id
int64 43
24k
| title
stringlengths 2
92
| article
stringlengths 5
147k
⌀ |
---|---|---|
6,111 | Սիմոնիկ | Սիմոնիկ (1922-1993), բուն անունով՝ Սիմոն Մելիքսէթեան։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Երեւան եւ մահացած՝ Իսթանպուլ։ Յաճախած է Երեւանի Միասնիկեան
եւ Իսթանպուլի Մեսրոպեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։
Աշխատակցած է իսթանպուլահայ մամուլին, յատկապէս Կավրօշին եւ Քուլիսին քաոեակներով, երգիծական նշմարներով, ֆանթէզիներով, քրոնիկներով։
=== Հրատարակուած Գործ ===
Սիմոնիկին Տարեգիրքը–Իսթանպուլ, 1940։
Բորբոքած Ակոան (թատրերգութիւն) - Իսթանպուլ, 1969։
Գընալըի Գիշերները (վէպ) - Քուլիսի թերթօն։
Արիւնոտ Արտեր (վէպ) - Կավռօշի թերթօն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,942 | Յովհաննէս Սարկաւագ | Յովհաննէս Սարկաւագ (1047, Փիփ - 1129 Հաղբատ), ճանչցուած է Յովհաննէս Իմաստասէր անունով, հայ մատենագիր, փիլիսոփայ, գիտնական, մանկավարժ:
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1047-ին քահանայական ընտանիքի մէջ։ Սորված է Հաղբատի եւ Սանահինի վանքին մէջ, ապա՝ Ուռճացի վարդաետի մօտ։ Ապրած եւ գործած է Անիի մէջ, որուն բարձրագոյն դպրոցին մէջ դասաւանդած է քերականութիւն, թուաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, տոմարագիտութիւն, տիեզերագիտութիւն եւայլն։ Հետագային գլխաւորած է Հաղբատի դպրոցը, որ իրեն շնորհիւ դարձած է գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոն։ Խոր գիտելիքներուն համար ան հռչակուած է որպէս «Սոփեստոս», «Իմաստասէր», «Մեծն Վարդապետ» եւայլն։ Անոր շիրիմաքարը պահուածէ «Արձանս այս սեմական է Սոփեստոսի Սարկաւագին» մակագրութեամբ։
Յովհաննէս Սարկաւագ ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն նաեւ ան սրբագրած, խմբագրած եւ արտագրած է անընթերնելի դարձած աշխատութիւններ։ Իմաստասէր, գրած է բազմաթիւ շարականներ։ Անոնց մէջ ան փառաբանած է հայ հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի փրկութեան համար։ Ան ծանօթացուց հայ ժողովուրդին հայրենիսական երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը եւ քաջալերեց արտագաղթած հայերը վերադառնալու Երկիր:
Յովհաննէս Սարկաւագ մեծ ներդրում ունեցած է թուաբանութեան մէջ եւ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ գիրքեր:
1084-ին Յովհաննէս Սարկաւագ մասնակից կը դառնայ ծրագրի մը՝ հայկական օրացոյցի մը զարգացման։ Օրացոյցը կը պարունակէր 365 օրեր առաւել մէկ օր։ Այս ծրագրին համար իր տարած աշխատանքը պատճառ դարձաւ, հետագային օրացոյցի ստեղծման:
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,140 | Փիլիսոփայութեան Համաշխարհային Օր | Փիլիսոփայութեան համաշխարհային օր (անգլերէն՝ World Philosophy Day), 2002 թուականէն սկսեալ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախաձեռնութեամբ, իւրաքանչիւր տարուան Նոյեմբեր ամսուան երրորդ Հինգշաբթին կը նշուի Փիլիսոփայութեան համաշխարհային օրը:
Այն առաջին անգամ նշուած է 21 Նոյեմբեր 2002-ին:
== Նպատակը ==
Տօնին նպատակն է հասարակութեան ուշադրութիւնը սեւեռել հանրութիւնը jուզող հասարակական-մշակութային խնդիրներուն եւ անոնց լուծման վրայ, հաղորդակից դարձնել մարդկութիւը փիլիսոփայական ժառանգութեան, ստեղծել ընդհանուր հարթակ նոր միտքերու ձեւաւորման եւ ծառացած խնդիրներու վերլուծման համար:
Այսօր տօնը արդէն կը նշուէ աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներ: Տօնական օրը, որ նուիրուած է որոշակի թեմայի, տեղի կ՛ունենայ տարաբնոյթ միջոցառումներ՝ փիլիսոփայական երկխօսութիւններ, կլոր սեղաններ, քննարկումներ, սեմինարներ եւ այլ միջոցառումներ:
== Տարեթիւեր ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Այսօր փիլիսոփայութեան համաշխարհային օրն է. (պատմութիւն):
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹՅՈՒՆԸ ՍՖԻՆՔՍ Է` ՄՈՆԱ ԼԻԶԱՅԻ ԺՊԻՏՈՎ: |
6,599 | Տաուը Պոպ | Տաուը Պոպ Փոսթումա (ծնած 12 Դեկտեմբեր, 1992-ին, Ամսթրտամ), հոլանտացի Քաունդրի երգիչ, ով 2016 թուականի Մայիսին պիտի ներկայացնէ Հոլանտան 2016-ի Եւրատեսիլ Երգի Մրցոյթին: Ան կրեց յաղթանակը Հոլանտական ցիրքի մրցոյթ De beste singer-songwriter van Nederland, ստեղծուած եւ ներկայացուած Կիէլ Պիլընի կողմէ: Ան կը մասնագիտանայ ժողովրդային քաունդրի երգերու մէջ:
== Վաղ Կեանք ==
Տաուը Պոպ Փոսթումա ծնած է 12 Դեկտեմբեր, 1992-ին, Ամսթրտամ, Հոլանտա: Ֆրիզիական ընտանիքի մը մէջ ծնած է: Իր հայրը, Սիմոն Փոսթումա, գիտցուած է իբրեւ անդամ ձեւաւորիչ խումբ The Foolի մէջ:
Տաուը Պոպ սկսաւ նուագել դաշնամուրը երբ ան 6 տարեկան էր, նուագելով մասնաւորապէս դասական երաժշտութիւն եւ ճազ: Ան նաեւ կիթառ սկսաւ նուագել երբ 14 տարեկան էր: Իբրեւ երգիչ ան ներշնչուած է քաունդրի, ժողովրդային եւ փոփ երգերէ որոնք թողարկուած էին 1950ականներէն մինչեւ միջ-1970ականները:
== Տե՛ս նաեւ ==
Կապրիէլա Կունցիքովա
Իւեթա Մուկուչեան
Սերկեյ Լազարեւ
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,147 | Հովանոց | Հովանոցը տարածուած իր մըն է, որ կը ծառայէ պաշտպանուելու անձրեւին դէմ: Անիկա կրնայ օգտագործուիլ նաեւ արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար:
Գոյութիւն ունին հովանոցի տարբերակներ, ինչպէս արեւանոցը կամ հովանոցակը, որոնք կը գործածուին արեւէն պաշտպանուելու:
== Կառոյց ==
Հովանոցը կրնայ տարբերիլ չափով եւ ձեւով բայց անոր կազմութիւնը միեւնոյնը կը մնայ: Անիկա բաղկացած կ'ըլլայ փայտէ գաւազանէ մը եւ կմախքէ մը, որ հաստատ կը պահէ անջրանցիկ կտորը: Կեդրոնին փայտը ընդհանրապէս իր ծայրը ունի կոթ մը՝ հովանոցը բռնելու համար: ԻԱ. դարուն, հովանոցները կը նկատուին առօրեայ գործածուող իրեր, սակայն իրենց որակին պատճառով անոնք կրնան շատ արագ կտրուիլ, եւ քանի մը օրէ աւելի չդիմանալ: Այսպիսով, ուսումնասիրութիւն մը նշմարած է, թէ Ֆրանսայի մէջ տասը միլիոնէն աւելի հովանոց աղբ թափած են մէկ տարուան ընթացքին:
== Պատմութիւն ==
Հովանոցը հնարուած է աւելի քան 4000 տարի առաջ։
Հովանոցին հայրենիքը Ճափոնն է: Ք. Ա. 10-րդ դարուն ատաղձագործ մը իր կնոջ համար «տանիք» կը պատրաստէ: Առաջին հովանոցը աւելի քան երկու քիլօ կը կշռէր, իսկ բռնակին երկարութիւնը շուրջ 1,5 մեթր էր… Հովանոցը այդ ժամանակ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր:
Հին Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի եւ Ասորեստանի մէջ մարդիկ հովանոց կը գործածէին: Առաջին հովանոցները յատկապէս հարուստներու եւ հզօր անձերու առանձնաշնորհումը եղած է: Պարսկաստանի մէջ միայն թագաւորը հովանոց գործածած է, շինուած եղած է վուշ կերպասով եւ անոր ծայրերէն երկար կերպասի կտորներ կախուած են ամբողջական շուք եւ մեկուսացում ապահովելու համար:
Հին Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի մէջ հովանոցները երկու դեր ունէին` կը պաշտպանէին արեւէն եւ իշխանութիւն կը խորհրդանշէին: Եգիպտոսի փարաւոններուն հովանոցները կը պատրաստուէին արմաւենիի տերեւներէն եւ թռչունի փետուրներէն:
Հովանոցը իշխանութեան եւ ընտրեալ ըլլալու խորհրդանիշ էր` համարուելով չափազանց շքեղ իր: Հովանոցին ծանրութիւնն ու ձեւը կը տարբերէին` ըստ անոր տիրոջ դիրքին: Օրինակ` Սիամի (Թայլանտ) թագաւորին հովանոցը պատուած էր ոսկիով եւ ադամանդներով:
Գրական աղբիւր մը կը հաստատէ, թէ Ուանկ Մանկ կայսրը՝ Կզին գերդաստանի հիմնադիրը, յօրինած է առաջին դարու ծալլուող հովանոց-արեւանոց մը, կառքի մը վրայ հաստատուած, որ կ'օգտագործուէր կրօնական արարողութեան ատեն:Չիները եղած են առաջինները, որոնք անդրադարձած են, թէ հովանոցները կրնան նաեւ գործածուիլ անձրեւի պարագային: Անոնք իրենց թուղթէ շինուած հովանոցները ծածկած են մոմով եւ ջնարակով` զայն ջրակայուն դարձնելու համար:
Միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հովանոցի փոխարէն կը գործածուէր «անձրեւու շուրջառ»ը, մուշտակապատ լայն վերարկու մը, որ բաղկացած էր անջրանցիկ կտաւէ մը:ԺԶ. դարուն հովանոցները կը սկսին երեւիլ արեւմտեան աշխարհին մէջ: Սկիզբի շրջանին միայն կիները զայն կը գործածէին: Անգլիացիները իրենց հովանոցները կը ծածկէին փետուրներով`յուսալով, որ անձրեւին տակ իրենք պիտի չթրջուէին բադերու նման: Սակայն այս լուծումը շատ արդիւնաւէտ չ'ըլլար: Հետեւաբար հետագային անոնք փետուրները կը փոխարինեն իւղոտած մետաքսով, կերպասով կամ ալփակայի մորթով:
Ֆրանսայի մէջ հովանոցը կը յայտնուի ԺԷ. դարուն. անիկա «փարասոլ» կը կոչուէր եւ դարձեալ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր: «Փարասոլը» կրողին կարգավիճակը ցոյց տուող իր չէր. անիկա հասանելի էր բոլորին, սակայն անոր արտաքին տեսքէն կարելի կ'ըլլար կռահել հասարակութեան մէջ զայն կրողին դիրքին մասին: Որքան շատ ժապաւէններ եւ զարդեղէններ՝ այնքան բարձր կարգավիճակ:
Առաջին ծալուող հովանոցը ստեղծուած է Փարիզի մէջ 1705-ին կամ 1710-ին ժան Մարիւս վաճառականին կողմէ, «Կտրուող հովանոց» անունով, զոր կարելի էր ծալլել եւ տուփիկի մը մէջ դնել: 1759-ին ֆրանսացի գիտնական մը «Նավար» անունով կը հնարէ հովանոց-գաւազանը, ուր գաւազանը կը գործածուի իբրեւ պայուսակիկ: Այդ ձեւի հովանոցը կը դառնայ ԻԱ. դարու նորոյթի մեղսակից մը Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ատեն:
Առաջին անձը, որուն միտքէն կ'անցնի հովանոցի միջոցով անձրեւէն պաշտպանել, ճանապարհորդ Ճոն Հանուէյնն էր, 1822-ին: Մինչ այդ կիներ եւ տղամարդիկ անձրեւոտ օրերուն տունէն դուրս չէին ելլեր… Ամուր կտորէ պատրաստուած Հանուէյնի հովանոցը սկիզբը ծիծաղի եւ սուլոցներու կ'արժանանայ, սակայն շուտով կը պարզուի, որ հովանոցը իսկական փրկութիւն էր բոլոր անոնց, որոնք սեփական կառք չունէին:
ԺԹ. դարու 40-ական թուականներուն կը յայտնաբերուին ծալուող հովանոցները: Ժապաւէնազարդ, ժանեակաւոր հովանոցները իրենց տեղը կը զիջին աւելի գործնական տարբերակներուն:
Հովանոցին տեսքը մինչեւ այսօր կը շարունակուի բարելաւուիլ: 1852-ին, Սամուէլ Ֆոքս կը յօրինէ զանգակաձեւ հովանոցը, որ աւելի տոկուն կը դարձնէ զայն: Գերմանացի Հանս Հոբդը 1930-ին, կը ստեղծէ պզտիկ հովանոցը, զոր կարելի է զետեղել պայուսակին մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,977 | Երեւանի Թատերական Թանգարան | Երեւանի թատերական թանգարան, առաջին պետական թատերական թանգարանը Հայաստանի մէջ։ Կազմակերպուած է 1935-ին։
Թանգարանին մէջ հաւաքուած են 19-20-րդ դարերու թատերական գործիչներու՝ Չմշկեանի, Ադամեանի, Սիրանոյշի, Աբէլեանի, Մանդինեանի եւ ուրիշներու, հայ սովետական թատրոնին վերաբերող արխիւային փաստաթուղթեր, բեմական իրեր, զգեստներ, թատերական գրականութիւն, որոնք ցուցադրուած են բներգական ցուցահանդէսներուն մէջ։
Թանգարանը հարստացած է Հայաստանի քաղաքներէն, Պաքուէն, Թիֆլիսէն եւ հայաբնակ այլ կեդրոններէ ստացուած նիւթերով։ 1953-ին Երեւանի թատերական թանգարանի, գրական թանգարանի եւ Մելիքեանի անուան երաժշտական առանձնարանի միաւորումով հիմնուած է Հայաստանի գրականութեան արուեստի թանգարանը։
== Տես նաեւ ==
Եղիշէ Չարէնցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարան |
6,482 | Հանրի Վերնէօյ | Հանրի Վերնէօյ (ֆրանսերէն՝ Henri Verneuil, իրական անունը՝ Աշոտ Յակոբ Մալաքեան (15 Հոկտեմբեր 1920 Ռոտոսթօ (Թուրքիա) - 11 Յունուար 2002, Փարիզ (Ֆրանսա)), ֆրանսահայ նշանաւոր բեմադրիչ:
Վերնէօյն իր առաջին ֆիլմը նկարած է 1948 թուականի «Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան Երգիչը» (նուիրուած է գրող Աւետիս Ահարոնեանին): Բայց Վերնէօյը Հայաստանի մէջ յայտնի է իր «Մայրիկ» եւ «Պարադի Փողոց, Տուն 588» ֆիլմերով, որոնք իր կենսակրագան ֆիլմերն են: Ան կը պատմէ հայոց ցեղասպանութենէն ետք Մարսէյ տեղափոխուած Յակոբ Մալաքեանի (Վերնէօյ հայրիկի) ընտանիքի պատմութիւնը: Ասպարէզին ընթացքին նկարահանած է աւելի քան 50 ֆիլմ:
Արժանացած է շարք մը պարգեւներու, ֆրանսական՝ «Պատուաւոր Լեգէոնի Շքանշանէ, հայ առաքելական եկեղեցիի` «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Ա-ին աստիճանի շքանշանով, Ոսկէ Ծիրան փառատօնի ընթացքին արժանացած է՝ «Սերգէյ Փարաջանովի մրցանակի համաշխարհային ֆիլմերու մեծ աւանդի համար: Մէկ անգամ առաջադրուած է Օսքարի «Հինգ Ոտքերով Ոչխար» լաւագոյն թատերագրութեան անուանակարգին մէջ:
==== «Հայփոստ»ը Հրապարակեց Հանրի Վերնոյի Ծննդեան 100ամեակին Նուիրուած Դրոշմաթուղթ ====
«Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ դրոշմաթուղթ-գեղաթերթիկ՝ նուիրուած Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան) ծննդեան 100ամեակին։ Անոր վրայ պատկերուած է ֆրանսահայ նշանաւոր բեմադրիչ, գրող, Ֆրանսայի գեղարուեստի ակադեմիոյ անդամ Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան, 1920-2002) դիմապատկերը: Գեղաթերթիկին վրայ ներկայացուած են հատուածներ Հանրի Վերնոյի գեղարուեստական ժապաւէններու պաստառներէն: Ձեւագծողն է Վահագն Մկրտչեան։
== Կենսագրութիւն ==
Հանրի Վերնէօյը ծնած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, Ռոտոսթօ, 15 Հոկտեմբեր 1920 թուականին: Սորված է Իսթանպուլի (Կոստանդնուպոլիս) Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Վերնէօյի ընտանիքի ճակատագիրը ինչպէս այլ հայ ընտանիքի ճատագիրներու շատ նման է, անոնք գաղթած են Օսմանեան կայսրութենէն հայոց ցեղասպանութենէն ետք 1924 թուականին երբ Վերնէօյը ընդամէնը 4 տարեկան էր։ Որոշ ժամանակով հաստատուած են Յունաստանի մէջ, ապա տեղափոխուած են Մարսէյ:
Կանուխ տարիքին երգած է Մարսէյի հայկական եկեղեցիին մէջ եւ յաճախած է Կաթողիկէ դպրոց: Այնուհետեւ, սորված է կիրառական արուեստի դպրոցին մէջ, 1941 թուականին աւարտած է էքս Ան Օտ մարզի ֆրանսական միջնակարգ դպրոցը եւ 1944 թուականին աշխատանքի անցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ: Յօդուածաշարեր տպագրած է հայկական հարցի վերաբերեալ, եւ ռատիօհաղորդումներ վարած ֆիլմերու մասին: 1949 թուականին տեղափոխուած է Փարիզ եւ աշխատած է ֆիլմի ընկերութիւններու մէջ, եղած է բեմադրիչի օգնական, ապա՝ բեմադրող բեմադրիչ, նկարահանած է շուրջ 20 կարճամեթրաժ ֆիլմեր:
== Ասպարէզ ==
=== Ասպարէզի Սկիզբ ===
1948 թուականին նկարահանած է իր առաջին ֆիլմը՝ «Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան Երգիչը» (նուիրուած է գրող Աւետիս Ահարոնեանին): Առաջին լիամեթրաժ ֆիլմն է «Սեղան Մեռածներու Համար» (1951 թ., ըստ Մարսել Էմէի): Վերնէօյը դասուած է Ֆրանսայի լաւագոյն բեմադրիչներու շարքին: 1955-ին նկարհանած է «Աննշան Մարդիկ»ը:
Անոր ֆիլմերուն մէջ նկարահանուած են նշանաւոր դերասաններ՝ Ֆեռնանտելը, Ժան Կապէնը, Ժան-Փոլ Պելմոնտըն, Ալեն Տելոնը, Էնթընի Քուինը, Հենրի Ֆոնտան, Հիու Մոնթանը եւ ուրիշներ: Վերնէօյը ստեղծած է շուրջ 60 լիամեթրաժ ֆիլմեր. լաւագոյններէն են` «Արգիլուած Պտուղ» (1952 թ.), «Քառնաւալ» (1953 թ.), «Կովը եւ Զինուորը» (1959 թ.), «Նախագահը» (1961 թ.), «ճակատամարտ Սեն Սեբաստիանի Մէջ» (1968 թ.), «Սարսափ Քաղաքին Մէջ» (1975 թ.), «Հազար միլիառ Տոլար» (1982 թ.) եւ այլն:
=== Ասպարէզի Աւարտ ===
Վերնէօյը 1988 թուականի Սպիտակի Երկրաշարժին նուիրուած «Քեզ Համար, Հայաստան» երգի (բառերը՝ Շարլ Ազնաւուրի, երաժշտութիւնը՝ Տիրան Կառվարենցի) տեսահոլովակի բեմադրիչն է: Հայկական թեմային անդրադարձած է վերջին երկու՝ «Մայրիկ» (ըստ իր «Մայրիկ» վէպի, նաեւ թատերգութեան հեղինակն է) եւ «Փարատի Փողոց, Տուն 588» (երկուքն ալ՝ 1991 թ.) ֆիլմերուն մէջ, ուր կը ներկայացնէ իր ընտանիքի պատմութիւնը:
== Ժառանգութիւն եւ Ճանաչում ==
=== Յիշատակին ===
Հանրի Վերնէօյի յիշատակին քանի մը փողոցներ եւ հրապարակներ վերանուանուած են Հայաստանի եւ ֆրանսայի մէջ:: Անոր անունով հրապարակ բացուած է նաեւ Ֆրանսական Մարսէյի մէջ Ֆրանսա-Հայկական գերազանցութեան շաբթուայ շրջանակներուն ժամանակ:
Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ կայ Հանրի Վերնէօյի փողոց, որուն բացման ներկայ եղած են Երեւանի քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանը, մշակոյթի նախարար՝ Յասմիկ Պողոսեանը, սփիւռքի նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանը եւ Վերնէօյի ընտանիքի անդամները: Փողոցներ կան նաեւ Ֆրանսական՝ Սանթ Կիլ, Բերբիկոնա եւ Մարսէյ քաղաքներուն մէջ։ Եւ մէկ թատերասրահ Լա Վալտէ-Տէո-Վար, փոքրիկ քաղաքին մէջ:
== ֆիլմադարան ==
== Նուաճումներ ==
Հանրի Վերնէօյ ստացած է բազմաթիւ պարգեւներ եւ մրցանակներ: Ֆրանսաայի գեղարուեստի ակադեմիայի անդամ է: Այսպէս կ'արտայտուին անոր մասին Ֆրանսայի 22-րդ նախագահ Ժաք Շիրաքը`
=== Պարգեւներ ===
1955` ֆրանսայի Հանրապետութեան «Պատուաւոր Լեգէոնի Շքանշան
1980` Հայ եկեղեցիի «Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» աստիճանի շքանշանով
2010՝ Ոսկէ Ծիրան «Փարաջանովի Մրցանակ» յետմահու
=== Մրցանակներ ===
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հանրի Վերնէօյ (անգլերէն) IMBd կայքէն
Հանրի Վերնէօյ
Հանրի Վերնէօյ
Հանրի Վերնէօյ (անգլերէն) Rotten Tomatoes կայքէնկենսագրական
Հանրի Վերնէօյ (հայ.) Հայկական Հանրագիտարանին մէջ
Հանրի Վերնէօյ (հայ.) Անուներ.com կայքէն
Հանրի Վերնէօյ (հայ.) Դասարան.am կայքէն
Հանրի Վերնէօյ(ռուս.) հայազգ հանրագիտարանէն
Հանրի Վերնէօյ (ռուս.) Kino Teatr կայքէն |
7,691 | Ֆրանսական-վրացական Յարաբերութիւններ | Ֆրանս-վրացական յարաբերութիւններ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ Ֆրանսայի եւ Վրաստանի
միջեւ։ Երկրներուն միջեւ յարաբերութիւնները հաստատուած են 21 Օգոստոս 1992-ին։ Ֆրանսա դեսպանատուն բացած է Թիֆլիսի մէջ 18 Մարտ 1993-ին , առաջին դեսպանը Պերնար Ֆասիէն եղած է: Նոյն տարուան Նոյեմբեր 20-ին Կոչա Չոկովաձէն Ֆրանսային մէջ Վրաստանի առաջին դեսպանը դառած է
== Տե՛ս նաեւ ==
Սալոմէ Զուրապիշվիլի
== Արտաքին քաղաքականութիւն ==
Ֆրանսիայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Վաստանի հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին
Ֆրանսիայի դեսպանատունը Թիֆլիսի մէջ (միայն ֆրանսերէն եւ վրացերէն)
Վրաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Ֆրանսիոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,677 | Ֆլոյտ Մէյուետըր | Ֆլոյտ Ճոյ Մէյուեզըր կրտսեր (անգլերէն՝ Floyd Joy Mayweather, Jr., ծնած որպէս` Ֆլոյդ Սինքլեր (անգլերէն՝ Floyd Sinclair) 24 Փետրուար 1977), ամերիկացի մասնագէտ բռնցքամարտիկ։ Յայտնի է իր մասնագիտական ասպարէզին մէջ անհաղթայարելի լինելու համար։ Ունի 5 տարբեր բաժանումներու մէջ աշխարհի տիտղոսներ։ 3 տարբեր քաշային կարգերու մէջ ընդհանուր յաղթած է 8 աշխարհի տիտղոսներ։
Կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան հետեւեալ հանգամաքներուն մէջ. WBC 2-րդ թեթեւքաշային (1998 - 2001), WBC թեթեւքաշային (2002-2003), WBC 1-ին կիսամիջին (2005), IBF եւ WBC կիսամիջինքաշային (համապատասխանաբար՝ 2006 եւ 2006, 2007, 2011-այժմ), WBC եւ WBA 1-ին միջինքաշային (համապատասխանաբար՝ 2007 եւ 2012-այժմ), ինչպես նաեւ «Ring» ամսագրի կողմէն 2005, 2006 եւ 2007 թուականներուն ճանչցուած է «Աշխարհի լաւագույն բռնցքամարտիկ»։ Արժանացած է նաեւ շարք մը այլ ճանաչողական մրցանակներու, մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի բռնցամարտագիրների հաւաքականը (Boxing Writers Association of America) «2007 թուականի տարուայ մարտիկ», ESPY մրցանակաբաշխութեան «լաւագոյն մարտիկ»` 2007, 2008, 2010 եւ 2012 թուականներուն։
«Ֆորպս» եւ «Սփորթս իլասթրէյթիտ» մարզական հանդէսներու վարկածներով Մէյուեզըրը կը գլխաւորէ 2012-ի աշխարհի 50 ամէնաբարձր վարձատրուող մարզիկներու ցանկը։
Սիրողական ասպարէզին մէջ 1993, 1994 եւ 1996 թուականներուն մասնակցած է «Ոսկէ ձեռնոց» մրցումներուն։ Բացի այդ՝ ներկայացրած է Միացեալ Նահանգները 1996 թուականի ամառնային ողիմպիական խաղերուն՝ յաղթելով պրոնզ մետալ եւ ընտրական 2-րդ ռաունտին 16–3 հաշուով պարտութեան մատնելով հայազգի բռնցքամարտիկ Արթիւր Գէորգեանին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,179 | Նոամ Չոմսքի | Նոամ Չոմսքի (անգլերէն՝ Avram Noam Chomsky, 7 Դեկտեմբեր 1928(1928-12-07)[…], East Oak Lane, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի լեզուաբան, պատմաբան, փիլիսոփայ, հրապարակախօս եւ դասախօս։
Ծնած է Ֆիլատելֆիա։ Չոմսկին բնութագրուած է իբրեւ «Ժամանակակից լեզուաբանութեան հայր»ը։ Ան ճանաչողական գիտութեան հիմնադիրներէն է:
Աւելի քան 100 գիրքերու հեղինակ է՝ լեզուաբանութիւն, պատերազմ, քաղաքականութիւն եւ զանգուածային լրատուութիւն: Գաղափարապէս ան Ազատական ընկերվարական է:
Ան կը հանդիսանայ նաեւ Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի (MIT), ինչպէս նաեւ Արիզոնայի համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսօր:
== Ծանօթագրութիւններ == |
16,272 | Համազգեաց Ընկերութիւն | 19րդ դարու կէսին կրթական գործին զարկ տալու նպատակով Պոլիսէն սկսեալ, գաւառներու մէջ կը հիմնուին կրթանուէր ընկերութիւններ, որոնց առաջնահերթ խնդիրը կ՚ ըլլայ հայկական գաւառներու մէջ ժամանակի պահանջներուն յարմար դպրոցներ բանալ:
Համազգեաց Ընկերութիւնը հիմնուած է 1846ին Պոլիս, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի նախաձեռնութեամբ: Ընկերութեան նպատկներն էին՝
1- Հասնիլ՝ համազգային միասնականութեան եւ միաբանութեան
2- Գիրքեր հրատարակել
3- Գիւղերու, քաղաքներու մէջ դպրոցներ հիմնել մանչերու եւ աղջիկներու համար,
4- Ազգին մէջ ծաղկեցնել երկրագործութեան արուեստը,
5- Հաւաել եւ հետազօտել հայրենի հնութիւնները, հին գիրքերը, ձեռագիր մատեաններ, հին դրամները,
6- Նիւթեր հաւաքել կենդանիներու եւ բնական պատմութեան վերաբերեալ,
7- Եւրոպական վաճառականութեան օրէնքները տարածել ազգին մէջ,
8- Զարգացնել մետաղագործութիւնը: |
7,036 | Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան | Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը անգլերէն արեւելումով Հայ Կաթողիկէ միակ կրթական հաստատութիւնն է Լիբանանի մէջ։ Ան կը գտնուի լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանի Զալքայի արուարձանին մէջ։ Վարժարանը կը բաղկանայ չորս յարկանի շէնքէ մը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից։
Վարժարանի յարկերուն տակ կը գտնուին երկու բացօթեայ եւ երկու գոց խաղադաշտեր, մարմնամարզի սրահ մը, համակարգիչի եւ գիտութիւններու տարրալուծարաններ, գրադարան եւ թատերասրահ։
== Հիմնադրութիւն ==
Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան hիմնադրուած է 1987 - 1988 տարեշրջանին։
== Առաքելութիւն ==
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի առաքելութիւնն է քրիստոնէական ոգիով դրսեւորուած բարձրորակ ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր աշակերտներուն, անոնց մէջ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքին հիմքերը, եւ սորվեցնելով անոնց ապրիլ հայօրէն եւ դառնալ յաջողակ ու պարկեշտ հայորդիներ, պարծանք բերելով իրենց ազգին ու Հայրենիքին, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով հասարակութեան արդիւնաւէտ անհատները եւ իրենց ապրած երկրին պարկեշտ քաղաքացիները։
Վարժարանիս տնօրէնութիւնը կը հաւատայ եւ, հետեւաբար, ի գործ կը դնէ Մարդկային Իրաւունքներու Համաշխարհային Հռչակագրի 26-րդ յօդուածը, որ կ'ըսէ, թէ «իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ուսում ստանալու»: Այսպիսով, տնօրէնութիւնս հաւասար առիթ կ'ընծայէ բոլոր ուսումնատենչ աշակերտներուն, անկախ անոնց պատկանելիութենէն, հպատակութենէն, հաւատքէն, ուսումնական կարողութենէն ընկերատնտեսական կարգավիճակէն, որուն համար վարժարանը տնօրինող եւ հովանաւորող կողմը խորապէս կը հաւատայ թէ, ընտանիքներուն նիւթական դժուարութիւնները որեւէ արգելք պէտք չէ հանդիսանան իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնառութեան իրաւունքին։
Կրթական մեր այս օճախը իր աշակերտները հաստատ քայլերով դէպի համալսարան կ'առաջնորդէ ակադեմական հարուստ ծրագրով մը, ուր անոնց կը շնորհուի բարձրորակ ուսում մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական նաեւ արուեստից (BP եւ BT բաժանումներով) դասարաններուն մէջ, առիթը տալով իրենց լաւագոյնս պատրաստուելու պետական քննութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուսումնական ծրագիրներուն։
== Պատմական ==
1987-1988
Հիմնադրութիւն եւ սկիզբ կրթական Ա. Տարեշրջանի (138 աշակերտ)
2002-2003
12-րդ դասարանի ընկերա-տնտեսական բաժնի բացում
2009-2010
11-րդ դասարանի գիտական բաժնի բացում
12-րդ դասարանի կենսաբանական բաժնի բացում
2009-2010
Մանկամսուրի բաժնի բացում
2010-2011
Արուեստից բաժնի բացում
2012-2013
12-րդ դասարանի ընդհանուր գիտութեանց բաժնի բացում
1/1/2013
www.sourpkhatchcollege.com կայքէջի մեկնարկ
2014-2015
468 աշակերտ
2014-2015
- 4-րդ յարկի կառուցում եւ կահաւորում
- Արուեստից բաժնի «BT3» դասարանի բացում
- Ամերիկեան Ծրագրի Բաժանմունքի բացում
- Ուսումնական Յատուկ կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու Բաժանմունքի բացում
== Ուսումնական Ծրագիր ==
Լիբանանեան, ինչպէս նաեւ շուտով Ուսումնական Ամերիկեան ծրագիրներով, Ծաղիկ դասարանէն սկսեալ, ներառեալ նաեւ արուեստից բաժանմունքը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի կրթական համակարգը աշակերտակեդրոն է եւ կը հետապնդէ աշակերտութիւնը հաստատ քայլերով համալսարան առաջնորդելու նպատակ։ Ուսումնական ծրագիրը կը նպատակադրէ աշակերտները պատրաստել յաջողութիւն ձեռք ձգելու՝ շարունակաբար փոխուող ժամանակակից աշխարհին մէջ եւ զանոնք հասցնելու բարձր դիրքերու։
Ուսումնական ծրագիրը ձեւաւորուած է աշակերտներուն առիթ ընձեռելու՝ կրթական պահանջներու չափանիշերը նուաճելու, ինչպէս նաեւ զանոնք կը մղէ կեանքի մնայուն ուսանողներ դառնալու, որոնք կ'արժեւորեն, մարդկային բազմազանութիւնն ու ամբողջականութիւնը եւ գերազանցին հասնելու ձգտումը։
Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ուսումնական ծրագիրը կը միտի հասնելու կրթական տարբեր ունակութիւններ ունեցող բոլոր աշակերտներուն։ Այս ծրագիրը մշակուած է ապահովելու համար որակեալ կրթութիւն, ուղղելու աշակերտները՝ դառնալու ստեղծագործներ, քննադատական մտածողներ, խնդիր լուծողներ, հասարակութեան մէջ մշակութային առումով գիտակից եւ ընկերային գետնի վրայ պատասխանատու անհատներ։
Մեր աշակերտներուն արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւնները թէ՛ պետական քննութիւններուն եւ թէ՛ համալսարանական կեանքէն ներս լաւագոյն ապացոյցներն են Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի յարատեւական յաջողութիւն արձանագրող եւ իր գոյութիւնը արդարացնող աւելի քան քառորդ դարեայ պատմութեան։
== Աղբիւրներ ==
http://www.sourpkhatchcollege.com/ |
3,141 | Թատրոն | Թատրոն՝ (յուն․՝ θέατρον, թարգմ. տեսարաններու վայր, տեսարան) արուեստի ճիւղ մը, որուն արտայայտման հիմնական միջոցը դերասանն է, որ թատերական տարբեր հնարքներ կիրարկելով, գործողութիւններու միջոցով հանդիսատեսին կը հասցնէ այն, ինչ որ կը կատարուի բեմին վրայ։
Իբրեւ դերասան կրնայ հանդէս գալ ինչպէս մարդը, այնպէս ալ օրինակ տիկնիկը, կամ ալ այլ առարկայ մը, զոր կը ղեկավարէ մարդը։ Թատրոնը կը նկատուի ամէնէն ազդեցիկ գործիքը, որմով կարելի է ներգործել մարդուն վրայ, քանի որ հանդիսատեսը տեսնելով բեմին վրայ կատարուածը, ինքզինք կը նոյնացնէ այս կամ այն կերպարին հետ եւ կը փորձէ ինքնասրբագրման դիմել։
Թատրոնի հիմնական անձնակազմին մաս կը կազմեն բեմադրիչը, դերասանները, դիմայարդարները, լուսաւորողները, հսկիչները, բեմանկարիչները եւ այլն։
== Թատրոնի Պատմութիւն ==
=== Հին Թատրոն ===
Թատրոնը կը յառաջանայ Տիոնիսոսին նուիրուած առասպելներու բեմադրութիւններէն։ Այդ օրերուն ընդունուած էր կտորներու 2 ոճ՝ ողբերգութիւն եւ կատակերգութիւն եւ երկուքն ալ ունէին դիցաբանական կամ պատմական բովանդակութիւն։ Բոլոր դերերը կը խաղային տղամարդիկ։ Դերասանները (սկիզբը բեմին վրայ կ'ըլլար 2 դերասան, երրորդ մը կ'աւելցնէ Սոփոկլես) հանդէս կու գային սարսափելի դիմակներով եւ տարբերակներով։ Բեմական ձեւաւորումներ չկային։ Կիներուն միշտ չէր թոյլատրուեր թատրոն յաճախել, յատկապէս կատակերգութիւններու, եւ, իբրեւ կանոն, տղամարդիկ կիներէն անջատ կը նստէին։ Հին Յունաստանի մէջ դերասանի մասնագիտութիւնը պատուաբեր կը նկատուէր, իսկ Հռոմէական Կայսրութեան մէջ՝ ամօթալի։
Էսխիլիոս, Սոֆոքլիս, Էվրիփիտիս, կը նկատուին յունական ողբերգութեան հայրերը, իսկ Արիստոֆանիս՝ կատակերգութեան հայրը։ Հռոմի մէջ նշանաւոր էին Փլաւտոսը, որ կատակերգութիւններ կը գրէր եւ Սենեքան, որ կը մշակէր Եւրիպիտեսի ստեղծագործութիւնները։
Այդ ժամանակաշրջանին նշանաւոր կտորներէն էին՝ «Շղթայուած Փրոմիթէաս»ը, «Իլեքթրա»ն, «Օրեսթիս»ը եւ «Թրիլողիա»ն, որոնք դեռ կը շարունակուին բեմադրուիլ մանաւանդ Յունաստանի մէջ։ Ամրան, Յունաստանի տարածքին բացօթեայ հին թատրոններուն մէջ ամէն տարի բազմաթիւ ներկայացումներ կ'ըլլան, ինչպէս օրինակ՝ Հին Էփիտաւրոսի, Տիոնիսոսի եւ Իրոտու Աթիքուի (Աքրոփոլի ժայռին տակ), Ողիմպիոյ եւ Էլեւսինայի թատրոնները։
Հին Յունաստանի մէջ դերասանները մարզիկներու պէս կը մրցէին իրարու հետ, եւ նկատի կ'առնուէր հանրութեան կարծիքը։ Սոֆոքլիս ոչ մէկ անգամ վերջին դիրքը կը գրաւէ այս մրցումներուն ընթացքին։
=== Միջնադարեան Թատրոն ===
Միջնադարեան թատրոնը կը ձեւաւորուի Ժ.- ԺԱ. դարերուն՝ լատինական սկզբունքներով, սակայն հինին շարունակութիւնը չի հանդիսանար։ Թատերական գործողութիւնները՝ մարմինի շարժումները, ձայնային սարքաւորումները, զգեստափոխումները կը սերուն շրջիկ դերասաններէն, կատակերգակներէն եւ ձեռնածուներէն։
Թատրոնի հնագոյն ձեւը Զատկուան տօնին բեմականացուած ծիսակատարութիւնն է (Ludus paschalis), որուն հիմքը երկխօսութիւնն էր, որ երբեմն բառացիօրէն կը կրկնէր պատարագակարգը։ Պատարագային բեմականացումներու վայր ծառայած է եկեղեցւոյ տարածքը, եւ միայն ԺԳ. դարուն է, որ այս ներկայացումները կը սկսին բեմադրել հրապարակներու վրայ։
Ս. Նիկողայոսի տօնէն ետք կը բեմադրուին ներկայացումներ, որոնք չունէին պատարագային ուղղութիւն։ Ներկայացումներուն ընդմէջէն հանդիսատեսին կը ներկայացուէր տարածուած առասպելական հերոսներու կերպարներուն հետ կապուած տարբեր իրադարձութիւններ։
ԺԳ. դարու երկրորդ կէսէն կը սկսին բեմականացնել ամէն ինչ՝ Աստուածաշնչական պատմութիւններ, «Աղուէսի Մասին Վէպը» եւ Ճիովաննի Պոկաչոյի թարգմանուած վէպերը:
== Համաշխարհային Թատրոնը ==
=== Արեւելքի Թատրոնը ===
Արեւելեան թատրոններուն մէջ (Հնդկաստանի, Ճափոնի, Չինաստանի եւ Ինտոնեզիոյ) կը պահպանուին տրամաթիկական, տիկնիկային եւ երաժշտական թատրոններու հին աւանդութիւնները։ Թատերգական գործունէութեան բոլոր ձեւերը կը շարունակուին մնալ այս երկիրներուն մշակութային աւանդութիւններուն մէջ, հակառակ որ արեւելեան թատրոններուն մէջ ձեւաւորուած են բազմաթիւ եւ բազմազան ձեւեր ու տեսակներ։ Նախ եւ առաջ անիկա ներկայացումներու իւրայատկութիւնն է։ Թատրոնը կը նախատեսուէր բոլոր անոնց համար, որոնք կը հասկնային բերնի շարժումի եւ մարմինի շարժումներու էութիւնը։ Այստեղ երեւան կու գան ծիսակատարութիւններու լեզուային առեղծուածներու առանձնայատկութիւնները։ Այս մէկը անհրաժեշտ էր դերասանին կարգավիճակ շնորհելու համար. թատերական արուեստը պատուաբեր գործ կը նկատուէր, իսկ թատերական ներկայացումը ծիսական բնոյթ կը կրէր։ Ներկայացումը կը նկատուէր աստուածներու միջեւ իւրայատուկ երկխօսութիւն։
=== Ափրիկեան Թատրոն ===
Ափրիկեան թատրոնի սկզբնակէտը կը նկատուի կենդանիներու պաշտամունքը, որ կը տարածուէր որսորդութեամբ զբաղող ափրիկեան ցեղերու շրջանին մէջ։ Անիկա կ'ուղեկցուէր պարերով, երգերով եւ հարուածային գործիքներու (թմբուկներու եւ մարիմպաներու) երաժշտութեամբ։ Այս ծիսակատարութիւնը կը կատարուէր ցեղին համար նշանակալի իրադարձութեան՝ յաջող որսի, բերքահաւաքի կամ հաշտութեան ընթացքին։
== Թատրոնի Տեսակներ ==
=== Թատերախաղ ===
Թատերախաղը արձակի իւրայատուկ տարատեսակ մըն է, որ կը ներկայացուի բեմականացումներու մէջ։ «Թատերախաղ» եզրը կը ծագի հին յունարէն «գործողութիւն» բառէն։ Թատերախաղի բեմականացումը դերասաններու կողմէ բեմին վրայ եւ հանդիսատեսին առջեւ, համատեղ արտադրանք եւ միասնական ընդունելութիւն կ'ենթադրէ։ Այդ երկուքը իրենց ազդեցութիւնը կրնան ունենալ թատերախաղի ստեղծագործութիւններու կառուցուածքին վրայ։ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Համլեթ» եւ Սոֆոքլիսի ««Իտիփուս Թիրանոս» (Իտիփուս բռնակալ Οιδίπους Τύραννος)» ողբերգութիւնները (Ք.Ա.429) գլուխ գործոցներ կը նկատուին, իսկ ժամանակակից գործերէն՝ Եուջին Օ'Նիլի 1956-ին գրուած «Երկար օրուան ուղեւորութիւնը դէպի գիշեր» (Long Day's Journey into Night):
Թատերախաղը, որ կը նկատուի ասմունքի ոճ, միշտ հակադրուած է դիւցազներգութեան եւ քնարերգութեան հետ սկսեալ Արիստոթելիսի «Ասմունք» (Ք.Ա.335) ստեղծագործութեան ժամանակներէն, որ կը նկատուի թատերական օրէնքի գործ մը։ «Թատերախաղ» անուանումը իբրեւ ներկայացման իւրայատուկ տեսակի անուն, կ'օգտագործուի ԺԹ. դարէն սկսեալ։ Թատերախաղ կը կոչուի այն ներկայացումը, որ կը տարբերի կատակերգութենէն եւ ողբերգութենէն, օրինակ՝ Էմիլ Զոլայի «Թէրէզ Ռաքէն» (1873) եւ Անտոն Չեխովի «Իւանով» (1887) ստեղծագործութիւնները։
Թատերախաղին յաճախ կ'ընկերակցին երաժշտութիւնն ու պարը. օփերայի մէջ սովորաբար թատերախաղ կ'երգեն, երաժշտախառն ֆիլմերուն մէջ առկայ են թէ՛ երգերը, թէ՛ երկխօսութիւնները։ Կան թատերախաղի որոշ տեսակներ, որոնց կ'ընկերակցի երաժշտութիւնը, որպէսզի աւելի ընդգծուի երկխօսութիւնը. անոնք երաժշտախառն թատրոններն են եւ ճափոնական նոhերը (Noh)։ Պատմութեան որոշ ժամանակաշրջանին (հին հռոմէական եւ ժամանակակից ռոմանական) որոշ թատերախաղեր կը գրուէին կարդալու համար եւ ոչ թէ խաղալու։ Յանկարծաբանական թատրոնին մէջ, թատերախաղը նախապէս գրուած չ'ըլլար, ուստի դերասանները ինքնաբերաբար կը ստեղծեն հանդիսատեսին առջեւ։
=== Երաժշտական թատրոն ===
Երաժշտութիւնը եւ թատրոնը հնագոյն ժամանակներէն ի վեր սերտօրէն կապուած են իրարու հետ, օրինակ՝ աթենքեան ողբերգութիւնը պարային թատերախաղ էր, որ կը բեմադրուէր երգչախումբի կատարումով (ներկայացման մէջ կը հնչէր ավլոս երաժշտական գործիքը, որ կը նմանի ժամանակակից քլարինեթին)։ Արդի երաժշտական թատրոնը իր մէջ կը ներառէ երաժշտութիւն, երկխօսութիւն եւ պար։ Անիկա յառաջացած է ԺԹ. դարու վերջերուն եւ Ի. դարու սկիզբներուն ծանօթ ժանրերէն՝ ծիծաղաշարժ օփերայէն (յատկապէս Ժիլպերթ եւ Սալիվան), էսթրատայինէն (թատրոն, որուն խաղացանկը բաղկացած է թատերական, երաժշտական եւ կրկէսային ժանրերու ներկայացումներէն), հեգներգերէն եւ երաժշտասրահէն։ Եդուարդեան երաժշտական կատակերգութիւններէն, Ի. դարու երաժշտութենէն եւ 1920-30-ական թուականներու կատակերգութիւններէն ետք երաժշտութիւնները ձեռք կը բերեն աւելի թատերական ուղղութիւն։ Վերջին տասնամեակներուն ծանօթ երաժշտական թատրոնէն կարելի է նշել «Իմ հրաշալի լէյտին» (1956), «Ուեսթսայտեան պատմութիւն (երաժշտական)» (1957), «Մազեր» (1967), «Մերժուածները» (1980), «Օփերայի ուրուականը» (1986)։ Երաժշտական թատրոնները, որոնք կը բեմադրուին Պրոտուէյի (Broadway theatre) եւ Ուեսթ Էնտի (West end) մէջ, շատ յաճախ ունին բազմամիլիոնանոց դրամագլուխ մը, որ թոյլ կու տայ բեմադրութեան մէջ օգտագործելու թանկարժէք հանդերձանք եւ բեմայարդարանք։
=== Կատակերգութիւն ===
Այն թատերական ներկայացումները, ուր իբրեւ պատմութիւն պատմելու միջոց կ'օգտագործուի երգիծանքը կը կոչուի կատակերգութիւն։ Անիկա կը ներառէ թէ՛ «Պոյինկ-Պոյիկ» ժամանակակից զաւեշտախաղը, թէ՛ «Ինչպէս Կ'ուզէք» դասական ներկայացումը։ Այն թատրոնը, ուր պաղ, վիճելի եւ արգիլուած նիւթերը դիտմամբ կ'արտայայտուին զաւեշտի միջոցով, կը կոչուի սեւ կատակերգութիւն (Սեւ զաւեշտ)։
=== Ողբերգութիւն ===
Ողբերգութիւնը թատերախաղի իւրայատուկ ձեւ է, որ պատմականօրէն եզակի եւ կարեւոր դեր կը խաղայ արեւելեան քաղաքակրթութեան ինքնասահմանման մէջ։ Այս ձեւը յաճախ օգտագործուած է պատմական շարունակականութեան եւ մշակութային ինքնութեան վրայ զգալի ազդեցութիւն ձգելու համար՝ ինչպէս Ռայմոնտ Ուիլիամս գրած է․ «Յոյները եւ Ելիզավետականները մէկ մշակութային ձեւի մէջ, Հելլեններն ու քրիստոնեաները ընդհանուր գործունէութեան մէջ»։ Գալով Արիստոթելիսի «Ասմունք»-ի (Ք.Ա. 335) հետքերով, ողբերգութիւնը կ'օգտագործուի ոճային տարբերակումներ ընելու համար, թէ ընդհանրապէս ասմունքային կտրուածքով (ուր ողբերգութիւնը կը բաժնուի դիւցազնականի եւ քնարականի), եւ թէ թատերախաղի կտրուածքով (ուր ողբերգութիւնը կը հակադրուի կատակերգութեան։ Ժամանակակից դարաշրջանին, ողբերգութիւնը կը հակադրուի նաեւ թատերախաղին, երաժշտախառն թատրոնին, եւ դիւցազնական թատրոններուն։
== Ծանօթագրութիւններ == |
20,177 | Սոնա Ռուբէնեան | Սոնա Ռուբէնեան (կամ Ռուբենյան, ծնած 14 Դեկտեմբեր, 1993) Հայ երկչուհի եւ երգահան է: Ան ճանչցուած է իբր առաջին դիրքը գրաւողը 5րդ Hay Superstar երգի մրցոյթին:
== Կենսագրութիւն ==
2011 թուականին, Ռուբէնեան գրաւեց Hay Superstar երգի մրցոյթի առաջնութիւնը, որ Հայկական տարբերակն է Բրիտանական Pop Idol երգի մրցոյթին: 2014 թուականին, ան ներկայացուց Հայաստանը New Wave միջազգային երգի մրցոյթին Լաթվիոյ մէջ:2016 թուականէն ի վեր, Ռուբէնեան կը գործակցի Գարիկ Պապոյեանի հետ՝ Garik & Sona անուան տակ, հրապարակելով շատ մը երգեր, ինչպէս «Լուսին», «Էսօր Ուրբաթ է», «Նինօ», եւ ուրիշներ: 2020 թուականի Նոյեմբերին, Արցախի պատերազմի ընթացքին, մաս կազմեց քաջալերական երգի արշաւի մը, անունը՝ «Մեզ Ոչինչ Չի Յաղթի», ուրիշ երգիչներու հետ, ինչպէս՝ Արթիւր Խաչենց, Իւեթա Մուկուչեան, Գոռ Սուճեան, Սրբուկ, Սեւակ Խանագեան, եւ Սեւակ Ամրոյեան:
== Անձնական կեանք ==
2015 թուականի Դեկտեմբերին Ռուբէնեան նշանուեցաւ, բայց բաժնուեցան 2016 թուականին:
== Ծանօթագրութիւններ == |
23,777 | Փաքօ Ռապան | Փաքօ Ռապան (ֆրանսերէն՝ Paco Raban, 18 Փետրուար 1934(1934-02-18)[…], Պասախես, Գիպուսկոա, Սպանիա - 3 Փետրուար 2023(2023-02-03), Ploudalmézeau, Ֆինիստեր, Ֆրանսա), սպանացի ոճաբան-ձեւագէտ։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Սպանիա։ Ընտանեօք տեղափոխուած է Ֆրանսա` քաղաքացիական պատերազմէն փախուստ տալով:
Ռապան ճարտարապետութեան ուսանող էր. աւարտելէ ետք, գործակցած է նորաձեւութեան մեծ տուներու` Տիորի, Ժիւանշիի, Պալանսիակայի հետ եւ սկսած է պայուսակներ ու այլ աքսեսուարներ ստեղծագործել: Ան յայտնի դարէր նաեւ իր օծանելիքներով։
1965-ին ան ձեռնարկած է հագուստի ձեւաւորման աշխատանքին եւ ցուցադրած է 12 ժամանակակից հանդերձանքներէ բաղկացած առաջին հաւաքածոյ մը` «The Unwearable»:
Շատ չանցած` Փաքօ Ռապանը ինքզինք պարտադրած է նորաձեւութեան աշխարհէն ներս: Անոր մետաղեայ Օղազրահ հագուստները կրած են` Ճէյն Ֆոնտան, Ֆրանսուազ Հարտին, Օտրի Հեփպըրնը եւ այլ յայտնի կիներ:
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,016 | Հայ Գիրքը Հայոց Պետականութեան Վերականգնումէն ետք | Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը (1918-1920 թթ.) քաղաքական անբարեյոյս իրավիճակի եւ գոյատեւման կարճ ժամանակահատուածի պատճառով էական հետք չէ ձգած հայկական տպագրութեան պատմութեան մեջ։
== Հայ գիրքը ՀԽՍՀ տարիներուն ==
ՀԽՍՀ տարիներուն (1920-91 թթ.) հայ գիրքի տպագրութեան գլխաւոր կեդրոնը դարձած է մայրաքաղաք Երեւանը։ 1921 թ.-ին ստեղծուած է պետական հրատարակչութիւն՝ «Հայպետհրատը», իսկ 12 Փետրուար 1921-ին կառավարութիւնը գրահրատարակչական արտադրանքի հաշուառման եւ տպագրուած նիւթերէն Հայաստանի պետական հանրային (այժմ Հայաստանի ազգային) գրադարանին եւ Հայաստանի գրապալատին (այժմ Հայաստանի ազգային գրապալատ) տրամադրելու որոշումը ընդունած է։ Ստեղծուած են շարք մը հրատարակչութիւններ՝ ԵՊՀ-ի, Երեւանի մանկավարժական հիմնարկին մէջ, ՀԽՍՀ ԳԱ-ի, «Լոյս», «Գիտելիք» ընկերութեան եւ այլն։ 1964 թ.-ին «Հայպետհրատը» վերանուանուած է «Հայաստան» հրատարակչութեան։ Որոշ ժամանակէ մը ետք անորմէ անջատուած են առանձին բաժիններ եւ դարձած ինքնիրոյն հրատարակչութիւններ՝ «Սովետական գրող», «Արեւիկ» եւ «Անահիտ»։ 1967 թ.-էն կը գործէ «Հայկական հանրագիտարանային հրատարակչությունը»։
== Հայ գիրքը 1920-ական թուականներուն ==
1920-ական թուականներէն ՀԽՍՀ-ի մէջ տպագրութիւնը եւ տպարանն անջատուած են հրատարակչութիւնէն, տպարանն այնուհետեւ դարձած է պատուեր կատարող ձեռնարկութիւն։ ՀԽՍՀ-ին գործած է 30 տպարան, որոնցմէ 14-ը՝ Երեւանի մէջ։ Խորհրդային շրջանին մէջ հրատարակուած են հայ դասականներու եւ ժամանակակից հեղինակներու գործեր, բազմահատորեակներ, տարբեր մատենաշարեր, դասագրքեր, գիտութեան, մշակոյթի, հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներու վերաբերեալ գրքեր, մեծ ծաւալի հասած են թարգմանական գրականութեան հրատարակումը, յատկապէս՝ Ռուսերէնէն։ Որոշ գրքերու տպաքանակը հասած է 20-50 հազարի։ 1974-87-ին 100 հագար տպաքանակով լոյս տեսած է «Հայկական սովետական հանրագիտարանը» (12+1 հատոր)։ Իւրաքանչիւր քաղաք եւ շրջկենդրոն ունեցած է իր թերթը, լոյս ընծայուած են նաեւ տարաբնոյթ ամսագրքեր, գրքերուն եւ պարբերութիւններուն զուգահեռ տպագրուած են նաեւ ալպոմներ, նոտաներ, քարտէսներ, օրացոյցներ, բացիկներ, ցուցապաստառներ եւ այլն։
== Թուային տուեալներ ==
1921-1986 թթ.-ին ՀԽՍՀ-ին մէջ տպագրուած է շուրջ 60 հագար անուն գիրք ու գրքոյկ, ամէն տարի լոյս տեսած են աւելի քան 1100 անուն գիրք, 166 անուն պարբերականներ, հայերէն գիրքեր, պարբերականներ տպագրուած են նաեւ խորհրդային Միութեան շարք մը քաղաքներուն մէջ՝ Մոսկուա, Լենինգրադ, Թբիլիս, Բաքու, Արմաւիր, Բաթում, Ախալքալաք եւ հայաշատ այլ վայրերուն մէջ։ ՀՀ անկախացման 1-ին տարիներուն եւ Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմի (1991-94 թթ.) հետեւանքով առաջացած տնտեսական դժվարությունների պայմաններում տպագրվող գրքերի քանակը կտրուկ պակսած է. լոյս տեսած են փոքր տպաքանակներով՝ 1994-ին՝ 224 անուն գիրք, 1999-ին՝ 577, 2000-ին՝ 670, իսկ արդէն 2009 թ.-ին՝ 2027 անուն գիրք, բայց դարձեալ փոքր տպաքանակներով՝ 500-1000 օրինակ։ Ստեղծուած են նոր հրատարակչութիւններ՝ «Ապոլլոն», «Էդիթ Պրինտ», «Վան Արեան», «Սարգիս Խաչենց», «Ամարաս» «Փրինթինֆո», «Մակմիլան Արմենիա», «Զանգակ-97», «Տիգրան Մեծ», «Լուսակն», «Մուղնի» եւ այլն։ Ներկայիս ՀՀ-ին մէջ կը գործեն շուրջ 140 հրատարակչութիւն, առանձին տպարաններ եւ գրահրատարակչային համալիրներ։ 2000-2011 թթ.-ին տպագրուած է աւելի քան 17 հազար անուն գիրք։ Քանակապէս աւելցած են բազմաբնոյթ պարբերութիւնները. 2008-2010 թթ.-ին լոյս տեսած են 176 անուն հանդէս եւ 140-էն աւելի թերթ։ Զգալի թիւ կը կազմեն գիտական եւ մասնագիտական պարբերութիւնները։
== Հայ գիրքը Միջազգային հարթակին մէջ ==
Հրատարակչային ձեւաւորման եւ որակի տեսակետէն հայկական ներկայիս տպագիր նիւթը չի զիջիր զարգացած երկիրներու արտադրանքին։ Գրքի միջազգային տոնավաճառներուն մէջ հայերէն հրատարակչութիւնները կը շահին առաջնակարգ մրցոյթներ, տարուէ-տարի կը մեծնայ արտերկրի հրատարակիչներու եւ գրավաճառներու ուշադրութիւնը հայկական տպագրանիւթի նկատմամբ։
== Երեւանը՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ==
2012 թ.-ին Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաք Երեւանը, հայ գրատպութեան 500-ամեակի կապակցութեամբ, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ն հռչակած է գիրքի 12-րդ համաշխարհային մայրաքաղաք։ Այդ տիտղոսը Երեւանին փոխանցուած է Արգենտինայի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրըսէն՝ 23 ապրիլին, տոնական հանդիսութիւններու պաշտօնական բացման ժամանակ։ Տոնակատարութեան շրջանակներուն մէջ, ի թիւս բազմաթիւ միջոցառումներու, կազմակերպուած են ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ, շնորհանդէսներ եւ այլն, Երեւանոի մէջ տեղադրուած է Գավիթ Երեւանցու «Վարք Յավերժութեան» քանդակը, որ կը խորհրդանշէ Մեծ եղեռնի տարիներուն «Մշո ճառընտիր» մագաղաթէ ձեռագիրը ոչնչացումէն փրկած հայ կանանց սխրանքը։ |
21,523 | Պելկրատի պաշարումը (1806) | Պելկրատի պաշարումը -1806 (սերպ․՝ Опсада Београда 1806)․ Սերպերու առաջին ապստամբութեան ընթացքին տեղի ունեցած կռիւ ապստամբ սերպերուն եւ օսմանցիներուն միջեւ։
== Պատմական ==
=== Պատրաստական աշխատանքներ ===
Սերպ ապստամբներուն յարձակումը Պելկրատ զգուշութեամբ ծրագրուած էր։ 1804-էն ի վեր ապստամբներու բանակը ղեկավարութեամբ Ճորճէ Փեթրովիչի (ծանօթ իբրեւ Սերպիոյ Քարաեորղի, Քարաեորղի Փեթրովիչ, ինչպէս նաեւ Սեւ Եորղոս կամ՝ Քարաեորղիս) կը գտնուէր Պելկրատի շրջանը, որպէսզի թուրքերուն դիմադրէ։ Սակայն երկու տարի ետք միայն անոնց դէմ շարժեցաւ։ 1806 Նոյեմբերին սերպ ապստամբները Պելկրատին շրջապատը իրենց դիրքերը կը գրաւեն։Պելկրատի պաշարման համար, Քարաեորղիին բանակին օգնութեան կը հասնին Սիմա Մարքովիչ, Եանքօ Քաթիչ, Մլատեն Միլովանովիչ, Միլենքօ Սթոյքովիչ, Սթանոյէ Կլավա, Վուլէ Քոլարաչ, Մաթէյա Նենատովիչ եւ Լուքա Լազարեվիչ իրենց բանակներով։ Նոյեմբերի կիսուն սերպերուն բանակը կը հաշուէ 25 000 սերպ զինուորներ եւ 40 թնդանօթներ։ Իսկ Պելկրատի պարիսպներէն ներս գտնուող թուրք զինեալները ունէին 300 թնդանօթ։ Պելկրատի պաշտպանութեան համար օսմանցիներուն կողքին կը գտնուէին նաեւ սերպ քրիստոնեաներ Պուլուպասիս Քոտայի ղեկավարութեամբ։
=== Պաշարումը ===
Բուն յարձակումը կը սկսի 30 Նոյեմբեր 1806-ին։ Սերպ պաստամբ միացեալ բանակը կը յաջողի քաղաք մտնել Սավա գետի հարաւային դարպասէն։ Թուրքերը սերպերը տեսնելով մէկ կրակոծով ահազանգ կը հնչեցնեն։
Կռիւը կը տեւէ ամբողջ իրիկունը եւ առտուան ժամը 10։00ի մօտերը, սերպ ապստաբները Պելկրատը կը գրաւեն։ Օսմանցիներու ներկայացուցիչ Սուլէյման Փաշա քաղաք կը մնայ ու 27 Դեկտեմբերին իր պահակագունդին հետ կը մեկնի։
== Պատկերասրահ ==
== Տե՛ս նաեւ ==
Իվանքովաչի կռիւը
== Աղբիւրներ ==
«The Revolt of the Serbs Against the Turks: (1804-1813)» Cambridge University Press, 16 Փետրուար 2012 - 224 էջ
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պելկրատին դարպասները(անգլերէն) |
6,981 | Համաստեղ | Համաստեղ (Համբարձում Կելէնեան) (26 Նոյեմբեր 1895, Փերչէնճ, Խարբերդի վիլայէթ - 27 Նոյեմբեր 1966, Լոս Անճելըս), սփիւռքահայ արձակագիր, սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Խարբերդի մօտ, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Ապա յաճախած է Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուցած է 1911-ին։ Տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1913-ի վերջերը, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, պանդուխտ հօրը մօտ։
1915-ին կը կորսնցնէ Հայաստան մնացած բոլոր հարազատները։
== Գրական վաստակ ==
1917-ին իր առաջին փորձերը տուած է «Հայրենիք» օրաթերթին, սակայն Համաստեղ աւելի յայտնուած է, Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ 1922-էն սկսեալ լոյս տեսած «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, ուր գիւղագիրը հոն կու տայ արձակ իր կարեւոր էջերը՝ պատմուածքները։ 1921-էն իսկ, «Հայրենիք» օրաթերթի մէջ հրատարակուած իր քանի մը պատկերներով եւ պատմուածքներով Համաստեղ իր հողին վրայ էր. իր գրականութեան նկարագիրը ամրօրէն ու վճռաբար գտած։
Մինչեւ 1955, Համաստեղ կու տայ պատմուածքներու իր անտարակուսելի որակը, որ մեր գրականութեան այսօր փոխանցուած է երկու առանձին հատորներով՝ «Գիւղը» (1924), «Անձրեւը» (1929), ինչպէս նաեւ «Քաջն Նազար եւ տասներեք պատմուածքներ» (1955)։
1931-ին «Հայրենիք» ամսագրի մէջ կը սկսի հրատարակել «Սպիտակ Ձիաւորը» վէպը, որուն երկու երրորդը լոյս տեսնելէ ետք երեք տարուան ընթացքին՝ յանկարծ կը կասի։ 1952-ին միայն կ՚աւարտէ եւ կը հրատարակէ երկու ստուար հատորներով, որոնք վիպական մեր գրականութեան մէջ Համաստեղը մօտիկ կը բերեն դիւցազնական խոյանքներէ թելադրուած գործի մը նուաճումին։ Պատմուածքներու երեք հատորներէ եւ «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպէն անկախ, կու տայ «Աղօթարան» (1957, արձակ բանաստեղծութիւն), «Այծետոմար» (1960, չափածոյ պատում) եւ «Առաջին սէր» (1966, յետ մահու հրատարակուած) գործերը, արձակ ու քերթուած։ Թերթերու եւ պարբերականներու մէջ ունի ցանուցիր էջեր։
Ան կը ճանչցուի որպէս «Մեծ Գիւղագիր»ը։ Համաստեղ ամէնէն տիրական դէմքն է պատմուածքին՝ 1920–1970 յիսնամեակի մեր գրականութեան մէջ։
Մահացած է Լոս Անճելըս։
== Երկեր ==
Գիւղը, Պոսթըն, 1924, 156 էջ:
Անձրեւ, հատ. Ա, Փարիզ, 1929, 228 էջ:
Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 1, Լոս Անճելըս, 1952, 596 էջ:
Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 2, Լոս Անճելըս, 1952, 656 էջ:
Գիւղը, Պէյրութ, 1955, 178 էջ:
Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ, Գահիրէ, 1955, 376 էջ:
Աղօթարան, Պէյրութ, 1957, 88 էջ:
Այծետոմար եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ, Գահիրէ, 1960, 220 էջ:
Պատմուածքներ եւ հեքիաթներ, ա. տ., 1963, 360 էջ:
Երկեր, հատ. Ա., Պէյրութ, 1966, 404 էջ:
Առաջին սէրը, Պէյրութ, 1966, 140 էջ:
Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 1, Թեհրան, 1982, 596 էջ:
Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 2, Թեհրան, 1982, 656 էջ:
Հայաստանի լեռներու սրնգահարը, Երեւան, 1989, 704 էջ:
Անձրեւ, Հալէպ, 1995, 269 էջ:
Գիւղը, Հալէպ, 1995, 260 էջ:
Անձրեւը, Վենետիկ, 1996, 104 էջ:
Գիւղը, Վենետիկ, 1996, 104 էջ:
Նամականի, Երեւան, 2003, 504 էջ:
Մոռացուած էջեր, հատ. Ա, Երեւան, 2005, 320 էջ:
Մոռացուած էջեր, հատ. Բ, Երեւան, 2005, 320 էջ:
Մոռացուած էջեր, հատ. Գ, Երեւան, 2005, 320 էջ:
Մոռացուած էջեր, հատ. Դ, Երեւան, 2007, 352 էջ:
Ընտիր պատմուածքներ, Պէյրութ, 2007, 197 էջ:
Հատընտիր պատմուածքներ, Պէյրութ-Երեւան, 2008, 197 էջ:
Առաջին սէրը, Պէյրութ, 2012, 160 էջ:
Պատմուածքներ, Երեւան, 2015, 200 էջ:
Սպիտակ ձիաւորը, Երեւան, 2017, 788 էջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 259:
Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 167-171:
Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան, Պէյրութ 2009, էջ 92։
== Արտաքին յղումներ ==
Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966). Բարի եւ ազնուասիրտ Հայուն իմաստուն երգիչը:
Նմոյշ մը Համաստեղի Ձեռագրէն: |
465 | 1770 թուական | 1770 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 70րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1770 ծնունդներ
Դեկտեմբեր 16` Լիւտուիկ վան Պեթհովէն (գերմաներէն՝ Ludwig van Beethoven, մ.1827), գերմանացի երաժշտահան
Անյայտ օրով՝
Գրիգոր Անանեան (մ.1865), արքունի հայ բժիշկ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1770 մահեր |
6,538 | Վրաստան | Վրաստան (վրաց.՝ საქართველო սաքարթուելօ աբխ.՝ Қырҭтәыла, ովսերէն՝ Гуырдзыстон, երկիր մը Առաջաւոր Ասիոյ մէջ, կը գտնուէ Սեւ Ծովուն արեւելեան ափին։ Վրաստանը եւ աշխարհի բոլոր պետութիւնները, Ռուսիայէն եւ քանի մը այլ պետութիւններէն բացի, շարք մը տարածքներ կը համարեն գրաւուած եւ Վրաստանի կազմի մէջ մտնող։ Անոնք են՝ Ափխազիան եւ Հարաւային Ովսիան, որոնք Ռուսիոյ եւ քանի մը այլ պետութիւններու կողմէ ճանչցուած են որպէս անկախ պետութիւններ։ Վրացական իշխանութիւններու կողմէ վերահսկուող տարածքը արեւմուտքի մէջ սահմանակից է Ափխազիոյ, իսկ հիւսիսին՝ Հարաւային Ովսիոյ։ Ինչպէս նաեւ հիւսիսին սահմանակից է Ռուսիոյ, հարաւին՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, հարաւ-արեւելքին՝ Ազրպէյճանին։ Վրաստանը միջերկրամասային երկիր է, կը գտնուի Ասիոյ մէջ, մասամբ՝ Եւրոպայի մէջ։
1999-ի 27 Ապրիլին Վրաստանը դարձաւ Եւրախորհուրդին անդամ։
Խոշոր քաղաքներն են Քութայիսը, Ռուսթաւին, Պաթումը, Սուխումը։ Մայրաքաղաքը եւ ամենէ խոշոր քաղաքն է Թիփղիսը։
== Պատմութիւն ==
=== Զարգացած Միջնադար ===
Մինչեւ Թ դարը վրացիները հայերու եւ աղւաններու հետ համատեղ պայքարած են Վրաստանը տիրած արաբ նուաճողներու դէմ։ Վրաստանը Հայաստանի եւ Աղւանքի հետ միասին կը մտնէր Արմինիա կուսակալութեան մէջ։ աւելի ուշ Վրաստանը ազատագրուած է նաեւ Բիւզանդիայէն ունեցած կախումէ։ Ը դարու վերջը եւ Թ դարու սկիզբը ներկայիս Վրաստանի տարածքին մէջ ձեւավորուած են աւատատիրական խոշոր իշխանութիւններ՝ Կախէթ, Հերէթ, Ապխազիա)։ Ապխազիոյ Լէոն Բ իշխանը ամբողջ Արեւմտեան Վրաստանը միավորած է Էկրիս-Ապխազական թագաւորութեան մեջ (մայրաքաղաքը՝ Քութայիս)։
Ժ դարու երկրորդ կէսը եւ ԺԱ դարու սկիզբը ձեւավորւած է միասնական աւատատիրական պետութիւն մը՝ Վրաց Բագրատունիներու ներկայացուցիչ Բագրատ Գ թագաւորի (975-1014) գլխաւորութեամբ։ Վրաց թագաւորութիւնը տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական առաւելագոյն հզօրութեան հասած է ԺԲ-ԺԳ դարերը։ ԺԲ դարու առաջին քառորդը, Դաւիթ Շինարար թագաւորի օրոք (1089-1125) սելջուկական թուրքերու տիրապետութիւնը թօթափած Վրաստանը դարձած է Առաջաւոր Արեւելքի հզօր տէրութիւններէն մին։
Վրաց թագաւորությունը հզօրութեան գագաթնակետը կը հասնէ Թամար թագուհիի իշխանութեան տարիները (1184-1213)։
ԺԳ դարու երկրորդ քառորդը Վրաստանը զավթած են մոնկոլ-թաթարներ։ ԺԴ դարու վերջը երկիրն ասպատակած են Լէնկ Թէմուրի հրոսակները։ ԺԵ դարու վերջը աւատատիրական երկպառակութիւններու հետեւանքով Վրաստանը բաժանւած է անկախ թագաւորություններու՝ Քարթլի, Իմերեթի, Կախեթի։
=== Վրաստանը Ռուսական Կայսրութեան Կազմին Ներսը ===
1783-ին Ռուսիան եւ Արեւելեան Վրաստանի թագաւորութիւնը կնքեցին Կէօրկիեւսքի պայմանագիրը: Պայմանագիրին դրոյթներու համաձայն կը մերժուէր Վրաստանի կախուածութիւնը Պարսկաստանէ կամ այլ ուժերէ եւ ամեն նոր թագաւոր պիտի թագադրուէր Ռուսիոյ ցարի հաստատումով։
1795-ին Պարսկաստանի քաջարներու զօրքերը ներխուժեցին Թփղիս, աւերեցին եւ հրդեհեցին եւ սրի քաշեցին անոր բնակիչները։1800 Դեկտեմբեր 22-ին Ռուսիոյ ցար Փաւել Ա-ի հրամանագրով Վրաստանը մտցուեցաւ Ռուսական կայսրութեան կազմի մէջ։
Ռուս-պարսկական պատերազմին (1804-1813) 1805 թուականի ամառուան ռուսական զօրքերը Զագամի մօտ յաղթեցան պարսիկներու բանակը եւ անոնցմէ պաշտպանեցին Թփղիսը նօրէն նուաճելէ։ Արեւելեան Վրաստանի վերայ Ռուսիոյ խնամակալութիւնը վերջնականապես հաստատուեցաւ 1913-ին կնքուած Կուլիստանի պայմանագիրով։
Արեւելեան Վրաստանի գրաւումէն ետք Ալէքսանտր Ա ցարի կողմէ գրաւուեցաւ նաեւ Վրաստանի Իմերեթի թագաւորութիւնը։ Իմերեթի վերջին թագաւոր եւ վրաց Բագրատունիներու վերջին տիրակալ Սողոմոն Բ-ն աքսորուեցաւ եւ հոն վախճանուեցաւ 1815-ին։ 1803-էն մինչեւ 1878-ը քանի մը ռուսական պատերազմներու ընթացքին, սա անգամը՝ օսմանեան Թուրքիոյ դէմ, վերանուաճուեցան Վրաստանի կարգ մը կորսուած տարածքներ, ինչպէս Աճարիան եւ նոյնպէս մտցուեցան կայսրութեան կազմի մէջ։ Կուրիան եւ Մինկրելիան կայսրութեանը միացան 1857-ին, Սուանեթը՝ 1857-1859-ին։
1918-ին Վրաստանը հռչակեցաւ անկախութիւն, որը երկար չը տեւեցաւ:
1921 թուականի Փետրուարին Վրաստան մուտք գործեցաւ Կարմիր Բանակը։ Վրաստանի բանակը պարտուեցաւ եւ անկախ երկիրին կառավարութիւնը հեռացաւ երկիրէն։ Փետրուար 25-ին Կարմիր Բանակը մտաւ Թիֆլիս եւ նշանակեցաւ համայնավարական կառավարութիւնը պօլշեւիք Փիլիփ Մախարածէի գլխավորութեամբ։
Վրաստանի պօլշեւիքներու նշանաւոր դէմքերէն եղած է Իօսէփ Սթալինը, որուն անունն էր Եոսեպ Ճուղաշուիլի (იოსებ ბესარიონის ძე ჯუღაშვილი), հետագային դարձաւ Խորհուրդային Միութեան ղեկավարը 1922 ապրիլ 3-էն մինչեւ 1953 Մարտ 5-ին իր մահանալը։
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Կարմիր Բանակի կազմը մօտ 700 000 վրաստանցիներ կռուած են նազիսթական Գերմանիոյ դէմ, որոնցմէ կէսը զոհուեցան Արեւելեան Ճակատի մարտի դաշտերը։
== Անկախ Պետականութեան Վերականգնումը ==
1989 թուականի Ապրիլ 9-ին Թիֆլիսի կենտրոնը տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցը աւարտուեցաւ Խորհուրդային զօրքերու կողմէ քանի մը մարդու սպանութիւնով։ 1990 թուականի խորհրդարանի ընտրութիւնները յաղթեցաւ նախկին այլախոհներ Մէրապ Քոսթավայի եւ Զուիատ Կամսախուրտիայի Կլոր Սեղան-Ազատ Վրաստան ընդդիմադիր միավորումը՝ ստանալով 250 տեղերէն 155-ը։
1991 Մարտ 31-ին կայացաւ Վրաստանի պետական անկախութեան վերականգնման հանրաքուէ, մասնակցեցան ընտրողներու 90.5 %-ը, որոնցմէ 98.93 %-ը քուէարկեցան կողմ։ Ապրիլ 9-ին Գերագոյն Խորհուրդը ընդունեցաւ Վրաստանի անկախութեան վերականգնման որոշում։ Նոյն օրը ԱՄՆ քոնկրեսը ճանաչեցաւ Մարտի 31-ի հանրաքուէի իրաւասութիւնը, որ տէ-ֆաքտօ կը հանդիսանայ ԽՍՀՄ-էն անկախութեան ճանաչում։
ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք քանի մը զինուած հակամարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուեցան Թիֆլիսին վերահսկողութենէ դուրս երկու կազմաւորումներ՝ Ապխազիան եւ Հարաւային Ովսիան։
=== Ռազմական Յեղաշրջում ===
1991 Մայիս 26-ին կայացան առաջին նախագահական ընտրութիւնները, յաղթեցաւ Զուիատ Կամսախուրտիան։ Դեկտեմբեր 22-ին Թենկիզ Քիթովանիի գլխաւորած Ազգային Կուարտիան Ճապա Իոսելիանիի «Մխետրիոնի» զինուած կազմաւորումի օգնութեամբ բարձրացրեցաւ զինուած ապստամբութիւն եւ Զուիատ Կամսախուրտիան ստիպուած եղավ լքել երկիրը։ Սկիզբը ան մտաւ Հայաստան, ապա՝ Չեչնիա։
1992 թուականի Մարտին ընդդիմութեան ստեղծած Վրաստանի Պետական Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ ԽՍՀՄ նախկին Արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէն։
1993 Սեպտեմբեր 24-ին Զուիատ Կամսախուրտիան վերադարձավ Զուկտիտի եւ նօրէն փորձ ըրաւ գալ իշխանութեան, սկսելով կարճ, սակայն՝ կատաղի քաղաքացիական պատերազմ մը։ Շեւարտնածէն ստիպուած եղաւ օգնութեան կանչելու ռուսական զօրքերը։ Կամսախուրտիան սպաննուեցաւ չպարզուած հանգամանքները։ Ռուսիոյ զինուորական օգնութեան դիմաց Վրաստանը տուաւ ԱՊՀ-ն միանալու համաձայնութիւն։
==== Վարդերու Յեղափոխութիւն ====
Կեանքի պայմաններու վատացումը, անարդարութեան բարձր մակարդակը, նաեւ 2003-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու կեղծումը հանգեցրեցան յեղափոխութեան ու Նոյեմբերի 23-ին Շեւարտնածէի հրաժարականին։ Իշխանութեան գլուխ անցաւ Միխէիլ Սաաքաշուիլին.
== Զինուած Ոյժեր ==
Վրաստանի զինուած ուժերու կազմը կը մտնին ցամաքային զօրքերը, յատուկ նշանակութեան ոյժերը, օդոյժերը, ազգային կուարտիան եւ ռազմական ոստիկանութիւնը։
2009-ի դրութեամբ Վրաստանի ԶՈՒ քանակը կը կազմէ 36 553 մարդ, այդ թիւը՝ 21 կեներալ, 6166 սպայ եւ ենթասպայ։Պաշտպանութեան Նախարարութեան 2016-ի պիւտճէն կազմած է 600 մլն. լարի (2010-ին 750 մլն. եղած է, 2009-ին՝ 897 մլն., 2008-ին՝ 1.545 մլր)
== Անուն ==
Օտար լեզուներով կը գործածուէն քանի մը տարբերակներ՝ արեւմտեան եւրոպական լեզուներով՝ որպէս սուրբ Կէօրկիի երկիր։ Գերմաներէն, շուետերէն՝ Georgien: Անգլերէն Georgia անունը քիչ մը դժուարութեան կը հանդիպէ ԱՄՆ Ճօրճիա նահանգի անունին նման ըլլալու պատճառաւ: Շփոթեն խուսափելու համար փակագիծերուն ներսը կը նշուի երկիր՝ Georgia (country)։ Մինչեւ անկախութիւն ստանալը Վրաստանի գերմաներէն անուանումը Gruzien եղած է, ներկայիս կը կոչուէ՝ Georgien:
Ռուսերէնի մէջ ընդունուած է Грузия [կրուզիեա] ձեւը, կըսուի, որ ան պարսկերէն «կուրկէն» բառէն է, այսինքն՝ «գայլին ձագերու երկիր»: Նման ձեւով կը գրեն Ուքրաներէն՝ Грузiя : Ռուսերէնէ վերցրած են անունի քաթաքանա գիրերով ճաբօներէն տարբերակը՝ グルジア [քուրուսիա], նաեւ՝ Ռուսիոյ յարակից այլ լեզուներով՝ լիթուաներէն, լաթվիերէն, քրուաթերէն՝ Gruzija: Թուրքերէն Gürcistan [կիւրճիսթան] ձեւը ունէ նոյն ծագումը։
==== Անունը Աստղագիտութեան Մէջ ====
1914 թուականի Յունուար 25-ին ռուս աստղագէտ Կրիկօրիյ Նէույմինը (Григорий Неуймин) իր յայտնաբերած երեք աստղանմաններէն երկուքի անունները կոչած է Հայաստանի եւ Վրաստանի պատիւներուն՝ Արմենիա (780 Armenia) եւ Քարթուելիա (781 Kartvelia):
== Տնտեսութիւն ==
Ետխորհուրդային այլ երկիրներու նմանութեամբ Վրաստանի տնտեսութիւնը շատ թոյլ վիճակը կը գտնուի։
== Դրամական միաւորը ==
Դրամի միաւորի անունն է լարի (Վրաստանի հայերը կըսեն՝ լար), մտցուած է Էտուարտ Շեւարտնածէին օրոք՝ 1995 թուականին։
Պատկերանիշը ըստ ISO 4217-ի՝ GEL, կրաֆիկական պատկերանիշը՝
== Կառավարման Համակարգը ==
Վրաստանը խորհրդարանային ժողովրդավարական երկիր է։ Խորհրդարանը կը հանդիսանայ բարձրագոյն օրենսդիր մարմին, կազմուած է 150 պատգամաւորներէ։ Պատգամաւորները կը ընտրուին չորս տարի ժամկէտով, 77-ը՝ ցուցակներով, 73-ը՝ մեծամասնական։ Վերջին ընտրութիւնները 2012 Հոկտեմբեր 21-ին տեղի ունեցած են։
2013-էն խորհրդարանը կը գտնուէ Քութաիս քաղաքը, Ապաշիծէ, 26 հասցէն։
==== Քաղաքական Կուսակցութիւններ ====
Իշխող կուսակցութիւնը կը հանդիսանայ Վրացական երազանք-Տեմոքրաթական Վրաստանը։
== Ժողովրդագրութիւն ==
Վրաստանի բնակչութիւնը 2015 Յուլիսի դրութեամբ կազմած է 4 931 226 (122րդը՝ աշխարհին մէջ)։ Ազգային կազմը. վրացիներ՝ 83.8%, ազրպէյճանցիներ՝ 6.5%, հայեր՝ 5.7%, ռուսեր՝ 1.5%, այլք՝ 2.5% (2002)։ 2015-ի գնահատականներով բնակչութեան աճը կազմած է -0.08 %, ծնունդները կազմած են 12.74 ծն./1000 հոգի, մահերը՝ 10.82 ծն./1000 հոգի։ Կանանց ծննդաբերութեան միջին տարիքը 24 տարեկանն է։ Կանանց կեանքի միջին տեւողութիւնը 80.36 տարի է, տղամարդերունը՝ 71.65:
== Աշխարհագրութիւն ==
Վրաստանը կը գտնուէ Հարաւային Կովկասի կեդրոնը եւ արեւմուտքը, 41-րդ եւ 44-րդ հիւսիսային լայնութիւններու եւ 40-րդ եւ 47-րդ արեւելեան երկայնութիւններու միջեւ։ Ունէ բազմազան բնական պայմաններ եւ հարուստ կենդանական եւ բուսական աշխարհ։ Մակերեսը 69 700 քառ. ք.մ. է, Սեւ ծովի առափնեան կը ձգուէ 308 ք.մ., չունէ կտրտուածքներ, թերակղզիներէ եւ կղզիներէ զուրկ է, որուն հետեւանքով նաւագնացութիւնը չէ զարգացած։
Վրաստանը խիստ լեռնային երկիր մըն է, հիւսիսը կը զբաղեցնէ Կովկասեան Մեծ Լեռնաշարը։ Լեռների միջով Ռուսիոյ հետ կապող գլխաւոր ճանապարհը կ'անցնէ Րոքի թունելի միջով, որ կը կապէ Շիտա Քարթլին Հյուսիսային Ովսիային հետ։ Լիխիի լեռնաշարը երկիրը կը բաժնէ արեւելեան եւ արեւմտեան կէսերու։ Պատմականորեն, Վրաստանի արեւմտեան մասը յայտնի եղած է որպէս Քոլխիտա (Կողքիս), միեւնոյն ատենը արեւելեան սարահարթը կը կոչուէր Իպերիա։ Լեռները նաեւ կը մեկուսացնէն հիւսիսը գտնուող Սուանէթը Վրաստանի մնացած մասէն։ Ռոքի թունելը ռուսական զինոյժի համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է 2008 թուականի Հարաւ-Ովսական պատերազմի ատենը, քանի որ միակ ուղիղ ճանապարհը եղած էր Կովկասի լեռներու միջով։
Վրաստանի ամենէ բարձր լեռը Շխարա գագաթն է, բարձրութիւնը՝ 5068 մ. ծովի մակարդակէն։
== Մարզական ==
Զարգացած մարզաձեւերէն են՝ ճուտօն, րըքպին։
Վրաստանի րըքպիի ազգային հաւաքականը 2015 նոյեմբեր 16-ի դրութեամբ աշխարհը 15րդ վարկանիշը ունեցած է։ Մասնակցած է 2015 թուականի աշխարհի առաջնութեանը, որպէս վերին 16-ի խումբ։
Զարգացած խաղային մարզաձեւերէն է նաեւ պասքըթբոլը։
Վրաստանի հաւաքականը 2011-էն ի վեր կը մասնակցէ Եւրոպայի առաջնութիւնը։ Կարգ մը մարզիկներ մասնակցած էն NBA-ի մրցաշարերը՝ Նիքոլոզ Ցքիթիշուիլի, Թորնիքէ Շենկելիա։ Ներկայիս հոն կը խաղայ Ճէյք Ծաքալիդիսը։
Անկախութեան տարիները Վրաստանի մարզիկները նււաճած են վեց ողիւմպիական ոսկեայ մէտալ՝
2004-ի Աթէնքի խաղերը ողիւմպիական ախոյեան դարձած են ծանրաբարձ Կիօրկի Ասանիծէն եւ ճոտօյէն՝ Զուրապ Զուիատաուրին
2008-ի Պէյճինի խաղերը ախոյեան դարձած են երեք վրացիներ՝ ըմբշամարտիկներ Մանուչար Քուիրքուէլիան եւ Րեւազ Մինտրաշուիլին եւ ճուտօիստ Իրաքլի Ցիրեքիծէն
2012-ի Լօնտոնի խաղերը ճուտօյի ախոյեան դարձած է Լաշա Շավտաթուաշուիլին։
== Խոհանոց ==
Վրաստանն ունէ բազմազան եւ հարուստ խոհանոց։ Ազգային կերակուրներու ցանկը կը թուի թէ անվերջ է, եւ ատիկա ճշմարտութենէ հեռու չէ։ Խինքալի, խաճապուրիի տարատեսակներ, խարչօ ապուր, փիթի, սացիվի կերակրատեսակներու անունները վաղուց արդեն յայտնի դարձած են Վրաստանի սահմաններէն դուրս։ Վրացական խոհանոցը բնորոշ է ստեղծագործական վերաբերմունքը, համեմունքների առատութիւնը, մատուցելու արարողակարգերը, որոնք ան կը դարձնեն իւրահատուկ եւ գրաւիչ։ Կերակրացանկերը կը լրացնեն բազմապիսի սոուսները՝ աճիքա, թղեմալի եւ այլն։
== Կենդանական Աշխարհ ==
Վրաստանն ունէ շատ հարուստ բնութիւն, անտառածածկոյթը կը կազմէ երկիրին բնապատկերներու անբաժան մասը՝ 37%: Բազմապիսի կենդանիներ կը բնակին հոն, որոնցմէ խոշորները՝ արջ, աղուէս, ազնիւ եղջերու, վարազ, այծեամ։
Ոչնչացումի եզրը կը գտնուի հովազը։ Կը համարուէր, որ ան վերացած է Վրաստանի մէջ, սակայն վերջերս տեսած են քանի մը հատ։ Նոյնն վիճակն է շերտաւոր բորենիի պարագային։
== Տօնական օրերը ==
Նօր Տարի ახალი წელი՝ Յունուար 1-ին
Սուրբ Ծնունդქრისტეშობა՝ Յունուար 7-ին
Մկրտութիւն ნათლისღება՝ Յունուար 19-ին
Մօր Օր დედის დღე՝ Մարտ 3-ին, պետական տօն է յայտարարուած 1991-ին Զուիատ Կամսախուրտիոյ կողմէ։
Կանանց Միջազգային օր ქალთა საერთაშორისო დღე՝ Մարտ 8-ին
Ազգային Միասնութեան Օր ეროვნული ერთიანობის დღე՝ Ապրիլ 9-ին, ազգային տօն է յայտարաուած 1989 Թիֆլիսի իրադարձութիւններէ ետք
Սիրոյ Օր სიყვარულის დღე՝ Ապրիլ 15-ին
Շարժական տօներ՝ Կարմիր Ուրբաթ, Աւագ Շաբաթ, Զատիկ წითელი პარასკევი, დიდი შაბათი, ბრწინვალე აღდგომა
Յաղթանակի Օր ფაშიზმზე გამარჯვების დღე՝ Մայիս 9-ին
Անդրէաս Առաքեալի Օր წმინდა მოციქულის ანდრია პირველწოდებულის საქართველოში შემოსვლის დღე՝ Մայիս 12-ին
Անկախութեան Օր დამოუკიდებლობის დღე՝ Մայիս 28-ին
Կերկէթոպայ გერგეთობა՝ Յուլիս 16-ին
Մարիամոպայ მარიამობა՝ Աւգոստոս 28-ին
Սուէթիցխովլոպայ სვეტიცხოვლობა
Կիօրկոպայ გიორგობა՝ Նոյեմբեր 23-ին, Սբ. Գէորգի օր, որ երկիրին հովանաւորը կը համարուի
== Վրաստանի մէջ գտնւող ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրերը ==
Մցխէթի պատմական յուշարձանները 708 (1994)
Բագրատի տաճարը եւ Կելաթի վանքը Քութաիսը, Իմերէթ 710 (1994)
Վերին Սւանեթի լեռնային գիւղերը 709 (1996)
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Վրաստանի Կառավարությունը
Վրաստանի Ազգային Ժողովը
Կրթության պորտալ ոչ վրացալեզու դպրոցների համար
«Վրաստան» հասարակական-քաղաքական թերթ
Հարավային Դարպաս - Վրաստանի հայ համայնքի թերթը
Ջավախքի տեղեկատվական կայք
Վրաստանի մասին հայկական հանրագիտարանում
Վրաստանի մասին այցելուների համար |
4,119 | ՀՄԸՄ-ական Ապրիլեան նահատակ Մարզիկներ | Գալուստ Արախեան։նշանաւոր մարզիկ եւ ֆութպոլիստ։Կազմածէ վոսփորի Արտաւազդ խումբի կէտիկ Փաշայի մասնաճիւղը։Նահատակուածէ 1915-ին Տէր Զօրի մէջ։
ԱՒԵՏԻՍ ԱՅՃԵԱՆ։ Զարգացած եւ ուսեալ երիտասարդ մը, որ սատարած էր Խարբերդի մարզական շարժման եւ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած էր Տորք մարմնակրթական միութեան: Նահատակուած է 1915-ին, տեղահանութեան ժամանակ։
ՎԱՐԴԵՎԱՌ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ։ Տարսոնի Ամերիկեան քոլէճի բարձրագոյն կարգի ուսանողներէն եւ նոյն ուսումնարանի մարզական ոգին: Հայ մարմնակրթական աշխարհին մէջ կարեւոր դերակատար: Վարդեվառ, աքսորուած եւ նահատակուած է Տէր Զօրի մէջ:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՆՇԱՆԵԱՆ։ Հիմնադիր Մագրի գիւղի «Սասուն» մարմնամարզական միութեան: Իր շնորհիւ «Սասուն» միութիւնը 1914-ի Պոլսոյ միջազգային լիկի մէջ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած էր:Նահատակուած է 1915 -ին։
== Աղբիւրներ ==
«Մարզիկ» ԱմսաթերթԱ․տարի,թիւ 3 |
23,071 | Սինիքիա | Սինիքիա․ Ատիկէի հին տեղական տօն, ի պատիւ Թիսէասին եւ Աթինա աստուածուհիին։
== Հակիրճ տեղեկութիւններ ==
Ըստ Թուքիտիտիսին, Թիսէաս այդ թագաւորն է որ կը հաստատէ Աթէնքի մեծութիւնը միացնելով Ատիկէի բնակավայրերը եւ խաղաղութիւն կը տիրէ շրջանին մէջ։ Իրմէ առաջ, բնակավայրերը շարունակ վէճի մէջ էին։
Պլուտարքոս իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ 16 Էքաթոմվէոնային կը տօնուէր «Մեթիքիա» տօնը (Սինիքիա) եւ թէ զոհաբերութիւն կը կատարուէր։
== Տօնակատարութիւն ==
Սինիքիա (կամ Սինիքեսիա), կը տօնուէր 16 Էքաթոմվէոնային Աքրոփոլիսին հիւսիսային մասը, հոն ուր հին «Փրիթանիօ»ն (Πρυτανείο Երիցարան) կը գտնուէր։
Տօնին ընթացքին կը պատուէին Աթինա աստուածուհին։ Շքերթ կը կատարուէր հին Փրիթանիոյէն մինչեւ Փանտրոսիօ՝ Էրեհթիոյի (կամ Էրէխթիօ, տե՛ս ) շրջափակը։ Խաղաղութեան աստուածուհիին (Իրինի Ειρήνη) համար կով մը կը զոհէին։ Նաեւ՝
Հանդէս մը կ՛ըլլար ի պատիւ Թիսէասին կողմէ հաստատուած Աթէնքի քաղաքացիներու բաժանումը 3 դասակարգերու․ ազնուականներու, հողատէրերու եւ ստեղծագործներու (շինականներ եւ արհեստագործներ)։
Կը նշուէր Ատիկէի 12 բնակավայրերուն անունները, որ Թիսէաս միացուց եւ Աթէնքը մայրաքաղաք դարձուց։
«Փրիթանիօ»ն կը նշուէր իբրեւ Ատիկէի վարչական սպասարկութիւնը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,069 | Էրմիթաժ (Ս․ Փեթերսպուրկ) | Էրմիթաժ կամ Պետական Էրմիթաժ (ռուսերէն Госуда́рственный Эрмита́ж) (ֆրանսերէն hermitage — մենատուն, ճգնարան) Ռուսաստանի ամենամեծ եւ աշխարհի նշանակալի թանգարաններէն մէկը։
Ստեղծուած է Ռուսաստանի Եկատերինա Բ. թագուհիին անձնական աուեստի հաւաքածուի համար, իսկ 1852 թուականէն՝ հասարական այցելութիւններու համար։ Այժմեան Էրմիթաժ կը բաղկանայ 6 շէնքերէ, որոնք կը գտնուին գետի երկայնքով։ Էրմիթաժի կարեւորագոյն հանգոյցը Ձմեռային պալատն է։ Էրմիթաժի պատմութեան ընթացքին՝ մէկ ու կէս դար, հաւաքուած են շուրջ երեք միլիոն ցուցանմուշներ, որոնցմէ մշտական ցուցադրման կը ներկայացուին շուրջ 60 հազարը։
Էրմիթաժի բազմազան հաւաքածուն կ՛ընդգրկէ ցուցանմուշներ՝ քարէ դարէն մինչեւ մեր օրերը, իսկ դասական եւրոպական արուեստի հաւվաքածուով ՝ Փարիզի Լուվր եւ Մատրիտի Փրատօ թանգարաններու հետ մէկտեղ կը համարուի աշխարհի լաւագոյններէն։ Էրմիթաժի մէջ կը ցուցադրուին Լէոնարտօ տա Վինչիին երկու կտաւ եւ [[Միքելանճելօ]|Միքելանճելո]]յի մէկ քանդակ։ Թանգարանն ունի շուրջ 2500 աշխատակից։ Էրմիթաժը կարեւորագոյն մասն է Ս․ Փեթերսպուրկի կեդրոնական մասը, որ Ներառուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի մէջ։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Էրմիէաժի պաշտօնական կայք |
23,369 | Բարեկամութեան Կամար Ռազմավիրական Ճանապարհին | Բարեկամութեան կամար ռազմավիրական ճանապարհին (վրաց. ხალხთა მეგობრობის თაღი), 20-րդ դարու ճարտարապետական յուշարձան։
== Նկարագրութիւն ==
Գտնուելով Վրաստանի ռազմավիրական ճանապարհին՝ Կուտաուրի լեռնադահուկային հանգստավայրի եւ Խաչի լեռնանցքի միջեւ, յուշարձանը մեծ կիսաշրջանաձեւ քարէ-պեթոնէ կառոյց է, որ կը նայի Կովկասեան լեռներու մէջ գտնուող «Սատանայի հովտին»։ Յուշարձանի ամբողջ ներքին մակերեսը կը զարդարէ նկարիչներ Զուրապ Կապանաձեի, Զուրապ Լեժաւայի եւ Նոտար Մալազոնիայի խճանկարային մեծ որմնանկարը, որ կը պատկերէ վրացական եւ ռուսական պատմութեան տեսարաններ, վրացերէն եւ ռուսերէն թարգմանութեամբ ներկայացուած են նաեւ Ռուսթաւելիի խօսքերը՝ «Հաւատարիմ ընկերը կ՚օգնէ ընկերոջը։ Ան չի վախնար դժուարութիւններէն։ Ան իր սիրտը կու տայ սրտի փոխարէն։ Իսկ սէրը աստղ է ճանապարհին»։ Յուշարձանի նախագծի հեղինակը ճարտարապետ Գէորգի Չախաւան է։
== Պատմութիւն ==
Յուշարձանը կանգնեցուած է 1983 թուականին՝ ի պատիւ 1783 թուականի Գէորգիեւեան դաշնագրի երկու հարիւրամեակի եւ Խորհրդային Վրաստանի ու Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ շարունակուող բարեկամութեան։ 2017-ին կամարը վերականգնած է Saxon ընկերութիւնը։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,552 | Լուով | Լուով (ուքր.՝ Львів), Ուքրանիոյ մէջ շրջանային իշխանութեան ենթակայ քաղաք, Լուովի մարզի կեդրոնն է։ Երկրի ազգամշակութային եւ գիտական, խոշոր արդիւնաբերական եւ փոխադրամիջոցի կեդրոն։ Կը համարուի Կալիցիոյ եւ Արեւմտեան Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը։ Բնակչութիւնը՝ 724 314 մարդ (1 Յունուար 2020)։
== Բնակչութիւն ==
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,435 | Ալ-Այն | Ալ-Այն (արաբ. العين, "աղբիւր") - բնակչութեամբ 4-րդ քաղաքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։ Կը գտնուի Ապու Տապիի Էմիրութեան մէջ, մայրաքաղաքէն 148 քմ. դէպի արեւելք, Օմանի սահմանին վրայ, Պուրէյմի ովասիսի շրջանին մէջ։ ԱՄԷ-ու միակ մեծ քաղաքն է, որ կը գտնուի ծովէն բաւական հեռու։ Ըստ 2005-ի տուեալներուն, բնակչութեան թիւը 422.000 է։ ԱՄԷ-ու 4-րդ, իսկ Ապու Տապիի Էմիրութեան 2-րդ քաղաքն է։ Ալ-Այնի մէջ ծնած է երկրին առաջին նախագահ եւ Ապու Տապիի ղեկավար Շէյխ Զայիտ իպն Սուլթանը։ Քաղաքին գեղատեսիլ վայրերուն կը պատկանին կենդանաբանական այգին, «Fun City»-ին, պատմական թանգարանները, բազմաթիւ այգիներ, հանգիստի գօտիներ, ներառեալ Ժապալ Հաֆիզ սարը, որու ստորոտին տեղակայուած են հանքային ջուրերու աղբիւրներ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,930 | Մեր Ուղին | «Մեր ՈՒղին», քաղաքական, հասարակական, գրական երկօրեայ թերթ։ Լոյս տեսած է 1931-1932-ին, Փարիզի մէջ։ Կը համարուի «Երեւան» (1925—1930-ին, Փարիզ) թերթի շարունակութիւնը։ Ունեցած է խմբագրական կազմ (Գ. Թահմագեան, Զ․ Եսայեան եւ ուրիշներ)։ Անվերապահօրէն կանգնած է Խորհրդային Հայաստանի բարեկամներու դիրքերուն մէջ, սերտ կապ պահպանած հայրենիքի հետ։ Գովազդած է սոցիալիստական յեղափոխութեան, բանուոր դասակարգի պայքարի գաղափարները ֆրանսահայ աշխատաւորութեան շրջանին մէջ, կոչ ըրած ֆրանսացի բանուորներու հետ համատեղ ելոյթներու՝ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, հակադրուած դաշնակցական մամուլի հակախորհրդային գործունեութեան։ Անդրադարձած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Գրական բաժինը ներկայացուցած է Ա. Իսահակեանի, Վ․ Ալազանի, Գ․ Մահարիի, Վ․ Թոթովենցի, նաեւ համաշխարհային գրականութեան (Մ․ Դորկի, Պ․ Շոու, Ռ․ Ռոլան) նմուշներ։ «Մեր Ուղին» նախորդած է «Դարբնոց» եւ «Արշաւ» թերթերուն (երկուքն ալ՝ 1932-ին)։ |
21,729 | Հայկօ Պաղտատ | Հայկօ Պաղտատ (1976, Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ գրագէտ, լրագրող եւ հրապարակախօս։
== Կենսագրական գիծեր ==
Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Էսայեան հայկական վարժարանէն, իսկ միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնը՝ Պոլսոյ Մխիթարեան հայկական վարժարանէն։ Յաճախած է Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան կաճառի պատմութեան բաժանմունքը, որուն ընթացքը չէ աւարտած՝ հօրը անսպասելի մահուան պատճառով։
Անոր առաջին գիրքն է՝ «Salyangoz» (խխունջ), որ լոյս տեսած է 1914-ին:
Պաղտատ «Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր է։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,441 | Զօրայ Ս. Գասապեան | Զօրայ Ս. Գասապեան, հայ ուսուցիչ եւ գրող։ Ան որդին է բազմամեայ ուսուցիչ եւ հեղինակ Սարգիս Մ. Գասապեանի։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Էրզրում, Ակնցի Հօրմէ եւ Ռոտոսթոցի մօրմէ։ Ուսումը ստացած է Պարտիզակի Ամերիկեան վարժարանի եւ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճին մէջ, ապա տարի մըն ալ Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանին մէջ։
Իբր օսմաներէնի եւ անգլերէնի ուսուցիչ պաշտօնավարած է Թուրքիոյ գաւառներէն ներս, եւ Պոլիսի մէջ, մասնաւորապէս Պարտիզակի Ամերիկեան Վարժարանի, Գոնիայի Ճենանեան եւ Մագրի Քէօյի Պէզազեան գոլէճներուն մէջ։
1916-ին անհատական աքսորով Պարտիզակէն Քոնիա բանտէ բանտ եւ հետիոտն կը տարուի:
== Գրական վաստակ ==
Տարիներու զրկումներէ վերջ հրաշքով ազատած ՝ 1918-ին կը գտնուի Պոլիս, ուր եղած է Դաշնակից բանակներու կողմէ Թուրք թերթերու գրաքննիչ:
1921-ին մեկնած է Ամերիկա եւ հաստատուած է Լոս Անճելըսի մէջ: Զբաղած է թարգմանական գործերով եւ աշխատակցած է հայերէն թերթերուն՝ արձակ եւ ոտանաւոր գրութիւններով:
== Աղբիւրներ ==
«Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆոռնիա, 1953։ |
16,745 | Թանգարանային Գիշեր | Թանգարանային գիշեր (անգլ.՝ Night of Museums, The Long Night of Museums), մշակութային միջոցառում, որու ընթացքին թանգարաններն ու մշակութային հաստատութիւնները համագործակցելով՝ բաց կը մնան մինչեւ ուշ գիշեր իրենց նոր այցելուներուն ներկայանալու համար։ Այցելուներուն կը տրուի ընդհանուր մուտքի անցագիր, որ կը ներառէ բոլոր այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածքին մէջ լրացուցիչ հասարակական փոխադրամիջոցէն օգտուելու հնարաւորութիւն։
Առաջին անգամ երկար թանգարանային գիշերը (գերմ.՝ Lange Nacht der Museen) տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ 1997-ին։Միջոցառումը լաւ ընդունուած է, իսկ մասնակից հաստատութիւններու թիւը կտրուկ աճած է, միջոցառումը տարածուած է Եւրոպայի աւելի քան 120 այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ Արժանթինի եւ Ֆիլիփիններու մէջ։
== Պատմութիւն ==
Ներկայիս ամբողջ գիշեր տեղի ունեցող փառատօները սկսած են քանի մը քաղաքներէ։ Առաջին երկար թանգարաններու գիշերը տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ՝ Յունուար 2005-ի գիշերը ունենալով աւելի քան 150000 այցելու։ Փարիզի քաղաքապետ Պերդրան Տելանոէին այս միտքը գրաւեց 2002-ին, եւ այն տարածուեցաւ մշակոյթին մէջ աւելի լայն աստիճանով՝ ներառելով կատարողական արուեստ, եւ Nuit Blanche (Սպիտակ գիշերներ եւ տարբեր նման անուններ) անուան ներքոյ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհով։
=== Եւրոպա ===
Lange Nacht der Museen Պերլինի մէջ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս Կէոլնիի Մայնի Ֆրանքֆուրդի, Շթութկարի, Տիւսելտորֆի, Միւնխենի, Համպուրկի, Քասելի եւ Հայտելպերի/Մանհայմի/Լուտվիկսհաֆեն ամ Ռէինի մէջ
Nuit Blanche Փարիզի մէջ եւ La Nuit des Musées Ֆրանսայի մէջ
Museumnacht event, Ամսթերտամի մէջ, Նիտերլանտներ
Coordinated long nights Աւստրիոյ մէջ, Իտալիոյ, Լիխթենշթէյնի մէջ, կը կազմակերպէ ORF
Զուիցերիոյ մէջ թանգարանային գիշերները տեղի ունեցած են Պազելի, Պեռնի, Լիւցեռնի, Սանկ Կալլենի, Ցիւրիխի մէջ։ Nuit des musées կը կազմակերպուին Լոզանի, Ֆրիպուրկի եւ Ժընեւի մէջ
Noc Muzeów կը ազմակերպուին Լեհաստանի մէջ, ուր առաջին միջոցառումը տեղի ունեցած է Պոզնանի մէջ՝ Պոզնանի ազգային թանգարան, այժմ շուրջ 150 քաղաքներու մէջ
Múzeumok Éjszakájajszakája Պուտափեշտի մէջ, Հունգարիա
"Թանգարաններու եւ պատկերասրահներու գիշեր" Պուլկարիոյ մէջ
Museums at Night Միացեալ Թագաւորութեան մէջ
La nit dels museus Պարսելոնայի մէջ
Noć muzeja Խորուաթիոյ մէջ, 2005
Pražská muzejní noc Պրահայի մէջ, Չեխիա
Ночь музеев Ռուսաստանի մէջ
Noaptea muzeelor Ռումանիոյ մէջ,
Noć muzeja Սերպիոյ մէջ 2005-էն
Muzeju nakts Լաթվիոյ մէջ, 2005-էն
Թանգարանային գիշեր Հայաստանի մէջ, 2005-էն
Muuseumiöö Էսթոնիոյ մէջ, 2009-էն
Noc múzeí a galérií Սլովաքիա
Ніч музеїв Ուքրանիա 2009-էն
=== Այլ[խմբագրել | խմբագրել կոդը] ===
La Noche de los Museos in Պուէնոս Այրեսի մէջ, Արժանթին, ուր առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2004-ին։ 2013-ինմիջոցառման մասնակցած են 189 թանգարաններ եւ մշակութային հաստատութիւններ, ունեցած են 800000 այցելուներ
Gabii sa Kabilin կամ Ժառանգութեան գիշեր Սեպուի մէջ, Ֆիլիփիններու մէջ, սկսած է 2007-ին
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Culture night in Dublin
Night of the Museums in Romania
Night of the Museums in Barcelona
Record Breaking Night of the Museums in Moscow
Museum night in Serbia |
5,211 | Շարլ տը Կոլ | Շարլ տը Կոլ (ֆրանսերէն՝ Charles de Gaulle, 22 Նոյեմբեր 1890, Լիլ – 9 Նոյեմբեր 1970, Քոլոմպէ լէ Տէոզ Էկլիզ), Ֆրանսայի մեծագոյն քաղաքական եւ ռազմական գործիչներէն: Ֆրանսայի նախագահն էր 1959-էն 1969-ը:
Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ չհամաձայնեցաւ Ֆրանսայի անձնատուր ըլլալ, հեռացաւ Լոնտոն եւ կազմակերպեց «Ազատ Ֆրանսա» դիմադրութեան շարժումը: Մեծ Բրիտանիան, յետագային նաեւ` ԱՄՆ-ը ու ԽՍՀՄ-ը ճանչցան անոր «Վտարանդի կառավարութիւն»-ը:
Ֆրանսայի ազատագրումէն ետք՝ 1944-1946-ին, ղեկավարած է ժամանակաւոր կառավարութիւնը: Երկու անգամ ընտրուած է նախագահ: Ընդունած է նոր սահմանադրութիւն, զարկ տուած տնտեսութեան, բարձրացուցած երկրի միջազգային հեղինակութիւնը:
== Մահափորձերը ==
Ոչ մէկ նախագահի նկատմամբ այդքան մահափորձ չէ կատարուած, որքան՝ տը Կոլի: Անոր հանդէպ կազմակերպուած է 30 մահափորձ, եւ ամէն անգամ այդ «յաջողակ սատանայ»-ն կը յաջողէր անվնաս մնալ: Ամենաաղմկոտ մահափորձը 1962 Օգոստոսին էր։ Ինքնաշարժի վրայ, ուր նստած էին զօրավարն ու անոր տիկինը, կրակ բացած են 15 ինքնաձիգաւոր: Հանելուկ է, թէ ամուսինները ինչպէս ողջ մնացած էին: Բայց տը Կոլ ոչ այնքան մահափորձի փաստէն վրդոված էր (ան արդէն վարժուած էր անոնց եւ կը համարէր նախագահութեան անխուսափելի մասը), որքան այն բանէն, որ աւազակախումբի ղեկավարը` ֆրանսական բանակի փոխգնդապետ Պասդիէն Դիէրին, վրիպած էր։ Անոր բանակի պաշտօնաթող սպան կրակել չէր գիտեր: Տը Կոլ անձամբ ստորագրեց անոր մահապատիժին դատավճիռը:
== Քաղաքականութենէն հեռանալն ու մահը ==
Տը Կոլի քաղաքական գործունէութիւնը աւարտեցաւ 1969-ին, երբ ծերակոյտի վերակառուցման եւ երկրի վարչատարածքային կառուցուածքի բարեփոխման համար, իր իսկ նախաձեռնած հանրաքուէին ձախողեցաւ: Տը Կոլ՝ առանց վարանելու, հրաժարական տուաւ եւ վերջնայանապէս հեռացաւ քաղաքական ասպարէզէն, որմէ մէկ տարի ետք, 1970-ի Նոյեմբեր 9-ին, Գոլոմպէ լէ Տէոզ Էկլիզ գիւղին մէջ, թղթախաղի պահուն։
Փարիզի մէջ, զօրավար Շարլ տը Կոլի անունով հրապարակ կայ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Քաղաքականութիւնը Իտէալի Մը Կը Ծառայէ, Թէ՞ Չարաշահութեան Դիմակահանդէս Է:
Անդրադարձ. Շեղո՞ւմ, Թէ՞ Ազդանշան: |
3,615 | Խաչատուր Կարճիկեան | Խաչատուր Կարճիկեան (1882, Վաղարշապատ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 1918, Երեւան, Երևանի գավառ), պետական, քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ելեւմտականի (ֆինանսների) առաջին նախարարը։ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։
== Կենսագրութիւն ==
Խաչատուր Կարճիկեան ծնած էր 1882-ին Վաղարշապատ (Էջմիածինի շրջան), համեստ աշխատաւոր ընտանիքի մէջ։ Գիւղի ազգային վարժարանին մէջ տարրական ուսումը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, որուն դասարանական բաժինը աւարտելէ ետք՝ անցաւ Երեւանի Պետական Գիմնազիոնը եւ աւարտեց փայլուն նիշերով։ Կրթանպաստի արժանացաւ եւ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանութեան բաժնին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ։ Ապրուստի դժուարութիւնները եւ նիւթական սեղմումները պատճառ դարձան, որ Խաչատուր ընդհատէ համալսարանական իր ուսումը, վերադառնայ Հայաստան եւ ուսուցչական պաշտօններ ստանձնէ նախ Ախալցխայի եւ, ապա, Ալեքսանդրապոլի հայկական վարժարաններուն մէջ։
Քսաներորդ դարասկիզբի այդ տարիներուն Անդրկովկասը հայկական եւ համառուսական առումներով եռեւեփումի մէջ կը գտնուէր։ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանողական շարժումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եւ արդէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միացած Խաչատուր Կարճիկեան դարձաւ, Ախալցխայի եւ յատկապէս Ալեքսանդրապոլի դպրոցներէն ներս սկսաւ իր յեղափոխական գաղափարները տարածել եւ ստացաւ «Խաչիկ վարժապետ»-ի անունը։
== Ազգային Գործեր ==
Հայ-թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք, Կարճիկեան որոշեց վերադառնալ Ս. Փեթերսպուրկ, ամբողջացնելու համար իր իրաւաբանական մասնագիտութիւնը։ Ուսման շրջանին ան դարձաւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան մղիչ ուժերէն մէկը։ Թէեւ իր հետ Փեթերսպուրկ գացած կնոջ ու զաւակներուն ապրուստի հոգը ծանր կը ճնշէր Կարճիկեանի վրայ եւ, մասնաւոր դասեր տալով, կենցաղային կարիքներու ապահովման ճիգերը շատ ժամանակ կը խլէին իրմէ, այսուհանդերձ՝ Կարճիկեան ի վիճակի եղաւ ոչ միայն իրաւաբանական բարձրագոյն ուսման իր դասերուն հասնելու, այլեւ՝ հանրային-կուսակցական բեղուն գործունէութիւն ծաւալելու։ Նոյն այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Կարճիկեան սերտ կապեր հաստատեց համառուսական առաջին յեղափոխութեան կրակը արծարծած ռուս, վրացի եւ թաթար ժողովրդավարական գործիչներու հետ՝ համառուսական «դեմոկրատական» շարժման հետագայ զարգացման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով։
1910-ին, արդէն իրաւաբան վկայուած, Խաչատուր Կարճիկեան վերադարձաւ Անդրկովկաս, հաստատուեցաւ Թիֆլիս եւ իբրեւ օգնական աշխատեցաւ ծանօթ հաւատարմատար Եակուլեանի մօտ։ Այս շրջանին կը բարելաւէ իր նիւթական վիճակը, եւ կը փաստէ բոլորին թէ ան կարող փաստաբան է։ 1912-ին սկսած «Դաշնակցութեան Դատ»ին պաշտպանութիւնը ռուս ականաւոր փաստաբաններու կողքին, իբրեւ հայերէն փաստաթուղթերու հաւաքման, մշակման եւ պաշտպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն։ Պետական գործիչի եւ յեղափոխականի դաշնակցական համադրումին առաջին կարեւոր փորձաքարը հանդիսացաւ այդ դատավարութիւնը, որուն աւարտէն ետք, Օգոստոս 1913-ին Կարնոյ մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 7րդ Ընդհանուր Ժողովին, Կարճիկեան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի անդամ։
Հայ Կամաւորական Շարժման ծրագրումին ու կազմակերպումին մէջ շատ մեծ դեր ստանցնեց եւ իր պնդումներով՝ հայ կամաւորական գունդերը ռուսական զօրքերու յառաջապահ դիրքերը գրաւեցին ռազմաճակատին վրայ, որպէսզի առաջինը իրենք հասնին նահանջող թրքական զօրքերու կողմէ կոտորածի մատնուած հայութեան պաշտպանութեան։ 1916-1917 տարիներուն Եղեռնէն փրկուած հայ որբերու եւ տեղահան գաղթականութեան խնամատարական գործի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց։
Երզնկայի եւ Կարնոյ անկումէն ետք, Կարսի մէջ, ուր հայկական զօրքը ծանրագոյն գին վճարեց համառուսական «դեմոկրատիա»յի անունով ծայր տուած դասալքութեան հայ ժողովուրդը Խաչատուր Կարճիկեանին վրայ մատներ ուղղեցին իբր պատասխանատու։
1917-ի Փետրուարին, Խաչատուր Կարճիկեան առաջիններէն էր, որ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց նորահաստատ իշխանութեանց անդրկովկասեան մարմիններուն մէջ։ Տարի մը ետք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մէջ (Քաջազնունիի օրով) կը դառնայ ելեւմտական նախարար։ Սակայն նորաստեղծ հանրապետութիւնը շատ դժուար պայմաններուն մէջ էր եւ այդ մթնոլորտին մէջ, Հայկական Բանակի սպայ եւ Կարճիկեանի տարիներու մտերիմ Եգոր Տէր-Մինասեան կը սպաննէ իրեն, Կարսի անկումին համար բոլոր պատասխանատուները ահաբեկելու ինքնագլուխ որոշումով։
== Աղբիւրներ ==
ARF Official Website |
5,218 | Շաքարախտ | Շաքարախտը (լատ.՝ diabetes mellītus) 5-րդ դարէն ի վէր ծանօթ է բժշկութեան: Սուսրութեայի ձեռագրին մէջ հնդիկ բժիշկը յիշած է հիւանդութեան կարեւոր նշանները եւ անուանած է զայն «մեղրով մէզ»: Միջնադարուն քրիստոնեայ եւ արաբ բժիշկներ ալ ուսումնասիրած են շաքարախտը, բայց միայն 1922-ին է, որ բժշկութիւնը պայքարի զօրաւոր զէնք մը ունեցաւ այս հիւանդութեան դէմ, երբ Պանտինկ ըրաւ էնսիւլինի (insulin) գիւտը:
== Հիւանդութեան բնոյթը ==
Պանկրէաս (pancreas) կոչուած մարդուն մարմնին ներքին գործարանը կ'արտադրէ հիւթ մը (hormone) էնսիւլին (insulin) անունով, որ ջրաբնածխային նիւթերը կը վերածէ շաքարի: Բնական պայմաններու մէջ այդ շաքարը կ'ամբարուի լեարդին եւ մկաններուն մէջ, իսկ արեան շաքարի քանակութիւնը կը մնայ միշտ անփոփոխ (0,90 օ/օօ-1,10 օ/օօ համեմատութեամբ): Որեւէ պատճառով, երբ էնսիւլինի արտադրութիւնը պակսի՝ ջրաբնածխային նիւթերու ձեւափոխութիւնը կը խանգարուի եւ շաքարի համեմատութիւնը կ'աւելնայ արեան մէջ: Երբ այդ համեմատութիւնը 1,60-1,70 օ/օօ-ի հասնի՝ շաքարը երեւան կու գայ նաեւ մէզին մէջ:
== Հիւանդութեան պատճառները ==
Շաքարախտը կրնայ ըլլալ ի ծնէ եւ կամ հետեւանք՝ կարք մը հիւանդութեան եւ արկածներու:
Առաջին պարագային մեծ դեր կը խաղան ցեղաբանական եւ ժառանգական ազդակները: Այսպէս, օրինակ, հրեաները շատ աւելի ենթակայ են շաքարախտի քան Ափրիկէի սեւամորթերը: Միացեալ Նահանգներու մէջ շաքարախտէ մեռնողներու թիւը հետզհետէ կ'աւելնայ եւ հիւանդութեան զոհ կ'երթան ճերմակամորթերը եւ սեւամորթերը հաւասարապէս: Շաքարախտաւորներու զաւակները, 25 առ 100 համեմատութեամբ, ենթակայ են շաքարախտի:
Շաքարախտը կրնայ նաեւ հետեւանքը ըլլալ այլ հիւանդութիւններու (օրինակ՝ Թիֆոյիտի), պանկրէասի կամ ուրիշ ներքին գործարանի մը խանգարման, յուզումներու, հոգերու, արկածի պատճառով գլուխի վրայ բացուած վէրքերու, եւն.:
Շաքարախտը նշմարելի է աւելի՝ գէրերու, նստակեաց կեանք վարողներու (խանութպան, պաշտօնեայ) եւ շատակերներու մօտ: Հարուստները աւելի ենթակայ են քան աղքատները: Թէեւ արիքոտներու հիւանդութիւն է, սակայն երբեմն փոքրերն ալ չեն խուսափիր անկէ:
== Շաքարախտի ախտանշանները ==
Շաքարախտաւոր մը, սկիզբը չ'անդրադառնար իր հիւանդութեան: Կը զգայ թէ կը նիհարնայ կը յոգնի շուտով՝ հակառակ լաւ ուտելուն եւ խմելուն: Մարմնին վրայ բացուող պատահական վէրքերը ուշ կ'ըսպիանան: Ակռաները կը փտին: Ջղային, մկանային ցաւեր եւ տեսողական գործարանները կը տկարանան: Յիշեալ մէկ կամ միւս անհանգստութեան համար երբ դիմէ բժիշկի, այս վերջինը յետ մանրակրկիտ քննութեան, կրնայ ախտաճանաչել շաքարախտը: Միայն արկածի հետեւանքով առաջած շաքարախտն է որ քանի մը օրուան մէջ ցոյց կու տայ հիւանդութեան բոլոր նշանները եւ շուտով կ'ախտաճանաչուի:
Շաքարախտաւորի մը մօտ կը գտնենք հետեւեալ յատկանշական անբնականոնութիւնները.
Անյագ ծարաւ.- Հիւանդը շատ ջուր կը խմէ: Սկիզբը՝ աւելի շատ: Դարմանումին հետ կրնայ նուազիլ, նոյնիսկ անհետանալ ծարաւի զգացումը:
Անկուշտ ախորժակ.- Նշան մը, որ միշտ ալ կը մնայ հիւանդին վրայ:
Առատ մէզ.- Հետեւանքը՝ առատ խմելուն: Պարզ շաքարախտաւոր մը կը միզէ օրական 2,5-3 լիթր: Կ'աւելնայ այս քանակը, երբ շաքարը աւելնայ արեան մէջ:
Շաքար՝ մէզին մէջ.- Լուրջ ախտանշան մը է երբ 24 ժամուան ընթացքին 30 կրամ շաքար գտնուի հիւանդին մէզին մէջ: Այս քանակութիւնը կրնայ բարձրանալ, հասնիլ 1000 կրամի: Մէզի մէջի շաքարի քանակը ենթակայ է փոփոխութիւններու: Կրնայ պակսիլ, նոյնիսկ անհետանալ, սակայն չի նշանակեր թէ դարմանուած է հիւանդութիւնը: Այս փոփոխութիւնները կախում ունին առաւելաբար սննդառութենէն:
Շաքար՝ արեան մէջ.- Առողջ մարդու մը արեան մէջ շաքար կայ 0,90 օ/օօ համեմատութեամբ, եւ անփոփոխ կերպով: Շաքարախտի պարագային այս քանակը կրնայ հասնիլ 2 օ/օօ համեմատութեան:Էնսիւլինի սրսկումներու ազդեցութեան տակ կրնայ շաքարը իր բնական քանակին իջնել՝ թէ մէզին եւ թէ արեան մէջ:
== Շաքարախտի հետեւանքները ==
Երբ լաւ չի խնամուիր շաքարախտը, երեւան կու գան անխուսափելի բարդութիւններ:
Շաքարախտի քնատութիւն (coma).- Ամէնէն սարսափելի եւ անմիջական վտանգը, որ կը սպառնայ շաքարախտաւորին: Հետեւանք՝ արեան մէջ ասեթոններու կուտակումին եւ ալքալէն նիւթերու նուազումին: Հիւանդը կ'ունենայ սրտխառնուք, փսխունք, դժուար շնջառութիւն, ստամոքսի ցաւեր, ուժաթափութիւն: 12 ժամէն կը տանի հիւանդը, եթէ անմիջական դարմանումը ուշանայ:
Քաղցկեղ (կանկրէն) եւ թոքի վէրքեր:
Ջղային ցաւեր, տեսողութեան տկարութիւն, նոյնիսկ կուրութիւն:
Սէռային գործարաններու սկարութիւն:
Բարդութիւններ՝ սրտի, լեարդի եւ այլ գործարաններու վրայ:
== Շաքարախտի դարմանումը ==
Շաքարախտի տեսակները շատ են: Թեթեւ տեսակները կը հանդուրժուին բնական կեանքի մէջ եւ մինչեւ խոր ծերութիւն կ'ապրեցնէն ենթական, եթէ կատարէ ան՝ անհրաժեշտ փոքր խնամքները: Ծանր տեսակի շաքարախտ ունեցողներն ալ, թէեւ արմատապէս չեն բուժուիր, սակայն կրնան շատ բնական կեանք մը վարել այսօր՝ շնորհիւ երկու միջոցներու,- սննդառութեան սեղմումներու եւ էնսիւլինի սրսկումներու:
Վերջերս Պերլինի յայտնի բժիշկներէն Ֆրանք, Ֆուշ, Աքէլիս եւ ուրիշներ գտած եւ փորձած են սիւլֆամիտի (Sulfamid) նոր տեսակ մը՝ B Z 55 անունով, որ մեծ յոյսեր կը ներշնչէ շաքարախտի հիմնական բուժման մէջ:
Սննդառութեան սեղումներ.- Էնսիւլինի գիւտէն առաջ՝ միակ այս զէնքով բժշկութիւնը կը պայքարէր շաքարախտի դէմ: Այսօր ալ ան կը մնայ հատու զէնք մը եւ երբեմն մինակը կը բաւէ դարմանելու համար հիւանդը: Ինչպէս յայտնի է՝ սննդառութիւնը մարմնին կ'ապահովէ անհրաժեշտ ջերմուժը (calorie): Բնական կեանք մը ապրող առողջ մարդ մը պէտք ունի օրական 3000 միաւոր ջերմուժի: 3000 միաւորէն շատ աւելի պակաս ջերմուժ կը բաւէ շաքարախտաւորին: Այս նպատակով՝ ենթական քիչ պիտի ուտէ շատ ջերմուժ տուող ուտելիքներ (բրինձ, ոսպ, լուբիայ, եւ այլ ընդեղէններ): Ոչ տապկուած այլ խաշուած գետնախնյորը լաւագոյն սնունդն է: Պիտի գործածէ շաքարախտաւորներու մասնայատուկ հաց: Գինի կրնայ խմել պայմանաւ որ անոգշ գինի գինի չըլլայ: Կրնայ ուտել բանջարեղէն, որքան որ ուզէ, ինչպէս նաեւ առատ պտուղ:
Էնսիւլինի գործածութիւն.- Էնսիւլինի սրսկումներ կրայ կատարել տալ շաքարախտաւորը՝ բժիշկին խորհուրդը առնելէ վերջ միայն: Բժիշկը կը որոշէ տրուելիք էնսիւլինին տեսակն ու քանակը, այլապէս էնսիւլինի ինքնագլուխ գործածութիւնը կրնայ վտանգաւոր դառնալ հիւանդին համար:
== Տե՛ս նաեւ ==
Հեշտոցային Արիւնահոսութիւն
Քիթի Արիւնահոսութիւն
Վահանագեղձ
Կրիփ Եւ Հարբուխ
Երիկամ
== Աղբիւրներ ==
Տոքթ. Պարլէտ Լ. Մինասեան, Բժիշկ բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, Պէյրութ, 1955-1956, էջ 235-236-237: |
5,919 | Սայտա | Սայտա (արաբերէն՝ صيدا), Լիբանանի երրորդ ամենամեծ քաղաքնը, մայրաքաղաք Պէյրութէն եւ Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլիէն ետք։ Հնագոյն ինչպէս եւ սուրբ գրային անունով ծանօթ՝ իբր Սիւդոն (լատիներէն՝ Sydon)։ Մայրաքաղաքն է Հարաւային Լիբանան մուհաֆազայի։
== Աշխարհագրութիւն ==
Կը գտնուի Լիբանանի հարաւ-արեւմտեան մասը եւ կը զբաղեցնէ 275 քմ² տարածք։ Սահամանակից է հիւսիսէն՝ Լեռնալիբանանի Շուֆի շրջանին, հիւսիս-արեւելքէն Ժեզզին շրջանին, արեւելքէն՝ Նապաթիա շրջանին, հարաւէն՝ Թիր շրջանին, իսկ արեւմուտքէն՝ ափերը կ՛ողողուին Միջերկրական Ծովու ջուրերը։
== Համայնքներ ==
Շրջանը կը բաժանուի 42 համայնքներու։
== Ծանօթագրութիւններ == |
4,931 | Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան (Դսեղ) | Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը, Ամէնայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի հայրական տունը կը գտնուի Լոռի մարզին, Դսեղ գիւղին մէջ։ Անոր ծննդեան 70-րդ ամեակին առթիւ (1939 թուականին) այդ վերածուեցաւ տուն-թանգարանի:
== Պատմութիւն ==
19 Փետրուար, 1869 թուականին այս տան մէջ ծնած է Ամէնայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ան այստեղ ապրած է իր մանկութեան ու պատանեկութեան շրջանին։ 1879 թուականէն մինչեւ 1883 թուական, ան սորված է Ջալալ-օղլի (ներկայիս՝ Ստեփանաւան) երկսեռ դպրոցին մէջ, ապա ճամբորդած է Թիֆլիս՝ ուսանելու Ներսիսեան դպրոցին մէջ (1883 թուականէն մինչեւ 1886 թուական)։ Անոր տունը կառուցուած է 19-րդ դարու 60-ական թուականներուն, բանաստեղծի հօր եւ միաժամանակ գիւղի քահանայ՝ Տէր Թադեւոսին կողմէ։
Տուն-թանգարանի շէնքը վերանորոգուած է սփիւռքահայ Գունտագճեան եւ Պուճիկեան ամուսիններուն նիւթական օժանդակութեամբ, «Հայաստան» հիմնադրամին միջոցով, 2002 թուականին։ Նորոգուած եւ բարելաւուած է նաեւ ցուցադրութեան սրահը։
== Ցուցադրութիւն ==
Թանգարանին մէջ կը պահպանուին մեծ գրողին կեանքն ու գործը ներկայացնող մօտ 300 մեծարժէք ցուցանմուշներ։ Բակին մէջ տեղադրուած է Թուամնեանին կիսանդրին (հեղինակ՝ Այծեմնիկ Ուրարտու, 1953) եւ կառուցուած է մատուռ մը (1994 թուականին), որտեղ ամփոփուած է բանաստեղծին սիրտը։ Թանգարանը ունի երկու յարկեր եւ կը բաղկանայ վեց սենեակներէ։
=== Առաջին յարկը ===
Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի մեծ հացատունը եւ երկու ցուցասրահները։ Ներկայացուած ցուցանմուշները կը պատմեն Յովհաննէս Թումանեանի տոհմաբանութեան, ծնողներուն, Թիֆլիսի եւ Ջալալ-օղլիի ուսումնական տարիներուն եւ գրողին գրական-հասարակական գործունէութեան մասին։
=== Երկրորդ յարկը ===
Երկրորդ յարկին վրայ գտնուող երկու սրահներներուն մէջ ցուցադրուած են բանաստեղծին անկողինը, գրասեղանը, հագուստները եւ անձնական իրերը։
== Միջոցառումներ ==
Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին վերաբերող թուականներուն եւ զանազան այլ առիթներուն ընթացքին թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին հսկայ հանդիսութիւններ եւ «Թումանեանական օրեր»։
== Հասցէ ==
Տուն-թանգարանը կը գտնուի բարձրադիր գիւղական բնակավայրը՝ Լոռիի մարզը, Դսեղ գիւղին մէջ։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Հովհաննես Թումանյանի տուն-թանգարան
Հովհաննես Թումանյանի տուն-թանգարանը Դսեղում
Հովհաննես Թումանյանի տուն-թանգարան - դասարան․ամ |
377 | 17 Մարտ | 17 Մարտ, տարուան 76-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 77-րդ) օրն է
Տարուան աւարտին կը մնայ 289 օր
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:17 Մարտի ծնածներ
1885՝ Մանուկ Աբեղեան (մ.1944), լեզուաբան, հայագէտ
1936՝ Կարէն Սիմոնեան , գրող, բանաստեղծ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:17 Մարտի մահացածներ
1510՝ Սանտրօ Պոթչելի (Sandro Botticelli, ծն.1444 կամ 45), վաղ վերածնունդի իտալացի գեղանկարիչ
1905՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, (ծն.1859), հասարակական-քաղաքական գործիչ
== Տօներ == |
7,214 | Քանկօ (շեմփանզէ) | Քոնկօ (1954 – 1964), 1950-ական թուականներու նշանաւոր շեմփանզէն, որ սորված էր գծել ու ներկել: Անոր տէրը, կենդանաբան եւ նկարիչ Տեսմոնտ Մորիս կ՛անդրադառնայ, թէ երկու տարեկան անասունը կը սիրէ գծել եւ ներկելն:
Տէրը անասունին առիթ կու տայ արտադրելու պատկերներ, զոր Քոնկօ կը գծէ մինակը: Ան կը մերժէ, որ նկարները իրմէ առնուին մինչեւ «գործը» վերջացնելը: Չորս տարեկանին Քոնկոյին արտադրած պատկերներուն թիւը 400-ի կը հասնի:
Անոր նկարները 2005-ին աճուրդի ընթացքին կը վաճառուին 14 400 եւրոյի: Իսկ 2010 թուականին Քոնկօ մարդակապիկին կողմէ գծուած վերջին «գեղանկար»ը կը ծախուի 10 հազար տոլարի:
Քոնկօ կապիկը կը մահանայ 1964-ին, 10 տարեկան հասակին: Անոր երկրպագուներէն եղած է Փապլօ Փիքասօն:
== Կեանքն ու աշխատանքը ==
Քոնկօ երկու տարեկանին սորված է գծել ու ներկել, երբ կենդանաբան Տեսմոնտ Մորիս Քոնկոյին տրամադրած է մատիտ մը: Մորիս ըսած է, «Ան մատիտը վերցուց, եւ ես խաւաքարտ մը տեղադրեցի անոր դիմաց . Ահա թէ ի՛նչ արձանագրած եմ այն ժամանակ, « Կարծես տարօրինակ բան մը դուրս կու գայ մատիտին ծայրէն: Այդ Քոնկոյին գծած առաջին գիծն է. կարճ միջոց մը թափառեցաւ ու ետքը դադրեցաւ. արդեօք այդ կրկին պատահա՞ծ է: Այո՛, այդ կատարած է, եւ կրկին ու կրկին »:
Մորիս շուտով կը նկատէ, որ այդ շեմփանզէն շրջանակներ կը գծէ, եւ ունի համադրելու ունակութիւն: Ան նաեւ ցոյց կու տայ համաչափ կայունութեան կարողութինը՝ ուրուագիծի երկու կողմերուն միջեւ. երբ Մորիս թուղթի կտորի մը վրայ պատկեր մը կը գծէ, Քոնկօ, հաւասարակշռութիւնը բահելու նպատակով, թուղթին միւս կողմին վրայ նշանները կը պատկերէ: Միեւնոյն ձեւով գոյներու պարագային, եթէ թուղթին մէկ կողմը կապոյտ գոյն կը պարունակէ, օրինակ, կապոյը կ՛աւելացնէի միւս կողմը, դարձեալ հաւասարակշռութիւնը պահելու միտումով.
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,137 | Փիթըր Հուք | Փիդըր Հուք (անգլ.՝ Peter Hook,13 Փետրուար, 1956 թուական), Պրիդանացի երաժիշտ, բաս կիթառիսդ, Joy Division (1976–1980) եւ New Order (1980–2007) ռոք խումբերու երգերու համահեղինակ եւ հեղինակ։ Մնալով New Order խումբի հիմնական անդամ Հուքը համագործակցին մէջ էր նաեւ այլ ռոք խումբերու հետ՝ որպէս բաս կիթառիսդ եւ փրոտիւսեր (The Stone Roses, Hybrid, The Chemical Brothers): Բացի դրանից Հուքն ունէր իր սեփական ծրագիրերը. Revenge (1989–1993) եւ Monaco (1995–2000): 2004-2010 թուականներուն Հուքը մասնակցեցաւ Freebass ծրագրին, սուբերխումբին, որ բաղկացած էր 3 բաս կիթառիսդներէ։
== Փիդըր Հուքը 2014 թուականին, Չիլիի մէջ ==
2007 թուականի մայիսին Հուքը պաշտօնապէս հեռացաւ New Order խումբէն եւ սկսաւ զբաղուիլ The Light խումբով՝ իր սեփական քովեր խումբով, որուն հետ ան 2010 թուականին մէկնած է աշխարհով եւ համերգներ տալով (խումբի անդամներէն էր նաեւ Հուք Ջէյքի որդին): Անոր հետ մէկտեղ Հուքը համերգներ էր ունեցած նաեւ ակումբներուն մէջ, որպէս տիճէյ։ 2010 թուականին Man Ray Հուքը (նոյն ինքը Փիդեր Հուքը) եւ Ֆիլ Մերֆին (Freebass խումբի դաշնակահարը) թողարկեցին երկու փոքր ալպոմներ՝ «Summer 88» եւ «Tokyo Joe»: Երաժշտի անկեղծ կարծիքով երաժշտութիւն ստեղծելու ցանկութիւնը ոչնչացած է վախը այն մասին, թէ նրանից չի լինի առեւտրային վերադարձը, որովհետեւ այժմ ինդերնեդը ծովահենութիւն է։ 2009 թուականի Յոկտեմբերին Հուքը հրատարակած է իր առաջին գիրքը «How Not to Run a Club», որ «Haçienda» ակումբի մասին էր, որ համասեփականատէրը ան էր։ Հուքը յայտարարեց, որ ան ցանկայ գրքեր հրատարակել Joy Division եւ New Order խումբերու մասին։
2012 թուականի 2 Մարտ-ին Հուքը տվեց իր առաջին համերգը Ռուսաստանի մէջ՝ ռուսական Milk ակումբին մէջ, կատարելով Unknown Pleasures ալպոմն ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ մի քանի այլ երգ Joy Division-ի։
== Պատկերասրահ ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,960 | Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ | Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ - Հայաստանի գործադիր մարմինի՝ կառավարութեան ղեկավար։ Վարչապետը կը նշանակուի Հայաստանի նախագահի ու կը հաստատուի ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ։
== Պատմութիւն ==
Վարչապետի պաշտօնը սահմանուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին հիմնադրման օրերէն։ Հայաստանի առաջին վարչապետը 1918-1919-ականներուն եղած է Յովհաննէս Քաջազնունին։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ պաշտօնը վերանուանուած է «Ժողովրդական Կոմիսարներու խորհուրդի նախագահ», իսկ այնուհետեւ՝ «Մինիստրներու Խորհուրդի նախագահ»։ 1991-էն գործադիր մարմնի ղեկավարը կրկին ստացած է պաշտօնի հին անուանումը՝ վարչապետ։
== Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետներու ցանկ ==
== Սովետական Հայաստան == |
10,298 | Թմբկաբերդի Առումը | «Թմկաբերդի առումը», վիպերգը գրած է Յովհաննէս Թումանեան։ «Թմկաբերդի առումը» կը համարուի Յ․ Թումանեանի երկրորդ գլուխ գործոցը «Անոյշ»էն ետք։ Ան դիւցազներգութիւն մըն է, որուն հիմնական գաղափարը մարդու գործի անմահութեան խորհուրդն է։
== Տեղերու եւ անձերու անուններ ==
Վիպերգին մէջ յաճախ կը յիշուին հետեւեալ տեղերու եւ անձերու անունները՝
•Թմուկ բերդ- միջնադարեան ամրոց Ջաւախքի մէջ, Կուռ գետի ձախ ափին։ 12-13-րդ դարերուն եղած է Ջաւախքի Զաքարեան ընտանիքի նստավայրը։ Բերդի աւերակները պահուած են մինչեւ այսօր, զորս կարելի է տեսնել գետի հակառակ ափին գտնուող բարձրադիր Գումուրդա գիւղէն։
•Նատիր շահը- եղած է Իրանի շահ (1736-1747 թ.)։ Յայտնի եղած է իր դաժանութեամբ ու նենգութեամբ։ Ան բազմաթիւ արշաւանքներ կատարած է հարեւան երկիրներու վրայ։
•Ջաւախք- հնագոյն հայկական տեղամաս։ Եղած է Մեծ Հայքի հիւսիսային գաւառներէն մէկը։
•Ապուլ- Ջաւախքի ամենաբարձր կէտը:
•Ֆիրտուս- 10-11-րդ դարու պարսիկ մեծ բանաստեղծ:
•Քախեթ- Արեւելեան Վրաստանի շրջան։ Նշանաւոր եղած է իր գինիներով։
•Թաթուլ իշխան- Պատմանական գրական հերոս, յօրինուած Թումանեանի կողմէ:
== Վիպերգը ==
«Թմկաբերդի առումը» վիպերգը Յովհաննէս Թումանեան գրած է 1902 թուականին։ Ան առաջին անգամ տպուած է «Մուրճ» ամսագրին մէջ 1905 թուականին։ Այնուհետեւ Թումանեանի ողջութեան վիպերգը տպուած է վեց անգամ։ Յովհաննէս Թումանեան վիպերգին նիւթը քաղած է ժողովրդական բանահիւսութէնէն, զորս Երուանդ Լալաեանը «Թմկաբերդի առումը» վերնագրով գրի առած է իր «Ջաւախքի բուրմունքը» բանաստեղծական ժողովածուին մէջ։ Թումանեան կը ձգտի վիպերգին կարելի եղածին չափ պատմական իրադարձութեան բնոյթ տալ եւ փիլիսոփայական ընդհանրացումներ կատարել։ Վիպերգին գլխաւոր նիւթն է լաւ ու բարի գործի անմահութեան գաղափարը։ Թումանեան կը մատնանշէ թէ ինչպէս կանանց մատնութիւնը պատճառ կը դառնայ ամրոցներու գրաւման, միեւնոյն ժամանակ, ան կ'ուսումնասիրէ համանման այլ աւանդազրոյցներ։ Յովհաննէս Թումանեան այս վիպերգը գրելէ առաջ՝ 1901-ին, կ'այցելէ Թմբկաբերդ: Կը դիտէ բերդի աւերակները դիմացի Գումուրդա գիւղէն, ապա այդ տպաւորութիւններէն ներշնչուած կը գրէ վիպերգը։
«Թմկաբերդում պատմեցին ինձ, թէ մի ժամանակ Թմկաբերդում իշխում էր մի հայ իշխան։ Պարսից թագաւորը եկել, երկար պաշարել է այս բերդը, սակայն չի կարողացել գրաւել։ Իշխանի կինը սիրահարուել է պարսից շահին եւ ծածուկ առել նրա հաճութիւնը իր հետ ամուսնանալու, թէ ինքը սպաննէ իր ամուսնոյն եւ բերդը յանձնէ շահին։ Շահն այսպիսով տիրել է բերդին եւ հարցրել է մատնիչ իշխանուհու․«Ես եմ գեղեցի՞կ, թե՞ ամուսինդ»։ Եւ երբ սա պատասխանել է, թէ՝ ամուսինս գեղեցիկ էր, շահը հրամայել է կապել նրան ձիու պոչից եւ քաշ տալ մինչեւ մեռնելը՝ ասելով․ «Եթէ ամուսինդ շահից գեղեցիկ էր, ինչո՞ւ սպաննեցիր»։»։
Թումանեան վիպերգին մէջ կ'արծարծէ դրական մարդու հարցը։ Թումանեանին միշտ մտահոգած է մարդու հարցը, ինչպէս նկատելի է իր քառեակներուն ու «Հազարան պլպուլ» անաւարտ վիպերգին մէջ։ Թումանեանը կը փառաբանէ մարդու լաւ գործը, որը անմահութեան հասնելու միակ գրաւականն է: Մարդու լաւ գործը դարէ դար կը յիշուի:
«Թմկաբերդի առում» դիւցազնը, զորս աշուղը կը պատմէ, մարդկային լաւութեան փառաբանումն է։ Թումանեանը վիպերգին մէջ ոչ մէկ հրաշապատում տարր չ՛օգտագործեր, այլ կը փորձէ կարելի եղած չափով անոր պատմական իրադարձութեան բնոյթ տալ։
Երբ Նատիր շահը, չի յաջողիր գրաւել Թմուկ բերդը, կ'որոշէ սիրաշահիլ բերդի չքնաղ իշխանուհիին սիրտը։ Իշխանուհին անանուն է․ ինչպէս «Փարւանա» պալատի հերոսուհին․ ասիկա իմաստուն գեղարուեստական քայլ մըն է, կանացի կերպարներու բնաւորութեան ընդհանրացման խոր արտայայտութիւն։ Թմկայ իշխանուհին վիպերգի գլխաւոր հերոսուհին է, որուն գործունէութեան հետ կապուած է վիպերգի գործողութեան ընթացքն ու վախճանը։ Իսկ ո՞վ է կինը։ Հերոսին անսահման ուժ եւ կարողութիւններ ներշնչող, բայց նոյն ատեն զայն խորտակող անձը. ինչպէս կ'ըսէ Ֆարսի անմահ պլպուլ Ֆիրտուսին․
Ի՞նչը կը յաղթի կեանքում հերոսին,
Թէ չըլինին կինն ու գինին։
Եւ ահա, Նատիր շահը, ճանչնալով կնոջ փառասիրական նկրտումները, իր «թովիչ երգչին» կ'ուղարկէ Թմկաբերդ։ Վերջինս կը կատարէ իր տիրոջ պատուէրը եւ կը յաջողի գրգռել կնոջ փառասիրութիւնը։ Սակայն երկար ժամանակ պէտք չէր, որպէսզի մէջտեղ ելլէր դաւաճանական այդ քայլի ողբերգական հետեւանքը․ սէրը աւելի զօրաւոր եւ յաւերժական զգացում է, քան վախճանական փառասիրութիւնը։
Շահի եւ Թմկայ իշխանուհիին հանդիպման դրուագը կը մարմնաւորէ պոէմի հիմնական գաղափարը։ Այդ դէպքէն տպաւորուած «շահի մտքովն անցնում է աշխարհքի բանը», եւ այդ դաժան բռնակալի մեջ կը խօսի մարդը։ Ուրեմն աշխարհի մէջ չկայ հաստատ ոչ մէկ բան․ անցողիկ է ամէն ինչ․
- Պատասխան տուր ինձ, մատնիչ սեւաչեայ,
Մի՞թէ Թաթուլը քաջ չէր ու սիրուն․․․
Շահի թունալից ծաղրով լեցուն հարցին հետեւում է Թմկայ իշխանուհիին հեգնանքով ու ատելութեամբ լեցուն պատասխանը․
- Քաջ էր ու սիրուն քեզնից առաւել:
Մի բարձր ու ազնիւ տղամարդ էր նա:
Կնոջ մատնութեամբ ամրոց չէր առել,
Չէր եղել կեանքում երբեք խաբեբայ․․․
Հերոսներու հոգեվիճակներու կտրուկ շրջադարձերը հանճարեղօրէն պատճառաբանուած են։
Կեանքը վաղանցուկ է, ուրեմն ինչո՞ւ վատ գործ կատարել եւ սերունդներու անէծքին արժանանալ, պէտք է յիշուիլ լաւ գործով, քանի որ միայն լաւն է որ մարդկային է ու մարդուն կը տանի դէպի անմահութիւն:
== Արտաքին յղումներ ==
Վիքիդարան
http://vardanyanlena.blogspot.am/2012/11/blog-post_19.html
Մկրտիչ Մկրյան «Հ․ Թումանյանի ստեղծագործությունները» Երեւան 1981 |
21,889 | Օքլըտնի Համալսարան | Օքլընտի Համալսարան, Նոր Զելանտիաի մէջ գտնուած ամենէն մէծ համալսարան է։
1883 թուականին Նոր Զելատնիա համալսարանին հիմնադիրը բարձրագոյն կրթութեան կազմակերպութիւն հաստատած է։Ասկէ վէրջ այս համալսարանը Օքլընտի համալսարանի իր մէջը պարունակող համալսարաներուն բաժնուած է։Հալասարանը 8 ֆակուլտէ, 6 կամպուս եւ 39.000 աշակերտ գոյութիւն ունի։ Բժշկական կրթութեան համար 2004 թուականին 1400 աշակերտ արցանագրուած է։ Համալսարանի աշակերտներէն 9.000 հոգի բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանայ։
Մասնաճիւղեր
Արվեստ, Աշխատանք եւ տնտեսական, Ստեղծագործական Արուեստներ, Ազգային Իստիտումը Կրթութիւն, Ճարտարագիտութիւն, Դեղ եւ Առողջապահական Գիտութիւններ, Գիտութիւն, Աստուածաբանութեան Դպրոց, Իրավաբանութիւն։https://tryengineering.org/hy/university/university-of-auckland/ |
2,387 | Խորէն Գալընեան | Խորէն Գալընեան (Գալիեան, 1880, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է մօտ 1880 թուականին, Խարբերդի նահանգի կեդրոն, Խարբերդ քաղաքի մէջ՝ պատուելիի ընտանիքի մէջ։ Թուրքերը հօրն սպանած են՝ Խարբերդի իր տան տանիքը, իսկ մօրը՝ Բամբիշ Ալմաստին եւ մանուկ Խորէնին տարած եւ թուրքացուցած են՝ վերջինիս տալով Խայրուլլա անունը։ Մայրն իր խնայած 60 ոսկին տուած է որդիին բժշկական կրթութեան համար։ 1904 թուականին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական ֆակուլտետը։ Խարբերդի թուրքերու շրջապատէն ներս եղած է յարգուած բժիշկ Խայրուլլա։ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայած է որպէս զինուորական բժիշկ եւ դեղագործ։ Պաշտօնի բերումով շրջած է Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր նահանգները։
1915 թուականին՝ իրենց բնօրրաններէն տեղահանուած հայ գաղթականներու հետ, հասած է մինչեւ ՏԷր Զօր, ուր տեսած է, թէ ինչպէս շատերուն շարած ու շարքով մորթած են։ Աքսորեալները դիմած են բժիշկի օգնութեան եւ ան՝ իր ուժերու ներած չափով, գաղտնի կերպով օգնած է անոնց ու ազատած Եաթաղանէն։ Խարբերդի մէջ, թուրքերը անոր վրայ պահակ դրած են, որ ան հայերուն բժշկական օգնութիւն չցուցաբերէ։ Սակայն, այնուամենայնիւ, հնարաւորութեան ժամանակ՝ միշտ եւ ամենատարբեր հարցերով, օգնած է ազգակիցներուն։ Յետագային, զգալով իր գլխուն կուտակուող մութ ամպերը, իր ընտանիքի բեռները գաղտնի ճանապարհով ուղարկած է Հալէպ եւ օր մըն ալ վերադառնալով Կ. Պոլսէն, հաւաքած է ընտանիքը ու ծածուկ հեռացած՝ Խարբերդէն։ Այդպէս գաղթելով՝ հասած են Տիգրանակերտ (Դիարբեքիր), Մարտին, Հալէպ, Պէյրութ, Եգիպտոս։
1948 թուականին ընտանիքով հայրենադարձուած է Խորհրդային Հայաստան։
== Կենսագրութիւն ==
Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
Սվազլեան Վերժինէ, Հայոց ցեղասպանութիւն։ Ականատես վերապրողների վկայութիւններ, Երեւան, 2000։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։
Վերոբերեալը բանահաւաք Վերժինէ Սվազլեանին պատմած է բժիշկ Խորէնի որդին՝ Ռոպէր Գալընեանը։1912 թ., Խարբերդում)։ |
6,118 | Սինկափուրի ֆրանսական Համալսարան | Սինկափուրի ֆրանսական համալսարան (IFS), կը հանդիսանայ ֆրանսական համալսարաններու համաշխարհային ցանցի անդամ։
== Պատմութիւն ==
2011-ին ֆրանսական մշակութային ցանցը պաշտօնապէս միաւորուած է Ֆրանսական Համալսարան անունով՝ հետեւելով համաշխարհային մշակութային բարեփոխման եւ գործակցական ցանցի Արտաքին գործերու նախարարութեան, նաեւ Ֆրանսայի եւրոպական գործերու նախարարութեան կողմէ հաստատուած 24 Յունիս 2010֊ի օրէնքին` փոխելով ֆրանսական մշակութային գործունէութիւնը, որ նախապէս կը մտնէր Culturesfrance միաւորման մէջ։ Այս վերակազմակերպումը նպաստած է միասնութեան եւ աւելի պարզ կառավարման։ Ֆրանսական դեսպանատան համալսարանը կրթութեան լեզուական եւ մշակութային համագործակցութեան ծառայութիւնները միաձուլած է` դառնալով Սինկափուրի ֆրանսական համալսարան։ Այն սերտ կապեր կը պահպանէ գլխաւոր հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ երկրի ֆրանսական դաշինքի գրասենեակի եւ ազգային ու տեղական իշխանութիւններու հետ։ Այսպիսով, միակ քննական կեդրոնը ստեղծուած է Սինկափուրի ֆրանսական կեդրոնի նախարարութեան կողմէ հմտութիւններու գնահատման համար, որու հիմքը կ՛իյնայ լեզուներու եւրոպական ընդհանուր շրջանակը։ Այն հաւատարմագրուած է նաեւ ֆրանսական լեզուներու միջազգային հաւաստագրերով։
== Մշակութային գործունէութիւն ==
Համալսարանի մշակութային կեդրոնը մասնակցութիւն ունի ազգային- մշակութային կեանքին մէջ` կազմակերպելով մօտ 200 միջոցառում՝ ըստ նախագիծերու։ IF- ը կը մասնակցէր նաեւ արտաքին միջոցառումներու մշակութային աջակցութեան շրջանակներուն մէջ, եւ ֆրանսայի եւ Սինկափուրի փոխհամագործակցութեամբ կը զարգանար գործընկերային յարաբերութիւն ուրիշ կառավարութեան կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։ Սինկափուրի համալսարանը յատուկ առաքելութիւն ունի կինոյի եւ տեսալսողական գործունէութեան վերաբերեալ։ Անոր իրաւասութիւններու շրջանակը կը ներառէ Հարաւային Ասիոյ վեց երկիր` Սինկափուր, Ինտոնեզիա, Մալազիա, Ֆիլիպպիններ, Պրունէյ եւ Արեւելեան Թիմօր։ Ան կը գործէ յատկապէս հարաւասիական CMN մէկ կողմէ Ֆրանսէայի եւ եւրոպացիներու հետ, միւս կողմէ նաեւ ֆրանսական multimedia-ի զարգացում (գեղարուեստական տեսախաղեր, համացանց֊ հարթակներ, փաստագրական ֆիլմեր, ժամանակակից երաժշտութիւն).։ Սինկափուրի ֆրանսական համալսարանը դերակատարում ունի Սինկափուրի գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ ֆրանսերէնի օգտագործման գործին մէջ։ IF-ը կ՛օգնէ յայտնաբերել օրինական գործընկերներ եւ կը նպաստէ անոնց հաղորդակցութեան ֆրանսական հաստատութիւններու հետ ինչպէս տեղական, այնպէս ալ եւրոպական մակարդակով։ IFS-ը մշակուած է Սինկափուրի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան հետ հաղորդակցութիւն Merlion գիտական ծրագրով, որ իր ստեղծման օրէն կ՛աջակցի աւելի քան 200 նախագիծեր Ֆրանսայի եւ Սինկափուրի միջեւ։
=== Վոլիա փառատօն ===
2014-էն IF կը կազմակերպէ organise փառատօն Voilah։ Ան հաւաքագրած է աւելի քան 265000 այցելու եւ հանդիսատես 2017-ի կէս ամսուան ընթացքին։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Site officiel de l'IF de Singapour |
17,987 | Մարիամ Շահինեան | Մարիամ Շահինեան (1911, Սեբաստիա - 1996, Պոլիս, Թուրքիա), անուանի հայ լուսանկարիչ, Թուրքիոյ առաջին կին լուսանկարիչը։
== Կենսագրութիւն ==
Մարիամ ծնած է Թուրքիա, Սվազի կենդրոնը գտնուող Շահինեաններու առանձնատունը։ Անոր մեծ հայրը՝ Յակոբ Շահինեան Փաշան, 1877-ին հիմնադրուած օսմանեան առաջին խորհրդարանին մէջ եղած է Սվազի ներկայացուցիչը։
1915 թուականի Մեծ Եղեռնէն յետոյ, 4 տարեկան Մարիամին ընտանիքը փախած է Իսթանպուլ ձգելով անձնական տուն, 5 ալիւրի գործարաններ եւ մեծաքանակ անշարժ գոյքեր։
Եղեռնի օրերուն ընտանիքը հանգրուանած է Իսթանպուլ։ Մարիամը սկսած է յաճախել տեղի հայկական Եսայեան Սանուց վարժարանը։
Անոր հայրը՝ Միհրանը, չափազանց հետաքրքրուած է լուսանկարչութեամբ։
1933 թուականին, ան սկսած է աշխատիլ Իսթանպուլի Բերա թաղամասի «Ֆոթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչատան մէջ։
1936-ին, Մարիամի մայրը՝ Տիգրանուհին, յանկարծակի մահացած է, ընտանիքը նիւթական դժուար վիճակի մէջ ձգելով։ Այս պայմաններով առաջնորդուած, Մարիամը ստիպուած ֆրանսական դպրոցը ձգած եւ սկսած է հօր հետեւիլ, որպէս անոր արուետանոցի գործերուն օգնական։
1937-ին, ան սկսած է արուետանոցը ինքնուրոյն ղեկավարել եւ այդպէս ալ շարունակած է մինչեւ 1985 թուական։
Ան մահացած է 1996 թուականին, Իսթանպուլի իր տան մէջ ու թաղուած է Շիշլիի հայկական գերեզմանոցը:
== Լուսանկարներուն պատմական արժէքը ==
Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն նկարուած, մօտ 200,000 լուսանկարներէ բաղկացած հարուստ արխիւը, պատմական այդ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ ընկերային իրաւացի վկան է։
Այնտեղ առկայ են յիշատակի համար նկարուող զինուորականներու, ընտանիքներու, կաթոլիկ կրօնաւորներու, օտար պաշտօնեաներու, հայ կղերականներու, կանանց, հրեայ մանուկներու, յոյն աղջիկներու, Պոլշէվիկեան Յեղափոխութենէն փախելով Իսթանպուլ հաստատուած ռուսերու, օպերային երգիչներու, երաժիշտներու եւ այլ բազմաթիւ նկարներ։
Մարիամի լուսանկարներուն մէջ նկատելի է նկարուող կանանց զգեստներու ոճը, անոնց գլխարկները, նոյն տան մէջ բնակող կանանց, քոյրերուն, մանուկներուն, նոյնանման կտորներով պատրաստուած հագուստները. երեւոյթ մը որ հաւանաբար հաւասարութեան եւ սիրոյ նշան էր այն ատեն։
1985-ին, Շահինեան իր լուսանկարչատունը յանձնելէն ետք, անոր “Foto Galatasaray” լուսանկարչատան մէջ նկարած լուսանկարներու թանկարժէք արխիւը տեղափոխուած է «Արաս» հրատարակչութեան տիրոջ՝ Եդուարդ Թովմասեանին պահեստը:
== Լուսանկարներու դասակարգումը ==
Երկար տարիներ ետք, թուրք հետազօտող Թայֆուն Սերթաշի ջանքերով կայացած է Շահինեանի արխիւին մէջ գտնուող լուսանկարներու դասակարգման, մաքրման, թուայնացման, թուային վերականգնման եւ դասակարգման երկար աշխատանքը, որուն արդիւնքով կարելի դարձած է լուսանկարները ցուցադրել 2012 թուականին, «Բաց արխիւ» նախագիծի շրջանակէն ներս։
2016 թուականին, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Թայֆուն Սէրթաշի “Foto Galatasaray” գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Մարիամ Շահինեանի լուսանկարչական արխիւէն մօտ հազար լուսանկար։
Մարիամ Շահինեանի սեւ ու սպիտակ, ապակեայ նէկաթիվներով լուսանկարները, Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի մեզի հասած ամբողջական եւ անթերի լուսանկարներու հազուագիւտ օրինակ է։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,456 | Քուլիս Ալեպիս | Քուլիս (Քիրիաքոս) Ալեփիս (Սեպտեմբեր 1903, Արեոպոլիս, Municipality of East Mani, Laconia Regional Unit, Պելոպոնես - 13 Օգոստոս 1986(1986-08-13), Սեպտեմբեր 1903, Արէոփոլիս (Յունաստան) - 13 Օգոստոս 1986), յոյն բանաստեղծ, թարգմանիչ, նկարիչ։
== Կենսագրութիւն ==
Քուլիս ծնած է Յունաստանի Լաքոնիայի Արէոփոլիս քաղաքին մէջ։ Ան եղած է իր ընտանիքին 12 զաւակներէն վեցերորդը: Աթէնքի մէջ իրաւագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ իր ուսումը անբողջացնելով, ան բանաստեղծութիւններ կը սկսի հրատարակել յունական հանդէսներու մէջ: Այնուհետեւ, 27 տարեկանին, պաշտօն կը ստանձնէ Յունաստանի Արղոսի տնտեսական նախարարութեան մէջ, ուր աշխատած է 10 տարի։
1935-ին՝ Քոսթիս Փալամասի մղումով կը սկսի սերտել հայ մշակոյթը, ընթերցելով հայ բանաստեղծներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները: Խորանալով եւ փափաքելով տեղեկանալ այս գծով, կ'այցելէ «Նոր Օր» օրաթերթի խմբագրատունը: Այդտեղ կը հանդիպի երիտասարդ խմբագիր եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանի հետ:
1960 թուականին անցած է թոշակի։
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,750 | Դրօ | Դրաստամատ Մարտիրոս Կանայեան (Դրօ), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զօրավար (ընդհանուր հրամանատար), ֆետայի, Ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ռազմական նախարար (1920), Հայաստանի դեմոկրատական Հանրապետութեան հիմնադիրներէն։ Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Դրօն նպատակ ունենալով Հայաստանի անկախութիւնը Խորհրդային միութենէն վերականգնել, Գերմանիոյ զինուած ուժերու կազմին մէջ ստեղծուած Հայկական զօրախումբին հրամանատար։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1884-ին Ռուսական կայսրութեան տարածքին գտնուող Սուրմալու գաւառի Իգտիր քաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Մարտիրոս Կանայեան, ճանչցուած էր որպէս խելացի, ուժեղ կամքով, հարուստ, ազդեցիկ եւ ժողովուրդին մէջ յարգանք վայելող մարդ։ Իր մեծ տան մէջ հիւրերը անպակաս էին եւ հայկական շունչ ու ոգի կար անոր յարկին տակ։ Դրօ կը մեծնայ այդ մթնոլորտին մէջ։ Ան կը սիրէր դաշտերը թափառիլ, մանաւանդ՝ զօրանոցներու շրջակայքին մէջ, ուր հմայուած էր ընթացող զինուորական մարզանքներով։ Փոքր տարիքէն հայրը զինք կը տանի Իգտիրի (Սուրմալու) ծխական դպրոցը։ Սակայն Դրօ գիրքերու եւ ուսման նկատմամբ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։ Ան կը փախչի դպրոցէն Իգտիրի ռազմական զօրանոցներուն մօտ թափառելու նպատակով: Հայրը զինք կը տեղափոխէ Երեւան՝ քիմիագիտութեան-դպրոց։ Ոգեշնչուած հայ ֆետայիներու յաղթանակներով եւ Դաշնակցութեան ազգային գաղափարներով՝ Դրաստամատ Կանայեան դպրոցին մէջ կը ստեղծէ երիտասարդական գաղտնի շարժում մը, որ ուղղուած էր ցարական իշխանութեան դէմ։
== Եկեղեցապատկան գոյքերու բռնագրաւման օրէնք ==
12 Յունիս-ին ցարական իշխանութիւնը օրէնք մը կ'որդեգրէ, որմով կը բռնագրաւէր Հայ եկեղեցւոյ ամբողջ գոյքերը, ինչ որ հայ ժողովուրդին մօտ զայրոյթ կը յառաջացնէ։ Ժողովուրդը լաւ կը հասկանար, որ այս օրէնքը սպառնալիքի տակ կը դնէր հայ ազգին գոյութիւնը, որովհետեւ հայապահպանութեան մէջ մեծ դեր ունէր եկեղեցին եւ հայոց ամբողջ պատմութեան ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը պետականութիւն չէր ունեցած, եկեղեցին էր որ իր վրայ առած էր հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման հարցերը։ Ուստի Դաշնակցութիւնը կ'որոշէ զինուած խումբեր ստեղծել, որոնք հանդէս կու գային որպէս եկեղեցական գոյքերու պահապաններ եւ կ'իրականացնէին զանգուածային ցոյցեր։
Դրօ, որ խառնուածքով ըմբոստ տղայ մըն էր, ամբողջութեամբ կը նետուի կռիւի մէջ։
Նոյն տարուան ամառը մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան. դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը սակայն ահազանգի կը մատնէ գործը։ Թէջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ՝ Մարտիրոսը, մատնութիւններ կ՛ընէ։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյի եւ Գերդանի կը վիճակուի անոր հաշիւը մաքրելը։ Կը հասնի յարմար առիթը, երբ Կանայեաններու մտերիմ բարեկամ՝ ռուս սպայ Սաշա Զաբոլոտկօ եւ իր ընկերները Դրոյենց տան հիւրերը կ՛ըլլան։ Երեկոյեան՝ կերուխումի պահուն, լուր կը հասնի Դրոյի, թէ դաւաճանը երկու հոգիի հետ հրապարակի վրայ է։ Դրօ դուրս կը թռչի եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ զայն։ Վրայ կը հասնի Գերդան եւ երկու դաշոյնի հարուած ալ ան կու տայ դաւաճանին։ Երկու ահաբեկիչները կը ձգեն դէպքին վայրը։ Դրօ կը վերադառնայ տուն։ Ծանրօրէն վիրաւորուած Մարտիրոս սակայն անմիջապէս չի մահանար. ձերբակալութիւններ կը կատարուին. կը ձերբակալուի նաեւ Դրօն։ Երբ կը տեսնէ Դրօն Մարտիրոս կ՛ըսէ, թէ ան էր զինք ահաբեկողը։ Ռուս սպայ՝ Սաշան կը պնդէ, թէ Դրօ իրեն հետ էր եւ կ՛աւելցնէ, թէ Մարտիրոս տաքութեան մէջ կը զառանցէր եւ գիտակից չէր իր ըսածին։ Քանի մը օր ետք Դրօ ազատ կ՛արձակուի։
Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ՛ըլլայ։ Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ՛անցնի Հիւսիսային Կովկասի Պիատիգորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի։
== Հայ-թաթարական կռիւներ ==
1905-ին Պաքուի մէջ սկիզբ կ'առնեն հայ բնակչութեան կոտորածները, որոնք կը հրահրուէին ցարական իշխանութեան կողմէ։ 6 Փետրուար 1905-ին Պաքուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը։ Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ՛անցնի Պաքու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին, Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ։
Պաքուի նաւթաշխարհին մէջ, հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ կը ներկայացնէր։ Հոն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար։ Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար կը դիմէր որեւէ միջոցի. այս պարագային, տգէտ մահմետականութիւնը կը ծառայէ իբրեւ գործիք հայերու դէմ։ Ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ յանկարծակիի եկած հայեր զոհ կ՛երթան թալանող ու կոտորող ազերի թուրքին։ Պարզ էր, թէ ցարական իշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, զորս կը գործադրէր նահանգապետ Նակաշիձէի ձեռքով։ Շրջանի Կ.Կոմիտէի կողմէ կ՛առնուի անոր ահաբեկման որոշումը։ Նիկոլ Դուման 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյի կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 Մայիս 1905-ին օր ցերեկով Դրօ կ՛իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը։
Պաքուէն ետք Դրօ կը շտապէ Երեւան։ Հոն քաղաքի թուրքերը սպաննած էին 20-25 հայեր։ Շրջանի մարտական ղեկավար Խեչոյին հետ խորհրդակցելով՝ կը ծրագրէ ուժեղ հակահարուած մը տալ թշնամիին։ Նոյն թուականի Օգոստոսին Դուման Դրօն կ'ուղարկէ Նախիջեւան: Նորս գիւղը ընտրելով իբրեւ կեդրոն՝ ան կը սկսի Նախիջեւանի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործը։
Դրօ այնուհետեւ Արշակ Գավաֆեանի (Քեռի)ի ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ մարտեր եւ ի վերջոյ թշնամին կը ստիպէ պարտուած հաշտութիւն կնքել։ Այս ինքնապաշտպանական մարտերուն մէջ Դրօ կը փաստէ իր հմուտ ռազմահրամանատար ըլլալը։
== Ա. համաշխարհային պատերազմ ==
1915-ին կամաւորական զօրագունդին գլուխը անցած Դրօ կը մտնէ Վան: Անոր կողմէ իրականացած բոլոր մարտերը յաջողութեամբ կը պսակուին։
Դրօ արդէն մեծ հեղինակութիւն ունէր որպէս հրամանատար օսմանեան բանակի դէմ տարած յաղթանակներով։ Մարտ 1918-ին Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ նշանակուած է Հայոց ռազմական բանակին հրամանատար։
=== Բաշ-Ապարանի ճակատամարտ ===
23-28 Մայիսին ան կը ստանձնէ Բաշ-Ապարանի հերոսամարտ հրամանատարութիւնը։ Ապարանի ճակատամարտը, Դրոյին փառքի գագաթնակէտն էր։ Հայ ժողովուրդին համար ամէնէն օրհասական այդ օրերուն ան կրցաւ ոչ միայն կասեցնել թրքական 13.000-նոց զօրաբանակին յառաջխաղացքը դէպի Երեւան, այլեւ ջախջախիչ հարուած հասցուց թուրքերուն, որոնք խուճապահար փախան մարտադաշտէն։
== Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն ==
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Դրօ ձեռնամուխ կ՛ըլլայ հայկական բանակի կազմաւորման։ Սակայն անոր վաստակը անուրանալի է յատկապէս երկրի ներքաղաքական կեանքի կայունացման գործին մէջ։ Դրօ յատուկ խումբ մը կը յառաջացնէ, որու նպատակը մաուզերիզմի դէմ պայքարն էր։ Դրօ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կը կարենայ խիստ միջոցներով արմատախիլ ընել մաուզերիզմը Հայաստանի մէջ եւ երկրին մէջ կարգ ու կանոն հաստատել։
1920-ի աշնան՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան օրով, ան կը ստանձնէ ռազմական նախարարի պաշտօնը։ Այն ատեն Դրօ կը յատկանշուի իր ռուսամէտ կեցուածքով։ Ան կը կարծէր, որ Հայ-թրքական պատերազմի պայմաններուն մէջ միակ ճիշդ քայլը Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատելն է, ինչ որ չէր հասկնար դաշնակցական կառավարութիւնը։
Նախարարապետ Վրացեան. «Ի նկատի ունենալով արտաքին հանգամանքների շնորհիւ երկրում ստեղծուած կացութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր 2 Դեկտեմբեր 1920-ի նիստին մէջ որոշեց հրաժարիլ իշխանութենէն եւ յանձնել զինուորական եւ քաղաքացիական բովանդակ իշխանութիւնը, զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատարին որպիսի պաշտօնում նշանակել ռազմական նախարար Դրոյին»:
Երբ Հայհեղկոմը Երեւան կը ժամանէ, բնակչութեան դէմ բռնութիւնները կը սկսին։ Դրօն միակն էր, որ կ՛ըմբոստանայ եւ կ'ընդդիմանայ հայ բոլշեւիկներու գործելակերպին։
Յունուար 1921-ին Դրօ Մոսկուա կ'աքսորուի, ուր չորս տարի կը մնայ։ 1925-ին Դրօ կը յաջողի Փարիզ անցնիլ ապա՝ Ռումանիա:
1933-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ժբ. Ընդհանուր ժողովը զինք ցմահ կ'ընտրէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ։
== Հայ-վրացական պատերազմ ==
1918-ին Հայաստան դիւանագիտական, ռազմական ու տնտեսական մեկուսացման մէջ էր։ Վիճակը կը բարելաւուի, երբ Ա. Աշխարհամարտին (1914–1918 թուականներուն) Թուրքիա պարտութիւն կը կրէ եւ կը սկսի հեռանալ Հարաւային Կովկասի գրաւուած շրջաններէն, այդ թիւին մէջ՝ Լոռիի եւ Ախալքալաքի գաւառներէն։ Սակայն այդ տարածքներու պատկանելութեան շուրջ հակամարտութիւն կը ծագի Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, որ 1918-ի Դեկտեմբերի կէսերուն վերածուած էր Հայ-վրացական պատերազմի: Հայաստանի դեմոկրատական կառավարութիւնը Դրոյին կը վստահի հայկական բանակի հրամանատարութիւնը ու կը յանձնարարէ Լոռին մաքրել վրացիներէն։ Շուրջ մէկ ամիս տեւած պատերազմի ընթացքին հայկական զօրքերը Դրոյի առաջնորդութեանբ կը ջախջախեն վրացական զօրքերը, Դրօ կը յաջողի մաքրել Լոռին վրացիներէն եւ կը պատրաստուի շարժիլ դէպի Թիֆլիս։ Հայկական գրոհը կը կասեցուի միայն անգլիական դիւանագիտական ճնշման տակ։ Նկատի կ'առնուի նաեւ որ Թիֆլիս հինէն ի վեր մեծ մասամբ բնակուած էր հայերով։
== Հայ-ազրպէյճանական կռիւներ ==
Դեկտեմբեր 1919-ի կէսերուն 600 զինուորներով Գորիս կը հասնի Զանգեզուր-Ղարաբաղ ռազմական ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակուած Դրօն։ Կարճ ժամանակի ընթացքին՝ մինչեւ 19 Յունուար, ողջ Զանգեզուրը կ'ազատագրուի: Դրոյին ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը կռուէին Եապոնի, Գարեգին Նժդեհի, տաթեւացի Վարդանի, Արտեմ Խանզատեանի եւ միւս հրամանատարներու առաջնորդած մարտական ուժերը: Դրօ փաստօրէն իր աւարտին կը հասցնէ Անդրանիկ Օզանեանի կիսատ ձգած գործը։
Արցախի մէջ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար Օգոստոս 1919-ին կայացած Արցախահայութեան եօթներորդ համագումարին որոշում առնուած էր, մինչեւ Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովի ընթացքին վերջնական լուծումը, ժամանակաւորապէս ընդունիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը։ «Ռումբը կը պայթի» 22 Մարտ 1920-ի երեկոյեան՝ իսլամական Նովրուզ-Պայրամի օրը։ Թեժ մարտեր կը մղուին յատկապէս Վարանդայի մէջ, Ասկերանի ճակատին եւ Տումի-Խծաբերդի ու Մսուլմանլարի շրջաններուն մէջ։ Ասկերանի բերդի կռիւները կը տեւեն 18 օր. շուրջ 500 հայեր ընդդէմ՝ 3500-4000 հոգինոց բաղկացած կանոնաւոր զօրքին։ Թուրք-թաթարական ուժերու Ասկերանի գրաւումէն ետք կը սկսի Շուշիի կոտորածը։ Երեք օր ու գիշեր քաղաքի հայկական մասը հրդեհներու մէջ էր։ «Մշակ» թերթի 9 Մայիս 1920-ին թիւին մէջ Մարիեթա Շահինեան կը վկայէ, որ այդ օրերուն այրած է 7000 տուն, սպաննուած՝ 12.000 հայ։
Այս արիւնահեղութիւնը Հայաստանի կառավարութեան կը հարկադրէ օգնութեան հասնիլ Արցախին։ 14 Ապրիլին Դրոյին զօրագունդը կը մտնէ Շուշի: Կը հռչակուի Ղարաբաղի հայկական կառավարութիւն։ Կ՛ազատագրուի Արցախի մէկ մասը, յարաբերաբար խաղաղութիւն կը տիրէ։ 25 Ապրիլին Թաղաւարդ գիւղին մէջ հրաւիրուած Ղարաբաղի հայութեան 9-րդ համագումարը կ'որոշէ «հռչակել Լեռնային Ղարաբաղի միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան որպէս անոր անբաժան մասը»:
Հատուած Դրոյի Ղարաբաղի «հայ ազգաբնակչութեան» ուղղած կոչէն՝ 26 Ապրիլ, 1920.
Դրոյի փայփայած երազը, դժբախտաբար, չ՛իրականանար։ 28 Ապրիլին Ազրպէյճանի մէջ կը հռչակուի խորհրդային իշխանութիւն։ Յաջորդ օրը դիմակափոխ մուսաֆաթականները վերջնագիր կը ներկայացնեն՝ զօրքերը Արցախէն դուրս բերելու պահանջքով, հակառակ պարագային՝ կարմիր բանակի օգնութեամբ վռնտելու սպառնալիքով։ 5 Մայիսին Դրոյին հետ բանակցելու համար Արցախ կը ժամանէ 11-րդ կարմիր բանակի ռազմա-յեղափոխական կոմիտէի նախագահ Սերգօ Օրջոնիկիձէի ներկայացուցիչներ Սահակ Տէր-Գաբրիէլեան ու Լեւանդովսկին, 12 Մայիսին կարմիր բանակի զօրագունդը կը մտնէ Շուշի։ 25 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրքերը կառավարութեան հրամանով կը ձգեն Արցախը։ Այսպէս՝ բոլշեւիկներու ճնշման տակ Արցախի ազատագրումը կը յետաձգուի 70 տարիով։
== 1920-ի հայ-թրքական պատերազմ ==
Հայաստանի կառավարութիւնը, մեկնելով ռազմաճակատին մէջ տիրող կացութենէն, հայկական զօրաբանակին հրամանատարութեան ուժերը կը կեդրոնանան հիմնականին մէջ Կարսի եւ Սուրմալուի ուղղութեամբ. եթէ թուրքերը յաղթէին Սուրմալուի ճակատին մէջ, ուղղակիօրէն կը մտնէին Երեւան։ Կարսի ճակատի հրամանատարը Մովսէս Սիլիկեանն էր, Սուրմալուինը՝ Դրօն։ Սուրմալուի ճակատը թրքական կանոնաւոր եւ քրտական աւելի քան 10.000-նոց զօրագունդերու դէմ կանգնած էին 3.000 մարտունակ եւ հայրենիքին ու Դրոյին նուիրուած քաջակորով հայորդիներ։ Քանի մը օր ընթացող կռիւներուն հայ զինուորները պարտութեան կը մատնեն թուրքերը եւ ծանր կորուստներ պատճառելով կը հարկադրուին նահանջել։ Ի տարբերութիւն Սուրմալուի՝ Կարսի ճակատին դրութիւնը գնահատելի չէր։ Կարսի պաշտպանութիւնը ստանձնած ուժերը հայ բոլշեւիկներու շարունակական քարոզչական ազդեցութեան տակ գտնուելով իրենց կարմիր եղբայրներուն արժանաբար եւ եղբայրաբար դիմաւորելու համար հզօր բերդաքաղաքը առանց դիմադրութեան 30 Հոկտեմբերին կը յանձնեն թուրքերուն։ Քանի մը օր ետք Կարս բախտին կ'արժանանայ նաեւ Ալեքսանդրապոլը: Շիրակի ծանր կացութիւնը Սուրմալուն յաղթած Դրոյին զինուժին կը հարկադրէ ձգել պաշտպանութեան բնագիծերը եւ կամուրջները այրելով անցնիլ Արաքսը:
== Բ. համաշխարհային պատերազմ ==
Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Դրօ, կապեր ունէր Գերմանիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ յատկապէս Մ. Պորմանի ու Ա. Ռոզենպըրկի ու այլ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ։ Ըստ Դրոյի եւ գերմանացիներու միջեւ պայմանագիրին՝ յաղթելու պարագային Հայաստանի պէտք էր վերադարձուէին Նախիջեւանը, Ղարաբաղը եւ Ախալքալաքի մէկ մասը։ Դրոյի Հայապահպան ծրագիրին կը մասնակցին նաեւ այլ հայորդիներ։ 30 Դեկտեմբեր 1941-ին կը ստեղծուի «Հայկական 812-րդ գումարտակը» Դրոյի ընդհանուր հրամանատարութեամբ, որ ստեղծման պահուն 8.000 հոգի կը հաշուէր, հետագային նազիստներու արեւելեան արշաւանքին ժամանակ գերի բռնուած հայ զինուորներու թիւը կը հասնի 33.000-ի։ Դրօ «812-րդ գումարտակի գործողութիւնները կը ծաւալէ Ղրիմի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ։
Եթէ Ստալինկրատի ճակատամարտին Գերմանիա յաղթէր, Թուրքիա պատրաստ էր պատերազմ յայտարարել Խորհրդային Միութեան դէմ ու ներխուժել Հայաստան։ Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ինչ կը մնար այդ ատեն Հայաստանէն եւ հայութենէն։ Հայկական լեգէոնի առաքելութիւնը պիտի ըլլար Ստալինկրատի գերմանական զօրքերու յաղթանակէն անմիջապէս ետք, հիւսիսէն մտնել Հայաստան։
Բ. աշխարհամարտի տարիներուն գերակշռող էր Դրոյի դերը հայ ռազմագերիներու փրկութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ան էապէս կը նպաստէ, որ ֆաշիստ Գերմանիան փոխէր իր վերաբերմունքը հայերուն հանդէպ, եւ հայերը Եւրոպայի մէջ չունենան հրեաներուն ճակատագիրը։
== Մահը ==
Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք Դրօ կը ձերբակալուի, բայց շուտով ազատ կ'արձակուի։ Կը հաստատուի Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ, ուր կը շարունակէ զբաղիլ հայկական հարցի լուծման ուղղութեամբ քաղաքական աշխոյժ գործունէութեամբ։ Այնուհետեւ կը հաստատուի հայաշատ Լիբանանի մէջ։ Բուժման նպատակով կ'այցելէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ։
Կը մահանայ 8 Մարտ 1956-ին. անոր վերջին խօսքերը կ՛ըլլան. «ախ մէկ էլ երկիրս տեսնէի» բառերը։
Թաղուած է Պոսթըն։ 29 Մայիս 2000-ին վերայուղարկաւորուած է Ապարանի ճակատամարտի յուշահամալիրին աջ եզրաթումբին վրայ։
== Դրոյի յիշատակին ==
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմնած է Դրաստամատ Կանայեանի անուան ռազմավարական ակադեմիան։ Յունուար 2001-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հիմնէ «Դրաստամատ Կանայեան» շքանշանը, որմով կը պարգեւատրուին ռազմական ուսուցման բնագաւառին մէջ աչքի ինկած զինուորականները, ազատամարտիկները եւ քաղաքական անձինք։
== Պատկերասրահ ==
== Գրականութիւն ==
Դրո /կենսագրական։ Հուշեր։ Վկայութիւններ/, Երեւան, 1991, 414 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/975/Dro.pdf
Համլետ Գեւորգյան, Դրո; առաջին հրատ., Երեւան, 1999, 558 էջ, երկրորդ հրատ., Երեւան, 2000, 582 էջ, երրորդ հրատ., Երեւան, 2007, 670 էջ, 4-րդ հրատ, Երեւան, 2014, 920 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/979/Dro.pdf
Վարանդեան Միքայէլ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, հատ. Ա., Փարիզ, 1932, 510 էջ, հատ. Բ., Գահիրէ, 1950, 133 էջ, 2-րդ հրատ., հատ. Ա. Թեհրան, 1981, 352 էջ, հատ. Բ., Թեհրան, 1981, 351 էջ, 3-րդ հրատ., հատ. Ա. – Բ., Երեւան, ԵՊՀ, 1992, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/116/Dashnak1.pdf
Վրացեան Սիմօն, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, Պէյրութ, 1968, Թեհրան, 1982, Երեւան, 1993, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/286/HH_Simon%20Vracyan.pdf
«Ալիք» օրաթերթ, բացառիկ համար. «Դրօյի յիշատակին», Թեհրան, 1956։
Գեւորգյան Համլետ «Ազատագրական պայքարի Կովկասյան ճակատը», 2010, 528 էջ։
Դրօ, Պէյրութ, 1956:
Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան. 1884-1956): Կենսագրական նօթեր, Պէյրութ, 1956, 48 էջ:
Դրօն եւ իր գօրծը, Հալէպ, 1948, 52 էջ:
Թոռլաքեան Միսաք «Օրերուս հետ», Պոսթըն, 1953, 567 էջ, Թեհրան, 1982, 588 էջ, Պէյրութ, 1963, 2001, 623 էջ։
Հովհաննիսյան Ռիչարդ «Հայաստանի հանրապետութիւն», հատ. 1. (1918–1919 թթ.), 2005, 604 էջ։
Հովհաննիսյան Ռիչարդ «Հայաստանի հանրապետութիւն», հատ. 4. (Սալի եւ մանգաղի միջեւ։ Մասնատում եւ խորհրդայնացում 1920–1921 թթ.), 2016, 548 էջ։
Չելեպեան Անդրանիկ «Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան)», Սաութֆիլդ, 2003, 422 էջ։
Պետրոսյան Գեղամ «Հայաստանի հանրապետութեան հարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ (1918–1920 թթ.)», 2011, 416 էջ։
Սարդարյան Կտրիճ «Հայ-վրացական հարաբերութիւնները 1918-1921 թթ.», 2002։
«Վէմ», երկամսեայ հանդէս, Պէյրութ, 1934, թիւ 3, 6։
Վիրաբյան Վանիկ «1918 թ. վրաց–հայկական պատերազմը, ՀՀ կառաւարութեան ռազմաքաղաքական գործունեութիւնը եւ կուսակցութիւնները», 2003, 252 էջ։
Վիրաբյան Վանիկ «Հայ–վրացական հարաբերութիւնները եւ Լոռու Չեզոք գոտին 1920–1921 թթ. (տարածքային սահմանազատումը)», 2015, 92 էջ։
Վիրաբյան Վանիկ «Հայ – վրացական ռազմաքաղաքական հարաբերութիւնները 1918 – 1921 թթ.», 2016, 828 էջ։
Վիրաբյան Վանիկ «Հայաստանի առաջին հանրապետութեան միլիցիան եւ ներքին գործերի նախարարութիւնը (1918–1920 թթ.)», 2003, 152 էջ։
Վիրաբյան Վանիկ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական անվտանգութեան համակարգի ստեղծումը եւ գործունեութիւնը 1918–1920 թթ. (Հետախուզութիւն, բանակ, ՆԳՆ)», 2015, 746 էջ։
Վրացեան Սիմօն «Կեանքի ուղիներով», հատ. Դ., Պէյրութ, 1965, 307 էջ, Պէյրութ, 2007, 300 էջ։
Վրացեան Սիմօն «Հայաստանի հանրապետութիւն», Փարիզ, 1928, 548 էջ, Պէյրութ, 1958, 684 էջ, Թեհրան, 1982, 684 էջ, Երեւան, 1993, 704 էջ։
Վրացեան Սիմօն «Մրրկածին Դրօն», Պէյրութ, 1968, 1996, 207 էջ։
== Արտաքին յղումներ ==
Ուիքիդարան - Ռոբերտ Քոչարյանի ելույթը Դրոյի աճյունը հայրենիքում ամփոփելու առթիվ։
Առաջին այրեր. Դրո - https://www.youtube.com/watch?v=9kXjQ2qwVe4
Ելիր, դաշնակ Դրո երգը - https://www.youtube.com/watch?v=fAwYX56aCOM
Մեր մեծերը. Դրո - https://www.youtube.com/watch?v=CDSmLNnHQno
Համլետ Գեւորգյան, Դրո, Եր., 2000, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/979/Dro.pdf
Դրո /Կենսագրական։ Հուշեր։ Վկայութիւններ/, Եր., 1991, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/975/Dro.pdf
Դրոյի կեանքն ու ժամանակը: The Life and Time of General Dro. ARF 125 Anniversary. Special. January 15, 2016. Արտատպուած՝ BY JAMES G. MANDALIAN. From The Armenian Review. Volume 10, Number 2, Summer, June 1957. [1] |
2,375 | Արշաւիր Գազանճեան | Արշաւիր Գազանճեան (1 Մարտ 1922, Քոնիա - Նոյեմբեր, 2013), հայ բեմադրիչ, դերասան եւ դերուսոյց։
== Կենսագրութիւն ==
Գազանճեան գաղթած է Աթէնք ընտանիքով եւ հաստատուած Ֆիքսի գաղթակայանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆիքսի ազգային վարժարանին մէջ։ Շատ կանուխէն ի յայտ եկած է Արշաւիրի սէրը հայկական թատրոնին հանդէպ, նախ իբրեւեւ դերասան, ապա բեմադրիչ, բայց նաեւ դերուսոյց, բեմայարդար, զգեստաւորող եւ թատրոնի ներկայացումներու ամէն տեսակի մասնագիտութեամբ: Իր ուսումը շարունակած է Աթէնքի «Ղեւոնդեան» ֆրանսական լիկէոնը: Բացի թատրոնէն՝ Արշաւիր նոյն բուռն սէրը ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ: Հետեւած է դասընթացքներու եւ սկսած է աքորտէոն նուագել: Հիմնած է «Տաւիղ», ապա նաեւ «Կոմիտաս» նուագախումբերը: Ղեկավարած ու բեմադրած է շատ յաջող ժողովրդային օփերէթներ:
1947-էն սկսեալ ստանձնած է Համազգայինի թատերախումբին ղեկավարութիւնը, իբրեւեւ բեմադրիչ, դերուսոյց եւ դիմայարդար, առանց ընդհատումի 70 տարի մասնակցելով յունահայ գեղարուեստական կեանքին: Թատրոնի հանդէպ իր անսակարկ ծառայութեան համար, 2003-ին իր անունով կոչուեցաւ Համազգայինի Յունաստանի թատերախումբը: Արշաւիր Գազանճեան կը մահանայ Նոյեմբեր 2013-ին:
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,566 | Վրէժ-Արմէն | Վրէժ-Արմէն, ծնած է Գահիրէ: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգ. վարժարանին մէջ. երկրորդական ուսումը՝ Հելիոպոլսոյ Սէն Ժորժ գոլէժին մէջ։ 1964-ին վկայուած է Գահիրէի համալսարանի ճարտարապետութեան ճիւղէն Պսակաւորի աստիճանով:
1966-ին հաստատուած է Մոնթրէալ եւ ճարտարապետութեան Մագիստրոսի վկայական ստացած է 1969-ին McGill համալսարանէն։ Իր ասպարէզը ի գործ կը դնէ մինչեւ այսօր։
Ամուսնացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ Նազան Գուլաքեանի հետ։ Բախտաւորուած են երկու դուստրերով։
Գրելու փորձերու սկսած է դպրոցական գրասեղաններէն եւ մաս կազմած՝ աշակերտական «Հունձք» պարբերաթերթի խմբագրութեան։
Իր առաջին գրութիւնը «Հաւո՜ւ Աստուած» լոյս տեսած է 1956-ին «Յուսաբեր»ի մէջ։ Վարած է սոյն թերթին «Երիտասարդական Շարժում» էջի խմբագրութիւնը, 1960-ական թուականներուն։
Աշխատակցած է նաեւ Փարիզի Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի «Հայաստան» շաբաթաթերթին, «Հայրենիք» օրաթերթին (Պոսթոն), Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ դրօշակին (Աթէնք):
1979-ի հիմնադրութեան օրէն ի վեր կապուած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, 11 տարի վարելով խմբագրի, իսկ 1992-էն ի վեր՝ աւագ խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ կատարելով գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը։
Գործօն դեր ունեցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երիտ. Միութիւն, «Համազգային»ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին, յատկապէս Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանի հիմնարկութեան մէջ:
Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ գրական-մշակութային եւ ազգային նիւթերու շուրջ:
Իր հրատարակութիւններն են.-
Հայաստանի Պատմական Ատլաս, հրատ. Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի (Նիւ Եորք, 1987). հեղինակ՝ Կարպիս Արմէն, խմբագիր՝ Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 1, հրատարակուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց հիմնարկութեան (Թորոնթօ, 1988),
Հ.Յ.Դ. Յուշմատեան, ալպոմ-ատլաս. հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի (Լոս Անճելըս 4 1993). խմբագիրի օգնական՝ Վրէժ-Արմէն:Տպագրութեան պատրաստ են.-
Ոստայն 3 «Այս Երկիրը Երկիր Չէ». նաեւ հարցազրոյցներ, երգիծական էջեր, ընկերական մտորումներ եւլն․:Վրէժ-Արմէն կարճ եւ գողտրիկ պատմուածքներով կը ներկայացնէ իր ապրած կեանքէն իրական պատկերներ- իւրաքանչիւրը քանի մը էջ միայն, որոնք կը նմանին այն համադամներուն, որոնց համը բերանդ կը մնայ ու սիրտդ կ՛առնէ։
Համակրելի պատմուածագիրը ոճի նորութիւն մը կը բերէ՝ պարզ եւ կտրուկ նախադասութիւններով օժտելով իր նիւթերը, որոնց այլազանութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ. անոնց յաճախ ցոյց կու տան կեանքին զաւեշտական կողմերը. սակայն անոնց խորը շատ անգամ յուզող իրականութիւն մը կայ թաքնուած, նաեւ տպագորիչ հայկականութիււն մը, որ սրտագրաւ է ինքնին։
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,363 | Գաբրիէլ Անոյշեան | Գաբրիէլ Անոյշեան (1845, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1904), վարդապետ, միաբան Երուսաղեմայ Ս. Յակոբայ վանքին։
Անոյշեան ծնած է Կ. Պոլիս 1845-ին. յաճախած է Պէզճեան Ս. Յակոբայ ժառանգաւորաց վարժարանները:
1871-ին ձեռնադրուած է աբեղայ: 1871-1877 դիւանապետ. վարած է Գումգափուի դրսի Ս. Յարութեան եկեղեցիի քարոզչութիւնը եւ վարժարանաց տեսչութիւնը 1887-ին: Նուիրակ Հնդկաց՝ 1890-1893: Անդամ Տնտեսական ժողովի եւ տեսուչ Դամասկոսի՝ 1895-ին: Պատրիարքական փոխանորդ Պաղտատի՝ 1902-ին: Լուսարարապետ Ս. Յակոբայ մէջ 1903-ին:
Գաբրիէլ Անոյշեան վախճանած է 1904-ին:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 179, Ա հատոր: |
3,953 | Հայկուհի (անձնանուն) | Հայկուհի, հայկական իգական անուն։ յառաջացած է Հայկ անունէն՝ ուհի մասնիկի միացումով։ Կազմուած է 19-րդ դարուն։ Տարածուած անձնանուն է։ Փաղաքշական ձեւերն են՝ Հայկուկ եւ Հայկուշ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
5,018 | Նախնադար | Նախնադար, մարդկութեան պատմութեան ժամանակաշրջան, որ կ՛ընդգրկէ մարդու առաջացումէն մինչեւ գիրի յայտնաբերումը։
Սակայն, քանի որ գիրը տարբեր ազգերու մօտ ի յայտ եկած է տարբեր ժամանակաշրջաններուն, նախնադար հասկացութիւնը՝ իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար առանձնայատուկ է։
Նախնադարը կը բաժանուի երեք շրջաններու՝
Քարէ դար
Պրոնզէ դար
Երկաթէ դար։ |
4,162 | Հռիփսիմեանց Կոյսեր | Կաղապար:Արեւելահայերէն
Հռիփսիմէանց կոյսեր սուրբ Հռիփսիմէանց եւ սուրբ Գայանեանց կոյսեր (նահատակուած են 301 թուականին, Վաղարշապատ), քրիստոնեայ վկայուհիներ, նահատակներ։ Հռիփսիմէանց կոյսերը առաքինազարդ վանական կեանք վարած են Հռոմի մէջ, իրենց մայրապետի՝ Գայանէ կոյսի առաջնորդութեամբ։ Հռոմի Տիոկղետիանոս կայսրի (284-305) հալածանքներէն խուսափելով՝ ի վերջոյ ապաստանած են Հայաստանի մէջ (Վաղարշապատի Հնձանք շրջանին մէջ)։ Աւանդութիւնը հալածանքներու պատճառը կը համարէ այն, որ կոյսերուն գեղեցկուհին երկնաւոր հարս Հռիփսիմէն, հրաժարուած է Տիոկղետիանոս կայսրի առաջարկներէն՝ դառնալու անոր կինը եւ Հռոմի կայսրուհին։
Կայսրը լուր կը հղէ Հայոց Տրդատ Գ Մեծ թագաւորին, որ գտնէ Հայաստանի մէջ ապաստանած կոյսերը եւ վերադարձնէ Հռոմ, բայց եթէ ուզէ, կրնայ նոյնիսկ կնութեան առնել Հռիփսիմէն։ Տրդատ թագաւորը, գտնելով կոյսերը ու տեսնելով Հռիփսիմէի գեղեցկութիւնը, ինքն ալ նոյնը կը ցանկանայ։ Հռիփսիմէն կը հրաժարի Տրդատէն ալ։ Այդ պատճառաւ անոր ենթարկած են անլուր չարչարանքներու, կտրած են լեզուն, հանած են աչքերը եւ քառատելով այրած են։ Սրահարած են նաեւ Հռիփսիմէի 32 հաւատակից վկայուհիները։ Սրբուհիներու մարմինները 9 օր կը մնան անթաղ, մինչեւ որ Խոր Վիրապէն դուրս եկած Գրիգոր Լուսաւորիչը կ'ամփոփէ անոնց մարմինները տապաններու մէջ ու կը թաղէ իրենց նահատակութեան տեղերու մէջ՝ Հռիփսիմէին՝ իր հաւատակիցներուն հետ, Գայանեանց կոյսերուն՝ առանձին, իսկ հիւանդութեան պատճառով Հնձանք շրջանի միյակ մնացած կոյսին՝ Հնձանքի մէջ, ուր հետագային Նահապետ Ա Եդեսացի կաթողիկոսը կը կառուցէ Սուրբ Շողակաթ վանքը։
Սուրբ Հռիփսիմէի վկայարանի վրայ Կոմիտաս Ա Աղցեցի կաթողիկոսը 618 թուականին կառուցած է Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որու խորանի գետնահարկ մատուռին մեջ այսօր զետեղուած կը մնայ սրբուհու տապանը։ Իսկ Եզր Ա Փառաժնակերտցի կաթողիկոսը Սուրբ Գայանեանց կոյսերու մատուռին մէջ բարձրացրած է Էջմիածնի Սուրբ Գայանէ վանքը։ Այս տաճարներու ներքոյ մեծամեծ քարերով շինուած գետնափորեր կան, ուր ամփոփուած են կոյսերու ոսկորները։
Հայաստան եկած կոյսերու թիւը, ըստ Ագաթանգեղոսի, 70-էն աւելի էր, նահատակուածներու թիւը՝ 37։ Հանուանէ հիշատակուած են Հռիփսիմէն, Գայանէն, Նունէն, Շողակաթը եւ Մարիանէն։ Գրիգոր Ա Լուսաւորիչը Հռիփսիմէանց կոյսերուն դասած է սուրբերու շարքը։ Որպէս սուրբեր Հռիփսիմէն եւ Գայանէն կը նշուին ոչ միայն հայերէն, այլեւ յունարէն, լատիներէն, արաբերէն, ղպտիերէն, ռուսերէն Հայսմաւուրքներուն մէջ։
Հռիփսիմէանց կոյսերու նահատակութիւնը հիմք հանդիսացած է հայ քրիստոնէական գրականութեան վաղ հուշարձաններէն մէկի՝ Հռիփսիմէանց վկայաբանութեան համար, որ անցնելով Ագաթանգեղոսի եւ Մովսէս Խորենացիի Պատմութիւններուն մեջ, լայն տարածք ստացած է ինչպէս հայ, այնպես ալ ողջ միջնադարեան քրիստոնեական գրականութեան էջերուն մէջ։
Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի օծման կապակցութեամբ 618 թուականին Կոմիտաս Ա Աղցեցի կաթողիկոսը գրած է Սբ. Հռիփսիմէանց կոյսերին նվիրուած շարականը.
Հայ եկեղեցին Սբ. Հռիփսիմէանց կոյսերու յիշատակը կը տօնէ Սբ. Զատկին յաջորդող Կիրակիէն ետք՝ Երկուշաբթի օրը։
== Պատկերասրահ == |
1,859 | Առաքել Սիվասլեան | Առաքել Սիվասլեան (Յունիս 1859, Կեսարիա- Օգոստոս 1915, Թօկատ) ուսուցիչ եւ հեղինակ:
=== Կենսագրութիւն ===
Ծնած է Մունճուսուն Գիւղը (Կեսարիա) 1859 Յունիսին: 1886-ին Պ.Ա. աստիճանով Մարզուանի Գօլէճէն ընդացաւարտ՝ ուսուցիչ կը կարգուի հոն եւ 1890-ին հետեւելով Ամերիկայի Գարլթօն համալսարանին աստեղագիտութեան եւ ուսողութեան ճիւղերուն բրօֆ. տիտղոսը կը ստանայ: «Արեգակնային դրութեան մէջ շրջան ընող գիսաւորներուն ծիրերը» պատրաստած իր ուսումնասիրութեամբ (որուն ընկերացող քարտէսը մաս կազմած է ամերիկեան Աստեղագիտութեան դասագիրքի մը): Անցնելով Մարզուան, յիշեալ ճիւղերուն ուսուցչապետ կը կարգուի: Հեղինակ ժողովրդական Աստեղագիտութեան մը (Թրք.) զոր Պոլսոյ ամերիկ. միսիօնարութիւնը լոյս ընծայեց: Գիտնական յօդուածներ գրեց զանազան թերթերու: Թօկատի մօտ Ջիֆթլիկ գիւղը կոչուած տեղը նահատակ եղաւ 1915 Օգոստոսին: Երկու զաւակ ունի Ամերիկա:
== Աղբիւրներ ==
Յուշարձան 1919 Ապրիլ Տասնըմէկի, էջ 67 |
3,490 | Լիեժ | Լիեժ (ֆրանսերէն՝ Liège [ljɛːʒ], հոլ.՝ Luik [lœyk], վալոներէն՝ Lidje (Լիջ), գերմաներէն՝ Lüttich [ˈlʏtɪç], լատ.՝ Leodi(c)um (Լեոդի(կ) ի մէջ)), քաղաք Բելգիայի թագավորութիւնի մէջ։ Կը Գտնուի վալոնական տարածաշրջանի Լիեժ նահանգի մէջ։ Տեղակայված է Մաաս եւ Ուրտ գետերի միախառնման վայրի մէջ։ Լիեժ նահանգի վարչական կեդրոնն է։
== Հիմնական տվյալներ ==
Բնակչությունը՝ 194 086 մարդ (2006)
Տարածքը՝ 69,39 կմ²
Խտությունը՝ 2696 մարդ/կմ²
== Բնակչութիւն ==
== Քույր քաղաքներ ==
Գերմանիա Աախեն (գերմաներէն՝ Aachen), Գերմանիա
Ռուսաստան Վոլգոգրադ, Ռուսաստան
Կանադա Քվեբեկ (ֆրանսերէն՝ Ville de Québec, անգլերէն՝ Quebec City), Կանադա
Գերմանիա Քյոլն (գերմաներէն՝ Köln), Գերմանիա
Լեհաստան Կրակով (լեհ.՝ Kraków), Լեհաստան
Կաղապար:Country data Կոնգոյի Դեմոկրատական Հանրապետություն Լուբումբաշի (ֆրանսերէն՝ Lubumbashi), Կոնգոյի Դեմոկրատական Հանրապետություն
Կաղապար:Country data Նիդերլանդներ Մաստրիխտ (հոլ.՝ Maastricht), Նիդերլանդներ
Կանադա Մոնրեալ (ֆրանսերէն՝ Montréal, անգլերէն՝ Montreal), Կանադա
Ֆրանսա Նանսի (ֆրանսերէն՝ Nancy), Ֆրանսա
Կաղապար:Country data Չեխիա Պլեզեն (չեխ․՝ Plzeň, գերմաներէն՝ Pilsen), Չեխիա
Կաղապար:Country data Պորտուգալիա Պորտու (փորթ.՝ Porto), Պորտուգալիա
Կաղապար:Country data Նիդերլանդներ Ռոտերդամ (հոլ.՝ Rotterdam), Նիդերլանդներ
Կաղապար:Country data Սենեգալ Սեն Լուի (ֆրանսերէն՝ Saint-Louis), Սենեգալ
Իտալիա Թուրին (իտալ.՝ Torino), Իտալիա
Կաղապար:Country data Լյուքսեմբուրգ Էշ-սյուր-Ալզետ (Կաղապար:Lang-lb, ֆրանսերէն՝ Esch-sur-Alzette, գերմաներէն՝ Esch-an-der-Alzette), Լյուքսեմբուրգ
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,473 | Ռուսական Արուեստի Թանգարան | Ռուսական արուեստի թանգարան, 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը ռուսական կերապարուեստի թանգարան Երեւանի մէջ։ Թանգարանին մէջ կը ներկայացուի նշանաւոր նկարիչներ Միխայիլ Վրուբելի, Կոնստանտին Կորովինի, Վալենտին Սերովի, Նաթալիա Գոնչարովայի, ինչպէս նաեւ հայ նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի եւ Մինաս Աւետիսեանի եւ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները։
== Պատմութիւն ==
Ռուսական արուեստի թանգարանը հիմնադրուած է համաձայն Հայաստանի ԽՍՀ կառավարութեան 17 Դեկտեմբեր1979-ի 17-ի N 14 կարգադրութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի 23 Հոկտեմբեր 1980-ի N 538 հրամանի։ Այցելուններու համար թանգարանը բացուած է 19 Նոյեմբեր 1984-ին, մոսկուաբնակ հայազգի բժիշկ Արամ Աբրահամեանի եւ իր տիկնոջ Մարիա Աբրահամեանի մասնաւոր հաւաքածոյի հիման վրայ:
== Հաւաքածոյ ==
Թանգարանը բաղկացած է 7 դահլիճներէ, իսկ ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է՝ ըստ գաղափարական ուղղութիւններու: Ներկայացուած են առաւելապէս ռուս 120 նկարիչներու աշխատանքներ։ Թանգարանի ֆոնտերու քանակը կը կազմէ շուրջ 350 աշխատանք:
Թանգարանին մէջ ներկայացուած են 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկզբի ժամանակաշրջանի գեղանկարչութեան, գրաֆիկայի, դեկորատիւ-կիռարական արուեստի եւ բեմական ձեւաւորման վարպետներու աշխատանքները, որոնք հիմնականին որոշիչ դեր ունեցան ռուսական ողջ մշակոյթի յետագայ զարգացման ընթացքի համար։ Ցուցադրուած են Վ. Սերովիը, Կ.Կորովինի, Մ. Վրուբելի, Մ. Նեստերովի, Ա. Բենուայի, Զ. Սերեբրեակովայի, Բ. Կուստոդիեւի, Ա. Գոլովինի, Ե. Լանսէրէի, Մ. Վոլոշինի, Կ.Պետրով-Վոդկինի, Ն. Րերիխի, Ռ. Ֆալկի, Պ. Կանչալովսկիի, Մ. Սարեանի, Պ. Կուզնեցովի, Ա. Լենտուլովի, Ս. Սուդեյկինի, Ա. Տիշլերի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։
«Միր իսկուստուա», «Գոլուբայա ռոզա», «Բուբնովի վալետ», «Օսլինիյ խուոստ», «Մակովեց», «Սոյուզ ռուսկիխ խուդոժնիկով» եւ այլ ստեղծագործական միաւորումներու հիմնադիրներու ու առաւել աչքի ինկած ներկայացուցիչներու` Կ. Սոմովի, Ա. Բենուայի, Ե. Լանսէրէին, Զ. Սերեբրեակովայի, Ա. Գոլովինի, Ն. Ռերիխի, Վ. Է. Բորիսով-Մուսատովի, Ս. Սուդեյկինի, Ն. Սապունովի, Պ. Կուզնեցովի, Պ. Ուտկինի, Կ. Պետրով-Վոդկինի, Մ. Վրուբելի, Կ. Բոգաեւսկիի, Մ. Վոլոշինի, Պ. Կոնչալովսկիի, Ա. Վ. Կուպրինի, Ա. Լենտուլովի, Ի. Մաշկովի, Ռ. Ֆալկի ստեղծագործութեան առանցքային գեղանկարները ամբողջական պատկերացում կու տան նշուած ժամանակահատուածի նորարարութիւններու եւ ռուսական գեղանկարչութեան զարգացման մասին։
Կը ներկայացուին նաեւ 20-րդ դարու 20-ական եւ 30-ականներու այսպէս կոչուած «քիչ յայտնի ռուսական աւանգարդի» նկարիչներու` Ն. Սինեզուբովի, Բ. Անիսֆելդի, Ա. Լինդէմանի եւ այլ հեղինակներու նախայեղափոխական շրջանի որոշ գեղանկարներ:
Ցուցադրութեան գեղանկարչութեան հատուածը կ՚եզրափակեն թատերական ձեւաւորումներու եւ զգեստներու բարձրարժէք նախագիծեր:
Ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ ռուս հեղինակներու քանդակներ, գրաֆիկական աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ դեկորատիւ-կիրառական արուեստի նմուշներ` գեղարուեստական կահոյք, ժամացոյցներ, ճենապակէ, ապակիէ իրեր:
Թանգարանի հաւաքածոն կարեւոր նշանակութիւն ունի ռուսական կերպարուեստի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Պաշտօնական կայքը
Թանգարանի հասցէն «Սփիւռում»
թանգարանի հաւաքածոյին նուիրուած կայք |
6,018 | Սիմոն Սեղբոսեան | Սիմոն Սեղբոսեան (1850, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 27 Մարտ 1917(1917-03-27), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է մօտաւորապէս 1850 թուականին Կ. Պոլսոյ՝ ասիական կողմի, Սկիւտար թաղամասին մէջ։ 1874 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ 1880-1890-ական թուականներուն Կ. Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ իբրեւ բժիշկ աշխատած է։ 1904 թուականի դրութեամբ Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ աշխատած է իբրեւ բժիշկ։
Մահացած է 1917 թուականի Մարտ 27-ին, ժանտախտէ՝ մօտ 67 տարեկան հասակին։
== Գրականութիւն ==
Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց, Կ. Պոլիս, 1905։
Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
== Աղբիւր ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
23,709 | Ս. Սարգիս Մատուռ (Պալըքլը) | Ս. Սարգիս Մատուռ, Պոլսոյ հնագոյն հայկական գերեզմանատուներէն Պալըքլըի մուտքի աջին տեղ կը գրաւէ Ս․ Սարգիս Մատուռը, որուն շինութիւնը աւարտած է 1985-ին բարերարութեամբ Սարգիս Կէօվտէրէլիօղլուի։
Արդիական ոճով կառուցուած մատրան ճարտարապետն է Եդուարդ Շահպազ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,806 | Հայ Կամաւորական Ջոկատներ | Հայկական կորպուս' կամ Հայոց ազգային կորպուս, հայկական զինւորական միաւորում։ Ստեղծուած է 1917 թուականին Դեկտեմբերին, ձեւավորուած է 1917 թուականին Ապրիլին, Ռուսաստանի Ժամանակաւոր կառավարութեան «Բանակի ազգայնացման հիմնական դրույթները» օրենքի հրապարակումէն յետոյ։ Ազգայնացուած բանակի խնդիրն էր արտաքին թշնամիներուն հայրենիքի պաշտպանութիւնը եւ պետութեան ներքին կեանքի կարգուկանոնի հաստատումը։
Ապրիլ 9,1917 թուականին գեներալ Թովմաս Նազարբեկեանն ուղարկուած է Կովկասեան ռազմաճակատի շտաբ՝ բանակի զորամասերը ազգայնացնելու նպատակով։ Հոկտեմբեր 1917 թուականին Հայոց ազգային խորհուրդը դիմած է Կովկասեան բանակի գլխաւոր հրամանատարին՝ հայկական ազգային գունդերու թիւը 8-ի հասցնելու խնդրանքով։ Դեկտեմբեր 13,1917 թուականին ստեղծուած է Հայոց ազգային կորպուս, հրամանատար նշանակուած է գեներալ Թովմաս Նազարբեկեանը, շտաբի պետ՝ Վեշինսկին, յատուկ կոմիսար՝ Դրաստամատ Կանաեանը (Դրօ)։ Հայոց ազգային կորպուսին աջակցած է նաեւ Հայկական զինւորական միութիւնը՝ Ա. Շահմազեանի գլխաւորութեամբ։ Հայոց ազգային կորպուսի կազմի մեջ մտած է արեւմտահայերու դիվիզիան՝ Անդրանիկ Օզանեանի հրամանատարութեամբ։ Հայոց ազգային կորպուսն ունէր 2 դիվիզիա՝ 1-ին եւ 2-րդ (իւրաքանչիւրին 4-ական գունդ), հեծելազորային բրիգադ (2 գունդ, իւրաքանչիւրին՝ 400-ական մարդ), Արեւմտահայկական դիվիզիա, Ա բրիգադ (Էրզրումի գունդ՝ կազմուած 2 գումարտակից), Երզնկայի գունդ (2 գումարտակ), Բ բրիգադ (Խնուսի գունդ՝ կազմուած 2 գումարտակից), Ղարաքիլիսայի գունդ (2 գումարտակ), Վանի գունդ (2 գումարտակ), Զէյթունի գունդ, տեղական բանակային զորամասեր՝ Լոռու, Շուշիի, Ախալքալաքի, Ղազախի գնդերը (2-ական գումարտակ), Նուխիի, Ախալցխայի, Իգդիրի, Խանասորի ջոկատները։ Մարտ 31, 1918 թուականին տվյալներով Հայոց ազգային կորպուսն ունէր 19590 մարտիկ, որոնց 818-ը՝ սպա։ Յուլիս 26, 1918 թուականին գեներալ Նազարբեկեանի հրամանով Հայոց ազգային կորպուսը վերակազմավորուած է Ազգային դիվիզիայի, որու հիման վրայ 1920 թուականին ստեղծուած է ՀԽՍՀ կարմիր բանակը։
Հայոց ազգային կորպուսը մասնակցած է հայ ժողովուրդի՝ թրքական զավթիչներու դէմ 1918-20 թուականերուն մղած հերոսամարտերուն։ |
5,792 | Ռաֆայէլ Լեմքին | Ռաֆայէլ Լեմքին (անգլերէն՝ Raphael Lemkin, լեհ.՝ Rafał Lemkin, 24 Յունիս 1900(1900-06-24), Biazvodna, Ռուսական Կայսրութիւն - 28 Օգոստոս 1959(1959-08-28), ), հրեական ծագում ունեցող լեհ իրաւաբան։ Էապէս մեծ ներդրում ունեցած է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին համաձայնութեան ընդունման, ներկայացուցած է համաձայնագիրին նախնական բանաձեւը։
== Կենսագրութիւն ==
Լեմքին ծնած է Պեզվոտնի, Լեհաստան (ներկայիս Վոլկովսկի մերձակայքը, Պելառուս), 24 Յունիս 1900-ին: Հայրը զբաղած է հողագործութեամբ, իսկ մայրը եղած է մտաւորական, գեղանկարիչ, լեզուաբան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող: 14 տարեկանին ան արդէն տիրապետած է 14 լեզուներու, ներառեալ ֆրանսերէնի, սպաներէնի, եբրայերէնի, իտիշի եւ ռուսերէնի: Պիալիսթոքի Մասնագիտական Պատրաստութեան ուսումնարանը աւարտելէ ետք, ան լծուած է լեզուաբանութեան ուսումնասիրման՝ Լվովի Ճոն Քազիմիրի համալսարանին մէջ։ Այդ շրջանէն իսկ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացած է ուսանող Լեմքինի մօտ՝ սահմանելու եւ բնութագրելու այն յանցագործութիւնները, զորս հետագային Լեմքին խտացուցած է Ցեղասպանութեան գաղափարին մէջ։
Լեմքին իրաւագիտական իր պրպտումները կը սկսի՝ թուրքերու կողմէ հարիւր հազարաւոր հայերու անպատիժ կոտորածները ուսումնասիրելով: Լեմքինի չարչրկող գլխաւոր հարցը ա՛յն էր, թէ չկար միջազգային օրէնք մը, որ դատաստանի առջեւ կանգնեցնէր ամբողջ ազգ մը սպաննելու որոշումը կայացուցած եւ մեծագոյն այդ ոճիրին պետականօրէն գործադրութիւնը հրահանգած թուրք պաշտօնատարները։
Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակով Գերմանիա տեղափոխուած եւ Հայտելպըրկի համալսարանը ընդունուած երիտասարդ իրաւագէտին կեանքի շրջադարձային պահը կը յառաջանայ 1921-ին, երբ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան կ'ահաբեկէ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ Փաշան։ Թեհլիրեանի դատավարութեան իբրեւ իրաւագէտ խորհրդականի մասնակցելով՝ Լեմքին կը լծուի Թալէաթի ահաբեկման տուն տուած պատճառներուն ուսումնասիրութեան։ Մանրամասն տեղակագիր մը պատրաստելով Թալէաթ Փաշայի կազմակերպած կոտորածներուն մասին, Լեմքին կը յանգի այն դառն եզրակացութեան, որ դեռ գոյութիւն չունէր միջազգային որեւէ օրէնք, որ նման պետական յանցագործութեան համար դատապարտէր ոճրագործ պատասխանատուները։
== Ցեղասպանութիւն Եզրը ==
Լեմքին 1933-ին հրապարակուած իր ծաւալուն ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ նման կոտորածները անուանած է «Ոճրագործութիւն Միջազգային Օրէնքի Դէմ»։ Լեմքինի հետազօտական աշխատանքը կ'ընդհատուի, երբ ան բանակ կը մեկնի 1939-ին, գերմանական եւ լեհական պատերազմին հետեւանքով։ Իսկ երբ գերմանական Նացի բանակը կը գրաւէ Լեհաստանը, Լեմքին կ'ապաստանի Միացեալ Նահանգներ, ծնողները Լեհաստան ձգելով։
Միացեալ Նահանգներու մէջ ան, իբրեւ խորհրդատուի, կ'աշխատակցի Նիւրէմպուրկի դատավարութեանց, այս անգամ արդէն նաեւ իբրեւ անձնապէս վնասուած կողմի, որովհետեւ ծնողները եւս զոհ գացած էին նացիական կեդրոնացման ճամբարներուն (concentration camps) մէջ հրեաներու դէմ իրագործուած Ողջակիզման ընթացքին։
1944-ին հրատարակուած իր «Axis rule in Occupied Europe» գիրքին մէջ, Լեմքին առաջին անգամ կ'օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը եւ զայն կը սահմանէ իբրեւ՝ «նպատակադրուած վայրագութիւն եւ կոտորած», ամբողջ ազգ մը կամ ցեղ մը բնաջնջումի ենթարկելու արարք։ Լեմքին կը յղանայ Ցեղասպանութիւն («Genocide») այսօր արդէն հանրածանօթ եզրը՝ յունարէնի «genos» (ցեղ) եւ լատիներէնի «cide» (սպանութիւն) արմատները միահիւսելով։
Լեմքին կը յաջողի 1946-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Ժողովի 11 Դեկտեմբերի նիստին, օրակարգի վրայ բերել համապատասխան որոշումի նախագիծ մը, որ միաձայնութեամբ կ'ը նդունուի՝ Միջազգային Իրաւունքի առումով դառնալով Ցեղասպանութիւնը որպէս ոճիր բնորոշող եւ անոր դատապարտումը պատժելի հռչակող առաջին միջազգային օրէնքը։
Լեմքինի փափաքը կ'իրականանայ 9 Դեկտեմբեր 1948-ին, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կ'ընդունի եւ կը հռչակէ Ցեղասպանութեան Ուխտագիրը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Genocide Raphael Lemkin։(անգլերէն)
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ - Նորաստեղծ ՄԱԿ-ը որդեգրեց Լեմքինի առաջադրած Ցեղասպանութեան դատապարտումի որոշումը ։(անգլերէն) |
12,927 | Ստեփանոս Սիւնեցի | Ստեփանոս Սիւնեցի (685, Դուին - 21 Յուլիս 735, Եղեգնաձոր), հայ միջնադարեան քերականագէտ, թարգմանիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ, մշակութային եւ եկեղեցական գործիչ, Սիւնիքի 22-րդ մետրոպոլիտ։
== Կրթութիւն ==
Ստեփանոս Սիւնեցի հասակ առած ու կրթուած է Հայկական Դուին քաղաքի աւագ քահանահօր ընտանիքին մէջ։ Ուսումը ստացած է Դուինի Հայոց Կաթողիկոսարանին մէջ։ Այնուհետեւ հոգեւոր կրթութիւնը շարունակած է Գեղարքունեաց գաւառի Մաքենեաց վանքին մէջ՝ վանահայր Սողոմոնին մօտ, ապա Հայաստանի մէջ մեծ հռչակ վայելող Սիւնեաց վարդապետարանի Մովսէս Քերթողին մօտ։ 13-րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, Ստեփանոս Սիւնեցին դաւանաբանութեան վերաբերեալ վիճաբանութիւն կ'ունենայ իշխան Սմբատ Բագրատունիին հետ, եւ քանի որ հմուտ չէր փիլիսոփայական արտաքին գիտութեան (աշխարհիկ գիտութիւններուն), իշխանը անոր տգէտ կ'անուանէ եւ կը սկսի հալածել: Ստեփանոս ուսումնառութեան կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս, ապա Աթէնք եւ Հռոմ, կը սերտէ յունարէն ու լատիներէն գրականութիւնն ու դպրութիւնը, կ'իւրացնէ երաժշտական արուեստը եւ կը խորացնէ իր իմացութիւնը աստուածաբանութեան ու մատենագրութեան մէջ:
== Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ==
Ստեփանոս վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, եռանդուն թարգմանչական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ խորհրդատու եւ գործակից ունենալով հայազգի գիտնական իշխան Դաւիթ Հիւպատոսը, որ բարձր պաշտօն կը վարէր բիւզանդական արքունիքին մէջ, իբրեւ կայսերական սեղանապետ: Պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, Ստեփանոս երբ Հայաստան կը վերադառնայ, կը տեսնէ զայն արաբներու կողմէ քարուքանդ դարձած, զրկուած՝ հայրենի իշխաններէն, որոնցմէ շուրջ ութ հարիւրը արաբները այրած էին Նախիջեւանի եկեղեցիին մէջ։ Ան վախճանած կը գտնէ Սիւնեաց Յովհան եպիսկոպոսը: Բաբգէն ու Քուրտ իշխաններու խնդրանքով Դաւիթ Ա. Արամոնեցի կաթողիկոս (728-741) Ստեփանոս Սիւնեցիին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ Սիւնեաց մետրոպոլիտութեան աթոռին կը նշանակէ:
== Հոգեւոր եւ մշակութային գործունէութիւն ==
Ստեփանոս Սիւնեցին կը ծաւալէ մշակութային լայն գործունէութիւն: Յունարէնէն թարգմանութիւններ կը կատարէ: Կը գրէ ինքնուրոյն աշխատութիւններ, մեկնութիւններ (որոնց կարգին՝ Դիոնիսիոս Թրակացիի «Արուեստ Քերականութեան» յայտնի աշխատութեան մեկնաբանութիւնը), ճառեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երգեր, շարականներ եւ կցորդներ։ Սիւնեցի մեծ ներդրում կ'ունենայ հոգեւոր երգարուեստի, երաժշտութեան տեսութեան ու շարականագրութեան բնագաւառներուն մէջ։ Սիւնեցիի կը պատկանին «Աւագ Օրհնութեան» կանոնի շարականները։ Անոր հոգեւոր երգերը տեղ կը գտնեն Շարակնոց եւ Մանրուսմունք ժողովածուներուն մէջ։ Ստեփանոս Սիւնեցին եզակի է իր նոր մոտիվներով, երաժշտական արուեստով ու թարմութեամբ: Ան նոր հնչեղութիւն կու տայ հայոց հոգեւոր երգին: Հին Շարակնոցի առաջաբանին մէջ կը կարդանք Սիւնեցիի անունը: Ան գրած է նաեւ Մարտիրոսաց շարականները, որոնք թէեւ վերագրուած են 11-րդ դարու կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձին, սակայն Մարտիրոսաց շարականներու մարտական մոտիվները, ոճը եւ լեզուն անյարիր են Հանգստեան շարականներու ոգիին եւ ոճին հետ, որոնք հեղինակած է Գետադարձը: Հանգստեան շարականներուն մէջ ակնբախ են յուսահատական, անկումային մոտիվները, ապաշխարողական բնոյթը եւ 11-րդ դարու լեզուաձեւերն ու ոճերը: Շարակնոցին մէջ կը հանդիպինք եւս մէկ Ստեփանոս Սիւնեցիի, որ ապրած է 5-րդ դարուն, սակայն ուրիշ յիշատակութիւն չկայ անոր մասին, հետեւաբար խօսքը նոյն Ստեփանոսին մասին է: Ժամանակակիցները անոր կոչած են «Սիւն երկնի, խարիսխ հաւատոյ»:
== Աշխատութիւններ ==
Ստեփանոս Սիւնեցին Դաւիթ կաթողիկոսի պատուէրով գրած է «Մեկնութիւն Չորից Աւետարանչացն» երկը, այսինքն՝ «Չորս Աւետարանիչներու Մեկնութիւնը», որ Սիւնեաց մեկնողական դպրոցի հին շրջանէն մեզի հասած միակ ամբողջական երկն է, որ երկար ժամանակ կորսուած էր։ 1917-ին Գարեգին եպս. Յովսէփեանը զայն կը գտնէ 1155-ին գրուած ձեռագրի մը մէջ։ Անոր թարգմանութեամբ մեզի հասած են Դիոնիսիոս Արիոպագացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Նեմեսիոս Եմեսացիի, Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի, Գէորգ Պիսիդեսի, Մաքսիմոս Խոստովանողի աստուածաբանական, մեկնաբանական եւ բնագիտական մեծարժէք աշխատութիւնները։
== Մահ ==
Ստեփանոս Օրբելեանը մանրամասն կը հաղորդէ Սիւնեցիի ողբերգական մահուան հանգամանքները, նշելով, որ Սիւնեցին Եղեգեաց ձոր գաւառի Մոզ աւանին մէջ անառակ կնոջ մը երեք անգամ կը թելադրէ հեռու կանգնիլ մեղքի ճանապարհէն, եւ երբ ան չի զղջար եւ կը շարունակէ իր անպարկեշտ կեանքը, Ստեփանոս Սիւնեցին սաստիկ կը զայրանայ եւ մեծ պատիժի վճիռ կ'արձակէ (պատմիչը չի նշեր պատիժը): Այնուհետեւ ան կը մեկնի Աւագ Ակն կոչուած քաղցրահամ աղբիւրի ակունքին մօտ հանգստանալու, որովհետեւ օդը սաստիկ տաք էր։ Այնտեղ իր մահիճը կը դնէ ուռենիի մը վրայ եւ առանձին մնալով կ'աղօթէ ու կը ննջէ: Իսկ անառակ կինը, որոշած ըլլալով վրէժ լուծել, եւ որպէսզի ինք ազատօրէն գործէ, իր սիրեկանին հետ կու գայ այնտեղ, սուրը կու տայ անոր ձեռքը որ սպանէ: Երբ երկու անգամ տղամարդը կը փորձէ բարձրանալ ծառ եւ չի կրնար սպանել (պատմիչին համաձայն՝ հրաշափառ տեսիլքին պատճառով), անառակ կինը սուրը կը վերցնէ, կը բարձրանայ ծառ եւ հարուածելով սուրբի որովայնին՝ կը սպանէ զինք: Սիւնեցիին մարմինը կը թաղուի Վայոց ձորի Թանահատի վանքին մէջ՝ հայոց թուայնութեամբ 184 թուականին (735-ին): Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, իր մահէն ետք քառասուն օր գաւառը կը ցնցուի ուժեղ երկրաշարժէն, որուն պատճառով տուներն ու ապարանքները կը դառնան իրենց բնակիչներուն գերեզմանները, եւ ամէնուրէք կը տարածուի մարդոց վայոցը, որմէ ետք գաւառը կը կոչուի Վայոց Ձոր:
== Աղբիւրներ ==
Ստեփանոս Օրբելեան, «Պատմութիւն Նահանգին Սիսական», գլուխ ԿԱ (31)
Կիրակոս Գանձակեցի, «Հայոց Պատմութիւն»
Մովսէս Կաղանկատուացի, «Աղուանից Աշխարհի Պատմութիւն», գիրք Գ, գլուխ 17-18 |
5,575 | Պետիկ Հերկելեան | Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան, 15 Փետրուար 1954(1954-02-15), Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան - 10 Մարտ 1987(1987-03-10)), բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Լիբանանի Այնճար Գիւղը։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգ.«Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» Վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն։
Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան hետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ եղած է 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։
1976-ին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած է «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։
1978-ին վերադրաձած է Լիբանան եւ միացած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ։
== Գրական վաստակ ==
Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է Պետիկ Հերկելեան։ 1973-ին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։
1983-ին, կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կ'արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ'ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը։
1986-ին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը։ Նոյն տարին խմբագրած է եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։
Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, մահացած է 10 Մարտ 1987-ին։
1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը, որ կ'ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ։
== Արտաքին յղումներ ==
Գրական ՊԵՏԻԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ.- ՊԱՐՈՆ ՊԵՏՐՈՍԸ…։ |
2,904 | Երուսաղէմի Պաշարում (1187) | Երուսաղէմի պաշարում, տեղի ունեցած է 20 Սեպտեմբեր, 1187-էն մինչեւ 2 Հոկտեմբեր, Հատտինի ճակատամարտի ընթացքին խաչակիրներու հիմնական ուժերուն ջախջախումէն ետք: Վերջ գտած է քրիստոնեաներու կողմէ քաղաքին յանձնումով՝ Այուպեան ուժերուն, քաղաքին բնակիչները փրկագինի փոխարէն քաղաքէն դուրս բերելու պայմանով։ Քաղաքին յանձնումը առիթ կը հանդիսանայ Երրորդ խաչակիրներու արշաւանքի կազմակերպման:
== Նախապատմութիւն ==
4 Յուլիս, 1187-ին տեղի ունեցած Հատտինի ճակատամարտի ներքին տարաձայնութիւններէն տկարացած խաչակիրները ջախջախիչ պարտութիւն կը կրեն։ Ազնուականութեան մեծ մասը, որոնցմէ է նաեւ Երուսաղէմի արքայ`Կի տը Լուզինեանը գերի կ'իյնան։ Հազարաւոր գերի ինկած իսլամներ ազատ կ'արձակուին: Սեպտեմբերի կէսերուն Սալահ Էլ Տինը կը գրաւէ Աքքան, Եաֆֆան, Նապլուսը, Տորոնը, Սիտոնը, Պէյրութը եւ Ասքալոնը։ Ճակատամարտի ընթացքին փրկուածները եւ փախստականները ապաստան կը գտնեն Տիւրոսի մէջ` միակ քաղաքը, որ տակաւին չէր յանձնուած Սալահ Էլ Տինի Քոնրատ Մոնֆերացիի ժամանման շնորհիւ:
== Իրավիճակը Երուսաղէմի մէջ ==
Տիւրոսի մէջ ամրապնդուած Պալիան տը Իպելին կը խնդրէ Սալահ Էլ Տինէն, որ իրեն թոյլատրէ անխափան երթալ Երուսաղէմ, իր կինը` Մարիա Քոմնենոսն ու զաւակները քաղաքէն դուրս բերելու նպատակով։ Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ Պալիանի մտնել Երուսաղէմ, այն պայմանով, որ վերջինս իր դէմ զէնք պիտի չբարձրացնէ եւ դիմադրութիւն պիտի չկազմակերպուի, նաեւ Պալիանի արտօնութիւն չի տար Երուսաղէմի մէջ մնալ մէկ օրէն աւելի։ Սակայն քաղաք մտնելուն պէս, պատրիարք Հեռակլեսը, թագուհի Սիպիլան եւ քաղաքի բնակիչները կը խնդրեն Պալիանէն գլխաւորել քաղաքի պաշտպանութիւնը։ Հեռակլես Պալիանի կը յայտնէ, որ ան պարտաւոր է յանուն հաւատքի մնալ քաղաքին մէջ, եւ կ'առաջարկէ անոր ազատիլ Սալահ Էլ Տինի հետ կապուած պայմանագրութենէն։ Պալիան կը համաձայնի։
Ան իր որոշումը կը յայտնէ Սալահ Էլ Տինի: Այնուամենայնիւ, Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ Պալիանի դուրս բերել իր ընտանիքը քաղաքէն։ Որովհետեւ Պալիան Երուսաղէմի մէջ կը վայելէր ամենամեծ հեղինակութիւնը միւս ազնուականներուն հետ բաղդատած, ըստ ժամանակագիր Իպն Էլ Ասիրի խօսքերու, իսլամները զինք կ՛ընդունէին «քիչ թէ շատ արքային հաւասար»:
Երուսաղէմ ողողուած էր իսլամներով փրկուած փախստականներով։ Քաղաքին մէջ մնացած էր ընդամէնը 14 ասպետ, եւ Պալիանը կ'որոշէ ասպետի կոչում շնորհել 60 զինագործի։ Պալիան կը պատրաստուէր քաղաքի պաշտպանութիւնը կազմակերպել՝ սննդամթերք եւ նիւթական հաւաքելով։ Սալահ Էլ Տին Տիւրոսի կարճատեւ եւ անյաջող պաշարումէն ետք, 20 Սեպտեմբեր-ին Երուսաղէմ կը ժամանէ։
== Պաշարումը ==
Սալահ Էլ Տին Պալիանի հետ բանակցութիւններ կը նախաձեռնէ Եուսուֆ Պատիտի միջնորդութեամբ. վերջինս ուղղափառ հոգեւորական մըն էր, որ յոյս ունէր քաղաքի նուաճման պարագային շատ արտօնութիւններ ստանալ իսլամներէն։ Սալահ Էլ Տին կը նախատեսէր քաղաքը գրաւել առանց արիւնահեղութեան, ինչպէս նաեւ լաւ պայմաններ կ'առաջարկէ, սակայն քաղաքի իշխանութիւնը կը հրաժարի քաղաքը յանձնելէ եւ պաշարումը կը սկսի։
Իսլամներու բանակը կանգնած էր Դաւիթի աշտարակի եւ Դամասկոսեան դարպասներու առջեւ։ Սարակինոսներու նետաձիգները անդադար քաղաքի պատերը կը գրոհէին։ Պաշարողական մեքենաները պատերուն կը մօտենային, սակայն քաղաքի պաշտպանները արտօնութիւն չէին տար Սալահ Էլ Տինի ուժերուն պատերուն տակ ամրապնդուիլ։ Վեց օրուան ընթացքին գրոհները ապարդիւն կ'ըլլան։ Սարակինոսները ծանր վնասներ կը կրեն իւրաքանչիւր խուժումի ընթացքին, մինչդեռ խաչակիրները ընդամէնը քանի մը մարտիկ կորսնցուցած էին միայն։ 26 Սեպտեմբեր-ին, Սալահ Էլ Տին իր ճամբարը կը տեղափոխէ դէպի քաղաքի միւս կողմը` Ձիթենեաց լերան մօտ պարիսպները շատ բարձր չէին, ուստի քրիստոնեաները հակայարձակումի կարողութիւնը չունէին։ Պատերը պաշարողական մեքենաներու անդադար համազարկերու կ՛ենթարկուէին։ 29 Սեպտեմբեր-ին պատին մէկ մասը կը փլչի, սակայն սարակինոսները չեն կրնար ներխուժել քաղաք։ Պալիան կը մեկնի Սալահ Էլ Տինի մօտ բանակցելու՝ քաղաքը յանձնելու նիւթին շուրջ։ Սալահ Էլ Տին կը համաձայնի: Քաղաքը պէտք էր խաղաղութեամբ յանձնուէր իսլամներուն՝ 1099-ի սպանդը չկրկնելու նպատակով։ Եւրոպացիներուն համար Սալահ Էլ Տին կը սահմանէ 20 բեզանտ (Բիւզանդական դրամ) տղամարդոց, 10 բեզանտ կիներուն եւ 5 բեզանտ երեխաներուն համար։ Բոլոր անոնք որոնք վճարելու կարողութիւնը չունէին, սահմանուած գինը պէտք է վաճարէին ստրկութեամբ, սակայն տեղացի քրիստոնեաները կրնային մնալ քաղաքին մէջ.:
Պալիանի վերադարձէն ետք կ'որոշուի 7000 աղքատի փրկագին վճարել՝ Հենրի Բ. Պլանտագենետի կողմէ ուղարկուած դրամական միջոցներէն։ Պալիան նորէն կը հանդիպի Սալահ Էլ Տինի եւ կ'որոշուի գինը նուազեցնել մինչեւ տասը բեզենտ տղամարդու, հինգ կիներու եւ մէկ երեխաներու համար։ Պալիան կ'ըսէ, որ այս գինը դարձեալ շատ բարձր է եւ Սալահ Էլ Տին կ'որոշէ ազատ արձակել քաղաքի բոլոր բնակիչները 100.000 բեզանտի դիմաց։ Պալիան յաջորդ հանդիպման ընթացքին Սալահ Էլ Տինի կը հաղորդէ, որ այս գինը անհաւանական է, եւ կարողութիւնը կ'ունենայ զինք համոզելու, որ գինը նուազեցնէ, ապա Սալահ Էլ Տին 30.000 բեզանտի դիմաց ազատ կ'արձակէ 7000 մարդ, յետոյ անոր եղբայրը անվճար ազատ կ'արձակէ 3000 մարդ։ Ի վերջոյ Սալահ Էլ Տին ազատ կ'արձակէ բոլոր տարեց մարդիկը:
== Երուսաղէմի Յանձնումը ==
2 Հոկտեմբեր-ին Պալիան քաղաքը կը յանձնէ։ Կը յայտարարուի, որ իւրաքանչիւր բնակիչ ունի մէկ ամիս ժամանակ փրկագինը վճարելու համար։ Սալահ Էլ Տինը իր եղբօր օրինակով ազատ կ'արձակէ շարք մը ստրուկներ։ Պալիան եւ Հեռակլես սեփական միջոցներով կը վճարեն շատերու փրկագինը։ Փախստականները կը հեռացնեն երեք շարքով` առաջին շարքին կ՛ուղեկցէին Տաճարականները, երկրորդին` Հիւանդախնամները, իսկ երրորդ շարքին՝ Պալիանն ու Հեռակլեսը։ Ըստ իսլամ ժամանակագիր` Իմատ էտ-տինու Էլ Սպահանի, Հեռակլես իր հետ կը տանի եկեղեցւոյ գանձերը եւ մեծ թիւով մասունքներ։
Փախստականներէն ոմանք կը հաստատուին Տրիպոլիի կոմսութեան մէջ, մէկ մասը` Կիլիկիոյ, Անտիոքի, Բիւզանդիոնի եւ Եգիպտոսի մէջ, իսկ միւս մասը իտալական նաւերով կը տեղափոխուին Եւրոպա:
Սալահ Էլ Տին կը թոյլատրէ քրիստոնեաներուն ուխտագնացութեան երթալ Երուսաղէմ: Քրիստոնեաներու ձեռքը կ'անցնի Սուրբ Ծննդեան տաճարը: Ասկէ ետք Սալահ Էլ Տին կ'երթայ եւ կը գրաւէ Պելվուառա, Կեռակ եւ Մոնրէալ ամրոցները, յետոյ դարձեալ անյաջող կը պաշարէ Տիւրոսը: 1187-ին կը հասուննան նոր խաչակիրներու արշաւանքի ծրագիրներ, իսկ 1189-ին կը սկսի Երրորդ խաչակիրներուխաչակիրներու արշաւանքը:
== Արուեստ ==
Հաթթինի ճակատամարտը եւ Երուսաղէմի պաշարումը կը ներկայացուի (դէպքերու խիստ փոփոխմամբ) Ռիտլի Սքոթի Երկնային արքայութիւն ֆիլմին մէջ։
== Գրականութիւն ==
Amin Maalouf, The Crusades Through Arab Eyes. London, 1984.
"Crusades." Encyclopædia Britannica. Encyclopædia Britannica Online. Encyclopædia Britannica, 2011. Web. 24 Oct. 2011. <http://www.britannica.com/EBchecked/topic/144695/Crusades>.
James A. Brundage, The Crusades: A Documentary Survey. Marquette University Press, 1962.
Kenneth Setton, ed. A History of the Crusades, vol. I. University of Pennsylvania Press, 1958 (available online).
Peter W. Edbury, The Conquest of Jerusalem and the Third Crusade: Sources in Translation. Ashgate, 1996.
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,758 | Հրաչ Նուպարեան | Հրաչ Կապրելի (Գաբրիէլի) Նուբարեան (1914, Սոչի, Սեւծովեան նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն - անյայտ), Վրացական ԽՍՀ-ի Ապխազական ԻԽՍՀ Գագրայի շրջանի Կոյբիշեւի անուան կոլտնտեսութեան օղակաւար։ Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս (1949)։
== Կենսագրութիւն ==
Հրաչ Նուպարեանը ծնած է 1914-ին Սեւծովեան նահանգի Սոչիի շրջանի Սոչի գիւղին մէջ, գիւղացիական ընտանիքի մէջ։ Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է 353-րդ հրաձգային դիւիզիայի 1147-րդ հրաձգային գնդի 3-րդ հրաձգային վաշտի կազմին մէջ։ Զօրացրուելէն ետք ապրած է Գագրայի շրջանի Գանտիադի (այժմ՝ Ցանդրիփշ) գիւղին մէջ։ Աշխատած է որպէս սովորական կոլտնտեսական Գագրայի շրջանի Կոյբիշեւի կոլտնտեսութեան ծխախոտի պլանտացիաներու մէջ։ 1940-ականներու վերջերը եղած է ծխախոտագործութեան օղակի օղակաւար։
1948-ին Հրաչ Նուպարեանի օղակը 3,5 հա տարածքի իւրաքանչիւր հեքթարէ հաւաքած է «Սամսունի № 27» սորտի միջինը 19,4 ցենտներ ծխախոտի տերեւներ։ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան 3 Մայիս1949-ին «1948 թուականին եգիպտացորենի եւ ծխախոտի բարձր բերք ստանալու համար» հրամանագրով անոր շնորհուած է Սոցիալիստական աշխատանքի հերոսի կոչում եւ յանձնուած Լենինի շքանշան ու «Մուրճ եւ Մանգաղ» ոսկէ մետալ։ Նոյն հրամանագրով Սոցիալիստական աշխատանքի հերոսի կոչում շնորհուած է բրիգադիր Անդրէյ Վասիլեւիչ Կիրեակին եւ օղակավար Խորէն Գրիգորի Խաչատուրեանին։ Օգոստոս 1949-ին Սոցիալիստական աշխատանքի հերոսի կոչում շնորհուած նաեւ Կոյբիշեւի կոլտնտեսութեան ծխախոտագործ Յովհաննէս Խաչիկի Թեքնեջեանին։
Թոշակի անցնելէ ետք ապրած է Ցանդրիփշ գիւղին մէջ։ Մահուան տարեթիւը յայտնի չէ։
== Պարգեւներ ==
Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս,
Լենինի շքանշան,
«Արիութեան համար» մեդալ (11/13/1943)։
== Ծանօթագրութիւններ == |
22,666 | Հայրենիք (թերթ, Իսթանպուլ) | «Հայրենիք», օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1891-1896 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Խմբագրապետ՝ Արփիար Արփիարեան, խմբագիրներ՝ Լեւոն Բաշալեան, Երուանդ Օտեան, Հ. Շահնազար։ Շեշտուած դեմոկրատական ուղղութեան համար հալածուած է սուլթանական կառավարութեան կողմէ, առճակատուած հայ մեծահարուստներու եւ հոգեւորականութեան հետ։ Թղթակցական լայն ցանցի առկայութիւնը խմբագրութեան հնարաւորութիւն ընձեռած է ուշադրութեան «Հայրենիք» օրաթերթի գւխագիրը կեդրոնը պահել եւ արտացոլել Թուրքիոյ մէջ բնակուող հայ հատուածի հասարակական եւ մշակութային կեանքի իրադարձութիւնները, համիտեան բռնապետութեան պայմաններուն մէջ պաշտպանել անոնց շահերը։ Թերթը նկատելի դեր կատարած է հայ ժողովուրդի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու փոխադարձ ծանօթացման, արեւելահայերու տնտեսական եւ հոգեւոր կեանքի արտացոլման գործին մէջ, սերտ կապ պահպանած «Մշակի» եւ անոր խմբագիր Գ. Արծրունիի հետ, տպագրած արեւելահայ գրողներու գործեր, Թիֆլիսէն ստացուած բազմաթիւ թղթակցութիւններ։ «Հայրենիքը» ունեցած է հարուստ գրական աւանդութիւններ։ Անոր շուրջը համախմբուած են արեւմտահայ գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչները (Գ. Զօհրապ, Տ. Կամսարական, Մ. Կիւրճեան, Ա. Չօպանեան եւ ուրիշներ)։ Այստեղ տպագրուած են Զօհրապի «Քօքինակի», «ճեյրան» նովէլները, «Նարդիկ» անաւարտ վէպը (1891 թուական), «Ծանօթ դէմքեր» դիմանկարներու շարքէն քանիսը, Տ. Կամսարականի «Հայ գրականութեան ձգտումը» յօդուածաշարը, Լ. Շանթի «Մնաս բարովի իրիկունը» վէպը եւ այլ գործեր։ Թերթին մէջ գրական մկրտութիւն ստացած են Թլկատինցին, Ա. Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։ «Հայրենիք» լայն տեղ յատկացուցած է նաեւ ռուս ռեալիստական գրականութեան (Լ. Տոլստոյ, Դոնչարով, Պուշկին, Լերմոնտով եւ ուրիշներ), «Մծիրին» առաջին անգամ տպագրուած է այստեղ՝ Լեւոն Շանթի թարգմանութեամբ (1891)։ |
420 | 173 (թիւ) | 173 (հարիւր եօթանասուներեք)՝ կենտ եռանիշ բնական թիւ մըն է 172-ի եւ 174-ի միջեւ
== Յատկութիւններ ==
A000040 քառասուներորդ պարզ թիւն է
երկու քառակուսիներու գումար է՝ 173=22+132
երեք յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 173=53+59+61
կիրառութիւններ
173 Ինոյ աստեղնեակի կարգային թիւն է
Microsoft Windows-ի Alt + 173 -ի գործադրումով կը ստացուի կիւրեղեան н (էն) տողատառը
Տարուայ 173րդ օրն է Յունիս 22-ը (նահանջ տարիներուն՝ Յունիս 21-ը)
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,236 | Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի (Նոր Նորք, Երեւան) | Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, հայ առաքելական եկեղեցի Երեւանի Նոր Նորք թաղամասի 5-րդ զանգուածին մէջ։
== Պատմութիւն ==
Եկեղեցւոյ հիմքերը դրուած են 1998 թ.` մայրաքաղաքի Նոր Նորք թաղամասին մէջ։ Կառուցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ նիւեօրքաբնակ Սարգիս Գաբրիէլեանի հովանաւորութեամբ: Ամն-ի Նիւ Ջերսի նահանգէն Տէր Գառնիկ աւագ քահանայ Հալաջեանը նոյնպէս զգալի աւանդ ունեցած է եկեղեցւոյ կառուցման գործին մէջ։ Եկեղեցին կեդրոնագմբէթ է` հայկական աւանդական ճարտարապետութեամբ։ Կառոյցին ներդաշնակ միաձուլուած են Զուարթնոց, Հռիփսիմէ եւ Անի եկեղեցիներու ճարտարապետական տարրերը։ Տուֆով երեսպատուած գեղեցիկ համալիրը բաղկացած է գլխաւոր եկեղեցիէ եւ զանգակատունէ։
Եկեղեցին կառուցուած է ճարտարապետ Բաղդասար Արզումանեանի նախագիծով։ Բացուած է 19 Փետրուար 2000 թ., օծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 30 Ապրիլին: Եկեղեցւոյ Սբ. սեղանի Աստուածածնի նկարը մեծանուն նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի ստեղծագործութիւնն է։ Եռայարկ եկեղեցին կառուցուած է հայկական աւանդական ճարտարապետութեան ոճով։ Եկեղեցւոյ գլխաւոր գմբէթի բարձրութիւնը 23 մեթր է։ Աղօթասրահը բազմանկիւն է եւ լուսաւոր՝ 328 քմ ընդհանուր մակերեսով։ Աղօթասրահի սիւները կ՛աւարտին 12 առաքեալներուն խորհրդանշող բարձրաքանդակներով։ Խորշերը մոմավառութեան համար են։
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կից կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց։
Եկեղեցին կը գտնուի Երեւանի ամենաբարձր կէտի հարեւանութեամբ, Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկի առջեւի բլուրի գագաթին։
== Արտաքին յղումներ ==
Նոր Նորքի (5-րդ զանգուած) Սբ. Սարգիս եկեղեցին Երեւանի պաշտօնական կայքին մէջ |
6,924 | Անթուան Կրիզման | Անթուան Կրիզման (ֆրանսերէն՝ Antoine Griezmann, ծնած է 21 Մարտ 1991), Մակոն, Ֆրանսա: Ֆրանսացի ֆութպոլիստ, սպանական Ատլետիկոյ Մատրիտի յարձակող եւ Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի խաղցող։
== Ակումբային Ասպարէզ ==
=== Կանուխ տարիներ ===
Ան իր ֆութպոլային ասպարէզը, ինչպէս իր հայրը, սկսած է իր հայրենի քաղաքին մէջ։ Սակայն նահանգային խումբի մուտքը չկրցաւ օգնել խաղցողին զարգացմանը։ Ատկէ ետք հայրը որդիին կը տեղափոխէ աւելի յայտնի խումբ։ Բայց ֆիզիքական համեստ տուեալներու եւ յաճախակի հիւանդութիւններու պատճառով բոլոր երիտասարդական ակադեմիաները կը մերժէին Անթուանին։
Միայն 14 տարեկանին հնարաւորութիւն
կը ստանայ հանրութեան ներկայանալ։ 2005 թուականին Կրիզմանը «մոնպելիէի» կազմին մէջ մասնակցեցաւ պարի Սեն-ժերմենիէ երիտասարդական թիմի դէմ ընկերական խաղին։ Կրիզմանը ցոյց կու տայ շատ լաւ ֆութպոլ եւ Եւրոպական շարք մը առաջնակարգ ակումբներ կը փափաքին գնել երիտասարդ ֆութպոլիստը։ անոնց շարքերուն մէջ էին նաեւ «Ռէալ Սոսեդատ-ի սկաուտները: անոնք Կրիզմանին կը հրաւիրեն «սան-սեբաստեանէ(Սպանիա) 1 շաբաթ փորձերու: Բայց վերջնական պատասխան կու տան միայն 2 շաբաթ խիստ ռեժիմով պարապելէ ետք:
=== Ռէալ Սոստատ ===
Կրիզմանը անցաւ երիտասարդական խումբի բոլոր մակարդակները, որովհետեւ չէր ստացած առաջին տեղի մարտահրաւէրը: «Ռէալ Սոսիտատ»-ի գլխաւոր մարզիչ Մարտին Լասարթը Կրիզմանին կը ներգրաւէ 2009/2010 մրցաշրջանի առաջին խումբի վերապատրաստումներէն։ Չորս ընկերական խաղերու ժամանակ ֆրանսացին դարձած է 5 կոլի հեղինակ, որոնցմով կ'որոշւի անոր ճակատագիրը։ Քանի որ կար հիմնական խաղցողներու կորուստ, ձախ կողմի կիսապաշտպանի տեղ կը զբաղեցնէ: Կրիզմանը ստացաւ իր բախտը եւ դարձաւ կիսապաշտպան։ Սոսիտատի պաշտօնական հանդիպումները փոխանցումը եկաւ Քինգի գաւաթի խաղին։
2009 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին «Ռայոյ Վալեկանօ»-ի հետ խաղին մարզադաշտ իջաւ 77-րդ վայրկեանին։ 4 օր յետոյ կը նշէ իր փոխանցան «սէգունդա»-ի մէջ։ Առաջին կոլը նոյնպէս չի ձգեր երկար սպասել։ Սեպտեմբեր 27-ին «ուիկսոն»-ի դէմ խաղին Կրիզմանը կը բանայ իր Կոլերու հաշիւը, իսկ անոր խումբը կը յաղթէ 2-0 հաշուով։ Իսկ մրցաշրջանին կ'անցընէ 39 խաղ եւ կը նշանակէ 6 գնդակ։
2010 թուականի Ապրիլ 8-ին Կրիզմանը կը կնքէ իր առաջին փրոֆեսիոնալ պայմանագիրը, որ ներառուած էր մինչեւ 2015 թուական։ 2013/2014 մրցաշրջանին Կրիզմանը դարձաւ խումբի անփոխարինելի խաղցողը, եւ որմէ ետք «Ռէալ Սոսիտատ»-էն չի խաղար, որուն երիտասարդ ֆրանսացին դարձաւ հէդ-րիքի հեղինակ, անոր անուան դիմաց կար 14 արձանագրուած գնդակ։ Այդ ցուցանիշով ան զբաղեցուց 3-րդ հորիզոնականը Լա-լիգայի լաւագոյն ռմբարկուներու ցուցակին վրայ։ անորմէ առաջ էին միայն «Ռէալ Մատրիտ-ի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօն (22) եւ «ատլետիկոյ Մադրդ»-ի յարձակուող Դիեգօ Կոստան(19)։
2014 թուականի Յուլիս 9-ին Կրիզմանը կը մերժէ «Ռէալ Սոսիտատ»-ի առաջարկը, յոյս ունենալով տեղափոխուիլ մէկ այլ ակումբ, որ իրեն կը վճարէ 30 մլն. եւրօ։
=== Ատլետկոյ Մատրիտ ===
2014 թուականի Յուլիս 28-ին «ատլետիկոյ Մատրիտ» ֆութպոլային ակումբի պաշտօնական էջը հրապարակեց այն մասին, որ ակումբը համաձայնութեան եկած է Կրիզմանի տեղափոխութեան հարցով։ Դրանսֆերի գումարը կազմած է 30 մլն. եւրօ։ 2014 թուականի նոյեմբեր 1-ին Կրիզմանը «Գորդոբա»-ի դէմ խաղին կը նշանակէ իր առաջին դուբլը նոր խումբի կազմին հետ։
== Ասպարէզը հաւաքականի հետ ==
Կրիզմանի խաղը Սսպանիոյ մէջ երկար ժամանակ սպասեց Ֆրանսայի երիտասարդական հաւաքականի մարզիչներուն։ Ան կանչուեցաւ ազգային հաւաքական 2010 թուականի Փետրուարին։ Դեբիւտը յաջող ստացաւ Ուքրանիայի դէմ հանդիպման ժամանակ Անթուանը 88-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթական գնդակը։
2010 թուականի Յունիս 7-ին Կրիզմանը հրաւիրուեցաւ հաւաքականին հետ մասնակցելու Եւրոպայի Մ-19 տարեկաններու առաջնութեանը։ Այս գաւաթին Անթուանը աչքի զարկաաւ 2 կոլով։ Իսկ վերջը Ֆրանսան սեփական դաշտին վրայ չեմպիոն դարձաւ՝ եզրափակչին յաղթելով Սպանիայի հաւաքականին 2:1 հաշուով։
Ֆրանսայի հաւաքականին մէջ Անթուանը խաղաց 2014 թուականի Մարտ 5-ին Նետերլանտներու հաւաքականին դէմ հանդիպման ժամանակ, դուրս եկաւ խաղադաշտը առաջին վայրկեանէն եւ փոխարինուեցաւ 68-րդ վայրկեանին ։ Մայիս 13-ին ան ընդգրկուած էր Ֆրանսայի հաւաքականի կազմին մէջ, որը պէտք է մասնակցէր ԱԱՅ 2014-ին։ Այստեղ ան ունեցաւ 5 խաղ։ 2014 թուականի Մայիս 1-ին Փարակուէի դէմ ընկերական հանդիպման ժամանակ, ան նշանակեց իր առաջին գնդակը հաւաքականի կազմին հետ։
== Ձեռքբերումներ ==
=== Խումբի կազմին հետ ===
Կաղապար:Country data իսպանիայ Ատլետիկոյ Մադրիդ
Սպանիոյ սուփեր գաւաթ- 2014Կաղապար:Country data Ֆրանսայ Ֆրանսիայի ազգային հաւաքական
եւրոպայի չեմպիոն (մինչեւ 19 տարեկանների)- 2010
== Վիճակագրութիւն ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Ֆուտբոլիստը BDFutbol կայքում
Ֆուտբոլիստը FutbolMe կայքում
Ֆուտբոլիստը L'լquipe կայքում |
4,609 | Միլանոյի Արհեստից Համալսարանը | Միլանոյի արհեստից համալսարան (իտալ.՝ Politecnico di Milano), Իտալիոյ ամենամեծ արհեստագիտական համալսարանը։ Հիմնադրուած է 1863–ին: Ունի շուրջ 40,000 ուսանող։ Ունի պսակաւոր արուեստի (B.A.), մասնագիտական եւ բարձրագոյն ուսումնական կրթութեան ճարտարագիտական, ճարտարապետական եւ գծագրական արուեստներու դասընթացքներ։Միլանոյի հնագոյն համալսարանն է։
Համալսարանը Միլանոյի մէջ ունի երկու մասնաշէնք, ուր հետազօտական եւ ուսուցման գործընթացներու մեծ մասը տեղակայուած են, ինչպէս նաեւ այլ մասնաշէնքեր Լոմպարտիի եւ Էմիլիա Ռոմամակնայի 5 քաղաքներուն մէջ։ Գլխամասն ու կեդրոնական գրասենեակները Միլանոյի Città Studi պատմական մասնաշէնքին մէջ կը գտնուին։
2014-2015–ններուն Իտալական համալսարաններու CENSIS-Repubblica վարկանիշային ցանկին մէջ այս համալսարանը համարուած է Իտալիոյ լաւագոյն մեծ համալսարաններէն մէկը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն համալսարան համարուած է ճարտարագիտութեան բնագաւառին մէջ եւ ըստ «QS World University Rankings»՝ դասուած է աշխարհի արհեստագիտական համալսարաններու շարքին մէջ 20-րդը, 11-րդը գծագրական արուեստներու բնագաւառին մէջ, 24-րդը՝ ճարտարագիտութեան, 14-րդը՝ ճարտարապետութեան։
Համալսարանի յայտնի շրջանաւարտներէն է 1963–ին քիմիագիտութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Ճուլիօ Նաթթան։
== Պատմութիւն ==
Համալսարանը 29 Նոյեմբեր 1863-ին հիմնադրած է Իտալիոյ կրթութեան նախարարութեան քարտուղար եւ Բաւիոյ համալսարանի վահանահայր Ֆրանչեսքո Բրիոսկին։ Այս համալսարանը Միլանոյի ամենահին համալսարանն է։ Սկիզբէն Istituto Tecnico Superiore (Բարձրագոյն արհեստագիտական հիմնարկ) կոչուած է եւ միայն քաղաքացիական կրթութիւն եւ ճարտարագիտութիւն դասաւանդուած է։ Համալսարանին երկրորդ հիմնական ուսուցման ուղղութիւնը՝ ճարտարապետութիւնը, 1865–էն դասաւանդուած է՝ Պրերա ակադեմիոյ հետ համագործակցելով։
Առաջին տարուան ընթացքին, համալսարանը միայն 30 ուսանող ընդունած է։ Տասնամեակներ շարունակ համալսարանին մէջ արական սեռի ուսանողները գերիշխած են։ Առաջին կին շրջանաւարտը համալսարան ընդունուած է 1913–ին։
1927–ին բազմարուեստեան համալսարանը Լէօնարտօ Տա Վինչի հրապարակը տեղափոխուած է, որ այժմ որպէս Città studi (Ուսումնառութեան քաղաք) յայտնի է, ուր նաեւ բազմարուեստեան համալսարանի հիմնական մասնաճիւղերը կը գործեն։ Այդ ժամանակ հաստատութիւնը Regio Politecnico (Արքայական արհեստագիտութիւն) կոչուած է։ Արքայական բառը ելած է, երբ Բ. համաշխարհային պատերազմէն ետք Իտալիան հանրապետութիւն հռչակուած է։ Պատմական շէնքը, որ համալսարանին շրջանաւարտ ճարտարագէտներն ու ճարտարապետները նախագծած եւ կառուցած են, մինչեւ օրս կը գործածուի։
Ռաֆայէլ Սանթիի Աթենի դպրոց կտաւի նախնական տարբերակին վրայ ստեղծուած համալսարանին ներկայի նշանակը ընդունուած է 1942–ին։ Մինչ այդ հիմնարկը պաշտօնական նշանակ չէ ունեցած։
1954–ին Ճինօ Գասինիս եւ Էրկոլէ Պոտանի համալսարանին մէջ առաջին համակարգչային կեդրոնը բացած են։ 1963–ին Ճուլիօ Նաթա մասնաւորապէս արհեստագիտութեան հետազօտութեան համար Նոպէլեան մրցանակի արժանացած է։ 1977–ին գործադրութեան կը դրուի համալսարանին եւ այլ կազմակերպութիւններու միջեւ ստեղծուած «Սիրիոյ» արբանեակը (the satellite Sirio)։
1980-ական թուականներուն համալսարանը սկսած է տարածքային ընդլայնման գործընթաց մը, որուն պատճառով Լոմպարտիոյի եւ Էմիլիա Ռոմանիոյի միջեւ համալսարանի մասնաճիւղեր բացուած են։ 1993–էն համալսարանը սկսած է արդիւնաբերական նախագիծի մը ծրագիրը։ 2000–ին բացուած է գծագրական արուեստի հիմնարկը։
Ապրիլ 2012–ին համալսարանի կառավարման խորհուրդը յայտարարած է, որ 2014–էն բոլոր աւարտական դասընթացները անգլերէն լեզուով կ'ուսուցանուին։
== Բակեր (Campuses) ==
Համալսարանը 7 բակ ունի՝ 2 հիմնական բակ Միլանոյի մէջ եւ 5 հատ Լոմպարտիի եւ Էմիլիա Ռոմանիոյ կից։
=== Միլանօ Լէոնարտօ ===
«Միլանօ Լէոնարտօն» համալսարանին ամենահին բակն է։ Առաջին շէնքը Լէոնարտօ Տա Վինչի հրապարակին վրայ 1927-ին բացուած է։ Տարիներու ընթացքին բակին տարածքը ընդարձակուած է եւ ներկայիս "Città Studi" (Ուսումնառութեան քաղաք) կը համարուի, որ նաեւ Միլանոյի համալսարանի քանի մը հիմնարկներուն կը վերագրուի։ Բակը կապուած է 7 փողոցներու՝ «Լէոնարտօ», «Սոնարդի», «Կլերիչետի», «Մանչինելի», «Կրան Սասօ» եւ «Գոլոմպօ»։
«Լէոնարտօ բակը» համալսարանի հիմնական բակն է, ուր կեդրոնական վարչական գործիքը, տեսչարանը եւ հետազօտական բաժինները տեղակայուած են։
=== Միլանօ Պովիսա ===
Միլանօ Պովիսա բակը (Bovisa campus) Միլանոյի Պովիսա թաղամասին մէջ կը գտնուի։ 1989-էն սկսեալ աշխոյժ գործունէութիւն սկսած է ծաւալել։ Այս բակը կազմուած է (campus Durando) -էն, որ 1994-ին բացուած է եւ «Լա Մասա բակը» (campus La Masa), որ բացուած է 1997–ին։ Առաջին բակին մէջ կը գտնուի գծագրական արուեստից դպրոցը, երկրորդին մէջ՝ արդիւնաբերութեան, մեքենագիտութեան, սաւարնագիտութեան եւ ճարտարագիտական կենսուժի գիտութիւններու հիմնարկները։
=== Այլ Բակեր ===
Առաջին կից բակը 1987-ին բացուած է եւ Գոմոյի մէջ եւ 1989-ին Լէքոյի մէջ։ 1990-ական թուականներուն 3 մասնաճիւղներ բացուած են Գրեմոնայի (Cremona) (1991), Մանթուայի (Mantua) (1994) եւ Պյաչենցայի (Piacenza) (1997) մէջ։
== Ակադեմիական Դասընթացք ==
Միլանոյի արհեստից համալսարանը տարբեր եռամեայ աւարտական դասընթացքներ կ'առաջարկէ. միամեայ մասնագիտական դասընթացք, դոկտորական դասընթացքներ, ճարտարագիտութենէն, ճարտարապետութենէն եւ գծագրական արուեստներէն՝ պսակաւոր արհեստից 32 առաջին մակարդակի դասընթացքներ կ'առաջարկուին։ Ունի նաեւ առցանց համակարգչային ճարտարագիտութեան դասընթացք, որ Իտալիոյ առաջին ակադեմական դասընթացքն է։
Ուսումնական ծրագիրներու լայն շրջանակը պայմանաւորուած է Լոմպարտիոյ շրջանի (Եւրոպայի ամենազարգացած արդիւնաբերական տարածքներէն մէկն է) կարիքներով։
Ակադեմական տարին երկու կիսամեակներու բաժնուած է. առաջինը Սեպտեմբերի կէսերէն մինչեւ Յունուարի վերջը, երկրորդը՝ Մարտէն Յունիս։ Քննական երեք շրջաններ կան՝ 2-ը կիսամեակներու աւարտին (Փետրուար եւ Յուլիս) եւ մէկը՝ Սեպտեմբերին։ Ուսանողները ամէն տարի պէտք է 60 «համալսարանական միաւոր» հաւաքեն պսակաւոր եւ մասնագիտական արուեստի դասընթացքներուն համար։ Պսակաւոր արուեստի եռամեայ դասընթացքը 180 միաւոր կը պահանջէ, երկամեայ մասնագիտութեան դասընթացքը՝ 120։
Միլանոյի բազմարուեստեան համալսարանը, ինչպէս Իտալիոյ համալսարաններու մեծ մասը, Պոլոնիոյի հռչակագիրին մէջ ներառուած է։
Բազմարուեստեան համալսարանը արտասահմանեան տարբեր համալսարաններու հետ կապեր ունի եւ ուսանողներ փոխանակելու շարք մը միջազգային ծրագիրներ կ'առաջարկէ անոնց։ Համալսարանը կը խրախուսէ օտարերկրեայ ուսանողներու ընդգրկումը՝ տրամադրելով անգլերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն դասընթացքներ։ Համալսարանը կը մասնակցի ելեկտրոնական ճարտարագիտութեան վերապատրաստման եւ հետազօտութեան եւրոպական ցանցի ծրագիրներուն (ENTREE) եւ Եւրոպայի լաւագոյն արդիւնաբերական կառավարիչներու (TIME) ցանցի անդամ է։
Alta Scuola Politecnica-ն Միլանոի արհեստից համալսարանը եւ Թորինոյի արհեստից համալսարանը համատեղ հաստատութիւններ են այն երիտասարդ տաղանդաւորներուն համար, որոնք կը ցանկան նորարարութեան իրենց ներքին կարգապահութեան կարողութիւնները զարգացնել։ Այս ուսումը զուգահեռ երկու տարուան ծրագիրներով կը դասաւանդուի՝ laurea magistrale (աւարտական դասընթացք)։
=== Միջազգային Հնարաւորութիւններ ===
Բազմարուեստեան համալսարանը շարք մը հնարաւորութիւններ կ'առաջարկէ այն ուսանողներուն համար, որոնք իրենց ուսումնական փորձով կ'ուզեն Իտալիայէն դուրս ամբողջացնել։
ATHENS (Ընդգրկուն արուեստագիտական բարձրագոյն կրթութեան ցանց/Socrates) ծրագիր
Էրազմուս ծրագիր
Էրազմուս Մունտուս ծրագիր
Եւրոպական գծագրական արուեստի վարպետ
Օդագնացութեան եւ տիեզերական համալսարաններու եւրոպական խումբի համագործակցութիւն
UNITECH միջազգային ընկերութիւն
Կրկնակի աստիճան Տունցզիի, Շանհայի եւ Չինաստանի համալսարաններու հետ
Համաշխարհային ճարտարագիտական կրթութեան փոխանակումԴոկտորական թեզի վրայ աշխատող ուսանողները կրնան նաեւ Progetto Rocca MIT-PoliMi Programme միջազգային ծրագիրի համար դիմել, որ հնարաւորութիւն կու տայ այցելութեան ընթացքին Մասաչուսեթսի արհեստագիտութեան հիմնարկին մէջ աշխատիլ։
=== Վարկանիշ ===
Ըստ 2011-2012–ններու CENSIS-Repubblica-ի տուեալներու՝ Իտալիոյ ազգային վարկանիշային աղիւսակին մէջ համալսարանը Իտալիոյ համալսարաններու շարքին մէջ լաւագոյն ճարտարագիտական համալսարանը համարուած է։
2009-ին ըստ իտալական հետազօտութեան՝ համալսարանը Իտալիոյ լաւագոյնը համարուած է այնպիսի ցուցանիշներով, որոնցմէ են՝ գիտական արտադրութիւն, օտարերկրեայ ուսանողներու ներգրաւուածութիւն եւ այլն։
2015–ին ըստ QS World University Rankings՝ Միլանոյի բազմարուեստեան համալսարանը աշխարհի 24-րդ լաւագոյն ճարտարագիտական եւ արհեստագիտական համալսարանը համարուած է։
2013–ին ըստ քաղաքացիական եւ կառուցուածքային երկրաչափութեան թեմաներու՝ աշխարհի 18-րդ լաւագոյն համալսարանը համարուած է
։
Ըստ QS World University Rankings-ի՝ աշխարհին 11-րդը կը համարուի գծագրական արուեստի բնագաւառին մէջ, 14-ը՝ ճարտարապետութեան, 24-ը ճարտարագիտութեան մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Politecnico di Milano website
Brief history of the Politecnico
AlumniPolimi - Politecnico Alumni |
3,081 | Զաք Էֆրոն | Զաքարի Տէյվիտ Ալեքսանտր Էֆրոն, (անգլերէն՝ Zachary David Alexander "Zac" Efron, ծնած է 18 Հոկտեմբեր, 1987 թուականին, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:) Ան Ամերիկացի դերասան եւ երգիչ մըն է որ իր գործընթացքը սկսած է 2000ական թուականներուն: Անոր առաջին գլխաւոր դերը եղաւ High School Musical-ի ֆիլմերուն մէջ (2006–2008): Զաք նաեւ կարեւոր դերեր ունեցած է հետեւեալ ֆիլմերուն մէջ՝ Hairspray (2007), 17 Again (2009), New Year's Eve (2011), The Lucky One (2012), Neighbors (2014), Dirty Grandpa (2016) եւ Neighbors 2: Sorority Rising (2016):
== Դերեր ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Զաք Էֆրոն Internet Movie Database կայքէջին վրայ
Զաք Էֆրոն on Twitter
Կաղապար:Facebook
Զաք Էֆրոնը People ամսագրի կայքէջում |
3,579 | Խաթունիկ (անձնանուն) | Խաթունիկ, հայկական իգական անուն։ Խաթուն անուան հայաձեւ փաղաքշական ձեւն է։ Մէկ անգամ գործածուած է թուականը անյայտ յիշատակարանի մը մէջ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
2,561 | Գլխապտոյտ | Գլխապտոյտ ըսելով՝ կը հասկնանք մարմինի հաւասարակշռութեան խանգարում եւ մարմնական անբնական թաւալումի զգացում, ինչպէս նաեւ՝ շրջապատի թաւալում ու տեղաշարժ։ Գլխապտոյտը շարժումի եւ թաւալումի խաբկանք է:
== Յաւելեալ ==
Մեր մարմինի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմինի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեամբ։ Այս կեդրոնները հետեւեալներն են.
Ներքին ականջները
Աչքերը-տեսողութիւնը
Մարմինի մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւնը (sensation)Լաւապէս հասկնալու համար գլխապտոյտը ընդհանրապէս եւ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը՝ մասնաւորապէս, վերոնշեալ երեք կեդրոններու կազմախօսութեան (anatomy) եւ գործունէութեան ձեւերով։
=== Ներքին ականջ՝ ===
Անիկա կազմուած է՝
Երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուքները։ Ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ներաւիշ (endolymph): Մազմզուքներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ'ուղղուի դէպի ուղեղ։ Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ'որոշէ համադրել մարմինին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը.
Խխունջէ (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուքները։ Լսողութեան ջիղը կը կազմուի այս սկզբնական մազմզուքներով.
Անդաստակէ (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ՝Պարկիկ (saccule)
Արգանդիկ (utricle)Կիսաբոլոր խողովակները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են պարկիկի եւ արգանդիկի հետ։ Պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ կը գտնուին ականջակրաքարեր (otoliths), որոնք ուղեղին հաղորդումներ կը ղրկեն մարմինի ուղղաձիգ (vertical) դիրքին մասին։
Ականջակրաքարերը բնական պայմաններու մէջ կը մնան անշարժ, սակայն գլխու որոշ շարժումներով անոնք կրնան տեղափոխուիլ եւ ուղղուիլ դէպի կիսաբոլոր խողովակներ ու խանգարել անոնց գործունէութիւնը եւ յառաջացնել նոպայական գլխապտոյտ։
=== Աչքեր եւ տեսողութիւն` ===
Ուղեղին հասած տեղեկութիւնները կը համադրուին աչքերուն եւ տեսողութեան հայթաթած տեղեկութիւններով։
=== Մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւն (sensation)` ===
Սրունքներու, բազուկներու եւ վիզի մկաններէն ու յօդերէն որոշ զգացողական հաղորդումներ կ'ուղղուին դէպի ուղեղ։ Այս հաղորդումները կը նպաստեն մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման։
Այս երեք կեդրոններու ներդաշնակ գործելակերպը կը նպաստէ մեր ամէնօրեայ շարժուձեւերուն եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապակցութեան։ Վերոյիշեալ կեդրոնները կը գործեն անկախ, սակայն միասնաբար անհատը կը պահեն ոտքի եւ արթուն։ Որեւէ խանգարում այս երեքէն մէկուն մէջ՝ կը պատճառէ անհաւասարակշռութիւն եւ թաւալումի խաբկանք։ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը ամէնէն յաճախակի գլխապտոյտն է։ Անիկա կը սկսի գլխու անակնկալ շարժումով եւ մանաւանդ անկողինին մէջ ուժգնօրէն մէկ կողմէն միւսը դառնալու ընթացքին։ Անիկա նոպայական, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ է։ Անիկա մտահոգիչ չէ, սակայն ահազանգի կը մատնէ ենթական։ Գլխապտոյտը կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան։
== Ե՞րբ կը Պատահի ==
Գլխապտոյտը կը վերադառնայ ամէն անգամ, երբ գլուխը շարժի եւ կամ որոշ դիրքի մը վրայ պահուի։ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը պատահի ընդհանրապէս տարեցներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի:
«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը բնախօսականօրէն (physiologically) կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով.
Ներքին ականջի կեդրոնի պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ գտնուող շատ մանր ականջակրաքարերը գլխու արագ շարժումով մը կը ձգեն իրենց նստավայրը եւ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ, ուր ազատօրէն կը շարժին վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ, կը կը գրգռեն կիսաբոլոր խողովակներու հաւասարակշռութեան սկզբնական մազմզուքները եւ կը յառաջացնեն անակնկալ, նոպայական, ուժգին, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ։
«ԳԴՆ գլխապտոյտ» ունեցող անձերէն մէկը կը նկարագրէ իր գլխապտոյտը հետեւեալ ձեւով. «Անկողնին մէջ պառկած էի, մարմինով եւ գլուխով կողմնակի դարձայ ու պատահեցաւ անսպասելի, անակնկալ եւ անբնական վիճակ մը: Զգացի, որ առանցքիս վրայ կը թաւալէի եւ զօրաւոր ուժ մը զիս կը քաշէր եւ կամ կը հրէր դէպի անդունդ: Այս զգացումը տեւեց մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան, ապա նողկանք ունեցայ եւ փսխեցի»:
Իսկ ուրիշ մը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոտքի կեցած էի, անակնկալ գլուխս ծռեցի դէպի վար եւ փորձեցի գետնէն առարկայ մը վերցնել, անակնկալ գլուխս դարձաւ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի եւ անգիտակից ինկայ գետին»:
«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին կ'ուղեկցին՝ նողկանք, փսխունք, ուժասպառութիւն եւ քրտինք, բայց՝ ոչ լսողական տկարութիւն կամ ականջաբզզիւն։
Անոր պատճառով ենթական կրնայ գետին իյնալ եւ ունենալ մարմնական զանազան տեսակի վնասուածքներ, մասնաւորապէս՝ ոսկրային կոտրուածք։
Յաճախ «ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ը կը կրկնուի քանի մը անգամներ մէկ օրուան ընթացքին եւ կրնայ տեւել օրեր եւ շաբաթներ։
«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ի ախտաճանաչումը կը կատարուի լսելով հիւանդը եւ իմանալով գլխապտոյտին նկարագրութիւնը։
«ԳԴՆ գլխապտոյտ»-ին դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.
Գլխու յատուկ մարզանքներ, որոնք կը կիրարկուին մասնագէտ բժիշկներու կողմէ։ Այս մարզանքներէն յատկանշական է Epley գլխամարզանքը։ Ենթական պառկած կ'ըլլայ կռնակին վրայ եւ բժիշկը կը կիրարկէ գլխու յատուկ շարժումներ, որպէսզի ականջակրաքարերը վերադառնան եւ հանգչին պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ։
Յատուկ ջղահանգստացուցիչ դեղեր,
Գլուխը անշարժ պահել եւ նստած քնանալ,
Արագ շարժող առարկաներու չնայիլ,
Հեռատեսիլ չդիտել եւ գիրք չկարդալ։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Աղբիւրներ ==
«Ազդակ» օրաթերթ, Առողջապահական - Բժշկագիտական, դկտ. Կարպիս Հարպոյեան, 29 Յունուար, 2015: |
2,402 | Վահան Գալպեան | Վահան Գալպեան, 1887-ին ծնած է Տիգրանակերտ:
1914-ին շրջանաւարտ եղած է Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Վարժարանէն։ Հաստատուած է Երուսաղէմ, ուր կարեւոր պաշտօններ վարած է զանազան հիւանդանոցներու մէջ։ Եղած է Պաղեստինի Բարձր Կոմիսարներու անձնական բժիշկը։
Եղած է նախագահ՝ Երուսաղէմի Միջազգային Բժշկական Ընկերութեան, փոխ նախագահ՝ Երուսաղէմի Արաբական Բժշկական Միութեան, խմբագիրներէն՝ Արաբական Բժշկական Պաշտօնաթերթին, Ատենապետ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղին, երկար ժամանակ Նախագահ՝ Վասպուրական եւ Արարատեան որբանոցներու խնամատար Մարմինին, եւլն. եւլն.: Վերջապէս Տօքթ. Գալպեան հանդիսացած է կարեւոր դէմք մը թէ՛ ազգային եւ թէ օտար շրջանակներու մէջ։
Այժմ կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ:
== Ծանօթագրութիւններ ==
Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր Ա., Պէյրութ, էջ էջ 399։ |
3,712 | Ծերոն (անձնանուն) | Ծերոն, հայկական արական անուն։ Յառաջ եկած է հայերէն ծեր բառէն։ Ծերուն անուան տարբերակներէն մէկն է։ Գործածուած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Նոր Նախիջևանի մէջ։
== Գործածութիւններ ==
Ծերոն սարկաւագ, Յովհաննէս քահանայի ազգականը, զոր Թովմա Մեծոփեցի պատմագիրին եղբօրորդին էր եւ Արճէշի ծերունի Յովհաննէս քահանային՝ 1445 թուականին, գրել տուած է Աւետարան մը։
Ծերոն ոմն, 1469 թուականին յիշատակուած է Բիւրականի մէջ։
Ծերոն տիրացու, որդին Տէր Գրիգորին, ստացող 1720 թուական։
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,270 | Քէյթի Լոուզ | Քէյթի Քուինն Լոուզ (22 Սեպտեմբեր 1981(1981-09-22), ), ամերիկացի դերասանուհի եւ թատերական բեմադրիչ մըն է։ Ամէնէն շատ յայտնի է իր ABC-ի «Գայթակղութիւն» քաղաքական տրամա հեռուստաշարի գլխաւոր դերին համար իբրեւ Քուինն Փըրքինզ (2012 - ներկայ)։
== Կենսագրություն ==
Լոուզ ծնած է Քուինս, Նիւ Եորքի մէջ, ԱՄՆ: Ան աւարտած է Նիւ Եորքի Համալսարանի Թիշ Գեղարուեստական Դպրոցը ունենալով Պսակաւոր Արուեստի (Bachelor of Arts/B.A.) դերասանութեան վկայական, որմէ ետք շուտով մաս կը կազմէ նոր թատրոնի մը որուն անունն էր «Չորս Սուրբեր Մէքսիքայի Մէջ» (Four Saints in Mexico): 2004-ին, Լոուզը ունեցաւ իր առաջին պաստարային առիթը «Ազատէ Ինծի» (Rescue Me) հեռուստաշարի շնորհիւ, որմէ ետք ալ «Ատելութիւն» (Hate) հեռուստաշարին մէջ աջակից դարձաւ Մարսիա Կէյ Հարտընի հետ։ Այս արարքներէն ետք, Լոուզ առիթը ունեցաւ դառնալու հիւր բազմաթիւ հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս՝ The Sopranos, Without a Trace, NCIS, Ghost Whisperer, Castle, Leverage, եւ The Closer: 2008-ին՝ դերը ստանցնեց Լոռի Մէթքալֆի հակառակորդ իբրեւ Easy Money հեռուստաշարին մէջ։ Հեռուստաշարներու դերեէն զատ, Լոուզ նաեւ ուներ դերեր ցած պիւտճէյով ֆիլմերու մէջ, ինչպէս The Job (2009), Bear (2010), եւ Café (2011)։
== Դերեր ==
=== Ֆիլմ ===
=== Հեռուստաշարներ ===
== Տե՛ս նաեւ ==
Գայթակղութիւն (հեռուստաշար)
Քէրի Ուաշինկթըն
Հենրի Այըն Քուսիք
Քոլամպըս Շորթ
Տարպի Սթանչֆիլտ
Կիլէրմո Տիազ
Ճէֆ Փէրի
Թոնի Կոլտուին
Պէլըմի Եանկ
Ճաշուա Մալինա
Սքոթ Ֆոլի
Փորշա Տը Ռոսի
Քորնիլիըս Սմիթ
Ճո Մորթըն
== Ծանօթագրութիւններ == |
17,183 | Ամրիկեան | Ամրիկեան, հայկական մականուն։
== Մականունը կրողներ ==
Մեսրոպ Տիգրանի Ամրիկեան (1896-1965), գրող։
Միհրդատ Յովհաննէսի Ամրիկեան (1843-1879), դերասան, գրող, լրագրող:
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,959 | Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ | Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ, (անգլերէն՝ t. Mary's Richard Tufenkian Preschool & Kindergarten), կրթական հաստատութիւն Կլենտէյլի մէջ, ԱՄՆ, հիմնադրուած 1975-ին։
== Պատմական ակնարկ ==
Կլենտէյլի Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրը հիմնադրուած է 1975-ին, տեսիլք ունեցող եւ նպատակասլաց աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ համայնքի զաւակներու կողմէ, որոնց շնորհիւ այս կառոյցը մինչեւ օրս կը շարունակէ հայ մատղաշ սերունդներուն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, կրթութիւն, արուեստ եւ մշակոյթ՝ մանուկներու զարգացման նպաստող միջավայրի մը մէջ եւ արդիական միջոցներու օգտագործումով:
Անցնող 44 տարիներուն, Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղած են աւելի քան 5000 հայ մանուկներ, որոնց հոգեմտաւոր աշխարհը սնած է հայ աւանդական արժէքներով եւ իրենց տարիքին յարիր մարդկային, ընկերային, կրթական յառաջադէմ գիտելիքներով, շնորհիւ որակաւոր ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներու ցուցաբերուած բացառիկ ուշադրութեան եւ խնամքին:
Տարուէ տարի յառաջընթաց արձանագրող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզը ներկայիս ունի 200 աշակերտներ. վերջին տարիներուն սուր բնոյթ ստացաւ կրթական այս կառոյցի վերանորոգման եւ ընդարձակման անհրաժեշտութիւնը: Թիւֆէնքեան մանկապարտէզ-մանկամսուրի 45-րդ տարեդարձը կը հանդիսանայ լաւագոյն առիթը, որ համայնքային կարեւորութիւն ունեցող այս մանկապարտէզը իր արդիական ընդարձակ շէնքը ունենայ՝ յագեցած արհեստագիտական ամէնէն նոր միջոցներով, որպէսզի ժամանակակից խաղերու եւ գիտութեան ճամբով առաւել եւս խթանուին հայ մանուկներու երեւակայական եւ ստեղծագործական աշխարհը, կարողութիւններն ու բնատուր ձիրքերը:
== Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45-ամեակ ==
2020 թուականին կ՛ամբողջանայ Կլենտէյլի մէջ գործող Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի հիմնադրութեան 45րդ տարին, որ պիտի նշուի տօնակատարութիւններու շարքով, որուն մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ Կալա հանդիսութեամբ մը, յառաջիկայ 8 Փետրուար 2020ին, Քալիֆորնիոյ Գիտութեան Կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելըս:
== Աղբիւրներ ==
Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45ամեակ
== Արտաքին յղումներ ==
Կայքէջ-հարթակ
Ֆէյսպուք |
503 | 18 Յունիս | 18 Յունիս, տարուան 169-րդ (նահանջ տարիներուն՝ 170-րդ) օրն է։
Տարուան աւարտին կը մնայ 196 օր
== Դէպքեր ==
1830. Ֆրանսան գրաւեցաւ Ալճերիան
1908. 781 ճափոնցիներով առաջին նաւը ժամանեցաւ Պրազիլ
1940
Շարլ տը Կոլի Յունիս 18-ի կոչը
Ուինսթըն Չըրչիլի «Անոնց աստեղային ժամը» ճառը
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:18 Յունիսի ծնածներ
1931 Տմիթրի Կեսայեանց. (Մահ.2001), հայ շարժապատկերներու բեմադրիչ
1942. Փոլ ՄքՔարթնի (Sir James Paul McCartney) անգլիացի րոք երգիչ
1996. Ալեն Հալիլովիչ (Alen Halilović) խրուաթ ֆութպոլիստ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:18 Յունիսի մահացածներ
1928. Ռոալտ Ամունտսըն (Roald Amundsen ծն.1872) նորվեկիացի ճանապարհորդ, բնախոյզ
1983.Վահէ Հայկ (ծն.1896, Խարբերդ), ամերիկահայ արձակագիր
2002.Գէորգ Սարաֆեան (ծն.1911), արժանթինահայ թարգմանիչ
== Տօներ ==
Աութիզմովներու միջազգային օր |
4,494 | Հրայր Մարուխեան | Հրայր Թորգոմ Մարուխեան (19 Դեկտեմբեր 1928, Քերմանշահ, (Իրան) - 21 Դեկտեմբեր 1998, Աթէնք, թաղուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ), հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ (1972-1994), ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ` 1950 թուականէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` 1963 թուականէն:
== Կենսագրութիւն ==
Հրայր Թորգոմ Մարուխեանը ծնած է 1928 թուական Դեկտեմբեր 19-ին Իրանի Քերմանշահ քաղաքին մէջ։ Աւարտելով Իրանի Պետական Համալսարանը մեքենագիտական ճարտարագիտութեան բաժինը, յետագային ան հիմնեց իր սեփական ճարտարագիտական ձեռնարկութիւնը:
Վաղ տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ Թեհրանի Երիտասարդական միութեանը, այնուհետեւ հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեանը: Եղած է Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան հիմնադիրներէն մէկը, յետագային տնօրէնը: Ազգային-հասարակական գործունէութեան առաջին քայլերէն դրսեւորած է կազմակերպական ակնառու ձիրք եւ գաղափարական սկզբունքայնութիւն:
1963 թուականին, որպէս ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` Հրայր Մարուխեանը մասնակցած է ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որը սերնդափոխութեան առումով ՀՅԴ պատմութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է: Հրայր Մարուխեանը ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: 1964 թուականի Սեպտեմբերին ընտանիքով տեղափոխուած է Լիբանան, որուն մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուէր ՀՅԴ Բիւրոյի նստավայրը:
1967 թուականին` ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին, ան վերընտրուեց երիտասարդ կազմ ունեցող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, իսկ 1972 թուականի ապրիլին` Բիւրոյի ներկայացուցիչ ԱՅ. Քապաքեանի մահէն ետք, ստանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի պարտականութիւնները: Նոյն տարուայ Դեկտեմբերին կայացաւ ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր Ժողովը, երբ որդեգրուեց Դաշնակցութեան վերջին քառորդ տարուայ գործունէութիւնը պայմանաւորող քաղաքական ուղեգիծը, Հրայր Մարուխեանը ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ: Այնուհետեւ, մինչեւ 1994 թուականի Յուլիս 17-ը, ան յաջորդաբար վերընտրուեցաւ այդ պաշտօնին:
Քաղաքական եւ կազմակերպական առումներով Դաշնակցութեան համար նոր հանգրուան սկսեցաւ 1988 թուականին, ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի ժամանակ, երբ արցախեան շարժումէն ետք Դաշնակցութեան գործունէութեան առանցքը դարձաւ «դէպի Երկիր» նշանաբանի իրագործումը: Անձամբ գլխաւորելով կազմակերպութեան վերընձիւղման աշխատանքները հայրենիքին մէջ` Հրայր Մարուխեանը, որպէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ գործուն ներկայութիւն ունեցաւ Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմի վրայ` Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին եւ Հայաստանի ազգային զարթօնքի շարժմանը ըստ ամենայնի զօրակցելու առաջադրանքով:
Դաշնակցութեան յարաճուն ժողովրդավարութեանը հարուած հասցնելու նպատակով 1992 թուականի Յուլիս 29-ին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իր յայտնի ելոյթէն յետոյ արձակեց Հայաստանէն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի արտաքսման հրամանագիրը:
Այնուհետեւ, աւելի քան երկու տարի, մինչեւ 1994 թուականի Յուլիս 17-ը, Հրայր Մարուխեանը դարձաւ իշխող վարչախումբի բռնապետական քայլերու դէմ ծաւալուած քաղաքական պայքարի խորհրդանիշը:
Հրայր Մարուխեանը իր մահկանացուն կնքեց 1998 թուական Դեկտեմբեր 21-ին: Անոր փափագն էր ապրիլ Հայաստանի մէջ եւ իր կեանքը նուիրաբերել նորանկախ Հայաստանի ապագայ հզօրացման գործին: Սակայն ճակատագիրը այլ կերպ դրսեւորուեց: Հայաստանի նոր իշխանութիւնները վերանայեցին 1992 թուականի Յուլիս 29-ի որոշումը եւ Հրայր Մարուխեանի աճիւնը տեղեփոխուեցաւ Երեւան: 1998 թուականի Դեկտեմբեր 26-ի թաղման արարողութեանը ներկայ էին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, մի շարք նախարարներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձիք աշխարհի տարբեր մասերէ: Զինուորականներով ուղղեկցուող թաղման թափօրը շարժեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան Կ'ոնսերվատորիայի սրահէն մինչեւ Քաղաքային Պանթէոն, որտեղ կը հանգչի յայտնի հասարակական գործիչներ: Կիրակի օրը, 1998 թուականի Դեկտեմբեր 27-ին Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր եկեղեցիներու, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստի արարողութիւն:
== Աղբիւրներ ==
Հրայր Մարուխեան Հիմնադրամ |
2,378 | Գառնիկ Գազանճեան | Գառնիկ Գազանճեան (1886, Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - Մայիս 1915, Թերճան, Էրզինճան, Թուրքիա), հայ անասնաբոյժ։
Ծնած է 1886 թուականին Կարնոյ նահանգի Երզնկայի գաւառի կեդրոն՝ Երզնկա քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Կարնոյ իտատիէն (միջնակարգ վարժարանը)։
1912 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Անասնաբուժական վարժարանը։ 1913 թուականին աշխատած է որպէս քաղաքապետարանի անասնաբոյժ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ 1914 թուականին, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ։ 1915 թուականի Մայիսի վերջաւորութեան՝ Դերջանի մէջ, ըլլալով զինուորական ծառայութեան մէջ, ի թիւս մի քանի հայ զինուորներու, դաժանօրէն սպանուած է թուրքերու ձեռքով՝ 29 տարեկան հասակին։
== Գրականութիւն ==
Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1940։
== Աղբիւրներ ==
Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։ |
551 | 1838 թուական | 1838 թուական, ոչ նահանջ տարի, 19րդ դարու 38րդ տարին
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1838 ծնունդներ
Յուլիս 13՝ Մկրտիչ Աճէմեան (մ.1918), հայ բանաստեղծ եւ թարգմանիչ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1838 մահեր
== Ծանօթագրութիւններ == |
419 | 1729 թուական | 1729 թուական, ոչ նահանջ տարի, 18րդ դարու 29րդ տարին է
== Դէպքեր ==
== Ծնունդներ ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1729 ծնունդներ
== Մահեր ==
Տե՛ս նաեւ՝ Ստորոգութիւն:1729 մահեր |
3,197 | Թիմ Պըրթըն | Թիմըթի Ուալթըր «Թիմ» Պըրթըն (անգլ.՝ Timothy Walter "Tim" Burton (bɜrtən), ծնած 25 Օգոստոս, 1958, Պըրպէնք, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ) Ամերիկացի ֆիլմի բեմադրիչ, արտադրիչ, արուեստագէտ, գրող եւ ծաղրանկարի ձեւաւորող մըն է: Ան ճանչցուած է մութ, կոպիտ, բարբարոսական եւ տարօրինակ իր ֆիլմերով, ինչպէս Beetlejuice (1988), Edward Scissorhands (1990), երգախառն The Nightmare Before Christmas (1993), կենսագրական վաւերագրական Ed Wood (1994), զգայացունց Sleepy Hollow (1999), ինչպէս նաեւ Corpse Bride (2005), Sweeney Todd: The Demon Barber of Fleet Street (2007), Dark Shadows (2012) եւ Frankenweenie (2012): Ան նաեւ ճանչցուած է իր շատ մեծ շահոյթ ունեցող ֆիլմերով, ինչպէս կատակերգական եւ արկածախնդրական Pee-wee's Big Adventure (1985), աշխարհահռչակ Batman (1989) ֆիլմը եւ իր շարունակութիւնը Batman Returns (1992), գիտախառն Planet of the Apes (2001), երեւակայական տրամա Big Fish (2003), երաժշտական եւ արկածախնդրական Charlie and the Chocolate Factory (2005) եւ երեւակայական Alice in Wonderland (2010), որու շահոյթն էր $1,000,000,000:
Պըրթընը աշխատած է Ճոնի Տեփփի հետ յաճախ, ով նաեւ դարձած է իր մտերիմներէն մէկը իրենց միասնական առաջին ֆիլմէն ի վեր: Ան նաեւ աշխատակցած է երաժիշտ Տենի Էլֆմընի հետ, ով յօրինած է բոլոր եղանակներն ու երգերը Պըրթընի բեմադրած ֆիլմերուն: Դերասանուհի Հելենա Պոնհըմ Քարթըր, Պըրթընի նախկին սիրածը, յաճախ դերեր ստանցնած է իր գրեթէ բոլոր ֆիլմերուն մէջ։ Պըրթրըն նաեւ գրած եւ գծագրած է գիրք մը՝ The Melancholy Death of Oyster Boy & Other Stories, հրատարակուած 1997-ին Faber and Faber հրատարակչատան կողմէ, ինչպէս նաեւ կոյտ մը իր գծագրածներէն եւ ուրիշ արուեստի կտորներ կան բոլորը հաւաքուած The Art of Tim Burton գիրքին մէջ, որ հրատարակուած է 2009-ին: Այդ գիրքին շարունակութիւնը՝ The Napkin Art of Tim Burton: Things You Think About in a Bar, կը պարունակէր Պըրթընի բոլոր գործերը, որոնք գծագրուած են թաշկինակներու վրայ, երբ ան ճաշարաններու եւ կամ գինետուներու մէջ էր։ Այդ գիրքը հրատարակուած է 2015-ին Steeles Publishing հրատարակչատան կողմէ:
== Վաղ Կեանք ==
Պըրթըն ծնած է 25 Օգոստոս, 1958-ին, Պըրպէնք, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ, եւ էր զաւակը մօր Ճին Պըրթընի, նուէրի խանութի մը տէրը, եւ հօր Պիլլ Պըրթընի, ով մարզիկ էր եւ Burbank Park and Recreation Department գործատեղի աշխատաւոր: Իբրեւ պատանի, Պըրթըն կարճ ֆիլմեր կը պատրաստէր իր տան պարտէզին մէջ, եւ այդպիսով ալ իր առաջին կարճ ֆիլմը՝ The Island of Doctor Agor, նկարահանած է երբ ան 13 տարեկան էր։ Պըրթըն յաճախած է Burbank High School երկրորդական դպրոցը, բայց լաւ աշակերտ մը չէր: Ան ընդանհրապէս չէր սիրէր պտոյտներ եւ կը սիրէր զբաղիլ գծագրութեամբ եւ ֆիլմ դիտելով: Իր ապագայ գործերը արդէն ազդուած են Դկ. Սուսի եւ Ռոալտ Տահլի պէս անձինքի կողմէ: Դպրոց աւարտելէ ետք, Պըրթըն յաճախելու սկսաւ California Institute of the Arts, Վալենսիա, Քալիֆորնիա, որպեսզի ուսանի ծաղրանկարչութեան ձեւաւորման ճիւղը: Իբրեւ աշակերտ CalArts-ի (ծանօթ կրճատում California Institute of the Arts-ի), Պըրթըն կը պատրաստէ բազմաթիւ կարճ ֆիլմեր, ինչպէս Stalk of the Celery Monster եւ King and Octopus:
== Ասպարեզ ==
=== Վաղ Ասպարեզ՝ 1980ական Թուականներ ===
Stalk of the Celery Monster կարճ ֆիլմը կը դառնայ աշխարհահռչակ Walt Disney Productions ծաղրանկարչական ֆիլմի արտադրութեան հետաքրքրութեան կետը, որոնք Պըրթընի կը հրաւիրեն ընկերութենէն ներս, եւ կը ներառեն իրեն իբրեւ աշակերտ, որմէ ետք արդէն կը դառնայ մնայուն ձեւաւորող շարունակ տարիներ: Ան բազմաթիւ արտադրական կազմերու մաս կազմած է հռչակաւոր ֆիլմերու պատրաստութիւններու ընթացքին, ինչպէս The Fox and the Hound (1981), The Black Cauldron եւ Tron:
Երբ ան Տիզնի կ'աշխատէր, 1982-ին ան իր առաջին կարճ ֆիլմը ստեղծեց՝ Vincent, 6 վարկեան տեւողութիւն ունեցող ֆիլլմ մը, պատանի տղեկի մը երազներուն մասին: Ֆիլմը կը ցուցադրուի Շիքակոյի Ֆիլմի Փառատօնին (Chicago Film Festival) եւ կը ցուցադրուի շարժապատկերներու պաստարներու վրայ 2 շաբթուայ վրայ։ Այս ֆիլմէն ետք, Պըրթըն կը ստեղծէ իր Ճաբոնական թեմայով Hansel and Gretel ֆիլմը, որ 1983-ի Հալոուինի գիշերը ժամը 10:30-ին կը ցուցադրուի, եւ ոչ մէկ ուրիշ անգամ անկէ ետք, ինչ որ կասկած կ'արդնցնէր շատերու մէջ եթէ իրապէս այդպէս ֆիլմ մը ստեղծած էր Պըրթըն, թէ ոչ: Սակայն 2009-ին եւ 2011-ին, Museum of Modern Art թանգարանի Պըրթընի նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրեցին այդ ֆիլմը. վայրն էր LACMA:
== Ֆիլմ ==
== Կարճ Ֆիլմ ==
== Հեռուստաշար ==
== Երգի Տեսահոլովակ ==
== Մրցանակներ ==
Emmy Award
(1990) Յաղթած — Outstanding Children's Animated Program / BeetlejuiceAcademy Awards
(2006) Պաշտօնակարգուած — Best Animated Feature / Corpse Bride
(2013) Պաշտօնակարգուած — Best Animated Feature / FrankenweenieBAFTA Awards
(2004) Պաշտօնակարգուած — Best Direction / Big Fish
(2005) Պաշտօնակարգուած — Best Feature Film / Charlie and the Chocolate Factory
(2013) Պաշտօնակարգուած — Best Animated Film / FrankenweenieGolden Globe Awards
(2008) Պաշտօնակարգուած — Best Director – Motion Picture / Sweeney Todd: The Demon Barber of Fleet Street
(2008) Յաղթած — Best Motion Picture – Musical or Comedy / Sweeney Todd: The Demon Barber of Fleet Street
(2010) Պաշտօնակարգուած — Best Motion Picture – Musical or Comedy / Alice in Wonderland
(2013) Պաշտօնակարգուած — Best Animated Film / FrankenweenieCannes Film Festival
(1994) Պաշտօնակարգուած — Palme d'Or / Ed WoodSaturn Awards
(1990) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Beetlejuice
(1993) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Batman Returns
(1997) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Mars Attacks!
(2000) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Sleepy Hollow
(2008) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Sweeney Todd: The Demon Barber of Fleet Street
(2013) Յաղթած — Best Animated Film / FrankenweenieNational Board of Review Awards
(2008) Յաղթած – Best Director / Sweeney Todd: The Demon Barber of Fleet StreetChicago Film Critics Association Awards
(2004) Պաշտօնակարգուած — Best Director / Big FishProducers Guild of America Awards
(2006) Պաշտօնակարգուած – Animated Motion Picture / Corpse Bride
(2008) Honored — Scream Awards: Scream Immortal Award, for his unique interpretation of horror and fantasy
(2009) Յաղթած — Best Producer / 964th Venice International Film Festival
(2007) Honored — Golden Lion for Lifetime AchievementLacanian Psychoanalysis Prize
(2010) Յաղթած — Alice in WonderlandThe Order of the Arts and Letters
(2010) Knighted by Culture Minister of FranceMoscow International Film Festival
(2012) "Golden George" for his contribution to world cinema.
== Գնահատանք եւ Քննադատում ==
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,145 | Մոդրա | Մոդրա (սլովաք.՝ Modra, քաղաք է Սլովաքիայի մէջ։ 2005 թ. տուեալներով այն ունի 8,704 բնակչութիւն եւ տեղակայուած է Փոքր Կարպատների նախալեռներին եւ արշավներու կեդրոն է։ Մոդրան հայտնի է իր կավի արդյունաբերութեամբ, խաղողագործութեամբ։
== Ծանօթագրութիւններ == |
6,973 | Համակարգիչ | Համակարգիչը, մեքենայ մըն է, որ կը մշակէ տուեալները հրամաններու ցանկին համաձայն։
Համակարգիչները արտաքնապէս կը տարբերին իրարմէ։ Առաջին ելեկտրոնական համակարգիչները, որոնք ստեղծուած են IBM ընկերութեան կողմէն ԱՄՆ-ի 1941 թուականին. մեծ սենեակի մը տարածութիւն կը զբաղեցնէին, իսկ անոնց ելեկտրական ծախսը կը հասնէր հարիւրաւոր ժամանակակից համակարգիչներու ելեկտրական ծախսին։
Այսօր համակարգիչները հիմնուած են միահաւաք շրջոյթներու վրայ եւ միլիարաւոր անգամներ արագ կը գործեն։ Այժմ պարզ համակարգիչը կարելի է տեղաւորել նոյնիսկ ձեռքի ժամացոյցի մէջ եւ սնուցել ժամացուցային մարտկոցով։
Անձնական համակարգիչները ունին տարբեր ձեւեր, դարձած է «Ինֆորմացիոն Դարի» նշանը եւ սովորաբար մարդիկ «համակարգիչ» ըսելով զայն կը պատկերացնեն։ Սակայն իրական ամենատարածուած համակարգիչները ներդրուած համակարգիչներն են, որոնք կը կիրառուին ամէնուրեք՝ ռազմական օդանաւերէն մինչեւ խաղալիքներու մէջ։
Համակարգիչներու ունակութիւնը պահպանելու եւ կատարելու ծրագրեր կոչուող հրամաններու ցանկերը կը դարձնեն անոնց չափազանց բազմանպատակ եւ կը տարբերին համակարգիչները հաշիւներով։
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,192 | Half Wild | Half Wild, 2015 թուականին հրատարակուած, պատանիներու երեւակայկան վէպ մըն է: Գրուած է Անգլերէնով՝ Սալի Կրինին կողմէ, եւ երկրորդ գիրքն է այս վիպաշարին մէջ։ Հրատարակուած է 24 Մարտ, 2015 թուականին, Անգլիոյ մէջ, եւ շարունակութիւնն է Half Bad վէպին որ հրատարակուած է 2014 թուականին:
Վէպը կը պատմէ Նաթանին կեանքին մասին, ուր ան արդէն ստացած է 3 նուէրները իր հօր՝ Մարքուսին կողմէ որ կը նկատուի կախարդական աշխարհին ամէնէն վտանգաւոր ու վայրագ կախարդը:
Պատմութիւնը կը խօսի Նաթանին կարողութիւններուն եւ տարբեր որոշումներուն մասին:
== Շարունակութիւն ==
Half Bad վիպաշարին՝ Half Wild վէպին յաջորդ եւ վերջին գիրքն է Half Lost-ը որ հրատարակուած է Մարտ, 2016 թուականին:
== Կերպարներ ==
Նաթան Պայրըն, 17 տարեկան կէս ճերմակ կէս սեւ կախարդ պատանին, որ պատմութեան գլխաւոր կերպարն է:
Կապրիէլ, սեւ կախարդ մը որ սիրահարուած է Նաթանին:
Մարքուս Պայրըն, Նաթանին հայրը որ ամէնէն վտանգաւոր սեւ կախարդն է ու սպանած է Նաթանին խորթ հայրը: Ան նաեւ գողցած է ուրիշ կախարդներու նուէրները անոնց սպաննելով:
Սիլիա, ճերնակ կախարդուհի մը որ եղած է Նաթանին առաջնորդը:
Մերքուրի, զօրաւոր սեւ կախարդուհի մը որ կրնայ իշխել եղանակը:
Վան, սեւ կախարդուհի մը որ իր նուէրն է ստեղծել զօրաւոր դեղաջուրեր:
Նեսպիթ, կէս սեւ կախարդ եւ կէս մարդ: Ան Վանին օգնականն է:
Սօլ Օպրայըն, Անալիզին հօրեղբայրը եւ ճերմակ կախարդներու առաջնորդը:
Ուալլենտ, գէշ ու վատ ճերմակ կախարդը որ Սօլին օգնականն է:
Անալիզ, Նաթանին սիրուհին որ փախչած է իր վատ ընտանիքէն:
Ճեսիքա, Նաթանին մեծ խորթ քոյրը որ չսիրեր անոր:
== Ծանօթագրութիւններ == |
15,104 | Զրապ թիւ | Զրապ («պարզ» բառի շրջուած գրուածքը)՝ պարզ թիւ մըն է, որը կը ստացուի, երբ մեկ այլ պարզ թիւ կը գրուի շրջուած տեսքով
Զրապներու յաջորդականութեան սկիզբն է՝ A006567 13, 17, 31, 37, 71, 73, 79, 97, 107, 113, 149, 157, 167, 179, 199, 311, 337, 347, 359, 389, 701, 709, 733, 739, 743, 751, 761, 769, 907, 937, 941, 953, 967, 971, 983, 991, ...Նոյեմբեր 2009-ի դրութեամբ ամենամեծ զրապ թիւն է 1010006+941992101×104999+1-ի, որ գտած է Jens Kruse Andersen-ը
Նոյն սկզբունքով գոյութիւն ունի նաեւ «զրապասիկ» բառեզրը՝ կիսապարզ թիւերու համար:
== Հայելու Յատկութիւններով Զրապներ ==
Կայ զրապներու x ենթաբազմութիւն հայելային xm-ին հետ, այնպէս, որ x-ը yրդ եւ xm-ը ymրդ պարզ թիւն է: Զորօրինակ, 73-ը 21րդ պարզ թիւն է, անոր հայելային 37-ը 12րդ պարզ թիւն է; 12-ը 21-ի հայելայինն է:
== Ծանօթագրութիւններ == |
18,202 | Քաթամարան լաստանաւ | Քաթամարան (թամիլերէն கட்டு மரம் քաթթումարան, բառացիօրէն - կապուած գերաններով լաստանաւ)
Լաստ Հնդկական ովկիանոսի ասիական ափեզրին ապրող ազգերու մօտ։
Երկու իրան ունեցող նաւ։ Նաւի իրանները կը միանան իրար վերէն կամուրջով (տախտակամածային նախատիպով)։
Քաթամարան լաստանաւի տեսակը, երբ կայ կողքին կախուած հաւասարկշռող լողան, կը կոչուի փրոա։
== Պատկերասրահ == |
3,164 | Թեղենեաց Վանքի Խեցեղէն | Թեղենեաց Վանքը միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային ու գրչութեան կարեւոր կեդրոն էր։ Այն կը գտնուի Բուժական գիւղէն 3 քմ հիւսիս՝ Թեղենիսի կամ Թեղենեաց լեռներու անտառապատ լանջերուն։
Վանքային համալիրը՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «գմբեթաւոր դահլիճ»ի պատկանող ոճով բաղկացած է զոյգ որմնամոյթերով (յենասիւն), գաւիթով, սեղանատունով, գրչատունով եւ գաւիթին հիւսիսէն յարող ծայրամաս կառոյցով, հիմնական յուշահամալիրէն 30 մ արեւելք գտնուող 5–7-րդ դարերու քառախորան փոքր եկեղեցի մըն է։
Պեղման աշխատանքները սկսած են 1979 թուականին հնագէտ-վիմագրագէտ Գագիկ Սարգսեանի կողմէն եւ որոշ ընդհատումներով կը շարունակուին մինչեւ օրս։
Թեղենեաց վանքը՝ գրաւոր աղբիւրներուն կը յիշատակուի աւելի քան 8-րդ դարէն, որ իր բուռն ծաղկման հասած է 11–13-րդ դարերուն` Վաչուտեաններու իշխանական տոհմի օրօք եւ այն շարունակաբար գործած է որպէս վանք մինչեւ 17-րդ դարը։ Որմէ ետք վանքը կը յիշատակուի՝ մատենագիտական եւ վիմագրական աղբիւրներուն, որքան մեզի յայտնի է, ոչ որպէս գործող վանք։
Թեղենեաց վանքի պատմութեան, վիմագրական եւ հնագիտական նիւթի վերաբերեալ բազմաթիւ հրապարակումներով հանդէս եկած է յուշարձանը պեղող՝ Գագիկ Սարգսեանը։
Վանքի գաւիթը 4 սիւներով կառոյց մըն է, որ կարծես գաւիթի պատճէնը ըլլայ։ Մուտքի բացակայութիւնը Արեւելեան մասին մէջ կը յուշէ, որ այն եկեղեցի չունի։ Յետագայ շրջանին այն վերաշինուած է եւ կիրառուած իբրեւ տնտեսական նշանակութիւն ունեցող շինութիւն մը, որուն մասին կը վկայէ հարաւարեւմտեան անկիւնը բացուած թոնիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան մէջ օգտագործուող տարբեր գործիքներն ու առարկաները։ Սկզբնական նշանակութեամբ այն, ըստ հետազօտողի, եղած է ժողովասրահ, միաժամանակ՝ տապանատուն, նշխարատուն, մատենադարան, ճեմարան։
== Գտածոներ ==
Թեղենեաց վանքի պեղումներով յայտնաբերուած խեցեղէնը հիմնականին բեկորային է։ Այն կը բաժնուի 2 մեծ խումբի՝ տնտեսական-կենցաղային եւ շինարարական։ Իր կարգին, տնտեսական-կենցաղային խեցեղէնի մէջ կ՛առանձնանայ 2 խումբ՝ հասարակ կամ պարզ խեցեղէն, որ գերակշռող մեծամասնութիւնը կը կազմէ, եւ ջնարակապատը։
Հասարակ խեցեղէնը ըստ կիրառութեան կը բաժնուի հետեւեալ խումբերու՝
կարասներ
ամաններ
կճուճներ
սեղանի առօրեայ սպասք (ափսէ, պնակ, Թաս, քերեղան (այսինքն՝ կաւէ խորունկ աման), մատուցարան)
ձիթաճրագներ
ծխամորճներ
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,370 | Իսլամական Ահաբեկչական Յարձակումներու Ցանկ | Հետեւեալ յօդուածին մէջ ներկայացուած են բոլոր այն իսլամական ահաբեկչական յարձակումները, որոնք սկսած են 1979 թուականէն։
Ամբողջ աշխարհի մէջ ծայրայեղ իսլամներու կողմէ կրօնական-քաղաքական այս կամ այն դրդապատճառներով իրագործուած են բազմաքանակ ահաբեկչական յարձակումներ։ Սովորաբար ահաբեկիչներուն մարտավարութեան մէջ կը մտնեն հրկիզումները, փոխադրամիջոցներու պայթումները, ռումբի պայթեցման սպառնալիքները, մահապարտ ահաբեկիչներու յարձակումները, ռմբակոծութիւնները, զանգուածային հրաձգութիւնները, դանակահարութիւնները, օդահէնութիւնները, առեւանգումները եւ գլխատումները։
== 1970-ականներ ==
== 1980-ականներ ==
== 1990-ականներ ==
== 2000-ականներ ==
=== 2000 ===
=== 2001 ===
=== 2002 ===
=== 2003 ===
=== 2004 ===
=== 2005 ===
=== 2006 ===
=== 2007 ===
=== 2008 ===
=== 2009 ===
== 2010-ականներ ==
=== 2010 ===
=== 2011 ===
=== 2012 ===
=== 2013 ===
=== 2014 ===
=== 2015 ===
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Նորութիւններ՝
Ալ-Քայիտայի ձեռնարկած ահաբեկչական յարձակումները 1992-2005 թթ.
Terror strikes blamed on Al zarqawi 1992-2005
Timeline of Terror Attacks in Past 20 Years 1995-2015Գրականութիւն՝
Լեոնարտ Ուայնպըրկ. «համաշխարհային ահաբեկչութիւն»(անգլերէն)
Մայքլ Կրինպըրկ. «ահաբեկչական, բնական եւ մարդածին աղետներու հանրագիտարան»(անգլերէն)
Սարգիս Գրիգորեան. «Իսլամական պետութիւն: Ակունքներէն մինչեւ խալիֆութեան հռչակում»Կայքեր՝
"Ահաբեկչութեան պատմութիւն..." (մինչեւ 11 Սեպտեմբեր)(անգլերէն) |
4,757 | Մոնթենեկրօ | Մոնթէնեկրօ (չեռնոգոր.՝ Crna Gora/Црна Гора ցրնակորա , կը նշանակէ՝ «Սեւ Լեռ»), երկիր հարաւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Մայրաքաղաք Փոտկորիցան մեծագոյն քաղաքն է։ Հիւսիսէն սահմանակից է Սերպիոյ եւ Պոսնիա եւ Հերցեկովինային, արեւելքէն՝ Ալպանիոյ եւ Քոսովոյին, իսկ արեւմուտքէն՝ Խորուաթիոյ եւ Ատրիաթիկ ծովուն։
2017-էն ՆԱԹՕ-ի անդամ է:
== Աշխարհագրութիւն ==
Մոնթենեկրօն նորաստեղծ պետութիւն մըն է Եւրոպայի հարաւ արեւելքը՝ Պալքանեան թերակղզիին վրայ։ Ափերը կ'ողողուին Ատրիաթիք ծովու ջուրերով։ Երկրին տարածքի մեծ մասը կը գտնուի Տինարեան բարձրաւանդակին վրայ (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 2522 մ. Տուրմիթոր լեռ), հարաւ արեւմուտքը Մոնթենեկրոյի քարքարոտ սարաւանդն է։
== Տնտեսութիւն ==
Արդիւնաբերութեան յառաջատար ճիւղը հանքարդիւնահանութիւնն է։ Կան մանածագործական, սնունդի, նաւանորոգման, մետաղամշակման եւ ծխախոտի արդիւնաբերութեան արտադրութիւններ։Գիւղատնտեսութեան յառաջատար ճիւղը անասնապահութիւնն է։ Կը մշակուին ձիթենի, եգիպտացորեն, գարի, ծխախոտ եւ գետնախնձոր։ Կը զբաղին նաեւ պտղաբուծութեամբ (սալոր, թուզ, նուռ, նուշ, նարինջ, նումայ, լեմոն)։
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,844 | Չեննայ (Մատրաս) | Չենայ (մինչեւ 1996՝ Մատրաս), Հնդկաստանի Թամիլ Նատու նահանգին մայրաքաղաքը։ Տեղակայուած է Պենկալեան ծոցին ափին, անիկա մեծագոյն վաճառականական, մշակութային, տնտեսական եւ կրթական կեդրոն է Հարաւային Հնդկաստանի մէջ։ Նշանաւոր է նաեւ իբրեւ «Հարաւային Հնդկաստանի մշակութային մայրաքաղաք»:
== Հայերը Մատրասի մէջ ==
Մատրասի հայ համայնքը կազմաւորուած է ԺԶ. դարուն։ 1547-ին Ս. Թովմայի բլուրի վրայ կառուցուած է Հնդկաստանի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին, 1712-ին՝ Ս. Աստուածածինը։ 1783-ին Մատրասահայերը կազմած են «Տետրակ, որ կոչի նշաւակ» համայնքային կանոնադրութիւնը։ Հայերը մասնակցած են նաեւ Մատրասի կառավարման ու բարեկարգման. ձեռագիր յիշատակարաններուն մէջ կը յիշուի, որ անգլիացիներուն գալէն առաջ Չին Փաթայի (Մատրասի) կառավարիչը եղած է հայազգի Ղուկասը (Ղոկակ՝ նշանակուած 1662-ին)։ 1725-1726 թուականներուն Խոճա Պետրոս Ոսկան Վելիջանեանի ներդրումով կառուցուած են Սարիար գետի բազմակամար կամուրջը եւ բարձունք տանող քարէ սանդուխները (166 աստիճանով)։ Մատրասահայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ ու մանր առեւտրականներ էին։ Աչքի ինկած են նաեւ մեծահարուստ առեւտրականները, որոնց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացած են թանկարժէք քարերու, համեմունքի, հնդկական կերպասեղէնի առուծախը։ Մատրասի մէջ կայ Հայկական փողոց մը։
1770-ական թուականներուն հիմնուած է Մատրասի խմբակը, 1772-ին Շահամիր Շահամիրեան հիմնած է տպարան մը, տեղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Յարութիւն Շմաւոնեանի ջանքերով 1794 -ին լոյս տեսած է հայ մամուլի առաջնեկը՝ «Ազդարարը»։
== Ծանօթագրութիւններ == |
21,905 | Արձագանգ (թերթ, Նիկոսիա) | Արձագանգ, ամսաթերթ, լոյս կը տեսնէ 1995-էն, Նիկոսիոյի մէջ։ ՀՅԴ Ազատամարտ երիտասարդական կեդրոնի հրատարակութիւն։ Խմբագիր՝ Հ. Գէորգյան։
Կը լուսաբանէ հայաստանեան իրադարձութիւններ, գաղութին վերաբերող հրատապ խնդիրներ, պատանեկան եւ երիտասարդական հարցեր, մարզական լուրեր։ Կը տպագրուի կիպրահայ գրողներու եւ ուրիշներու գործեր։ |
4,374 | Եդուարդ Մանէ | Եդուարդ Մանէ (23 Յունուար 1832(1832-01-23)[…], former 10th arrondissement of Paris, Փարիզ - 30 Ապրիլ 1883(1883-04-30)[…] կամ 1883, Փարիզի 8-րդ շրջան, ՓարիզՓարիզ), ֆրանսացի գեղանկարիչ, տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը։
== Կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին ==
Ծնած է Փարիզ 23 Յունուար 1832 թուականին, Փարիզ, բարձրաշխարհիկ միջավայրի պատկանող ընտանիքի մէջ։ Մայրը՝ Օժէնի Դեզիղէ Ֆուզնէն, դիւանագէտի դուստր էր եւ Շուէտի թագակիր արքայազնի՝ Չառլզ Բեռնադոթին թոռնուհին։ Հայրը՝ Օգուստ Մանէն, դատաւոր էր, որ կը փափաքէր՝ որդին եւս իրաւաբան դառնայ։
Իրաւաբանի մասնագիտութիւն ստանալու միտումով՝ հօր յորդորով 1848 թուականին Մանէն կը նաւարկէ դէպի Ռիօ տէ Ժանէրօ։ Երբ Եդուարդ Մանէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը ձախողի իրաւաբանական դպրոցին համալրման քննութիւնը, հայրը կը ստիպուի հաշուի առնել որդու՝ արուեստի ոլորտէն ներս կրթուելու որոշումը։
1850-էն 1856 թուականներուն Մանէն կ'ուսանէր Թոմաս Կուտիւրի գլխաւորութեամբ։ Մօրեղբայրը ՝ Էտմոնտ Ֆուրնիէն, մշտապէս կ'ոգեւորէր Մանէն ստեղծագործական մաքառումներու ընթացքին, եւ մօրեղբօր օգնութեամբ Մանէն կը յայտնուի Լուըր։ 1841 թուականին Մանէն կ'ընդունուի միջնակարգ դպրոց, 1845 թուականէն ի վեր մօրեղբօր խորհուրդով կը յաճախէր նկարչական յատուկ դասընթացքներուն, ուր կը հանդիպի եւ կը ծանօթանայ Անտոնին Պղուստին՝ Ստեղծարար արուեստներու վարչութեան ապագայ նախագահին եւ իր ամբողջ կեանքին հաւատարիմ ընկերոջը։
Այս ընթացքին Մանէն կը կրկնօրինակէ Լուըրին՝ Վաղեմի Մեծերը (Old Masters) կտաւներու շարքը։ 1853-1856 թ. Մանէն կը տեղափոխուի Գերմանիա, Իտալիա եւ ապա Նիտեռլանտներ, ուր Եդուարդ Մանէն ոգեշնչող բազմաթիւ աղբիւրներ կային. արուեստի գլուխ գործոցներ եւ նկարիչներ։ Ի վերջոյ 1856 թուականին Եդուարդ Մանէն բացաւ իր սեփական արուեստանոցը։ Այդ տարիներուն անոր նկարելու ոճը սուր քննադատութիւններու կ'արժանանար բազմաթիւ պատճառներով. մասնաւորապէս կտաւներուն մէջ մանրամասներու պարզագոյն ցուցադրութիւնը եւ գուներանգներու աւանդական երանգներու ճնշողութիւնը։
Մանէն ապրած է գլխաւորապէս Փարիզ, ուր ուսանած է Գեղեցիկ արուեստներու դպրոցէն ներս (1850-1856)։ Ընդօրինակած է իտալական Վերածնունդի եւ 17-րդ դարու վարպետներու (Ջորջոնէ, Տիցիան, Տիեկօ Վելասկէս, Ֆրանս Հալս), ինչպէս եւ Ֆրանցիսկօ Կոյայի, Էժէն Դելակրուայի ստեղծագործութիւնները. ազդուած է անոնցմէ։
Վաղ շրջանին աշխատանքներու կերպարներու կենսական հաւաստիութիւնը զուգորդուած է ռոմանթիկ հոգեվիճակներու հետ։ Օգտագործելով եւ վերաիմաստաւորելով հին վարպետներու պաշարներն ու շարժառիթները՝ Մանէն գեղանկարչական նոր խնդիրներ լուծելու ձգտած է։
Իր արուեստով կանխորոշելով տպաւորապաշտութիւնը՝ Մանէն 1860-ական թուականներու վերջին մտերմացեր է անոր վարպետներու հետ եւ 1870-ականներու վերջին անցեր պլեներային նկարչութեան, միաժամանակ, խորհրդապաշտներուն հակառակ, պահպանած է գծանկարի կառուցուածքային պարզութիւնը։ Մեծ քաղաքի խայտաբղետութեան մէջ ան ընտրած է առաւել բնորոշ իրավիճակներ՝ զուգորդելով գեղանկարչական եւ հոգեբանական իրավիճակները։
1870-ական թուականներուն ստեղծեր է նատիւրմորտներ, բնանկարներ, գծանկարներ, դիմանկարներ՝ ընդլայնելով ժանրին հնարաւորութիւնները։ Մանէի ստեղծագործութիւնը կ'աւարտի 19-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական արուեստի աւանդոյթներու կազմաւորումը։ Անոր առաջադրած եւ լուծած գեղարուեստական խնդիրները շատ բանով կանխորոշած են կերպարուեստի հետագայ պատմական շրջանին բնորոշ որոնումներու ուղղուածութիւնը։
Քառասունէն ետք Եդուարդ Մանէին ախտորոշած են սիֆիլիս քրոնիկ հիւանդութեամբ. դեղորայքային բուժումներ կը ստանար։ Սակայն, ատիկա միակ հիւանդութիւնը չէր. նկարչին մարմինը կը տառապէր նաեւ յօդացաւ (ռեւմատիզմ) կոչուող՝ շարակցական հիւսուածքի բորբոքային հիւանդութենէ։ Մահէն քանի մը տարի առաջ նաեւ զարգացեր է լոկոմոտոր ատաքսիա հիւանդութիւնը, որ կը համարուի սիֆիլիսի կողմնակի արդիւնք եւ կը յանգի քրոնիկական ցաւերու։
1883 թուականի Ապրիլին բժիշկները ստիպուեցան հատել Եդուարդ Մանէի ձախ ոտնաթաթը՝ փտախտի (գանկրեն) պատճառով։ Այս բժշկական միջամտութենէն 7 օր անց նկարիչը մահացաւ։ Անոր աճիւնը ամփոփուած է Փարիզի Պասսի գերեզմանատունը։
== Ծանօթագրութիւններ == |
7,083 | Ռազմիկ Փանոսեան | Ռազմիկ Փանոսեան, (անգլերէն՝ Razmik Panossian, ծնած է 2 Փետրուար, 1964, Պէյրութ) Քանատահայ քաղաքագէտ եւ պատմաբան։
== Կենսագրութիւն ==
Փանոսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան եւ հասակ առած Քանատա, «մաս կազմելով հայ գաղութին»: Ան գիտէ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն: Ան ստացած է իր Դոկտորի վկայականը Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան Դպրոցէն (անգլ.՝ London School of Economics կամ LSE) 2002 թուականին: Իր թեզը վերնագրուած էր «The evolution of multilocal national identity and the contemporary politics of nationalism: Armenia and its diaspora»:Փանոսեան եղած է Մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան զարգացման միջազգային կեդրոնի տնօրէն եւ ծառայած է որպէս միջազգային խորհրդատու, այդ թուականին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Զարգացման Ծրագիրին։ Ան դասաւանդած է Լոնտոնի տնտեսագիտութեան դպրոցին մէջ եւ Լոնտոնի արեւելեան եւ ափրիկեան հետազօտութիւններու համալսարանին մէջ։ 2013-էն ի վեր ան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայ Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէնն է։ Ներկայիս անոր գրասենեակը Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ է։
Ռազմիկ Փանոսեան 2006 թուականին Քըլամպիա Համալսարանի հրատարակած The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars (ISBN 9780231139267) աշխատութեան հեղինակն է։
== Երկեր ==
=== Գիրք ===
Panossian, Razmik (2006). The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars. New York: Columbia University Press. 0-231-13926-8.
=== Խմբագրած գլուխներ ===
Schwartz, Donald V; Panossian, Razmik (1994). Nationalism and history: the politics of nationbuilding in post-Soviet Armenia, Azerbaijan and Georgia. Toronto, Ont.: Center for Russian and East European Studies. 978-0-9697723-0-9. OCLC 925549193.
=== Գիրքիր գլուխներ ===
Panossian, Razmik (2004). "Homeland–diaspora relations and identity differences." The Armenians: Past and Present in the Making of National Identity.
Panossian, Razmik. "Courting a diaspora: Armenia-diaspora relations since 1998." In International Migration and Sending Countries, pp. 140-168. Palgrave Macmillan, London, 2003.
Panossian, Razmik. "Post-Soviet Armenia. Nationalism and its Discontent (s)." After Independence: Making and Protecting the Nation in Postcolonial and Postcommunist States, ed. Lowell W. Barrington (2006): 225-247.
Panossian, Razmik. "The diaspora and the Karabagh movement: oppositional politics between the Armenian Revolutionary Federation and the Armenian National Movement." In The Making of Nagorno-Karabagh, pp. 155-177. Palgrave Macmillan, London, 2001.
=== Ակադեմական յօդուածներ ===
Panossian Razmik (1998)։ «Between ambivalence and intrusion: Politics and identity in Armenia-diaspora relations»։ Diaspora: A Journal of Transnational Studies 7 (2): 149–196։ doi:10.1353/dsp.1998.0011
Panossian Razmik (2001)։ «The Irony of Nagorno-Karabakh: Formal Institutions versus Informal Politics»։ Regional & Federal Studies 11 (3): 143–164։ doi:10.1080/714004708
Panossian Razmik (2002)։ «The Past as Nation: Three Dimensions of Armenian Identity»։ Geopolitics 7 (2): 127։ doi:10.1080/714000931
=== Թեզ ===
Panossian, Razmik. "The evolution of multilocal national identity and the contemporary politics of nationalism: Armenia and its diaspora." PhD diss., London School of Economics and Political Science (University of London), 2002.
== Ծանօթագրութիւններ == |
1,212 | Imagine Dragons | Imagine Dragons, ամերիկեան ռոք խումբ, ստեղծուած է Լաս Վեկասի (անգլերէն՝ Las Vegas}}) մէջ։ Յայտնի դարձած են իրենց Night Visions սկզբնական ալպոմի թողարկումէն ետք, 2012 թուականին։ Ամերիկեան Billboard ամսագիրը անոնս համարած է 2013 թուականի լաւագոյն նոր աստղերէն, իսկ Rolling Stone-ը իրենց «Radioactive» սինկըլը (single) համարած է տարուա լաւագոյն ռոք-հիթ։
Պատմությունը[խմբագրել]
Imagine Dragons-ը ստեղծուած Լաս Վեկասի մէջ, 2008 թուականին։ Խումբի անունը իրենց կը ներկայացնէ անագրամա, որ միայն խումբի անդամները կը հասկնան ՝ Տանը, Պէնը, Ուէյնը եւ Տանիէլը։ Տանը խումին մէջ նորագրեց իր ընկերոջը՝ Ուէյն Սերմոնին, որ գերազանց կիթառ կը նուագէ։ Պէնը խումբին մէջ կը նուագէ Պաս-կիթառը, իսկ Տանիէլը՝ հարուածային գործիքները։
2009 թուականի փետրուար 1-ին, խումբը կը թողարկէ իրենց առաջին EP-ն՝ «Imagine Dragons» անուանմամբ։ Յաջորդ տարուա ապրիլի 1-ին կը թողարկեն մեկ այլ EP՝ Hell and Silence-ը։ Խումբը 2010 թուականին կը ճանչցուի իբրեւ ամէնապահանջուած խումբը 107.9FM-ի վրայ, ինչպէս նաեւ՝ 2010 թուականի լաւագույն ինտի խումբ Լաս Վեկասի մէջ։ 2011 թուականի նոյեմբերին Imagine Dragons-ը պայմանագիր կը կնքէ ամերիկեան ձայնագրութիւններու լէյպըլ Interscope Records-ի հետ։ Շուտով խումբը արտադրող Ալեքս Տա Կիդի հետ կը ձայնագրէ իրենց առաջին ձայնասկավառակ Հոլիուտի մէջ։
== Խումբին կազմը ==
Տան Ռէյնոլտզ - վոգալ, պաս թմբուկ, փոքր թմբուկ, աքուստիք կիթառ, (2008 թուականէն սկսեալ մինչեւ ներկայ)։
Պէն Մաքկի - Պաս-կիթառ, պաք վոգալ, ստեղնաշարային գործիքներ, աքուստիք պաս-կիթառ, տոմ-տոմ, աքուստիք կիթառ, պաս թմբուկ (2009 թուականէն սկսեալ մինչեւ ներկայ)։
Ուէյն Սերմոն - կիթառ, Ելեկդրական մանտոլինա, ալտ, պաք վո գալ, աքուստիք կիթառ, փոքր թմբուկ, ջութակ (2009 թուականէն սկսեալ մինչեւ ներկայ)։
Տան Փլաձման - հարուածային գործիքներ, վիոլոնչելլո, ալտ, պաք վոգալ, աքուստիք կիթառ, փոքր թմբուկ, ջութակ (2011 թուականէն սկսեալ մինչեւ ներկայ)։
== Ձայնասկաւառակներ ==
=== Փոքր ալպոմներ ===
Imagine Dragons EP (թողարկում։ 2009, Սեպտեմբեր 1)
Hell and Silence EP (թողարկում։ 2010, Յունիս 1)
It’s Time EP (թողարկում։ 2011, Մարտ 12)
Continued Silence EP (թողարկում։ 2012, Փետրուար 14)
Hear Me EP (թողարկում։ 2012, Նոյեմբեր 25)
=== Ալպոմներ ===
== Ծանօթագրութիւններ == |
898 | 326 (թիւ) | 326 (երեք հարիւր քսանվեց) զոյգ եռանիշ բնական թիւ է 325-ի եւ 327-ի միջեւ
== Յատկութիւններ Եւ Կիրառութիւններ ==
A005114 անձեռնմխելի թիւ է
A001358 հարիւրչորսերորդ կիսապարզ թիւն է
A005574 3262+1-ը պարզ թիւ է
Alt 326 գործադրելիս կը ստացուի F գլխատառը
տասնչորս յաջորդական պարզ թիւերու գումար է՝ 326=3+5+7+11+13+17+19+23+29+31+37+41+43+47
տարուայ 326րդ օրն է Նոյեմբեր 23-ը (նահանջ տարիներուն՝ Նոյեմբեր 22-ը)
326 Թամարա աստեղնեակի կարգային թիւն է
== Ծանօթագրութիւններ == |
3,910 | Հայկական լեռնաշխարհի խոշոր գետերու ցանկ | Ստորեւ ներկայացուած են Հայկական լեռնաշխարհի խոշոր գետերը՝ |
3,035 | Էյմի Ուայնհաուս | Էյմի Ուայնհաուս (Էյմի Ճէյտ Ուայնհաուս) Amy Jade Winehouse, (14 Սեպտեմբեր 1983, Լոնտոն – 23 Յուլիս 2011, Լոնտոն)․ անգլիացի երգչուհի եւ երգահան, դափնեկիր բազմաթիւ մրցանակներու, ծանօթ իր թանձր, արտայայտիչ թաւաձայն եւ երաժշտական տարբեր ոճերու խառնուրդներու բարձրորակ կատարմամբ՝ սոուլ, րիթմ եւ պլուզ ու ճազ երաժշտութիւն։
Իր երկրորդ ձայնապնակը «Պլաք թու Պլաք» Back To Black 2008-ին արժանացած է 5 Կրեմի մրցանակներու։ 2011-ին Միացեալ Թագաւորութեան տարածքին դարձաւ ԻԱ․ դարու յաջողագոյն ձայնապնակը, իսկ 2008-ի աշխարհի լաւագոյն վաճառուած ձայնապնակը։
2004-ին, 2007-ին եւ 2008-ին կը պարգեւատրուի «Իվոր Նովելօ Ժամանակակից Լաւագոյն Երգ» մրցանակով յաջորդաբար «Ինծմէ զօրաւոր» (Սթրոնկըր տեն մի Stronger Than Me), «Ռիհապ» Rehab եւ «Սէրը կորսուած խաղ մըն է» (Լավ իզ լուզինկ կէյմ Love Is A Losing Game) երգերուն համար։
Ազդած է բազմաթիւ սոուլ երաժշտութեան երգչուհիներու ասպարէզին զարգացման, ինչպէս նաեւ Բրիտանական երաժշտութեան։
Տուած է բազմաթիւ համերգներ եւ մասնակցած է բազմաթիւ փառատօններու։
== Կենսագրական գիծեր ==
=== Առաջին տարիներ ===
Էյմի ծնած է 14 Սեպտեմբեր 1983-ին հիւսային Լոնտոնի Սաութկէյթ թաղամասը։ Հայրը՝ Միչ, թաքսի վարորդ, ծագումով հրեայ է, իսկ մայրը՝ Ճանիս, դեղագործ, ռուսական եւ լեհական արմատներով։ Մայրին ունեցած հետաքրքրութիւնը ճազ երաժշտութեան հանդէպ, մեծապէս ազդած է Էմիին վրայ։ Փոքր տարիքին հայրը, յաճախ անոր կ՛ երգէր Ֆրանք Սինաթրային երգերը։ Սովորութիւն մը, զոր Էյմի կ՛ իւրացնէ եւ դպրոցին դասարանը կը փոխադրէ։
9 տարեկանին, ծնողքը կ՛ ամուսնալուծուի։ Հօրը կողմէ մեծ մօր՝ Սինթիայի յորդորումով Շաբաթ օրերը (չորս տարուան համար) կը յաճախէ Susi Earnshaw Theatre School թատրոնի դպրոցը, ուր ձայնամարզումի եւ պարի դասերու կը հետեւի: 10 տարեկանին կը հիմնէ «Sweet 'n' Sour» փոքրիկ նուագախումբը, որ կարճ կեանք կ՛ ունենայ։ Յաջորդող քանի մը տարիներուն կը յաճախէ արուեստի զանազան դպրոցներ՝ Sylvia Young Theatre School, The Mount, Mill Hill International, Mill Hill եւ BRIT School։
=== Ասպարէզ ===
Պատանի, իբրեւ ժամանց կը զբաղէր մեծ եղբօր կիթառին հետ եւ 13 տարեկանին կ՛ ունենայ իր սեփական կիթառը։ Տարի մը ետք, կը սկսի երգեր գրել։ Կարճ ժամանակի մը համար տեղական «Bolsha Band» եւ 2000-ին՝ «National Youth Jazz Orchestr»a (NYJO) խումբերուն երգչուհին է ։ 2002-ին Սայմոն Ֆուլըր ձայնագրութեան ընկերութեան հետ համաձայնագիր կը ստորագրէ։ Երբ անոր կը հարցնէին թէ ո՞վ զինք կը ներկայացնէ, ան կը պատասխանէր թէ՝ «արտօնուած չէ որ յայտնեմ»։ Հետագային, համաձայնագիր կը ստորագրէ ΕΜΙ ձայնագրութեան ընկերութեան հետ։
Էյմի ազդուած ըլլալով 1960-ական թուականներու կնոջական նուագախումբերէն, կ' որդեգրէ անոնց մազի յարդարանքի ձեւը, ինչպէս նաեւ «Կղէոփաթրա» շպարանքի տեսքը, ազդուած «The Ronettes» խումբէն։
=== Ձայնագրութիւն ===
Առաջին ձայնապնակը՝ «Ֆրանք» (ազդուած ճազ երաժշտութենէն), կը հրապարակուի 20 Հոկտեմբեր 2003-ին․ բացի երկու երգերէ որոնք վերահրատարակումներ են, մնացեալները էյմիին գործն են: Ձայնապնակին արձագանգը դրական կ՛ ըլլայ․ Էյմիին ձայնը կը բաղդատեն Սարա Վոն եւ Մեսի Կրէյ երգչուհիներուն ձայնին հետ։ 2004 Օգոստոսին, կ՛ արժանանայ Իվոր Նովելօ մրցանակին իբրեւ «Լաւագոյն այլընտրանք երգ», «Ինծմէ զօրաւոր» Սթրոնկըր տեն մի Stronger Than Me երգին համար։ Նոյն տարին ելոյթներ կ՛ ունենայ հետեւեալ փառատօներուն՝ «Glastonbury Festival – ճազի աշխարհ», «V Festival» եւ «Մոնթրէալի Ճազի միջազգային փառատօն»։
==== Back to Black ====
Back to Black ձայնապնակը կը հրապարակուի 2006 Հոկտեմբերին եւ շաբաթներով անգլիական ձայնապնակներուն երգացանկին՝ UK Albums Chart, առաջին դիրքը կը գրաւէ։ Իսկ Ա․Մ․Ն․ Billboard 200 երգացանկին մէջ մուտք կը գործէ անմիջապէս գրաւելով 7-րդ դիրքը։ Ձայնապնակին երգերէն, բացի համանուն Back to Black երգէն, բացառիկ արձագանգ կը գտնեն «You Know I'm No Good» եւ «Rehab» երգերը, որոնք Ա․Մ․Ն․ երգացանիկին առաջին դիրքերը կը գրաւեն․ Time պարբերաթերթը «Rehab»ը 2007-ի լաւագոյն երգը կը համարէ։
Ձայնապնակին համանուն՝ «Back to Black» երգը, Եւրոպայի զանազան երկիրներու երգացանկերուն մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ։ 13 Յունուար 2008-ին, «Back to Black»ը եւրոպական Billboard Pan երգացանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ վեց յաջորդական շաբաթներ եւ 13 հաւաքական շաբաթներ․ յատկանշական է թէ Զուիցերիոյ երգացանկին առաջին կարգերուն վրայ կը մնայ 119 յաջորդական շաբաթներ։
10 Փետրուար 2008-ին, կ՛ արժանանայ 5 Կրեմի մրցանակներու հետեւեալ ստորոգութիւններուն համար․ Տարուան ձայնապնակը, Տարուան երգը, Լաւագոյն Փոփ երգի իգական մեկնաբանութիւն («Րիհապ» երգին համար) եւ Լաւագոյն Ձայնական Փոփ Ձայնապնակ։
2009-ին, Back to Black ձայնապնակը մուտք կը գործէ Guinness World Records գիրքին մէջ, իբրեւ առաւելագոյն Կրեմի մրցանակով պարգեւատրուած բրիտանացի արուեստագիտուհի։
==== 2007 – 2011 ====
2007-ին կը մասնակցի զանազան փառատօներու, ինչպէս օրինակ՝ Glastonbury Festival եւ Lollapalooza (Շիքակօ)։
Նոյն տարին, Greatest Britons շքեղահանդէսը Էյմի Ուայնհաուսին կը պարգեւատրէ «Երաժշտական Կատարող» մրցանակով (Musical Achievement Award)։
2007-ին «Isle of Wight Festival» փառատօնին, ելոյթ կ՛ ունենայ Ռոլինկ Սթոնս ռոք խումբին հետ․ կը մեներգէ «Ain't Too Proud to Beg» երգը եւ նաեւ կը զուգերգէ Միք Ճակերին հետ։
2008-ի Մայիսին, Էյմի Ուայնհաուսի «Love is a Losing Game» երգը, Քեմպրիճ համալսարանի քննութիւններուն կ՛ ընդգրկուի։ Նոյն տարին կ՛ արժանանայ «MTV Europe Music Award»-ին իբրեւ Տարուան արուեստագիտուհի։
2008-ին բազմաթիւ ելոյթներ կու տայ․ ինչպէս օրինակ՝
Լիզպոնի «Rock in Rio» փառատօն, 27 Յունիս 2008-ին Նելսոն Մանտելային 90-րդ տարեդարձին առթիւ Լոնտոնի Հայտ Փարքին մէջ տեղի ունեցած ելոյթ, 12 Յուլիսին Իրլանտայի «Oxegen festival» փառատօն, 13 Յուլիսին «T in the Park festival» փառատօն՝ Պալատօ (Սքոթլանտ), 16 Օգոստոսին «V Festival »(Սթաֆորտշայր), 17 Օգոստոսին «V Festival» (Չելմսֆորդ), 6 Սեպտեմբերին «Bestival 2008»։
2009-ին կը հիմնէ ձայնագրութեան սեփական ընկերութիւնը՝ «Lioness Records»։
9 Նոյեմբեր 2010-ին կը գործակցի Քուինսի Ճոունսին հետ եւ կը վերահրապարակեն «It's My Party» երգը․ առաջին անգամ մեկնաբանուած էր 1963-ին Լեսլի Կորին կողմէ։2009-ին Rhythms del Mundo խումբին հետ կը մեկնաբանէ Սամ Քուքի «Cupid» երգը։
Ամերիկացի Թոնի Պենեթ երգիչը զայն կ՛ ընտրէ, որպէսզի զուգերգեն իր «Tony Bennett: Duets ΙΙ» ձայնապնակին համար, որ կը հրապարակուի 20 Սեպտեմբեր 2011-ին։
Յունուար 2011-ին ելոյթներ կ՛ ունենայ Պրազիլ։
Էյմի Ուայնհաուս, առաջին անգամ Աթէնք (22 Յուլիս 2011) եւ Պելկրատ մայրաքաղաքները պիտի այցելեր համերգներ տալու համար, սակայն կը ջնջէ, ներողութիւն խնդրելով եւ նախապէս ծախուած տոմսերուն արժէքը հասարակութեան կը վերադարձնէ։
== Անձնական կեանք ==
Անձնական կեանքը ալեկոծ եղած է։ Էյմի Ուայնհաուս իր տուած հարցազրոյցներուն ընթացքին, ընդունած է թէ ընկճումէ, շնչառական խնդիրներէ, ախորժակի պակասութենէ, ալքոլամոլութենէ եւ ջղային տկարութենէ կը տառապէր։ Հայրը, խոստովանած է թէ՝ «Էյմին նախկան բեմ ելլէ ջղային տկարութենէ կը տառապի․․․»։ Թմրեցուցիչներու կործանիչ աշխարհը երիտասարդ տարիքին ճանչցաւ։ Ըստ ընտանիքին ու լրատուական միջոցներուն, թմրեցուցիչի գործածութեան խրախուսուեցաւ ամուսինէն՝ Blake Fielder-Civil (որմէ ամուսնալուծուեցաւ Օգոստոս 2009-ին):
== Մահը ==
23 Յուլիս 2011-ին, կէսօրէ ետք, Սքոթլանտ Կարտը կը վաւերացնէ Էյմի Ուայնհաուսի մահուան լուրը։ Զայն անկողին կը գտնէ անոր թիկնապահը։
== Յետ մահու ==
Էյմի Ուայնհաուսին ծնողքը, անջատաբար իրենց աղջկան մասին յուշագրութիւններ գրած են․ հայրը՝ «էյմի․ աղջիկս» Amy: My Daughter (2012), մայրը՝ «Սիրելով Էյմին․ մօր մը պատմութիւնը» Loving Amy: A Mother's Story (2014) եւ անոնց նիւթական հասոյթը նուիրած են «Էյմի Ուայնհաուս հիմնարկ»ին։
2 Դեկտեմբեր 2011-ին, յետ մահու «Island Records» ձայնագրութեան ընկերութիւնը կը հրապարակէ «Lioness: Hidden Treasures» ձայնապնակը․ կ՛ ընդգրկէ Էյմի Ուայնհաուսին անտիպ երգերը։
Էյմի Ուայնհաուս բաւական ժապաւէններու նիւթ դարձած է, նոյնպէս իր Back to Black ձայնապնակը։
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Արտաքին յղումներ ==
Կլանթոնպըրի փառատօն (անգլերէն)
The Ronettes (անգլերէն)
V Festival / փառատօն (անգլերէն)
Մոնթրէալի Ճազի միջազգային փառատօն (ֆր.)
Billboard 200 (անգլերէն)
Ֆրանք ձայնապնակը (անգլերէն) |
17,668 | Մարաղա (գիւղ) | Մարաղա (նախկին՝ մինչեւ 1954-ը Մարգուշեւան, այնուհետեւ Լենինաւան), անբնակ գիւղ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ։ Ներկայիս գիւղին մէջ կը բնակի 100 ազրպէյճանցի։ Կը ծրագրեն Մարաղայի մէջ կառուցել մզկիթ։
1980-ի դրութեամբ կը զբաղուէր խաղողագործութեամբ, բանջարաբուծութեամբ եւ հացահատիկի մշակութեամբ, անասնապահութեամբ։ Մարաղայի մէջ կը գործէր խաղողի նախնական վերամշակման գործարան, կենցաղսպասարկման կոմբինատ, Ղարաբաղի (գիւղատնտեսական թեքումով) զոնալ փորձակայանի մասնաճիւղը։ Ունէր 2 միջնակարգ դպրոց, 3 գրադարան, մշակոյթի պալատ, կապի բաժանմունք, հիւանդանոց, մսուր-մանկապարտէզ։
10 Ապրիլ 1992-ին ազրպէյճանական միլիցիայի յատուկ նշանակութեան ջոկատը հրկիզած է գիւղը եւ կոտորած բնակչութիւնը։ Մարաղան մինչեւ հիմա կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ։ Մարաղայի ողբերգական դէպքերու ընթացքին սպանուած հայերու թիւը կը տատանի 80-100-ի միջեւ։ Աւելի քան 40 մարդ վիրաւորուած է, 63-ը՝ գերի վերցուած։ Սպանդը շարունակուած է 22-23 Ապրիլին, երբ կենդանի մնացած մարաղացիները վերադարձած էին մահացածներուն հողին յանձնելու համար։ Տուեալները հաստատուած են Հելսինկի Ուոչ միջազգային իրաւապահ կազմակերպութեան կողմէ։
Մարաղայի կոտորածը ղարաբաղեան կողմէ կը գնահատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն։ |
2,657 | Յովհաննէս Գրիգորեան | Յովհաննէս Գրիգորեան, (7 Օգոստոս 1945 - 7 Փետրուար 2013), հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ խմբագիր։
Ծնած է Կիւմրի։ Բարձագոյն մասնագիտական ուսում ստացած՝ Երեւանի համալսարանին մէջ (աւագական լեզուաբանութիւն)։
1975 թուականէն՝ ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ։ Ապա «Նորք» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ։
== Բանաստեղծական ժողովածուներ ==
1975՝ «Երգեր Առանց Երաժշտութեան»
1979՝ «Բոլորովին Ուրիշ Աշուն»
1982՝ «Անձրեւ Մի Տխուր Առիթով»«»
1986՝ «Դանդաղ ժամեր»
1992՝ «Հրեշտակներ Մանկության Երկնքից»
1996՝ «Երկու Ջրհեղեղի Արանքում»
2002՝ «Կէս Ժամանակ»
2006՝ «Գիշերահաւասար»
2010՝ «Երբեք Չմեռնես - Ահա Թէ Ի՞նչ Կ՛ասեմ Քեզ»
2013՝ «Նոր տողից»
== Արձակ ժողովածուներ ==
2004՝ «Մայսթրոն»
== Հրատարակումներ օտար լեզուներով ==
1985՝ «Потерянные письма», Ռուսաստան
2007՝ «Constitution», Ֆրանսա
== Մրցանակներ եւ պարգեւներ ==
1975՝ ՀԼԿԵՄ մրցանակի դափնեկիր
1987՝ Աւետիք Իսահակեանի անուան գրական մրցանակ
1998՝ Մովսէս Խորենացիի մետալ
2002՝ Վահագն մրցանակի դափնեկիր
2005՝ Արցախի պետական մրցանակ
== Ծանօթագրութիւններ == |