fitch հագուստի ընկերութեան ցուցադրութեան պարբերաթերթին մէջ ունեցաւ նկարահանումներ երբ նկարիչ Պրուս Ուէպըր տեսաւ իր գեղեցկութիւնը նկարահանումներու մէջ:
== Ասպարեզ ==
Ուէպըրի առաջին ֆիլմի դերը եղաւ 2000-ին The Broken Hearts Club: A Romantic Comedy ֆիլմին մէջ։ Նոյն տարին ան երկրորդական դեր մը ստանձնեց Պէնի դերը Buffy the Vampire Slayer հեռուստաշարին մէջ, եւ ունեցաւ այդ դերը 14 դրուագներու մէջ՝ 2000-էն 2001: Ան հիւր դերասան դարձաւ հետեւեալ հեռուստաշարերուն մէջ՝ The Drew Carey Show, Charmed, Veronica Mars, House, Burn Notice, Bones, Warehouse 13 եւ CSI: Crime Scene Investigation:
2003-էն 2004, Ուէպըր ունեցաւ տարբեր տեսակի առիթներ ֆիլմերու մէջ, ինչպէս Gacy, The Kiss եւ Cruel Intentions 3: 2010-ին, ան գլխաւոր դեր մը ստանձնեց կատակերգական Vampires Suck: 2003-էն 2004 ան Ճէյի երկրորդական դերը ստանձնեց The WB ընկերութեան տրամա Everwood հեռուստաշարին մէջ։ 2012-էն 2013 ան հիւր դերասան էր MTV կայանի կատակերգական եւ տրամա Underemployed հեռուստաշարին մէջ, որմէ ետք ան ունեցաւ երկրորդական դեր մը The CW ընկերութեան տրամա 90210 հեռուստաշարի 5րդ եղանակին մէջ:
2014-ին, Ուէպըր ստանձնեց գլխաւոր դեր մը իբրեւ Ֆրէնք Տէլֆինօ ABC կայանի ոճռագործական տրամա How to Get Away with Murder հեռուստաշարին մէջ, արտադրուած Շոնտա Ռայմզի կողմէ: Ան հեռուստաշարին մէջ աշխատակիցներէն մէկն է Վայոլա Տէյվիսի:
== Դերեր ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,663 | Ռուբէն Տէր Մինասեան | Ռուբէն Տէր Մինասեան (7 Մայիս 1882(1882-05-07), Ախալքալաք, Ռուսական Կայսրութիւն - 27 Նոյեմբեր 1951(1951-11-27), Սեն Կլու, Օ-դը-Սեն), հայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, հայկական ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան երրորդ ռազմական նախարար։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։
== Կենսագրութիւն ==
Ռուբէն (իսկական անունը՝ Մինաս Տէր Մինասեան) ծնած է Ախալքալաք։ Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած Գէորգեան ճեմարանին մէջ։ Պատանի տարիքէն Ռուբէն երազած է Հայաստան երթալ։
Ապա ուսումը շարունակած է Մոսկուայի մէջ, որպէս «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացի ուսանող։ Մոսկուայի մէջ եղած ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական ուսանողներու խմբակներուն եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան. Այդ տարիներուն կ՛անդամագրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
== Ազգային Ազատագրական պայքար ==
1903-ին Մոսկուայէն կու գայ Թիֆլիս՝ Երկիր անցնելու որոշումով։ Այդ օրերուն հայ յեղափոխականները երկու հնոցներ ունէին. Սասուն եւ Պաթում, Ռուբէն կը նախընտրէ Սասունը։ Իր առաջին գործունէութեան փորձառական դաշտը կ՛ըլլայ Կարսը՝ Արամի շունչի տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կեդրոնական դէմքն էր. Ռուբէն կ՛ազդուի անոր յեղափոխական գաղափարներէն։
1905-ին աւելի փորձառու՝ Ռուբէն կը մեկնի Վան, ուր Իշխանի հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ։ Արամ կ՛անցնի Վան, իսկ Ռուբէն՝ Վարդան Շահպազի մօտ՝ լեռները, հոն սորվելու համար ֆետայական կեանքը։
Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէ սուրբ գաղափարի համար, նախընտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին։ Տարօնի մէջ ան նշանակուեցաւ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար։ Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերու գլուխը՝ Ռուբէն վերակազմեց ֆետայական շարժումը, մասնակցեցաւ բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն էր Սուլուխի կռիւը, որու ընթացքին նահատակուեցաւ Սասնոյ արծիւ Գէորգ Չաւուշը։
1907-ի Մայիս 27-ին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով գաղտնի գործով հաւաքուած էին Սուլուխ։ Երկու ժամ անց գիւղը շրջապատուեցաւ թուրք զինուորներու կողմէ։ Սուլուխի կռիւը սկսաւ նոյն օրը եւ տեւեց մինչեւ Մայիս 28-ի առաւօտը։
1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով, յեղափոխական գործունէութիւնը դադրեցաւ։ Սակայն, Ռուբէն՝ համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կարելի չէ վստահիլ, շարունակեց զբաղիլ կուսակցական գործունէութեամբ։ 1909-ին անցաւ Վառնա, ուր մասնակցեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 5-րդ Ընդհանուր ժողովին։ Այնուհետեւ, հաստատուեցաւ Ժընեւ, քիմիաբանութիւն ուսանելու նպատակով։ Հոն մնաց մինչեւ 1913, երբ կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգեց ուսումը ու վերադարձաւ Տարօն՝ կազմակերպական աշխատանքի լծուելով։ Ռուբէն ընդհանուր պատասխանատուն էր Տարօն աշխարհի Հ.Յ.Դ. Դուրան-Բարձրաւանդակի կոմիտէութեան։
== Երկեր ==
Հայ-թրքական կնճիռը, Գահիրէ, 1924, 158 էջ:
Հ. Յ. Դ. կազմակերպութիւնը, Աթէնք, 1935, 29 էջ, Բ. տպագր., Պէյրութ, 1978, 29 էջ:
Սթալինեան Սահմանադրութիւնը եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, Գահիրէ, 1936, 88 էջ:
Հայաստան միջցամաքային ուղիներու վրայ եւ Մ. Արեւելքի ժողովուրդներ եւ երկրներ, Պէյրութ, 1948, 188 էջ, Բ. հրատ., Թեհրան, 1982, 191 էջ:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Լոս Անջելոս, 1952:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Ը, Պէյրութ, 1975-1979:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Թեհրան, 1982:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Ը, Պէյրութ, 1983-1985:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Երեւան, 1990-1991:
Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է, Պէյրութ, 2005:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Ռուբեն Տէր-Մինասեան (փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու), գլխ. խմբ. Ամ. Վիրաբեան, Երեւան , Հայաստանի ազգային արխիւ, 2011 , 488 էջ։
Ներսիսյան Աշոտ , Ռուբեն, Երեւան, 2002, 326 էջ, 2-րդ հրտ., Երեւան, 2003, 328 էջ, 3-րդ հրտ., Երեւան , Էդիթ պրինտ, 2007, 396 էջ։
Ստեփանյան Խաչատուր, Ռուբեն Տեր-Մինասյան (կյանքը եւ գործը), Երեւան , Էդիթ պրինտ, 2008, 183 էջ։
Աստուածատրեան Արշալոյս, Ռուբէնը, «Հայրենիք ամսագիր», Պոսթըն, 1965, թիւ 4, էջ 19-35, թիւ 5, էջ 34-50, թիւ 6, էջ 49-62, թիւ 7, էջ 33-47, թիւ 8, էջ 54-66, թիւ 12, էջ 17-28, 1966, թիւ 1, էջ 27-32, թիւ 3, էջ 32-41, թիւ 4, էջ 43-48, թիւ 5, էջ 32-40, թիւ 6, էջ 49-55:
Էջմիածնեցի, Ռուբէնը պատմութեան դատաստանին առջեւ, ,,Հայրենիք ամսագիր, Պոսթըն, 1957, թիւ 5, էջ 20-33, թիւ 6, էջ 24-30:
Վրացեան Սիմոն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, 2-րդ հրատ., Պէյրութ, 1968, 3-րդ հրատ., Թեհրան, 1982, 4-րդ հրատ., Երեւան, 1993, 704 էջ:
Հայկական հարց հանրագիտարան, Երեւան, 1996 , էջ 387: |
6,170 | Սողոմոն Տարօնցի | Սողոմոն Տարօնցի (Մովսէսեան, 9 Յունուար 1905(1905-01-09), Բուլանըխի գավառակ, Մուշի մարզ, Թուրքիա - 17 Յուլիս 1971(1971-07-17), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, ՀԽՍՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ (1965), ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1934 թուականէն։
Ծնած է Տարօնի Կոփ գիւղը։ Դեռ մանուկ գաղթի ճամբաներէ անցած՝ ծնողներուն հետ ապաստանած է արեւելեան Հայաստան, ուր յաճախած Է Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Կիւմրի) ամերիկեան որբանոցի վարժարանը։ 1926-էն 1930 յաճախած է Երեւանի համալսարանի պատմագրական բաժինը, միաժամանակ, արդէն, հրատարակած է առաջին երկու բանաստեղծական երկերը։
Հետագային արտադրած է նաեւ արձակ էջեր (պատմուածք, աւանդավէպ)։ Երկար տարիներ զբաղած է խմբագրական ու թարգմանական աշխատանքներով։ Հայկական դպրոցին համար՝ կազմած է դասագիրքեր։
Մահացած է Երեւան։
== Գործերէն ==
«Անապատաներ» (1926)
«Սերունդների Երգը» (1933)
«Ծոյլ Տղան» (1940)
«Ասպետ Լիպարիտ» (1944)
«Կրակէ Քառուղիներում» (1944)
«Զրոյց Արեւի տակ» (1959)Յետ մահու՝
«Կամրջուող Ափեր» (1973)
«Մեղրագետ» (1980)
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,396 | Վանի Թագաւորութեան Քաղաքակրթութիւնը |
== Պետական Կարգը ==
Վանի թագաւորութիւնը հին արեւելեան ձեւի պետութիւն էր: Անիկա համախմբում մըն էր տարբեր երկիրներու եւ ցեղերու, որոնք իրարու միացած էին բռնի ուժով: Իւրաքանչիւր ցեղ կամ ցեղային միութիւն կը պահէր իր տեղական վարչութիւնը, զօրքը, սովորութիւնները, լեզուն եւ կրօնքը: Այդ ցեղերը յարատեւօրէն կը ձգտէին անկախութեան, իսկ պետութիւնը կը ջանար զանոնք զէնքի ուժով հպատակեցնել: Այս իմաստով, Ուրարտուի պատմութիւնը տեւական միացման եւ անջատման փորձերու պատմութիւն մըն է:
Երկրին սահմանները պաշտպանելու եւ ցեղերուն անջատողական ձգտումներուն առաջքն առնելու նպատակով կը կառուցէին բերդաքաղաքներ եւ ամրոցներ: Բերդաքաղաքները ռազմա-վարչական կեդրոններ էին եւ կը ծառայէին իբրեւ կեդրոնատեղի նահանգներու կառավարիչներուն եւ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող պահակազօրքին: Հիւսիսային սահմաններուն համար նման կեդրոններ կը հանդիսանային Արգիշտիխինիլին, Էրեբունին եւ Թէյշէբաինին: Նուաճուած երկիրներուն վրայ յաճախ կը կարգուէին նահանգապետեր, երբեմն սակայն իշխանութեան գլուխ կը պահուէին ցեղերու առաջնորդները՝ հարկ վճարելու պայմանով: Դրամ գոյութիւն չունէր: Տուրքերը կը վճարուէին բնամթերքով, անասուններով, մետաղով:
Պետութեան միանձնեայ ղեկավարը թագաւորն էր: Ան էր երկրին գերագոյն կառավարիչը, զօրքին հրամանատարը եւ գլխաւոր դատաւորը: Թագաւորը կը ներկայանար իբրեւ ներակայացուցիչը Ուրարտուի աստուած Խալդիի: Անոր անունով գլուխ կը հանէր շատ մը իրագործումներ, կը վարէր պատերազմ եւ կը նուաճէր երկիրներ:
Երկրի պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հարստութեան եւ ստրուկներ ձեռք բերելու համար պետութիւնը ունէր զօրաւոր բանակ:
Բանակին կորիզը կազմուած էր բուն ուրարտացիներէն, որոնք մշտական զինուորական ծառայութեան մէջ կը գտնուէին: Մնայուն այդ բանակին վրայ կ'աւելնային հպատակ ցեղերէն վերցուած զօրքերը, որոնք սովորաբար կը ղրկուէին երկրին հեռաւոր սահմանները:
Բանակը բաղկացած էր հետեւակազօրքէ, հեծելազօրքէ եւ մարտակառքերէ: Զօրքը լաւապէս սպառազինուած է. հիմնական զէնքերն էին նետն ու աղեղը, սուրը, դաշոյնը, նիզակը եւ սակրը. պաշտպանութեան համար ունէին վահան եւ սաղաւարտ:
Ինչպէս հին Արեւելքի բոլոր մեծ տէրութիւններուն, Վանի Թագաւորութեան համար եւս պատերազմները կը ծառայէին ոչ միայն նուաճումներ կատարելու այլ նաեւ ստրկական ուժի տիրանալու: Պատերազմներու ընթացքին ձեռք բերուած հարիւր հազարաւոր գերիներուն մեծ մասը կը վերածուէր ստրուկներու եւ կ'օգտագործուէր քաղաքներու, ամրոցներու, տաճարներու, ջրամբարներու եւ ճամբաներու շինարարութեան մէջ: Զանոնք կ'աշխատցնէին նաեւ պետութեան, իշխող վերնախաւին եւ տաճարներուն պատկանող հանքերուն եւ երկրագործական մեծ տնտեսութիւններուն մէջ: Այսուհանդերձ, երկրին արտադրութեան հիմնական մասը, երկրագործութեան, անասնապահութեան թէ արհեստագործութեան մէջ, ազատ բնակչութեան աշխատանքին արդիւնքն էր:
== Գիւղատնտեսութիւն եւ Արհեստներ ==
Վանի Թագաւորութեան մէջ մեծապէս զարգացաւ գիւղատնտեսութիւնը: Ցամաքային կլիմայ ունեցող Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկրագործութիւնը չէր կրնար յառաջդիմել առանց ոռոգումի: Այս պարագան հաշուի առնելով, ստեղծուեցաւ ջրանցքաշինութեան եւ հողերու ոռոգման ամբողջական դրութիւն մը: Ջրանցքներ բացուեցան մասնաւորապէս Վանայ լիճին շրջակայքը, Ուրմիոյ լիճին Հիւսիսը, Արաքս եւ Հրազդան գետերու եւ Արածանիի հովիտներուն մէջ: Նշանաւոր է Մենուայի ջրանցքը, որուն հետագային հայերը կու տային «Շամիրամի առու» անունը: Ան կը բանի մինչեւ այսօր: Շուրջ 75 քմ. երկարութիւն ունեցող այդ ջրանցքը տեղ-տեղ ժայռափոր է, որոշ մասերը շինուած են հսկայական քարերէ: Տուշպա-Վան քաղաքին մօտերը Ռուսա Ա. կը բանայ 25 քմ. երկարութեամբ ջրանցք մը եւ կը շինէ արուեստական ջրամբար մը «Ռուսայի ծով» անունով (Թուրքերէն՝ Քէշիշկէօլ): Կարմիր Բլուրի Թէյշեբաինի ամրոցին մօտ շինուած է ջրանցք մը, որ Հրազդան գետէն լերան մէջ փորուած փապուղիէ կ'անցնի եւ ջուրով կը մատակարարէ Արարատեան դաշտի գիւղերն ու այգիները:
Հայկական լեռնաշխարհի դաշտային շրջաններուն մէջ լայնօրէն տարածուած էին հացահատիկներու մշակումն ու մանաւանդ այգեգործութիւնը: Կարմիր Բլուրի պեղումներուն ընթացքին գտնուած են ցորենի, կորեկի, սիսեռի մնացորդներ, խաղողի կորիզներ եւ հսկայ կարասներով գինիի մառան: Գտնուած է ձիթահանք, որուն մօտ եղած է շուշմայի մնացուկներու մեծ կոյտ: Դաշտավարութեան մէջ օգտագործուած են երկաթէ խոփով արօր, երկաթէ բրիչ, մանգաղ, եղան եւ այլ գործիքներ:
Լեռնային շրջաններուն մէջ զարգացած էր անասնապահութիւնը: Սարդուրի Բ. թագաւորի արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշուի, որ նուաճուած ցեղերէն ան Բիայնիլի տարած էր 110 հազար խոշոր եւ 200 հազար մանր եղջերաւոր անասուններ: Միջազգային շուկաներ՝ Փիւնիկէի (Սուր քաղաք) եւ Բաբելոնի մէջ յարգի էին ուրարտական ձիերը:
Զարգացած էին մասնագիտացած արհեստները: Միջազգային հռչակի տիրացած էր մանաւանդ Հայկական լեռնաշխարհի մետաղագործութիւնը: Արհեստներէն նշանաւոր էին դարբնութիւնը, զինագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, պղնձագործութիւնը, բրուտագործութիւնը եւ այլն: Պեղումներու միջոցով յայտնաբերուած են բազմապիսի զէնքեր՝ զրահներ, վահաններ, սաղաւարտներ, նիզակներ, սակրեր, ռազմակառքեր եւայլն: Քիչ չեն տնային-կենցաղային իրերը՝ կաթսաներ, տարբեր մեծութեան անօթներ, բաժակներ: Աւելի շատ են պերճանքի նրբաճաշակ իրերը՝ ապարանջան, օղ, զարդեր, արձաններ, տաճարական սպասներ:
Արհեստագործական իրերը կը պատրաստուէին պղինձէ, պրոնզէ, քարէ, ոսկիէ, երկաթէ, կաւէ, ոսկորէ եւ ուրիշ նիւթերէ: Գտնուած են նաեւ կաշիէ եւ բուրդէ պատրաստուած հագուստի մնացորդներ:
== Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ ==
Վանի Թագաւորութեան մէջ կառուցուած են բազմաթիւ քաղաք-ամրոցներ, տաճարներ, ժայռափոր սենեակներ, ջրանցքներ: Ի տարբերութիւն Ասորեստանի՝ ուր հիմնական շինանիւթը աղիւսն էր: Ուրարտուի մէջ գործածած են քարը: Բազմատեսակ քարերու առատութիւնը զարկ տուած է քարակոփութեան արհեստի զարգացումին: Բերդերը եւ պաշտպանողական միւս շինութիւնները կը կառուցուէին անտաշ քարերով եւ առանց շաղախի, իսկ տաճարներու եւ պալատական շէնքերու համար կը գործածէին սրբատաշ եւ երբեմն տարբեր գոյնի քարեր: Շինարարութեան մէջ օգտագործուած են նաեւ հում աղիւսն ու փայտը: Բերդաքաղաքներու կեդրոնական մասը սովորաբար կը յատկացուէր պարսպապատ միջնաբերդին. անոր շուրջ կը տարածուէր նոյնպէս պարիսպով շրջապատուած քաղաքը: Միջնաբերդին մէջ կը բնակէր նահանգին կառավարիչը իր պաշտօնէութեամբ եւ սպասաւորներով: Հոս էին նոյնպէս բերդապահ զօրագունդը, արհեստաւորները, մառանները եւ այլն:
Թէյշէբաինի քաղաքը (Կարմիր Բլուր) ունէր հսկայ միջնաբերդ. կառուցուած էր բլուրի մը վրայ եւ կը գրաւէր 4 հեկտար (40.000 քառ. մեթր) տարածութիւն: Մինչեւ երկու մեթր պարիսպները շարուած էին անտաշ խոշոր քարերով, որոնք կը շարունակուին հում աղիւսէ հիւսուած պատերով: Անոնց բարձրութիւնը 6-12 մեթր էր, իսկ հաստութիւնը կը հասնէր մինչեւ 3.5 մեթրի: Բլուրին ստորոտը 30-40 հեկտար տարածութեան մը վրայ փռուած էր քաղաքը՝ դարձեալ պարիսպով շրջապատուած: Թաղերն ու բնակարանները կառուցուած էին նախագծուած յատակագիծի մը հիման վրայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ նախատեսուած էր քաղաքը բնակեցնել դուրսէն քաղաքներու, իր կործանումէն ետք Թէյշէբաինիի միջնաբերդը իր մեծագոյն մասով չէր կողոպտուած: Հետեւաբար պեղումները երեւան բերին անեղծ վիճակի մէջ հսկայ քանակութեամբ հնութիւններ, որոնք լայն չափերով կը ծանօթացնեն մեզի Վանի Թագաւորութեան հին անցեալի փայլուն քաղաքակրթութիւնը:
Վանի Թագաւորութեան տարբեր շրջաններուն մէջջ կը հանդիպինք ժայռափոր կառոյցներու: Նշանաւոր են Վան քաղաքի մօտակայ լեռներուն մէջ փորուած մեծ ու փոքր սրահները: «Մհերի դուռ» կոչուած յայտնի ժայռախորշը, որուն պատերը ծածկուած են սեպագիր արձանագրութիւններով, ունի հինգ մեթր բարձրութիւն: Ժայռափոր այս շինութիւնները ծառայած են պաշտամունքային նպատակներու եւ դամբարանային թաղումներու:
Վանի ճարտարապետական արուեստին լաւագոյն նմոյշներէն կը հանդիսանայ Մուսասիրի տաճարը, որ եղած է սիւնազարդ եւ երկթեք տանիքով: Ան կը յիշեցնէ յունական տաճարներու ձեւը, այնպէս՝ ինչպէս հետագային կառուցուած Գառնիի տաճարը:
Ուրարտուի ճարտարապետութեան մէջ տարածուած էր պատերու զարդանկարումը՝ որմնանկարը: Արին-բերդի (Էրեբունի) պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են կարմիր եւ կապոյտ գոյներով ներկուած որմնանկարներու մնացորդներ: Որմնանկարները կը ներկայացնեն աստուածներ, սրբազան կենդանիներ եւ պաշտամունքի ուրիշ տեսարաններ:
Ուրարտական արուեստներուն մէջ բարձր զարգացման հասած էր քանդակագործութիւնը, որ կը կիրարկուէր առաւելաբար մետաղի վրայ: Սաղաւարտներ, վահաններ, կապարճներ, գօտիներ, կաթսաներ եւ շատ մը կենցաղային իրեր զարդարուած են բարձրագանդակներով: Մեծ վարպետութեամբ փորագրուած այդ քանդակներուն մէջ պատկերուած են կենդանիներ (առիւծ, ցուլ, խոյ, ձի), հեծեալներ, ռազմարշաւներու, կրօնական պաշտամունքի եւ առօրեայ կեանքին վերաբերող տեսարաններ: Տարբեր մետաղէ, քարէ եւ ոսկորէ պատրաստուած մարդոց եւ կենդանիներու արձանիկները: Ոսկիէ ու արծաթէ օղերն ու ապարանջաները նոյնպէս արուեստի բարձրարժէք նմոյշներ կը հանդիսանան:
Ուրարտացիները յաջողած են ստեղծել ինքնուրոյն եւ բարձրորակ մշակոյթ, որ զերծ չէր անշուշտ հին Արեւելքի երկիրներուն եւ մասնաւորաբար ասուրա-բաբելական արուեստներու ազդեցութենէն: Փոխազդեցութիւնները զգալի եւ նաեւ Փոքր ասիական, միջերկրականեան եւ յունական աշխարհի մշակոյթներուն հետ: Այս երկիրներուն հետ Վանի Թագաւորութիւնը՝ առեւտրական եւ այլ կապերու ճամբով՝ յարաբերութիւններու մէջ կը գտնուէր: Փոխադարձ ազդեցութիւննեդու երեւոյթը կը բացատրուի նաեւ այն իրողութեամբ, որ ուրարտական բնակավայրերու պեղումներուն ընթացքին կը յայտնաբերուին օտար ծագում ունեցող իրեր, իսկ ուրարտական արուեստի գործեր կը գտնուին ինչպէս մօտակայ երկիրներու, նոյնպէս նաեւ հեռաւոր Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ:
== Գիր եւ Լեզու ==
Վանի Թագաւորութեան գրութիւնները սեպագիր են: Նախապէս օգտագործուած են ասուրական սեպագիրները: Շուտով պարզացուցած են զանոնք եւ յարմարցուցած ուրարտերէն լէզուին: Մեզի հասած են շուրծ 500 ուրարտական մեծ ու փոքր սեպագիր արձանագրութիւններ: Անոնք փորագրուած են ժայռերու, պազալթէ սրբատաշ քարերու, մետաղեայ իրերու եւ կաւէ աղիւսներու ու ամաններու վրայ: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ գործածուած բառերուն թիւը հազիւ 500-ի կը հասնի: Բառերու սակաւոթեան պատճառը արձանագրութիւններուն միօրինակութիւնն է: Արձանագրութիւնները նուիրուած են թագաւորներու տարած յաղթանակներուն, վերցուցած աւարին, ամրոցներու, տաճարներու եւ ջրանցքներու կառուցումին: Անոնք գրուած են պաշտօնական ու ցամաք ոճով, ուր բառերը անընդհատ կը կրկնուին: Սեպագիրներ գործածուած են միայն պետական գրագրութեան մէջ եւ բացի բուն ուրարտացիներէն կամ բիայինացիներէն, անոնց լեզուն անհասկնալի էր Հայկական բարձրաւանդակի միւս ժողովուրդներուն, որոնք կը խօսէին իրենց տեղական լեզուներով, մեծ մասը՝ հաւանաբար Հայերէն:
Սեպագիրներուն մէջ գործածուած ուրարտերէնը տարբեր է Հայերէնէն: Ուրարտերէնը կը պատկանի խուռիական լեզուախումբին, մինչ Հայերէնը հնդեւրոպական լէզու է: Սակայն երկու ժողովուրդներու կողք կողքի երկարատեւ գոյակցութիւնը, ապա ուրարտացիներու հետագայ միաձուլումը հայերուն մէջ պատճառ եղած է, որ երկու լեզուները իրարմէ որոշ թիւով բառեր փոխ առնեն: Այսպէս՝ հովիտ, ուղտ, ծառ, սուր, ուղի, պեղել, աւելիլ, արծիւ եւ այլ բառեր միեւնոյն իմաստով կան երկու լեզուներուն մէջ: Փոխադարձ նման ներթափանցումներ աւելի ակնբախ են տեղանուններու պարագային. օրինակ՝ Բիայնա-Վան, Տուշպա-Տոսպ, Ալզի-Աղձնիք, Էրեբունի-Երեւան, Ծուփա-Ծոփք, Գիառնինի-Գառնի]], Աբիլիանի-Աբեղանք, Ալխուրիանի-Ախուրեան]], Դիաուխի-Տայք, Ջաբախա-Ջաւախք եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններ:
Ուրարտական սեպագիրները կը գրուէին ձախէն աջ ուղղութեամբ, առանց բառերը իրարմէ անջատելու եւ առանց տողադարձի: Սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ մեծ է թիւը հնչիւնի փոխարէն վանկ կամ ամբողջ բառ արտայայտող նշաններու կամ գաղափարագիրներու: Մեր օրերուն ալ կը գործածենք երբ, օրինակի համար, կը գրենք 3 կամ 5 եւ կը կարդանք «երեք», «հինգ», թէեւ տառերով գրուած չէ ե-ր-ե-ք կամ հ-ի-ն-գ: Տարբերութիւնը ուրարտական կամ հին գաղափարագիրներու պարագային այն է, որ մենք չենք գիտեր թէ ինչպէս կը կարդացուէին կամ կը հնչուէին անոնք:
== Կրօնք եւ Պաշտամունք ==
Ուրարտուի կրօնքը բազմաստուածեան էր: Պետութեան մէջ իւրաքանչիւր ցեղ, երկիր կամ քաղաք ունէր իր առանձին աստուածը կամ աստուածները: Ասոնց յատկացուած էին քուրմեր, որոնք տաճարներու մէջ կը կատարէին կրօնական պաշտամունք, կ'ընդունէին նուէրներ տաճարին կամ աստուծոյ անունով եւ կ'ընէին անասուններու զոհաբերութիւն (ցուլ, կով, խոյ, այծ): Իշպուինի եւ Մենուա թագաւորներու կազմած «Մհերի դրան» արձանագրութիւնը կը բովանդակէ 79 աստուածներու ցուցակ մը, որուն մէջ նշանակուած է ամսական դրութեամբ իւրաքանչիւր աստուծոյ զոհուելիք անասուններուն քանակը: Այս եւ ուրիշ գրութիւններու տուեալներով, աստուածներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ հարիւրի: Անոնց մէջ կ'առանձնանան Խալդի, Թէյշեբա եւ Շիւինի աստուածները, որոնք կը կազմեն առաջին գլխաւոր եռեակը:
Խալդին ուրարտացիներուն մեծագոյն աստուածն էր եւ բացարձակ գերիշխող դիրք ունէր միւս աստուածներուն յարաբերաբար: Ան ռազմիկ աստուած էր եւ կը խորհրդանշէր Ուրարտուի հզօրութիւնը: Կը համարուէր նաեւ երկնքի, բարութեան եւ քաջութեան աստուածը: Վանի թագաւորները զայն կը կոչէին «իմ տէրը», անոր անունով կռուի կ'երթային, անոր կը վերագրէին իրենց յաղթանակներն ու նուաճումները: Խալդիի նուիրուած մեծագոյն տաճարը եւ սրբատեղին կը գտնուէր Մուսասիրի մէջ, ուր թագաւորները կը տանէին հարուստ նուէրներ եւ պատերազմներու ընթացքին ձեռք բերուած աւարին եւ ստրուկներուն կարեւոր մէկ բաժինը: Անոր հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ օտարներ կու գային աղօթելու: Ասորեստանի Սարգոն Բ. թագաւորը Մուսասիրը աւերելէն ետք գնաց երկրպագելու Խալդիին, ապա անոր արձանը հետը տարաւ այն համոզումով, որ գերի տարուած աստուծոյ զօրութիւնը իրեն կ'օգնէ:
Խալդիի նուիրուած տաճարներ կառուցուած էին Տուշպայի եւ պետութեան բոլոր քաղաքներուն եւ ամրոցներուն մէջ: Քանդակներուն վրայ Խալդիի աստուած կը ներկայացուի առիւծի վրայ կանգնած դիրքով:
Խալդիէն ետք կու գար փոթորիկի եւ պատերազմի աստուած Թէյշեբան, որ ժամանակին պաշտուած էր նաեւ խուռի-միտանիներէն եւ խեթերէն: Թէյշեբա աստուծոյ նուիրուած էին բազմաթիւ քաղաքներ եւ աւաններ. անոնց մէջ մեծագոյնն էր Ռուսա Բ.ի կառուցած Թէյշեբաինին (Կարմիր բլուր): Քանդակներու վրայ Թէյշեբան կը տեսնենք ցուլի վրայ կանգնած դիրքով:
Վանի թագաւորութեան մէջ կը պաշտուէին նաեւ կին աստուածուհիներ, որոնցմէ երեքին անունները կապուած են Ուրարտուի գլխաւոր երեք աստուածներուն: Արուբանի կամ Վարուբանի աստուածուհին կինն էր Խալդիի, Խուբան՝ Թէյշեբայի, իսկ Տուշպէան՝ Շիւինիի:
Ասոնցմէ դուրս կային տասնեակներով ուրիշ աստուածներ, որոնց մեծ մասին պաշտամունքը տեղական բնոյթ ունէր: Շատ հաւանաբար կային այնպիսիներ, որոնց անունները չեն յիշատակուիր արձանագրութիւններուն մէջ: Սակայն յայտնի է, որ նոյն այս ժամանակներուն պաշտամունքի առարկայ էին երկնքի աստղերը, բնութեան տարրերը, կենդանական եւ բուսական աշխարհի իրական եւ երեւակայական էակները: Եղած են սրբազան ջուրերու, դաշտերու, ծառերու եւ անտառպերու աստուածներ, բարի եւ չար ոգիներ, որոնց բոլորին շուրջ անպայման որ հիւսուած պիտի ըլլային բազում աւանդութիւններ ու առասպելներ: Ասոնք եւս մեզի չեն հասած գրաւոր յիշատակարաններու ճամբով: Սակայն անոնց հետքերը կարելի է յայտնաբերել ժողովրդական հին հաւատալիքներու, Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպին, այլեւայլ պատումներու, բայց մանաւանդ Հայկի ու Բէլի, Արայի ու Շամիրամի, Արամ նահապետի, Անուշաւան Սօսի, Վահագնի, Տորք Անգեղի եւ հայոց նախնի միւս հերոսներուն մասին պատմուած առասպելներուն մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
Հայոց Պատմութիւն- Է. Կարգերու- Երուանդ Փամպուքեան- Վլադիմիր Բարխուդարեան- Պէյրութ, 1998: |
1,035 | 5 Մարտ | 5 Մարտ, տարուան 64-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 65-րդ) օրն է
Տարուան աւարտին կը մնայ 301 օր 4 Մարտ 5 Մարտ 6 Մարտ
== Դէպքեր ==
1933. ռայխսթակի ընտրութիւններուն Ատոլֆ Հիթլերի նազիական կուսակցութիւնն ստացաւ քուէներու 43.5%-ը
1940. Խորհրդային միութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը որոշում ընդունեցաւ 25 700 լեհ մտաւորականներու կոտորածի
1945. մահացաւ Խորհրդային միութեան ամենաերկարատեւ ղեկավար Իոսիֆ Սթալինը
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն: 5 Մարտի ծնածներ
1873. Թէոդիկ (Թէոդորոս Լապճինեան, մ.1928, Փարիզ) հայ բանասէր
1865. Մանուկ Աբեղեան, (մ․1944) հայագէտ,, գրականագէտ, լեզուաբան
1921. Վարդան Եպս․ Թէքէեան (մ.1999) հոգեւորական, խմբավար
1959. Վազգէն Սարգսեան (սպ.1999) քաղաքական եւ ռազմական գործիչ, վարչապետ
1962. Սիմոն Աբգարեան (Simon Abkarian), ֆրանսահայ դերասան
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն: 5 Մարտի մահացածներ
1909. Ջիւանի (Սերովբէ Բենկոեան (Լեւոնեան, ծն․1846) ժողովրդական երգիչ
1981. Հայկազ Գ. Ժամկոչեան (ծն․1909, ԱՀ) պատմաբան
1994. Ռոպերթ Աթայեան (ծն.1915, Թեհրան) երաժշտագէտ, երաժշտահան
== Տօներ ==
BBC: On This Day
[2] (անգլերէն)
== Ծանօթագրութիւններ ==
5 Մարտ |
5,830 | Սերճի Ռուպերթու | Սերճի Ռուպերթու (սպ.՝ Sergi Roberto Carnicer, ծնած է 7 Փետրուար 1992, Ռէուս, Սպանիա), Սպանացի ֆութպոլիստ, կիսապաշտպան, ներկայիս մաս կը կազմէ Սպանական Պարսելոնա ակումբին։
Սերժիօ Ռոպերթոն առաջին անգամ խաղացած է «Լա լիկա» 2011 թուականի Մայիս 21-ին «Մալակա» ակումբին դէմ խաղին, եւ այդ մրցաշարքին վերջին հանդիպումն էր։
== Արտաքին Յղումներ ==
Բարսելոնայի պաշտոնական կայքում
ՖԻՖԱ-յի կայքում
== Ծանօթագրութիւններ ==
Կաղապար:Բարսելոնա ՖԱ կազմ |
20,893 | Վիտըն | Վիտըն, կամ Վիեննայի չորրորդ թաղամաս, 1850 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ Վիեննայի: Մանաւանդ որ ան ամէնէ փոքր թաղամասերէն է, ան ամէնէ խիտ բնակուած թաղամասն է:
== Աշխարհագրութիւն ==
=== Դիրք ===
Վիտընի սահմանները՝
հիւսիս՝ 1. Ներքին քաղաք
արեւելք՝ 3. Լանտշդրասէ
հարաւ՝ 10. Ֆավօրիթըն
հարաւ-արեւմուտք՝ 6. Մարիահիլֆ
հիւսիս-արեւմուտք՝ 5. ՄարկարեդընԱնոր տարածութիւնը 1,8 քմ. ք. է (180 հեքդար):
=== Տարածքի օգտագործութիւն ===
Վիտընի տարածքի 67,4 % շէնքեր շինուած են (Վիեննա՝ 33,32 %): Այստեղ փոխադրամիջոցներու տարածքը Վիեննայի երկրորդ ամէնէ բարձրն է՝ 26 % (Վիեննա՝ 13,75 %): Թաղամասին միայն թէ 6,56 % կը բաղկանայ կանաչ տարածքներէ (Վիեննա՝ 48,26 %), որմէ 85,5 % ինքնաշարժեր շարելու համար կը գործածուին: Չորրորդ թաղամասի մէջ չկան անտառներ, պարտէզներ, գիւղատնտեսութեան, մարզական տարածքներ:
=== Թաղամասի բաժանմունքներ ===
Վիտըն բաժնուած է 3 մասերու՝ Վիտըն, Հունկըլպրուն եւ Շաումպերկըրկրունտ
== Ժողովրդագրութիւն ==
=== Բնակչութեան զարգացում ===
1869-ին Վիտընի մէջ կ'ապրէին 55.682 մարդիկ: Բնակչութիւնը յաջորդ տարիներուն հետզհետէ կը շատնար, հասնելով մօտ 63.000՝ 1910-ին: Մինչեւ 2001 բնակչութեան թիւը հետզհետէ պակսեցաւ (28.357), սակայն այդ թուականէն ի վեր, թիւը ետ բարձրացաւ, իսկ 2020-ին Վիեննայի չորրորդ թաղամասը կ'ապրէին 33.212 անձեր:
=== Բնակչութեան տարիք ===
Վիտընի բնակչութեան տարիքի միջինը Վիեննայի միջինէն բարձր է: 2020-ին միջինը 42,1 տարեկան էր, իսկ Վիեննայի միջինը՝ 41 տարեկան:
=== Բնակչութեան ծագում ===
2020-ին Վիտընի բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ Աւստրիացի էր (20110, 60,5%): 19,4% (6440) կու գան Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, իսկ մնացած 20,1% (6662) այլ երկիրներէ:
== Զինանշան ==
Վիտընի Զինանշանը կը բաղկանայ Վիեննայի 3 հին արուարձաններու զինանշաններէ, որոնք այսօրուայ Վիտընի տարածքին կը համապատասխանեն՝
Վերը Աջ՝ Վիտընի մաս: Կը ներկայացնէ «Վայտըն» ծառ մը: Այս զինանշանի ծագումը եղած է սխալի մը պատճառով՝ Վիտընի պատմական անունը՝ Վիթում, որ կը նշանակէ եկեղեցական կալուած, շուարած են Վայտըն կոչուած ծառի հետ:
Վերը Ձախ՝ Շաումպուրկըրկրունտի մաս: Կը ներկայացնէ Սուրբ Ստեփանի աշտարակը, Շդարհըմպէրկի թագով փաթթուած: Նուիրուած է Էրնսդ Ռիւտիկըր ֆօն Շդարհըմպէրկին, Վիեննայի սպարապետը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ 1683-ին Օսմանեան կայսրութեան դէմ քաղաքի պաշտպանութեան մէջ:
Վարը՝ Հունկըլպրունի արուարձան, որմէ այսօր միայն փոքր մաս մը Վիտընի մաս կը կազմէ: Մէջտեղը կը գտնուի ջրհոր մը, որուն վրայ կը սաւառնի Սուրբ Լէօբօլտը, Ստորին Աւստրիոյ թեւարկուն: Անոր աջ կողմը կը գտնուի սուրբ Պետրոս եւ ձախ կողմը սուրբ Ֆլօրեան, երկրորդը նուիրուած Ֆլօրեան եկեղեցւոյ, որ այսօր կը գտնուի Մարկարեդընի մէջ:
== Ծանօթագրութիւն == |
4,580 | Միհրան Մեսրոպեան | Միհրան Մեսրոպեան (10 Մայիս 1889(1889-05-10), Աֆիոնքարահիսար, Թուրքիա - 21 Սեպտեմբեր 1975(1975-09-21), Չևի Չեյզ, Մոնտգոմերի շրջան, Մերիլենտ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ ճարտարապետ, Հենրի Ուարդմանի՝ 1920-ններուն Ուաշինկթընի յայտնի կառուցապատողի, առաջատար ճարտարապետներէն մէկը։
Սորված է Կոստանդնուպոլսոյ Գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ։ Իզմիրի (Կոստանդնուպոլսոյ) մէջ աշխատած է որպէս ճարտարապետ: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ բնակելու տարիներուն եղած է սուլթան Մեհմետ V-ի պալատական ճարտարապետը։
Համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է օսմանեան բանակին մէջ, մասնակցած է Գալիպոլիի ճակատամարտին, Արեւելեան ճակատին վրայ Կովկասեան արշաւանքներուն ժամանակ, ելած է ռուսներուն դէմ, իսկ Արաբական ապստամբութեան ժամանակ՝ արաբներուն դէմ։ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, Մեսրոպեանի ընտանիքը տեղահանուած է Աֆիոն-Քարահիսարէն: Մեսրոպեան կորսնցուցած է ընտանիքի 15 անդամները եւ գերի բռնուած է արաբներու կողմէն, սակայն, Թոմաս Էտուարտ Լորենսի օգնութեամբ ազատ արձակուած է։
1921-ին, Մեսրոպեան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, Ուաշինկթընի մէջ դարձած է յայտնի ճարտարապետ, որուն ստեղծագործութիւններուն մէջ նկատելի է ճարտարապետութեան արդ-տեքօ ոճը, շարք մը նախագիծեր իրականացուած են իտալական վերածնունդի եւ նորաձեւութեան ոճերով։ Մեսրոպեանի յայտնի աշխատանքներէն են Հայ-Ադամս, Կարլթըն հիւրանոցները, Սեդգվիք այգիները, Կալվերթ առանձնատունը, Կլեպ կեդրոնը։
== Կենսագրութիւն ==
=== Վաղ Մանկութիւն ===
Միհրան Մեսրոպեան ծնած է 10 Մայիս 1889-ին Աֆիոն-Քարահիսարի մէջ վաճառականներ Գասպարմ եւ Մարիամ (ծննդեան ազգանունը՝ Փալանջեան) Մեսրոպեաններու ընտանիքը կը բաղկանար, չորս տղայ եւ մէկ աղջիկիէ։ Մեսրոպեան ընտանիքի սերունդները Աֆիոն-Քարահիսարիէն եղած են եւ զբաղած են ափիոնի եւ հացահատիկի առեւտուրով:
Միհրան Մեսրոպեանը յաճախած է տեղի Սահակեան հայկական դպրոցը: Պատանի հասակին հմուտ եղած է նկարչութեան ու գծանկարչութեան մէջ, այնուհետեւ զարգացուցած է իր հմտութիւնները՝ վայելչագրութիւն, թուաբանութիւն, նկարչութիւն եւ շինարարութիւն սորվելով, ինչպէս նաեւ տարբեր լեզուներ՝ ֆրանսերէն, թրքերեն, հայերէն, անգլերէն, որոնք կիրառած է իր յետագայ գործին մէջ:
15 տարեկան հասակին, Միհրանի հայրը, նկատելով տղայի նկարչական ունակութիւնները, զինք կ՛ուղղարկէ Կոստանդնուպոլիս՝ Միմար Սինանի անուան գեղարուեստի ակադեմիոյ մուտքի քննութիւնները յանձնելու համար: Քննութեան արդիւնքը շատ փայլուն էր, եւ այդ պատճառով ալ, Մեսրոպեան շատ դիւրութեամբ կ՛ընդունուի եւ չորս տարի ետք կ՛աւարտէ։ 1908-ին՝ ակադեմիան աւարտելէ ետք, Մեսրոպեան դասընկերոջ հետ ճարտարապետական ընկերութիւն կը հիմնէ, սակայն այդ ընկերութեան մէջ յաջողութիւն չգտնելով՝ կը հեռանայ Իզմիր):
== Տես նաեւ ==
Սարգիս Թորոսեան
Պալեան ընտանիք
Հայկական ճարտարապետութիւն
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,646 | Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը | Լուսաւորչի աջը գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի աջ ձեռքի սուրբ մասունքներն են, որոնք 5-րդ դարուն ամփոփուած են բազուկի եւ մատներու ձեւ ունեցող արծաթէ պատեանին մէջ (Աջի մէջ): Հայ եկեղեցւոյ աւանդական կանոնադրութեամբ կաթողիկոսարանին մէջ Լուսաւորիչի աջի առկայութիւնը պարտադիր է՝ որպէս հայրապետական աստիճանի խորհրդանիշ, որուն զօրութեամբ կը տրուին օրհնութիւնները ու կը կատարեն օծումները։ Լուսաւորիչի աջը սուրբ Խաչափայտի (սուրբ նշան) ու Աստուածամուխ սուրբ Գեղարդի հետ, գլխաւոր սրբութիւնն է եւ կը գործածուի սուրբ Լուսաւորիչի միւռոնի օրհնութեան ժամանակ։
Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի վախճանումէն (325/326) կարճ ժամանակ ետք անոր նշխարները տարածուած են ամբողջ Հայաստանի տարածքին։
== Ղազար Փարպեցիի յիշատակութիւնները Լուսաւորիչի խաչի մասին ==
Ըստ ղազար Փարպեցիի` Վարդանանց ժամանակ, երբ նախարարները կեղծ ուրացութեամբ կը վերադառնային Պարսկաստանէն, հոգեւոր դասը եկողներուն իրենց քրիստոնեայ ըլլալը յիշեցնելու եւ դարձի բերելու համար ընդառաջած է «առաքելանման նահատակ Սուրբ Գրիգորի նշխարներով: Անոր յաջորդ վկայութեամբ, երբ Վահան Մամիկոնեանը «հայոց ուխտապահ նախարարներով հանդերձ վերադարձած է Պարսկաստանէն (այնտեղ 485 թուականին պաշտօնապէս ճանչցուած էր սպարապետ), Յովհաննէս Ա. Մանդակունին անոնց դիմաւորած է «ճգնաւոր նահատակ Գրիգորի սուրբ նշխարներով, որոնց հետ ալ անոնց բոլորին ճանապարհած էր դէպի արքունիք:
== Այլ յիշատակումներ ==
Մասունքներու պաշտամունքը զօրացած է կրօնական մաքառման շրջանին` Քաղկեդոնի ժողովէն ետք։ Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի լոյս նշխարները յիշատակած են նաեւ մատենագիրներ Սեբէոսը, Մովսէս Կաղանկատուացին (7-րդ դար), Յովհաննէս Է. Դրասխանակերտցին (9–10-րդ դար), Ասողիկը (10-րդ դար), Վարդան Արեւելցին, Կիրակոս Գանձակեցին, Մխիթար Այրիւանեցին (13-րդ դար), Առաքել Դաւրիժեցին (18-րդ դար) եւ այլք։
=== Մովսէս Կաղանկատուացիի յիշատակութիւնները ===
Ըստ Մովսէս Կաղանկատուացիի՝ Ներսէս Գ. Տայեցին Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի մասունքներու մեծ մասը իշխան Գրիգոր Պատրիկ Մամիկոնեանի ձեռքով Թորդանէն տեղափոխած է Վաղարշապատ: Այնուհետեւ, եկեղեցաքաղաքական հանգամանքներով պայմանաւորուած, խամրած են մնացեալ նշխարներու մասին եղած պատմութիւնները, եւ միակ ճաճանչող մասունքի վերածուած Լուսաւորիչի աջը։ Որպէս կաթողիկոսարանի գլխաւոր սրբութիւններէն՝ առաջին անգամ կը յիշատակէ Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ Ընդհանրականում»:
=== Վարդան վարդապետի յիշատակութիւնները ===
Վարդան Վարդապետը կը գրէ, որ նշխարներու տեղափոխութիւններէն ետք (բիւզանդական Զէնոն կայսրը 5-րդ դարուն տարած է Կ.Պոլիս, ապա անոնք վերադարձուած եւ դրուած են Զուարթնոցի եւ այլ տեղերու մէջ) իր օրով մնացած էր միայն «աջն լուսընկալ եւ շնորհաբաշխ»: Լուսաւորիչի աջով Հայոց կաթողիկոսները բացառիկ դէպքերուն օրհնած են ժողովուրդը։ Կոստանին Բ. Կատուկեցին, հարկադրաբար հրաժարելով կաթողիկոսական աթոռէն (չէ համակերպած Հեթում Բ. թագաւորի լատինամէտ քաղաքականութեան հետ), զգեստաւորած է հայրապետական հանդերձներով, բարձրացրած Լուսաւորիչի աջը, օրհնած Հայոց թագաւորութիւնն ու ամենայն աշխարհը եւ հեռացած կաթողիկոսարանէն։ Հռոմկլայի անկումէն ետք (1292) եգիպտական սուլթանը գերի տարուած է Ստեփանոս Դ. Հռոմկլայեցիին` կաթողիկոսարանի սրբութիւններով եւ Լուսաւորիչի աջով հանդերձ:
=== Առաքել Դաւրիժեցիի յիշատակութիւնները ===
Ըստ Առաքել Դաւրիժեցիի` Լուսաւորիչի աջը, գերեւարուելով Եգիպտոս, «երբ մտաւ անոնց ապարանքը, պատժեց անոնց մահուամբ, ինչպէս տապանակի միջոցով (պատժուեցան) այլազգիները: Արդէն անհամար ու անթիւ էին մեռելները, երբ սուրբ Լուսաւորիչ Գրիգորի աջ ձեռքը վերադարձուցին Կիլիկիա` Հեթում Բ. արեւապաշտ թագաւորին։ Ապա ցասումը դադարեցաւ ըստ անոնց («Պատմութիւն», 1988, էջ 325): Այսպիսի եզակի համեմատութիւն կատարուած է Հին Կտակարանի գլխաւոր սրբութեան՝ Ուխտի տապանակի հետ, Լուսաւորչի աջը համարելով Հայոց Ուխտի տապանակ։
== Լուսաւորիչի աջի տեղափոխումը Էջմիածին ==
Լուսաւորչի աջի՝ Սուրբ Էջմիածին տարուելու (1441) մասին ժամանակի աղբիւրները կը նշեն, թէ Աջը Սիսի կաթողիկոսարանէն անհետանալով, մօտ չորս տարի ետք յայտնուած է էջմիածնի մէջ։ Նոյն շրջանի շարք մը այլ աղբիւրները կը նշեն նաեւ, թէ կորսուած Լուսաւորչի աջը գտնուած է Սիսի մէջ, որուն պահպանութիւնը յանձնուած է Աջապահեաններուն։ Աղթամարի կաթողիկոս Զաքարիա Գ. (1434–1464) կարակոյունլիի Շահանշահ խանի օժանդակութեամբ 1461 թ. տիրած է Սուրբ Էջմիածնի աթոռին։ Մէկ տարի ետք, հարկադրաբար հեռանալով Մայր աթոռէն՝ իր հետ տարած է Լուսաւորիչի աջը։
Բերուող Աջին վասպուրականցիները ցնծութեամբ դիմաւորած են, որ կը հաստատեն անոր հանդէպ եղած համաժողովրդական սէրն ու պաշտամունքը։ Ապա, Նախիջեւանի մերձակայ Օծոփի Սուրբ Աստուածածին վանքի միաբաններէն Վրթանէս եպիսկոպոսի ջանքերով, արկածային վիպական մի պատմութիւն յիշեցնող գործընթացով, Լուսաւորչի աջը վերադարձուած է Սուրբ Էջմիածին։ Աջը երկրորդ անգամ Սուրբ Էջմիածինէն հանուած է շահ Աբբաս առաջինի կատարած բռնագաղթէն (1604) յետոյ, երբ ան ի շարս այլ սրբութիւններու քով Սպահան է տարած է նաեւ Լուսաւորչի աջը։ Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի յաջողած է 1663 թ.-ին զայն վերադարձնել Սուրբ Էջմիածին։
== Լուսաւորիչի աջի միւս դեգերումները ==
Նոր Ջուղայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ կը պահուի եւս Աջ մը, որ կ՛ենթադրուի թէ մասունք մը ունի Լուսաւորչի նշխարներէն։ Պատմութեան ծանր ժամանակներուն, երբ կաթողիկոսները քաղաքական իշխանութեան կողքին ըլլալու համար անհրաժեշտաբար ձգած են Մայր աթոռը, իրենց հետ վերցուցած են Լուսաւորչի աջը՝ հայրապետական աթոռի եւ պաշտօնի վաւերականութիւնը հաստատելու համար։ 5-15-րդ դարերուն, քաղաքական պարագաներու բերումով, կաթողիկոսական աթոռը Լուսաւորչի աջով հանդերձ բազմիցս տեղափոխուած է. Դուին (484–931), Աղթամար (931–944), Արգինա (944–992), Անի (992–1065), Ծամնդաւ (1066–1105), Շուղրի Սեւ լերան Կարմիր վանք (1105–1116), Ծովք (1116–1149), Հռոմկլա (1149–1292), Սիս (1293–1441) եւ կրկին Էջմիածին (1441 թուականէն մինչեւ այսօր)։ |
4,266 | Ճէյմս Փիքընզ | Ճէյմզ Փիքընզ (անգլերէն՝ James Pickens Jr., ծնած 26 Հոկտեմբեր, 1954, Քլիվլընտ, Օհայիո, ԱՄՆ) Ամերիկացի դերասան մըն է: Ան ճանչցուած է իր Դկ. Ռիչըրտ Ուէպըր դերով ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ, ինչպէս նաեւ իր երկրորդական դերին համար իբրեւ Ալվին Քըրշ Fox Network ընկերութեան երեւակայական The X-Files հեռուստաշարին մէջ:
== Վաղ Կեանք ==
Փիքընզը ծնած է Քլիվլընտ, Օհայիո, ԱՄՆ: Ան սկսաւ իր դերասանական կեանքը երբ կը յաճախէր Bowling Green State University համալսարանը: Իր առաջին դերասանական դերը համալսարանական թատրոն մըն էր, գրուած Չաք Կորտոնի կողմէ, Matters of Choice անունով կտոր մը: Փիքընզ ստացաւ իր Bachelor of Fine Arts վկայականը BGSU ուսումնարանէն 1976-ին:
== Ասպարեզ ==
Փիքընզը սկսաւ իր ասպարեզը դերասանական Roundabout Theatre ընկերութեան մօտ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ, իր առաջին դերը ըլլալով Ուալթըր Լի՝ A Raisin in the Sun թատերական կտորին մէջ: 1981-ին Փիքընզը ներկայացաւ Negro Ensemble Company ընկերութեան A Soldier's Play արտադրութեան մէջ, թատերական դեր ունենալով Տէնզըլ Ուաշինկթընի եւ Սամուէլ Լ. Ճէքսընի հետ:
1990-ին, Փիքընզը կը փոխադրուի արեւմտեան բաժինը ԱՄՆ-ի եւ կը սկսի իր Հոլիուուտեան կեանքը ստանցնելով Զէք Էտուըրտս դերը տրամա Another World հեռուստաշարին մէջ 1986էն 1990 թուականները: Ան կը սկսի ունենալ երկրորդական դերեր տարբեր հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս X-Files, Curb Your Enthusiasm, The West Wing, Roseanne, Beverly Hills, 90210, JAG, եւ Six Feet Under:
2002-ին, Փիքընզը ունէր դեր մը իբրեւ կենդանաբնական պարտեզի մը պատասխանատու բժիշկը Red Dragon ֆիլմին մէջ:
28 Փետրուար, 2007-ին, "The Gift of Peace" ներկայացումը տեղի ունեցաւ UCLA համալսարանի Freud Playhouse թատերասրահին մէջ, ուր Փիքընզը ներկայացաւ իբրեւ մարդ մը, որու կեանքի փորձարութիւնները զինք կը մղեն խաղաղութեան շարժումին մէջ մաս կազմելու. իր հետ դերասաններ որոնք մասնակցեցան կը ներառէին Էտ Ասնըր, Պարպրա Պէյն, Էյմի Պրէնմէն, Ճորճ Քո, եւ Ուէնտի Մալիք 1
2005-ին, Փիքընզը կը ստանցնէ գլխաւոր դերերէն մէկը ABC կայանի բժշկական տրամա Grey's Anatomy հեռուստաշարին մէջ իբրեւ Դկ. Ռիչըրտ Ուէպըր:
== Անձնական Կեանք ==
Փիքընզ կ'ամուսնանայ 27 Մայիս, 1984-ին, Ճինա Թէյլըրի հետ, նախքին անդամ մը Musique խումբին, եւ միասին կ'ունենան 2 զաւակ: Ազատ ժամերուն ձի կը քշէ: Ան ձի մը ունի Սմոքի անունով:
Փիքընզի երկու զաւակները Քառլ-Թարփսն ու Կէվինն են, երկուքն ալ դերասանական ասպարեզին մէջ կը գտնուին: Քառլը արդէն ունեցած է տարբեր տեսակի դերեր տարբեր հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս Hangin' with Mr. Cooper, ուր իր ընկեր Օմար Կուտինկը կար նաեւ:
Փիքընզի հայրը կ'աշխատէր Քլիվլընտի քաղաքապետարանին մէջ:
== Դերեր ==
=== Ֆիլմ ===
=== Հեռուստաշարներ ===
== Տե՛ս նաեւ ==
Grey's Anatomy
Էլըն Փոմփէո
Սանտրա Օհ
Քաթրին Հէյկլ
Ճասթին Չէյմպըրզ
Թ. Ռ. Նայթ
Չանտրա Ուիլսըն
Իսայահ Ուաշինկթըն
Փաթրիք Տէմբսի
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,262 | Ուեզլի Շուլթզ | Ուեզլի Շուլթզ (30 Դեկտեմբեր 1982(1982-12-30)), ան գլխաւոր երգիչն ու կիթառահարն է Ամերիկեան The Lumineers խումբին, որ կը բաղկանայ 3 անդամներէ՝ Ուեզլի Շուլթզ, Ճերեմայա Ֆրէյթս եւ Նէյլա Փեքարեք:
== Կեանք եւ գործընթացք ==
Ուեզլին ծնած եւ մեծցած է Նիւ Ճըրսիի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Շուլթզին ամէնէն մտերիմ բարեկամը եղած է Ճոշ Ֆրէյթսը, որ մահացած է թմրամոլութեան պատճառաւ 2002 թուականին, 19 տարեկանին: Ճոշին մահէն ետք, Ուեզլին կապուեցաւ անոր փոքր եղբօր հետ՝ Ճերեմայա Ֆրէյթսին որ թմբակահար մըն է: Անոնք սկսան միասին նուագել ու իրենց ցաւերը արտայայտել երաժշտութեան միջոցաւ, երգեր գրելով եւ կարճ համերգներ կատարելով Նիւ Եորքի շուրջ: Երկու ընկերները շրջապտոյտեր կատարեցին «Ուեզլի Ճերամայա» խմբակի անունով, եւ հրատարակեցին իրենց առաջին ալպոմը որ կը պարունակէ The Lumineers խումբին նշանաւոր երգերը, օրինակ՝ «Flowers In Your Hand» եւ «Darlene»:
Ժամանակ մը ետք, իրենց խումբին կը միանայ դասական ջութակահարը՝ Նէյլա Փեքարեքը ու կ'ըլլայ 3-րդ անդամը The Lumineers խումբին:
2012 թուականին, 3 անդամներէ բաղկացած խումբը կը հրատարակէ իր առաջին ալպոմը, զայն կոչելով The Lumineers: Այս ալպոմին երգերէն են՝ «Ho Hey», «Stubborn Love» եւ «Submarines»:
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,747 | Դրամավարկային քաղաքականութիւն | Դրամավարկային քաղաքականութիւն, պետութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը՝ փողի զանգուածի եւ դրամաշրջանառութեան բնութագրիչներու կարգաւորման, սղաճի վերահսկման, ներդրումային միջավայրի բարելաւման, տնտեսական աճի համար նախապայմաններու ստեղծման ոլորտներուն մէջ։
Դրամավարկային քաղաքականութեան նիւթը ԿԲ-ն է, իսկ նպատակակէտը՝ դրամական զանգուածի բնութագրիչները (գնաճի մակարդակը, ներդրումներու ծաւալը, գործող տոկոսը եւ այլն)։
== Դրամավարկային քաղաքականութեան նպատակը ==
Դրամավարկային քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման նպատակը գիներու կայուն մակարդակի ապահովումն է, որուն ալ կը համարուի շատ երկիրներու ԿԲ-երու գործունէութեան հիմնական առանցքը եւ խնդիրը։ Գնաճի ցած եւ կայուն մակարդակը շուկայական տնտեսութեան պայմաններուն մէջ տնտեսական աճի ապահովման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման, երկրի տնտեսութեան փոքր տնտեսական կայունութեան ապահովման կարեւոր նախադրեալ է։ Գնաճի մակարդակի վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունի իրականացուող դրամավարկային քաղաքականութիւնը, որ ի տարբերութիւն տնտեսական միւս քաղաքականութիւններու, ամենաճկունն է եւ արդիւնաւէտը երկրի տնտեսութեան մէջ կարճ եւ միջին ժամկէտ փոքր տնտեսական կայունութեան ապահովման համար։ Դրամավարկային քաղաքականութեան մշակման եւ իրականացման արդիւնաւէտութիւնը մեծապէս կախուած է դրամավարկային քաղաքականութեան ընտրած ռազմավարութենէն եւ վերջինիս իրագործման նպատակով ԿԲ-ի կողմէ իրականացուող գործողութիւններու հետեւողականութենէն։ Դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման ընթացքը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ շղթայի տեսքով՝
Գործիքներ --> Գործառնական նպատակ --> Միջանկեալ նպատակ --> Վերջնական նպատակ։
Ներկայացուած շղթայական կառուցուածքի վերջին երկու բաղադրատարրերը՝ դրամավարկային քաղաքականութեան միջանկեալ եւ վերջնական նպատակները, կը բնութագրեն դրամավարկային քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը, իսկ առաջին երկու բաղադրատարրերը՝ դրամավարկային քաղաքականութեան գործիքները եւ գործառնական նպատակը, կը բնութագրեն վերջինիս իրագործման մարտավարութիւնը։
Շուկայական յարաբերութիւններու պայմաններուն մէջ դրամավարկային քաղաքականութեան վերջնական նպատակները դուրս են ԿԲ-ի անմիջական վերահսկողութենէն, եւ անոնց վրայ վերջին ազդեցութիւնը կը կրէ անուղղակի բնոյթ։ Դրամավարկային քաղաքականութեան գործիքներու միջոցով ԿԲ-ը կը վերահսկէ գործառնական եւ միջանկեալ նպատակներու վարքագիծը, որուն ալ կ'արտացոլուի վերջին վերջնական նպատակներու ցուցանիշին մէջ։ Փոքր տնտեսական կայունութեան ապահովման նպատակով կարեւոր է նաեւ դրամավարկային եւ հարկապիւջետային քաղաքականութիւններու արդիւնաւէտ համադրումը, որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրի իրագործումը չբերէ միւս արդիւնքներու չեզոքացմանը, այլ նպաստի ընդհանուր նպատակներու իրագործմանը։Հաշուի առնելով, որ դրամավարկային քաղաքականութիւնը տնտեսութեան պետական կառավարման հիմնական մեքենականութենէն մէկն է, անոր նպատակները կը համընկեն պետութեան տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական նպատակներու հետ (macroeconomic goals).
գիներու կայուն մակարդակ ապահովել
զբաղուածութեան բարձր մակարդակ
իրական ՀՆԱ-ի արագ աճ
կայուն վճարային հաշուեկշիռ։Անոնք կը հանդիսանան դրամավարկային քաղաքականութիւն վերջնական նպատակները։ Հիմնախնդիրը այն է, որ ԿԲ-ը հնարաւորութիւն չունի այդ փոփոխականներու անմիջական կառավարումը իրականացնել։ Այդ նպատակներուն հասնելու համար ԿԲ-ն կ'ընտրէ միջանկեալ եւ գործառնական նպատակներ (intermediate and operating targets), որոնք ենթակայ են անոր ներազդմանը։
Միջանկեալ նպատակներն են՝
դրամական զանգուած կարգաւորել,
տոկոսադրոյք կարգաւորել,
արտարժութային կուրս կարգաւորել։Արեւմտեան տնտեսագիտական գրականութեան մէջ գոյութիւն ունի կարծիք, որուն համաձայն միջանկեալ նպատակները չեն վերաբերիր ոչ Կեդրոնական դրամատան դրամավարկային քաղաքականութեան գործիքներուն, ոչ ալ այդ քաղաքականութեան իրական նպատակներուն, բայց իրենցմէ կը ներկայացնեն, այսպէս կոչուած, հաղորդիչ մեքենականութեան մէջ Կեդրոնական դրամատան գործիքները եւ նպատակները միացնող միջին օղակներ։
Անուանական խարիսխը քաղաքականութեան ցուցանիշ է, որ կը հրապարակէ որպէս վերջնական կարգաւորման ենթակայ տնտեսական երեւոյթ արտայայտող ցուցանիշ։ Այն սերտ եւ ամուր կապի մէջ պետք է ըլլայ դրամավարկային քաղաքականութեան վերջնական նպատակի հետ եւ անոր հասնելու օժանդակ միջոց է։ Անուանական խարիսխի կամ, որ նոյնն է, միջանկեալ նպատակի ընտրութեան հարցին ԿԲ-ը կը յենու շարք մը չափանիշներու վրայ։ Կարեւորագոյն չափանիշը այն է, որ դրամավարկային քաղաքականութիւն միջանկեալ նպատակը պէտք է համապատասխանէ դրամավարկային քաղաքականութեան վերջնական նպատակին։ Դրամավարկային քաղաքականութեան միջանկեալ նպատակը պէտք է բաւարարուի չափել յատկանիշին։ Այսինքն Կեդրոնական դրամատունը պէտք է միջանկեալ նպատակի մակարդակը ժամանակի իւրաքանչիւր պահուն ճշգրիտօրէն չափելու եւ անոր վարքագծին հետեւելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է միջանկեալ նպատակի վերաբերեալ ժամանակին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ստանայ։ Ընդ որուն, միջանկեալ նպատակի վերաբերեալ ստացուող տեղեկատուութիւնը վերջնական նպատակի համեմատութեամբ պէտք է ունենայ աւելի մեծ յաճախականութիւն, որպէսզի Կեդրոնական դրամատունը առաւել արդիւնաւէտ կառավարէ միջանկեալ նպատակը վերջնական նպատակի ցանկալի մակարդակին հասնելու համար։ Եւ վերջապէս միջանկեալ նպատակը պետք է ԿԲ-ի համար վերահսկելի ըլլայ։ Այսինքն Կեդրոնական դրամատունը պէտք է միջանկեալ նպատակի վարքագիծի վրայ ազդելու հնարաւորութիւն ունենայ։ Կեդրոնական դրամատան կողմէն ընտրուած դրամավարկային քաղաքականութեան միջանկեալ նպատակը պէտք է առաւելագոյնը բաւարարուի վերոնշեալ չափանիշներուն։ Ազգային տնտեսութիւններուն մէջ դրամավարկային քաղաքականութեան «անուանական խարիսխի» դեր կը կատարեն դրամ դիզելները, փոխարժէքը, իսկ 1990-ական թ.-ի սկզբէն նաեւ գնաճի կանխատեսուող մակարդակը, որոնց ներքին իրականացուող դրամավարկային ռազմավարութիւնը համապատասխանաբար կ'անուանէ փոխարժէքի, դրամ դիզելու եւ գնաճի նպատակադրման ռազմավարութիւն։
== Դրամավարկային քաղաքականութեան ռազմավարութիւն ==
Իրենց հիմնական խնդիրը իրագործելու նպատակով կենդրոնական դրամատուները կարող են ընտրել դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման տարբեր ռազմավարութիւններ։ Ներկայիս առաւել լայն իրարու հետ ունեցող ռազմավարութիւններն են՝
Դրամ դիզելու նպատակադրումը,
Փոխարժէքի նպատակադրումը,
Գնաճի նպատակադրումը։
=== Փողի ագրեգատներու նպատակադրման ռազմավարութիւն ===
Դրամ դիզելու նպատակադրումը կ'ենթադրէ դրամ դիզելու քանակական սահմանափակումներ՝ վերջնական նպատակի՝ գիներու կայունութեան համար։ Այն բաւականին արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն է անցումային շրջանին մէջ գտնուող տնտեսութիւններու համար, ուր անխուսափելի են առաջարկի, պահանջարկի շոկերը, հնարաւոր չէ գնահատել տնտեսական աճի համար անհրաժեշտ գնաճի բեկումնային մակարդակը (որմէ բարձր դէպքի մէջ գնաճն արդէն կը նուազեցնէ տնտեսական աճի ցուցանիշը)։ Դրամ դիզելներու մակարդակի կառավարման միջոցով հնարաւոր է ճկուն արձագանգել տնտեսութեան մէջ փոխարժէքի եւ տնտեսական աճի կարճաժամկէտ տատանումներուն, իսկ գիներու կայունութիւնը կը ձեւաւորէ արդէն փոքր տնտեսական որոշակի հաշուեկշռուածութեան ձեռքբերումէն յետոյ։
1994 թուականին ՀՀ կենդրոնական դրամատունը, որպէս դրամավարկային կարգաւորման ռազմավարութիւն կ'ընտրէր դրամ դիզելներու նպատակադրումը։Դրամավարկային քաղաքականութեան կարգաւորման այս մօտեցումները ամրագրուած են գնաճի կայուն եւ ցածր մակարդակը գլխաւոր նպատակ սահմանող «Հայաստանի Հանրապետութեան կենդրոնական դրամատունի մասին» ՀՀ օրէնքով (1996)։ Սակայն այս ռազմավարութեան յաջող իրականացման շարունակական բնոյթը կախուած է շարք մը հանգամանքներէ։
Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է գնաճի եւ դրամ դիզելու միջեւ կայուն կապի առքայութիւն, որպէսզի դրամ դիզելու նպատակային ցուցանիշի ապահովմամբ ձեռք բերուի գնաճի նպատակային ցուցանիշը։ Հակառակ պարագային խնդիրներ կ'առաջանան։ Օրինակ, եթէ օրէնսդրի կողմէ գնաճի որոշակի ցուցանիշով ամրագրուած գիներու կայունութեանը հասնելու խնդրի առաջնայնութենէն ելլելով ԿԲ-ն յաճախակի կը վերանայէ դրամ դիզելներու նպատակային ցուցանիշը, ապա կը վտանգէ ԿԲ-ի կողմէ յայտարարուող դրամավարկային քաղաքականութեան ծրագիրերու վարկը հասարակութեան շրջանին մէջ։
Միւս կարեւոր նախապայմանը ԿԲ-ի կողմէ դրամ դիզելու լիարժէք կառավարման հնարաւորութիւնն է։ Սովորաբար ԿԲ-ները յաջողութեամբ կը կառավարեն դրամի բազայի ցուցանիշը, սակայն դժուարութիւններ կ'առաջանան դրամի զանգուածի կառավարման հարցին մէջ։ Զարգացող տնտեսական շուկաներ եւ տոլարայնացման բարձր մակարդակ ունեցող երկիրներուն մէջ, ուր հնարաւոր են վարկերու եւ աւանդներու նկատմամբ պահանջարկի, ինչպէս նաեւ դրամի զանգուածի կառուցուածքի: Տոլարայնացման մակարդակի զգալի փոփոխութիւններ, էական տատանումներու կ'ենթարկէ փողի նկատմամբ պահանջարկը, եւ կը նուազի կանխատեսելիութեան աստիճանը։ Այդ երկիրներուն մէջ ցածր է նաեւ տոկոսադրոյքներէն դրամի պահանջարկի կախուածութեան առաձգականութիւնը, որ կը դժուարացնէ ԿԲ-ի կողմէ դրամի զանգուածի կառավարման գործընթացը։ Նշուած հիմնախնդիրներու պայմաններուն մէջ կ'առաջանայ միջանկեալ նպատակի՝ դրամի զանգուածի նպատակային ցուցանիշէն յաճախակի շեղման խնդիր՝ կրկին վտանգելով դրամավարկային ծրագիրերու եւ ԿԲ վարկը։
=== Փոխարժէքի նպատակադրման ռազմավարութիւն ===
Բաց տնտեսութիւններուն մէջ փոխարժէքը մէկ կողմէն իր ազդեցութիւնը կ'ունենայ փոքր տնտեսական հիմնական ցուցանիշներու վարքագիծի վրայ, միւս կողմէն, որպէս գնային գործօն, մշտապէս կը փոփոխէ փոքր տնտեսական հաւասարակշռութեան ձեւաւորման գործընթացքին մէջ։ Միաժամանակ, փոխարժէքը, որպէս երկիրի ներքին արժոյթի արտաքին գին, կը փոփոխէ ինչպէս ներքին եւ արտաքին արժոյթներու քանակական, այնպէս ալ անոնց ներքին գնային՝ տոկոսադրոյքներու փոփոխութիւններէն՝ յայտնուելով դրամավարկային քաղաքականութեան ուղղակի ազդեցութեան ներքոյ։ Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ փոքր տնտեսական հաւասարակշռութեան կայունութեան ապահովումը հիմնականին կը գտնուի կենդրոնական դրամատուներու կարգաւորման դաշտին մէջ, փոխարժէքի վարքագիծը առաւելապէս պայմանաւորուած է դրամավարկային քաղաքականութեան նպատակներու սահմանմամբ եւ անոնց ապահովման ուղղուած համապատասխան ռազմավարութիւններու ընդունմամբ։
Փոխարժէքի նպատակադրման ռազմավարութեան ընդունիլը կը հետապնդէ 2 հիմնական նպատակ.
Բարձր գնաճ նուազեցնել (Ռուսաստան, Չեխիա, Արժանդինա եւ այլ երկիրներ)
Տնտեսական ամբողջականութիւն (օր. Եւրոմիութեանը անդամակցիլ ցանկացող երկիրներ, ինչպիսի են Էսդոնիան, Սլովենիան, Չեխիան եւ այլն)։Սակայն այդ նպատակներուն հասնելու ընթացքին խիստ սահմանափակումներ կ'առաջանան դրամավարկային քաղաքականութիւն իրականացնող մարմիններու համար ՀՆԱ-ի եւ զբաղուածութեան կարճաժամկէտ խնդիրներու լուծման առումով։ Լողացող փոխարժէքի համեմատութեամբ ամրագրուած փոխարժէքի առաւելութիւնը գնաճի սպասումները անմիջականօրէն չեզոքացնելն է, որ չափազանց կարեւոր է անցումային տնտեսութեամբ երկիրներու համար, ինչպիսին է նաեւ Հայաստանը։
=== Գնաճի նպատակադրման ռազմավարութիւն ===
Գնաճի նպատակադրման ռազմավարութեան սահմանումը հետեւեալն է. «Գնաճի նպատակադրումը դրամավարկային քաղաքականութիւն իրականացնելու ծրագիր է, որ կը բնութագրէ գնաճի մէկ տարուայ կամ որոշակի ժամանակահատուածի պաշտօնական ծրագրային ցուցանիշի (կամ միջակայքի) հրապարակային յայտարարմամբ, նշելով, որ ցած եւ կայուն գնաճի ապահովումը դրամավարկային քաղաքականութեան առաջնային երկարաժամկէտ նպատակն է»։Գնաճի նպատակադրման յաջորդ կարեւոր յատկանիշը դրամավարկային քաղաքականութիւն իրականացնող մարմնի կողմէ ծրագիրերու, խնդիրներու, նպատակներու, ինչպէս նաեւ այդ նպատակներուն հասնելու ուղիներու հրապարակային դարձնելն է։
Ըստ մէկ այլ աղբիւրի՝ գնաճի նպատակադրումը իրենցմէ կը ներկայացնէ գնաճի նպատակային ցուցանիշի սահմանին մէջ, գնաճի կանխատեսէ նոյն ժամանակահատուածի համար, այնուհետեւ նպատակաուղղուած քաղաքականութեան իրականացման մէջ՝ նպատակային եւ կանխատեսուած ցուցանիշներու միջեւ շեղումը վերացնելու համար։Ընդ որուն, գնաճի կանխատեսուած մակարդակը ԿԲ-ի համար կը դառնայ միջանկեալ նպատակ, քանի որ այն կառավարելի է ԿԲ-ի կողմէ, հասկանալի եւ չափելի է հասարակութեան համար եւ կը յստակացնէ դրամավարկային քաղաքականութեան ուղղութիւնները։ Իսկ գնաճի կանխատեսուած մակարդակի կառավարումը կ'իրականացնէ գործառնական նպատակի միջոցով։
Գնաճի նպատակադրման ռազմավարութիւնը ոչ թէ պարզապէս գնաճի նպատակային ցուցանիշը կ'ապահովէ, այլ որոշակի կանոններու վրայ հիմնուած դրամավարկային քաղաքականութեան մօտեցում՝ բարձր թափանցկութեամբ եւ հաշուետուելիութեամբ։ Այս ռազմավարութեան ընդունումը, ըստ էութեան, կանոն կ'ընդունի (targeting rule). պէտք է հասնել գնաճի նպատակային ցուցանիշին եւ նուազեցնել բարձր գնաճի սպասումները։
Երբ գնաճն իր կայուն միջավայրին մէջ չէ, ինչպէս ան եղած է զարգացող շուկայական տնտեսութիւններուն մէջ՝ գնաճի նպատակադրման ռազմավարութիւն որդեգրելու ժամանակ, գնաճի նպատակային ցուցանիշ սահմանելը, ինչպէս նաեւ գնաճի նուազեցման ուղին եւ արագութիւնը որոշելը քաղաքականութեան ամենաէական հարցերն են։ Գնաճի նպատակային ցուցանիշ սահմանելու կարողութիւնը կենդրոնական դրամատունի անկախութեան էական տարրն է։ Միւս կողմէն, ակներեւ է, որ կառավարութեան համար շահաւէտ է, երբ գնաճի ցուցանիշը կը նպատակադրէ բացայայտօրէն, ինչ ըստ էութեան աւելի հեշտ կ'ընէ համատեղ ջանքերով՝ խրախուսելով հարկապիւջետային եւ դրամավարկային քաղաքականութիւններու համադրումը կամ փորձելով բացառել այդ երկու քաղաքականութիւններու միջեւ հնարաւոր հակասութիւնները։ Բացի այդ, գնաճի նպատակային ցուցանիշ սահմանելու գործին մէջ կառավարութեան մասնակցութիւնը դրամավարկային քաղաքականութեանը կը հաղորդէ ժողովրդավարական օրինականութեան տարր, ինչ կարեւոր հանգամանք է հանրային օժանդակութիւնը վայելելու տեսանկիւնէն։
== Դրամավարկային քաղաքականութեան գործիքներ ==
ՀՀ-ին մէջ դրամավարկային քաղաքականութիւնը կ'իրականացուի ԿԲ-ի կողմէ։ Անոր կողմէ կը կարգաւորուի տնտեսութեան մէջ դրամի առաջարկը։ Այստեղ կարեւոր է դիտարկել, թէ երկիրի ԿԲ-ը ինչ գործիքներ եւ լծակներ կ'օգտագործէ դրամավարկային քաղաքականութիւնը իրականացնելու համար։Տնտեսութեան մէջ դրամական զանգուածի կարգավորման համար ԿԲ-ը կարող է կիրառել ինչպէս անուղղակի, այնպէս ալ ուղղակի գործիքներ։
Ուղղակի գործիքներն են՝
Վարկաւորման սահմանները
Տոկոսադրոյքի ուղղակի կարգաւորումը։Ժամանակակից պայմաններուն մէջ զարգացած շուկայական տնտեսութիւն ունեցող երկիրներուն մէջ կ'օգտագործեն երեք հիմնական անուղղակի գործիքներ, որոնց միջոցով ԿԲ-ն կ'իրականացնէ դրամավարկային ոլորտի կարգաւորին մէջ։ Այդ գործիքներն են՝
Բաց շուկայի մէջ իրականացուող գործառոյթները
Անուանական (վերատնտեսաւորման) դրոյքները
Պարտադիր բահուստներու նորման։
=== Բաց շուկայական գործառնութիւններ ===
Բաց շուկայական գործառնութիւնները դրամավարկային ամենակարեւոր գործիքն են, քանի որ անոնք տոկոսադրոյքներու եւ դրամի բազայի որոշիչներն են։ Անոնք նաեւ դրամի առաջարկի տատանումներու հիմնական աղբիւրն են։ Բաց շուկայական գնումները կ'ընդլայնեն դրամական բազան եւ պահուստները, հետեւաբար նաեւ կ'աւելցնեն դրամի առաջարկն ու կը նուազեցնեն կարճաժամկէտ տոկոսադրոյքները։ Բաց շուկայական վաճառքը կը փոքրացնէ դրամական բազան եւ պահուստները՝ նուազեցնելով դրամի առաջարկն ու բարձրացնելով կարճաժամկէտ տոկոսադրոյքները։
ԿԲ-ի կողմէն պարտատոմսերու գնումը կը բերէ առեւտրային դրամատուներու բահուստներու աճին, որ նաեւ կը մեծացնէ դրամական բազան։ Ստանալով հաւելեալ աղբիւրներ՝ առեւտրային դրամատուներն աւելի շատ վարկեր կը տրամադրեն, որ կը յանգեցնէ վարկային էմիսիային։ Եթէ ԿԲ-ը կը կատարէ հակառակ գործընթացը, այսինքն կը վաճառէ պարտատոմսերը, ապա տնտեսութեան մէջ տեղի կ'ունենայ դրամական հոսք դէպի ԿԲ, եւ դրամական զանգուածի քանակութիւնը կ'իջնէ։
=== Մշտական հնարաւորութեան գործիքներ ===
Մշտական հնարաւորութեան գործիքները կը ձեւաւորեն դրամավարկային քաղաքականութիւն գործիքներու տոկոսադրոյքներու վերին եւ ստորին սահմանը եւ անոնցմով իսկ շուկան կ'ապահովագրէ տոկոսադրոյքներու կտրուկ տատանումներէն։
Դրամաշրջանառութեան գործընթացի վրայ առաւել ուժեղ ազդեցութիւն կ'ունենայ վերատնտեսաւորման քաղաքականութիւնը։ Զեղջային քաղաքականութիւնը դրամավարկային կարգաւորման կարեւոր գործիք է, որու հիմնական ուղղութիւնները կը մշակեն տուեալ երկրի ԿԲ-ը։ Վերջին կողմէ զեղջային քաղաքականութիւնը կ'իրականացնէ պաշտօնական տոկոսադրոյքներու 2 հիմնական տեսակներու սահմանման եւ վերանայման միջոցով.
վերահաշուառման տոկոսադրոյքները՝ պետական արժէթուղթերու վերահաշուառման նպատակով։
դրամատունային տոկոսի հաշուարկային դրոյքները՝ կառավարութեան եւ դրամատունային հաստատութիւններու վարկաւորման նպատակներով։Դրոյքը, որով ԿԲ-ը առեւտրային դրամատուներուն կը տրամադրէ վարկեր, կոչուած են անուանական դրոյք կամ վերատնտեսաւորման դրոյք։
Երբ դրամատուները վարկ կը վերցնեն ԿԲ-էն, առաջարկուող վարկի պայմանները աւելի շահեկան պետք է ըլլան, քան միջդրամատունային շուկայի մէջ, քանի որ ԿԲ-էն փոխառութիւնները կը փոխարինեն միջդրամատունային փոխառութիւններուն։ Մնացած բոլոր գործօնները անփոփոխ մնալու պարագային (ներառեալ՝ ԿԲ-ի կողմէն սահմանուած տոկոսադրոյքները), միջդրամատունային շուկայի տոկոսադրոյքները բարձրանալու դէպքին մէջ, դրամատուները աւելի մեծ ցանկութիւն կ'ունենան վարկ վերցնելու ԿԲ-էն։ Արդիւնքին մէջ ԿԲ-ի կողմէ իրացուելիութեան ներարկումները (վարկաւորումը) կ'աճի։ Դրամատունային տոկոսի հաշուարկային դրոյքը վերահաշուառման տոկոսադրոյքէն բարձր է, քանի որ դրամատուներու վարկաւորման գործառնութիւնները աւելի թանկ կը գնահատեն, քան առեւտրա-շահաբաժին գործառնութիւնները։ Պետական քաղաքականութեան իրականացման դէպքին մէջ ԿԲ-երը կ'օգտագործեն ոչ միայն տնտեսական, այլեւ վարչական գործիքներ, ինչպէս օրինակ առեւտրային եւ մասնագիտացուած դրամատուներու շուկայական տոկոսադրոյքներու նկատմամբ ուղղակի վերահսկողութիւն, վարկային մարժայի սահմանափակին մէջ, վարկերու առանձին տեսակներու տոկոսադրոյքներու վերին սահմաններու հաստատումին մէջ։ Մշտական հնարաւորութեան վարկերու աճը կը մեծցնէ առաջարկուող պահուստներու քանակը։
Անոր հետեւանքով կ'աւելնայ դրամի բազան։ Անուանական դրոյքի բարձրացումը կը յանգեցնէ անոր, որ առեւտրային դրամատուները կը ձգտին աւելի քիչ վարկեր վերցնել, եւ անոր հետեւանքով անոնք աւելի քիչ վարկ կը տրամադրեն, ինչ կ'իջեցնէ տնտեսութեան մէջ դրամական զանգուածի քանակութիւնը, իսկ անուանական դրոյքի իջեցումը կը յանգեցնէ հակառակ ընթացքին։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Գրականութիւն ==
«ՀՀ ԿԲ դրամավարկային քաղաքականութեան անուղղակի գործիքներ եւ անոնց կիրառման մեքենականութիւններ» փաստաթուղթին հաւանութիւն տալու մասին որոշել, ԿՈԴ 050.0246 Ա., 27.09.11
ՀՀ ԿԲ-ի մասին օրէնք (ընդունուած է՝ 30 Յունիս 1996 թ.)
== Արտաքին յղումներ ==
«ՀՀ ԿԲ-ի պաշտօնական կայք» |
23,773 | Այնթապի Բերդ | Այնթապի Բերդ (թրքերէն՝ Gaziantep Kalesi, Կազիանթէփ Քալէսսը), Այնթապ քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող լեռնակի մը վրայ շինուած բերդ։ Ի սկզբանէ, Հիթիթներու (որոնք Հայերու նախնիներէն կը համարուին) ժամանակ կը գործածուէր որպէս հսկողութեան կէտ, իսկ Հռովմէացիներուն ժամանակ անիկա կը վերածուի բերդի։ Այս ամրոցը ծանր վնասներ կրեց 2023-ի թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներէն։
== Պատմութիւն ==
Բլրագագաթը առաջին անգամ գործածուած է Հիթիթներուն կողմէն որպէս դիտանոց։ Հռովմէական կայսրութեան ժամանակ՝ Քրիստոսէ ետք Բ եւ Գ (2-րդ եւ 3-րդ) դարերուն, անիկա կ՛ընդլայնուի եւ կը վերածուի գլխաւոր ամրոցի։ Բիւզանդացիներուն ժամանակ՝ Յուստինիանոս Ա կայսրի օրերուն (Ք․Ե․ ՈԼԸ-ՈՀԶ, այսինքն 527-565 թուականներ), կը շարունակուի անոր ընդլայնումը, եւ կ՛ենթարկուի վերանորոգումի։ Բերդի կլորաձեւ շրջագիծը հազար երկու հարիւր մեթր է (երեք հազար ինը հարիւր ոտք)։ Պարիսպները շինուած են վէմերէ, եւ բերդը ունի 12 մարտկոց։
Բերդը բազում անգամներ վերանորոգուած է։ Անիկա կրած է փոփոխութիւններ որոնք տեղի ունեցան Այյուպիներուն օրերուն, ԺԲ եւ ԺԳ դարերուն (12-րդ, 13-րդ), ինչպէս նայեւ օսմանցիներուն ժամանակ, անիկա ՌՋԻ-ՌՋԻԱ (Հայկական թուանշաններով 1920-1921) թուրքերուն կողմէն գործածուեցաւ Ֆրանսացիներուն դէմ կռիւին ժամանակ։2023 թուականի Փետրուարի 6-ին, ամրոցը մեծ վնասներ կրեց երկու յաջորդական երկրաշարժներուն հետեւանքով։ Արեւելեան ու հարաւային մարտկոցներէն մի քանի հատը փլուզուեցան, իսկ բերդին շուրջը գտնուող երկաթէ ճաղերն ու պատերը լուրջ վնասներ կրեցին։
== Նկարներ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,243 | Թոր (այլ կիրառումներ) | Թոր՝ երկրաչափական մարմին
Թոր՝ ռուսական արտադրութեան հրթիռային համակարգ
Թոր՝ Խաւարի Աշխարհը՝ հոլիուուտեան ֆիլմ |
21,898 | Արմէն Ճիկարխանեան | Արմէն Ճիկարխանեան (3 Հոկտեմբեր 1935(1935-10-03), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 14 Նոյեմբեր 2020(2020-11-14), Մոսկուա, Ռուսիա), շարժանկարի եւ թատրոնի հայ նշանաւոր դերասան, բեմադրիչ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արթիստ։
== Կենսագրական գիծեր ==
Աւարտած է Երեւանի Ա. Չեխովի անուան միջնակարգ դպրոցը: 1953-54 թուականներում աշխատած է «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիոյին մէջ: 1954-58 թուականներուն սորված է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի դերասանական կաճառին մէջ` Վարդան Աճէմեանի, ապա` Արմէն Գուլակեանի արուեստանոցներուն մէջ:
Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1955-ին` Երեւանի Կ. Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ:
1955-67 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Կ. Ստանիսլավսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնին մէջ` իբրեւ դերասան:
1967-ին տեղափոխուած է Մոսկուայի Լենինեան կոմսոմոլի թատրոն: 1969-96 թուականներուն խաղցած է Մոսկուայի Վ. Մայակովսկիի անուան թատրոնին մէջ:
Դերեր ստանձնած է բազմաթիւ ռուսական ֆիլմերու մէջ: 1979-ին Վլատիմիր Վիսոցքիի հետ խաղցած է «Հանդիպման վայրը փոխել չի կարելի» ժապաւէնին մէջ:
1981-ին նկարահանուած է ռուս-ֆրանսիական «Թեհրան 43» ժապաւէնին մէջ: 1996-էն ղեկավարած է Մոսկուայի տրամաթիքական թատրոնը: Նկարահանուած է աւելի քան 250 շարժանկարներու մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
373 | 17 Ապրիլ | 17 Ապրիլ, տարուան 107-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 108-րդ) օրն է։
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
1885, Բարսեղ Կանաչեան, տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող եւ երաժշտական-հասարակական գործիչ (մահ․՝ 1945)։
1932, Կարէն Տեմիրճեան, հայ քաղաքական եւ պետական գործիչ, ՀԿԿ կենտկոմի առաջին քարտուղար (1974–1988), ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ (1999), Հայաստանի Ազգային հերոս (1999, յետմահու) (մահ․՝ 1999)։
== Մահեր ==
1916, Սիմոն էֆենդի, հայ բժիշկ (ծն.՝ անյայտ)։
2015, Յարութիւն Լեւոն Քեհէեան, հայ ֆութպոլիստ, յարձակող, կիսապաշտպան։ Մարզական վաստակաւոր վարպետ։ Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ (ծն․՝ 1930)։
== Տօներ == |
22,234 | Արաքս (ամսագիր, Փարիզ) | «Արաքս», մանկա-պատանեկան ամսաթերթ։ Հրատարակուած է 1952–1955-ին, Փարիզի մէջ։ Խմբագիր՝ Շ. Տէր-Մելքոնեան։ Տպագրած է հայ գրողներու (Յ. Թումանեան, Ա. Իսահակեան, Ա. Խնկոյեան) մանկական ստեղծագործութիւնները, առակներ, երգեր, պատկեր-պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ։ «Արաքս» ամսաթերթը աշխատած է իր մանուկ ընթերցողներուն դաստիարակել հայրենիքի նկատմամբ սիրոյ եւ նուիրուածութեան զգացումներով, տպագրած է տեղեկութիւններ Խորհրդային Հայաստանի արուեստի եւ մշակոյթի գործիչներուն մասին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,811 | Թեքսաս | Թեքսաս (անգլերէն՝ Texas), նահանգ ԱՄՆ-ի հարաւային մասին մէջ։ Թեքսաս բնակչութեամբ եւ տարածութեամբ երկրորդն է Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Նահանգը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Հարաւ կեդրոնական մասին մէջ, անիկա սահմանակից է Մեքսիքոյին հարաւէն, Նիու Մեքսիքօ նահանգին արեւմուտքէն, Օքլահոմային հիւսիսէն, Արկանզասին հիւսիս արեւելքէն եւ Լուիզիանային արեւելքէն։ Թեքսասի տարածութիւնը կը կազմէ 696241 Քմ քառակուսի, իսկ բնակչութիւնը 26,9 միլիոն (Յուլիս 2014)։
Հյուսթըն Թեքսասի ամէնէն մեծ քաղաքն է եւ չորրորդ ամէնէն մեծը՝ ԱՄՆ-ի մէջ, մինչ Սեն Անթոնիոն երկրորդ մեծագոյնն է նահանգին մէջ եւ եօթներորդ մեծագոյնը՝ ԱՄՆ-ի մէջ։ Միւս մեծ քաղաքներն են Էլ Փասօն եւ Օսթինը, որոնք նահանգին կեդրոնն են։ Թեքսասի մականունն է Lone Star State, որպէսզի ընգծուի այն հանգամանքը, որ Թեքսաս եղած է նախկին անկախ պետութիւն մը եւ Մեքսիքոյէն անկախութիւն ստացած է ։ Նահանգին անուանումը եկած է «Tejas» բառէ, որ կը նշանակէ ընկեր։
== Ծանօթագրութիւններ == |
435 | 1743 թուական | 1743 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 43րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1743 ծնունդներ
Մարտ 23՝ Յովսէփ Արղութեան (Երկայնաբազուկ, մ.1801), ազգային-ազատագրական եւ եկեղեցական գործիչ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1743 մահեր
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,103 | Փարիզի Հայերը | Փարիզի հայերը (հիմնականին վաճառականներ) բնակութիւն հաստատած են 15-րդ դարէն։
1672 թուականին Պասկալ (Յարութիւն) անունով հայ մը Սեն Ժերմեն թաղամասին մէջ ոացած է Ֆրանսայի առաջին սրճարանը։ Մինչեւ 18-րդ դարու վերջը Փադիգի մէջ հայերը փոքրաթիւ ու անկազմակերպ համայնք մըն էին։ 1789 թուականին Փարիզի մէջ հիմնադրուած Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցին մէջ կազմակերպուած է հայագիտական ամբիոն, որուն աօաջին վարիչը մինչեւ 1827 թուական Յակոբ-Շաճան Ջրպետեանն էր։ 1846 թուականէն Սերում սկսած է գործել Սամուել Մուրատ վարժարանը, նոյն թուականէն (մինչեւ 1862)՝ Արամեան տպարանը, ուր տպագրուած է Միքաէլ Նալպանտեանի «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ» աշխաութիւնը։ 1840-ական թուականներէն Փարիզ ձգտած է ուսումնատենչ հայ երիտասարդութիւնը (հիմնականին հետեւած են բժշկութեան՝ 1843–1914 թուականներուն ավարտած է 122 հայ երիտասարդ)։ Բացուած է ՀԲԸՄ վարչական կենդրոնը։ 1926 թուականին կազմակերպուած է Հայ արուեստագետներու «Անի» խմբակցութիւնը (որուն անդամներէն էին նկարիչներ Շ. Ադամեանը, Հ. Ալխազեանը, Վ. Մախոխեանը, Էդգար Շահինը, քանդակագործ Հ. Գիւրջեանը)։ Փարիզը կը դառնայ է հայ մշակոյթի կենդրոններէն։ Երկար տարիներ Փարիզի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են Ա. Չոպանեանը, Ավ. Իսահակեանը, ppՇիրվանզադեն]], Երվանդ Քոչարը, Ս. Խաչատուրեանը։ 1926–1928 թուականներուն Փարիզի մէջ էր Մարտիրոս Սարեանը, որուն ստեղծագործութիւններու աոաջին ցուցահանդեսը ոացուեցաւ 1926 թուականին (երկրորդը՝ 1980 թուականին, անոր ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ)։ Իրենց նպաստն կը բերէին հայ մշակոյթի (եւ ոչ միայն հայ) Փրոֆեսոր Հ. Սվաճեանը, պրոֆեսոր Շ. Տետեեանը, աշխարհագրագետ եւ քարտեզագետ Զ. Խանզատեանը, պատմաբանՆ. Ադոնցը, գրողներ Զ. Եսաեանը, Շահան Շահնուրը, Վ. Շուշանեանը, Վ. Մալնզեանը, Զ. Որբունին, Բ. Թոփալեանը, քանդակագործ Դ. Կամսարականը, նկարիչ Լ. Թիւթիւնճեանը, դերասաններ Ա. Շահխաթունին, Մ. Մաքսուտեանը եւ ուրիշներ։
Փարիզի հայերը երախտապարտ եւ հաւատարիմ եղած են իրենց հիւրընկալած երկրին ու ժողովուրդին նկատմամբ։ Անոնք աշխոյժօրէն մասնակցեցան Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ֆաշիզմի դէմ մարտնչող ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման։ Բանաստեղծ կոմունիստ Միսաք Մանուշեանը գլխաւորեց ինտերնացիոնալ պարտիզանական խմբակներ եւ գնդակահարուեցաւ ֆաշիստներու կողմէն։ 1942–1945 թուականներուն հակաֆաշիստ, գործունէութիւն ծաւալեց հայ հայրենասերներու Հայ ազգային ճակատ կազմակերպութիւնը։
Ետպատերազմեան տարիներուն ստեղծուեցան ֆրանսահայ երիտասարդական միութիւնը (ԺԱՖ, 1946|1946]] թուականին), ֆրանսահայ մշակութային միութիւնը (1949 թուականին), կը շարունակեն լոյս տեսնել պարբերականներ, իրենց գործունեութիւնը կ՝ աշխուժացնեն հասարակական, մշակութային եւ այլ կազմակերպութիւնները։ Կը բազմանանայ Փարիզահայ համայնքը (ի հաշիւ Մերձաւոր Արեւելքի երկրներէն գաղթածներուն)։ 1985 թուականին Փարիզի մէջ՝ իր շրջակայ քաղաքներով (Ալֆորվիլ, Բանյո, Կլամար, Շավիլ, Իսի լը Մուլինո, Բուա Կոլոմբ, Անիեո, Աոնովիլ, Վերսալ եւն) կը հաշուէին շուրջ 80 հազար հայ։
Փարիզի մէջ կ՝ ապրին եւ կ՛ըստեղծագործեն հայազգի արուեստագետներ (որոնց ստեղծագործութիւնները կը նպաստեն ֆրանսական եւ հայ մշակոյթի զարգացման) Անրի Թրուաեան, Վահէ Քաչան, Ռ. Մելիքիքը, Ա. Ադամովը (մահ. 1970), Գ. Արութը, Գառզուն, Ժանսեմը, Շարթը, Անրի Վերնոյը, Ռոզի Վարդը, Ա. Սափրիչը, Գ. Ասլանը, Շառլ Ազնավուրը, Ժորժ Կառվարենցը, Ա. Մեսումենցը, Ա. Պարթեւեանը, Լ. Դուրեանը, Ժ. Սերգոեանը, Ռ. Պետրոսեանը, Մ. Միրիմանովան եւ շատ ուրիշներ։
Տարբեր տարիներ Փարիզի մէջ կազմակերպուած են հայկական ցուցահանդէսներ՝ «Հայկական արուեստը Ուրարտուէն մինչև մեր օրերը» (1970 թ.), «Մարտիրոս Սարեան» (1982 թ.), «Հայկական Փարիզը» (1990 թ.), «Կիլիկիայի թագավորութիւնը» (1993|1993]] թ.), «Հայաստանը Արեւմուտքի եւ Արևելքի միջեւ» (1996 թ., Ազգային գրադարան), «Անի – 1000-ամեայ մայրաքաղաք» (2001 թ.), «Սուրբ Հայաստան» (2008 թ.)։ 2003 թուականին Փարիզի «Կանադայի հրապարակին մէջ» կանգնուած է Կոմիտասի արձանը, որուն պատվանդանին գրուած է. «Ի յիշատակ Կոմիտասի եւ 1,5 միլիոն հայերու, որոնք զոհ գնացին օսմանեան Թուրքիայի 1915 թ-ին իրականացուած XX դարի առաջին ցեղասպանութեանը»։ |
10,300 | Աշխէն Թումանեան | Աշխէն Թումանեան (1891, Թիֆլիս - 1968), հայ հասարակական գործիչ, թարգմանչուհի, գրադարանավարուհի, բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի աւագ դուստրը, իրաւաբան Գէորգ Խատիսեանի կինը, Յովհաննէս Թումանեանի տուն թանգարանի առաջին տնօրէնը:
== Կենսագրութիւն ==
Աշխէն Թումանեանը ծնած է 1891-ին, Թիֆլիս: Ուսանած է Թիֆլիսի երրորդ իգական քիմիագիտարանէն ներս, որ աւարտելէն ետք շարունակած է կանանց բարձրագոյն դասընթացները: «Դաշնակցութեան գործ»-ի դատավարութեան ժամանակ, 1912-ին Գէորգ Խատիսեանը Յովհաննէս Թումանեանի դատապաշտպանն էր: 1922-ին Աշխենը տեղափոխուած է Ստեփանաւան՝ քաղաքի գործադիր կոմիտէին մէջ աշխատելու, ապա տեղափոխուած է Երեւան: 1925-ին Աշխէն Թումանեանը Հանրային գրադարանին կից ընթերցասրահի վարիչն էր, իսկ 1926-1933 թուականներուն նոյն գրադարանի տնօրէնը: Աշխատած է նաեւ Հայկական հանրագիտարանին մէջ: Բազմաթիւ թարգմանութիւններ կատարած է հայերէնէն ռուսերէն, օրինակ՝ հօրը «Գիքորը» պատմուածքը: Աշխէն Թումանեանը Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի առաջին տնօրէնն էր հիմնադրման օրէն մինչեւ 1966-ը:
=== Ճամբորդութիւններ ===
Աշխէնը պարբերաբար կ'ըլլար Մոսկուա եւ Սանկտ Պետերպուրկ՝ ուղեկցելով Յովհաննէս Թումանեանին։ Անոնց հետ էր նաեւ Աշխէնի ամուսինը։
== Անձնական կեանք ==
1911-ին ամուսնացած է իրաւաբան Գէորգ Խատիսեանի հետ, որուն Յովհաննէս Թումանեանը կ'անուանէր Գիգա։ Անոնց ամուսնական կեանքը անյաջող էր, քանի որ Աշխէնը ամուսնացած էր ճարահատեալ, եւ անոնք ունէին սիրոյ պակաս։ Աշխէնի կեանքը լի եղած է ողբերգական դրուագներով։
Աշխէն Թումանեանը ունեցած է մէկ որդի՝ Յովհաննէս Թումանեան (Յովիկ, 1915-1940):
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,380 | Իտալիա | Իտալիան (իտալ.՝ Italia), պաշտօնապէս Իտալական Հանրապետութիւն (իտալ.՝ Italia), երկիր է, որ կը գտնուի Հարաւային Եւրոպայի մէջ։
== Անուանում ==
Անուանումը առաջացած է մ.թ.ա. մօտ 500 թուականին Վիտալիա ձեւով եւ սկզբնապէս կը վերաբերէր միայն Կալբրիոյ՝ Ապենինեան թերակղզիին հարաւային վերջավորութեանը, ուր բնակութիւն հաստատած էր հիւսիսէն եկած վիտալներ ցեղը։
Յունական գաղութացման համեմատ, սկսաւ նշանակել Ապենինեան թերակղզիի հարավւային՝ յունական մասը, ի զանազանութիւն անոր մնացած մասի, որ կոչուած էր Տիրենիա։ Մ.թ.ա. 2-1 դարերուն, անուանումը աստիճանաբար տարածուած է ամբողջ թերակղզիին վրայ եւ որոշ ժամանակ կը հետապնդուէր Հռոմի տիրութիւններուն։
Հռոմէական տիրապետութեան հաստատումով դարձած է Ապենինեան թերակղզիին հոմանիշ աշխարհագրական հասկացութիւն։
== Աշխարհագրութիւն ==
Իտալիոյ ափերը քիչ են կտրտուած, ափագիծի երկարութիւնը մոտ 7.5 հզ քմ է։ Բնաշխարհի մէջ կը գերակշռեն լեռներն ու բարձրութիւնները (տարածքի 4/5-ը)։ Երկրի հիւսիսը Ալպերն են (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 4807 մ., Մոնպլան), որմէ հարաւ կը տարածուէ Փատանի հարթավայրը։ Ալպերու եւ Ապենիններու ստորոտներուն կը գտնուին
200 – 500 մ բարձրութեան հարթավայրեր, Փօ գետին երկայնքով՝ կաւաճահճային ցածրադիր (50 – 100 մ.) հարթավայրեր, Փատանի հարթավայրէն հարաւ, Ապենինեան թերակղզիի երկայնքով, մօտ 1200 քմ երկարութեամբ, կը տարածուին միջին բարձրութեան Ապենինները (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 2914 մ, Քորնօ)։ Կան գործող եւ յանգած հրաբուխներ (Ամիատա՝ 1734 մ, Վեզուվ՝ 1277 մ.), լաւային դաշտեր։ Հարաւ-արեւելքին, Ատրիաթիկ ծովու ափերի երկարութեամբ, կը ձգուեն Տորկանօ եւ Լէօ Մուրշէ քարսթային սարաւանդները, Ապենինեան թերակղզիի հարաւը՝ Քալապրեան Ապենինները (բարձրութիւնը՝ մինչեւ 1956 մ.)։ Կղզիներն ունին լեռնային ռելիէֆ եւ կարգ մը հրաբուխներ՝ Էթնա (3340 մ.), Սթրոմպոլի, Վուլքանո։
Իտալիոյ բնորոշ են յաճախակի եւ ուժեղ երկրաշարժները։ Երկրաբանական կառուցուածքով Իտալիան կը պատկանէ Ալպեան կէոսինքլինալային (ծալքաւորութեան) մարզին։
Օգտակար հանածոներէն կան քարածուխ, գորշ ածուխ, լիկնիթ, թերթաքարեր, նաւթ, կազ, կապար, ցինկ, երկաթ, պոքսիթներ, սնդիկ, ծծումբ, մարմար, կերակուրի աղ, հանքային եւ տաք ջուրեր (100 – 120 °C)։
=== Կլիմա ===
Կլիման տարածքի մեծ մասին մէջ, մերձարեւադարձային է, Միջերկրական Ծովմիջերկրածովեան, Պադանի հարթավայրին մէջ անցողիկ՝ մերձարեւադարձայինէն բարեխառնի։ Ամառը չորային է։ Յուլիսի կիսուն ջերմաստիճանը Ալպերու ստորոտին՝ 20 – 22 °C է, Պադանի հարթավայրին մէջ՝ 22 – 24 °C, Ապենինեան թերակղզիին եւ կղզիներուն մէջ՝ 23 – 28 °C է։ Սիրոկօ քամիներու հետեւանքով ջերմաստիճանը կը բարձրանայ 40 °C-էն 45 °C։ Ալպերուն մէջ՝ 3500 մ. բարձրութիւնէն վեր, Յուլիսին՝ ջերմաստիճանը կ'իջնէ մինչեւ 0 °C։ Յունուարի կիսուն ջերմաստիճանը Ալպերու ստորոտին եւ Պադանի հարթավայրին մօտ 0 °C է, Ապենինեան թերակղզիին եւ կղզիներուն մէջ՝ 1 – 12 °C։ Ալպերուն մէջ յաճախ կան— 15 °C-էն —20 °C սառնամանիքներ։ Տեղումներու տարեկան քանակն Արեւելեան Ալպերուն եւ Ապենիններու հիւսիսային մասին մէջ, ինչպէս նաեւ լեռներու արեւմտեան լանջերուն աւելի քան 3000 մմ. է, արեւելեան լանջերուն եւ ներքին շրջաններուն մէջ՝ 600 – 800 մմ., կղզիներուն մէջ՝ 500 մմ։
=== Ներքին Ջուրերը ===
Գետային ցանցը խիտ է։ Հիւսիսէն կը հոսի Փօն (652 քմ.), Պադանի հարթավայրի արեւելքէն՝ Ատիշէ, Պրենթայ, Փիեաւէ, Թալեամենթօ, Ռենօ գետերը։ Ունին ձնաանձրեւային եւ սառցադաշտային սնում, կ'օգտագործուին որպէս ոռոգման աղբիւր։ Ապենինեան թերակղզիին եւ կղզիներու գետերը համեմատաբար սակաւաջուր են, սնունդ կ'առնեն անձրեւներով եւ ամռանը յաճախ կը չորնան։ Առաւել մեծ գետերէն են Առնօն եւ Տիբրը։
Իտալիոյ լիճերու մեծ մասը կը գտնուին Լոմբարդական Ալպերուն մէջ (Տարտա, Քոմօ, Լակօ-Մաճորէ եւն)։
=== Բուսականութիւնն ու Կենդանական Աշխարհը ===
Ալպերուն մէջ՝ մինչեւ 800 մ. բարձրութեան վրայ, կ'աճին լեռնային լայնատերեւ անտառներ (կաղնի, շագանակենի, հացենի), 800 – 1800 մ. բարձրութիւններուն՝ հաճարենին եւ փշատերեւ անտառները, աւելի բարձր՝ լեռնամարգագետնային հողերուն, թփուտները եւ ենթալպեան ու ալպեան մարգագետինները։ Պադանի հարթավայրին մէջ, տարածուած է բուսականութիւնը, Ապենիններուն եւ Սիսիլիա ու Սարտինիա կղզիներուն մէջ (մինչեւ 500 – 600 մ. բարձրութիւնները), շագանակագոյն եւ հրաբխային հողերուն մէջ՝ մշտադալար սոճին, թփուտները, 1000 – 1500 մ.-էն բարձր՝ լեռնային լայնատերեւ անտառները։
Կենդանիներէն կը հանդիպին քարայծ, վայրի կատու, կզաքիս, գորշ արջ, նապաստակ, սկիւռ, մօտ 400 տեսակի թռչուններ, եւ բազմաթիւ ջրային անասուններ։
== Բնակչութիւն ==
Բնակչութեան թիւով՝ Իտալիան Եւրոպայի չորրորդ երկիրն է։ Երկրի բնակչութեան 94% իտալացիներն են, որոնք դաւանանքով քրիստոնեայ կաթողիկէներն են։ Բնակչութեան կիսուն աւելին կ'ապրին քաղաքներուն մէջ։ Քաղաքներու մեծ մասը հաստատուած են Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ։
== Մեծ Քաղաքներ ==
Մեծ քաղաքներէն են Հռոմը, Թուրինը, Միլանը, Ճենովան, Վենետիկը, Նեապոլը եւ Պալերմոն։
== Պետական Կառուցուածքը ==
Իտալիան խորհրդարանական հանրապետութիւն է։ Երկրի ղեկավարը կը համարուի՝ խորհրդարանը։
Օրենսդիր իշխանութիւնը Իտալիոյ կը պատկանի խորհրդրանին, որ նոյնպէս երկպալատ է։ Նրա պալատներն են՝ Պատգամաւորներու Պալատը եւ Սենատը։ Իտալիոյ խորհրդարանի պալատները կը համարուին հաւասար։ Պատգամաւորները կ'ընտրուին 5 տարի ժամկէտով։
Իտալիոյ մէջ, գործադիր իշխանութիւնը կ'իրականացուի 13 նախարարութիւններու միջոցով, որոնց գործունէութիւնը կը համակարգէ Նախարարներու Խորհրդի Նախագահը։
Բարձրագոյն դատական մարմինը Իտալիոյ մէջ՝ Բարձրագոյն կասացիոն դատարանն է։ Պետութեան բոլոր շրջաններուն մէջ կը գործեն 26 վերաքննիչ դատարան։
=== Քաղաքական Կուսակցութիւններ ===
Տեմօքրաթական կուսակցութիւն (իտալ.՝ Partito Democratico, PD)Ձախ կեդրոնամէտ կուսակցութիւն է
Հինգ Աստղերու Շարժում (իտալ.՝ Movimento 5 Stelle, M5S)
Յառաջ, Իտալիա (իտալ.՝ Forza Italia)` Սիլուիօ Պերլուսքոնիի աջ կեդրոնամետ կուսակցութիւն
Հիւսիսի Լիկայ (իտալ.՝ Lega Nord per l'Indipendenza della Padania)
Նոր Աջ Կեդրոն (իտալ.՝ Nuovo Centrodestra)
== Մշակոյթը ==
=== Ճարտարապետութիւն ===
Հնագոյն գեղարուեստական հուշարձանները կը պատկանին պալէոլիթի եւ էնեոլիթի դարաշրջաններուն։ Պրոնզի դարաշրջանին (մ.թ.ա. II հազարամեակի 2-րդ կէս) բնորոշ է կրեաեմիկենեան մշակոյթի ազդեցութիւնը։
Սարդինիա կղզիին մէջ, ստեղծուած է մեգալիթեան կառոյցի իւրօրինակ տիպ՝ կեղծ գմբեթածածկ բոլորակ քարէ աշտարակ։ Հիւսիսին մէջ, զարգաած է տեռամար մշակոյթը։ Մ.թ.ա. IX—V դդ., ստեղծուած է Վիլլանովա մշակույթը, Ք.Ա. VIII—II դդ.՝ էարոակների մշակույթը։ Մ.թ.ա. VIII —VI դդ. Իտալիոյ ծովեզերեայ տարածքին մէջ, ստեղծուած յունական առեւտրական բնակավայրերու տեղերուն մէջ, պահպանուած են տաճարներու մնացորդներ, քանդակներ, գեղագիտական իրեր։ Հին յունական, էտրուսկեան եւ այլ տեղական գեղագիտական աւանդութիւններու հիման վրայ, մ.թ.ա. V դարէն մինչեւ V դ., զարգացած է հին Հռոմի արուեստը։ Հռոմի անկումէն եւ քրիստոնէութեան ընդունումէն յետոյ, սկսած է կազմաւորուիլ Իտալիոյ միջնադարեան արուեստը՝ հենելով հին արուեստի աւանդութիւններուն, դարերու ընթացքին կրելով Բիւզանդիոյ մշակոյթի եւ բազմաթիւ բարբարոս ժողովուրդներու գեղագիտական ճաշակի ազդեցությունը։
IV – VI դդ. Հռոմին մէջ եւ այլ քաղաքներուն մէջ, կառուցուած են շքեղ բազիլիկներ (Սան Ճովաննի Լատերանօ, Սան Փաուլօ Ֆուորի լէ Մուռա, Հռոմ), պաշտամունքային կեդրոնակազմ շէնքեր (Սան Վիտալե եկեղեցին, Ռավեննա)։ Տաճարները ներսէն զարդարուած են բազմագոյն խճանկարներով, որոնք սկզբը պահպանելով հին արուեստի կենսուրախութիւնն ու պատկերման ծաւալայնութիւնը (Սանտա-Կոստանցա եկեղեցւոյ խճանկարները, IV դ., Հռոմ), հետզհետէ դարձած են աւելի պայմանական։ Լուսաստվերային ձեւաստեղծումը փոխարինուած է հարթ-մակերեսայինով, գունային նուրբ եւ հնչեղ համադրումները ձեռք բերած են հանդիսաւոր վերացականութիւն։
VIII – X դդ., առաջատարը Լոմբարդիոյ ճարտարապետութիւնն էր։ Այստեղ ստեղծուած է առանձին կանգնած աշտարականման զանգակատան տիպը։ XI —XIII դդ., Իտալիայիոյ տարածքին կազմավորուած է համաեւրոպական ռոմանական ոճը, որ երկրի ֆեոդալական մասնատւածութեան պայմաններուն, տարբեր կեդրոններուն(Միլան, Վերոնա, Պարմա, Պադուա) ձեռք բերած է շարք մը տեղական առանձնահատկութիւններ։
Իտալական ռոմանական ճարտարապետութեան ընդհանուր բնորոշ հատկանիշներն են հստակ եւ համաչափ համամասնութիւնները, հանդիսաւոր հարդարանքը։ Ներդաշնակ համամասնութիւններով, դեկորի նրբագեղուեամբ օժտուած է Պիզայի կաթողիկէի համալիրը։
Սիսիլիայի կառոյցներուն իւրայատուկ միահիւսուած են բըիւգանդական, արաբական, նորմանդական ճարտարապետական ձեւերը։
Բիւզանդական խաչաձեւ գմբեթաւոր եկեղեցւոյ յուրատիպ տարբերակներէն է Վենետիկի հնգագմբեթ Սան Մարկո մոնումենտալ կաթողիկէն (IX դ., վերակառուցվել է XI—XV դդ.)։
Ռոմանական ժամանակաշրջանին, կազմաւորուած ե Իտալիոյ քաղաքներու մեծ մասը, ըստ տեղանքի՝ պաշտպանական կառոյցներով, քարէ տուն-աշտարակներով, ռատուշաներով, կամպանիլաներով, նեղ լուսամուտներով, կղմինտրեայ երկլանջ տանիքներով, 3—4-յարկանի խոժոռակերպար տուներով։
Կառուցվածքներուն կը կիռակուին քար, աղիւս, ջլաղեղային խաչային թաղեր, գմբեթ։ Կանոնաւոր կամ անկանոն հատակագծով, խիտ կուտակուած կառուցապատումը կը կատարուէր կեդրոնական հրապարակի շուրջը։
Իտալիան առաջինն է աշխարհին մէջ, իւրաքանչյուր չնչին բաժին ինկնող տեսարժան վայրերու թիւով, գեղեցիկ բնութիւնը, 300 թանգարաններն, հուշարձանները (աշխարհի բոլոր հուշարձաններու 80%-ը), արուեստի գործերը (ողջ մոլորակի արուեստի գործերու 50%-ը)։ Իտալիոյ հինավուրց քանդակներն ու ամրոցները մշտապէս կը գրաւեն աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, բնակուող զբօսասերներուն, որոնք միշտ սիրով կը վերադառնան այստեղ։ Իտալական արուեստը յայտնի է բոլորիս նախ եւ առաջ իբրեւ գեղեցկութեան խորհրդանիշ, ինչի լաւագույն վկայութիւնն են «Միլոսյան Վեներա»-ն, Լեոնարտօ տա Վինչիի «Ջոկոնդա»-ն, Բուոնարոտի Միքելանջելոյի «Դավիթ»-ը, Ռաֆայէլ Սանտիի որմնանկարները, Կոլիզեումը, Միլանի Մայր Տաճարը, Պիզայի աշտարակը կամ Կրեմոնայի մէջ, ծնած Անտոնիո Ստրադիվարիի ջութակի կախարդական հնչիւնները։
Հրաշքներու երկիր Իտալիան անչափ մեծ վաստակ ունի մարդկութեան առաջ՝ իբրեւ գեղեցիկի «քարոզիչ»։ Այս մասին վկայ են համամարդկային նշանակութեան մշակութային գլուխգործոցները, բարձր նորաձեւութիւնը, պաշտամունքային դարձած իտալական կինոն, մեքենաները, խոհանոցը, ինչպէս նաեւ լեզուն, որ ամենագեղեցիկներէն է իր բարեհնչութեամբ։ Պատահական չէ, որ գեղագիտութեան փիլիսոփայական ուսմունքը ստեղծուած է իտալացի Բենեդետտո Կրոչեի կողմէն, որ 1903 թ–ին, յայտնաբերեց ինտուիցիոյ եւ արտահայտման միջեւ առկա կապը։ Իտալացիները կը համարուին ամենահանճարեղ ազգերէն մէկը. «Իտալացիները բոլոր անոնք են, ովքեր կիրթ են», կ'ըսէր Էրազմ Ռոտերդամցին։
== Նորաձեւութիւնը ==
Ժամանակակէն՝ Իտալիան ունի երկարաճիտ կոշիկի ձեւ, ինչ խիստ խորհրդանշական է՝ հաշուի առնելով՝ այս երկրի հագուստի եւ կոշկեղենի արտադրութեան ծաւալները։ «Made in Italy» արտայայտութիւնը փոխաբերական իմաստով թարգմանվուած է՝ էլեգանտ հագուստ եւ նրբաճաշակ ուրուագիծ։ Այդպիսով, գեղեցկութիւնը՝ հավանաբար ունի երկարաճիտ կոշիկներով նրբագեղ քայլվածք, որ այստեղ՝ Իտալիոյ մէջ, իր ընթացքը կ'ապրի Հռոմ–Ֆլորենցիա-Միլան նորաձեւութեան եռանկիւնի շրջանակներուն մէջ։ Այս հանգամանքն այնքան ալ տարօրինակ չի թուիր, եթէ ընդունենք, որ բնորդագործական տաղանդը իտալացիներու արեան մեջ է, իսկ նորաձեւութեան արուեստը այս երկրին մէջ ունի 7 հարիւրամեակի պատմութիւն։ Իտալական fashion արդիւնաբերութեան սկիզբ կը համարուի 1962 թ–ը, երբ Հռոմի մէջ, ստեղծուեցաւ Բարձր նորաձեւութեան Ազգային պալատը՝ Փարիզի Haute Couture խմբակցութեան նմանութեամբ։ 20-րդ դարի 50-ական թվականներուն Ֆլորենցիոյ մէջ, սկիզբ առած էր alta moda pronta երեւոյթը (pret-a-porte-ի նմանութեամբ)։ Իսկ արդէն 70-ականներէն համաշխարհային նորաձեւութեան կեդրոն դարձաւ Միլանը։ Հաստատուած է, որ «Մետաքսի ճանապարհը» սկիզբ առած է Կոմոյէն. այստեղ սֆեղծուած են կնոջ ամենայայտնի թիկնոցները։
=== Խոհանոցը ===
Եթէ մարդը այն է, ինչ կ'ուտէ, ապա իտալացիներն, անկասկած, աշխարհի ամենալաւ ժողովուրդն են։ Ֆրանսական խոհանոցը, որ երկրորդ տեղը կը գրաւէ իտալականէն յետոյ, լաւն է պարզապէս այն պատճառով, որ Եկատերինա Մեդիչին, ամուսնանալով Հենրիխ II Նաւարացու հետ, խոհեմութիւն ունեցաւ իր հետ վերցնելու իտալացի խոհարարներու։ Ի դէպ, յայտնի շամբայնը յայտնագործուած է իտալացի վենետիկեան միաբան Ֆրանչեսկօ Սկակիի կողմէն, որ ալ 1335 թ–ին, գրի առաւ կազով գինու բաղադրատոմսը։ Իտալական խոհանոցը հիրաւի հանճարեղ է. պատահական չէ, որ տասնհինգերորդ դարուն, դեռեւս անյայտ Լեոնարտօ Դա Վինչին՝ Ֆլորենցիոյ մէջ, Վերոկիոյ քանդակագործութեան դպրոցն աւարտելէն յետոյ աշխատեց «Tre lumache» (Երեք խխունջ) ռեստորանին մէջ նախ՝ որպէս մատուցող, ապա՝ խոհարար։ Իտալական «փասդան», պանիրները, ապուրը, պաղպաղակը, սուրճը եւ նույնիսկ փիծծան, որ առաջինը մտաբերուած է իտալական խոհանոցը։
=== Իտալիան Զբօսաշրջիկներու Ուխտատեղի ===
«Ես կը պաշտեմ Իտալիան, այստեղ ամենուր լաւ է», - ժամանակին ըսած է Ք. Բեյլին, եւ ատոր բացարձակ ճշմարտություն է։
Բաւական մտածած է այնպիսի վայրերու մասին, ինչպիսի են Թուրինը (Իտալիօյ առաջին մայրաքաղաքը, ուր 2006-ին, կայացան ձմեռային օլիմբիական խաղերը), Նեապոլը, Ֆերարան, Պադովան, Պարման, Բերգամօն, Ճենովան։
Ինչպէս ժամանակին ըսած է Բրոդսկին՝ այստեղ «Մարմինը միայն տրանսպորտային միջոց է աչքերու համար», որոնք փոքր-ինչ լայն բացելով՝ կը տեսնենք, որ Վենետիկն իրողութեամ մէջ, ոչ միայն գոնդոլաներով զբօսանք է ջրանցքներով, աղաւնիներով լեցուն հրապարակ, կամուրջներ, փողոցային սրճարաններ, դիմակներ կամ ջահեր։
Այստեղ՝ Մխիթարեան միաբանութեան մէջ էր, որ 1512 թուականին աբբահայր՝ Հակոբ Մեղապարտի շնորհիւ լույս տեսաւ հայերէն առաջին տպագիր գիրքը, եւ այստեղ է, որ երեք դար շարունակ պահուած են արուեստի եզակի նմուշներ՝ եգիպտական սարկոֆագներէպ մինչեւ Այվազովսկւոյ կտավները։ Սուրբ Ղազար կղզիին մասին Պալացեսկին կը գրէ. «Արևելքէն եկած կղզի մը, որ հանգրուած է այստեղ՝ զմայլուած Վենետիկի գեղեցկութեամբ»։
=== Տօները ===
1 Յունուար՝ Նոր տարի (Il Capodanno),
6 Յունուար՝ Էպիֆանիա (l’Epifania) կամ Բեֆանա (La Befana), Աստուածայայտնութիւն, Աստուծոյ կնունք
8 Մարտ՝ Կանանց միջազգային օր (La Festa della Donna), պարտադիր տօն չէ եւ աշխատանքային օր է
21 Ապրիլ՝ Հռոմի հիմնադրման օր (Natale di Roma),
25 Ապրիլ՝ Ֆաշիզմից ու գերմանական շրջափակումէն ազատագրուելու օր (La Liberazione),
1 Մայիս՝ Աշխատանքի տօն (La Festa del Lavoro),
2 Յունիս՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան հռչակման օր (La Festa della Repubblica),
15 Օգոստոս՝ Ֆերագոստո (Il Ferragosto) Աստուածամօր Փոխակերպութիւն կամ Համբարձում (L’Assunzione),
1 Նոյեմբեր՝ Բոլոր սուրբերու օր (Il giorno di tutti i Santi կամ Ognissanti),
2 Նոյեմբեր՝ Մեռելոց օր (Il giorno della Commemorazione dei Defunti),
8 Դեկտեմբեր՝ Աստուածամօր անարատ հղութիւն (L’Immacolata Concezione),
25 Դեկտեմբեր՝ Սուրբ Ծնունդ (Il Natale),
26 Դեկտեմբեր՝ Սուրբ Ստեֆանի օր (Santo Stefano).
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն
Երեւանի մէջ Իտալիօյ դեսպանութիւն |
Subsets and Splits